Շուշիի այդ նշանաւոր, հանրածանօթ եկեղեցին գիտէք, չէ՞:
Վստա՛հաբար գիտէք:
Ո՜չ, ոչ այդ բլուրին վերինը, « Սուրբ-Յովհաննու Մկրտիչ»ը: Չէ: Անոր խօսքը, արդէն չ’ըլլար:
Միւսը, միւսը…
Այն մէկը, որ՝ խորհրդանշական է: Առասպելական:
Ամենայն Հայոց Ամենասուրբ Եկեղեցին:
Շուշիի այն եկեղեցին, որուն սիրուն ու աննման պատկերը, աշխարհի տարածքին թերեւս մի քանի միլիոն հայեր կախած են՝ իրենց հիւրասենեակի պատին վրայ:
Որուն – այժմ որքան ցաւագին, սրտաճմլիկ – պատկերը, հայկական բոլոր օրացոյցներուն մէջ են:
Շուշիի այն եկեղեցին, որուն… լաւ… կարծեմ թէ հասկցաք, որմէկը:
«Սուրբ Ամենափրկիչ»ը, հա:
Ինչ ահաւոր բան էր, չէ՞, երբ որ վերջին պատերազմին, թուրքերուն հրթիռը խփեց՝ մեր այդ եկեղեցիին…
Հապա, երբ որ… երբ որ… հա, Շուշիի յանձնումի շեմին, մէկը, այդ եկեղեցւոյ փլատակներուն մէջ՝ խոշոր ջութակով, սոսկալի բան մը նուագեց: Որպէս Համայն Հայութեան կողմէ հրաժեշտը՝ մեր անգին Շուշիին:
Որքան հեծկլտացինք, արցունքներ թափեցինք, դիտելով այդ անասելի պահին տեսանիւթը… լսելով այդ երաժշտութիւնը… Շուշիի մեր այդ խորտակուած եկեղեցւոյ մէջ… զորս շուտով արդէն, պիտի վերադառնար բարբարոսներուն ձեռքը…
Լաւ: Եկէք, երկու բան միայն պատմեմ ձեզի: Ի միջի այլ եւ բազմաթիւ, նոյն իմաստով, ուղղակի վկայութիւններու…
* * *
Երկար ժամանակ, Շուշիի այդ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ՝ լոյսեր չկային:
Գիշերը, կ’անհետանար այդ եկեղեցին:
Խաւարները զայն կուլ կու տային:
Հասանք վերջապէս տարի մը, երբ, լույսեր տեղաւորեցին այդ եկեղեցւոյ գմբէթին շուրջը:
Այնուհետեւ, գիշերուան մէջ, սուրբ տեսիլքի մը նման՝ կը շողար այդ եկեղեցին: Խաւարներուն կը յաղթէր, մութը կը փարատէր:
Երկնային Օրհնութիւն էր, լուսաւոր աղօթք էր, հոգեկան փարոս մըն էր՝ Շուշիի յատկապէս թանձր ու ծանր գիշերներուն մէջ:
Անկէ 2-3 տարի ետք, այդ լոյսերուն սկսան, աստիճանաբար՝ այրիլ:
Ու մէյ մըն ալ, բնաւ ու երբեք, չնորոգուեցան:
Եւ եկեղեցին, Շուշիի այդ խորհրդանշական եկեղեցին, հետզհետէ, սկսաւ դարձեալ ընկղմիլ՝ խաւարներուն մէջ:
Մինչեւ Շուշիի յանձնումը, թերեւս հազիւ մէկ հատ լոյս մը մնացած էր դեռ, այդ եկեղեցիին վրայ:
* * *
Օր մըն ալ, մի քանի տարիներ առաջ, այդ եկեղեցւոյ orgue-ը, նուագարանը, աւրուեցաւ:
Մէջը՝ մաշած կտոր մը կար, զորս պէտք է փոխուէր, փոխարինուէր նորով մը: Թէ ոչ, նուագարանը անգործածելի էր:
Տարեվերջ էր: Դեկտեմբեր 2017ի առաջին շաբաթը:
Այդ նուագարանը պիտի ընկերակցէր՝ մօտակայ Կաղանդի, Ծնունդի շարականներուն:
Շուշիի մէջ:
Շուշիի Այն եկեղեցիին մէջ, որուն նկարը ամէն կողմ է, Հայոց Աշխարհում: Աւելի քան երբեք, մանաւանդ՝ հիմա: Համացանցի վրայ:
Պզտլիկ կտոր մըն էր, պէտք եղածը: Ոեւէ մէկդ, ձեր գրպանի բջջային հեռաձայնին մէջը որ նայիք, անով մէջ վստահաբար պահուած՝ այդ եկեղեցւոյ նկարին, այդտեղ երեւցող պատկերի չափէն աւելի փոքր, թեթեւ կտոր մը: «Divider key S-10430» :
Առանց որուն սակայն, Շուշիի այդ եկեղեցիին նուագարանը, Ծնունդի օրը, լուռ պիտի մնար:
Մէկը չկար, ոչ մէկ «պետական» գործիչ, ոչ մէկ կղերական վարիչ, ոչ մէկ հանրային միութիւն, որ նուագարանի այդ անհրաժեշտ կտորը հայթայթէր, այդ եկեղեցիին:
Զուտ անձնական հաղորդակցութեամբ, սեփական ուղիներով, Քանատայէն գնեցինք, ուղարկեցինք:
Դեռ այդ ալ՝ Քանատայէն-Երեւան, եւ Երեւանէն-Շուշի հասցնելու համար այդ փոքրիկ կտորը, որպէսզի Կաղանդին, Շուշիի այդ եկեղեցիին գործիքը, կարենայ նուագել աղօթքներուն հետ, աւելորդ ժամանակ, երկար համբերութիւն, եւ յատուկ ջանքեր հարկաւոր եղան:
* * *
Ի դէպ, Շուշիի երեք մզկիթներէն մէկը, այս վերաբերմունքին արժանացաւ: Այս մզկիթը…
Մինչ Շուշիին վերոյիշեալ եկեղեցւով գմբէթին լոյսը, ինչպէս նաեւ հոգեւորական նուագարանին կտորը, նորոգող չկար:
* * *
Այս ուղիղ վկայութիւններու լոյսին տակ – որ դեռ նմոյշ մըն է միայն, այս էական խնդրին առնչութեամբ -, ջանացէք հասկնալ թէ ինչու, եւ ինչպէս, հասանք այժմու վիճակին:
Ոհ, եւ նաեւ, խնդրանք մը: Ոչ ինծի համար, այլ առ ի յարգանք՝ Արցախ մնացած – մահացած եւ ողջ – արցախցիներին:
Այսուհետեւ, ըստ այնմ յուզուեցէք, հաճիք՝ երբ որ կը նայիք Շուշիի այդ եկեղեցւոյ պատկերին:
* * *
Կաղանդը եւ Սուրբ Ծնունդը, պաշարուած վիճակի մէջ տօնեցին Արցախ մնացած հայերը:
Արգիլուած չէ աղօթելը, որ յառաջիկայ Զատիկին գոնէ, վերջացած ըլլայ իրենց ընթացիկ, յաւելեալ տառապանքը:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
01 Ապրիլ 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…