Լուտվիկ-ի յիշատակին / Մաս III

 [ Մաս I-ը ]… [ Մաս II ]…

 * * *

Ուրեմն… հա… Լուտվիկին ճաշարանը:

Նախ վերադառնամ ամենասկիզբին, երբ որ ես ու Լուտվիկը ընկերներ, բարեկամներ չէինք դարձած, տակաւին:

Մաս I-ին մէջ պատծամիս թուականէն մէկ կամ երկու տարի ետք…

Այդ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հետեւեալ յատկանշական միջադէպը, որպէս նախաբան Լուտվիկի հետ իմ յետագայ մտերմութեան:

* * *

Այն բոլոր տարիներուն երբ ընտանեօք կ’երթայինք Արցախ, Շուշիի մէջ բանալու եւ վարելու համար մեր մանկապատանեկան ճամբարը, վրաս՝ փոքր պայուսակ մը կը կրէի:

Այդ որ ֆրանսացիները «պանան» կը կոչեն, իսկ ամերիկացիները՝ fanny pack: Որ իր գօտիով մէջքիդ կը կապես, եւ փորիդ վրայ կը տեղաւորուի:

Սակայն ես զայն ընդհանրապէս կը կրէի, իր գօտիով, ուսէս կախուած: Փորս շատ խոշոր չէ, եւ չէի ուզեր այդ հպարտանալի իրողութիւնը ծածկել՝ լեցուն տոպրակ մը վրան դնելով. կամ աւելի գէշ, վաբշե խեղաթիւրել երեւոյթը, երբ որ շապիկիս տակը պահուած ըլլար այդ պայուսակը…

Միշտ, սկիզբէն մինչեւ վերջ, այն միեւնոյն պայուսակով կատարեցի Շուշիի մեր ընտանեկան առաքելութիւնը: Այդ ալ իմ «ճիտիս պարտքն» էր – բայց ես զայն վիզէս կախելով ինքզինքս չխեղդեցի Արցախի գետերէն մէկուն մէջ, փառք Տիրոջ… – :

Ի՛նչ կարեւոր բան որ ունէինք, այդ պայուսակին մէջն էր: Անցագիրներ, կարեւոր նօթագրումներ, տրցակներով դրամ…

Ինչպէս որ ըսի, այդ թուականին դեռ հազիւ կը ճանչնայի Լուտվիկը: Իր հետ որեւէ յատուկ կապ չունէի տակաւին, ոչ անձնական, ոչ ալ Ճամբարի կապակցութեամբ:

Օր մը, Շուշիի վերի խաչմերուկը, ընելիքներ ունէի: Վերադարձի ճամբուն վրայ՝ ըսի, սուրճ մը խմեմ Լուտվիկի ռեսթորանին մէջ:

Նստայ, եկեղեցին դիտելով սուրճս ըմբոշխնեցի (այո, կը պատահի նաեւ որ միայն սուրճ խմեմ… եւ այդպէս է միշտ երբ որ գործի վրայ եմ, եւ ուրեմն այդպէս էր նաեւ մեր Ճամբարի գործօն ժամերուն ընթացքին… Հազուադէպ սայթաքումներ եթէ պատահած են, անխուսափելի բան էր, օրուայ ընթացքին թաղումի գացած էի… մէկ անգամ՝ փոքրիկ երեխաներու թաղումը, միւս անգամ ալ՝ շատ ջահել երիտասարդներու յուղարկաւորութիւնը… երբ որ Տէր-Հյրը չէր կրնար մասնակցիլ, քանի որ ննջեցեալը մկրտուած չէր, ես էի որ գոնէ Հայր-Մեր մը կ’աղօթէի շիրիմին վրայ…) :

Երբ որ այդ օրը, այդպէս նստած իր ճաշարանին մէջ, սուրճս կը վայելէի, նուազագոյն չափով հետս խօսեցաւ Լուտվիկի: Ջերմ ու սիրալիր կերպով սուրճս հրամցուց, ապա թողեց որ հանգստանամ, եկեղեցին դիտելով:

Երաժշտութիւնը սակայն փոխեց, եւ… պլուզ դրաւ: Չեմ գիտեր թէ ինչպէս կռահեց որ, ոչ միայն ես այդ տեսակի երգերը շատ կը սիրեմ, այլ նաեւ որ, յատկապէս այդ պահուն, ճիշդ դրա կարիքը ունէի:

Ըմպեցի սուրճս, նորէն ստիպուեցայ պնդել որ բարեհաճի վճարում ընդունիլ – դէհ, բա… մի բաժակ կոֆե է, էլի ՜… ինչա՞եղել -, եւ իջայ՝ Ճամբար:

Մօտ ժամ մը անցաւ, մինչեւ որ անդրադառնամ որ վերոյիշեալ պայուսակս, հետս չէ:

Ճամբարին մէջ, եւ ընդհանրապէս այն Կեդրոնին մէջ – Նարեկացի Արուեստի Միութեան կալուածը – ուր զայն կը բանայինք, գողութիւն չկար: Լաւ… մեզմէ՛ գոնէ, որեւէ մէկը բան չէր գողնար… բայց… լաւ եալլա, անանկ ըսենք անցինք, իւ՛ֆ…

Ուրեմն մէկ բացատրութիւն կար միայն՝ պայուսակս մոռցած էի Լուտվիկին ճաշարանը:

Սուրճ խմելու – եւ երեք Քինկերէն մէկուն երւգերը վայելելու պահին – , պայուսակը կախած էի աթոռին վրայ: Մեկնելու պահուն, մինչ կը վիճաբանէի որ Լուտվիկը ընդունի սուրճին գինը, պայուսակը մոռցած էի ետ վերցնել:

Ուրեմն, ետ բարձրացայ Լուտվիկին մօտ:

Մտայ ճաշարանը, բացատրեցի կացութիւնը…

Խնդրեց որ աւելի մանրամասն կերպով նկարագրեմ թէ ճիշդ ինչ է, որ կորսնցուցած եմ: Կ’ուզէր պարզապէս վստահ ըլլալ որ իմ պայուսակս է, որպէսզի յանկարծ ուրիշին ապրանքը ինծի չյանձնէ: Թէկուզ դժբախտաբար շատ չէին յաճախորդները, սակայն նորէն ալ, օրուայ ընթացքին այդտեղ յաճախ սուրճ մը կամ պիվա մը կը խմէին, անցորդ գործի-մարդիկ:

Երբ որ գոհացաւ տուած նկարագրութեամբս, պահարան մը բացաւ, այդտեղէն հանեց պայուսակս, եւ զայն յանձնեց ինծի:

Ոչ միայն որեւէ բան պակաս չէր, պայուսակիս մէջ, այլ Լուտվիկը անոր զիփփըրը չէր բացած անգամ: Գիտեմ, քանի որ այդ պայուսակին տարիներու մաշումին հետ, աւրուած էր այդ զիփփըրը, եւ մէյ մը որ զայն բանայիր, յատուկ եւ բարդ, անսովոր ձեւ մը կար, որ կարենաս ետ փակել, եւ միայն ես գիտէի այդ:

 * * *

Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ կը բնակէին՝ բնիկ արցախցիներ, հայաստանցիներ, եւ Ադրբեջանէն Արցախ ապաստանած հայեր:

Այդ երկրորդ եւ երրորդ խումբերու հայերը, նիւթէն դուրս են այստեղ: Դա լրիւ ուրիշ նիւթ է, ուրեմն թերեւս ուրիշ առիթով այդ մասին ալ կը պատմեմ, կը վկայեմ:

. Բնիկ արցախիներուն մէջ, վատ մարդիկ կայի՞ն…

oh, yeah… կայի՜ն: Էդ ել ո՛նց…

Աւելի շատ, աւելի մեծ քանակով, ափսոս, քան ինչ որ կը պատկերացնէի սկզբնապէս…  Առաջ որ այդքան ամիսներ ապրած ըլլայինք այդտեղ:

. Յետոյ կային այն բնիկ արցախցիները, որոնք՝ ոչ լաւ էին, ոչ ալ վատ:

Սրանց արցախցի ըլլալը որեւէ յատուկ նշանակութիւն չունէր: Եթէ անոնք ըլլային արաբ, չինացի, ուկանտացի կամ որեւէ այլ ժողովուրդի անդամ, մէկ ա, պիտի ըլլային նոյնը, նոյնպէս, այդպէս:

Այս ալ, շատ զարմանալի բան եղաւ, ինծի համար: Քանզի սկիզբը, հոն երթալէս եւ այդքան ժամանակ անցընելէս առաջ, կը պատկերացնէի որ՝ բոլոր արցախցիները, վատ կամ լաւ, գոնէ՝ բացառիկ աստիճանի ազգասէր, թո՛ւնդ հայեր էին:

. Ապա, կային լաւերը…

Այստեղ արդէն ազգային ազդակը, երկրորդական կը դառնար: Կար այդ, անշուշտ, բայց արդէն դա չէր էականը…

Արդարեւ, այս լաւերու լաւութեան աստիճանը, համաշխարհային, տիեզերական չափանիշներով՝ Մարդկութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը դասուի:

Այս աշխարհին մէջ, մարդկային էակ մը, ադկէ աւելի լաւ չի կրնար ըլլալ:

Եւ երբ որ Աստուած քեզի ընծայէր առանձնաշնորհը՝ այդ տեսակի արցախցիի մը հանդիպելու, հետը ժամանակ անցընելու, ապա՝ Աշխարհի, կեանքի եւ մարդկութեան նկատմամբ, խորապէս կը բարեփոխուէր կարծիքդ:

Նաեւ, երբ որ այդպիսի, լաւ արցախցիին հանդիպէիր, եթէ մինչ այդ քեզ արդէն նեղացուցած, վիրաւորած, յուսախաբած կամ խաբած էին՝ հարիւր հատ վատ արցախցիներ, այդ հարիւր անարժանները արդէն անմիջապէս կը մոռնայիր, քեզի համար գոյութիւն չէին ունենար:

Մէկ լաւ ու բարի արցախցին, այնքան լաւ ու բարի էր, որ շնորհիւ իրեն, կը ներէիր հազար վատերուն այլազան վատութիւնները:

Եւ շնորհիւ այդ տեսակի, մի քանի արցախցիներուն որ, հակառակ… ամէն բանի, դարձեալ ու տեւաբար կը վերադառնայիր Արցախ, Շուշի…

Անշուշտ հասկցաք, թէ ի՞նչ տեսակի արցախցի էր, Լուտվիկը…

Բայց ինք ոչ միայն այդ, արդէն արտասովոր չափերով լաւ արցախցիներուն մաս կը կազմէր, այլ՝ այդ դասակարգին մէջ իսկ, ինք ամենալաւագոյններից էր: Crème de la crème…

 * * *

Հոյակապ տեղ մըն էր, Լուտվիկին բացած այդ ճաշարանը:

Սկզբնապէս դատարկ եւ լրիւ խլխլած գետնայարկ մը, Լուտվիկը, իր ուժերով ու ջանքերով, հարկեր վերցնելով եւ անխոնջ աշխատելով՝ սքանչելի ռեստորանի մը վերածած էր: Իր Տիկնոջ Զարինէի անհրաժեշտ, աննկուն, կատարեալ աջակցութեամբ:

Շուշիի հանրածանօթ եկեղեցիի մայր դարպասին ճիշդ դիմացն էր, փողոցին միւս կողմը: Յարկաբաժիններով այդ բնակութեան, շէնքերուն, կողք կողքի շարուած «պլոքներուն» ներքեւը:

Եւ ուրեմն, երբ որ այդ ճաշարանին ներսն էիր, բոլոր պատուհաններէն՝ այդ եկեղեցին կը տեսնէիր: Ուր որ ալ ըլլար, ինչ ձեւով ալ որ բացուած ըլլար, պատուհանը:  Քանի որ կը տեսնէիր կամ՝ ուղղակի եկեղեցին, կամ ալ անոր ցոլքը՝ ապակիին վրայ: Եւ այսպէս, նստած տեղդ, եկեղեցին՝ թէ՛ ինքնին եկեղեցին, եւ թէ՛ մի քանի անգամ կրկնապատկուած իր ցոլքային պատկերներով, կ’ընկերակցէր քեզի: Որ կողմը որ դէմքդ դարձնէիր այդ ճաշարանին մէջ, եկեղեցին կը տեսնէիր:

Մեծ պաստառ մըն ալ կար, վերեւի անկիւն մը: Երբ որ մարած էր, անոր վրա՛յ ալ կ’երեւնար եկեղեցիին ցոլքը: Իսկ երբ որ միացած էր, միշտ մարդավարի բաներ կը ցուցադրէր:

Կարելի էր նաեւ դուրսը նստիլ: Որոշ ժամերու, եկեղեցիին երկար շուքին մէջ, բառացիօրէն: Մուտքի հրեշտակին աչքին տակը…

Սեղաններն ու աթոռները, փառաւոր էին: Բոլոր գոյները, զարդարումը՝ կոկիկ, ճաշակաւոր: Երաժշտութիւնը – ոչ միայն հայերէն – ՝ միշտ բարձրորակ էր, նուրբ եւ հարազատ: Ամէն բան, միշտ մաքուր:

Իսկ ճաշերը՝ բացառիկ էին: Ի՛նչ որ սիրտդ կ’ուզէ: Ամենաանսովոր ուտելիքը անգամ, եթէ մի քանի ժամ առաջ ապսպրէիր, լաւագոյն որակով կը պատրաստուէր, եւ սեղանիդ վրայ կը հասնէր անմիջապէս, հազիւ որ տեղաւորուէիր:

Լուտվիկն ալ որոշ ճաշեր պատրաստել գիտեր, սակայն բուն, սոսկալի խոհարարը, Զարինէն էր:

* * *

Սակայն այս հոյակապ ճաշարանը, բաւարար յաճախորդներ չունեցաւ:

Մինչ, այնպէս մը չէ՛ որ բազմաթի՜ւ այլ ճաշարաններ կային Շուշիին մէջ… Պարբերաբար, ոչ անպայման միաժամանակ, մի քան հատ կային: Բայց անոնց պէս, այս մէկն ալ ընդհանրապէս ամայի էր:

Լաւ, որ Շուշշի բնակիչները չէին յաճախեր այդտեղ, հասկցանք…

Հասկցանք նաեւ որ Ստեփանակերտի բնակիչները որոշած էին անտեսել Շուշիի գոյութիւնը: Շուշի՞, բա Շուշին ուրա՞… Եւ ուրեմն իրենք, իրենց «մայրաքաղաքին» բազմաթիւ ճաշարանները կը վայելէին:

Բայց, զբօսաշրջիկնե՞րը…

Այդ պարագային ալ, հայաստանցիները լաւ, հասկացանք… դրանք լինէին հայաստանաբնակ, կամ ԼՕՍից ՄՕՍից, չգիտեմ ուրտեղից, անոնց ինչի՞ն էր պէտք արդէն Շուշին…

Բայց մերո՞նք… Հայոց Աւանդական Սփիւռքի այցելունե՞րը…

* * *

Հա բայց, կեցէք… լման ճիշդ չէ, ըսածս…

Կային շատ մը զբօսաշրջիկներ, հայաստանցի կամ սփիւռքահայ, որոնք կը մտնէի՛ն Լուտվիկին ճաշարանը:

Իրենց օթոպիւսէն կ’իջնէին, եկեղեցիին մէջ մի քանի վայրկեան կ’անցընէին, առջեւը մի քանի հատ կը նկարուէին, ապա, այո… ետ օթոպիւս բարձրանալէն առաջ, անոնցմէ շատերը, կը մտնէին՝ այդ ճաշարանը:

Փիփի ընելու համար, միայն:

Կամ ալ լաւ… թերեւս քիչ մը աւելի երկար կը մնային այդտեղ… այնմ պարագային երբ «թիւ 2» պէտք է որ ընէին:

Յետոյ ետ դուրս կ’ելլէին, կը նստէին իրենց օթոպուսը, եւ կ’իջնէին վայելելու Ստեփանակերտի քաֆեները, թերասներն ու ռեսթորանները…

Ոչ իսկ մէկ բաժակ սուրճ, յիւթ մը, սոք մը, չէին ապսպրէր այդտեղ: Ուր կրնային մինչդեռ պահ մը նստիլ, ումպ մը խմել եւ պատառ մը ուտել, եկեղեցին դիտելով: Բայց, ինչո՞ւ համար… յետոյ պիտի դիտէին իրենց առած նկարները, չէ՞… խի՞ ժամանակ վատնել, այդտեղ…

Իսկ ամէն պարագայի, դեռ շատ անգամներ պիտի այցելէին Շուշին չէ՞…

Ուրեմն՝ ուրիշ անգամ…

Յաջորդ այցելութիւններուն, աւելի երկար պիտի մնային Շուշի, խօ՛սք: Անպայման:

* * *

Ի դէպ, Լուտվիկը, յատուկ ուշադրութեամբ, անդադար կը մաքրէր, մաքուր կը պահէր իր ճաշարանին այդ զուգարանը: Զորս այդպէս կը գործածէին որոշ – շա՜տ աճապարուած – անցորդները, որոնք մէկ դրամ իսկ չէին ծախսեր իր հաստատութեան մէջ:

Օր մը երբ որ զարմանքս յայտնեցի իրեն, այդ ուղղութեամբ, խոշոր պեխերուն տակէն ժպտեցաւ միայն: Իրեն համար այդ զբօսաշրջիկները կապ չունէին յաճախորդութեան հետ: Իր տունն է որ կը մտնէին, եւ պիտի որ իր տան մէջ, ամէն բան միշտ մաքուր ըլլար:

Ինչպէս որ մաքուր էր իր սիրտը, մաքուր էին իր միտքն ու հոգին:

 * * *

Սովորական զբօսաշրջիկներէն զատ, կային նաեւ՝ Շուշիի մէջ նշանտուք, հարսանիք-մարսանիք կատարող, դրսեցի հայ այցելուներ – սփիւռքահայ կամ հայաստանցի – :

Արարողութիւնը կը կատարէին նոյն, հանրածանօթ եկեղեցիին մէջ (միւսին գոյութենէն իսկ տեղեակ չէին) :

«Լաւ կապեր» կամ պարզապէս լաւ դրամ ունեցողները, այդ՝ ֆօթօժենիք արքեպիսկոպոսն ալ կը բերէին, հետն ալ լիքը կը նկարուէին:

Յետոյ, խրախճանքին համար՝ կ’իջնէին Ստեփանակերտ: Մինչդեռ հնարաւոր էր հեշտօրէն Շուշիի մէջ կատարել այդ հաֆլէն, այլազան տեղեր, ներառեալ Լուտվիկի ճաշարանը:

Բայց ասոնց մէջ մանաւանդ մանաւանդ հարսանեկան այցելուները, այդ ճաշարանին պէտքարանը իսկ չէին մտներ: Ոչ իսկ, այդքանը:

Քանի որ շատ վախֆախալը բաներ հագուած էին, շատ ժամանակ պիտի առներ գործողութիւնը, տեղն ալ շատ լայն չէր… Ուրեմն նախընտրելի էր որ իրենց Ստեփանակերտի խնճոյքը սրահին վերապահէին նաեւ այդ մեծ պատիւը…

* * *

Ինչպիսի պահե՜ր ապրած ենք, այդ ճաշարանին մէջ:

Ճամբարի պատանի օժանդակներով, շատ յաճախ կ’երթայինք այդտեղ, շաբաթ օրերը:

Նոնային մկրտութենէն ետք, այդտեղ հաւաքուեցանք:

Բեկոր Աշոտի կրտսեր որդին, Բեկորը, երբ որ զինուորական իր ուխտը տուաւ Շուշիի զօրագունդին մէջ, իր ու իր ընտանիքին հետ անգին պահ մը անցուցինք այդ ճաշարանին մէջ: 

Եւայլն., եւայլն.

 * * *

Լուտվիկը, վարկերու տակ ընկճուած, վերջիվերջոյ ստիպուեցաւ փակել իր այդ ճաշարանը: Կորսնցնելով ամէն ինչ, որ ներդրած էր անոր մէջ: Եւ խօսքը միայն փողի մասին չէ, անշուշտ… Յոյսեր, ժամանակ, աշխատանք, արժանապատւութիւն…

Բայց ինք դարձեա՛լ մնաց ժպտուն, խնդումերես, միշտ կայտառ եւ աշխոյժ: Զարինէն՝ իր թիկունքին, նորէն «նետուեցաւ», անմիջապէս ձեռնարկեց ուրիշ գործերու, նոյնպէս Շուշիի մէջ:

Ժպիտը կորսնցուց միայն, 2020ի աշնան:  Վերջնականապէս…

                                                                                շարունակելի

Հայդուկ Շամլեան

12 Հոկտեմբեր 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք