Ներկայ ընթացքով, Քովիտ-19ի համաշխարհային համաճարակի 4րդ ալիքը, լայնատարած ջարդի պիտի վերածուի Հայաստանի մէջ:
Հիւանդացողներուն եւ մեռնողներուն պաշտօնապէս յայտարարուած թիւերը – նոյնիսկ նկատի առնելով որ դրանք հաւանաբար նուազ են, քան իրականութիւնը… -, արդէն իսկ շշմեցուցիչ են:
Աշունը որ առաջանայ, ձմեռը որ հասնի, կարգին կոտորած տեղի պիտի ունենայ: Ճանճերու պէս պիտի սկսին թափուիլ, այդ երկրին բնակիչները:
Թէկուզ կառավարութիւնը, որուն թափանցիկութեան, հաշուետւութեան եւ ճշմարտախօսութեան չափանիշները տեւական անկումի մէջ են – մինչ նրա անատակութեան մակարդակը գնում է միւս ուղղութեամբ -, շարունակէ չյայտնել – կամ նոյնիսկ չկարողանայ մարդավարի կերպով հաւաքել – ճշգրիտ ու իսկական թիւերը՝ այդ պատճառող այս աշխարհէն գնացողներուն:
* * *
Այս նիւթին վերաբերող 01.10.2021ի իր յօդուածին մէջ, «Առավոտ» թերթի Խմբագիրը լաւ կերպով ամփոփում է կացութիւնը, այժմու ընթացիկ հանգրուանին, հետեւեալ հակիրճ – եւ անվիճելի – բանաձեւումով ՝ « Ելքը շարունակում է մնալ հնարավորինս շուտ պատվաստվելը՝ կամավոր, գիտակցաբար: Չնայած դա բոլորին հայտնի է, բայց ուզում եմ եւս մեկ անգամ հիշեցնել, որ պատվաստում ստանալը չի ապահովագրում վարակվելուց, բայց էապես, մի քանի անգամ նվազեցնում է թե՛ վարակվելու, եւ թե՛ հիվանդության բարդ ընթացքի ռիսկը: »
* * *
Վերոգրեալ հաստատումը այլեւս կարիքը չունի մասնագիատական, տեսական հաւաստիացումների:
Քանի որ դա արդէն, իրողութիւն է: Փաստացի տուեալ: Զորս ոեւէ մէկը կարող է հեշտօրէն հասկանալ:
Որեւէ օր՝ . քանի՞ հոգիի կայ, վարակուած անոնց մէջ ի՞նչ է համեմատութիւնը, պատուաստ չստացողներին . քանի՞ հոգիի կայ, վարակուած, ախտանշաններով անոնց մէջ ի՞նչ է համեմատութիւնը, պատուաստ չստացողներին . քանի հոգի կայ, վարակուած, ախտանշաններով, եւ հիւանդանոց հասած անոնց մէջ ի՞նչ է համեմատութիւնը պատուաստ չստացողներին . քանի՞ հոգիի կայ, վարակուած, խատնշաններով հիւանդանոց հասած, եւ մեռած անոնց մէջ ի՞նչ է համեմատութիւնը, պատուաստ չստացողներին
Մնացեալը, տարրական թուաբանութիւն է: Կարելի է պարզապէս դպրոցականի մը ասել, որ հաշիւը կատարէ:
Վերոնշեալ տուեալները, կանոնաւոր կերպով, հրապարակւում են աշխարհի տարածքին բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Չեմ գիտեր սակայն եթէ այդպէս է, Հայաստանում, չեմ հանդիպած այդ տեղեկութեան, այդ կերպով ներկայացուած:
Ամէն դէպքում, այդ երկիրն մէջ, բացի սկիզբի մի քանի ամիսները, այս նիւթով կառավարութեան հրապարակած թիւերը վստահելի չեն: Այսինքն, դրանք իրականութիւնից կը հեռանան ու կը մօտենան, ըստ ով-գիտէ-ինչ հաշիւների… Կամ ալ պարզապէս, որպէս անատակութեան արդիւնք:
Խօսում ենք երկիր մը մասին ուր, պատերազմէն տարի մը անց, տակաւին չէ յայտնուած իսկ ճշգրիտ թիւը՝ գերիներին: Ոչ ալ ամբողջացած է ռազմադաշտում նահատակուողները ամբողջական ու վերջնական թուաքանակը:
Բայց անշուշտ դաւադրական տեսութիւններու հետեւորդները, որեւէ դէպքում եւ որեւէ երկրի պարագային, յայտուած թիւերուն չեն հաւատար…
Ուրեմն, իրենց համար, վերեւ ներկայացուած թուաբանական պարզաբանումը անօգուտ է:
Կամ էլ… չէ… անօգուտ չէ: Այլ, այդ ալ մաս կը կազմէ՝ դաւադրութեան… Յաւելալ փա՛ստ մըն է, Դաւադրութեան:
Որու ուրեմն գործիքն ու մասնակիցը, մեղսակիցն է նաեւ՝ ստորագրեալը…
* * *
Թէ որ Հայաստանէն զատ այլ երկիրների մէջ ալ կայ, հակա-պատուաստ շարժումը, այո: Եւ ոչ անպայման դաւադրապաշտութեան պատճառով: Այլ յաճախ, նաեւ որպէս գաղափարաբանական տարօրինակ ծայրայեղութեան մը ցաւալի արտայայտութիւնը: Իսկ երբեմն ալ շատ պարզապէս, խորքին մէջ՝ վախկոտութեան պատճառով…
Սակայն չկան այդքան ալ շատ, այլ երկիրներ, ուր ամենասկիզբը իսկ, պետութեան պետը ծաղրեց, թէ՝ «ո՞ւմ շունն է կորոնավիրուսը»: Եւ թէ «արաղով եւ պինցետով» կարելի է զայն ախտահանել [ պինցենտը՝ «pincette»ն է, հայաստաներէն զիմպապուէյի բարբառով ] : (voilà : https://www.youtube.com/watch?v=yHlAGTYyC1sթ ; https://m.facebook.com/watch/?ref=external&v=2664970260418140 )
Այդ – բնորոշ – կեցուածքն ու խօսքերը վստահաբար չօգնեցին, որ դաւադրապաշտութեան հակում ունեցողները յետագային հաւատալի համարեն նոյն կառավարութեան զիլ եւ խուճապագին ահազանգները:
* * *
Covid-19 քորոնաժահրին եւ/կամ դրա դէմ պատուաստին չհաւատացող անձի մը հետ վիճաբանիլը , համազօր է տարրական բանականութիւն ներշնչել փորձելու՝ մոլեռանդ փաշինյանիսթի մը:
Այսինք, զուտ ժամանակի կորուստ է: Եւ ուղեղը գործածող կողմին համար՝ բացառապէս frustrationի, exasperationի, անզօր ցասումի աղբիւր, ուրիշ ոչինչ: [հա, ֆրանսերէն բառերը որոնց հայերէնը չկայ – ճիշդ նոյնը չէ -, ֆրանսերէն կը մնան ու այդպէս կը գործածուին. եւ ոչ թէ, հայատաներէնի հնարքներով, կը դառնան յանկարծ՝ «ֆռուստրացիա», «էքսասփերացիօն», կամ չգիտեմ ինչ… ]
Ժահրին եւ պատուաստին առնչութեամբ, ան որ վիրաւորական կը գտնէ վերեւ ըսածս (իսկ եթէ նա միաժամանակ հակափաշինյանան է, ապա՝ կրկնակի վիրաւորանք), թող բարեհաճի նկատի ունենալ որ իր կեցուածքն ալ ուղղակի նշանակում է թէ՝ ես, կատարեալ ապուշ մըն եմ, որ սուտ բաներու հաւատալով, ոչ միայն ես իմ մէջս սրսկել տուած եմ սոսկալի թոյն մը – երկու անգամ – , այլ նաեւ՝ զաւակներս մղած եմ, ենթարկած եմ այդ վնասակար, ահաւոր սրսկումին – կրկնակի կերպով – : Մերսի:
* * *
Գործնական գետնի վրայ սակայն, հիմնական ու անմիջական խնդիրներէն մէկը այն է, որ Հայաստանում նոյնիսկ պատուաստուիլ ուզող քաղաքացին, չի ստանում համեմատաբար՝ լաւագոյն, ամենաորակաւոր, ամենաապահով եւ ամենաազդու պատուաստներից որեւէ մէկը:
Գոնէ այս խնդիրը թող լուծէ, սա կառավարութիւնը:
Օրինակի համար, Պարոն Աֆէյեանը միլիառատէր դարձաւ, շնորհիւ Moderna պատուաստին:
Հալալ է: Անուշ լինի, բարի վայելում: Դեռ աւելի՛ դրամ թող շահի:
Նա կապ ունեցաւ՝ համայն Մարդկութեան համար փրկարար այս գիւտին հետ, հետեւաբար, ինչքան որ ալ շահ, գնահատանք եւ փառք ստանայ այդ պատճառով, բաւարար չէ, դեռ աւելիին արժանի է:
Սակայն հիմա, փոխանակ «Ապագայ Հայ»ի մասին անիմաստ, անկապ բաներ քարոզելու, նա չի՞ կրնար գոնէ՝ հարիւր, երկու հարիւր հազար սրսկաչափ, այդ պատուաստից՝ նուէր տալ Հայաստանին: Այս բառացիօրէն կենսատու նուիրատւութեան համար, դիմելով նաեւ այլ, դրսեցի հայ մեծահարուստների – սկսեալ սոյն «Ապագայ Հայը» հնարել, արարել ուզող այդ հանրածանօթ ռուսահայէն – :
Եկէք հէլէ հայերը մարմնապէս ողջ պահեցէք, յետոյ խօսեցէք նրանց ապագայի մասին:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
01 Հոկտեմբեր 2021

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...