Շուարած մուհաճիրութիւն

1976ին, երբ որ սկսած էին Լիբանանի պատերազմները, մեր –  իրենց երեխաներուն – ապահովութեան եւ ապագային մտածելով, ծնողքս որոշեց որ արտագաղթենք՝ Քանատա:

Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանատունը դատարկուած էր  հիմնական ծառայութիւններէ:

Պէտք է որ երթայինք Կիպրոս, այդտեղ կատարելու համար վերոնշեալ հիւսիսային երկիրը ներգաղթելու հարկաւոր գործողութիւնները:

Ուրեմն, Արեւմտեան Պէյրութի մեր տունէն, հինգս միասին, լեցուեցանք Պապայիս նշանաւոր, կապոյտ Տօճ Քորոնէթին մէջ:

Եւ գացինք… Քեսապ:

Որովհետեւ Պապաս եւ Մամաս նախ եւ առաջ, ամենահրատապ կերպով, կ’ուզէին մեզ դուրս հանել պատերազմի դժոխքէն:

* * *

Քեսապ ապրեցանք, երեք ամիս:

Տասնըմէկ տարեկան էի:

Առտուընէ իրիկուն, գաւազան մը ձեռքս, լեռներն ու ձորերը կը թափառէի, կը «չափչփէի»:

Պէյրութէն Քեսապ ճամբուն վրայ, Հալեպի շուկայէ մը՝ զըռ կանաչ, լայն (անշուշտ փաթ-տ’էլէֆաններով), ճինզէ տաբատ մը գնած էին ինծի համար:

Զայն կը հագուէի` մինչեւ կուրծքս վեր քաշած, խոշոր գօտիով մը ամուր կապած:

Քանի որ արագօրէն հասակ կը նետէի: Եւ ուրեմն, փոխանակ՝ ոտքերուս մասը նախ կարճեցնելու, ապա պարբերաբար, կարճ ժամանակի մէջ մի քանի անգամ երկարեցնելու, Մամաս կը թողնէր պարզապէս որ, բնական ընթացքով, հասակս հանգրուանաբար համապատասխանէր տաբատին նախնական երկարութեան:

Ուրեմն պէտք է որ սկսէի տաբատը վրաս կապել կրցածիս չափ վեր քաշելով, յետոյ, մօտաւորապէս ամէն ամիս, գօտիին մասը կամաց-կամաց իջեցնել մինչեւ մէջքս: Որպէսզի մինչ այդ, փաթ-տէլէֆաններուս լայն ծայրերուն մուխը չմարի, գետինները քսուելով, աւլելով: Լաւ որ ստիպուած չէի սկսիլ՝ մինչեւ վիզս հանելով գօտիս…

Բայց այնքա՜ն ուրախ էի… բառացիօրէն, այնքան երջանի՛կ էի այդտեղ, որ կը ջանայի ծնողքիս համոզել որ վազ անցնին Քանատայէն, մնանք Քեսապ, մնայուն բնակութիւն հաստատենք այդ սքանչելի հայկական գիւղին մէջ:

 * * *

Քեսապի վերեւի ծայրամասը, մեծ բլուրի մը լանջին վրայ կը գտնուէր: Այդտեղի  – այն օրերուն, ցանցառ – տուներուն ետին, աւելի վեր որ բարձրանայիր, գագաթէն հազիւ երկու հարիւր մեթր անդին՝ Թուրքիա էր: Կիլիկիա:

(Պապաս այդ – անյայտ – սահմանագծին վրայ, իր երկու թազիներուն հետ, միաժամանակ երկու կաքաւներ օդին մէջէն զարկաւ, որսորդական հոյակապ տուպլէ մը ըրաւ: Բայց ատիկա ուրիշ անգամ կը պատմեմ: )

Իսկ Քեսապի ներքեւը, քալելով, հինգ վայրկեանէն կը հասնէիր՝ թրքական սահմանը: Ուր ընդհանրապէս պահակ իսկ չկար… Ո՞վ պիտի համարձակէր անցակէտը անցնիլ, առանց արտօնութեան…

Քեսապի մեր այս կեցութեան ընթացքին, Պապայիս կապոյտ Տօճ Քորոնէթով, հարկաւոր պաշտօնական թուլատրութեամբ՝ մտանք Թուրքիա:

Հաւանական է որ հայրս այդ պահուն, «ցանկամ տեսնեմ զիմ Կիլիկիա» կ’երգէր… աչքերը արդէն կարմրած ու ջրոտած…

Այդ առիթով է որ կեանքիս մէջ գոնէ մէկ անգամ տեսայ հայրական մեծ-հօրս եւ Պապայիս մանկութեան Պելանը, Իսքենտերունը, էքիզ-Oլուխը: Մայրական մեծ հօրս Ատանան:

* * *

Իսքէնտերունի փառաւոր քարափը, տարիներու ընթացքին, ինծի համար դարձաւ խորհրդանիշը՝ Պապայիս անսասան ուժին, արտակարգ տոկունութեան, անխորտակելութեան:

Եւ իրօք, մինչեւ իր վերջին շունչը, ոչինչ, որեւէ՛ բան չկարողացաւ երբեք կոտրել, տկարացնել այդ մարդը: Ոչ իսկ զաւակին մահը…

Սակայն քարափին հետ այդ բաղդատականէն դուրս կը մնայ՝ հանդարտութիւնը…

Թէեւ, հիմա որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, այդ յատկանիշն ալ աւելցաւ՝ Կիլիկիոյ այդ հսկայական ժայռին եւ Պապայիս միջեւ, խորհրդանշական սերտ կապին:

Առաւել, յաւերժականութիւնը:

* * *

Այդ քարափին դիմացի, աննման Միջերկրականին վրայ երկարող տախտակամածին ծայրը, բացօթեայ սրճարան մը կար:

Ընտանեօք նստանք այդտեղ, իրիկուայ դէմ:

Մէկ կողմէն՝ ծովին, միւս կողմէն՝ քարափին տեսարանները վայելեցինք, մեր գլուխները անդադար մէկ կողմէն միւսի դաձնելով: Լուռ էինք: Շատ տարօրինակօրէն, նոյնիսկ ես…

Նոր պանդխտութեան դեռ շատ երկար ճամբուն վրայ, դէպի ապագայ երթալէն առաջ, նախ ուրեմն վերադարձանք էին՝ պապենական ակունքներ:

Հակառակ որ օդը տաք էր – սպասաւորը զարմացաւ ու խնդաց, երբ որ ապսպրեցինք – Պապաս պնդեց որ անպայման՝ տաք կաթ խմենք: Մեղրով:

Հաւանաբար իր մանկութենէն յիշատակ մըն էր, որ ուզեց իր մանուկներուն հետ վերապրիլ, այդտեղ: Մամայիս հետ մեղմ ժպիտ մը փոխանակելով…

Քրտնելով, քրտնելով, լաւ մը խմեցինք:

* * *

Վերադարձանք Քեսապ, եւ պահը հասաւ այնդտեղէն Կիպրոս երթալու:

Պապաս դասաւորած էր որ ուղեւորութիւնը կատարենք… նաւով:

Ուրեմն, կապոյտ Տօճ Քորոնէթը նստանք, եւ իջանք՝ Լաթաքիա: Ուր ծով եւ նաւահանգիստ կայ:

Նաւը, ռուսական էր:

Մե՜ծ, սպիտակ, շքեղ նաւ մըն էր:

Սակայն չեմ գիտեր ինչու, մենք եւ մի քանի տասնեակ ուրիշ ճամբորդներ, սենեակներ չունէինք:

Գիշերը անցուցինք սրահի մը մէջ, ուրիշ ճամբորդներու հետ:

Պապաս եւ Մամաս, Լիբանանի պատերազմները սկսելէն ի վեր, օրուայ ընթացքին մեր առջեւ միշտ կը մնային ուրախ, ժպտուն, խանդավառ եւ եռանդուն:

Մենք ալ, ուժ եւ վստահութիւն կ’առնէինք իրենց այդ վիճակէն: Մինչ մեր շուրջ հետզհետէ կը խորտակուէր, կ’անհետանար՝ ամբողջ աշխարհ մը: Մեր մանկութեան լման միջավայրը, կեանքը: Մեր մանկութիւնը, ինքնին:

Այդ գիշերը, Լիբանանէն դէպի Քանատա մեր արտագաղթի ճամբուն վրայ, մեզ – Քեսապով եւ Լաթաքիայով – ՝ Կիպրոս տանող այդ ռուսական նաւին վրայ, հասկցայ որ մեր առջեւ ծնողքիս ցուցաբերած այդ անհոգութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, իրական չէին: Իրենց զաւակները «խաբելու» համար էին:

Արդարեւ, մինչ՝ Վաչէին եւ Ցոլինէն հետ անկիւն մը, գետինը կծկուած, կը քնանայինք, պահ մը յանկարծ արթնցայ: Մինչեւ քունիս մէջ իսկ, անհանդարտ երեխայ էի…

Եւ կիսաբաց աչքերովս յանկարծ տեսայ, այդ պահուն՝ Պապաս եւ Մամաս:

Իրենք չէին քնացած, որպէսզի հսկեն մեր վրայ, քանի որ սեփական սենեակի մէջ չէինք: Եւ կարծելով որ երեքս ալ, շնորհիւ ծովային օրօրումին, խոր քունի մէջ ենք, դադրեցուցած էին իրենց վերոյիշղեալ, այդ ծնողական դերասանութիւնը: Թէ՝ ամէն բան շատ լաւ է, շա՜տ լաւ պիտի մնայ, եւ դեռ աւելի՛ լաւ պիտի ըլլայ:

Եւ ուրեմն այդ պահուն, իրենց դէմքերը դարձած էին… անճանաչելի:

Կիտուած յօնքեր, կնճռոտած ճակատ, մթագնած աչքեր… մտահոգ, մտազբաղ, տխուր ու մռայլ դէմքեր…

Սիրտս ալ կծկուեցաւ:

Անմիջապէս աչքերս ետ փակեցի որ քնանամ, որպէս փախուստ: Որպէսզի չտեսնեմ Պապայիս եւ Մամայիս այդ դէմքերը:

Սակայն զանոնք մինչեւ այսօր դեռ կը տեսնեմ:

Եւ ամէն անգամ, դարձեալ սիրտս կը կծկուի:

* * *

Հասանք Կիպրոս, Լարնաքայի նաւահանգիստը:

Այնտեղէն գացինք Նիքօսիա, ուր կը գտնուէր Քանատայի դեսպանատունը:

Յաջորդող օրերուն, կատարեցինք հարկաւոր գործողութիւնները:

Ապա՝ վերադարձ դէպի Լարնաքա.. Լաթաքիա… Քեսապ:

* * *

Յետոյ Քեսապէն (հիւնկիւր-հունկիւր լալով, հեծկլտալով) մեկնեցանք, ու վերադարձանք Պէյրութ. որպէսզի ապրանքներ մը հաւաքենք, մեր հետ տանինք Նոր Աշխարհ:

Մինչ տակաւին կը սպասէինք Քանատա ներգաղթելու մեր թուղթերը, Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր – եւ խաբուսիկ – զինադադար մը եղաւ:

Ծնողքս, պահ մը դարձեալ յոյս առաւ, որ թերեւս կրնանք չտեղափոխուիլ ուրիշ երկիր:

Դեռ այն ժամանակներն էին երբ, ահաւոր բախումէ մը վերջ տեղի ունեցող բրտութեան ընդհատումը, արիւնահեղութեան առկախումը, լիբանանցնիները կը կոչէին ու կը հաշուէին որպէս՝ «րա’ունտ»:

Առաջին րա’ունտ, երկրորդ րա’ունտ, երրորդ րա’ունտ … Ինչպէս որ բռնցքամարտի մրցախաղին մէջ:

Ուզելով հաւատալ որ այդպէս, բացի KOի պարագային,  ամէնաուշը՝ տասնըհինգերորդ roundին, ո՛ւֆ, ամէն բան պիտի վերջանայ:

Սակայն յետոյ ամէն մարդ հասկցաւ որ որեւէ KO, բան պիտի չփոխէ. քանի որ զիրար բզկտող ուժերը երկու կողմեր չէին միայն, այլ բիւրաւոր ու այլացան հոսանքներ: Եւ նոյնիսկ երբ որ այդ բոլորէն մէկը «խաղէն դուրս ելլէ», իր տեղ մի քանի նորերը պիտի մէջտեղ գան, մշտապէս:

Եւ ուրեմն յստակ դարձաւ որ՝ տասնըհինգ round չէ, այլ տասնըհինգ տարիներէ՛ ետք իսկ պիտի չվերջանայ՝ այդ հրաշալի երկրին հանգրուանային քայքայումը, խորտակումը, անէացման դանդաղ անողոք, անդառնալի գործընթացը: Զորս տակաւին ընթացքի մէջ է…

Եւ ուրեմն, այդ վերջին հրադադարէն ետք – մինչեւ անհամար յաջորդները – մենք ընտանեօք տեղափոխուեցանք Քանատա:

Ուր մնացինք, մէկ տարի:

* * *

Ապա, այդ ամէնէն ետք… վերադարձանք Լիբանան:

Որովհետեւ ծնողքս մտահոգ էր որ քոյրս, ես ու եղբայրս, մեր տարիքները նկատի ունենալով, Լիբանանէն դուրս, որպէս հայ՝ պիտի կորսուէինք: Պիտի օտարանայինք:

Եւ ուրեմն վերադարձանք պատերազմին մէջ: Ուր ապրեցանք յաւելեալ 7-էն 10 տարիներ:

Մինչեւ որ նախ ես, ապա հանգրուանաբար ընտանիքիս միւս անդամները, դարձեալ ու այս անգամ վերջնականապէս ներգաղթեցինք Քանատա:

Անհուն Փառք Աստուծոյ:

Հայդուկ Շամլեան

10 Փետրուար 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Share this: