Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:
Իսրայելի վրայ այսօրուայ, խեղճ պաղեստինցիներուն – թէկուզ տպաւորիչ, նոյնիսկ յուզիչ – յարձակումը, պարզապէս խոշոր տեսակի՝ suicide-attack մըն է:
Որուն գինը շատ ծանր կերպով պիտի վճարեն, անգամ մը եւս եւ ըստ սովորութեան, պաղեստինցի ժողովուրդը: Եւ դեռ քիչ մը ալ աւելին, քանի որ Նաթանյահուն վստահաբար առիթը պիտի օգտագործէ, առաւելագոյն «մաքրագործում» կատարելու համար:
Մինչ, որեւէ արաբական երկիր, ոչ ալ Պարսկաստանը, բան մըն ալ չըրին եւ բան մըն ալ պիտի չընեն՝ գետնի՛ վրայ, միանալու համար այդ յարձակումին:
Իսրայէլը թող յարձակի Իրանի վրայ, նոյն առիթով Ադրբեջանը թող մտնէ Իրան, եւ Իրանի վրայով թող բանան թրքական միջանցքը: Արդէն միլիոնաւոր ազերիներ կ’ապրին Իրանի ճիշդ այդ, Ադրբեջանի սահմանամերձ, հիւսիսային տարածքներում:
Հայաստանն ալ, շունչ մը կ’առնէ գոնէ…
—–
« Ադրբեջանն ամբողջությամբ վերադարձրել է իր տարածքները. այս մասին հայտարարել է Իրանի Զինված ուժերի գլխավոր շտաբի պետ, գեներալ-մայոր Մոհամմադ Հոսեյն Բաղերին՝ մեկնաբանելով Արցախում տեղի ունեցած վերջին իրադարձությունները, գրում է Mehr-ը։ »
«Այն, ինչ մինչ այժմ արել է Ադրբեջանը, դա իր տարածքային ամբողջականության վերականգնումն է։ Վերջին շաբաթների իրադարձությունների շնորհիվ նա կարողացավ վերականգնել լիարժեք ինքնիշխանությունն ու տարածքային ամբողջականությունը»,- ասել է իրանցի գեներալը։
Այս է ուրեմն, որոշ լիբանահայերու շատ սիրելի Հըզպալլայի տէրերուն դիրքը…
Եւ այն պետութիւնը, որուն վրայ դրած են հիմա իրենց յոյսերը, հայաստանցիները:
Կը յուսամ որ Իսրայէլի յայտարարած պատերազմը չ’ուղղուիր դէպի մեր խեղճ Լիբանանը, այլ յարձակումը կը կատարուի ուղղակի՝ Իրանի վրայ:
Նոյն առիթով, փոխանակ Հայաստանի վրայ յարձակելու, Ադրբեջանը թող մտնէ Իրան, եւ այդտեղէն թող բանան թրքական միջանցքը: Արդէն միլիոնաւոր ազերիներ կ’ապրին Իրանի ճիշդ այդ, հիւսիսային շրջանին մէջ:
Հա, մէյ մըն ալ՝ Իրանը շիիթ է, եղեր, մինչ Թուրքիան՝ սիւննիթ է…
Շատ բարի…
Սակայն երբ որ նիւթը կը վերաբերի հայերուս, այդ զանազանութիւնը որեւէ օգուտ չունի:
Շիիթներն ալ, սիւննիթներն ալ, սիւննէթնե՛րն ալ, նոյն… շի՛թն են, երբ որ այդ – խորքին մէջ յարգելի – վարդապետութիւնները կլման կ’անջատուին հոգեւորական ոլորտէն, եւ կը տեղափոխուին գաղափարաբանական, քաղաքական եւ մարտական դաշտ:
Իսկ մոլեռանդ բոլոր մահմետականներուն համար, նոյնիսկ եթէ իրենք իրարու դէմ կը կռուին, իրենց միշտ պիտի միացնէ իրենց միացեալ մոլեգին ատելութիւնը, բնազդային գազանութիւնը՝ քրիստոնեաներուն նկատմամբ:
Արաբական բոլոր երկիրներ, եւ Պարսկաստանը, իրենց տեղերը անշարժ նստած, կը դիտեն կոր միայն պաղեստինցիներուն յարձակումը Իսրայէլի դէմ: Անոնցմէ որեւէ մէկը չմիացաւ այդ մարտական գործողութեան:
Միայն Հըզպալլահ կոչեցեալ, լամպաները այրածների զզուելի հաւաքածոն, ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջէն, հրթիռներ կ’արձակէ Իսրայէլի դէմ:
Որպէսզի, անգամ մը եւս, Իսրայէլը մուխը մարէ Լիբանանին: Արդէն կարծես շատ մուխ մնացած է այդ խեղճ երկրին մէջ – ծննդեան հայրենիքս – :
Օր մը վերջապէս հանգիստ պիտի ձգե՞ն, սա Լիբանանը… ե՞րբ… երբ որ երկու հատ խճաքար մնայ միայն այդ երկրին մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիութիւնը բնաւ չի նշանակեր որ Լիբանանի Հըզպալլայի ղեկավարները լիբանանցի են:
Պարզապէս, արտաքին հաշիւներով Լիբանանը քայքայողներու երկա՜ր ցանկին՝ ցարդ վերջին ու ամենացայտուն, քանդիչ ուժն է՝ նենգ ու վախկոտ Պարսկաստանին ծառայող, այդ վոհմակը:
Դիմացի՛ր Լիբանան: Ասոր ալ, դիմացիր: Ես քո ցաւը տանեմ…
Պաղեստինի «Ուեսթ Պէնք» շրջանին մէջ, ի տարբերութիւն Կազա-ին, նուազագոյն չափով միայն Իսրայէլը քօնթրօլ ունի – արբանեակներով եւ լրտեսներով միայն – :
Մինչ այդտեղ, որոշակի հեղինակութիւն եւ ներկայութիւն ունի՝ Իրանը, իր նշանաւոր Հըզպալլահին միջոցաւ:
Սակայն այդտեղէն ալ, Ուէսթ Պէնքէն, ոչ մէկ հրթիռ արձակուեցաւ Իսրայէելի վրայ, ոչ ալ – ծովային ճամբով եւ թիւնելներով – որեւէ ներխուժում չկատարուեցաւ՝ Իսրայէլի տարածք:
Կազա-ն է որ հիմա պիտի ստանայ միայն Յահվէական դժոխային պատիժը…
Խեղճ պաղեստինցիներ…
. յաւելում, 09 Հոկտեմբեր 2024 ՝
[Վերեւի այդ] գրառումէս ի վեր, մի քանի կրակոցներ եղան՝ այդ Սիսժօրտանի կոչուած հսկայական տարածքէն: Սակայն Կազայի վիճակին բաղդատած, Պաղեստինի այդ բաժինը կը մնայ հանգիստ ու խաղաղ…
Ի դէպ, Սիսժօրտանի կը կոչուի, քանի որ սահմանակից Յորդանանին մէկ մասնիկն է:
Մինչ, այդ ամբողջ Յորդանանը, իրականութեան մէջ՝ Պաղեստի՛ն է:
Եւ այդ պատճառով է որ այդ արաբական շինծու «թագաւորութիւն»ը ծպտուն չի հաներ, երբ որ Իսրայելը կը յարձակի պաղեստինցիներուն վրայ:
Այժմու պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ թոյլ չտուաւ որ իր վրայէն անցնին Իրանի արձակած հրթիռները դէպի Իսրայէլ:
Յորդանանին վախը այն է որ, պաղեստինցիները կրնան – դարձեալ – պահանջել իրենց հողերը, որուն վրայ կը գտնուի այդ երեւակայական երկիրը: Անապատային միրաժը:
Մէկ հատ դուք ձեզի գտէք տեղեկութիւնները, թէ ինչպէս Յորդանանի մէջ, այդ նախկին զզուելի, կիւչչիւկ «թագաւորը», ջարդի ենթարկեց պաղեստինցի ֆետայիները… կուկըլ ըրէն՝ Jordan Black September
Իրանի ռազմական ուղիղ յարձակումը՝ Իսրայէլի դէմ, սկսաւ:
Որոշ տեսանկիւնէ մը, թերեւս Իսրայէլի ուզածն էր, այս յարձակումը: Որպէսզի առիթը ունենայ Իրանը քանդելու:
Քանզի եթէ բախումը, տարողութեամբ եւ ժամանակի մէջ՝ չսահմանափակուի, հաւանական է որ Իրանը պարտուի: Որպէս պետութիւն, անէանայ, կամ ալ դառնայ խամաճիկը ԱՄՆին – ինչպէս որ էր արդէն, ոչ այդքան ալ հեռաւոր անցեալին, Շահի վախտ – :
Իսկ այդ պարագային, հենց որ Իրանը լման հաշիւէն դուրս ելլէ, թուրքերու լայնածաւալ յարձակումի շարունակութիւնը՝ Հայաստանի վրայ, չափազանց հաւանական է:
Յուսանք միայն որ այդ թրքական յարձակումի վերաբռնկումը չսկսիր, Իրան-Իսրայէլ պատերազմի ընթացքին իսկ արդէն: Այսինք, եկող օրերուն:
* * *
14 Ապրիլ 2024
Իրանի եւ Սուրիոյ սարսափը՝ Լիբանան Փիւնիկին վերակենդանացման անմիջական հնարաւորութեան դիմաց:
« Կը յուսամ որ Լիբանանս ալ՝ այդ առիթը կ’օգտագործէ, ազատագրուելու համար Իրանի լուծէն: Իր մէջէն մաքրելով այդ հըզպալլա ժահրը, քանսերը:
Ու անկէ ետք, եթէ սիւննիթներն ու մնացորդ քրիստոնեաները յաջողին իրարու հետ լեզու գտնել՝ Փիւնիկը դարձեալ կեանք կ’առնէ: »
Քիչ առաջ լսեցի հետեւեալ լուրը – հաւաստի աղբիւրներով ստուգուած – ՝
Հըզպալլան եւ իր դաշնակից սուրիական տարրերը Լիբանանի մէջ՝ առեւանգած, ապա դաժանօրէն սպանած են, Լիբանանի մնացորդ քրիստոնեաներու հիմնական կազմակերպութեան, «Լիբանանեան Ուժեր»ու, ղեկավար մը: Դիակը, Սուրիոյ մէջ գտնուած է:
Երեւի իրենք ալ լաւապէս հասկցած են, իրենց համար հետզհետէ յստակացուող վերոնշեալ վտանգը…
Եւ հետաքրքրական է որ, այնքան տկարացած են, որ կը վախնան նոյնիսկ՝ այդ կմախքային դարձած հակա-Իրան/հակա-Սուրիա լիբանանեան կազմակերպութենէն:
Ցաւալին այն է, միայն, որ հաւանաբար Թուրքիան ալ պիտի մասնակցի Լիբանանի ազատագրումին՝ Իրանի եւ Սուրիոյ ճիրաններէն:
Բայց, դեհ… Գոնէ նուազ ցաւալի է, քան թէ տեսնելը թէ ինչպէս, Հայաստան անունով երկիր մը, իյնալու վրայ է՝ նոյն Թուրքիոյ գիրկը:
Թերեւս – քի՜չ մը – օգտակար կրնայ ըլլալ, ոմանց… (բայց կրնայ նաեւ հակառակ ազդեցութիւնն ալ ունենալ…) ՝
Փորձել դիմանալու համար այս պահին, Լիբանանի պատերազմին ամենաահաւոր օրերու նկարները եւ վիտէօները կը դիտեմ կոր, Կուկըլ-Իմըճըզի եւ Եութուպի վրայ…
Անձնական քասէթ մըն ալ ունիմ, Արեւմտեան Պէյրութի մեր տունի պալքօնին վրայ, գիշերուան մէջ արձանագրուած, կրակոցներու եւ ռմբակոծումի ձայներուն: Բայց գործիքը չկայ, որ կարենամ մտիկ ընել… Եթէ ժապաւէնը փճացած չէ արդէն… (Տարօրինակ է, սակայն. այդ քասէթը եթէ մտիկ ընեմ, տիրապետող զգացումս… սփոփանք պիտի ըլլայ, ուրախութիւն. քանի որ այդ ժամանակներուն, եւ անկէ ետք դեռ մինչեւ մօտակայ անցեալին, քոյրս, մամաս եւ պապաս, ողջ էին… եւ շա՜տ ուրիշներ… շատ, շատ…)
Կը յուսամ միայն որ մնացած կեանքիս ընթացքին, նոյնանման կացութեան մը մէջ, Արցախի վերաբերող վերջին տարիներու եւ այս մանաւանդ այս պահի վիտէօները պիտի չդիտեմ…
Արաբական բոլոր երկիրներ, եւ Պարսկաստանը, իրենց տեղերը անշարժ նստած, կը դիտեն կոր միայն պաղեստինցիներուն յարձակումը Իսրայէլի դէմ: Անոնցմէ որեւէ մէկը չմիացաւ այդ մարտական գործողութեան:
Միայն Հըզպալլահ կոչեցեալ, լամպաները այրածների զզուելի հաւաքածոն, ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջէն, հրթիռներ կ’արձակէ Իսրայէլի դէմ:
Որպէսզի, անգամ մը եւս, Իսրայէլը մուխը մարէ Լիբանանին: Արդէն կարծես շատ մուխ մնացած է այդ խեղճ երկրին մէջ – ծննդեան հայրենիքս – :
Օր մը վերջապէս հանգիստ պիտի ձգե՞ն, սա Լիբանանը… ե՞րբ… երբ որ երկու հատ խճաքար մնայ միայն այդ երկրին մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիութիւնը բնաւ չի նշանակեր որ Լիբանանի Հըզպալլայի ղեկավարները լիբանանցի են:
Պարզապէս, արտաքին հաշիւներով Լիբանանը քայքայողներու երկա՜ր ցանկին՝ ցարդ վերջին ու ամենացայտուն, քանդիչ ուժն է՝ նենգ ու վախկոտ Պարսկաստանին ծառայող, այդ վոհմակը:
Դիմացի՛ր Լիբանան: Ասոր ալ, դիմացիր: Ես քո ցաւը տանեմ..
Հ.Օ.Մ.-ը, համաշխարհային Ընդհանուր Ժողով գումարած է, Քանատայի մէջ: (Տարիներ առաջ կ’ըլլայ կոր, ասիկա…)
Ուրեմն, բազմաթիւ երկիրներէ, պատգամաւոր հօմուհիներ եկած են: Ներառեալ, Իսրայէլ-էն:
Հաւաքի սրահին բեմին վրայ, այդ բոլոր երկիրներուն դրօշակները կան:
Հրաւիրած են որ խօսք առնէ՝ Լիբանանի այդ օրերու նախագահին կինիկը: Այսօրուայ նախագահին պէս, իր աթոռին համար ինքզինք ու իր ազգը ծախած, անամօթ, անպատիւ, մարօնիթ նախագահին կինը:
Եւ այդ պատճառով, Իրանին ծառայող Լիբանանի նախագահին յիշեալ տիկինը երբ որ բեմ կ’ելլէ, պէտք է որ… ծածկենք Իսրայէլի դրօշակը !
Իր «Մեծն Սուրիոյ» երազանքով, Սուրիան ամէն ջանք կատարեց (ներառեալ՝ բնակչութեան խիտ թաղերու ռմբակոծումը, ռազմական օդանաւներով), ուղղակի բռնագրաւելու համար Լիբանանը:
Ձախողեցաւ: Չհասաւ իր այդ մուրազին:
Ուրեմն սպանեց՝ դեռ նոր նախագահ ընտրուած Պաշիր Ժըմայելը, որ կը մարմնաւորէր միակ ու վերջին յոյսը՝ որ Լիբանանը դարմանուէր, վերականգնէր, դառնար մարդավարի երկիր մը:
* * *
Յետոյ Իրանը, նոյն այդ Սուրիոյ գործնական օժանդակութեամբ, սպանեց՝ Րաֆիք Հարիրի վարչապետ: Որ վերջապէս կարողացած էր յուսադրիչ ընթացքի մը մէջ դնել Լիբանանի վերականգնումը:
Եւ արդէն քառորդ դարէ ի վեր, այդտեղէն դուրս հանելէ ետք հարազատ լիբանանցի զինեալ ուժերը, Իրանը բռնագրաւած է Լիբանանի հարաւը: Եւ իր քօնթրօլին տակ արած է Լիբանանի կոտրտուած, երեւութային ու ձեւական դարձած, մեռած պետութիւնը:
Այսօր, օրինապէս, ըստ իր Սահմանադրութեան՝ Լիբանանը չունի խորհրդարան, չունի կառավարութիւն, չունի նախագահ: Իսկ բանակի մասին խօսիլը արդէն ճօք մըն է:
Լիբանան չկայ: Կայ միայն՝ Իրանի ստեղծած յատուկ ռազմադաշտը, Իսրայէլի դէմ իր բախումին համար:
Իսկ հակա-իսրայէլ մի քանի արաբներուն եւ Իրանի ետեւը՝ Ռուսաստա՛նն է:
Որ արդէն մեր Արցախը ծախեց, եւ ՀՀի մնացորդն ալ պիտի խորտակէ, Թուրքիոյ հետ իր հաշիւներուն համար:
Վերեւ պարզուած տարրական բացատրութեան լոյսին տակ հետեւեցէք այժմու լուրերուն: Խօսքս ուղղուած է ուղղամիտ հայերուն, եւ ոչ թէ՝ այլազան հաշիւներ ունեցող «ղեկավարներուն» – ՀՀի եւ Սփիւռքի մէջ – :
Այսինքն այդ երկիրը, իմ ծննդեան հայրենիքս է: Ընդմիշտ եւ յաւիտեան:
Այդտեղ, մանկութեանս եւ պատանեկութեանս օրերուն, ճանչցած եմ՝ Հայ Ազգ մը, զորս մեյ մըն ալ չգտայ ու չեմ գտներ որեւէ այլ տեղ, այս աշխահին մէջ, ներառեալ Արցախ եւ ՀՀ (հետեւաբար չեմ գիտեր եթէ ատիկա բախտաւորութիւն մըն էր, թէ անէծք մը…)
Քաղաքացիական ներքին պատերազմին եւ անոր առնչուող միջազգային պատերազմներուն ընթացքին, որոնք սկզբնապէս տեղի ունեցան Լիբանանի մէջ, մէկ տարի ընդմիջումով, Լիբանանի մէջ ապրած եմ՝ 1975էն մինչեւ 1982 :
Այդ ալ, Արեւմտեան Պէյրութ: Այն ժամանակ կիսուած քաղաքին՝ մահմետական բաժինին մէջ:
Այդտեղ կը գտնուէի տակաւին, երբ որ Ցահալը առաջին անգամ ներխուժեց:
Մնացի այդտեղ, այդ յարձակումին եւ կռիւներուն ընթացքին՝ 06 Յունիսէն մինչեւ 15 Օգոստոս 1982 : 16 տարեկան էի:
Ի դէպ, նշեալ ժամանակամիջոցին, ի տարբերութիւն այդտեղ բռնուած, մեկնելու որեւէ այլընտրանք չունեցող՝ սուրիահայերուն եւ պարսկահայերուն, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի անցագիրներիս գրպանիս մէջ, ես շատ հեշտօրէն կրնայի անցնիլ քաղաքին քրիստոնեայ կողը, ես ալ երթալ ու վայելել Ճիւնիի ծովեզերքը, սինեմաները, ճաշարանները… ինչպէս որ ըրին լիբանահայ տարեկիցներուս եւ ընդհանրապէս մեր այդ թաղերուն մէջ բնակող հայերուն՝ 95%ը… անոնք որոնք, տարինե՜ր առաջ, վերջնականապէս չէին տեղափոխուած արդէն գանատաները, ֆրանսաները, ԱՄՆները:
* * *
Այն լիբանահայը, որուն տարիքը այսօր 55էն պակաս է, ԵՒ որ չէ ապրած, գետնի վրայ, տեղւոյն վրայ, Լիբանանի սկզբնական պատերազմներուն գոնէ մի քանի տարիները՝ իր xՌէ՛ն-գլուխէն տեղեակ չէ, թէ ինչի մասին կը խօսի կոր:
Կարծես թէ իրապէս ուրիշ մոլորակի մը վրայ եմ, երբ որ կը հանդիպիմ քսաննոց, երեսուննոց լիբանանցիներու (ո՛չ միայն հա՛յ) տենդոտ «կարծիքներուն», Լիբանանի վերաբերեալ:
. Երկու օր առաջ, Իսրայէլը ռմբակոծեց Լիբանանի մէջ գիւղ մը, որ շատ հեռու է Լիբանանի այն տարածքներէն զորս, Հըզպալլայի միջոցաւ, Իրանը բռնագրաւած է ուղղակի հողային իմաստով:
Քրիստոնէական տարածաշրջան մըն էր, թիրախը:
. Լիբանանի բնիկ ժողովուրդ՝ քրիստոնեաները, դժբախտաբար միասնական չեն, Իսրայէելի նկատմամբ իրենց դիրքորոշումներով:
. Հետեւաբար, բացատրութիւն մը կրնայ ըլլայ այն, որ հըզպալլացի ղեկավարներ պահուըտած էին այդ քրիստոնէական գիւղին մէջ:
. Սակայն կրնայ ըլլալ որ հարուածը՝ ուղղակի այն
քրիստոնեայ ուժերուն դէմ էր, որոնք Իրանի եւ Սուրիոյ collaboratorներն են:
Այս պարագային, Իսրայէլի նպատակը կրնայ ըլլալ՝ խփել այն բնիկ լիբանանցիները որոնք կը համագործակցին Իրանի եւ Սուրիոյ հետ:
Որպէսզի ատկէ օգտուին՝ անոնց հակադրուող, Լիբանանի ազատագրումին տենչացող, հարազատ լիբանանցիները:
Որովհետեւ Պապաս եւ Մամաս նախ եւ առաջ, ամենահրատապ կերպով, կ’ուզէին մեզ դուրս հանել պատերազմի դժոխքէն:
* * *
Քեսապ ապրեցանք, երեք ամիս:
Տասնըմէկ տարեկան էի:
Առտուընէ իրիկուն, գաւազան մը ձեռքս, լեռներն ու ձորերը կը թափառէի, կը «չափչփէի»:
Պէյրութէն Քեսապ ճամբուն վրայ, Հալեպի շուկայէ մը՝ զըռ կանաչ, լայն (անշուշտ փաթ-տ’էլէֆաններով), ճինզէ տաբատ մը գնած էին ինծի համար:
Զայն կը հագուէի` մինչեւ կուրծքս վեր քաշած, խոշոր գօտիով մը ամուր կապած:
Քանի որ արագօրէն հասակ կը նետէի: Եւ ուրեմն, փոխանակ՝ ոտքերուս մասը նախ կարճեցնելու, ապա պարբերաբար, կարճ ժամանակի մէջ մի քանի անգամ երկարեցնելու, Մամաս կը թողնէր պարզապէս որ, բնական ընթացքով, հասակս հանգրուանաբար համապատասխանէր տաբատին նախնական երկարութեան:
Ուրեմն պէտք է որ սկսէի տաբատը վրաս կապել կրցածիս չափ վեր քաշելով, յետոյ, մօտաւորապէս ամէն ամիս, գօտիին մասը կամաց-կամաց իջեցնել մինչեւ մէջքս: Որպէսզի մինչ այդ, փաթ-տէլէֆաններուս լայն ծայրերուն մուխը չմարի, գետինները քսուելով, աւլելով: Լաւ որ ստիպուած չէի սկսիլ՝ մինչեւ վիզս հանելով գօտիս…
Բայց այնքա՜ն ուրախ էի… բառացիօրէն, այնքան երջանի՛կ էի այդտեղ, որ կը ջանայի ծնողքիս համոզել որ վազ անցնին Քանատայէն, մնանք Քեսապ, մնայուն բնակութիւն հաստատենք այդ սքանչելի հայկական գիւղին մէջ:
* * *
Քեսապի վերեւի ծայրամասը, մեծ բլուրի մը լանջին վրայ կը գտնուէր: Այդտեղի – այն օրերուն, ցանցառ – տուներուն ետին, աւելի վեր որ բարձրանայիր, գագաթէն հազիւ երկու հարիւր մեթր անդին՝ Թուրքիա էր: Կիլիկիա:
(Պապաս այդ – անյայտ – սահմանագծին վրայ, իր երկու թազիներուն հետ, միաժամանակ երկու կաքաւներ օդին մէջէն զարկաւ, որսորդական հոյակապ տուպլէ մը ըրաւ: Բայց ատիկա ուրիշ անգամ կը պատմեմ: )
Իսկ Քեսապի ներքեւը, քալելով, հինգ վայրկեանէն կը հասնէիր՝ թրքական սահմանը: Ուր ընդհանրապէս պահակ իսկ չկար… Ո՞վ պիտի համարձակէր անցակէտը անցնիլ, առանց արտօնութեան…
Քեսապի մեր այս կեցութեան ընթացքին, Պապայիս կապոյտ Տօճ Քորոնէթով, հարկաւոր պաշտօնական թուլատրութեամբ՝ մտանք Թուրքիա:
Հաւանական է որ հայրս այդ պահուն, «ցանկամ տեսնեմ զիմ Կիլիկիա» կ’երգէր… աչքերը արդէն կարմրած ու ջրոտած…
Այդ առիթով է որ կեանքիս մէջ գոնէ մէկ անգամ տեսայ հայրական մեծ-հօրս եւ Պապայիս մանկութեան Պելանը, Իսքենտերունը, էքիզ-Oլուխը: Մայրական մեծ հօրս Ատանան:
Նոր պանդխտութեան դեռ շատ երկար ճամբուն վրայ, դէպի ապագայ երթալէն առաջ, նախ ուրեմն վերադարձանք էին՝ պապենական ակունքներ:
Հակառակ որ օդը տաք էր – սպասաւորը զարմացաւ ու խնդաց, երբ որ ապսպրեցինք – Պապաս պնդեց որ անպայման՝ տաք կաթ խմենք: Մեղրով:
Հաւանաբար իր մանկութենէն յիշատակ մըն էր, որ ուզեց իր մանուկներուն հետ վերապրիլ, այդտեղ: Մամայիս հետ մեղմ ժպիտ մը փոխանակելով…
Քրտնելով, քրտնելով, լաւ մը խմեցինք:
* * *
Վերադարձանք Քեսապ, եւ պահը հասաւ այնդտեղէն Կիպրոս երթալու:
Պապաս դասաւորած էր որ ուղեւորութիւնը կատարենք… նաւով:
Ուրեմն, կապոյտ Տօճ Քորոնէթը նստանք, եւ իջանք՝ Լաթաքիա: Ուր ծով եւ նաւահանգիստ կայ:
Նաւը, ռուսական էր:
Մե՜ծ, սպիտակ, շքեղ նաւ մըն էր:
Սակայն չեմ գիտեր ինչու, մենք եւ մի քանի տասնեակ ուրիշ ճամբորդներ, սենեակներ չունէինք:
Գիշերը անցուցինք սրահի մը մէջ, ուրիշ ճամբորդներու հետ:
Պապաս եւ Մամաս, Լիբանանի պատերազմները սկսելէն ի վեր, օրուայ ընթացքին մեր առջեւ միշտ կը մնային ուրախ, ժպտուն, խանդավառ եւ եռանդուն:
Մենք ալ, ուժ եւ վստահութիւն կ’առնէինք իրենց այդ վիճակէն: Մինչ մեր շուրջ հետզհետէ կը խորտակուէր, կ’անհետանար՝ ամբողջ աշխարհ մը: Մեր մանկութեան լման միջավայրը, կեանքը: Մեր մանկութիւնը, ինքնին:
Այդ գիշերը, Լիբանանէն դէպի Քանատա մեր արտագաղթի ճամբուն վրայ, մեզ – Քեսապով եւ Լաթաքիայով – ՝ Կիպրոս տանող այդ ռուսական նաւին վրայ, հասկցայ որ մեր առջեւ ծնողքիս ցուցաբերած այդ անհոգութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, իրական չէին: Իրենց զաւակները «խաբելու» համար էին:
Արդարեւ, մինչ՝ Վաչէին եւ Ցոլինէն հետ անկիւն մը, գետինը կծկուած, կը քնանայինք, պահ մը յանկարծ արթնցայ: Մինչեւ քունիս մէջ իսկ, անհանդարտ երեխայ էի…
Եւ կիսաբաց աչքերովս յանկարծ տեսայ, այդ պահուն՝ Պապաս եւ Մամաս:
Իրենք չէին քնացած, որպէսզի հսկեն մեր վրայ, քանի որ սեփական սենեակի մէջ չէինք: Եւ կարծելով որ երեքս ալ, շնորհիւ ծովային օրօրումին, խոր քունի մէջ ենք, դադրեցուցած էին իրենց վերոյիշղեալ, այդ ծնողական դերասանութիւնը: Թէ՝ ամէն բան շատ լաւ է, շա՜տ լաւ պիտի մնայ, եւ դեռ աւելի՛ լաւ պիտի ըլլայ:
Եւ ուրեմն այդ պահուն, իրենց դէմքերը դարձած էին… անճանաչելի:
Յետոյ Քեսապէն (հիւնկիւր-հունկիւր լալով, հեծկլտալով) մեկնեցանք, ու վերադարձանք Պէյրութ. որպէսզի ապրանքներ մը հաւաքենք, մեր հետ տանինք Նոր Աշխարհ:
Մինչ տակաւին կը սպասէինք Քանատա ներգաղթելու մեր թուղթերը, Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր – եւ խաբուսիկ – զինադադար մը եղաւ:
Ծնողքս, պահ մը դարձեալ յոյս առաւ, որ թերեւս կրնանք չտեղափոխուիլ ուրիշ երկիր:
Դեռ այն ժամանակներն էին երբ, ահաւոր բախումէ մը վերջ տեղի ունեցող բրտութեան ընդհատումը, արիւնահեղութեան առկախումը, լիբանանցնիները կը կոչէին ու կը հաշուէին որպէս՝ «րա’ունտ»:
Առաջին րա’ունտ, երկրորդ րա’ունտ, երրորդ րա’ունտ … Ինչպէս որ բռնցքամարտի մրցախաղին մէջ:
Ուզելով հաւատալ որ այդպէս, բացի KOի պարագային, ամէնաուշը՝ տասնըհինգերորդ roundին, ո՛ւֆ, ամէն բան պիտի վերջանայ:
Սակայն յետոյ ամէն մարդ հասկցաւ որ որեւէ KO, բան պիտի չփոխէ. քանի որ զիրար բզկտող ուժերը երկու կողմեր չէին միայն, այլ բիւրաւոր ու այլացան հոսանքներ: Եւ նոյնիսկ երբ որ այդ բոլորէն մէկը «խաղէն դուրս ելլէ», իր տեղ մի քանի նորերը պիտի մէջտեղ գան, մշտապէս:
Եւ ուրեմն յստակ դարձաւ որ՝ տասնըհինգ round չէ, այլ տասնըհինգ տարիներէ՛ ետք իսկ պիտի չվերջանայ՝ այդ հրաշալի երկրին հանգրուանային քայքայումը, խորտակումը, անէացման դանդաղ անողոք, անդառնալի գործընթացը: Զորս տակաւին ընթացքի մէջ է…
Եւ ուրեմն, այդ վերջին հրադադարէն ետք – մինչեւ անհամար յաջորդները – մենք ընտանեօք տեղափոխուեցանք Քանատա:
Ուր մնացինք, մէկ տարի:
* * *
Ապա, այդ ամէնէն ետք… վերադարձանք Լիբանան:
Որովհետեւ ծնողքս մտահոգ էր որ քոյրս, ես ու եղբայրս, մեր տարիքները նկատի ունենալով, Լիբանանէն դուրս, որպէս հայ՝ պիտի կորսուէինք: Պիտի օտարանայինք:
Եւ ուրեմն վերադարձանք պատերազմին մէջ: Ուր ապրեցանք յաւելեալ 7-էն 10 տարիներ:
Մինչեւ որ նախ ես, ապա հանգրուանաբար ընտանիքիս միւս անդամները, դարձեալ ու այս անգամ վերջնականապէս ներգաղթեցինք Քանատա:
Ամառուայ դպրոցական արձակուրդներուն, Լիբանանի Պոլոնիա (Bois-de-Boulogne) գիւղը կ’ելլէինք, ու այդտեղ կ’ապրէինք երկու հոյակապ ամիսներ:
Պապաս ամէն օր գործի կ’երթար՝ Պէյրութ կամ այլ տեղեր, եւ երեկոյեան ետ կու գար: Վստահ եմ որ երբեմն միտքէն անցած է՝ կէսօրին ալ, պահ մը ետ գալ, անուշ սիյեսթա մը ընել («մրափ մը քաշել» ինչպէս որ ինք կ’ըսէր – եւ շատ կը սիրէր ընել -) , ապա ետ երթալ գործի, եւ դարձեալ վերադառնալ տուն, նոյն օրը:
Այդ եղանակին, հազիւ քառասուն քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, ծովեզերային քաղաքին եւ լեռնային Պոլոնիային միջեւ, ջերմաստիճանի տարբերութիւնը՝ գոնէ 10°C էր: Բայց ոչ միայն այդ, այլ քաղաքի այդ ամիսներու անտանելի խոնաւութիւնը, չկար, ամառուայ մեր բնակութեան այդ սքանչելի վայրը:
Առաւել՝ կատարեալ հանգստութիւն, հանդարտութի՜ւն, լուսապայծառ անդորր… մաս-մաքուր օդ… բնութեան շատ գեղեցիկ տեսարաններ, մինչեւ հոյակապ Սաննին լեռը, խորհրդաւոր տեսիլքի մը պէս… հեռու, բայց կարծես թէ որքան մօտ…
Լաւ օրեր էին:
* * *
Այն ժամանակամիջոցի որուն այստեղ կ’ակնարկեմ, հազիւ վեց տարեկան էի, եւ Պապաս ինծի տուած էր իւրայատուկ հրացան մը: Որ կը կոչուէր՝ թըսա’ա-արպաթա’աշ:
Այսինքն, արաբերէնով՝ «9-14»:
Ինչո՞ւ այն անուանումը: Բացատրեմ:
Այդ զէնքը, դասական չիֆթէյի նման՝ երկու միացեալ, երկար, հորիզոնական փողեր ունէր (խողովակներ) :
Սակայն ամէն մէկ խողովակը, տարբեր տրամաչափի փամփուշտ կը կրակէր:
Ձախ խողովակը, կը կրակէր՝ 14 քալիպրի որսորդական փամփուշտ: Ճիշդ չիֆթէյի փամփուշտին նմանող եւ նոյնպէս կազմուած, միայն թէ, աւելի բարակ:
Աջ խողովակը կը կրակէր – աւելի բարակ եւ կարճ -՝ 9 քալիպրի փամփուշտ:
Բայց ուրեմն… խիստ իրաւացի հարց պիտի տայ, պրպտող սուր մտքի տէր, աչալուրջ ընթերցողը… ինչո՞ւ թըսա’ա-արպաթա’աշ («9-14»), եւ ոչ թէ՝ արպաթա’աշ- թըսա’ա» («14-9») :
Որովհետեւ, այն անունը արաբերէնով է: Եւ այդ լեզուն՝ աջէն դէպի ձախ կը գրուի:
* * *
9 տրամաչափի որսորդական փամփուշտ, ընդհանրապէս չունէի: Սովորական չէր, դժուար էր գտնելը խանութներուն մէջ: Երբեմն մէկ-երկու հատ կու տար Պապաս: Բայց գործնական փամփուշտ մը չէր:
Բաւարար տարողութիւն եւ գնդիկներ չունէր, օդին մէջէն անցնող թռչունը կարենալ որսալու համար: Նաեւ, յարաբերաբար աւելի փափուկ խաւաքարտով, գրեթէ՝ թուղթի մէջ պատրաստուած էր, եւ երբ որ կրակէի, երկար պատմութիւն էր դատարկուած բաժինին մնացորդը, քերթելով, ետ դուրս հանելը: (Մետաղապատ տեսակն ալ կար, բայց այդ մէկը գրեթէ անկարելի էր գտնելը, հազիւ մէկ հատ մը ունենալս, կը յիշեմ: )
Ուրեմն, հրացանին մէկ փողը միայն կը գործածէի, 14 քալիպրինը:
Սակայն այդ փամփուշտն ալ , երբ որ կը կրակէի, թէկուզ 9 տրամաչափին պէս, զէնքին մէջ մնացած մասը՝ բզիկ-բզիկ չէր ելլար, այնուհանդերձ անոր ալ դատարկուած բաժինը կ’ենդլայնուէր, կ’ուռէր, եւ շատ ամուր կը սեղմուէր իր տեղը, չեյմպըրին մէջ:
Կարելի չէր զայն այդետէն մատներով դուրս հանել, յաջորդ լեցուն փամփուշտը տեղադրելու համար:
Ուրեմն, հնարամիտ Պապաս ինծի տուած էր յատուկ երկաթէ ձողիկ մը: Մօտ քսան սանթիմեթր երկարութեամբ, ոչ շատ հաստ, բայց երեւցածէն աւելի ծանր:
Փամփուշտին պարունակութիւնը արձակելէս ետք դէպի իր անբախտ ու անյոյս թիրախը, պէտք է որ զէնքը բանայի, փողը դէպի երկինք դարձնէի, եւ անոր վերի ծայրէն, վերոնշեալ մետաղեայ ձողը թեթեւօրէն անոր մէջ, դէպի վար ուղարկէի: Իմաստուն ու ամենագէտ Պապաս, ծայրերը խարտոցով տաշած էր, որպէսզի փողը ներսէն չգծուի, չվնասուի: Այդ հրացանին համար այս անհրաժեշտ գործիքը, կը կոչէինք՝ մասուրա:
Այդպէսով, այդ ձողիկին ճնշիչ քաջալերանքով, սեղմուած դատարկ փամփուշտը՝ քիչ մը դուրս կ’ելլէր, եւ կը կարողանայի մատներովս զայն լման դուրս քաշել: Ձողիկն ալ այդպէսով, նոյն տեղէն դուրս կու գար, ուղղակի ափիս մէջ կը սահէր: Ապա, նոր փամփուշտ մը կը տեղադրէի, եւ կը շարունակէի իմ թռչնասպանական, անխնայ ու անխիղճ գործողութիւններս:
Բայց… թռչուն կայ, եւ թռչո՛ւն կայ, հա:
Միայն ֆըստէյքի կամ ճնճղուկ չէի որսար…
Եւ ուրեմն հոս է որ… հելլէ՛ պէլլէշ ըլ ֆըլըմ:
* * *
Ամառուայ վերջաւորութեան երկու-երեք շաբաթներ կային, երբ պեշիները կը սկսէին երեւնալ ու անցնիլ:
Փոքր արծիւի կամ բազէի նմանող, գիշատիչ թռչուններ էին, այդ պեշիները:
Շատ դժուար էր զանոնք որսալը: Քանի որ՝ մարդ եղած տեղը, անոնք երբեք չէին դադրէր թռչելէ, չէին կանգ առներ՝ գետինը, ժայռի մը կամ ծառի մը վրայ:
Հեռուներէն կը գիտնային արդէն, կը զգային որ մարդ կայ, թէկուզ մէկ անձ միայն, եւ ուրեմն անոր հասնելէն առաջ, ոչ միայն կը մնային օդին մէջ, այլ կը բարձրանային:
Եւ բարձր, շա՜տ բարձր կ’ելլէին, օդերուն մէջ:
Մարդու գոյութեան վտանգին չափին համեմատ, իրենք ալ կը ճշդէին թէ որքան բարձրներէն պիտի անցնին:
Մենք զանոնք կը տեսնէինք ուրեմն, երկու կերպով:
Կամ, երբ որ ուրիշ տեղ կատարած էին իրենց բարձրացումը, եւ երբ որ մեր վրայէն կ’անցնէին, արդէն այնքան բարձր էին, որ առարկայականօրէն անկարելի էր զանոնք որսալը: Փամփուշտի գնդիկները չէին հասներ մինչեւ իրենց:
Կամ ալ – եւ այս էր, միակ առիթը որ ջանայինք զիրենք… վար բերել -, պատահական սխալ հաշիւով մը, տակաւին լման չէին բարձրացած վերնոլորտին մէջ, նոր կը սկսէին այդ փրկարար վերելքի գործընթացը:
Իսկ ամէն պարագայի, թեւերը շարժելով չէ որ կը բարձրանային դէպի վեր:
Ընդհակառակը, իրենց թեւերը լայն կը բանային, ու զանոնք կը պահէին անշարժ:
Ապա, օգտագործելով օդային հոսանքները, կը սկսէին դանդաղօրէն ու լայնօրէն, կլոր-կլոր, լայն կլորներով դառնալ օդին մէջ: Աստիճանաբար դէպի վեր բարձրանալով: Ամէն մէկ լայն շրջանակ որ այդպէս, ծփալով՝ կ’ամբողջացնէին, քիչ մը աւելի վեր հասած կ’ըլլային: Եւ այպէս, կլոր-կլոր, կ’ելլէի՜ն ու կ’ելլէին դէպի վեր:
Մինչեւ որ արդէն որսորդական հրացաններու տարողութենէն շատ աւելի բարձ տեղ հասնին, եւ այդտեղէն շարունակեն իրենց դանդաղ թռիչքը, հեզասահ սաւառնումը, անխռով չուերթը: Մեզ անտեսելով, այլեւս չնայելով անգամ: Կամ ալ, աւելի գէշ՝ մեզ… վերէն նայելով:
Ամէն ամառուայ աւարտին, մեր Պոլոնիային վրայէն այսպէս, հարիւրներով, թերեւս հազարներով պեշիներ կ’անցնէին, բայց որսորդները անոնցմէ հազիւ մի քանի տասնեակը կը յաջողէին զգետնել:
Չէր ուտուեր անգամ, այս շփացած, բարձրակտուց – թէկուզ օձակեր ու մկնակեր -, վայրենի թռչունը: Սակայն բացառիկ trophée մըն էր, փառաւոր աւար մը, որսորդին համար :
* * *
Այդ տարին, Պոլոնիայի մեր այն սեփական տունը չէինք բնակեր, որ նախապէս նկարագրած եմ:
Կ’ապրէինք՝ դէպի Խնչարա տանող ճամբային վերեւի բլուրին մէջտեղերը: Գագաթի հիւրանոցէն քիչ մը առաջ, դէպի աջ ներս մտնող փողոցի մը ծայրը:
Այդ փոքր փողոցին սկիզբի ծայրը՝ Գառնիկ Բանեանը կը բնակէր, իր տիկնոջ եւ իրենց երկու դուստրերուն հետ:
Օր մըն ալ տունէն ելայ, ուշ կէսօրէ ետք: «9-14»ս, ձեռքս: Արեւը մար չմտած, մէկ հատ մը դառնամ, ըսի… տեսնեմ…
Ետեւէս արագ մը Վաչէն ալ ելաւ, միացաւ ինծի: Ոչ իսկ երկու տարիներու տարիքային տարբերութիւն կայ, մեր միջեւ: Եւ ուրեմն այդ ժամանակներուն, ընդհանրապէս միշտ միասին կ’ըլլայինք: (Մինչեւ հիմա ալ, դեռ այդպէս է – մանաւանդ որ մեր նախնական հինգ հոգինոց ընտանիքէն, միայն երկուքս մնացինք այս աշխարհին մէջ -. բայց մեր այդ մտերմութիւնը, կեանքի բնական պայմաններու բերումով, անշուշտ տարբեր ընթացք ստացած է: Առիթը չունինք, մեր մանկութեան օրերուն պէս, անդադար միասին եւ նոյն տեղը ըլլալու: Սակայն կը մնանք ընդմիշտ միացած, յատուկ կապերով: Bad Boys Forever! )
* * *
Իրիկնամուտին, հաւանականութիւնները բարձր կը դառնան՝ որս գտնելու: Քանի որ թռչունները շատ կանուխ կը քնանան: Եւ ուրեմն, դեռ լման մութ չեղած, կու գայ պահ մը երբ այլեւս ճար չուին, կը դառնան շուարած եւ անզգոյշ, եւ կը սկսին ամէն կողմ երկինքէն իջնել, որպէսզի տեղ մը կանգին եւ քունի անցնին:
Արաբերէնով, «մապիթ» կը կոչուի այս երեւոյթը: Իջեւանում:
Այդ ճակատագրական պահուն է որ, բիւրաւոր տատրակներու, զարզուրներու, ֆըսթէյքիներու եւ այլազան այլ օդային թռչուններու մահկանացուն կնքուած է, եւ իրենց փնտռած այդ երեկոյեան անմեղ քունը կը դառնայ յաւերժական… Երբ որ բանիմաց որսորդ մը կայ, dans les parages…
Բայց չէի երեւակայեր որ այդ օրը, նոյն վիճակի մէջ… պեշիի մը պիտի հանդիպէի: Ինչ որ իսկապէս արտասովոր բան մըն էր, այդքան բնակուած տեղ մը…
* * *
Ուալլա, մէկէն, Պարոն Բանեանին տունին միւս կողմը հազիւ անցած էինք, հողէ արահետի մը վրայ, որ յանկարծ՝ առջեւնէս թռաւ… խոշոր պեշի մը !
Կ’երեւի այդտեղ, բացառիկ պատճառներով, ժայռի մը տակը պատրաստուած էր քնանալու – կամ արդէն կը քնանար կոր -, երբ որ ես պատահմամբ վրայ հասայ: Եւ ուրեմն հայվանը լեղապատառ, կէս-քուն կէս- արթուն, երկար, լայն եւ հաստ թեւերուն ամբողջ ուժովը, սկսաւ փախիլ:
Բայց ես ու Վաչէն, վստա՛հաբար իրմէ աւելի սարսափած էինք:
* * *
Վաչէն, քայլ մը ետեւ առաւ: Ինք միշտ ինձմէ աւելի խոհեմ եղած է… Սակայն պէտք է ընդգծել որ նաեւ ինք, այդ պահուն, զինուած չէր:
Ես, կտրուած շունչս դեռ չհաւաքած, մեքենաբար, հրացանս բարձրացուցի եւ մէկ հատ մը՝ կրակեցի՛:
Առանց նշան առնելու, առանց լաւ նայելու իսկ – թերեւս նոյնիսկ աչքերս գոցած – , զէնքը մօտաւոր կերպով ուղղեցի գետնէն ելած թեւաւոր հրէշին, եւ հրահան շնիկն ու պինդ բլթակը գրեթէ միաժամանակ քաշեցի:
Հա, եւ նաեւ անշուշտ Վաչէն պաշտպանելու համար: Վերջապէս, փոքր եղբայրս էր…
Ամբողջ մարմնովս կը դողդղայի: Սրտիս տրոփումները աւելի ձայն կը հանէին, քան թէ կրակոցս:
Պեշին նախ սկսաւ կլոր շրջանակներով դառնալ, որպէսզի վեր ելլէ: Բայց յանկարծ, անհետացաւ: Չտեսանք ուր գնաց:
Փամփուշտս փոխեմ մտածեցի:
Առաջ որ գիշատիչ արարածը վերադառնայ, եւ մեր վրայ յարձակի իր սուր ու խոշոր, մսակեր կտուցով, կատաղի մագիլներով, սոսկալի աչքերով:
Սակայն յանկարծ անդրադարձայ, որ դատարկուած փամփուշտը դուրս հանելու համար՝ անհրաժեշտ, վերոյիշեալ երկաթէ ձողիկը, մասուրա-ն, այդ պահուն, հետս չէի առած:
Հեռու պիտի չերթայինք, ժամը արդէն շատ ուշ էր, կը կարծէի թէ մէկ փամփուշտ մը բաւարար պիտի ըլլայ, եթէ նոյնիսկ առիթը ունենամ զայն կրակելու:
Եւ եկուր տես որ, ահա, մահուկենաց կացութեան մը մատնուած էի, իմ պատասխանատուութեանս վստահուած եղբօրս հետ:
Զարհուրելի բախումի մը մէջ բռնուած էինք՝ քունէն արթնցած պեշիի մը հետ: Որ դեռ աւելի զայրացած, չարացած իմ կրակոցէս, ուր որ էր նէ, իր հաստ թեւերու ուժգին թափ տալով, պիտի վերադառնար՝ ու զիս պիտի բզկտէր, յօշոտէր:
Վաչէին աչքերուն առջե՛ւ… Որուն պիտի խնայէր սակայն, քանի որ ես շատակեր եւ թոմպուլիկ էի, եւ ուրեմն այդ փետուրներով ծածկուած հրէշը, այդ պահուն ինձմով պիտի կշտանար…
Ապա, երեխայական փափուկ մարմնիս մնացորդ կտորները՝ կտուցին եւ ճանկերուն մէջ, իր հետը պիտի տանէր, որպէսզի իր ընկերներուն հետ զանոնք այդ գիշեր ճաշակեն: Զիս հեգնելով, ծաղրելով: Յիշատակս իսկ անարգելով:
* * *
Բայց Վաչէն, մէկէն, սկսաւ վազել դէպի տուն…
Կը կարծէք թէ կը փախէ՞ր կոր… Չէ՜… Եւ ատիկա երբեք իմ մտքէս չանցաւ իսկ:
Տղան, ժամանակ շահելու համար, նախապէս չբացատրեց թէ ինչ կ’ընէ: Իր փոքրիկ ոտքերովը վազել սկսելէն ետք, մէկ կողմէն՝ շարունակել սուրալ դէպի տուն, գլուխը շեղակի դարձուցած դէպի ինծի, եւ պոռալով՝ որպէսզի զինք լսեմ, յայտնեց ծրագիրը:
Կը վազէր՝ տուն, որպէսզի այդ ձողիկը, մասուրան առնէ, եւ զայն ինծի բերէ:
Այս տղան, որեւէ տարքի, միշտ մեթոտիկ միտք ունեցած է: Եւ որեւէ խնդրի լուծումը կը գտնէ: Ինչպէս որ մինչեւ հիմա, իր գիտական PhDովը:
Սակայն հողոտ եւ քարքրոտ ճամբային վրան, մինչեւ տուն երթալ-գալը, ոտքերուն չափն ալ նկատի առնելով, բաւական ժամանակ պիտի առնէր…
Ուրեմն մինչ այդ, ես մնացի մինակ: Փամփշտազուրկ, անպիտան հրացանը, ձեռքիս:
Դեռ կարծես այդ ամէնը բաւարար չէր, մէյ մըն ալ, սկսայ պոռչտուք մը լսել…
«Հայդո՜ւկ, Հայդո՜՜՜ւկ…»
Հիմա ինչ ?!?
Մէկը կը պոռայ, կը կանչէ կոր, ակամ: Զիս կը կանչէ կոր !
Պարոն Բանեանին տիկինն էր…
Իրենք այդտեղ փոքր շէնքի մը մէջ կը բնակէին, վերի յարկը:
Եկուր տես որ, իմ կուրօրէն կրակած գնդիկներս, դպեր են պեշիին:
Ու այդ պատճառով, ան ուժ չէ ունեցած դէպի վեր բարձրանալու, եւ գացած, հարկադրաբար թառած է՝ Պարոն Բանեանին տան ետեւի պատշգամին առջեւի ծառին վրայ: Սոյն պատշգամին ճիշդ առջեւը: Գառնիկ Բանեանին յարգարժան Տիկնոջ դէմքին առջեւը:
Ուրեմն, այդ պահին ալ, վստահ չէի եթէ Տիկին Բանեանը զիս կը կանչէ կոր, որպէսզի առիթը չփախցնե՞մ այդ պեշին որսալու, թէ՝ ինք ալ սարսափահար է, սարսափէն՝ սառած, եւ զիս տեսնելով զէնքը ձեռքիս, օգնութեան կը կանչէ կոր… Քանի որ իր առջեւը, հազիւ մէկ ու կէս մեթր հեռու, վիրաւոր պեշի մը թերս-թերս իրեն կը նայի կոր: Արիւնոտ փետուրներով, եւ աւելի՛ կարմիր, սուր ու անթարթ աչքերով…
Մինչ ես… անկարո՛ղ եմ փամփուշտ փոխելու: Վաչէ՛ն կը սպասեմ կոր:
Կարիքը ունեցողին համար, այստեղ ճշգրտեմ՝ ձողիկը հետս չէի առաջ, բայց անշո՛ւշտ թէ փամփշտակալս մէջքիս կապած էի: Այո, տեսքին համար, յանուն իրաւացի մախխամի… Սակայն նաեւ մեքենաբար: Յարգանքէ աւելի, որպէս ամօթխածութիւն: Քանզի առանց փամփշտակալի որսորդ մը՝ մերկ է:
Բայց այդ խերն անիծածիս ձողիկն է, որ անբնական ու արտակարգ բան մըն էր, որսորդական կազմակերպութեան մէջ:
Ո՞վ այդպէս, ձողիկը՝ փողիկին մէջ նետելով, կրակուած փամփուշտը դուրս կը հանէ իր զէնքէն ! Այդ ո՞րմէկ տեսակի, ինչի՞ս որսորդը ?!
Վեց տարեկան էի, լաւ, բայց նորէն ալ, Պապաս պէտք է մտածեր որ կրնամ այսպիսի օրհասական պահեր ապրիլ, եւ մարդավարի հրացան մը տար ինծի: Ոչ թէ ասանկ խուրտա բան մը ! Խա՛մ գործ էր, ասիկա:
Հիմա ուրեմն եթէ պեշին ինծի ուտեր, յանցաւորը՝ Պապա՛ս էր:
Եւ ո՛խ ըլլար իրեն: Առանց ինծի թող շարունակէր, նայիմ, իր որսորդութիւնները: Մնացած մէկ հատիկ թազիով, միայն: Որ տեսնենք թէ ինչպէս, մինակը, պիտի կարենար պաշարել կաքաւները, որպէսզի անոնք ուզեն-չուզեն թռին դէպի հայրիշխանական հրացանին անողոք կրակն ու անվրէպ կապառները:
* * *
Ուրեմն հիմա, ահա…
Փորիս շուրջը տասնեակ մը լեցուն փամփուշտներ ունիմ… զէնքիս մէջը՝ պարպուած փամփուշտ մը կայ… պեշին ծառին վրայ նստած, կը սպասէ կոր որ համարձակիմ իր հոգեվարքը կարճի կապել… սակայն միեւնոյն պահուն, արիւնարբու գազան սրիկան հաշիւ կ’ընէ կոր որ, թերեւս դեռ ուժն ու ժամանակը կ’ունենայ վրէժը առնելու՝ իր ոխերիմ ճանկերէն երկու մեթդր անդին կանգնած, տան պատշգամին վրայ, վախէն քարացած, Պարոն Բանեանին փափկասուն ու անպաշտպան Տիկինէն… որուն կեանքն ալ ուրեմն, վտանգուած է…
Քաոսային, ահաւոր ճգնաժամ…
Ուր, իմ պատճառովս, այդ վայրագ պեշին կրնայ Տիկին Բանեանին գոնէ աչքերը հանել, իր անգութ մագիլներով…
Քանի որ ես, հարկաւոր ձողիկը հետս չեմ առած, որպէսզի կարենամ փամփուշտս փոխել, եւ մահացու կրակոցով մը վերջ դնել՝ պեշիին անձնական ողբերգութեան, եւ Տիկին Բանեանի նկատմամբ, սոյն պեշիին եղեռնական անգութ ծրագիրներուն:
* * *
Ինծի համար այլեւս շատ յստակ էր, թէ ինչ պէտք է որ ընեմ: Եւ այդ ալ, ըրի:
Բառացիօրէն զէնքը գետին նետեցի, եւ սկսայ՝ լալ:
Այդքան զօրաւոր, սրտոտ, անզուսպ լաց մը, որ վիրաւոր պեշին անգամ՝ աղմուկէն ցնցուեցաւ, ինքն իր մէջը ուժը գտաւ ծառին վրայէն ելլելու, քիչ թէ շատ թռչելու… Սակայն այս անգամ չփորձեց անգամ դէպի վեր բարձրամալ, միայն թռաւ, գնաց, չգիտցանք այլեւս ուր:
Թէեւ յետոյ ոմանք պատմեցին թէ, այդ գիշեր, գիւղին այլազան փողոցներուն մէջ, տուներուն միջեւ ցածէն թռչող, թափառող, պեշիի մը զարհուրելի շուքը տեսած են, թեւերուն ծանր թմբթմբոցը լսած են… Եւ արագօրէն պատուհանները փակած ու կղպած են… Ապա մէկ սենեակին մէջ հաւաքուած են ընտանիքին բոլոր անդամները, մեծերը՝ երեխաները գրկած, եւ սրտատրոփ սպասած են արեւածագը…
Բայց լաւ… չշեղինք բուն պատմութենէն…
Գետինը նստած, անսպառ հեծկլտուքներուս ընդմէջէն, աչքիս տակէն նկատեցի որ Տիկին Բանեանը… երեւի թէ… այդքան ալ վախցած չէր…
Քանի որ, մինչ հրէշային պեշին հիմա դանդաղօրէն իր երեսին առջեւէն կ’անցնէր, յուզուած Թանթիկը իր ուշադրութիւնը արդէն միայն կեդրոնացած էր իմ վրաս: Եւ պատշգամին վրայէն, հարազատ գուրգուրանքով, կը փորձէր զիս մխիթարել… «աման չէ՜, ատանկ մի՛ լար, եաւրիկս… վնաս չունի՜… այս մէկ պեշին չեղաւ, ուրի՛շ մը կը զարնես… չէ՛՜.. դուն մեծ որսորդ ես, տղաս, հօրդ նման մե՛ծ, վարպետ որսորդ… ոտքի ել, մի՛ լար այդպէս…»…
* * *
Սակայն մինչ այդ.. ան չէ եա… ո՞ւր մնաց Վաչէն… կը մտածէ՝ պրպտող մտքի տէր, աչալուրջ, եւ այս պարագային վստահաբար մտահոգ ընթերցողը…
Վաչէ՞ն:
Վաչէն այդ պահուն, ետ եկաւ…
Բայց առանց մասուրային:
Տղան, վազելով, իսկապէս փորձած է հասնիլ տուն, այդ ձողիկը առնել – որմէ հիմա կախեալ էին մեր կեանքերը – , եւ վազելով, զայն բերել ինծի:
Սակայն… հինգ տարեկան է: Եւ նիհար-միհար բան մըն էր: Ամբողջ ուժովը, ամբողջ մարմնով եւ սրտովը, վազած ատենը երեսին որ նայիս, կարծես թէ ողիմպիական հարիւր մեթրը կը վազէ կոր, որպէս առաջնատար, խուռներամ ու յոտնկայս ծափահարութիւններու տակ, խրոխտ կուրծքը արդէն ցցած դէպի յաղթանակի գիծը:
Բայց եթէ քովէն այծ մը, պարզապէս՝ քալէ, կողմէն իրեն նայելով, իրհանգիստ քազտուրան կատարէ, հաւանաբար կ’անցնի իրեն…
Ուրեմն, ճամբուն ոչ թէ կէսին (եւ պիտի տեսնէք որ ասիկա շատ կարեւոր տուեալ մըն է), այլ հազիւ մէկ երրորդը «կտրած» է, երբ որ պեշին, աղիողորմ լացիս աղմուկէն զզուելով, Պարոն Բանեանենց առջեւի ծառին վրայէն ելած է, եւ անոնց շէնքին ետեւի կողքէն, անցած է դէպի մեր տունը տանող ճամբուն վրայ: Ուր Վաչէն կը վազէ կոր: Իր մտքին մէջ՝ ՏիՍի Քոմիքսի Տը Ֆլէշ-ին պէս, բայց իրականութեան մէջ՝ որքան որ արագ կրնայ վազել հինգ տարեկան երեխայ մը, որուն հասակին լման երկայնքը, հազիւ վաթսուն սանթիմեթր է:
Եւ քանի որ վիրաւոր պեշին ուժը չունի դէպի վեր թռչելու, այդ ճամբուն մէջէն, շա՜տ ցածէն, յանկարծ անցած է Վաչէին գլուխին վրայէն: Իր ետեւէն գալով…
Տղան նախ խոշոր, սեւ, շարժուն շուքը տեսած է իր առջեւը, գետինը, առաջ որ պեշին անցնի վրայէն: Կախ մագիլները, Վաչէին գլուխը քերած են…
Թէկուզ խորապէս համոզուած ըլլալով որ թեւաւոր գազանը զինք կը հետապնդէ, որպէսզի զինք ուտէ, Վաչէն նորէն ինքզինքը չէ կորսնցուցած, եւ խելքը գործածած է:
Այս իրադարձութիւնը, իր մտքին մէջ փոխած է առաջնահերթութիւններու կարգը:
Հիմա մասուրան դարձած է երկրորդական, եւ օգնութիւն ու ապաստան գտնելը՝ թիւ մէկ, կենսական նպատակ:
Ուրեմն մտովին, թէկուզ դեռ շարունակելով իր վազքը, անմիջապէս չափած է հեռաւորութիւնները. իր հասած տեղէն՝ մինչեւ տուն, եւ նոյն տեղէն՝ մինչեւ ետ, իմ մօտս:
Եզրակացնելով որ դէպի ինծի վերադարձի ճամբան աւելի կարծ է քան թէ տուն հասնելու հեռաւորութիւնը, առանց դադրելու վազելէն, անմիջապէս, կլոր տըմի-թուր մը ընելով, ետ դարձած է, եւ շարունակած է իր հեւիհեւ վազքը, դէպի իմ գտնուած տեղս: Ոչ Ապաստանելու համար իր մեծ եղբօրը քովը, որ նոյնիսկ առանց փամփուշտի, ցմահ պիտի պաշտպանէր զինք, իր աւելի մատղաշ կեանքը, այդ սովահար պեշիին ճաշկերութային դիտաւորութեան ի դէմ:
Բայց երբ որ Վաչէն այդպէս, շնչասպառ, վերադարձաւ քովս, եւ տեսայ որ մասուրան ձեռքը չէ, այլեւս արցունքներս հեղեղի պէս սկսան հոսիլ: Յոյս չէր մնացած:
Ինք, բան մը չըսաւ: Նստաւ մեծ քարի մը ծայրը – ոչ գետինը, որպէսզի շօրթիկը նուազ փոշոտուի -, նիհար թեւերը՝ ծունկերուն վրայ: Որպէսզի, շունչը հաւաքէ: Առանց ինծի նայելու սակայն, որպէսզի աւելի չամըչնամ, որ այդպէս, հողին վրայ նստած, հիւնքիւր–հիւնքիւր կու լամ:
* * *
Եւ այդտեղ, այդպէս, պահ մը մնացինք:
Առջեւս, ինծի պէս գետինը նետուած, վարկաբեկուած, խեղճ հրացանս կը դիտէի, մինչ արցունքները կը հոսէին՝ պեշիին ճանկերէն մազապուրծ, հազիւ փրկուած, մսուտ ու կաս-կարմիր դարձած թուշերուս վրայ:
Կ’ենթադրեմ որ մեր ծնողքին լուր տուող եղաւ:
Քանի որ Պապան մէկէն հասաւ, վազելով:
Սակայն մեզ որ տեսաւ, հանգստացաւ: Ի մասնաւորի իմ վիճակս տեսնելով, սկսաւ նոյնիսկ քահ-քահ խնդալ: Ապա մէկ ձեռքովը զիս գրկեց եւ կոնքին վրայ տեղաւորեց, միւս ձեռքովն ալ «9-14»ս գետնէն հաւաքեց, Վաչէին ալ նշան ըրաւ որ եալլա տղաս, հետեւի՛ր, եւ գացինք տուն:
* * *
Լսելէ ետք թէ ինչ պատահած է, Ցոլինէն ալ սկսաւ խնդալ:
Վաչէն, բնաւ սիրտ չունէր խնդալու: Մեծ եղբօրը խորտակուած վիճակը տեսնելով՝ մռայլ էր, խոժոռադէմ: Բայց ինք դիւրին-դիւրին լացողը չէր: (Դէպի ներս լացող տեսակներէն է) :
Մամաս, նախ մտահոգ դէմքով բայց լուռ՝ մտիկ ըրաւ:
Յետոյ ժպտեցաւ, ձեռքին ծայրովը՝ կախ գլուխս մէկ հատ մը շոյեց, քրտինքէն թափ-թաց, խանֆուս մազերս մատներովը խառնակեց. Վաչէին երեսն ալ, բթամատին եւ ցուցամատին միջեւ, թեթեւ մը սեղմեց. ապա անցաւ, գնաց խոհանոց, ընթրիքը պատրաստելու:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
18 Նոյեմբեր 2023
Այս նկարներուն մէջ՝ Պոլոնիայի մեր այդ, երկրորդ տունն ենք (Պարոն Բանեանը եւ իր Տիկինն ալ կ’երեւնան այդտեղ) : Ձեռագիր նօթը, Պապայիսն է: Սակայն տարին,թերեւս վերեւ արձանագրուած պատմական դէպքերէն՝ մէկ ամառ ետք էր,տարի մը ուշ:
Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ: