Happy 35th Anniversary

Today is our 35th wedding anniversary.

This is how we celebrated the 24th : 
27 July 2015, Shoushi, Artsakh, «Aram Manouguian Djampar»

Six months ago, at the hospital, they had to cut and remove my ring, because it could not go into the MRI tunnel, and it should not have been removed by just pulling it.

Ayda has the two pieces of my thus broken ring. We will have it fixed, and she will put it back on its rightful finger, in due time.

Haytoug

27 July 2026

Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

«մինչ իր խաչերն են՝ դաշո՛յն»…

Նարեկ սարկաւագ Պետրոսյանը նահատակուեցաւ, ռազմադաշտում, Հոկտեմբեր 2020ի վերջին օրերուն:

Բառացիօրէն՝ Խաչը կուրծքին վրայ: https://haytougchamlian.blog/wp-content/uploads/2025/06/nareg-sargavak_-kia-2020.jpg

* * *

Հետեւեալ տեսանիւթին մէջ, 2008 թուականին, նա կը բացատրէր արդէն իր ու իր նմանների – իր նման աննմանների – նահատակութեան խորհուրդը, վեհագոյն իմաստը, լուսապայծառ կոչումն ու առանձնաշնորհեալ ուղին – video Shoushi 2008 –՝ https://haytougchamlian.blog/wp-content/uploads/2025/06/nareg-sargavak-bydrosyan_-shoushi-2008.mp4

Եւ ան հրճուանքով կը խօսէր, կայծկլտուն աչքերը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ լի:

Ինք արդէն գիտեր, թէ ուր կ’երթար: Եւ մանաւանդ՝ ինչու համար:

Շուշիի Հայոց սուրբ հողին վրայ կը գտնուէր նա, այդ պահուն…

Մաքրամաքուր հոգիէն բխող իր այս խօսքերուն մէջ, մեր բազմահազար զոհուած հերոսներուն ձայնն է, որ կը լսենք նաեւ:

Անոնց այժմ երկնային պատգամն է որ կը հնչէ, որպէս Սրբազան Ղօղանջ:

Սակայն մենք բոլորս պէտք է որ այդ Յաւերժական Կոչնակը լսել գիտնանք… հասկանանք…

Թող ուրեմն նահատակուած աբեղային՝ տասնըչորս տարիներ առաջ, Շուշիի՛ մէջ մեզի շնորհած այս ուղերձը, հանդիսանայ մեր Ազգին Ուխտը:

Որպէս միակ երաշխիքը մեր Ազգի գոյութեան, գոյատեւման՝ հայկական հողի վրայ…

* * *

Մեր Եկեղեցւոյ ազգային Առաքելութեան վերաբող պատկերներու փունջ մը (photos) ՝  https://haytougchamlian.home.blog/2025/06/13/եկեղեցին-հայկական/

* * *

9 մայիսի 1992թ, Ազատագրուած Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի / – videos, Shoushi, 1992 – ՝

https://haytougchamlian.blog/wp-content/uploads/2025/06/9-mai-1992-shoushi.mp4

https://haytougchamlian.blog/wp-content/uploads/2025/06/shoushi-_sourp-amenaprgitch-_-may-1992.mp4

* * *

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ գմբեթի վերականգնում, խաչի տեղադրում, 1998թ․/ video Shoushi 1998  ՝ https://haytougchamlian.blog/wp-content/uploads/2025/06/shoushi-1998-_-placing-the-cross.mp4

* * *

Այս էջին վերնագիրը՝ տող մըն է Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութենէն, զորս ահա ՝ https://haytougchamlian.blog/wp-content/uploads/2025/06/yegueghetsin-haygagan.pdf

* * *

Փառք Քեզ Տէր Աստուած:

Հայդուկ Շամլեան

17 Յունիս  2025

Ապրիլ 2016ի պատերազմին, յարձակում կ’ակնկալուէր նաեւ՝ Տավուշի ճակատի վրայ:
Այդտեղ տեղաւորուած Հայոց Բանակի զինուորները, հապճեպով, այս մատուռը կառուցած էին այդտեղ,
մինչ կը սպասէին գազաններու գրոհին:

Սփիւռք
Հայկական Հարց
«ՀըԴաՀի՜ւն »  [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»…]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
Դէպի Երկի՛ր
Ի Յուշ
Շ…  [Շուշի]

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Լուտվիկ-ի յիշատակին / Մաս IV եւ աւարտ

[ Մաս I-ը ]… [ Մաս II ]… [ Մաս III ]

Տասնըհինգ յաջորդական տարիներ, ընտանեկան ծրագիր մը իրագործեցինք՝ Շուշիի մէջ: Մանկապատանեկան ճամբար մը:

Յայտագիրը կը ներառէր՝ հիմնական ճաշի պահ մը:

Որոշ տարիէ մը ետք, այդ ճաշը հայթայթեցին՝ Լուտվիկն ու իր տիկինը Զարինէն:

Այստեղ պէտք է ընդգծեմ որ, այդ գործը ստանձնելէն առաջ, Լուտվիկը երբեք, որեւէ ձեւով, չխնդրեց որ ինք կատարէ զայն:

Գիտեր, որ ուրիշ տեղերէ կ’ապսպրէինք ուտելիքները: Եւ ինք փաստօրէն չէր ուզեր այդ վաճառականներուն եկամուտին վնաս բերել, մեզ «խլելով» իրենցմէ:

Եւ ուրեմն, հակառակ որ դարձած էինք ընկերներ, ինք որեւէ խօսք չէր ըներ այդ ուղղութեամբ:

Մենք ենք, որ իրեն դիմեցինք: Եւ ինք ընդառաջեց, հակառակ որ այդ գործի յարաբերութեան սկիզբը, ինքն ու Զարինէն շատ զբաղած էին, իրենց ճաշարանով: Բայց ընդունեցին մեզի օգնել:

* * *  

Սակայն ես համոզուած եմ որ, որպէս մեր Ճամբարին հիմնական ճաշը հայթայթող, Լուտվիկը՝ հազար դրամ իսկ մաքուր շահոյթ չունեցաւ…

Նախ, քանի որ արդէն՝ ցած էին իր գիները: Նուազագոյն, խղճամիտ գիներ էին: Գումարին խոշոր մասը, Ճամբարի այդ ճաշը պատրաստելու համար  իր կատարած գնումներուն ծախսն էր:

Սակայն նաեւ, քանի որ ան, մեզմէ իր ստացած գումարներուն մէկ մասն ալ,  ետ կը ծախսէր… մեր վրայ! 

Բառացիօրէն՝ ամէ՛ն օր, Լուտվիկը մեր ընտանիքը կը հրաւիրէր իր ճաշարանը կամ իր տունը, երեկոյան ընթրիքի:

Ամէն օր չէինք ընդառաջեր այդ հրաւէրին, քանի որ ուրիշներէ ալ կը ստանայինք նոյն հրաւէրը – անոնց ալ մեծ մասը՝ աշխատակազմի անդամներ, որոնք մեզմէ ստացած իրենց համեստ աշխատավարձի մէկ մասը այդպէսով կը ծախսէին՝ մեզ հիւրընկալելու համար իրենց տուները, ճոխ սեղաններու շուրջ… – :

Սակայն երբ որ որոշէինք Լուտվիկենց մօտ ընթրել, միայն մենք չորսս չէինք, որ կը ներկայանայինք՝ իրենց ճաշարանը կամ տունը: Երբեք:

Այլ, մեր չորսին կ’ընկերանային, նուազագոյնը՝ յաւելեալ հինգ, վեց երեխաներ, պատանիներ: Մեր զաւակներուն մտերիմ, մնայուն շրջապատը – տարբեր անձեր, օրուան համեմատ – :

Եւ այս ամէնուն կը կերակրէր Լուտվիկը… սիրայօժար, անվճար… հարազատ ուրախութեամբ, ազնիւ հպարտութեամբ:

* * *

Այստեղ ալ, պէտք է որ դարձեալ ըսեմ՝ իսկապէս բացառիկ, բացառիկ էր Զարինէին խոհանոցը:

Նա ամէն բան կը յարմարեցնէր ուտողի ճաշակին, նախընտրութիւններուն: Ի հարկին, լրիւ հնարելով, ստեղծագործելով նոր բաներ, ընտիր  ճաշատեսակներ:

Եւ մինչ ան կը պատրաստէր այլազան ուտելիքները, Լուտվիկն ալ ատենը մէկ աչք մը կը նետէր… Պատառ մը կ’ուտէր… Կ’օգնէր…

Հիացմունքէ զատ, ուրիշ կարծիք չէր արտայայտէր, որպէսզի չստանայ Զարինէի կողմնակի, սոսկալի նայուածքը…)

Սակայն Ճամբարի հսկայական ապսպրանքներուն կապակցութեամբ, ոորշ ուտելիքններու պարագային, բացառապէս իրեն վերապահուած էին՝ միսերը պատրաստելու, եփելու, իսկապէս ծանր աշխատանքը…

Մարդը, մինակը, ամբողջ գիշերը լուսցնելով, չորս-հարիւր-յիսուն հատ քեպապ կը պատրաստէր, կ’եփէր: Եւ, միշտ՝ ճի՛շդ ժամուն, կը հասցնէր՝ մեր Ճամբարին: Լավաշի մէջ մէկ առ մէկ փաթթուած, խոտերու եւ սոխի հետ  միասին – յատուկ Պատրոյգին համար, երբեք չէր մոռնար մի քանի հատը փաթթել առանց կանաչիի… – :

* * *

Լուտվիկը նաեւ մեզ անդադար՝ կը տանէր ու կը բերէր, մեր փոխադրութիւնը կ’ապահովէր: Այդ ալ, առանց որեւէ վարձատրութեան:

Ճամբարի համար իրեն վստահուած գործը վերջացնելէն ետք, մինչ Զարինէն զբաղուած էր արդէն յաջորդ օրուայ ճաշի նախապատրաստական աշխատանքներով, փոխանակ ինք մի քիչ հանգստանար, Լուտվիկը ետ կու գար մեր մօտ: Կ’ուզէր անպայման բան մը կատարել, մեզի օգնելու համար:

Օրինակի համար, հետեւեալ կը յիշեմ…

Շուշիի ջուրը, վատ էր: Խմելու բան չէր: Թէկուզ տեղացիները, հարկադրաբար, զայն կը խմէին, բայց որպէսզի գոնէ Ճամբարի ընթացքին երեխաները մաքուր ջուր խմեն, խանութներէն կը գնէինք՝ խոշոր ամաններով, աղբիւրի ջուր:

Վերջին տարիներուն, Լուտվիկը մեզի ըսաւ որ դատարկուած այդ ամանները պահենք – թէ ոչ, զանոնք տուն կը տանէին աշխատակազմի անդամները, այլազան գործածութիւններու համար – :

Եւ ամէն երեկոյ ինք կու գար՝ Պատրոյգը եւ իր ընկերներուն – հոյակապ -խումբը, այդ ամաններով կը տանէր աղբիւր մը, որպէսզի զանոնք լեզցնեն եւ ետ թերեն, յաջորդ օրուայ համար:

Այս անվճար գործողութեան համար, Լուտվիկին մեքենային այրած վառելանիւթի գինը՝ գոնէ երեք անգամ աւելի էր, քան ինչ որ պիտի ծախսէինք եթէ շարունակէինք պարզապէս խանութներէն գնել այդ ջուրը…

Բայց ինք արդէն ատիկա չէր ըներ, որպէսզի մենք այդ համեմատաբար փոքր ծախսէն խուսափէինք:

Կ’ընէր, որպէսզի Պատրոյգը եւ իր ընկերները այդպիսի հաճելի պահ մը անցընէին, միասին: Որպէսզի Պատրոյգը, առաւելագոյ՛ն չափով, առանց վայրկեան մը պարապի տանելու, իր շուշեցի ընկերներուն հետ վայելէր՝ Հայոց Արցախը:

* * *

Բայց միամիտ, խրփօ մարդ չէր, հա՜, Լուտվիկը:

Խելացի, փորձառու, զարգացած եւ իմաստուն էր:

Եօթ-ութ տարեկանին, Սովետական Միութեան ամբողջ տարածքը այցելած էր, մէկ ծայրէն միւսը, շոգեկառքով: Միս-մինակը:

Երիտասարդութեան, ի միջի այլ, բազմաթիւ ու բազմատեսակ գործերու, եղած էր նաեւ՝ պարող: Արտակարգ ճկունութեամբ եւ զօրութեամբ, պարարուեստի որակաւոր կատարող:

Կը պատմէր թէ ինչպէս, բեմին վրայ կամ սրահին մէջտեղ պարելու ընթացքին, կը ցատկէր՝ դէպի վեր, ապա օդին մէջ մի քանի անգամ, կլոր-կլոր շեղակի կը դառնար, առաջ որ ետ իյնար ոտքերուն վրայ, թեւերը վեր բարձրացուցած եւ վառ ժպիտը դէմքին:

Կեանքը ապրա՜ծ, շատ բաներ տեսած, միշտ՝ ծանր աշխատած, շատ հասուն մարդ էր, Լուտվիկը: Սակայն ոգիով, երիտասարդ մնացած էր: Եռանդուն եւ կեանքով լեզուն: Մարմինով ալ՝ ուժեղ, տոկուն, դիմացկուն:

Մինչեւ որ….

Բայց դեռ քիչ մըն ալ շարունակենք զինք յիշել, իր լաւ օրերուն:

* * *

Մի քանի անգամ, Լուտվիկը պատմեց թէ որքան սփիւռքահայեր փորձած էինք զինք շահագործել: Եւ թէ ինչպէս ինք երբեք չէր ինկած ոեւէ մէկուն ծուղակին մէջ: Միշտ մնալով քաղաքավար, ժպիտը դէմքին…

Օր մըն ալ, աւելի յստակօրէն ըսաւ, թէ՝ այն ձեւով որ ինք – առաջին օրէն սկսեալ – ինծի հետ կը վարուի, սովորական չէ…

Եւ բազմիցս պատահեցաւ է որ ես ինքս ալ տեսնեմ, թէ ինք ինչպէս կը վարուէր՝ ոեւէ անձի հետ, որ արժանի չէր իր յարգանքին:

Զայն տեղնուտեղը՝ կ’ոչնչացնէր:

Ո՛չ թէ կռուազանութեամբ, չէ՜… Առանց որեւէ բրտութեան՝ ոչ իսկ խօսքերուն մէջ: Քաղաքակիրթ, կրթեալ մարդ էր, Լուտվիկը:

Նայուածքով մը, միայն… Յատուկ լռութեամբ մը… յանկարծ տարբեր կապոյտ մը դարձած, ուրիշ փայլք մը ստացած, իր խորունկ աչքերով… դէմքի սոսկալի արտայայտութեամբ մը… որուն մաս կը կազմէր՝ ժպիտ մը…  խոշոր պեխերուն տակէն, հազիւ լսելի, սոսկալի քմծիծաղ մը…

Եւ այդպէս, զինք խաբել, վիրաւորել կամ ձեռք առնել փորձող դիմացի անձը, կամ պարզապէս զինք թերագնահատող, իրեն վերեւից նայող անձը, իր առջեւ՝ ոչինչ կը դառնար:

Կոտրուեցաւ միայն, երբ որ…

* * *

Լուտվիկի եւ Զարինէի անձնական, ընտանեկան անասելի կորուստը, ողբերգութիւնը՝ ռազմադաշտի վդրայ իրենց կրտսեր զաւակին նահատակութիւնը, իրենք նախատեսած էին:

Այդ ալ պատմեմ: Վկայեմ:

2018ի գարնան, տեղի ունեցան Երեւանի փողոցային իրարանցումները, ներքաղաքական փոփոխութիւնները:

Նախավերջին անգամը երբ ընտանեօք Շուշի էինք, 2019ի ամառն էր:

Ճամբան քալած ատենս, պատահաբար հանդիպեցայ տասնըվեց տարիներէ ի վեր մեզի ծանօթ տեղացիի մը:

Մեքենան իսկոյն կանգնեցուց, դուրս ելաւ փոթորկալից կերպով, ձեռքս ամուր սեղմեց եւ… սկսաւ ինծի բացատրել թէ ինչպէս՝ իրե՛նք ալ յեղափոխութիւն կ’ուզեն կատարել, Արցախի մէջ:

Եւ ահա իր խօսքերէն բառացի մէջբերում մը, որպէս իր բացատրութիւն թէ՝ ինչո՞ւ կ’ուզեն հետեւիլ Երեւանի օրինակին՝ «որպէսզի, հիմա ել երեսուն տարի մե՛նք անենք իրենց, ինչ որ երեսուն տարի իրե՛նք արեցին մեզի…»: 

Հաաա…

Ինքնին արդէն, այդ «յեղափոխական» մղումը շատ վեհ մակարդակի չէր… Ներքին հաշիւներ մաքրելու մասին էր…

Սակայն աւելի տարօրինակը այն է որ, այդ անձը, հեռաւոր անցեալէն ի վեր, միշտ ու տեւաբար օգտուած էր նախկին վարչակարգերու բարքերէն, բարիքներէն:

Իրեն ո՞վ, ինչ էր արել, երեսուն տարիների ընթացքին: Ընդհակառա՛կը: Ինք միայն վայելած էր նախկին բոլոր իշխանաւորներու… առատաձեռնութիւնը:

Եւ այդպէս շատեր, շատե՜ր կային, Արցախի մէջ: Շուշիի մէջ:

Նախկին իշխանութիւններու ժամանակ, տեւաբար ու լաւապէս օգտուած անոնցմէ, որոնք յանկարծ, Երեւանի 2018ի գարունէն ետք, դարձան թունդ յեղափոխականներ:

Վերոյիշեալ միջադէպի ընթացքին, առանց վիճաբանելու, ամենայն հանդարտութեամբ, փորձեցի միայն այդ մարդը զգուշացնել, թէ՝ գիտե՞ս, այդպիսի մօտեցումներ, կը բարձրացնեն լայնատարած պատերազմի բռնկման հաւանականութիւնները…

Պատասխանը եղաւ – խենթ նայուածք մը, աչքերուն մէջ – ՝ «բա՜… կարո՞ղ է թէ նրանք կարծում են, որ մենք վախենո՞ւմ ենք պատերազմից»…

Անշուշտ թէ ողջ մնաց, այդ անձը: Ինք ալ, իր անմիջական հարազատներն էլ…

Սակայն այդ նոյն ամառը, երեկոյ մը, Լուտվիկին եւ Զարին էին հետ միասին, ես ու Այտան կ’իջնէինք Ստեփանակերտ՝ փիծծա ուտելու, բաժակ մը սառը պիվա խմելու, նահ մը հանգստանալու:

Մեքենային մէջ, Լուտվիկենց պատմեցի վերոյիշեալ միջադէպը:

Առանց անուն տալու, թէ՝ ով էր այդ, պատերազմէն չվախեցո՛ղ, ներքին վրիժառու, խրոխտ յեղափոխականը:

Զարինէն, մեքենային առջեւը նստած էր, ամուսնին կողքին: Չուզեց իսկ գինտալ թէ ո՞վ էր, այդ խիզախ անձը: Քովնտի նայեցաւ միայն մեզի, ժպտեցաւ, եւ հեզ ձայնով մը ասեց՝ «այդպէս խօսողը, վստահաբար չի կռուելու… եւ չունի, կռուող հարազատներ…» : Լուտվիկը, այդքանը իսկ չըսաւ: Մնաց լուռ: Իր կինը արդէն ամէն ինչ ըսած էր:

Լուտվիկի եւ Զարինէի կրտսեր տղան, Վազգէնը, ամենաառաջին օրերէն՝ Շուշիի մեր Ճամբարի ամենաուրախ, լուսաւոր, տաղանդաւոր երեխաներէն մէկն էր: Բարի, ազնիւ, վստահելի, ծառայասէր: Երբ որ երգէր, երկնային ձայն ունէր: Իր Ave Maria-ն իրօք տարբեր կը հնչէր… Աստուծո շունչը կը լսուէր անոր մէջ…

Զէնքը ձեռքին՝ զոհուեցաւ, 2020ի վերջին պատերազմի ընթացքին:

* * *

Անգամ մը, երբ որ իր մեքենայով հասած էինք իր տան մուտքին, մեքենայէն իջնելէն առաջ, Լուտվիկը մօթօրը անջատեց, եւ ուզեց ինծի բան մը ըսել:

Յայտնեց թէ ինք, ամէն օր, ամէն առաւօտ, հենց որ արթննայ – միշտ, շատ կանուխ -՝ մոմ մը կը վարէ: Ճաշասեղանին կամ հիւրանոցին մէջտեղի սեղանին վրայ, մոմ մը:

Եւ անոր փոքր, պլպլուն բոցին առջեւ կանգնած, ինքն իր աղօթքը կը կատարէ: Ամէն օր, ամէն արեւածագի:

Արդեօք ան շարունակե՞ց այդպէս ընել, զաւակին մահէն ետք…

Կը յուսամ, կը հաւատա՛մ որ՝ այո:

Եւ աւելի քան երբեք…

* * *

Լուտվիկը մահացաւ, մի քանի ամիսներ առաջ:

Այնքան շատ անձեր մեռան որ, որոշ չափով, այլեւս անզգամ դարձած էի, երբ որ նոր մահուան մը լուրը կը ստանայի:

Սակայն իր մահուան լուրը, դպաւ ինծի:

Իսկապէս կը հաւատայի որ այս աշխարհին վրայ, դեռ զինք պիտի տեսնէի: Կը մխիթարուէի, այդ մտածումով:

Բայց… վռազեց, Լուտվիկը: Աճապարեց:

Հասկնալի է: Մարդը վայրկեան առաջ կ’ուզէր միանալ իր զանակին:

* * *

Անգին եղբայրս, Լուտվիկ…

Յարութ-ը մտիկ ըրինք միասին, մեքենայիդ մէջ, մեր առաջին հանդիպումին… Արեւածագին, Շուշի-Ստեփանակերտ ճանապարհին վրայ:

Բայց հիմա, Յարութ-ին երգերը իսկ՝ ոչ միայն չեն կրնար մեղմացնել քու մեկնումիդ անդարմանելի վիշտը, այլ զայն կը վատթարացնեն: Քանի որ ինծի կը յիշեցնեն քեզ, որ հիմա չկաս այս աշխարհին մէջ, եւ ուրեմն դարձեալ պիտի չհանդիպինք, այստեղ:

Նաեւ, մէյ մըն ալ – մարմնապէս – պիտի չգտնուիմ՝ այդ ճանապարհին վրայ: Իր աննկարագրելի տեսարաններով, զորս այս կեանքին մէջ մեյ մըն ալ պիտի չտեսնեմ:

Ինծի համար ուրեմն, այդ – ու բոլոր հայկական երգերն – ալ թաղուեցան՝ քու թաղումէդ առաջ:

Ասլան Վազգէնիդ եւ իր նմաններին կորուստով: Իրենց հետ, այդ երգերն ալ թաղուեցան:

Թէկուզ նրանցից ոմանք թաղում իսկ չունեցան… մնացին անյայտ կորած…

Դեհ լաւ, դավայ, սիրելի Լուտվիկ: Վերը կը տեսնուինք, եղբայրս:

Մինչ այդ՝ բարեւ ըրէ, միւս բոլորին ալ: Արդէն այնքան շատ եղան, որ մէկ առ մէկ չեմ անուանէր այստեղ…

Առ այժմ:

Հայդուկ Շամլեան

10 Նոյեմբեր 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Լուտվիկ-ի յիշատակին / Մաս III

 [ Մաս I-ը ]… [ Մաս II ]…

 * * *

Ուրեմն… հա… Լուտվիկին ճաշարանը:

Նախ վերադառնամ ամենասկիզբին, երբ որ ես ու Լուտվիկը ընկերներ, բարեկամներ չէինք դարձած, տակաւին:

Մաս I-ին մէջ պատծամիս թուականէն մէկ կամ երկու տարի ետք…

Այդ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հետեւեալ յատկանշական միջադէպը, որպէս նախաբան Լուտվիկի հետ իմ յետագայ մտերմութեան:

* * *

Այն բոլոր տարիներուն երբ ընտանեօք կ’երթայինք Արցախ, Շուշիի մէջ բանալու եւ վարելու համար մեր մանկապատանեկան ճամբարը, վրաս՝ փոքր պայուսակ մը կը կրէի:

Այդ որ ֆրանսացիները «պանան» կը կոչեն, իսկ ամերիկացիները՝ fanny pack: Որ իր գօտիով մէջքիդ կը կապես, եւ փորիդ վրայ կը տեղաւորուի:

Սակայն ես զայն ընդհանրապէս կը կրէի, իր գօտիով, ուսէս կախուած: Փորս շատ խոշոր չէ, եւ չէի ուզեր այդ հպարտանալի իրողութիւնը ծածկել՝ լեցուն տոպրակ մը վրան դնելով. կամ աւելի գէշ, վաբշե խեղաթիւրել երեւոյթը, երբ որ շապիկիս տակը պահուած ըլլար այդ պայուսակը…

Միշտ, սկիզբէն մինչեւ վերջ, այն միեւնոյն պայուսակով կատարեցի Շուշիի մեր ընտանեկան առաքելութիւնը: Այդ ալ իմ «ճիտիս պարտքն» էր – բայց ես զայն վիզէս կախելով ինքզինքս չխեղդեցի Արցախի գետերէն մէկուն մէջ, փառք Տիրոջ… – :

Ի՛նչ կարեւոր բան որ ունէինք, այդ պայուսակին մէջն էր: Անցագիրներ, կարեւոր նօթագրումներ, տրցակներով դրամ…

Ինչպէս որ ըսի, այդ թուականին դեռ հազիւ կը ճանչնայի Լուտվիկը: Իր հետ որեւէ յատուկ կապ չունէի տակաւին, ոչ անձնական, ոչ ալ Ճամբարի կապակցութեամբ:

Օր մը, Շուշիի վերի խաչմերուկը, ընելիքներ ունէի: Վերադարձի ճամբուն վրայ՝ ըսի, սուրճ մը խմեմ Լուտվիկի ռեսթորանին մէջ:

Նստայ, եկեղեցին դիտելով սուրճս ըմբոշխնեցի (այո, կը պատահի նաեւ որ միայն սուրճ խմեմ… եւ այդպէս է միշտ երբ որ գործի վրայ եմ, եւ ուրեմն այդպէս էր նաեւ մեր Ճամբարի գործօն ժամերուն ընթացքին… Հազուադէպ սայթաքումներ եթէ պատահած են, անխուսափելի բան էր, օրուայ ընթացքին թաղումի գացած էի… մէկ անգամ՝ փոքրիկ երեխաներու թաղումը, միւս անգամ ալ՝ շատ ջահել երիտասարդներու յուղարկաւորութիւնը… երբ որ Տէր-Հյրը չէր կրնար մասնակցիլ, քանի որ ննջեցեալը մկրտուած չէր, ես էի որ գոնէ Հայր-Մեր մը կ’աղօթէի շիրիմին վրայ…) :

Երբ որ այդ օրը, այդպէս նստած իր ճաշարանին մէջ, սուրճս կը վայելէի, նուազագոյն չափով հետս խօսեցաւ Լուտվիկի: Ջերմ ու սիրալիր կերպով սուրճս հրամցուց, ապա թողեց որ հանգստանամ, եկեղեցին դիտելով:

Երաժշտութիւնը սակայն փոխեց, եւ… պլուզ դրաւ: Չեմ գիտեր թէ ինչպէս կռահեց որ, ոչ միայն ես այդ տեսակի երգերը շատ կը սիրեմ, այլ նաեւ որ, յատկապէս այդ պահուն, ճիշդ դրա կարիքը ունէի:

Ըմպեցի սուրճս, նորէն ստիպուեցայ պնդել որ բարեհաճի վճարում ընդունիլ – դէհ, բա… մի բաժակ կոֆե է, էլի ՜… ինչա՞եղել -, եւ իջայ՝ Ճամբար:

Մօտ ժամ մը անցաւ, մինչեւ որ անդրադառնամ որ վերոյիշեալ պայուսակս, հետս չէ:

Ճամբարին մէջ, եւ ընդհանրապէս այն Կեդրոնին մէջ – Նարեկացի Արուեստի Միութեան կալուածը – ուր զայն կը բանայինք, գողութիւն չկար: Լաւ… մեզմէ՛ գոնէ, որեւէ մէկը բան չէր գողնար… բայց… լաւ եալլա, անանկ ըսենք անցինք, իւ՛ֆ…

Ուրեմն մէկ բացատրութիւն կար միայն՝ պայուսակս մոռցած էի Լուտվիկին ճաշարանը:

Սուրճ խմելու – եւ երեք Քինկերէն մէկուն երւգերը վայելելու պահին – , պայուսակը կախած էի աթոռին վրայ: Մեկնելու պահուն, մինչ կը վիճաբանէի որ Լուտվիկը ընդունի սուրճին գինը, պայուսակը մոռցած էի ետ վերցնել:

Ուրեմն, ետ բարձրացայ Լուտվիկին մօտ:

Մտայ ճաշարանը, բացատրեցի կացութիւնը…

Խնդրեց որ աւելի մանրամասն կերպով նկարագրեմ թէ ճիշդ ինչ է, որ կորսնցուցած եմ: Կ’ուզէր պարզապէս վստահ ըլլալ որ իմ պայուսակս է, որպէսզի յանկարծ ուրիշին ապրանքը ինծի չյանձնէ: Թէկուզ դժբախտաբար շատ չէին յաճախորդները, սակայն նորէն ալ, օրուայ ընթացքին այդտեղ յաճախ սուրճ մը կամ պիվա մը կը խմէին, անցորդ գործի-մարդիկ:

Երբ որ գոհացաւ տուած նկարագրութեամբս, պահարան մը բացաւ, այդտեղէն հանեց պայուսակս, եւ զայն յանձնեց ինծի:

Ոչ միայն որեւէ բան պակաս չէր, պայուսակիս մէջ, այլ Լուտվիկը անոր զիփփըրը չէր բացած անգամ: Գիտեմ, քանի որ այդ պայուսակին տարիներու մաշումին հետ, աւրուած էր այդ զիփփըրը, եւ մէյ մը որ զայն բանայիր, յատուկ եւ բարդ, անսովոր ձեւ մը կար, որ կարենաս ետ փակել, եւ միայն ես գիտէի այդ:

 * * *

Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ կը բնակէին՝ բնիկ արցախցիներ, հայաստանցիներ, եւ Ադրբեջանէն Արցախ ապաստանած հայեր:

Այդ երկրորդ եւ երրորդ խումբերու հայերը, նիւթէն դուրս են այստեղ: Դա լրիւ ուրիշ նիւթ է, ուրեմն թերեւս ուրիշ առիթով այդ մասին ալ կը պատմեմ, կը վկայեմ:

. Բնիկ արցախիներուն մէջ, վատ մարդիկ կայի՞ն…

oh, yeah… կայի՜ն: Էդ ել ո՛նց…

Աւելի շատ, աւելի մեծ քանակով, ափսոս, քան ինչ որ կը պատկերացնէի սկզբնապէս…  Առաջ որ այդքան ամիսներ ապրած ըլլայինք այդտեղ:

. Յետոյ կային այն բնիկ արցախցիները, որոնք՝ ոչ լաւ էին, ոչ ալ վատ:

Սրանց արցախցի ըլլալը որեւէ յատուկ նշանակութիւն չունէր: Եթէ անոնք ըլլային արաբ, չինացի, ուկանտացի կամ որեւէ այլ ժողովուրդի անդամ, մէկ ա, պիտի ըլլային նոյնը, նոյնպէս, այդպէս:

Այս ալ, շատ զարմանալի բան եղաւ, ինծի համար: Քանզի սկիզբը, հոն երթալէս եւ այդքան ժամանակ անցընելէս առաջ, կը պատկերացնէի որ՝ բոլոր արցախցիները, վատ կամ լաւ, գոնէ՝ բացառիկ աստիճանի ազգասէր, թո՛ւնդ հայեր էին:

. Ապա, կային լաւերը…

Այստեղ արդէն ազգային ազդակը, երկրորդական կը դառնար: Կար այդ, անշուշտ, բայց արդէն դա չէր էականը…

Արդարեւ, այս լաւերու լաւութեան աստիճանը, համաշխարհային, տիեզերական չափանիշներով՝ Մարդկութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը դասուի:

Այս աշխարհին մէջ, մարդկային էակ մը, ադկէ աւելի լաւ չի կրնար ըլլալ:

Եւ երբ որ Աստուած քեզի ընծայէր առանձնաշնորհը՝ այդ տեսակի արցախցիի մը հանդիպելու, հետը ժամանակ անցընելու, ապա՝ Աշխարհի, կեանքի եւ մարդկութեան նկատմամբ, խորապէս կը բարեփոխուէր կարծիքդ:

Նաեւ, երբ որ այդպիսի, լաւ արցախցիին հանդիպէիր, եթէ մինչ այդ քեզ արդէն նեղացուցած, վիրաւորած, յուսախաբած կամ խաբած էին՝ հարիւր հատ վատ արցախցիներ, այդ հարիւր անարժանները արդէն անմիջապէս կը մոռնայիր, քեզի համար գոյութիւն չէին ունենար:

Մէկ լաւ ու բարի արցախցին, այնքան լաւ ու բարի էր, որ շնորհիւ իրեն, կը ներէիր հազար վատերուն այլազան վատութիւնները:

Եւ շնորհիւ այդ տեսակի, մի քանի արցախցիներուն որ, հակառակ… ամէն բանի, դարձեալ ու տեւաբար կը վերադառնայիր Արցախ, Շուշի…

Անշուշտ հասկցաք, թէ ի՞նչ տեսակի արցախցի էր, Լուտվիկը…

Բայց ինք ոչ միայն այդ, արդէն արտասովոր չափերով լաւ արցախցիներուն մաս կը կազմէր, այլ՝ այդ դասակարգին մէջ իսկ, ինք ամենալաւագոյններից էր: Crème de la crème…

 * * *

Հոյակապ տեղ մըն էր, Լուտվիկին բացած այդ ճաշարանը:

Սկզբնապէս դատարկ եւ լրիւ խլխլած գետնայարկ մը, Լուտվիկը, իր ուժերով ու ջանքերով, հարկեր վերցնելով եւ անխոնջ աշխատելով՝ սքանչելի ռեստորանի մը վերածած էր: Իր Տիկնոջ Զարինէի անհրաժեշտ, աննկուն, կատարեալ աջակցութեամբ:

Շուշիի հանրածանօթ եկեղեցիի մայր դարպասին ճիշդ դիմացն էր, փողոցին միւս կողմը: Յարկաբաժիններով այդ բնակութեան, շէնքերուն, կողք կողքի շարուած «պլոքներուն» ներքեւը:

Եւ ուրեմն, երբ որ այդ ճաշարանին ներսն էիր, բոլոր պատուհաններէն՝ այդ եկեղեցին կը տեսնէիր: Ուր որ ալ ըլլար, ինչ ձեւով ալ որ բացուած ըլլար, պատուհանը:  Քանի որ կը տեսնէիր կամ՝ ուղղակի եկեղեցին, կամ ալ անոր ցոլքը՝ ապակիին վրայ: Եւ այսպէս, նստած տեղդ, եկեղեցին՝ թէ՛ ինքնին եկեղեցին, եւ թէ՛ մի քանի անգամ կրկնապատկուած իր ցոլքային պատկերներով, կ’ընկերակցէր քեզի: Որ կողմը որ դէմքդ դարձնէիր այդ ճաշարանին մէջ, եկեղեցին կը տեսնէիր:

Մեծ պաստառ մըն ալ կար, վերեւի անկիւն մը: Երբ որ մարած էր, անոր վրա՛յ ալ կ’երեւնար եկեղեցիին ցոլքը: Իսկ երբ որ միացած էր, միշտ մարդավարի բաներ կը ցուցադրէր:

Կարելի էր նաեւ դուրսը նստիլ: Որոշ ժամերու, եկեղեցիին երկար շուքին մէջ, բառացիօրէն: Մուտքի հրեշտակին աչքին տակը…

Սեղաններն ու աթոռները, փառաւոր էին: Բոլոր գոյները, զարդարումը՝ կոկիկ, ճաշակաւոր: Երաժշտութիւնը – ոչ միայն հայերէն – ՝ միշտ բարձրորակ էր, նուրբ եւ հարազատ: Ամէն բան, միշտ մաքուր:

Իսկ ճաշերը՝ բացառիկ էին: Ի՛նչ որ սիրտդ կ’ուզէ: Ամենաանսովոր ուտելիքը անգամ, եթէ մի քանի ժամ առաջ ապսպրէիր, լաւագոյն որակով կը պատրաստուէր, եւ սեղանիդ վրայ կը հասնէր անմիջապէս, հազիւ որ տեղաւորուէիր:

Լուտվիկն ալ որոշ ճաշեր պատրաստել գիտեր, սակայն բուն, սոսկալի խոհարարը, Զարինէն էր:

* * *

Սակայն այս հոյակապ ճաշարանը, բաւարար յաճախորդներ չունեցաւ:

Մինչ, այնպէս մը չէ՛ որ բազմաթի՜ւ այլ ճաշարաններ կային Շուշիին մէջ… Պարբերաբար, ոչ անպայման միաժամանակ, մի քան հատ կային: Բայց անոնց պէս, այս մէկն ալ ընդհանրապէս ամայի էր:

Լաւ, որ Շուշշի բնակիչները չէին յաճախեր այդտեղ, հասկցանք…

Հասկցանք նաեւ որ Ստեփանակերտի բնակիչները որոշած էին անտեսել Շուշիի գոյութիւնը: Շուշի՞, բա Շուշին ուրա՞… Եւ ուրեմն իրենք, իրենց «մայրաքաղաքին» բազմաթիւ ճաշարանները կը վայելէին:

Բայց, զբօսաշրջիկնե՞րը…

Այդ պարագային ալ, հայաստանցիները լաւ, հասկացանք… դրանք լինէին հայաստանաբնակ, կամ ԼՕՍից ՄՕՍից, չգիտեմ ուրտեղից, անոնց ինչի՞ն էր պէտք արդէն Շուշին…

Բայց մերո՞նք… Հայոց Աւանդական Սփիւռքի այցելունե՞րը…

* * *

Հա բայց, կեցէք… լման ճիշդ չէ, ըսածս…

Կային շատ մը զբօսաշրջիկներ, հայաստանցի կամ սփիւռքահայ, որոնք կը մտնէի՛ն Լուտվիկին ճաշարանը:

Իրենց օթոպիւսէն կ’իջնէին, եկեղեցիին մէջ մի քանի վայրկեան կ’անցընէին, առջեւը մի քանի հատ կը նկարուէին, ապա, այո… ետ օթոպիւս բարձրանալէն առաջ, անոնցմէ շատերը, կը մտնէին՝ այդ ճաշարանը:

Փիփի ընելու համար, միայն:

Կամ ալ լաւ… թերեւս քիչ մը աւելի երկար կը մնային այդտեղ… այնմ պարագային երբ «թիւ 2» պէտք է որ ընէին:

Յետոյ ետ դուրս կ’ելլէին, կը նստէին իրենց օթոպուսը, եւ կ’իջնէին վայելելու Ստեփանակերտի քաֆեները, թերասներն ու ռեսթորանները…

Ոչ իսկ մէկ բաժակ սուրճ, յիւթ մը, սոք մը, չէին ապսպրէր այդտեղ: Ուր կրնային մինչդեռ պահ մը նստիլ, ումպ մը խմել եւ պատառ մը ուտել, եկեղեցին դիտելով: Բայց, ինչո՞ւ համար… յետոյ պիտի դիտէին իրենց առած նկարները, չէ՞… խի՞ ժամանակ վատնել, այդտեղ…

Իսկ ամէն պարագայի, դեռ շատ անգամներ պիտի այցելէին Շուշին չէ՞…

Ուրեմն՝ ուրիշ անգամ…

Յաջորդ այցելութիւններուն, աւելի երկար պիտի մնային Շուշի, խօ՛սք: Անպայման:

* * *

Ի դէպ, Լուտվիկը, յատուկ ուշադրութեամբ, անդադար կը մաքրէր, մաքուր կը պահէր իր ճաշարանին այդ զուգարանը: Զորս այդպէս կը գործածէին որոշ – շա՜տ աճապարուած – անցորդները, որոնք մէկ դրամ իսկ չէին ծախսեր իր հաստատութեան մէջ:

Օր մը երբ որ զարմանքս յայտնեցի իրեն, այդ ուղղութեամբ, խոշոր պեխերուն տակէն ժպտեցաւ միայն: Իրեն համար այդ զբօսաշրջիկները կապ չունէին յաճախորդութեան հետ: Իր տունն է որ կը մտնէին, եւ պիտի որ իր տան մէջ, ամէն բան միշտ մաքուր ըլլար:

Ինչպէս որ մաքուր էր իր սիրտը, մաքուր էին իր միտքն ու հոգին:

 * * *

Սովորական զբօսաշրջիկներէն զատ, կային նաեւ՝ Շուշիի մէջ նշանտուք, հարսանիք-մարսանիք կատարող, դրսեցի հայ այցելուներ – սփիւռքահայ կամ հայաստանցի – :

Արարողութիւնը կը կատարէին նոյն, հանրածանօթ եկեղեցիին մէջ (միւսին գոյութենէն իսկ տեղեակ չէին) :

«Լաւ կապեր» կամ պարզապէս լաւ դրամ ունեցողները, այդ՝ ֆօթօժենիք արքեպիսկոպոսն ալ կը բերէին, հետն ալ լիքը կը նկարուէին:

Յետոյ, խրախճանքին համար՝ կ’իջնէին Ստեփանակերտ: Մինչդեռ հնարաւոր էր հեշտօրէն Շուշիի մէջ կատարել այդ հաֆլէն, այլազան տեղեր, ներառեալ Լուտվիկի ճաշարանը:

Բայց ասոնց մէջ մանաւանդ մանաւանդ հարսանեկան այցելուները, այդ ճաշարանին պէտքարանը իսկ չէին մտներ: Ոչ իսկ, այդքանը:

Քանի որ շատ վախֆախալը բաներ հագուած էին, շատ ժամանակ պիտի առներ գործողութիւնը, տեղն ալ շատ լայն չէր… Ուրեմն նախընտրելի էր որ իրենց Ստեփանակերտի խնճոյքը սրահին վերապահէին նաեւ այդ մեծ պատիւը…

* * *

Ինչպիսի պահե՜ր ապրած ենք, այդ ճաշարանին մէջ:

Ճամբարի պատանի օժանդակներով, շատ յաճախ կ’երթայինք այդտեղ, շաբաթ օրերը:

Նոնային մկրտութենէն ետք, այդտեղ հաւաքուեցանք:

Բեկոր Աշոտի կրտսեր որդին, Բեկորը, երբ որ զինուորական իր ուխտը տուաւ Շուշիի զօրագունդին մէջ, իր ու իր ընտանիքին հետ անգին պահ մը անցուցինք այդ ճաշարանին մէջ: 

Եւայլն., եւայլն.

 * * *

Լուտվիկը, վարկերու տակ ընկճուած, վերջիվերջոյ ստիպուեցաւ փակել իր այդ ճաշարանը: Կորսնցնելով ամէն ինչ, որ ներդրած էր անոր մէջ: Եւ խօսքը միայն փողի մասին չէ, անշուշտ… Յոյսեր, ժամանակ, աշխատանք, արժանապատւութիւն…

Բայց ինք դարձեա՛լ մնաց ժպտուն, խնդումերես, միշտ կայտառ եւ աշխոյժ: Զարինէն՝ իր թիկունքին, նորէն «նետուեցաւ», անմիջապէս ձեռնարկեց ուրիշ գործերու, նոյնպէս Շուշիի մէջ:

Ժպիտը կորսնցուց միայն, 2020ի աշնան:  Վերջնականապէս…

                                                                                շարունակելի

Հայդուկ Շամլեան

12 Հոկտեմբեր 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Միշտ Պատրաստ !!

« Il faut cultiver notre  jardin » – Voltaire

* * *

Հետեւեալ առաքելութեան առնչութեամբ՝ https://www.facebook.com/AramManoukianJampar/ ;; https://www.facebook.com/AramManoukianJampar/videos/281197859159948 (video)

. Քանատայէն Հայաստան օդանաւային մեզի յարմարող թռիչքները, ամէն մէկ ճամբորդի իրաւունք կու տային՝ 1 ճամպրուկ տանելու իր հետ:

Յաւելեալ, երկրորդ ճամպրուկը՝ 100 տօլար էր: Անկէ ետք, երրորդը՝ 300 տօլար էր…

Անշուշտ ճամպրուկները ենթարկուած էին նաեւ ծանրութեան – ցած եւ խիստ – սահմանափակումի: Թէ ոչ՝ ատոր համար ալ, յաւելեալ խոշոր վճարում պիտի կատարես: Այտան բառացիօրէն գիշեր կը լուսցնէր, մեր տան կշիռքին առջեւ՝ ճամպրուկները մի քանի անգամ կշռելով, մէջի ապրանքները հանել-դնել-հանել-դնելով, մինչեւ որ ամէն մէկուն ծանրութիւնը յարմարէր արտօնուած կշիռին:

Շուշիի մէջ մեր վերոյիշեալ մանկա-պատանեկան Ճամբարին հարկաւոր ապրանքները փոխադրելու համար, հաշուի առնելով նոյնիսկ տեղւոյն վրայ կատարած մեր գնումները, մենք չորսս միասին՝ գոնէ քսան ճամպրուկներ պէտք է որ տանէինք մեր հետը – բոլորը, լեցուած Ճամբարի ապրանքներով… մէկ ամսուայ համար մեր հագուստները, տարրական իրերը, ձեռքի փոքր պայուսակներով կը փոխադրէինք – :

Ուրեմն, այդ յաւելեալ երկրորդ ճամպրուկի իրաւունք ալ կը գնէինք, ամէն մէկուս մէկ հատ, յաւելեալ 400 տօլար վճարելով: Սակայն եթէ երրորդ մըն ալ գնէինք, պիտի վճարէինք դեռ յաւելեալ 1200 տօլար:

Տարի մը, «Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միություն» (ՀՄԸՄ), մեր քաղաքէն, մեծաթիւ խումբ մը կը տանէր Երեւան:

Դիմեցինք իրենց հետեւեալ առաջարկով՝

(նայեցէք նամակին թուականին… այդ ալ, դիտումնաւոր էր… որ, թերեւս կը ներշնչուին… )

From: Haytoug and_or Ayda <haytougandaida@hotmail.com>
Sent: May 28, 2018 8:36 PM
To: mtlscouts.committee@gmail.com; homenetmenregionalscoutsco@gmail.com
Subject: Shoushi 2018 / Homenetmen

cf. namag, gtsyal

Մերժեցին:

Նոյնիսկ, ո՛րեւէ պատասխան չստացանք: Այսինքն, մերժեցին՝ լրիւ անտեսելով: Ոչ իսկ բացատրութիւն մը, թէ խի՞ են մերժում:

Անձնական նուաստացում մըն ալ կուլ տալով – ի սէր Շուշիի երեխաներուն -, բերանացի, դէմ առ դէմ ֆալօ-ափ մըն ալ փորձեցի:

Դիմացինս կտրականապէս նիւթը փոխեց – ջղայնացած կերպով… որ, այյա, մեզի ինչո՞ւ կը խանգարես կոր, քու հարցերովդ… – :

Բարձրացի՜ր, բարձրացո՜ւր…

Ի դէպ, այդ տարին – կ’ենթադրեմ որ Փաշինյանի թարմ դո՛ւխէն վարակուած – մօտ 200 ճամբորդներ կային, ՀՄԸՄի այդ խումբին մէջ: Որոնք ուրեմն 200 հատ յաւելեալ ճամպրուկներ կրնային տանիլ իրենց հետ, լրիւ անվճար:

Այսինքն, մեր Ճամբարին մի քանի ճամպրուկներէն զատ, կրնային նաեւ մի քանի հատ ալ լեցնել իրենց նուէրներով՝ Շուշիի երեխաներուն: Զորս, եթէ իրենք ժամանակ չունէին, մենք տեղ կը հասցնէինք – Երեւան-Շուշի փոխադրութեդան ծախսը, մենք հոգալով –  ու կը բաշխէինք, մեծ սիրով, ՀՄԸՄի՛ անունով:

Բայց ահա… այդ օդանաւը Երեւան իջաւ, 200 դատարկ մնացած, տրամադրելի եւ ձրի տեղերով, soute à bagagesին մէջ…

Խորհրդանշական, բնորոշ դատարկութեան նուէր՝ Արցախին:

Այլ անիմաստ է խօսիլը այն մասին, որ այդ 200 ճամբորդներէն մի քանի հատը կրնային թերեւս այցելել Շուշին: Եւ քանի որ ժամանակ չունին կամաւոր աշխատանք կատարելու այդտեղ, գոնէ իրենք իրենց ձեռքերովը, տարազնին հագուած եւ փողկապնին կապած, իրենք ուղղակի բաշխէին իրենց այդ նուէրները, Արցախի իրենց տարեկիցներուն:

Բայց, չէ: Ոչ մէկ բան:

* * *

Իսկ երանի թէ այս տեսակի վարքագիծը, վերաբերէր միայն՝ ՀՄԸՄին…

Համակարգային էր այս դրութիւնը, գաղութի բոլոր Միութիւններուն պարագային:

Պատահական, տարրական աջակցութիւն մը – եւ հպանցիկ այցելութիւն՝ Շուշի – ստացած ենք միայն ՀՅԴ Պատանեկան Միութենէն, եւ այդ ալ՝ շնորհիւ այն իրողութեան որ խումբին ղեկավարը, անձնական մտերիմ ընկեր էր: Տասնըհինգ տարուայ մէջ, երեք անգամ տեղի ունեցաւ այդպիսի բան:

While I’m at it, տարի մը, մեր Ճամբարի ընթացքին, ՀՅԴ մեր քաղաքին ու երկրին, Գանատայի Երիտասարդանան Միութեան անդամներու խումբ մը, եկան Շուշի: Այդտեղ մնացին երկու օր: Գիշերեցին – խրախճանեցին – ՝ Ավան Շուշի Փլազա հիւրանոցին մէջ: Որ կը գտնուէր մեր ճամբարի վայրէն՝ վեց արիւր մեթր անդին: Իրենցէ ոչ մէկը եկաւ, ոչ թէ մի քանի ժամ ձերք մը տալու, բայց ոչ իսկ հէլօ մը ըսելու մեզի… Երեւի մենք, իրենց հակառակորդներն էինք այդտեղ:

Հա, կեցիր, նոյն նիւթին առնչութեամբ, Արցախի մէջ միակ եւ միմիակ պետական գործիչը որ, տասնըհինգ տարինրեի ընթացքում, կասկածներ արտայայտած է մեր մասին – որ, հմմմ, սրանց խի՞ են այստեղ գալիս, Քանատայից -, ՀՅԴի տեղացի անդամ մըն է… Այն անձը, որ պահ մը նախագահ եղաւ, Արթուր Մկրտչյանի մահէն ետք:

Մարդը ըսեր է՝ «with friends like that, who need enemies?»

Մ. Հայդուկ Շամլեան

06 Հոկտեմբեր 2023

[Նօթ՝ ներքեւի արխիւային նկարին տակը, Յ.Գ. մը կայ]

Եղբայր վաչէ (յետագային ՀՄԸՄի խմբապետ), եղբայր Հայդուկ (յետագային ՀՄԸՄէն դուրս շպրտուած)
եւ քոյր Ցոլինէ (2019ին այս աշխարհէն մեկնած)

Յ.Գ. Տարուայ ընթացքին, կը ջանայինք ճամպրուկներ ուղարկել Երեւան գացող անձերու հետ: Այդ մէկն ալ տեղի ունեցաւ երեք անգամ միայն: Երեք ճամպրուկ, երեք տարբեր տարիներու: Մօտիկ, անձնական ծանօթներու հետ:

Մինչդեռ ամէն տարի, այս կամ այն Միութենէն բազմաթիւ անձեր, տարին բազմաթիւ անգամներ, կը «գործուղուէին» Երեւան: Ժողով, մողով: Անոնց տասը տոկոսը, եթէ մէկ անգամ, մէկ հատիկ Ճամպրուկ մը միայն իր հետը տանէր – օդակայանէն իսկ՝ յանձնէր մեր կողմէ այդտեղ զիրենք դիմաւորող անձի մը -, որպէսզի մենք ալ յետոյ այդ ապրանքը հասցնէինք Շուշի, մեր տարած տասնեակներով ճամպրուկներուն եւ պայուսակներուն հետ, երեւի քիչ մը աւելի կը կարողանայինք բան մը ընել, Արցախի համար:

Մէկ օրինակ մը տալու համար, միայն – որպէսզի լման մեղքը չփաթթուի միայն ՀՄԸՄի վիզին -՝

Շուշիի մէջ, ՀՕՄի – փոքրիկ -, մանկարպատէզը լման երկու ամսի կը փակուէր, որպէս ամառուայ արձակուրդ: Այդ երկու ամիսները երբ աշխատող ծնողները ամենաշատ կարիքը ունէին այդ մանկապարտէզին… Կարելի է կռահել որ իրենց այդ արձակուրդի ընթացքին, աշխատակազմի անդամները կը ստանային իրենց աշխատավարձը, ՀՕՄի Սփիւռքից հաւաքած փողերով:

Այդ ժամանակամիջոցին, մենք կը զբաղուէինք Շուշիի եւ անոր շրջակայքի հարիւրաւոր երեխաներով:

Այսինքն, «մրցակցութիւն» չկար, ՀՕՄի եւ մեր Ճամբարին միջեւ:

Հա, հա… մրցակցութիւն… Շուշիի մէջ… Ըսելու ձեւ չէ գրածս, ափսոս, վստահաբար այդ մտայնութեամբ հօմուհիներ կային: [Իսկ փաստացի կերպով, այդ էր` ԳԵՄի դիրքորոշումը եւ վարքագիծը, մեր կազմակերպած Ճամբարին նկատմամբ. այդ ալ ուրիշ առիթով կը բացայայտեմ. vous ne perdez rien pour attendre… ]

Սակայն 15 տարիների ընթացքին, ՀՕՄից որեւէ մէկը մեր Ճամբարին համար մէկ հատ ճամպրուկ չտարաւ մինչեւ Երեւան: Մեր լեցուցած, մեր ճամպրուկը, Շուշիի երեխաներուն համար: Զորս Երեւանէն Շուշի, մենք պիտի տանէինք: Եւ պիտի յայտնէինք որ ՀՕՄը մեզի օգնեց, այդ առումով, ե շնորհակալութիւն:

քաղաքականութեան հետ հէչ կապ չունի. պարզապէս տարրական ճշմարտութիւններու հետ. եւ որպէսզի վերջ դնենք նաեւ Սփիւռքի վերաբերող պատրանքներուն. որոնց պատճառով է նաեւ, որ հասանք այս վիճակին.

հհ կառավարութիւնը «իմ պարտէզս» չէ… ամէն մարդ նախ իր պարտէզին խոտերովը թող զբաղուի… առաւել, հհ կառավարութեան ուղղուած «պահանջատիրութենէն» պիտի չօգտուին Սփիւռքի միութիւնները, որպէսզի շարունակեն ծածկել իրենց թերացումները, սայթաքումները. ուրիշ աշխարհի մը մէջ ենք հիմա, Հրայր. կ’ուզես մնալ նախկինին մէջ, դուն գիտես, եթէ այդպէսով աւելի հանդուրժելի կը դառնայ քեզի համար այժմու վիճակին անասելի ցաւը. ինծի համար, ատիկա ապաստան չէ, ոչ այլեւս…

Շուշիի մէջ, ՀՕՄի – փոքրիկ -, մանկապարտէզը, լման երկու ամիս կը փակուէր: Ամառը: Որպէս ամառուայ արձակուրդ: Ուրեմն այն երկու ամիսները երբ աշխատող ծնողները ամենաշատ կարիքը ունէին այդ մանկապարտէզին, քանի որ դպրոցները փակ էին, եւ պէտք է որ մէկը պահէր իրենց երեխաները, որպէսզի իրենք կարենան երկու ղուրուշ շահիլ աշխտելով:

Կարելի է կռահել որ իրենց այդ արձակուրդի ընթացքին, այդ մանկապարտէզի աշխատակազմի անդամները կը շարունակէին ստանային իրենց աշխատավարձը: ՀՕՄի Սփիւռքից հաւաքած փողերով:

Այդ ժամանակամիջոցին, մենք կը զբաղուէինք Շուշիի եւ անոր շրջակայքի հարիւրաւոր երեխաներով:

Այսինքն, «մրցակցութիւն» չկար, ՀՕՄի եւ մեր Ճամբարին միջեւ: Շուշիի մէջ… Ըսելու ձեւ չէ գրածս, ափսոս, վստահաբար այդ մտայնութեամբ հօմուհիներ կային:

Սակայն 15 տարիների ընթացքին, մինչ ՀՕՄի անդամներէն ալ շատեր տեւաբար կ’երթային եւ կու գային Հայաստան – անոնցմէ գոնէ ոմանք, Սփիւռքի մէջ հաւաքուած փողերով -, սոյն ՀՕՄից որեւէ մէկը մեր Ճամբարին համար մէկ հատիկ իսկ ճամպրուկ չբարեհաճեցաւ, մինչեւ Երեւան միայն:

Մեր լեցուցած, մեր ճամպրուկը, Շուշիի երեխաներուն համար: Զորս Երեւանէն Շուշի, մենք պիտի տանէինք: Եւ անպայման պիտի յայտնէինք ու տարածէինք որ ՀՕՄը մեզի օգնեց այդ առումով, եւ իսկապէս շնորհակալութիւն:

* * *

Այն ուղղամիտ եւ հոյակապ Հօմուհիները որոնք կը կարդան այս բացայայտումներս, կը խնդրեմ եւ կ’աղաչեմ որ դուք՝ ձայն չհանէ՛ք: I mean it, please: Քանի որ դուք դեռ կրնաք օգտակար բաներ իրականացնել, այդ Միութեան ընդմէջէն: Անհուն համբերութիւն կը մաղթեմ միայն ձեզի:

Ի դէպ, Ցեղասպանութեան որբ՝ Մեծաս (մամայիս մաման), ԼՕԽի ամենաժրաջան ռահվիրաներէն մէկն էր… Մէկ հատ մը կուկըլեցէք՝ « ԼՕԽ-Բերկրուհի Առաքելեան »

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Յօդուածներ / Գրացանկ

. Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով – 05 Մայիս 2026

. Քոչարյան, սիքթի՜՜՜ր – 12 Դեկտեմբեր 2025

. Քեսապ, յուշեր 02 – 07 Սեպտեմբեր 2025

. Անկախութեան Հռչակագիր vs Սահմանադրութիւն – 27 Օգոստոս 2025

. Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ.…… – 29 Յունիս 2025

. Սուլթանին կաթողիկո՞սը… – 17 Յունիս 2025

. «մինչ իր խաչերն են՝ դաշոյն»… – 17 Յունիս 2025

. Հալէպի տատրակները – 31 Մայիս 2025

. ՀՀ -vs- Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ – 07 Մարտ 2025

. Ուքրանիոյ «Սարդարապատ»ը, 3րդ տարեդարձ – 21 Փետրուար 2025

. Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ – 10 Փետրուար 2025

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Լուպնեն ըլ ա՛խտար… –  Հոկտեմբեր 2024

. Եւ Ողբը նորէն դարձաւ… Ողբ – 20 Ապրիլ 2024

. Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին – 16 Ապրիլ 2024

. Քեսապ, շարժանկարային յուշեր – 10 Մարտ 2024

. Շուարած մուհաճիրութիւն – 10 Փետրուար 2024

. Փախողը չ’ազատիր, ոչ… – 08 Դեկտենբեր 2023

. Կրակահերթային յիշատակներ – 03 Դեկտեմբեր 2023

. Ծառի վրայի, միւս պեշին… – 25 Նոյեմբեր 2023

. Պոլոնիայի պեշիները – 18 Նոյեմբեր 2023

. «Բարտիները խշշացի՜ն…» (Հայաստան-ՌԴ) – 14 Սեպտեմբեր 2023

. Ո՛չ-Մի-Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]  – 12 Օգոստոս 2023

. «Ապրիլ-24», Արցախ, եւ The Godfather – 17 Յուլիս 2023

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Իրերու վիճակը – 27 Մայիս 2023

Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման – 24 Մայիս 2023

Վարդապետ, դու չես՝ որ խենթացել ես – 18 Մայիս 2023

Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բա հետո՞– 15 Մայիս 2023

. Անուշ յուշեր… – 14 Մայիս 2023

Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին… – 01 Ապրիլ 2023

Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

Փաշինյանը ճիշդ է -27 Մարտ 2023

ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

Ես 5րդ Շարասիւն եմ – 19 Մարտ 2023

Ո՜վ Մարդկային Արդարութիւն… – 18 Մարտ 2023

«Մարտի 1»՝ Հայաստանի «Ապրիլ-1»ը – 01 Մարտ 2023

Էլի շուարած հակայեղափոխականները – 28 Փետրուար 2023

Ծով նետուած շիշը – 18 Փետրուար 2023

Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ)– 11 Փետրուար 2023

Կաղանդ Պապաս… – 06 Յունուար 2023

ՃԵՄելով յիշողութեան ճամբուն վրայ – 16 Դեկտեմբեր 2022

Մանկութեան… սուր յուշեր – 02 Դետեմբեր 2022

Վերջին մեկնում – 04 Սեպտեմբեր 2022

Զեփիւռի նման… – 20 Օգոստոս 2022

Պաթալ մէ պի մութ – 02 Յուլիս 2022

Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ… – 28 Ապրիլ 2022

Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

Լսեցի՞ք, Համբիկը «տուն հասեր է»! – 30.10.2021

Թուրք-հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

«Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

Հայաստանն ու համաճարակը – 01.10.2021

ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

Սփիւռքը հանգիստ թողեցէք – 29.06.2021

Փախստականների մասին – 01.06.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

Բաղ-րամ- յան փո՜ղո-ցո՛ւմ, դա-դա- դաա՜… – 24.03.2021

Վայ այն երկրին՝ որուն թագաւորը… մանուկները կը շահագործէ – 22.03.2021

Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու… – 26.02.2021

«Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

Պառաւի խօսք՝ շաղգամակերին – 14.08.2020

Ամուլսարը քարի կտոր մըն է – 31.07.2020

Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար – 18.07.2020

Յուլիսեան պատերազմ՝ մի քանի դիտողութիւններ – 13.07.2020

Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը – 11.07.2020

Հայաստանը չի կարող վախենալ քորոնավիրուսից – 04.07.2020

Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

Շուարած հակայեղափոխականները – 24.06.2020

Թուղթ առ… Ծառուկյան  – 17.06.2020

Քորոնավիրուսին օգուտը…  – 11.06.2020

Նիկոլ Փաշինյան՝ all the way ! – 03.06.2020

Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

Մշտապէս իւղոտուած հողմացոյցները… – 01.04.2020

ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

Սերժ Սարգսյան՝ կարմիր քարտը անդառնալի՛ է – 02.11.2019

«Ստամբուլյան Կոնվենցիա»ն՝ խաբեբայութիւն – 02.11.2019

Շարքային Փաշինյանիստները՝ 5 կարգեր – 31.10.2019

«Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

Փութինն է որ դատել կը փորձեն Հայաստանի մէջ – 03.10.2019

Ամուլսարը՝ Փաշինյանի փրկութեան սկիզբն է – 19.08.2019

Մունտառ Երեւան – 05.07.2019

Դատաւորը մերկ է – 27.06.2019

Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019

Օփերայի շուրջ՝ կարգին cacophony – 14.03.2019

Յեղափոխութեան դասալիքները – 08.03.2019

Մնալ արթուն – 19.02.2019

Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)  20.01.2019

Քանի որ իրօք Ճակատագրական է պահը (22 Դեկտեմբեր 2018)

Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական  (24 Դեկտեմբեր 2018)

Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

Գաղտնի Մարտիկների ժամանակները…

. Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը… – 04 Ապրիլ 2014

Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

Շուշիի ազատագրումը (2002)

Մարուխեան, Forever (1999)

Անկախութեան Օտարումը (1996)

Վահանը (1995)

Մեր երիտասարդները կը քալեն (1995)

Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

Մերկացած Սուտը (1992)

Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

Անդարձ Դարեդարձ (ՀՅԴ 100ամեակ) – Դեկտեմբեր 1990

Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

Դեղագործին Աշկերտը («Պուրճ-Համուտ 1979»…) – 1979

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

* * * * *

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին…

Շուշիի այդ նշանաւոր, հանրածանօթ եկեղեցին գիտէք, չէ՞:

Վստա՛հաբար գիտէք:

Ո՜չ, ոչ այդ բլուրին վերինը, « Սուրբ-Յովհաննու Մկրտիչ»ը: Չէ: Անոր խօսքը, արդէն չ’ըլլար:

Միւսը, միւսը…

Այն մէկը, որ՝ խորհրդանշական է: Առասպելական:

Ամենայն Հայոց Ամենասուրբ Եկեղեցին:

Շուշիի այն եկեղեցին, որուն սիրուն ու աննման պատկերը, աշխարհի տարածքին թերեւս մի քանի միլիոն հայեր կախած են՝ իրենց հիւրասենեակի պատին վրայ:

Որուն – այժմ որքան ցաւագին, սրտաճմլիկ – պատկերը, հայկական բոլոր օրացոյցներուն մէջ են:

Շուշիի այն եկեղեցին, որուն… լաւ… կարծեմ թէ հասկցաք, որմէկը:

«Սուրբ Ամենափրկիչ»ը, հա:

Ինչ ահաւոր բան էր, չէ՞, երբ որ վերջին պատերազմին, թուրքերուն հրթիռը խփեց՝ մեր այդ եկեղեցիին…

Հապա, երբ որ… երբ որ… հա, Շուշիի յանձնումի շեմին, մէկը, այդ եկեղեցւոյ փլատակներուն մէջ՝ խոշոր ջութակով, սոսկալի բան մը նուագեց: Որպէս Համայն Հայութեան կողմէ հրաժեշտը՝ մեր անգին Շուշիին:

Որքան հեծկլտացինք, արցունքներ թափեցինք, դիտելով այդ անասելի պահին տեսանիւթը… լսելով այդ երաժշտութիւնը… Շուշիի մեր այդ խորտակուած եկեղեցւոյ մէջ… զորս շուտով արդէն, պիտի վերադառնար բարբարոսներուն ձեռքը…

Լաւ: Եկէք, երկու բան միայն պատմեմ ձեզի: Ի միջի այլ եւ բազմաթիւ, նոյն իմաստով, ուղղակի վկայութիւններու…

* * *

Երկար ժամանակ, Շուշիի այդ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ՝ լոյսեր չկային:

Գիշերը, կ’անհետանար այդ եկեղեցին:

Խաւարները զայն կուլ կու տային:

Հասանք վերջապէս տարի մը, երբ, լույսեր տեղաւորեցին այդ եկեղեցւոյ գմբէթին շուրջը:

Այնուհետեւ, գիշերուան մէջ, սուրբ տեսիլքի մը նման՝ կը շողար այդ եկեղեցին: Խաւարներուն կը յաղթէր, մութը կը փարատէր:

Երկնային Օրհնութիւն էր, լուսաւոր աղօթք էր, հոգեկան փարոս մըն էր՝ Շուշիի յատկապէս թանձր ու ծանր գիշերներուն մէջ:

Անկէ 2-3 տարի ետք, այդ լոյսերուն սկսան, աստիճանաբար՝ այրիլ:

Ու մէյ մըն ալ, բնաւ ու երբեք, չնորոգուեցան:

Եւ եկեղեցին, Շուշիի այդ խորհրդանշական եկեղեցին, հետզհետէ, սկսաւ դարձեալ ընկղմիլ՝ խաւարներուն մէջ:

Մինչեւ Շուշիի յանձնումը, թերեւս հազիւ մէկ հատ լոյս մը մնացած էր դեռ, այդ եկեղեցիին վրայ:

* * *

Օր մըն ալ, մի քանի տարիներ առաջ, այդ եկեղեցւոյ orgue-ը, նուագարանը, աւրուեցաւ:

Մէջը՝ մաշած կտոր մը կար, զորս պէտք է փոխուէր, փոխարինուէր նորով մը: Թէ ոչ, նուագարանը անգործածելի էր:

Տարեվերջ էր: Դեկտեմբեր 2017ի առաջին շաբաթը:

Այդ նուագարանը պիտի ընկերակցէր՝ մօտակայ Կաղանդի, Ծնունդի շարականներուն:

Շուշիի մէջ:

Շուշիի Այն եկեղեցիին մէջ, որուն նկարը ամէն կողմ է, Հայոց Աշխարհում: Աւելի քան երբեք, մանաւանդ՝ հիմա: Համացանցի վրայ:

Պզտլիկ կտոր մըն էր, պէտք եղածը: Ոեւէ մէկդ, ձեր գրպանի բջջային հեռաձայնին մէջը որ նայիք, անով մէջ վստահաբար պահուած՝ այդ եկեղեցւոյ նկարին, այդտեղ երեւցող պատկերի չափէն աւելի փոքր, թեթեւ կտոր մը: «Divider key S-10430» :

Առանց որուն սակայն, Շուշիի այդ եկեղեցիին նուագարանը, Ծնունդի օրը, լուռ պիտի մնար:

Մէկը չկար, ոչ մէկ «պետական» գործիչ, ոչ մէկ կղերական վարիչ, ոչ մէկ հանրային միութիւն, որ նուագարանի այդ անհրաժեշտ կտորը հայթայթէր, այդ եկեղեցիին:

Զուտ անձնական հաղորդակցութեամբ, սեփական ուղիներով, Քանատայէն գնեցինք, ուղարկեցինք:

Դեռ այդ ալ՝ Քանատայէն-Երեւան, եւ Երեւանէն-Շուշի հասցնելու համար այդ փոքրիկ կտորը, որպէսզի Կաղանդին, Շուշիի այդ եկեղեցիին գործիքը, կարենայ նուագել աղօթքներուն հետ, աւելորդ ժամանակ, երկար համբերութիւն, եւ յատուկ ջանքեր հարկաւոր եղան:

* * *

Ի դէպ, Շուշիի երեք մզկիթներէն մէկը, այս վերաբերմունքին արժանացաւ: Այս մզկիթը

Մինչ Շուշիին վերոյիշեալ եկեղեցւով գմբէթին լոյսը, ինչպէս նաեւ հոգեւորական նուագարանին կտորը, նորոգող չկար:

* * *

Այս ուղիղ վկայութիւններու լոյսին տակ – որ դեռ նմոյշ մըն է միայն, այս էական խնդրին առնչութեամբ -, ջանացէք հասկնալ թէ ինչու, եւ ինչպէս, հասանք այժմու վիճակին:

Ոհ, եւ նաեւ, խնդրանք մը: Ոչ ինծի համար, այլ առ ի յարգանք՝ Արցախ մնացած – մահացած եւ ողջ – արցախցիներին:

Այսուհետեւ, ըստ այնմ յուզուեցէք, հաճիք՝ երբ որ կը նայիք Շուշիի այդ եկեղեցւոյ պատկերին:

* * *

Կաղանդը եւ Սուրբ Ծնունդը, պաշարուած վիճակի մէջ տօնեցին Արցախ մնացած հայերը:

Արգիլուած չէ աղօթելը, որ յառաջիկայ Զատիկին գոնէ, վերջացած ըլլայ իրենց ընթացիկ, յաւելեալ տառապանքը:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

01 Ապրիլ 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Ես, 5րդ Շարասիւն եմ

« Զինվորին համոզել են, թե հողերը ծախել են, դիրք պահելն իմաստ չունիսա «5-րդ շարասյուն» չէ, բա ի՞նչ է » — dixit Արծրուն Հովհաննիսյան, ՀՀ պետութեան խօսնակ, Մարտ 2023: Կրկնելով – եւ վատթարացնելով – մի քանի օր առաջ արտասանուած, իր տիրոջ, ՀՀ վարչապետի՝ օդին մէջ խօսքերը:

[ «5րդ շարասիւն», պատմական ակնարկի մը վրայ հիմնուած, նշանակում է՝ բանակի մը մէջ սպրդած ռազմական յատուկ կառոյց մը որ, նախամտածուած, ծրագրուած ու կազմակերպուած կերպով՝ ի նպաստ թշնամիին կը գործէ: ]

* * *

Իսկ երբ որ ահաւոր կերպով պարտւում էինք, երբ որ իրենք իրենց հալին լքուած, մեր առիւծ տղերքը վերածուած էին մսաղացի մթերքի, մէկ ու ամիս շարունակ՝ համայն հայութեան, բայց մանաւանդ՝ կռուող տղոց ընտանիքներին, տեւաբար ու ամեն օր յայտնել ու հաւաստիացնելը որ՝ յաղթո՛ւմ ենք, սա հրէշութիւն չէ, բա ի՞նչ է:

Սա աւելի շատ մահերու, մարդկային յաւելեալ կորուստների պատճառ հանդիսանալ չէ, բա ի՞նչ է:

Ծնողներին խաբել՝ որ իրենց զաւակը յաղթական, փառաւոր մարտերում է, հետեւաբար դուք բան չմտածէք, ամէն բան լաւ է լինելու… լոխ լավա՜… շատ հաւանական է որ ձեր հարազատը, ոչ միայն ողջ է, այլ գոհ եւ ուրախ է, բախտաւոր է, վայելում է յաղթական կռիւները… սա, ինչ ա՞:

Ու այդպէս, փոխանակ պարզապէս՝ մարդավարի նահանջ մը կազմակերպելու…

Երբ որ դուն կամ քո զաւակը չէ՛ք, որ այդպէս, մէկ ու կէս ամիսներ, ակնյայտօրէն անհաւասար ուժերով կռիւների մէջ խրած ե՛ւ անկազմակերպ ու անատակ ղեկավարութեան ներքոյ՝ զանգուածային սպանդի, կարգին ջարդի ենթարկուած են, պարզապէս՝ ողջակիզուող այդ տղոց մասին մտածելու: Զիրենք անյապաղ դուրս բերելու՝ դժոխքից:

Իսկ այդ ամէնէն ետք, հիմա էլ, զոհերի ընտանիքներին՝ այ՞ս վարկածն էք հրամցնում…

Այ՞ս է, որ զիրենք պիտի մխիթարէ… Սփոփէ, նրանց խորտակուած հոգին:

Որ՝ ոչ միայն իրենց զաւակը զոհուեցաւ պատերազմում, այլ զայն սպաննողը… հայերն էին:

Հոյակապ:

* * *

Բայց գիտէք ի՞նչ, եկէք ձեզի հաւատամ:

Ենթադրենք, ասենք որ, հա, այդպիսի մի միջադէպ պատահել է:

Մէկը, մի պահ, զինուորի մը ասել է որ՝ կեանքդ փրկէ, քանզի արդէն անիմաստ է կռուիլը:

Ես կ’ուզէի ըլլալ, այդ անձը: Երանի թէ ես, այդ առիթը ունենայի:

Արդարեւ, քանի որ երեւակայութեան ու վարկածների ոլորտում ենք, ես ալ ուրեմն կը մտածեմ թէ՝ այդ յորդորը կատարող անձը, այդ կերպով ուզում էր երեխային կեանքը փրկել: Ինք լաւ գիտնալով, որ անհնար է յաղթել այդ պատերազմին: Նկատի ունենալով թէ որքան խառնուշփոթ, որքան քաոսային էր, մեր վիճակը:

Մինչ երեխան, քաջաբար, չէր ուզում դիրքը լքել: Հաւատալով ՝ պետականութեան պատրանքին… արծրունական քարոզչութեան…

Ես ի՛նքնս որւեմն, այդպէս կ’անէի: Փախուստի այդ յորդորը կատարող, այդ վարկածային մարդուն պէս:

Գոնէ մէ՛կ կեանք կարենալ փրկելու համար, տուեալ պայմաններուն մէջ:

Որեւէ բան կ’ասէի, որպէսզի երեխան նահանջէ:

Երբ որ արդէն շատ յստակ էր, թէ ո՞ւր է գնում այդ պատերազմը: Մինչ քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնները, տեւական ու համակարգային կերպով, բացառապէս ու միայն՝ ստո՛ւմ էին, այդ ուղղութեամբ:

Երանի թէ աւելի մեծ թիւով, մեր զինուորները փախչէին: Եւ մանաւանդ՝ աւելի շուտ:

Բարոյական յաղթանակն ալ, ձե՛զի պահէիք:

* * *

Ընդգծենք այստեղ, թէ այնպէս մըն ալ չէր, որ ամէն մարդ որ կարող էր կռուիլ՝ կռուեցաւ:

Որեւէ տարիքի անձերէ շատեր, ի սկզբանէ, մնացին ռազմադաշտից բաւական հեռուները:

Սակայն երեւի, մանաւանդ քառասուն տարեկանից աւելի մեծերն են որոնք, բացառիկ հրաշքով, բոլորն էլ անվնաս մնացին…

* * *

«Ել տղաս, ե՛լ: Ել

Դու էլ գնա տուն:

Գնա տուն, քանզի արդէն ղեկավարութիւն չկայ: Միս-մինակդ ես անում ամէն բան:

Եւ շատեր կան որոնք արդէն վաբշե չներկայացան իսկ՝ ռազմաճակատ, ռազմադաշտ…

Բայց… չես հասկանո՞ւմ…

Չես ուզում հաւատալ…

Այդպէս մի յամառի՛ր, տղա ջան… պարապ տեղը ինքնասպան մի ըլլար… ի զուր է

… մտածէ՝ կնոջդ, զաւակներուդ, ծնողքիդ…

բայց էլի չես ուզում…

ասում ես թէ՝ չէ՜, չէ… Պետութիւնը եւ Զօրավարները, իմ հետս են… պիտի՛ որ մինչեւ ծայր կռուիմ…  դա է իմ կոչումը, իմ պարտականութիւնը… պիտի որ անայլայլ ծառայեմ Պետութեանս եւ Բանակիս… երդո՛ւմ եմ տուել… Պատի՛ւ Ունեմ…

հա… Պատիւ Ունես…

կառավարութեան անդամներին նման, հա՞… որոնցմէ միմիայն մէկ հատը, գոնէ նախապէս որոշ կապ մը ունեցած էր Բանակին հետ… մնացեալները՝ ո՛չ մի կապ… ալ ուր մնաց որեւէ ռազմական գիտութիւն, որեւէ փորձառութիւն, պատերազմ տնօրինելու տարրական իսկ կարողութիւններ

այդ քո մարտական երդումին, Սրբազան Ուխտին բառերով, դու Պատիւ Ունե՛ս, տղաս… դա հաստատ ու անկասկած…

սակայն վստահաբար ոչ՝ սպայակազմի վերնախաւին այդ հաստավիզ ու լայնափոր – թէպետ ընդմիշտ անկուշտ – թուլամորթները… յոգնած եւ ամուլ գոմէշները… որոնք պատերազմը մղեցին, դիւցազներգական խիզախութեամբ՝ պունքերին մէջէն… Տիկին Աննային հետ…

լաւ… որ այդպէս է, որ քո անշէջ խանդավառութեան մէջ, քո մատղաշ գաղափարապաշտութեան պատճառով, դու չես հասկանում իրականութիւնը, ուրեմն ես էլ աւելի հնարամիտ, պատկերաւոր լեզուով խօսամ… որպէսզի կարենամ քեզ համոզել…

ուրեմն, լսի՝ ԾԱԽԵ՛Լ ԵՆ, տղաս…

հա, հա.. ծախել են արդէն…

ի՞նչ ասըմ… միայն այս կերպով է որ դու թերեւս հասկանալու ես, որ պէտք է այլեւս նահանջես… մինչ քո այդ երեւակայած իշխանաւորների, բարձրաստիճան սպաների համար, որոնք հանգիստ բազմած են իրենց սենեակներում՝ նշոյլ մը իսկ արժէք չունի, քո կեանքը… անոնք թքած ունեն, քո հերոսութեան վրայ

ուրեմն հա, ե՛ս էլ քեզ խաբեմ… ու ասեմ որ՝ ծախել են…

բայց գոնէ իմ սուտս, ի տարբերութիւն արծրունական պետական սուտերին՝ քո կեանքը կը փրկի… եւ ոչ թէ հակառակը, եւ ի զուր…

ուրեմն, դու էլ գնա տուն, տղաս… վերադարձիր քո ընտանիքին… դեռ կեանքդ քո առջեւն է…

դեռ լինելու են ուրիշ մարտեր, ապագայում…

երբ որ պահը գայ նորից գայ, թէ որ ուզենաս, կը վերադառնաս ռազմաճակատ…»

* * *

Ահա թէ ես ինչ կ’անէի, ինչ կ’ասէի, եթէ այդտեղ գտնուէի:

Պատերազմէ սկսելէն՝ հազիւ մէկ շաբաթ ետք:

Կ’ափսոսամ – նոյնիսկ կը խղճահարուիմ – միայն, որ այդ առիթը չունեցայ:

* * *

Այս սուրբ նիւթը դադրեցէք այլեւս քաղաքականացնել: Այդ ալ, այդքան կոպիտ, որքան լկտի ու գռեհիկ կերպով:

Աստուծոյ սիրոյն, դադրեցէք:

Ամօթ է: Անմարդկային է:

Բառին հոգեւորական իմաստով՝ մեղք մըն է:

Միեւնոյն գարշելի հեքիաթները, գրեթէ բառ առ բառ, փաշինյանիսթները կը պատմէին՝ ի միջի այլոց 2016-ի պատերազմէն առաջ, այդ պատերազմի ընթացքին, ու դեռ անկէ վերջ: Ականջներովս եմ լսել: Շուշիի մէջ: Ամենաանսպասելի կերպով…

 * * *

Պատերազմի ընթացքին արդէն, Գլխաւոր Հրամանատարը, հանրային կերպով, խօսեցաւ դաւաճանութեան մասին:

Մօտ երկուուկէս տարիներ ետք, տակաւին՝ ոչ մէկ դատավարութիւն, ոչ թէ տեղի չէ ունեցած, այլ՝ չէ սկսա՛ծ անգամ:

Ներողամիտ եղէք, որ բոլոր հայերս չենք, որ՝ հալած իւղի պէս – ինչ եմ ասում, տաքուկ մեղրի՛ նման -, որպէս բացարձակ ու անվիճելի Ճշմարտութիւն, կուլ կու տանք իշխանաւորների խօսքերը:

Նաեւ թոյլ տուէք որ Պարոն Արծրուն մը, բոլորս չհամարենք որպէս՝ անկեղծութեան, ճշմարտախօսութեան, հաւատալիութեան հմայիչ մարմնաւորումը…

Խորհրդապահ ու խորհրդաւոր, առեղծուածային հետապնդումները, վստահաբար բաւարար չեն՝ պետական մակարդակով, հանրային հրապարակի վրայ եւ համայն աշխարհին առջեւ՝ այդքան լուրջ ու ծանր զրպարտութիւններ հնչեցնելու համար: Ալ ուր մնաց՝ վճռական հաստատումներ…

Մէկ հոգի գոնէ, մէկ նշանակալից անձ, իսկական ու մարդավարի դատավարութեան մը ենթարկեցէք, մենք էլ կարողանանք գոնէ տեսնել թէ, շարասիւն-մարասիւն, ինչի՞ մասին էք խօսում:

* * *

Չէ, ալ կը բաւէ:

Երբ որ – կամ եթէ – լուրջ ու իսկական, հաստատ փաստեր ունենաք, բարեհաճեցէք զանոնք պարզել, ներկայացնել:

Թէ ոչ, այս զզուելի յիմարութիւններին վերջ դրէք:

Առ ի նուազագոյն յարգանք՝ մեր նահատակներին:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

19 Մարտ 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք