Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

«Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ…

... Երեւա՛ն տեսնել կ'ո՜ւ-ուզեմ 
Արա՜րատին-ը գագաթըըը
Եռագոյն տնկե՛լ կ'ուզեմ, հէ՛յ
հօփահօփանինանայ նինանայ նայ, նինանայ նա՜այ,
նինանա՛յ եավրում նի՛նանայ նայ...

Վերնագիրը եւ առաջին պարբերութիւնը՝ անհեթեթ երգի մը բառերն են: Զայն շատ կ’երգէինք, առաջ… հարազատ ուրախութեամբ, խանդավառութեամբ……

Կայ սակայն ուրիշ, հանճարեղ երգ մը, որուն մէջ կան հետեւեալ բառերը՝ «քեֆի մէջ են առնէտները»…

Այդ բառերուն նշանակութիւնը կրնայ ըլլալ հետեւեալը՝

. ըստ հանրածանօթ ասացուածքին, երբ որ նաւ մը վերջնականապէս խորտակուած է, առաջ իսկ որ սկսի ընկղմիլ, անոր մառանին մէջ գտնուող առնէտները (ճարտօնները), ամենաառաջինը կը սկսին փախչիլ այդ աւերուած, ծակծկած, վերջացած նաւէն:

. սակայն ուրեմն, կան՝ իւրայատուկ տեսակի առնէտներ, որոնք այնքան յիմար, անխելք են (դեբիլ կ’ըսեն, այդտեղ, իրենց մաքուր հայերէնով), որ մինչ նաւը կը խորտակուի, եւ շուտով իրենք – առաջինները, քանզի նաւին յատակն են – պիտի ընկղմին, կոտրտուին եւ խեղդուին անոր փտած տախտակներուն հետ, այդ – արտակարգ աստիճանի դեբիլ – առնէտները, նաւուն մէջ կը հաւաքուին եւ կը սկսին … քեֆ կ’ընել:

* * *

Ամառնային արձակուրդի եղանակն է:

Հայաստանցիները, զուարճանքի արձակուրդը կը կոչեն՝ հանգիստ: Հապա: (Տարուան մնացեալ ժամանակը այնքան լա՜ւ, այդքան ժրաջան ու քրտնաթոր կերպով կ’աշխատին, կը ճգնին ու կ’արտադրեն, որ շա՛տ կը յոգնին, եւ ուրեմն՝ երկու ամիս ալ, դեռ պէտք է որ կարգին «հանգիստի գնան», չէ՞…

Ինչեւէ… )

Հիմա ուրեմն, որոշ զանգուած մը, կենդանի աղբի պէս թափած է՝ բառացիօրէն աղբանոց դարձած, խեղճ Սեւանայ լիճին եզերքները: Խորոված-մորոված… կերուխում… չափազանց գոյնզգոյն լողազգեստներ եւ ջրային զուարճանքի բաներ… ռապիզ…

Փաշինյանը, ասիկա տեսնելով, խոր հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը յայտնէ թէ՝ տեսէ՛ք, որքան շատ հայաստանցիներ Սեւանի շուրջն են, վաբշե մտահոգ չեն, ուրախ են, կը հանգստանան ու կը վայելեն: Ուրեմն ամէն բան լաւ է՜, «ապագա կա՛», մտիկ մի՛ ընէք երկրին ճակատագրով մտահոգուած այդ մի քանի ապուշ հայերուն, եւ եալլա, նորէն ինծի ընտրեցէք, հա՞, յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

* * *

Բայց նախ, արդար ըլլանք…

Նորութիւն չկայ:

Ինչպէս միշտ, յետ-սովետական անկախացումի առաջին երեք տարիներէն սկսեալ եւ ի ի վեր, ՀՀ-ն՝ պատկեր մըն է միայն: Մակերեսային պատկեր մը: Պատրանք մը, խաբկանք մը: Սուտ մը:

Որոշ ժամանակ մը, խաբկանքը կը վերաբերէր՝ ՀՀի մէջ Հայոց ազգային գիտակցութեան: Այդ գիտակից հայերը, կամ՝ շերեֆով մեռան Արցախի ազատագրական մարտերու ընթացքին, կամ ալ՝ տարիք առնելով, դարձան լման ուրիշ անձեր:

Ուրեմն այսօր ալ, ազգային ազդակը մէկդի դնելով (այսնքն, ասոնք հա չեն լաւ, հասկցանք, բայց կրնա՞ն գոնէ՝ մարդ ըլլալ), խաբկանքը կը վերաբերի թերեւս՝ լայնատարած անհոգութեան, անզգամութեան, անտարբերութեան:

Ոչ թէ՝ այլ հայրենակիցներու, այլ նոյնիսկ սեփական աղէտալի վիճակին նկատմամբ:

Նկատի առնելով որ՝ որեւէ խաղաղութեան դաշնագիր չէ կնքուած, ոչ իսկ ձեւական…

Մինչ, Արցախի բռնագրաւումէն ետք, նաեւ ուղղակի ՀՀի պաշտօնական տարածքը ներխուժած թուրք ասկեարները, դեռ կանգնած են, ուր որ են…

Նոյն այդ Սեւանէն ոչ շատ հեռու, ի դէպ… Բարձր դիրքերու վրայ… Իրենց տիւլ-տիւլներով, այդտեղէն հաւանաբար կը դիտեն կոր՝ գոյնզգոյն լողազգեստներով հայ օրիորդներն ու տիկինները… (Ուրիշ ի՞նչ դիտեն, պապամ, հայ զինուոր՝ եօ՛խ: Միակ տղամարդիկը որոնք «դիրքի վրայ են», եւ այդ դիրքը բռնած են, այո՝ թրքական միջանցքին ծայրերը, անոնք են որոնք այդպէս, անհամբեր, կը սպասեն որ այդ ծրագիրը գործադրուի, որպէսզի իրենք ալ, չաչի՛նկ-չաչի՛նկ, իրենց իւղոտ վաճառականութիւնը ընեն, սաղ պիզնըս անեն, շնորհիւ Թուրքիոյ: Սահհթե՜յն, եալլա… անուշ լինի… ուշ լինի, նո՛ւշ լինի: )

Բայց ուրեմն, ինչպէս որ առաջ, Անդրկովկասի հայանուն բնիկներու այդ տարօրինակ պահեստարանին մէջ՝ ազգայինը իրական չէր, կարելի է յուսալ որ այժմու այս հաւաքական անասելի յիմարութիւնն ալ, խորք չունի:

Աւանդական Սփիւռքի մէջ, շատերս ապրած ենք՝ պատերազմական ահաւոր, երկարատեւ ժամանակներ:

Պէտք է ընդունիլ որ մենք ալ, այդ տարիներուն, ամէն առիթով «մենք մեր քեֆը կ’ընէինք», չէ՞: Մինչ մեր շուրջը կը տիրէր տեւաբար՝ ողբերգութիւն, սուգ, սարսափ, ծայրագոյն վտանգներ, համատարած խաւարներ…

* * *

Այժմու ՀՀի պարագային սակայն, անբնական երեւոյթը այն է որ, երկրին գերագոյն ղեկավարը, կարծես ինքն ալ իսկապէս խաբուած է, ինքզինքն կը խաբէ՝ պատկերներով, պատրանքներով:

Կամ էլ, շատ լաւ կը գիտակցի կացութեան, սակայն կը կարծէ թէ կարող է այդ խաբկանքը «ծախել»… չգիտեմ ճիշդ, որո՞ւն:

Նուազագոյն չափով խելքը գլխուն հայը, աշխարհի որեւէ մէկ տեղ, շատ լաւ ալ կը տեսնէ՝ դաժան իրականութիւնը:

Չնայած, Աւանդական Սփիւռքն ալ կը մասնակցի՝ այդ նոյն խաբկանքին: Իր զբօսաշրջիկներով… իր բանակումներով… իր խաղերով… comme si de rien n’étaitbusiness as usual !

ՀՀ գացող՝ գնդակ խաղացող, հանգիստ-պատրաստ ընող, Երեւանի քաֆէները այցելող, վարունկ-պամիտորի պնակին վրայ բերանաբաց հիացող, սփիւռքահայերէն շատերը, քառորդ դար ժամանակ՝ ոտք չէին դրած ՀՀ: Ալ ուր մնաց, Արցախ…

Սակայն հիմա, մէկէն, Աղէտէն ետք, մէկէն «գիւտը ըրին»՝ ՀՀին…

Հիմա՛ trendy դարձաւ, այդ պտոյտը: Ամէն բան կորչելէն ետք: Եւ երբ որ վնասները՝ անդառնալի՛ են:

Որպէս մե՜ծ հաճոյք, մեծ քաջագործութիւն, հիմա է մախաամը՝ երթալ այդ՝ Արցախը կորսնցուցած, հազարաւոր լուսաւոր կեանքեր կորսնցուցած, պատիւն ու արժանապատուութիւնը կորսնցուցած, այդ խղճալի եւ դատապարտուած, մնացորդ «երկիր»ը, եւ այդտեղ զուարճանալ:

Խնդիրը ուրեմն՝ համայն հայ ժողովուրդն է: Որ երբեք չկարողացաւ ազգ դառնալ, եւ հետեւաբար անկարող է երբեւիցէ պետութիւն ունենալու:

* * *

Առնէտները, խորտակուած նաւուն հետ կ’ընկղմին: Մինչեւ ծայր երգելէ, պարելէ եւ խորովածուելէ ետք:

Սփիւռքահայ զբօսաշրջիկները, մեկնած կ’ըլլան այդ պահուն: Վերադարձած՝ իրենց երկիրները: Լիքը նախանձելի նկարներ տեղադրելէ ետք անշուշտ Էնսթակրամի-մէնսթակրամի վրայ: Որպէսզի իրենց այդ անհուն վայելքը չճաշակողները, երանի տան իրենց:

Իսկ նաւապե՞տը… ոհ, փախչիլը նիւթէ դուրս է արդէն, անոր պարագային: Քանզի արդէն չկայ, նաւապետ:

Չկայ ոչ իսկ՝ ղեկ:

Հօփա՛-հօփա-նինանայ նինանայ նա՜յ… ծա՛փ, ծա՛փ, հօփաաաաա…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

29 Յուլիս 2025

Սեւանայ Լիճի հիւսիս-Արեւելեան ափին, ջուրերուն նայող բարձունքին վրայ,
այդ շրջանէն գացած եւ Արցախի ազատագրական պատերազմին զոհուած մարտիկներու Յուշարձանը
.  Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»...]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ... [Շուշի]

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

ՀՀ – vs – Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ

«Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան»ին առջեւ, ՀՀ-ն ներկայացնող փաստաբան մը, վերջերս , հրաժարական տուաւ:

Ինքն էր որ կը ղեկավարէր Ադրբեջանին դէմ ՀՀի դատական դիմումները, հետեւեալ նիւթերուն վերաբերեալ՝ պատերազմական ոճիրներ, հայ գերիներու իրաւունքներու խոշտանգում, հայկական հողերու բռնագրաւում [խօսքը Արցախի մասին չէ, այլ ՀՀ-ի տարածքներու], Արցախի բնակիչներու բռնի տեղահանութիւն:

* * *

Քաղաքականութեան մէջ, մարդիկ շատ արագ, ճիշդ կամ սխալ գնահատումով, ամէն բանի մէջ կը տեսնեն՝ showեր: Դատարկ ձեւակերպութիւններ, աժան թատրոն:

Իրականութիւնը այն է որ նիւթի առարկայ դատական գործընթացները, իսկապէս՝ շոու մըն են:

Ի՞ՆՉ գործնական, իրական, շօշափելի արդիւնք կարող են արտադրել այդ խրոխտ «հայցերը»:

Սկզբունքային, տեսական, զգացական գետնի վրայ, այո, կարելի է գտնել իմաստի նմանող բան մը, այդ «հայց»երուն մէջ:

Սակայն այդ իսկ, այդքանը իսկ՝ միայն եթէ՝ ատոնք բոլորը գոհացուցիչ յանգում ունենալ: Այսինքն, արտադրեն՝ թէկուզ միայն թուղթի վրայ իսկ, անհետեւանք յաջողութիւններ: Բարոյակա՛ն յաղթանակներ…

Արդարեւ, այդ դատական գործընթացները կրնան նաեւ յանգիլ՝ Հայութեան դէ՛մ հաստատումներու:

* * *

«Միջազգային Օրէնք» ըսուածը, ողբերգական զաւեշտ մըն է:

Մէկ առմէկ նշելու, երկա՜ր ցանկ մը լուարկելու կարիքը չկայ:

Ամէն մարդ իր մտքին մէջ թող բերէ՝ Աշխարհի տարածքին, անցեալի եւ դեռ ընթացիկ ոճիրներ:

Որոնք գործուած են եւ տակաւին ընթացքի մէջ են՝ քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներու կողմէ, իրենց ծրագրումով, հրահանգներով, գիտակից կատարումով:

Այդ ոճրագործներէն ո՞րմէկը դատուած է, դատապարտուած է, պատժուած է: Ո՞րմէկը պիտի դատուի, դատապարտուի, պատժուի:

Միայն անոնք, որոնք պարտուած են – եւ պիտի պարտուին -, ռազմադաշտի վրայ:

* * *

Բայց մի մտահոգուի՜ք:

Դեռ կան բազմաթիւ փաստաբաններ, որոնք ժրաջան կերպով կը զբաղուին վերոնշեալ եւ նոյնանման դատական գործընթացներով:

Վստահաբար բոլորն ալ սիրայօժար, առանց որեւէ վարձատրութեան…

Ի դէպ, յայտի չէ, թէ վերոյիշեալ իրաւաբանի ինչ պատճառով հրաժարեցաւ:

Եթէ կը վճարուէր իր գործին համար, ապա կ’առաջարկեմ հետեւեալ բացատրութիւնը՝

Խղճի հարց ունեցաւ, որ ողբերգութեան անասելի ցաւը կրող մարդկանց՝ դատարկ յոյսեր կը ներշնչէր: Մինչ ինք, ընթացքում, դրամ կը շահէր:

Յամենայ դէպս, ես այդ պատճառով է որ արդէն, ի սկզբանէ, պիտի մերժէի ստանձնել այդ գործերը:

Այս կացութեան մէջ, կամ՝ զէնքը կ’առնես եւ կը կրակես նշանակալից թիրախին վրայ, կամ ալ՝ տեղդ կը նստիս:

Մնացեալը ոչ միայն ինքզինք խաբել է, այլ մանաւանդ՝ ուրիշները խաբել:

* * *

Մեւնոյն ընդհանուր նիւթին մէջ, որպէսզի աւելի լաւ հասկնաք ըսուածը, որպէս ցայտուն օրինակ մը, այստեղ յիշատակեմ եւ բացատրեմ նաեւ յատուկ նախադէպ մը:

Մի քանի տարիներ առաջ, իրաւաբաններ ձեռք բերին դրական գումարներ, կեանքի ապահովագրութեան Ընկերութիւններէ: Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկութիւններով…

Բոլոր հայկական աղբիւրները, այդ օրինական գործընթացներու յանգումը կը ներկայացնեն որպէս Հայ Դատի յաղթանակ մը: Հայոց Ցեղասպանութեան հոյակապ ճանաչում մը, օրինական գետնի վրայ:

Սակայն… չկայ այդպիսի բան: Բնաւ:

Գումարները գանձուեցան՝ սոյն Ընկերութիւններուն հետ համաձայնութեամբ:

Առանց որեւէ դատավարութեան: Եւ հետեւաբար, առանց որ՝ Ցեղասպանութիւնը հաստատող որեւէ դատավճիռ գոյանար:

Իսկ ահա թէ ինչ գրուած է Assurances AXAի հետ settlementի վերջնական փաստաթուղթին մէջ…՝ « AXA does not take any position or express any view as to the political and/or historical issues concerning the nature of the events in Turkey in and around 1915 and has made the decision to settle purely from a business perspective to settle its obligations under unpaid insurance contracts. »

Ուրեմն, այդ թղթարարին մէջ, ոչ միայն որեւէ դատական հաստատում չկայացաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան վերաբերեալ, այլ եղած-չեղածը այն է որ, ապահովագրական Ընկերութիւնները, առեւտրական նկատառումներով, ընդունեցին միայն, որ… իրենց յաճախորդները մեռած են:

Այս պարագային, դեռ այս մահը իսկ փաստացի չէ՛ անպայման:

Այլ, հիմնուած է այդ օրինական յղացքին վրայ, որ երկար ժամանակ որեւէ կեանքի նշան չյայտնած անձը, կը համարուի օրինապէս մահացած:

Իրականութեան մէջ կրնայ ողջ ըլլալ, բայց երբ որ շատ երկար ժամանակ է ի վեր լման անհետացած, ըստ Օրէնքի, կը համարուի մահացած:

Տուեալ պարագային, տարիքի բերումով, անհնար էր որ տակաւին ողջ ըլլայ policy-horlderը, այո:

Բայց նոյնիսկ այդ պարագային, լրիւ նիւթէ դուրս է՝ մահուան պատճառը:

Հայ Դատի այս փառաւո՜ր իրագործումին մէջ, եթէ դատ-դատավարութիւն տեղի ունենար, փոխանակ՝ դիմումը տնօրինողները անմիջապէս նետուէին առաջարկուած դրամին վրայ, ամենադիւրին օրինական միջոցը պիտի ըլլար, որ դատարան մը Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատէր:

Քանի որ գործընթացը՝ քրէական չէր: Եւ հետեւաբար beyond reasonable doubtի հիման վրայ չէր, փաստելու բեռը:

Բայց ո՜չ… Ով պիտի աշխատի, յոգնի, երկար բարակ դատավարութիւն մղէ: Երբ որ մի քանի հանդիպումներով, իշտէ, աղուոր գումար մը կը ստացուի, մինչ ամէն մարդ կը կարծէ թէ Հայ Ազգը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց:

Ի դէպ, մէկ հատ մըն ալ դուք ձեզի ստուեցէք, թէ ո՞ւր գացին այն գումարները, որ փաստաբանները ձեռք բերին, Հայ Դատի այս փառաւո՛ր յաղթանակին մէջ…

Խեղճ Հայութիւն:

* * *

Դեհ լաւ, ուրեմն, ի՞նչ է յոյսը, որ մեր գերիները ազատ արձակուին:

Այս պայմաններուն մէջ, միակ մէկ միջոց կայ:

Պազարլըխ:

Բան մը պէտք է տալ՝ թուրքերուն, որու դիմաց մեր գերիները կը վերադառնան տուն:

Դրամը, բաւարար չէ: Հաւանական է որ Ռուբեն Վարդանյանի ընտանիքը – առաւել իր մեծահարուստ զօրակիցները – փորձեցին այդ: Թէ իրեն համար, եւ թէ միւս գերիներուն:

Ուրեմն, պէտք է տալ յաւելեալ փոխադարձ գինը իրենց ազատութեան:

ՀՀի վրայով թրքական միջանցքը, այս կամ այն ձեւով, անպայման պիտի առնեն թուրքերը:

Գոնէ ուրեմն այդ իրադարձութիւնը թող տեղի ունենայ առանց պատերազմի: Եւ այդ զիջումին որպէս փոխադարձ շնորհում, պէտք է ջանալ ձեռք բերել մեր գերիներուն վերադարձը:

Թէ ոչ, պատերազմով պիտի բանան այդ միջանցքը, եւ ոչ միայն գերիները պիտի մնան ուր որ են, այլ դեռ պիտի ունենանք յաւելեալ զոհեր:

Այդ միջանցքին մէջ շահ ունեցող այլ պետութիւններ ալ կրնան թերեւս մասնակցիլ այս սակարկութեան…

Ուրիշ ճար չկայ: Կամ այս ուղին տեղ կը հասնի, կամ ալ… այս կ’ըլլայ այդ մարդոց – դժոխային – ճակատագիրը, այս աշխարհին մէջ…

Իսկ անոնք որոնք զօրակցեցան ՀՀի այժմու վարչակարգի գոյացումին – եւ վերարտադրումի՛ն -, իրենց խիղճերուն հետ կը հասկցուին, իրենք ալ ցմահ:

Ինչո՞ւ կը կարծէք որ այդ համեստափայլ Տիկինը, Հանրապետութեան Հրապարակի մէջ իր իսկական հացադուլով, ինքնասպանութեան ընթացքի մէջ է…

Որպէս «Ելք» դաշինքի կարկառուն դէմք, նոյն Հրապարակին մէջ է որ ան, 2018ի գարնան, խեղափոխական բեմին վրայ, լայն ժպիտով եւ խոր գոհունակութեամբ, կանգնած էր՝ Փաշինյանին ետեւը:

Գերիներուն համար, մինչեւ ծայր հացադուլ, հա՞…

Դեհ, հիմա՝ կերէ՛ք:

* * *

Դուք ալ՝ կերէք, Հայ Ազգի Պատմութեան այս վերջին ու վերջնական Ղազուխն ալ կերէք, բոլո՜ր մեծաթիւ հայեր – հայաստանցիներ ե՛ւ սփիւռքահայեր – որ, 2018ին, անհուն հրճուանքով դիմաւորեցիք, ծափահարեցիք սոյն Գարունը:

Դանիել Վարուժանը կը յայտնէր՝ Հայ Ազգի Վարդահեղեղ Արշալոյսի մասին:

Բոլորդ սակայն ինքնակամ նետուեցաք՝ Դժոխքի խաւարներուն ծոցը: Երջանկութեան ճիչերով:

Բանաստեղծը այդ Արշալոյսի ոտնաձայնը ջանաց լսել տալ, յատկապէս՝ հայ Մայրերուն:

Այդ մայերը սակայն, 2018ի գարնան, իրենց փոքրիկ երեխաներու սայլակներով՝ իջան փողոց, աւետելու համար գալուստը այն դժոխածին ուժերուն՝ որոնք վերջնական մեխը գամեցին Հայ Ազգի Դագաղին կափարիչին վրայ:

Հիմա գացէ՜ք, եւ դատարաններու մէջ փնտռեցէք Արդարութիւն:

Կախաղանէն արդէն կախուած – ինքզի՛նք կախած -, ձեռքերը կռնակին վրայ կապուած, օդին մէջ օրօրուող թշուառականը, դեռ ի՞նչ գործ ունի դատարանի մէջ…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

07 Մարտ 2025

Յ.Գ. Ես ինքս լայնօրէն փաստած եմ որ, իրաւաբանական ոլորտին մէջ, երբ որ կայ՝ շօշափելի արդիւնքի լուրջ հաւանականութիւն, բնաւ չեմ վարանած իմ պարտականութիւն կատարելէ: Իմ նախաձեռնութեամբս, կամաւոր, եւ լրիւ սիրայօժար ու անվճար կերպով (հաւանաբար շատեր կան, որ կը կարծեն թէ դրամ ստացած եմ այդ ազգային գործիս համար) :

Ահա արդիւնքը – հանրային արխիւ է անշուշտ – ՝ ֆրանսերէն, ֆրանսերէն/անգլերէն:

Այս դատական յաջողութեան հիման վրայ, երբ որ միւս երկուքին նոյնանման դատերը բացինք, դատական գործընթացները սկսանք եւ հրեցինք, ոչ թէ միայն սկսանք բանակցիլ… -, կառավարութիւնը նախընտրեց յօժարիլ, տեղի տալ: Դատական փաստաթուղթերով:

Այ՛ս էր պահը, երբ վերջապէս օրինական դուռը բացուեցաւ, որպէսզի – յաւելեալ աշխատանքով – կարողանանք զիրենք դուրս հանել բանտէն:

.  Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»...]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ... [Շուշի]

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Յօդուածներ / Գրացանկ

. Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով – 05 Մայիս 2026

. Քոչարյան, սիքթի՜՜՜ր – 12 Դեկտեմբեր 2025

. Քեսապ, յուշեր 02 – 07 Սեպտեմբեր 2025

. Անկախութեան Հռչակագիր vs Սահմանադրութիւն – 27 Օգոստոս 2025

. Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ.…… – 29 Յունիս 2025

. Սուլթանին կաթողիկո՞սը… – 17 Յունիս 2025

. «մինչ իր խաչերն են՝ դաշոյն»… – 17 Յունիս 2025

. Հալէպի տատրակները – 31 Մայիս 2025

. ՀՀ -vs- Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ – 07 Մարտ 2025

. Ուքրանիոյ «Սարդարապատ»ը, 3րդ տարեդարձ – 21 Փետրուար 2025

. Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ – 10 Փետրուար 2025

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Լուպնեն ըլ ա՛խտար… –  Հոկտեմբեր 2024

. Եւ Ողբը նորէն դարձաւ… Ողբ – 20 Ապրիլ 2024

. Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին – 16 Ապրիլ 2024

. Քեսապ, շարժանկարային յուշեր – 10 Մարտ 2024

. Շուարած մուհաճիրութիւն – 10 Փետրուար 2024

. Փախողը չ’ազատիր, ոչ… – 08 Դեկտենբեր 2023

. Կրակահերթային յիշատակներ – 03 Դեկտեմբեր 2023

. Ծառի վրայի, միւս պեշին… – 25 Նոյեմբեր 2023

. Պոլոնիայի պեշիները – 18 Նոյեմբեր 2023

. «Բարտիները խշշացի՜ն…» (Հայաստան-ՌԴ) – 14 Սեպտեմբեր 2023

. Ո՛չ-Մի-Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]  – 12 Օգոստոս 2023

. «Ապրիլ-24», Արցախ, եւ The Godfather – 17 Յուլիս 2023

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Իրերու վիճակը – 27 Մայիս 2023

Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման – 24 Մայիս 2023

Վարդապետ, դու չես՝ որ խենթացել ես – 18 Մայիս 2023

Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բա հետո՞– 15 Մայիս 2023

. Անուշ յուշեր… – 14 Մայիս 2023

Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին… – 01 Ապրիլ 2023

Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

Փաշինյանը ճիշդ է -27 Մարտ 2023

ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

Ես 5րդ Շարասիւն եմ – 19 Մարտ 2023

Ո՜վ Մարդկային Արդարութիւն… – 18 Մարտ 2023

«Մարտի 1»՝ Հայաստանի «Ապրիլ-1»ը – 01 Մարտ 2023

Էլի շուարած հակայեղափոխականները – 28 Փետրուար 2023

Ծով նետուած շիշը – 18 Փետրուար 2023

Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ)– 11 Փետրուար 2023

Կաղանդ Պապաս… – 06 Յունուար 2023

ՃԵՄելով յիշողութեան ճամբուն վրայ – 16 Դեկտեմբեր 2022

Մանկութեան… սուր յուշեր – 02 Դետեմբեր 2022

Վերջին մեկնում – 04 Սեպտեմբեր 2022

Զեփիւռի նման… – 20 Օգոստոս 2022

Պաթալ մէ պի մութ – 02 Յուլիս 2022

Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ… – 28 Ապրիլ 2022

Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

Լսեցի՞ք, Համբիկը «տուն հասեր է»! – 30.10.2021

Թուրք-հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

«Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

Հայաստանն ու համաճարակը – 01.10.2021

ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

Սփիւռքը հանգիստ թողեցէք – 29.06.2021

Փախստականների մասին – 01.06.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

Բաղ-րամ- յան փո՜ղո-ցո՛ւմ, դա-դա- դաա՜… – 24.03.2021

Վայ այն երկրին՝ որուն թագաւորը… մանուկները կը շահագործէ – 22.03.2021

Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու… – 26.02.2021

«Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

Պառաւի խօսք՝ շաղգամակերին – 14.08.2020

Ամուլսարը քարի կտոր մըն է – 31.07.2020

Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար – 18.07.2020

Յուլիսեան պատերազմ՝ մի քանի դիտողութիւններ – 13.07.2020

Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը – 11.07.2020

Հայաստանը չի կարող վախենալ քորոնավիրուսից – 04.07.2020

Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

Շուարած հակայեղափոխականները – 24.06.2020

Թուղթ առ… Ծառուկյան  – 17.06.2020

Քորոնավիրուսին օգուտը…  – 11.06.2020

Նիկոլ Փաշինյան՝ all the way ! – 03.06.2020

Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

Մշտապէս իւղոտուած հողմացոյցները… – 01.04.2020

ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

Սերժ Սարգսյան՝ կարմիր քարտը անդառնալի՛ է – 02.11.2019

«Ստամբուլյան Կոնվենցիա»ն՝ խաբեբայութիւն – 02.11.2019

Շարքային Փաշինյանիստները՝ 5 կարգեր – 31.10.2019

«Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

Փութինն է որ դատել կը փորձեն Հայաստանի մէջ – 03.10.2019

Ամուլսարը՝ Փաշինյանի փրկութեան սկիզբն է – 19.08.2019

Մունտառ Երեւան – 05.07.2019

Դատաւորը մերկ է – 27.06.2019

Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019

Օփերայի շուրջ՝ կարգին cacophony – 14.03.2019

Յեղափոխութեան դասալիքները – 08.03.2019

Մնալ արթուն – 19.02.2019

Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)  20.01.2019

Քանի որ իրօք Ճակատագրական է պահը (22 Դեկտեմբեր 2018)

Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական  (24 Դեկտեմբեր 2018)

Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

Գաղտնի Մարտիկների ժամանակները…

. Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը… – 04 Ապրիլ 2014

Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

Շուշիի ազատագրումը (2002)

Մարուխեան, Forever (1999)

Անկախութեան Օտարումը (1996)

Վահանը (1995)

Մեր երիտասարդները կը քալեն (1995)

Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

Մերկացած Սուտը (1992)

Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

Անդարձ Դարեդարձ (ՀՅԴ 100ամեակ) – Դեկտեմբեր 1990

Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

Դեղագործին Աշկերտը («Պուրճ-Համուտ 1979»…) – 1979

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

* * * * *

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

Իրերու վիճակը

Թուրքերուն ուզած «թրքական միջանցք»ը՝ յատուկ ճանապարհ մըն է, որ կ’անցնի Հայաստանի վրայէն, բայց չի պատկանիր Հայաստանին:

Կը պատկանի, թուրքերուն:

Ադրբեջանը կը միացնէ Թուրքիոյ, Նախիջեւանի հանգստեան գօտիով:

Եւ ուրտեղէն պիտի անցնին, երկու ուղղութիւններով, թուրքերը՝ երբ որ կ’ուզեն, ինչպէս որ կ’ուզեն, ինչ նպատակով, ծրագրով, միտումով կամ պատճառով որ կ’ուզեն: Առանց որ Հայաստանի որեւէ բան ունենայ ասելիք:

Հայաստանի կողմէ՝ ոչ մէկ մուտքի սահման/ստուգում, ոչ մէկ ելքի սահման/ստուգում, եւ Հայաստանի տարածքէն անցնող լման ճանապարհին վրայ՝ ոչ մէկ վերահսկողութիւն, ոչ մէկ միջամտութեան իրաւասութիւն:

Այդ ճանապարհէն անցնելու համար, հայերը, իրենք պէտք է որ արտօնութիւն ստանան՝ թուրքերից: Ապա այդտեղ ենթարդկուին՝ թրքական վերահսկողութեան:

* * *

09 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի համաձայնագրին մէջ, չկայ այդպիսի բան:

Հայաստանի, Ադրբեջանի եւ Ռուսաստանի պաշտօնական ստորագրութիւնները կրող, այդ փաստաթուղթին մէջ, թրքական միջանցք՝ յօ՛խ:

Եւ այդ փաստաթուղթը փոփոխութեան ենթադրող, անոր համազօր, որեւէ ուրիշ փաստաթուղթ՝ չկայ: Ցարդ, չկայ:

Այդ պաշտօնական, գրաւոր եւ ստորագրուած համաձայնագրին մէջ գրուած է սակայն, որ՝ Ադրբեջանի եւ Հայաստանի մէջ, բոլոր ճամբաները, տրամադրելի, գործածելի պիտի ըլլան, երկու երկիրներուն:

Առանց որ այդ ճամբաները դադրին տուեալ երկրին մաս կազմելէ:

Փաշինյանի վարչակարգը, լիովին պատրաստ է յիշեալ զինադադարը նաեւ այդ պայմանը, ի գործ դնելու:

Իսկ արդէն Թուրքիոյ կը մնայ՝ իր սահմանը բանալ, Հայաստանէն եկող երթեւեկին համար:

Եւ այդպէսով, բարի ճանապարհ, բոլորին…

Առանց որեւէ զիջումի՝ Հայաստանի տարածքին վերաբերող, Հայաստանի ինքնիշխանութեան առնչութեամբ:

* * *

Վերեւ բացատրուած, այդ «թրքական միջանցքը», Փաշինյանի եւ իր վարչակարգին համար, հանրային կերպով իրենց գործածած բառերովը իսկ՝ «կարմիր գիծ մըն» է:

Գոնէ մինչեւ այսօր, իրապէս ալ, այդպէս է:

Ի հարկին, պատրաստ են ամբողջական պատերազմի վերաբռնկումին, շարունակութեան՝ այդ կարմիր գիծին պատճառով: («Պատերա՞զմ, ուրեմն պատերազմ») :

* * *

Վերջերս, բանաւոր յայտարարութիւններով, Փաշինյանը ճանաչեց Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Շատ մը հայեր շատ խռովեցան, այդ յայտարարութեամբ: Զայն համարելով Արցախը վերջնական յանձնումը՝ Ադրբեջանին: Նիւթէն չշեղելու համար, այստեղ մէկդի պիտի թողեմ այս նիւթին այդ կէտը: Ըսեմ միայն որ, Արցախի համար, գործնականօրէն շատ բան չեն նշանակէր, այդ խօսքերը…

Սակայն պիտի ընդգծեմ հետեւեալը:

Այս պահին, Փաշինյանը անմիջական, առաջնահերթ մտահոգութիւնը – եւ նաեւ՝ առաջնակարգ պետական պատասխանատւութիւնը -, Հայաստանն է:

Երբ ինք այդպէս, Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը ընդունեց, այդ նոյն յայտարարութեամբ, Ադրբեջանը կատարեց փոխադարձ ճանաչումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Ինչ որ կը նշանակէ՝ թուրքերու կողմէ հրաժարում, վերեւ բացատրուած այդ «թրքական միջանցք»ի պահանջքէն:

Անխելք բան մը չէ ասիկա, Փաշինյանին կողմէ:

Գործնական գետնի վրայ, ապարդիւն է, ափսոս:

Բայց լրջօրէն մտածուած է:

Երանի թէ առաջ ալ, այսքան խելք գործածէր, նոյն Փաշինայնը…

Իսկ նկատի ունենալով որ իր ներազգային հակառակորդները, փաստօրէն, կարողութիւնը չունին Հայութիւնը ձերբազատելու այս արարածէն, արգիլուած չէ մխիթարուիլը, որ գոնէ անոր գլխուն մէջ սկսած է խելք բուսնիլ: Թէկուզ շնորհիւ յորդառատ ոռոգումին՝ մեր երեխաների արիւնով…

 * * *

Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ, հաշտութեան/խաղաղութեան դաշնագրի մը միտող բանակցութիւնները, տեղի կ’ունենան երկու անջատ, հակառակորդ ճակատներու վրայ:

Եւրոպա/ԱՄՆ/ՆԱՏՕ, եւ Ռուսաստան:

Այսպէս է, ժամանակէ մը ի վեր:

Մէյ մէկ կողմ, մէյ մը միւս կողմ, կը հանդիպին եւ կը բանակցին: Տուեալ կողմի ճնշումներով, գործօն հովանաւորութեամբ:

Ի դէպ, այստեղ ալ ընդգծեմ՝ այս հանգրուանին, Փաշինյանը հարկադրաբար ինկած է այսպէս, նաեւ՝ արեւմտեան պետութիւններուն գիրքը, այն պատճառով որ Ռուսաստանը անկարող է Հայաստանի խնդիրները լուծելու: Իսկ իբրեւ թէ Ռուսաստանին ենթարկուած, այդ ՀԱՊԿ ըսուածի միւս անդամները, լրիւ՝ թուրքերուն կողմէն են: Ոմանք նոյնիսկ, ուղղակի թուրք են:

Աւելի յստակ ըլլամ, մինչե՜ւ Հոկտեմբեր 2020, Փաշինյանը կ’ուզէր Հայաստանը հեռացնել Ռուսաստանէն, եւ մօտեցնել՝ Արեւմուտքին:

Սակայն անկէ ի վեր, այդպէս չէ:

Ինք հիմա կ’ուզէ միայն, որ մէկը Հայաստանի օգնութեան հասնի:

Ով որ ըլլայ, ան:

* * *

Երկու օր առաջ, Փաշինյանը եւ Ալիեւը բանակցային հանդիպում մը ունէին: Փութինի հետ:

Ալիեւը, Հայաստանի վրայով վերոնշեալ «թրքական միջանցք»ին մասին խօսեցաւ: Եւ աւելցուց, որ Ռուսաստանը «ողջունելի» կը համարէ այդ ծրագիրը:

Ատոր վրայ, Փաշինյանը եւ Ալիեւը վիճաբանեցան: Փաշինյանը նաեւ կծու խօսք մը նետեց՝ Ռուսաստանին…

Այս ամէնը, քամէրաներու առջեւ: համաշխարհային հրապարակի վրայ…

Արդիւնքում, այդ բանակցային հանդիպումը՝ լրիւ ձախողեցաւ: Վիժեցաւ:

Յառաջիկային, Փաշինյանը եւ Ալիեւը կը հանդիպին՝ ՆԱՏՕի դաշտին վրայ:

* * *

Ռուսաստանի համար, կարո՞ղ է որ այդ թրքական միջանցքը «ողջունելի» ըլլայ…

Ոչ:

Տրամաբանական չէ:

. Ռուսաստանի տնտեսական-առեւտրական շահերը լիովին կը գոհանան, եթէ պարզապէս թուրքերի առջեւ Հայաստանի բոլոր ճանապարհները բացուին: Նոյնիսկ նոր, բաց ուղիներ ալ կառուցուին, Ադրբեջանէն Թուրքիա:

Այդ ամէնը սակայն, ըստ Փաշինյանի – ճշգրիտ ու ճիշդ – ըմբռնողութեան:

Այսինքն, Հայաստանի այդ ճանապարհները եւ ուղիները կը մնան… Հայաստան: Հայաստանի տարածք:

Այս պատճառով ալ, քանի որ արդարեւ, այս ծրագիրը ձեռնտու կրնայ ըլլալ՝ ՌԴին, այդ պայմանը յստակօրէն գրուած է, Ռուսաստանի ստորագրութիւնը կրող զինադադարի համաձայնագրին մէջ:

. Սակայն թուրքերի պահանջքը, որ՝ իրենց պատկանող, թրքական միջանցք մը բացուի, չի՛ կրնար համապատասխանել ՌԴի շահերին, ցանկութեան:

Ասիկա, բնաւ տրամաբանական չէ:

Որեւէ Տրամաբանութեան՝ դէ՛մ է:

Քանզի այդ կը նշանակէ որ Անդրկովկասի ՌԴի միմիակ մնացորդ դաշնակիցը պիտի անէանայ: Եւ ՆԱՏՕ-ն, Թուրքիոյ ընդմէջէն, պիտի հասնի՝ ՌԴի դրան շեմին:

Ինչպէ՞ս կարող է Ռուսաստանը, այդպիսի մի բան «ողջունել»:

Մէկ հատ մը նայեցէք, Ադրբեջանի եւ Ռուսաստանի միջեւ սահմանին: Չափեցէք նաեւ անոր երկարութիւնը…

Յետոյ, յիշեցէք Ուկրաինան:

* * *

Ալիեւի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը, բնորոշ թրքական ճարպիկութիւն մըն էր:

Որու նպատակներէն մէկը, Հայաստանի յարաբերութիւնները դեռ աւելի խաթարել, աւելի քայքայել, վատթարացնելն է՝ ՌԴի հետ:

Որպէսզի թուրքերը իրենք ուզածը ձեռք բերեն, իրենց կողմնակից Եւրոպայի հովանաւորած ու վարած բանակցութիւններով:

Այդպէսով, Ալիեւը յաջողեցաւ խափանել Փութինի վարած բանակցային հանդիպումը:

Յաջորդ օրն ալ արդէն, թրքական կողմը յայտնեց որ, հեսա, շուտով Արեւմուտքի սեղանին վրայ կը ստորագրուի «խաղաղութեան պայմանագիրը»:

Աւելի յստակ կրնա՞յ ըլլալ, կացութիւնը:

* * *

Ի դէպ, Արեւմուտքին համար, կասկածի նշոյլը չկայ որ հոյակապ բան կը լինի, այդ՝ թրքական միջանցքը:

Թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ գաղափարական տեսանկիւններից:

Բացարձակ յաղթանակ:

* * *

Փաշինյանը ինք, 2020ի Հայոց Աղէտէն ի վեր, Արեւմուտքի եւ ՌԴի միջեւ՝ մասնաւոր կողմնորոշում չունի: Ոչ այլեւս:

Երկուքին ալ դիմում է, հերթականօրէն, պարբերաբար: Նոյն յուսահատութեամբ: Սակայն ոչ, առանց որոշ վարպետութեան մը…

Եւ ո՞ր կողմէն որ հասնի փրկութիւնը, ինքը օքէյ է ատոր հետ:

Քանզի այլեւս, ուրիշ ճար, չունի:

* * *

Հայաստանի կենսական խնդիրը այն է որ սակայն, Ռուսաստանը այժմ տկարացած է:

Քանի որ, տասնըհինգ ամիսներէ ի վեր, ուղղակի պատերազմի մէջ է՝ երեսուն երկիրների դէմ:

Անկէ առաջ, նոյն թշնամիներէն, անուղղակի սակայն նշանակալից պարտութիւն մը կրելէ ետք արդէն: Անդրկովկասի մէջ: 2020ի աշնան:

* * *

Նկատի ունենալով թէ որքան հաւանականէ, գրեթէ ստոյգ բան է՝ ամբողջական պատերազմի վերաբռնկումը, գոնէ ՀՀ Ազգային ժողովը, պէտք է որ ինքզինք հաւաքէ:

Այդտեղ ընթացող խրոխտ ելոյթները, կռիւները, այս պահին՝ բնաւ կարեւոր չեն: Անիմաստ են: Փաստօրէն, անօգուտ են:

Այդ անվերջանալի բախումներուն հիմնական նպատակը, այլեւս, Պատմութեան – եւ թերեւս Օրէնքի – առջեւ՝ անձերի անունները մաքրելն է: Երկու կողմերից: Կեղտոտելը, դրա հակադարձութիւնն է, ինքնապաշտպանական հակազդեցութիւնը:

Այդ ամուլ գործընթացը պէտք է որ առկախեն, քաղաքական գործիչները:

Մնացեալ հայերս կրնանք պոռալ-կանչել ինչ որ կ’ուզենք, սակայն անոնք որոնք ընտրած են՝ քաղաքական պաշտօն, այս հանգրուանին, չունին այդ իրաւունքը:

* * *

Այս պահին, Հայաստանի  ներքաղաքական ոլորտում՝ երկու այլընտրանքներ կան, միայն:

Ընդդիմադիր լուրջ եւ ունակ ուժերը,

. կամ՝ միջոցը կը գտնեն վերջ դնելու այս վարչակարգին,

. կամ՝ լեզու կը գտնեն Փաշինյանի հետ, կը ջանան համագործակցիլ իր ու իր վարչակարգին հետ:

Սակայն այդ առաջին այլընտրանքը չի կրնար երկարաձգուիլ, մինչեւ յաջորդ հերթական ընտրութիւնները:

Եւ Փաշինյանը չի հրաժարիր, անկէ առաջ:

Մինչ, չափազանց հաւանական է որ լայնածաւալ պատերազմի բռնկումը, տեղի կ’ունենայ անկէ առաջ:

Արդարեւ, թուրքերը, իրենց գործը կէս-կատար չեն թողեր: Ոչ ալ կը գոհանան՝ տարիներո՜ւ status quo-ով: Ճահիճի մէջ տեղքայլով:

Ինչպէս որ մենք ըրինք…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

27 Մայիս 2023

info update / 30 Մայիս 2023 ; English version

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք

Նկատի ունենալով թէ որքան ճակատագրական, օրհասական է պահը,

հետեւաբար, մէկդի դնելով այլազան ու բազմաթիւ, բոլոր այլ նկատողութիւններ,

հրատապ ու անյապաղ կերպով՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պէտք է որ ներազգային դաշինքի մը հետեւեալ առաջարկը ներկայացնէ՝ Նիկոլ Փաշինյանին:

Բացէ ի բաց, Հանրութեան առջեւ: Առանց քուլիսային խաղերու:

Լայն գիծերով,

.  ՀՅԴն կը ստանձնէ, բացառապէս արտաքին ճակատի վերաբերող՝ մի քանի պետական բարձրաստիճան պաշտօններ: Որոնց կը տրամադրէ իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, իր մարդուժը, իր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը, լրիւ ապակուսակցական ըմբռնողութեամբ եւ մօտեցումով:

.  Դրա փոխարէն, ՀՅԴ-ն կը դադրի որեւէ ձեւով իշխանափոխութիւն պահանջելէ:

( Անկեղծ ըլլանք, ասիկա արդէն զիջում մը իսկ չէ… Քանզի այդ պահանջքը, այլեւս փաստօրէն՝ ի զուր եւ ապարդիւն է:

Սակայն եթէ որպէս պայմանաւորում չհաստատուի այս կէտը, առաջարկը անհեթեթ կը դառնայ:

Պէտք չկայ նաեւ աւելցնելու որ ասկէ աւելի, ի հարկին, ՀՅԴ-ն գործօն կերպով զօրաւիգ կը կանգնի իշխանութեան: Քանի որ ՀՅԴէն զատ՝ արդէն մարդ չկայ, ամբողջովին խղճալի եւ անյոյս վիճակ է, Ընդդիմութեան դաշտին վրայ: Եւ ամէն պարագայի, վարչակարգին հաւատարիմ ուժայինները արդէն աւելի քան բաւարար են, այդ գործին համար: )

. Եւ այսպէս, մինչեւ՝ Ազգային ժողովի յաջորդ հերթական ընտրութիւնները: Երբ կը լուծարուի ու վերջ կը գտնէ այս – սահմանափակ ու ժամանակաւոր – դաշինքը:

* * *

Հնարաւոր է շատ, շա՜տ բաներ ըսել, այս ուղղութեամբ:

Մեծ մաս մը ըսուած է արդէն, նախորդ բազմաթիւ յօդուածներուս մէջ. բայց դեռ ուրիշ ըսելիքներ ալ կան…

Ամէն դէպքում, ոե՛ւէ մէկը չկայ, որ կարողանայ ստորագրեալին այպանել՝ իր յայտնած ներկայի այս միտքին համար:

«Երեւանի Գարուն»ի առաջին օրէրէն սկսեալ, ես տեւաբար եղած եմ – ու խորքին մէջ, կը մնամ – դէմ՝ Փաշինյանին եւ փաշինյանիզմին:

Մինչդեռ, պարզապէս յիշենք որ, այսօրուայ Ընդդիմութեան հիմնական դէմքերը, բոլորն ալ՝ 2018-ին համագործակցեցան Փաշինյանի հետ: Այդ տարուայ Մայիսէն մինչե՜ւ Հոկտեմբեր…  Կէս տարի ժամանակ:

Էն վախտ, ՀՅԴ-ն՝ նախարարներ ունեցաւ, Փաշինյանի առաջին կառավարութեան մէջ:

Միմիայն Քոչարյանը, գոնէ ըստ երեւոյթներուն, զօրակցական կամ համագործակցական կապեր չէ ունեցած՝ Փաշինյանի հետ:

Դեհ, ան ալ, հիմա տեսանք թէ ինչ զօրութիւն ունի: Թող ուրեմն երթայ, եւ իր շնորհալի հարսին հետ՝ «Գինի Լի՜ց» թող երգէ… Պարելով… Քանզի փաստօրէն իր մօտ, ոչ որեւէ տասնոց մնացել է՜, ոչ էլ ֆիշենկ: Ոչ իսկ ֆըթթե՛շ մը:

Բայց դա արդէն, մեր գործը չէ:

* * *

2020ի վերջին պատերազմի հրադադարէն ի վեր, անցած են գրեթէ երկուուկէս տարիներ:

Հակափաշինյանական պայքարը՝ անելի մէջ է, ճապաղած է, ճահճացած է: Դարձած է զուր, ամուլ, անիմաստ: Շուտով արդէն՝ ծիծաղելի:

Այս հանգրուանին, ազգային ճգնաժամի այդ սոսկալի պահին՝ 132 տարեկանը անց, պատկառելի Կուսակցութեան վայել չեն՝ Ընդդիմութեան այլեւս երեխայական, տղայական դարձած, անհասկնալի կեցուածքներն ու վարքագիծը:

Եթէ ոչ՝ այս դաշինքը, ապա ի՞նչ է՝ այլընտրանքը:

Երբ որ երկուուկէս տարիներէ ի վեր, պոռալ-կանչելէ զատ, ուրիշ բան չտեսանք…

ՀՅԴաշնակցութիւնը այն գաղափարական կազմակերպութիւնը չէ՛, որ պիտի սպասէ յաջորդ Հայոց Աղէտը, որպէսզի դրանից «օգտուի»՝ ներքաղաքական գետնի վրայ:

Եւ այդ ալ, որպէսզի՝ ի՞նչ:

Որ Քոչարյանը վարչապետ դառնայ, եւ մի քանի նախարարութիւննե՞ր բարեհաճի շնորհել ՀՅԴին: Մինչ, ընթացքում, ինք անհետացած է… Մերժեց նոյնիսկ ստանձնել խորհրդարանային իր պաշտօնը: Իսկ յաճախ արիւնալի ցոյցերու ժամանակ, քանի՞ հոգի փողոց իջաւ, քանի՞ երիտասարդ, շնորհիւ իրեն…

Ի սէր Հայոց ազգային վեհ ու գերագոյն շահերին՝ անձնական զգացումներն ու յուզականութիւնը կուլ տալու, ներազգային քէներն ու ոխերը մէկդի դնելու, զգաստանալու, լրջանալու պահն է:

* * *

Այստեղ նշենք ու ընդգծենք գոնէ հետեւեալ երկու՝ ծանր եւ իմաստալից իրականութիւնները, որպէս իւրայատուկ փաստարկներ:

. Հայոց Ազատագրական Շարժումի զինեալ պայքարի սպառումէն ետք, տակաւին Հայ Ժողովուրդը պաշտպանել ջանալու համար, Հայ Ազգին ծառայելու բացառեալ միտումով, ՀՅԴաշնակցութիւնը, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի դէմ ՝ յեղափոխութեան դաշինք կնքած է, «Երիտասարդ-Թուրքերի» հետ:

. Իսկ Գարեգին Նժդեհը, միայն իր փոքր գումարտակով՝ լման Կարմիր Բանակին գլուխ բռնելէ ետք, բանտարկութեան մէջ, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան՝ դեռ ծրագիրներ առաջարկեց. որոնց ընդմէջէն ան կը յուսար որ ինք, սոյն սովետական իշխանութեան հետ, տակաւին կը կարողանայ ծառայել Հայ Ազգին. մինչեւ իր վերջին շունչը:

Ժամանակի մէջ ոչ շատ հեռաւոր, այդ պատմական վեհագոյն նախադէպներուն բաղդատած, այսօր, այժմու ահաւոր կացութեան մէջ՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը չ՞ի կրնար վերոնշեալ դաշինքը առաջարկել, ՀՀ այժմու վարչակարգին:

* * *

Փաշինյան ը կը մերժէ՞:

Կարելիութիւն մըն է, դժբախտաբար:

Սակայն նոյնիսկ այդ յաւելեալ ու ափսոսալի յուսախաբութեան պարագային՝ գոնէ Պատմութեան մէջ, Պատմութեան առջեւ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը փաստած կ’ըլլայ – դարձեալ ու անգա՛մ մը եւս – որ, ի սէր Հայ Ազգին, նա կարող է՝ գերմարդկային ջանքեր կատարելու:

Թէ նա ունի՛, այդ ուժը: Այդ արտասովոր քաջութիւնը, վեհանձնութիւնը, առաքինութիւնը, ծայրագոյն նուիրումի գիտակցութիւնն ու կարողութիւնը:

Մինչե՛ւ ծայր:

Ու մանաւանդ՝ անկէ անդին…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

22 Մարտ 2023

« Ելնելով այն մտահոգութիւնէն, որ Հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է, եւ շատ վտանգաւոր ճգնաժամի մէջ է։
Ելնելով այն իրողութիւնէն, որ Հայրենիքի այսօրուայ պայմաններու մէջ, իշխանութիւնները իրենք իրենց մէջ կծկուած,
եւ այդ աթոռները ձեռքէ չտալու տագնապին մէջ,
չեն ուզեր տեսնել, որ այս ընթացքով, տեղ մը, ե՛ւ իրենք պիտի մխրճուին
ե՛ւ մեր ժողովուրդը դժբախտաբար շատ բան ձեռքէ կու տայ,
հակառակ այս բոլորին, ես՝ յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամբողջ կազմակերպութեան
– Հայաստանէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ Պարսկաստան, մինչեւ Սուրիա, մինչեւ Լիբանան,
մինչեւ ուր որ Դաշնակցութիւնը ունի իր կազմակերպական ցանցը եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները -,
գործակցութեան ձե՛ռք կը մեկնեմ Հայաստանի իշխանութիւններին։ » — Հրայր Մարուխեան [տեսանիւթ]

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Ես, 5րդ Շարասիւն եմ

« Զինվորին համոզել են, թե հողերը ծախել են, դիրք պահելն իմաստ չունիսա «5-րդ շարասյուն» չէ, բա ի՞նչ է » — dixit Արծրուն Հովհաննիսյան, ՀՀ պետութեան խօսնակ, Մարտ 2023: Կրկնելով – եւ վատթարացնելով – մի քանի օր առաջ արտասանուած, իր տիրոջ, ՀՀ վարչապետի՝ օդին մէջ խօսքերը:

[ «5րդ շարասիւն», պատմական ակնարկի մը վրայ հիմնուած, նշանակում է՝ բանակի մը մէջ սպրդած ռազմական յատուկ կառոյց մը որ, նախամտածուած, ծրագրուած ու կազմակերպուած կերպով՝ ի նպաստ թշնամիին կը գործէ: ]

* * *

Իսկ երբ որ ահաւոր կերպով պարտւում էինք, երբ որ իրենք իրենց հալին լքուած, մեր առիւծ տղերքը վերածուած էին մսաղացի մթերքի, մէկ ու ամիս շարունակ՝ համայն հայութեան, բայց մանաւանդ՝ կռուող տղոց ընտանիքներին, տեւաբար ու ամեն օր յայտնել ու հաւաստիացնելը որ՝ յաղթո՛ւմ ենք, սա հրէշութիւն չէ, բա ի՞նչ է:

Սա աւելի շատ մահերու, մարդկային յաւելեալ կորուստների պատճառ հանդիսանալ չէ, բա ի՞նչ է:

Ծնողներին խաբել՝ որ իրենց զաւակը յաղթական, փառաւոր մարտերում է, հետեւաբար դուք բան չմտածէք, ամէն բան լաւ է լինելու… լոխ լավա՜… շատ հաւանական է որ ձեր հարազատը, ոչ միայն ողջ է, այլ գոհ եւ ուրախ է, բախտաւոր է, վայելում է յաղթական կռիւները… սա, ինչ ա՞:

Ու այդպէս, փոխանակ պարզապէս՝ մարդավարի նահանջ մը կազմակերպելու…

Երբ որ դուն կամ քո զաւակը չէ՛ք, որ այդպէս, մէկ ու կէս ամիսներ, ակնյայտօրէն անհաւասար ուժերով կռիւների մէջ խրած ե՛ւ անկազմակերպ ու անատակ ղեկավարութեան ներքոյ՝ զանգուածային սպանդի, կարգին ջարդի ենթարկուած են, պարզապէս՝ ողջակիզուող այդ տղոց մասին մտածելու: Զիրենք անյապաղ դուրս բերելու՝ դժոխքից:

Իսկ այդ ամէնէն ետք, հիմա էլ, զոհերի ընտանիքներին՝ այ՞ս վարկածն էք հրամցնում…

Այ՞ս է, որ զիրենք պիտի մխիթարէ… Սփոփէ, նրանց խորտակուած հոգին:

Որ՝ ոչ միայն իրենց զաւակը զոհուեցաւ պատերազմում, այլ զայն սպաննողը… հայերն էին:

Հոյակապ:

* * *

Բայց գիտէք ի՞նչ, եկէք ձեզի հաւատամ:

Ենթադրենք, ասենք որ, հա, այդպիսի մի միջադէպ պատահել է:

Մէկը, մի պահ, զինուորի մը ասել է որ՝ կեանքդ փրկէ, քանզի արդէն անիմաստ է կռուիլը:

Ես կ’ուզէի ըլլալ, այդ անձը: Երանի թէ ես, այդ առիթը ունենայի:

Արդարեւ, քանի որ երեւակայութեան ու վարկածների ոլորտում ենք, ես ալ ուրեմն կը մտածեմ թէ՝ այդ յորդորը կատարող անձը, այդ կերպով ուզում էր երեխային կեանքը փրկել: Ինք լաւ գիտնալով, որ անհնար է յաղթել այդ պատերազմին: Նկատի ունենալով թէ որքան խառնուշփոթ, որքան քաոսային էր, մեր վիճակը:

Մինչ երեխան, քաջաբար, չէր ուզում դիրքը լքել: Հաւատալով ՝ պետականութեան պատրանքին… արծրունական քարոզչութեան…

Ես ի՛նքնս որւեմն, այդպէս կ’անէի: Փախուստի այդ յորդորը կատարող, այդ վարկածային մարդուն պէս:

Գոնէ մէ՛կ կեանք կարենալ փրկելու համար, տուեալ պայմաններուն մէջ:

Որեւէ բան կ’ասէի, որպէսզի երեխան նահանջէ:

Երբ որ արդէն շատ յստակ էր, թէ ո՞ւր է գնում այդ պատերազմը: Մինչ քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնները, տեւական ու համակարգային կերպով, բացառապէս ու միայն՝ ստո՛ւմ էին, այդ ուղղութեամբ:

Երանի թէ աւելի մեծ թիւով, մեր զինուորները փախչէին: Եւ մանաւանդ՝ աւելի շուտ:

Բարոյական յաղթանակն ալ, ձե՛զի պահէիք:

* * *

Ընդգծենք այստեղ, թէ այնպէս մըն ալ չէր, որ ամէն մարդ որ կարող էր կռուիլ՝ կռուեցաւ:

Որեւէ տարիքի անձերէ շատեր, ի սկզբանէ, մնացին ռազմադաշտից բաւական հեռուները:

Սակայն երեւի, մանաւանդ քառասուն տարեկանից աւելի մեծերն են որոնք, բացառիկ հրաշքով, բոլորն էլ անվնաս մնացին…

* * *

«Ել տղաս, ե՛լ: Ել

Դու էլ գնա տուն:

Գնա տուն, քանզի արդէն ղեկավարութիւն չկայ: Միս-մինակդ ես անում ամէն բան:

Եւ շատեր կան որոնք արդէն վաբշե չներկայացան իսկ՝ ռազմաճակատ, ռազմադաշտ…

Բայց… չես հասկանո՞ւմ…

Չես ուզում հաւատալ…

Այդպէս մի յամառի՛ր, տղա ջան… պարապ տեղը ինքնասպան մի ըլլար… ի զուր է

… մտածէ՝ կնոջդ, զաւակներուդ, ծնողքիդ…

բայց էլի չես ուզում…

ասում ես թէ՝ չէ՜, չէ… Պետութիւնը եւ Զօրավարները, իմ հետս են… պիտի՛ որ մինչեւ ծայր կռուիմ…  դա է իմ կոչումը, իմ պարտականութիւնը… պիտի որ անայլայլ ծառայեմ Պետութեանս եւ Բանակիս… երդո՛ւմ եմ տուել… Պատի՛ւ Ունեմ…

հա… Պատիւ Ունես…

կառավարութեան անդամներին նման, հա՞… որոնցմէ միմիայն մէկ հատը, գոնէ նախապէս որոշ կապ մը ունեցած էր Բանակին հետ… մնացեալները՝ ո՛չ մի կապ… ալ ուր մնաց որեւէ ռազմական գիտութիւն, որեւէ փորձառութիւն, պատերազմ տնօրինելու տարրական իսկ կարողութիւններ

այդ քո մարտական երդումին, Սրբազան Ուխտին բառերով, դու Պատիւ Ունե՛ս, տղաս… դա հաստատ ու անկասկած…

սակայն վստահաբար ոչ՝ սպայակազմի վերնախաւին այդ հաստավիզ ու լայնափոր – թէպետ ընդմիշտ անկուշտ – թուլամորթները… յոգնած եւ ամուլ գոմէշները… որոնք պատերազմը մղեցին, դիւցազներգական խիզախութեամբ՝ պունքերին մէջէն… Տիկին Աննային հետ…

լաւ… որ այդպէս է, որ քո անշէջ խանդավառութեան մէջ, քո մատղաշ գաղափարապաշտութեան պատճառով, դու չես հասկանում իրականութիւնը, ուրեմն ես էլ աւելի հնարամիտ, պատկերաւոր լեզուով խօսամ… որպէսզի կարենամ քեզ համոզել…

ուրեմն, լսի՝ ԾԱԽԵ՛Լ ԵՆ, տղաս…

հա, հա.. ծախել են արդէն…

ի՞նչ ասըմ… միայն այս կերպով է որ դու թերեւս հասկանալու ես, որ պէտք է այլեւս նահանջես… մինչ քո այդ երեւակայած իշխանաւորների, բարձրաստիճան սպաների համար, որոնք հանգիստ բազմած են իրենց սենեակներում՝ նշոյլ մը իսկ արժէք չունի, քո կեանքը… անոնք թքած ունեն, քո հերոսութեան վրայ

ուրեմն հա, ե՛ս էլ քեզ խաբեմ… ու ասեմ որ՝ ծախել են…

բայց գոնէ իմ սուտս, ի տարբերութիւն արծրունական պետական սուտերին՝ քո կեանքը կը փրկի… եւ ոչ թէ հակառակը, եւ ի զուր…

ուրեմն, դու էլ գնա տուն, տղաս… վերադարձիր քո ընտանիքին… դեռ կեանքդ քո առջեւն է…

դեռ լինելու են ուրիշ մարտեր, ապագայում…

երբ որ պահը գայ նորից գայ, թէ որ ուզենաս, կը վերադառնաս ռազմաճակատ…»

* * *

Ահա թէ ես ինչ կ’անէի, ինչ կ’ասէի, եթէ այդտեղ գտնուէի:

Պատերազմէ սկսելէն՝ հազիւ մէկ շաբաթ ետք:

Կ’ափսոսամ – նոյնիսկ կը խղճահարուիմ – միայն, որ այդ առիթը չունեցայ:

* * *

Այս սուրբ նիւթը դադրեցէք այլեւս քաղաքականացնել: Այդ ալ, այդքան կոպիտ, որքան լկտի ու գռեհիկ կերպով:

Աստուծոյ սիրոյն, դադրեցէք:

Ամօթ է: Անմարդկային է:

Բառին հոգեւորական իմաստով՝ մեղք մըն է:

Միեւնոյն գարշելի հեքիաթները, գրեթէ բառ առ բառ, փաշինյանիսթները կը պատմէին՝ ի միջի այլոց 2016-ի պատերազմէն առաջ, այդ պատերազմի ընթացքին, ու դեռ անկէ վերջ: Ականջներովս եմ լսել: Շուշիի մէջ: Ամենաանսպասելի կերպով…

 * * *

Պատերազմի ընթացքին արդէն, Գլխաւոր Հրամանատարը, հանրային կերպով, խօսեցաւ դաւաճանութեան մասին:

Մօտ երկուուկէս տարիներ ետք, տակաւին՝ ոչ մէկ դատավարութիւն, ոչ թէ տեղի չէ ունեցած, այլ՝ չէ սկսա՛ծ անգամ:

Ներողամիտ եղէք, որ բոլոր հայերս չենք, որ՝ հալած իւղի պէս – ինչ եմ ասում, տաքուկ մեղրի՛ նման -, որպէս բացարձակ ու անվիճելի Ճշմարտութիւն, կուլ կու տանք իշխանաւորների խօսքերը:

Նաեւ թոյլ տուէք որ Պարոն Արծրուն մը, բոլորս չհամարենք որպէս՝ անկեղծութեան, ճշմարտախօսութեան, հաւատալիութեան հմայիչ մարմնաւորումը…

Խորհրդապահ ու խորհրդաւոր, առեղծուածային հետապնդումները, վստահաբար բաւարար չեն՝ պետական մակարդակով, հանրային հրապարակի վրայ եւ համայն աշխարհին առջեւ՝ այդքան լուրջ ու ծանր զրպարտութիւններ հնչեցնելու համար: Ալ ուր մնաց՝ վճռական հաստատումներ…

Մէկ հոգի գոնէ, մէկ նշանակալից անձ, իսկական ու մարդավարի դատավարութեան մը ենթարկեցէք, մենք էլ կարողանանք գոնէ տեսնել թէ, շարասիւն-մարասիւն, ինչի՞ մասին էք խօսում:

* * *

Չէ, ալ կը բաւէ:

Երբ որ – կամ եթէ – լուրջ ու իսկական, հաստատ փաստեր ունենաք, բարեհաճեցէք զանոնք պարզել, ներկայացնել:

Թէ ոչ, այս զզուելի յիմարութիւններին վերջ դրէք:

Առ ի նուազագոյն յարգանք՝ մեր նահատակներին:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

19 Մարտ 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Դէպի Երկի՛ր

Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

Թուրքհայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

«Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

Կտակն է Նահատակներուն – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու դողը երկնքում – 26.02.2021

«Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

Մարուխեան, Forever (1999)

Անկախութեան Օտարումը (1996)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Մերկացած Սուտը (1992)

Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

«Partir, revenir»…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Շուշի

Artsakh TV/ «Շուշի»հաղորդում, 2018 (Ճամբար/14րդ տարի) (Video)

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Կտակն է Նահատակներուն – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու դողը երկնքում – 26.02.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

Մնալ արթուն – 19.02.2019

Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

Շուշիի ազատագրումը (2002)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք