Պոլոնիայի պեշիները

Ամառուայ դպրոցական արձակուրդներուն, Լիբանանի Պոլոնիա (Bois-de-Boulogne) գիւղը կ’ելլէինք, ու այդտեղ կ’ապրէինք երկու հոյակապ ամիսներ:

Պապաս ամէն օր գործի կ’երթար՝ Պէյրութ կամ այլ տեղեր, եւ երեկոյեան ետ կու գար: Վստահ եմ որ երբեմն միտքէն անցած է՝ կէսօրին ալ, պահ մը ետ գալ, անուշ սիյեսթա մը ընել («մրափ մը քաշել» ինչպէս որ ինք կ’ըսէր – եւ շատ կը սիրէր ընել -) , ապա ետ երթալ գործի, եւ դարձեալ վերադառնալ տուն, նոյն օրը:

Այդ եղանակին, հազիւ քառասուն քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, ծովեզերային քաղաքին եւ լեռնային Պոլոնիային միջեւ, ջերմաստիճանի տարբերութիւնը՝ գոնէ 10°C էր: Բայց ոչ միայն այդ, այլ քաղաքի այդ ամիսներու անտանելի խոնաւութիւնը, չկար, ամառուայ մեր բնակութեան այդ սքանչելի վայրը:

Առաւել՝ կատարեալ հանգստութիւն, հանդարտութի՜ւն, լուսապայծառ անդորր… մաս-մաքուր օդ… բնութեան շատ գեղեցիկ տեսարաններ, մինչեւ հոյակապ Սաննին լեռը, խորհրդաւոր տեսիլքի մը պէս… հեռու, բայց կարծես թէ որքան մօտ…

Լաւ օրեր էին:

* * *

Այն ժամանակամիջոցի որուն այստեղ կ’ակնարկեմ, հազիւ վեց տարեկան էի, եւ Պապաս ինծի տուած էր իւրայատուկ հրացան մը: Որ կը կոչուէր՝ թըսա’ա-արպաթա’աշ:

Այսինքն, արաբերէնով՝ «9-14»:

Ինչո՞ւ այն անուանումը: Բացատրեմ:

Այդ զէնքը, դասական չիֆթէյի նման՝ երկու միացեալ, երկար, հորիզոնական փողեր ունէր (խողովակներ) :

Սակայն ամէն մէկ խողովակը, տարբեր տրամաչափի փամփուշտ կը կրակէր:

Ձախ խողովակը, կը կրակէր՝ 14 քալիպրի որսորդական փամփուշտ: Ճիշդ չիֆթէյի փամփուշտին նմանող եւ նոյնպէս կազմուած, միայն թէ, աւելի բարակ:

Աջ խողովակը կը կրակէր – աւելի բարակ եւ կարճ -՝ 9 քալիպրի փամփուշտ:

Բայց ուրեմն… խիստ իրաւացի հարց պիտի տայ, պրպտող սուր մտքի տէր, աչալուրջ ընթերցողը… ինչո՞ւ թըսա’ա-արպաթա’աշ («9-14»), եւ ոչ թէ՝  արպաթա’աշ- թըսա’ա» («14-9») :

Որովհետեւ, այն անունը արաբերէնով է: Եւ այդ լեզուն՝ աջէն դէպի ձախ կը գրուի:

* * *

9 տրամաչափի որսորդական փամփուշտ, ընդհանրապէս չունէի: Սովորական չէր, դժուար էր գտնելը խանութներուն մէջ: Երբեմն մէկ-երկու հատ կու տար Պապաս: Բայց գործնական փամփուշտ մը չէր:

Բաւարար տարողութիւն եւ գնդիկներ չունէր, օդին մէջէն անցնող թռչունը կարենալ որսալու համար: Նաեւ, յարաբերաբար աւելի փափուկ խաւաքարտով, գրեթէ՝ թուղթի մէջ պատրաստուած էր, եւ երբ որ կրակէի, երկար պատմութիւն էր դատարկուած բաժինին մնացորդը, քերթելով, ետ դուրս հանելը: (Մետաղապատ տեսակն ալ կար, բայց այդ մէկը գրեթէ անկարելի էր գտնելը, հազիւ մէկ հատ մը ունենալս, կը յիշեմ: )

Ուրեմն, հրացանին մէկ փողը միայն կը գործածէի, 14 քալիպրինը:

Սակայն այդ փամփուշտն ալ , երբ որ կը կրակէի, թէկուզ 9 տրամաչափին պէս, զէնքին մէջ մնացած մասը՝ բզիկ-բզիկ չէր ելլար, այնուհանդերձ անոր ալ դատարկուած բաժինը կ’ենդլայնուէր, կ’ուռէր, եւ շատ ամուր կը սեղմուէր իր տեղը, չեյմպըրին մէջ:

Կարելի չէր զայն այդետէն մատներով դուրս հանել, յաջորդ լեցուն փամփուշտը տեղադրելու համար:

Ուրեմն, հնարամիտ Պապաս ինծի տուած էր յատուկ երկաթէ ձողիկ մը: Մօտ քսան սանթիմեթր երկարութեամբ, ոչ շատ հաստ, բայց երեւցածէն աւելի ծանր:

Փամփուշտին պարունակութիւնը արձակելէս ետք դէպի իր անբախտ ու անյոյս թիրախը, պէտք է որ զէնքը բանայի, փողը դէպի երկինք դարձնէի, եւ անոր վերի ծայրէն, վերոնշեալ մետաղեայ ձողը թեթեւօրէն անոր մէջ, դէպի վար ուղարկէի: Իմաստուն ու ամենագէտ Պապաս, ծայրերը խարտոցով տաշած էր, որպէսզի փողը ներսէն չգծուի, չվնասուի: Այդ հրացանին համար այս անհրաժեշտ գործիքը, կը կոչէինք՝ մասուրա:

Այդպէսով, այդ ձողիկին ճնշիչ քաջալերանքով, սեղմուած դատարկ փամփուշտը՝ քիչ մը դուրս կ’ելլէր, եւ կը կարողանայի մատներովս զայն լման դուրս քաշել: Ձողիկն ալ այդպէսով, նոյն տեղէն դուրս կու գար, ուղղակի ափիս մէջ կը սահէր: Ապա, նոր փամփուշտ մը կը տեղադրէի, եւ կը շարունակէի իմ թռչնասպանական, անխնայ ու անխիղճ գործողութիւններս:

Բայց… թռչուն կայ, եւ թռչո՛ւն կայ, հա:

Միայն ֆըստէյքի կամ ճնճղուկ չէի որսար…

Եւ ուրեմն հոս է որ… հելլէ՛ պէլլէշ ըլ ֆըլըմ:

* * *

Ամառուայ վերջաւորութեան երկու-երեք շաբաթներ կային, երբ պեշիները կը սկսէին երեւնալ ու անցնիլ:

Փոքր արծիւի կամ բազէի նմանող, գիշատիչ թռչուններ էին, այդ պեշիները:

Շատ դժուար էր զանոնք որսալը: Քանի որ՝ մարդ եղած տեղը, անոնք երբեք չէին դադրէր թռչելէ, չէին կանգ առներ՝ գետինը, ժայռի մը կամ ծառի մը վրայ:

Հեռուներէն կը գիտնային արդէն, կը զգային որ մարդ կայ, թէկուզ մէկ անձ միայն, եւ ուրեմն անոր հասնելէն առաջ, ոչ միայն կը մնային օդին մէջ, այլ կը բարձրանային:

Եւ բարձր, շա՜տ բարձր կ’ելլէին, օդերուն մէջ:

Մարդու գոյութեան վտանգին չափին համեմատ, իրենք ալ կը ճշդէին թէ որքան բարձրներէն պիտի անցնին:

Մենք զանոնք կը տեսնէինք ուրեմն, երկու կերպով:

Կամ, երբ որ ուրիշ տեղ կատարած էին իրենց բարձրացումը, եւ երբ որ մեր վրայէն կ’անցնէին, արդէն այնքան բարձր էին, որ առարկայականօրէն անկարելի էր զանոնք որսալը: Փամփուշտի գնդիկները չէին հասներ մինչեւ իրենց:

Կամ ալ – եւ այս էր, միակ առիթը որ ջանայինք զիրենք… վար բերել -, պատահական սխալ հաշիւով մը, տակաւին լման չէին բարձրացած վերնոլորտին մէջ, նոր կը սկսէին այդ փրկարար վերելքի գործընթացը:

Իսկ ամէն պարագայի, թեւերը շարժելով չէ որ կը բարձրանային դէպի վեր:

Ընդհակառակը, իրենց թեւերը լայն կը բանային, ու զանոնք կը պահէին անշարժ:

Ապա, օգտագործելով օդային հոսանքները, կը սկսէին դանդաղօրէն ու լայնօրէն, կլոր-կլոր, լայն կլորներով դառնալ օդին մէջ: Աստիճանաբար դէպի վեր բարձրանալով: Ամէն մէկ լայն շրջանակ որ այդպէս, ծփալով՝ կ’ամբողջացնէին, քիչ մը աւելի վեր հասած կ’ըլլային: Եւ այպէս, կլոր-կլոր, կ’ելլէի՜ն ու կ’ելլէին դէպի վեր:

Մինչեւ որ արդէն որսորդական հրացաններու տարողութենէն  շատ աւելի բարձ տեղ հասնին, եւ այդտեղէն շարունակեն իրենց դանդաղ թռիչքը, հեզասահ սաւառնումը, անխռով չուերթը: Մեզ անտեսելով, այլեւս չնայելով անգամ: Կամ ալ, աւելի գէշ՝ մեզ… վերէն նայելով: 

Ամէն ամառուայ աւարտին, մեր Պոլոնիային վրայէն այսպէս, հարիւրներով, թերեւս հազարներով պեշիներ կ’անցնէին, բայց որսորդները անոնցմէ հազիւ մի քանի տասնեակը կը յաջողէին զգետնել:

Չէր ուտուեր անգամ, այս շփացած, բարձրակտուց – թէկուզ օձակեր ու մկնակեր -, վայրենի թռչունը: Սակայն բացառիկ trophée մըն էր, փառաւոր աւար մը, որսորդին համար :

* * *

Այդ տարին, Պոլոնիայի մեր այն սեփական տունը չէինք բնակեր, որ նախապէս նկարագրած եմ:

Կ’ապրէինք՝ դէպի Խնչարա տանող ճամբային վերեւի բլուրին  մէջտեղերը: Գագաթի հիւրանոցէն քիչ մը առաջ, դէպի աջ ներս մտնող փողոցի մը ծայրը:

Այդ փոքր փողոցին սկիզբի ծայրը՝ Գառնիկ Բանեանը կը բնակէր, իր տիկնոջ եւ իրենց երկու դուստրերուն հետ:

Օր մըն ալ տունէն ելայ, ուշ կէսօրէ ետք: «9-14»ս, ձեռքս: Արեւը մար չմտած, մէկ հատ մը դառնամ, ըսի… տեսնեմ…

Ետեւէս արագ մը Վաչէն ալ ելաւ, միացաւ ինծի: Ոչ իսկ երկու տարիներու տարիքային տարբերութիւն կայ, մեր միջեւ: Եւ ուրեմն այդ ժամանակներուն, ընդհանրապէս միշտ միասին կ’ըլլայինք: (Մինչեւ հիմա ալ, դեռ այդպէս է – մանաւանդ որ մեր նախնական հինգ հոգինոց ընտանիքէն, միայն երկուքս մնացինք այս աշխարհին մէջ -. բայց մեր այդ մտերմութիւնը, կեանքի բնական պայմաններու բերումով, անշուշտ տարբեր ընթացք ստացած է: Առիթը չունինք, մեր մանկութեան օրերուն պէս, անդադար միասին եւ նոյն տեղը ըլլալու: Սակայն կը մնանք ընդմիշտ միացած, յատուկ կապերով: Bad Boys Forever! )

* * *

Իրիկնամուտին, հաւանականութիւնները բարձր կը դառնան՝ որս գտնելու: Քանի որ թռչունները շատ կանուխ կը քնանան: Եւ ուրեմն, դեռ լման մութ չեղած, կու գայ պահ մը երբ այլեւս ճար չուին, կը դառնան շուարած եւ անզգոյշ, եւ  կը սկսին ամէն կողմ երկինքէն իջնել, որպէսզի տեղ մը կանգին եւ քունի անցնին:

Արաբերէնով, «մապիթ» կը կոչուի այս երեւոյթը: Իջեւանում:

Այդ ճակատագրական պահուն է որ, բիւրաւոր տատրակներու, զարզուրներու, ֆըսթէյքիներու եւ այլազան այլ օդային թռչուններու մահկանացուն կնքուած է, եւ իրենց փնտռած այդ երեկոյեան անմեղ քունը կը դառնայ յաւերժական… Երբ որ բանիմաց որսորդ մը կայ, dans les parages

Բայց չէի երեւակայեր որ այդ օրը, նոյն վիճակի մէջ… պեշիի մը պիտի հանդիպէի: Ինչ որ իսկապէս արտասովոր բան մըն էր, այդքան բնակուած տեղ մը…

* * *

Ուալլա, մէկէն, Պարոն Բանեանին տունին միւս կողմը հազիւ անցած էինք, հողէ արահետի մը վրայ, որ յանկարծ՝ առջեւնէս թռաւ… խոշոր պեշի մը !

Ուղղակի, գետնէն հազիւ մէկ մեթր բարձրութեամբ, սկսաւ թռիլ:

Կ’երեւի այդտեղ, բացառիկ պատճառներով, ժայռի մը տակը պատրաստուած էր քնանալու – կամ արդէն կը քնանար կոր -, երբ որ ես պատահմամբ վրայ հասայ: Եւ ուրեմն հայվանը լեղապատառ, կէս-քուն կէս- արթուն, երկար, լայն եւ հաստ թեւերուն ամբողջ ուժովը, սկսաւ փախիլ:

Բայց ես ու Վաչէն, վստա՛հաբար իրմէ աւելի սարսափած էինք:

 * * *

Վաչէն, քայլ մը ետեւ առաւ: Ինք միշտ ինձմէ աւելի խոհեմ եղած է… Սակայն պէտք է ընդգծել որ նաեւ ինք, այդ պահուն, զինուած չէր:

Ես, կտրուած շունչս դեռ չհաւաքած, մեքենաբար, հրացանս բարձրացուցի եւ մէկ հատ մը՝ կրակեցի՛:

Առանց նշան առնելու, առանց լաւ նայելու իսկ – թերեւս նոյնիսկ աչքերս գոցած – , զէնքը մօտաւոր կերպով ուղղեցի գետնէն ելած թեւաւոր հրէշին, եւ հրահան շնիկն ու պինդ բլթակը գրեթէ միաժամանակ քաշեցի:

Չեմ գիտեր, պեշին սպաննելո՞ւ միտումով էր…

Թէ, որպէս ինքնապաշտպանութիւն, légitime défense… Ինքնապահպանումի բնազդ…

Հա, եւ նաեւ անշուշտ Վաչէն պաշտպանելու համար: Վերջապէս, փոքր եղբայրս էր…

Ամբողջ մարմնովս կը դողդղայի: Սրտիս տրոփումները աւելի ձայն կը հանէին, քան թէ կրակոցս:

Պեշին նախ սկսաւ կլոր շրջանակներով դառնալ, որպէսզի վեր ելլէ: Բայց յանկարծ, անհետացաւ: Չտեսանք ուր գնաց:

Փամփուշտս փոխեմ մտածեցի:

Առաջ որ գիշատիչ արարածը վերադառնայ, եւ մեր վրայ յարձակի իր սուր ու խոշոր, մսակեր կտուցով, կատաղի մագիլներով, սոսկալի աչքերով:

Սակայն յանկարծ անդրադարձայ, որ դատարկուած փամփուշտը դուրս հանելու համար՝ անհրաժեշտ, վերոյիշեալ երկաթէ ձողիկը, մասուրա-ն, այդ պահուն, հետս չէի առած:

Հեռու պիտի չերթայինք, ժամը արդէն շատ ուշ էր, կը կարծէի թէ մէկ փամփուշտ մը բաւարար պիտի ըլլայ, եթէ նոյնիսկ առիթը ունենամ զայն կրակելու:

Եւ եկուր տես որ, ահա, մահուկենաց կացութեան մը մատնուած էի, իմ պատասխանատուութեանս վստահուած եղբօրս հետ:

Զարհուրելի բախումի մը մէջ բռնուած էինք՝ քունէն արթնցած պեշիի մը հետ: Որ դեռ աւելի զայրացած, չարացած իմ կրակոցէս, ուր որ էր նէ, իր հաստ թեւերու ուժգին թափ տալով, պիտի վերադառնար՝ ու զիս պիտի բզկտէր, յօշոտէր:

Վաչէին աչքերուն առջե՛ւ… Որուն պիտի խնայէր սակայն, քանի որ ես շատակեր եւ թոմպուլիկ էի, եւ ուրեմն այդ փետուրներով ծածկուած հրէշը, այդ պահուն ինձմով պիտի կշտանար…

Ապա, երեխայական փափուկ մարմնիս մնացորդ կտորները՝ կտուցին եւ ճանկերուն մէջ, իր հետը պիտի տանէր, որպէսզի իր ընկերներուն հետ զանոնք այդ գիշեր ճաշակեն: Զիս հեգնելով, ծաղրելով: Յիշատակս իսկ անարգելով:

* * *

Բայց Վաչէն, մէկէն, սկսաւ վազել դէպի տուն…

Կը կարծէք թէ կը փախէ՞ր կոր… Չէ՜… Եւ ատիկա երբեք իմ մտքէս չանցաւ իսկ:

Տղան, ժամանակ շահելու համար, նախապէս չբացատրեց թէ ինչ կ’ընէ: Իր փոքրիկ ոտքերովը վազել սկսելէն ետք, մէկ կողմէն՝ շարունակել սուրալ դէպի տուն, գլուխը շեղակի դարձուցած դէպի ինծի, եւ պոռալով՝ որպէսզի զինք լսեմ, յայտնեց ծրագիրը:

Կը վազէր՝ տուն, որպէսզի այդ ձողիկը, մասուրան առնէ, եւ զայն ինծի բերէ:

Այս տղան, որեւէ տարքի, միշտ մեթոտիկ միտք ունեցած է: Եւ որեւէ խնդրի լուծումը կը գտնէ: Ինչպէս որ մինչեւ հիմա, իր գիտական PhDովը:

Սակայն հողոտ եւ քարքրոտ ճամբային վրան, մինչեւ տուն երթալ-գալը, ոտքերուն չափն ալ նկատի առնելով, բաւական ժամանակ պիտի առնէր…

Ուրեմն մինչ այդ, ես մնացի մինակ: Փամփշտազուրկ, անպիտան հրացանը, ձեռքիս:

Ճակատագիրս՝ պահուըտած պեշիին յաջորդ որոշումին ենթարկուած…

* * *

Դեռ կարծես այդ ամէնը բաւարար չէր, մէյ մըն ալ, սկսայ պոռչտուք մը լսել…

«Հայդո՜ւկ, Հայդո՜՜՜ւկ…»

Հիմա ինչ ?!?

Մէկը կը պոռայ, կը կանչէ կոր, ակամ: Զիս կը կանչէ կոր !

Պարոն Բանեանին տիկինն էր…

Իրենք այդտեղ փոքր շէնքի մը մէջ կը բնակէին, վերի յարկը:

Եկուր տես որ, իմ  կուրօրէն կրակած գնդիկներս, դպեր են պեշիին:

Ու այդ պատճառով, ան ուժ չէ ունեցած դէպի վեր բարձրանալու, եւ գացած, հարկադրաբար թառած է՝ Պարոն Բանեանին տան ետեւի պատշգամին առջեւի ծառին վրայ: Սոյն պատշգամին ճիշդ առջեւը: Գառնիկ Բանեանին յարգարժան Տիկնոջ դէմքին առջեւը:

Ուրեմն, այդ պահին ալ, վստահ չէի եթէ Տիկին Բանեանը զիս կը կանչէ կոր, որպէսզի առիթը չփախցնե՞մ այդ պեշին որսալու, թէ՝ ինք ալ սարսափահար է, սարսափէն՝ սառած, եւ զիս տեսնելով զէնքը ձեռքիս, օգնութեան կը կանչէ կոր… Քանի որ իր  առջեւը, հազիւ մէկ ու կէս մեթր հեռու, վիրաւոր պեշի մը թերս-թերս իրեն կը նայի կոր: Արիւնոտ փետուրներով, եւ աւելի՛ կարմիր, սուր ու անթարթ աչքերով…

Մինչ ես… անկարո՛ղ եմ փամփուշտ փոխելու: Վաչէ՛ն կը սպասեմ կոր:

Կարիքը ունեցողին համար, այստեղ ճշգրտեմ՝ ձողիկը հետս չէի առաջ, բայց անշո՛ւշտ թէ փամփշտակալս մէջքիս կապած էի: Այո, տեսքին  համար, յանուն իրաւացի մախխամի… Սակայն նաեւ մեքենաբար: Յարգանքէ աւելի, որպէս ամօթխածութիւն: Քանզի առանց փամփշտակալի որսորդ մը՝ մերկ է:

Բայց այդ խերն անիծածիս ձողիկն է, որ անբնական ու արտակարգ բան մըն էր, որսորդական կազմակերպութեան մէջ:

Ո՞վ այդպէս, ձողիկը՝ փողիկին մէջ նետելով, կրակուած փամփուշտը դուրս կը հանէ իր զէնքէն ! Այդ ո՞րմէկ տեսակի, ինչի՞ս որսորդը ?!

Վեց տարեկան էի, լաւ, բայց նորէն ալ, Պապաս պէտք է մտածեր որ կրնամ այսպիսի օրհասական պահեր ապրիլ, եւ մարդավարի հրացան մը տար ինծի: Ոչ թէ ասանկ խուրտա բան մը ! Խա՛մ գործ էր, ասիկա:

Հիմա ուրեմն եթէ պեշին ինծի ուտեր, յանցաւորը՝ Պապա՛ս էր:

Եւ ո՛խ ըլլար իրեն: Առանց ինծի թող շարունակէր, նայիմ, իր որսորդութիւնները: Մնացած մէկ հատիկ թազիով, միայն: Որ տեսնենք թէ ինչպէս, մինակը, պիտի կարենար պաշարել կաքաւները, որպէսզի անոնք ուզեն-չուզեն թռին դէպի հայրիշխանական հրացանին անողոք կրակն ու անվրէպ կապառները:

* * *

Ուրեմն հիմա, ահա…

Փորիս շուրջը տասնեակ մը լեցուն փամփուշտներ ունիմ… զէնքիս մէջը՝ պարպուած փամփուշտ մը կայ… պեշին ծառին վրայ նստած, կը սպասէ կոր որ համարձակիմ իր հոգեվարքը կարճի կապել… սակայն միեւնոյն պահուն, արիւնարբու գազան սրիկան հաշիւ կ’ընէ կոր որ, թերեւս դեռ ուժն ու ժամանակը կ’ունենայ վրէժը առնելու՝  իր ոխերիմ ճանկերէն երկու մեթդր անդին կանգնած, տան պատշգամին վրայ, վախէն քարացած, Պարոն Բանեանին փափկասուն ու անպաշտպան Տիկինէն… որուն կեանքն ալ ուրեմն, վտանգուած է…

Քաոսային, ահաւոր ճգնաժամ…

Ուր, իմ պատճառովս, այդ վայրագ պեշին կրնայ Տիկին Բանեանին գոնէ աչքերը հանել, իր անգութ մագիլներով…

Քանի որ ես, հարկաւոր ձողիկը հետս չեմ առած, որպէսզի կարենամ փամփուշտս փոխել, եւ մահացու կրակոցով մը վերջ դնել՝ պեշիին անձնական ողբերգութեան, եւ Տիկին Բանեանի նկատմամբ, սոյն պեշիին եղեռնական անգութ ծրագիրներուն:

* * *

Ինծի համար այլեւս շատ յստակ էր, թէ ինչ պէտք է որ ընեմ: Եւ այդ ալ, ըրի:

Բառացիօրէն զէնքը գետին նետեցի, եւ սկսայ՝ լալ:

Այդքան զօրաւոր, սրտոտ, անզուսպ լաց մը, որ վիրաւոր պեշին անգամ՝ աղմուկէն ցնցուեցաւ, ինքն իր մէջը ուժը գտաւ ծառին վրայէն ելլելու, քիչ թէ շատ թռչելու… Սակայն այս անգամ չփորձեց անգամ դէպի վեր բարձրամալ, միայն թռաւ, գնաց, չգիտցանք այլեւս ուր:

Թէեւ յետոյ ոմանք պատմեցին թէ, այդ գիշեր, գիւղին այլազան փողոցներուն մէջ, տուներուն միջեւ ցածէն թռչող, թափառող, պեշիի մը զարհուրելի շուքը տեսած են, թեւերուն ծանր թմբթմբոցը լսած են… Եւ արագօրէն պատուհանները փակած ու կղպած են… Ապա մէկ սենեակին մէջ հաւաքուած են ընտանիքին բոլոր անդամները, մեծերը՝ երեխաները գրկած, եւ սրտատրոփ սպասած են արեւածագը…

Բայց լաւ… չշեղինք բուն պատմութենէն…

Գետինը նստած, անսպառ հեծկլտուքներուս ընդմէջէն, աչքիս տակէն նկատեցի որ Տիկին Բանեանը… երեւի թէ… այդքան ալ վախցած չէր…

Քանի որ, մինչ հրէշային պեշին հիմա դանդաղօրէն իր երեսին առջեւէն կ’անցնէր, յուզուած Թանթիկը իր ուշադրութիւնը արդէն միայն կեդրոնացած էր իմ վրաս: Եւ պատշգամին վրայէն, հարազատ գուրգուրանքով, կը փորձէր զիս մխիթարել… «աման չէ՜, ատանկ մի՛ լար, եաւրիկս… վնաս չունի՜… այս մէկ պեշին չեղաւ, ուրի՛շ մը կը զարնես… չէ՛՜.. դուն մեծ որսորդ ես, տղաս, հօրդ նման մե՛ծ, վարպետ որսորդ… ոտքի ել, մի՛ լար այդպէս…»…

* * *

Սակայն մինչ այդ.. ան չէ եա… ո՞ւր մնաց Վաչէն… կը մտածէ՝ պրպտող մտքի տէր, աչալուրջ, եւ այս պարագային վստահաբար մտահոգ ընթերցողը…

Վաչէ՞ն:

Վաչէն այդ պահուն, ետ եկաւ…

Բայց առանց մասուրային:

Տղան, վազելով, իսկապէս փորձած է հասնիլ տուն, այդ ձողիկը առնել – որմէ հիմա կախեալ էին մեր կեանքերը – , եւ վազելով, զայն բերել ինծի:

Սակայն… հինգ տարեկան է: Եւ նիհար-միհար բան մըն էր: Ամբողջ ուժովը, ամբողջ մարմնով եւ սրտովը, վազած ատենը երեսին որ նայիս, կարծես թէ ողիմպիական հարիւր մեթրը կը վազէ կոր, որպէս առաջնատար, խուռներամ ու յոտնկայս ծափահարութիւններու տակ, խրոխտ կուրծքը արդէն ցցած դէպի յաղթանակի գիծը:

Բայց եթէ քովէն այծ մը, պարզապէս՝ քալէ, կողմէն իրեն նայելով, իրհանգիստ քազտուրան կատարէ, հաւանաբար կ’անցնի իրեն…

Ուրեմն, ճամբուն ոչ թէ կէսին (եւ պիտի տեսնէք որ ասիկա շատ կարեւոր տուեալ մըն է), այլ հազիւ մէկ երրորդը «կտրած» է, երբ որ պեշին, աղիողորմ լացիս աղմուկէն զզուելով, Պարոն Բանեանենց առջեւի ծառին վրայէն ելած է, եւ անոնց շէնքին ետեւի կողքէն, անցած է դէպի մեր տունը տանող ճամբուն վրայ: Ուր Վաչէն կը վազէ կոր: Իր մտքին մէջ՝ ՏիՍի Քոմիքսի Տը Ֆլէշ-ին պէս, բայց իրականութեան մէջ՝ որքան որ արագ կրնայ վազել հինգ տարեկան երեխայ մը, որուն հասակին լման երկայնքը, հազիւ վաթսուն սանթիմեթր է:

Եւ քանի որ վիրաւոր պեշին ուժը չունի դէպի վեր թռչելու, այդ ճամբուն մէջէն, շա՜տ ցածէն, յանկարծ անցած է Վաչէին գլուխին վրայէն: Իր ետեւէն գալով…

Տղան նախ խոշոր, սեւ, շարժուն շուքը տեսած է իր առջեւը, գետինը, առաջ որ պեշին անցնի վրայէն: Կախ մագիլները, Վաչէին գլուխը քերած են…

Թէկուզ խորապէս համոզուած ըլլալով որ թեւաւոր գազանը զինք կը հետապնդէ, որպէսզի զինք ուտէ, Վաչէն նորէն ինքզինքը չէ կորսնցուցած, եւ խելքը գործածած է:

Այս իրադարձութիւնը, իր մտքին մէջ փոխած է առաջնահերթութիւններու կարգը:

Հիմա մասուրան դարձած է երկրորդական, եւ օգնութիւն ու ապաստան գտնելը՝ թիւ մէկ, կենսական նպատակ:

Ուրեմն մտովին, թէկուզ դեռ շարունակելով իր վազքը, անմիջապէս չափած է հեռաւորութիւնները. իր հասած տեղէն՝ մինչեւ տուն, եւ նոյն տեղէն՝ մինչեւ ետ, իմ մօտս:

Եզրակացնելով որ դէպի ինծի վերադարձի ճամբան աւելի կարծ է քան թէ տուն հասնելու հեռաւորութիւնը, առանց դադրելու վազելէն, անմիջապէս, կլոր տըմի-թուր մը ընելով, ետ դարձած է, եւ շարունակած է իր հեւիհեւ վազքը, դէպի իմ գտնուած տեղս: Ոչ Ապաստանելու համար իր մեծ եղբօրը քովը, որ նոյնիսկ առանց փամփուշտի, ցմահ պիտի պաշտպանէր զինք, իր աւելի մատղաշ կեանքը, այդ սովահար պեշիին ճաշկերութային դիտաւորութեան ի դէմ:

Բայց երբ որ Վաչէն այդպէս, շնչասպառ, վերադարձաւ քովս, եւ տեսայ որ մասուրան ձեռքը չէ, այլեւս արցունքներս հեղեղի պէս սկսան հոսիլ: Յոյս չէր մնացած:

Ինք, բան մը չըսաւ: Նստաւ մեծ քարի մը ծայրը – ոչ գետինը, որպէսզի շօրթիկը նուազ փոշոտուի -, նիհար թեւերը՝ ծունկերուն վրայ: Որպէսզի, շունչը հաւաքէ: Առանց ինծի նայելու սակայն, որպէսզի աւելի չամըչնամ, որ այդպէս, հողին վրայ նստած, հիւնքիւրհիւնքիւր կու լամ:

* * *

Եւ այդտեղ, այդպէս, պահ մը մնացինք:

Առջեւս, ինծի պէս գետինը նետուած, վարկաբեկուած, խեղճ հրացանս կը դիտէի, մինչ արցունքները կը հոսէին՝ պեշիին ճանկերէն մազապուրծ, հազիւ փրկուած, մսուտ ու կաս-կարմիր դարձած թուշերուս վրայ:

Կ’ենթադրեմ որ մեր ծնողքին լուր տուող եղաւ:

Քանի որ Պապան մէկէն հասաւ, վազելով:

Սակայն մեզ որ տեսաւ, հանգստացաւ: Ի մասնաւորի իմ վիճակս տեսնելով, սկսաւ նոյնիսկ քահ-քահ խնդալ: Ապա մէկ ձեռքովը զիս գրկեց եւ կոնքին վրայ տեղաւորեց, միւս ձեռքովն ալ «9-14»ս գետնէն հաւաքեց, Վաչէին ալ նշան ըրաւ որ եալլա տղաս, հետեւի՛ր, եւ գացինք տուն:

* * *

Լսելէ ետք թէ ինչ պատահած է, Ցոլինէն ալ սկսաւ խնդալ:

Վաչէն, բնաւ սիրտ չունէր խնդալու: Մեծ եղբօրը խորտակուած վիճակը տեսնելով՝ մռայլ էր, խոժոռադէմ: Բայց ինք դիւրին-դիւրին լացողը չէր: (Դէպի ներս լացող տեսակներէն է) :

Մամաս, նախ մտահոգ դէմքով բայց լուռ՝ մտիկ ըրաւ:

Յետոյ ժպտեցաւ, ձեռքին ծայրովը՝ կախ գլուխս մէկ հատ մը շոյեց, քրտինքէն թափ-թաց, խանֆուս մազերս մատներովը խառնակեց. Վաչէին երեսն ալ, բթամատին եւ ցուցամատին միջեւ, թեթեւ մը սեղմեց. ապա անցաւ, գնաց խոհանոց, ընթրիքը պատրաստելու:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

18 Նոյեմբեր 2023

Այս նկարներուն մէջ՝ Պոլոնիայի մեր այդ, երկրորդ տունն ենք
(Պարոն Բանեանը եւ իր Տիկինն ալ կ’երեւնան այդտեղ) : Ձեռագիր նօթը, Պապայիսն է:
Սակայն տարին,թերեւս վերեւ արձանագրուած պատմական դէպքերէն՝ մէկ ամառ ետք էր,տարի մը ուշ:

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք