– Այստեղէն, այսօր, ցուցարար երիտասարդներ անցա՞ն։
– Այո՛, այո՛, անցան… Այս առտու կանուխ ժամը ութին անցան… դէպի այս կողմը գացին, կը պատասխանէ 148-Արեւմուտք ճամբուն եզերքի այս փոքրիկ ճաշարանին քանատացի տէրը, խանդավառ եւ աչքերը լայն-լայն բացած, տակաւին յստակօրէն տպաւորուած՝ ժամեր առաջ իր տեսած արտասովոր տեսարանով։ Միւս բնիկ պաշտօնեաները եւս կ’ընկերակցին իրենց գործատիրոջ, եւ բոլորն ալ թեւի շարժումներով ցոյց կու տան ցուցարարներուն հետեւած ուղղութիւնը, կարծէք բոլորն ալ հպարտ՝ այդպիսի դէպքի մը ականատես ըլլալով, բոլորն ալ նախանձախնդիր՝ անպայման յայտնելու որ տեսան, այո, տեսան, իրենք ալ տեսան ցուցարար երիտասարդներու այդ խումբը, որ դէպի արեւմուտք կ’երթար։
Կը վերադառնամ ինքնաշարժ, տեղեկութիւնը կը փոխանցեմ ուղեկիցներուս, եւ հապճեպով կը շարունակենք հետապնդել երկու օր առաջ Մոնթրէալէն ճամբայ ելած մեր երիտասարդները։
Մոնթրէալ-Օթթաուա քայլարշաւ, Մեծ Եղեռնի 80-ամեակի առիթով, կազմակերպուած եւ գործադրուած քանատահայ երիտասարդութեան կողմէ [Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.], մասնակցութեամբ՝ Մոնթրէալէն եւ Թորոնթոյէն երիտասարդներու։ Գոնէ երկու հարիւր քիլոմեթր ճամբայ մը, մօտ 80 հոգիներէ բաղկացած այս արտակարգ փաղանգին համար, քովնտի ճամբաներու վրայ, ցրուած ու փոքր գիւղերու ընդմէջէն, ուր հայութեան գոյութիւնը իսկ անծանօթ է շատ մը բնակիչներու համար, դեռ չխօսելու համար Մեծ Եղեռնի մասին…
Ո՞ւր կ’երթան մեր երիտասարդները:
Տակաւին ժամ մը պէտք է որ սրընթաց քշենք, մինչեւ որ վերջապէս կը հասնինք ցուցարարներու խմբակին:
Տեսարանը իսկապէս անսովոր է։ Իրենք են, մեր երիտասարդները, տղաք ու աղջիկներ, այս կիրակի օրուան պայծառ բայց ցուրտ իրիկնամուտին, այս կորսուած ճամբուն վրայ, դրօշակներն ու պաստառները շալկած, սեւ տարազներ հագուած, որոնց վրայ կը կարդացուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը։ Առջեւէն, կազմակերպիչներու ինքնաշարժը, դարձող նարնջագոյն լոյս մը տանիքին վրայ։ Ետեւէն, նոյնպէս, աւելի մեծ կէս-բեռնատար ինքնաշարժ մը, վրան երկու բարձրախօսներ: Կարինէն կ’երգէ, «հայ երգերով է լեցուն, իմ հոգին»։ Ամենէն ետեւէն ոստիկանական ինքնաշարժ մը կը հետեւի, շրջադարձող լոյսերը վառած։ Աւելի ուշ, պիտի նկատենք նաեւ մեծ զբօսանքի ինքնաշարժ մը, «շարժուն տուն» տեսակի, որ պարբերաբար կ’ընկերակցի խմբակին, երէց ու վարժ վարիչի մը [Կ.Մ.] զուսպ, փորձառու եւ ամբողջական հսկողութիւնը ապահովելով ընդհանուր գործողութեան:
Խմբակին կը մօտենանք ինքնաշարժով, կը դանդաղինք, պատուհանները կ’իջեցնենք ու թերեւս քիչ մը դողդղացող ձայնով մի քանի քաջալերական խօսքեր կ’ուղենք իրենց։ Պատասխանը անմիջապէս կու գայ, կը թնդայ, յաղթական կանչերու, գոչիւններու ձեւին տակ։ Իրենք է որ մեզ կը խրախուսեն, մեր յուզումը կը փարատեն։
Կ’անցնինք, աւելի առջեւ ինքնաշարժը կը շարենք եւ կը սպասենք իրենց։ Բլուրի մը կողքին կ’անցնի այդտեղ ճամբան։ Շուքերը սկսած են երկարիլ, մութը հեռու չէ, եւ օդը աւելի պաղած է։ Ցանցառ տուներ, երկու ուղղութեամբ սուրացող անտարբեր ինքնաշարժներ, պատահական թռչուն մը մօտակայ ծառերուն վրայ… Կանուխ գարնան շաբաթավերջի սովորական աւարտում մը, 148-Արեւմուտք ճամբուն վրայ։
Այդպէս, մինչեւ որ արդէն ճամբուն ծայրը նորէն երեւնան մեր երիտասարդները։ Անոնք կը քալեն, կարծէք տասը վայրկեան առաջ սկսած է միայն, մինչդեռ շուտով երեք օրուան իրենց արշաւը։ Գլուխները բարձր, քայլերը հաստատ ու խրոխտ, ընդհանուր ընթացքը կանոնաւոր եւ տոկուն, դէմքերն ու նայուածքները հանդարտ ու վճռակամ, 80 հոգինոց բանակ մըն է, զօրագունդ մըն է որ կ’անցնի այդտեղէն, կը տողանցէ այդտեղ, կարծէք առասպելական կռիւի մը կ’երթայ, բացառիկ ճակատումի մը կ’երթայ որ արդէն յաղթած է առաջուընէ, ի սկզբանէ, որ կրնայ միայն յաղթել, եւ կը հեգնէ արդէն զայն հիմա որպէս անցած միջադէպ, հին ձեռքբերում, անմիջապէս դիմագրաւելով արդէն յաջորդը, եւ անոր յաջորդը, նորը, միշտ նորը, իր անընկճելի ու անսասան ընթացքին վրայ։
Ո՞ւր կ’երթան այսպէս, մեր երիտասարդները։
Պահ մը միացանք իրենց, խառնուեցանք իրենց, քալեցինք իրենց հետ։ Լսեցինք կատակները, կէս-ձեւական «կռնակս վերջացաւ» կամ «ոտքերս չեմ զգար կոր»ները։ Խնդացինք իրենց հետ, խօսակցեցանք իրենց հետ, ուժ առինք իրենցմէ։ Տրամադրութիւնները բարձր են, կորովը անխաատ, կամքն ու վճռակամութիւնը՝ աւելի հաստատ քան երբեք։ Հոգ չէ թէ բոլորին ոտքերը իսկական վէրքի վերածուած են, դէմքերը այրած են եւ գլուխները արեւահար, աչքերը՝ արեան գոյն, մկանները՝ կծկուած, թէ երկու օր է, ոչ բաւարար կերած են, ոչ բաւարար քնացած, ոչ բաւարար լուացուած. թէ երկու օրուան մէջ, անասելի հոլովոյթով մը, սովորական անձի վիճակէն անցած են տիպարի, խորհրդանիշի, հերոսի մակարդակի։ Իրենք գիտակից չեն իրենց կացութեան բացառիկ տարողութեան։ Ոչ մէկ յաւակնութիւն, ոչ մէկ ինքնահաճ տրամադրութիւն կայ իրենց կեցուածքին մէջ։ Եւ այդտեղ է խորքին մէջ իրենց առաքինութիւնը, իրենց հարազատ ազնուականութիւնը։ Այս սերունդին համար ամէն բան պարզ է։ Ասոնց բնազդային խելացութիւնը, յստակատեսութիւնը աննախընթաց են, անմրցելի, անխորտակելի։
Իրիկուան հասան հանգստավայր։ Սպառած բայց աչալուրջ, բոլորը կանոնաւոր ու անթերի կարգով տեղաւորուեցան, առանց ոչ մէկ աւելորդ խօսքի, առանց ոչ մէկ անպատշաճութեան, ինքնաբուխ ու կատարեալ կարգապահութեամբ։ Իւրաքանչիւրը իր գորգը վերցուց, իր անկիւնը գտաւ, նստաւ, կօշիկները հանեց, սկսաւ խնամել իր վէրքերը։ Ճաշի պատասխանատուները անցան իրենց գործին։
Եւ արդէն խնդուքներն ու կատակները, ընկերային բացականչութիւնները կը սկսին ժայթքիլ հոս եւ հոն։ Եղանակներ կը լսուին։ Թմբուկ մը իր հանդարտ ու անվարան կշռոյթին կը ձեռնարկէ։ Մի քանի հոգի, ուս-ուսի, քիչ մը կը պարեն։ Հանգիստի եւ զուարճութեան պահն է։ Խումբին ընկերակցող միակ տարիքոտ հայրենակիցը, որ հայրական գուրգուրանքով սկիզբէն ի վեր կ’օգնէ երիտասարդներուն, անկիւն մը քաշուած է, չխանգարելու համար… Վաղը արշաւը վերջ կը գտնէ, Օթթաուայի Խորհրդարանային բլուրին վրայ։
Ո՞ւր կ’երթան այսպէս, մեր երիտասարդները։
Դէպի փրկութիւն, դէպի ճառագայթող ապագայ, դէպի յաղթական ու փառապանծ ճակատագիր կ’երթան մեր երիտասարդները։ Դէպի արեւմուտք այս քայլարշաւը ծայրագոյն գրաւ մըն է, մարտահրաւէր մըն է, արե՛ւը իսկ յեղաշրջելու, որպէսզի ան ոչ թէ ննջէ, այլ ծագի այդտեղ, մեր անզուգական երիտասարդներուն առջեւ, անոնց հաստատ ոտքերուն տակ, ա՛յն ուղղութեամբ որ իրենք ուզեն, այն կողմը որ իրենք որոշեն եւ վճռեն։
Այն պահուն երբ իրենց տարեկիցներու մեծամասնութիւնը, մոլորած ու անղեկ, կոտրուած, լքուած ու ինքզինք լքած, կը յանձնուի մակերեսային հաճոյքներու, ընդունուած զեխութեանց, այլազան մոլութիւններու, նիւթապաշտ պատրանքներու եւ անցաւոր, կեղծ ու սին արժէքներու, այս երիտասարդները, որպէս ապառաժեայ կորիզը իրենց վտանգուած սերունդին, որպէս ոչ միայն ջահակիրներ այլ ջահե՛րը իսկ մեր հաւաքական հաւատքին եւ յոյսերուն, ներքնապէս բռնկած, բոցավառ, մշտակէզ՝ այն սրբազան կրակով որուն հետ գրկախառնուելու առանձնաշնորհը կը պատկանի միայն վեհագոյն էակներու, այս երիտասարդները, մեր երիտասարդները, 148-Արեւմուտք քովնտի ճամբուն վրայ՝ կ’երթան արեւներ ցանելու, արեւներ հնձելու, արեւներ ցնցելու, եւ այդ ճամբուն վրայ անոնք մե՛ր ճամբան է որ կը բանան, մե՛ր ճամբան է որ ցոյց կու տան, ու անվախօրէն մեզ կ’առաջնորդեն արդէն դէպի անխուսափելի յաղթանակներ, դէպի ապահով նուաճումը մեր իսկ վախերուն եւ կասկածներուն, դէպի գերագոյն իրագործումը մեր էական ձգտումներուն։
Մեր երիտասարդները կը քալեն ազատութեան ճամբուն վրայ, եւ իրե՛նք կ’ազատագրեն զայն, այդ իսկ ճամբան, իրենց ի ծնէ վեհանձնութեամբ եւ վճռակամութեամբ, իրենց անվեհեր ընթացքով եւ աննուաճ կամքով, իրենց անշեղ քայլերով եւ յանդգնութեամբ։ Որպէս անվիճելի երաշխիքն ու փաստը՝ մեր մնալուն բարեշրջումին ու յաջողութեան, որպէս անմար խոստումը մեր յաւերժական ու գործօն, կառուցողական գոյատեւման՝
Մեր երիտասարդները, 148-Արեւմուտք այս ճամբուն վրայ, հանդարտօրէն կ’երթան հորիզոնը գրաւելու, երկինքը գրկելու, եւ Արեւը արթնցնելու։
Ապրիլ 24, 1995, Եղեռնի 80-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած Մոնթրէալ-Օթթաուա քայլարշաւը վերջ գտաւ, Գանատայի Խորհրդարանին առջեւ։ Երիտասարդներու փաղանգը հասաւ ու միացաւ այդտեղ հաւաքուած ժողովուրդին, անոր հետ մասնակցելու համար ընդհանուր ցոյցին։ Ծափահարութիւններ եղան։ Օդը արեւոտ էր։ Այդտեղ, վերը, միլիոնաւոր նահատակներու հառաչանքը՝ տարբեր կը հնչէր այդ օր:
Մեր երիտասարդները գիտեն, թէ ուր կ’երթան։
Հայդուկ Շամլեան
Ապրիլ 1995
