Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

Քեսապ, յուշեր 02

Քեսապի հետ, արտակարգ են անցեալի մէջ յատուկ տեղ մը ամրագրուած, մանկապատանեկան յիշատակներս: Զորս, կը կարծեմ թէ  կ’արժէ գրանցել առ յաւէտ՝ ուրիշներու համար:

* * *

Առաջին էական յիշատակս, հետեւեալն է:

Երբ Հայրս իմ այժմու տարիքիս կէսէն պակաս էր, մինչ իր այդ տարիքին համեմատ՝ հսկայական, ճապպառային գործերու մէջ կը գտնուէր, պահ մը «փախչելու» համար իր ընթացիկ, ազգային-եկեղեցական-քաղաքական-իրաւաբանական բիւրաւոր եւ այլազան խնդիրներէն, «գլուխը կ’առնէր եւ կ’երթար», տեղ մը: Մէկ գիշեր, առաւելագոյնը երկու գիշեր: Շունչ մը առնելու համար: Յետոյ, կազդուրուած, ետ կը վերադառնար ու կը նետուէր իր անվերջանալի աշխատանքներուն, պարտականութիւններուն մէջ:

Եթէ այդպէս չընէր, հիմա որ իր այդ տարիքին երկու անգամն եմ, համոզուած եմ որ ան պիտի մեռնէր, իմ այս տարիքէն շա՜տ առաջ:

Մինչ, որպէս հայկական Իսքէնտէրունի Քարափին մէկ ժայռը, որ մանուկ տարիքին այդտեղէն հարկադրաբար պոկուած, գլորուած ու հասած էր՝ Լիբանան, ապա իր ծերութեան նաւահանգիստը գտաւ՝ Գանատայի մէջ, ես ինչպէ՞ս զիս բաղդատեմ՝ իրեն…

Ինք, իր փոքր տարիքին՝ ամէն բան կորսնցուցած, բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակն էր: Ոչինչէն սկսաւ, ոչինչով սկսաւ: Եւ իր ձեռնարկած բոլոր գործերուն մէջ, հասաւ՝ պատուաւոր բարձունքներու:

Ես, ի ծնէ ու անկէ ետք տեւաբար, ունեցայ իր օժանդակութիւնը: Կեանքիս բոլոր հանգրուաններուն, ինք իմ կողքիս էր, իմ թիկունքիս, եւ միշտ ու մշտապէս ինծի օգնեց, որպէսզի՝ տեղ հասնիմ: Մարդ ըլլամ:

Եւ դեռ մինչեւ հիմա իսկ, ինք տակաւին ինծի կ’օգնէ: Իր մահէն երեք տարիներ անց:

* * *

Վերոնշեալ, իր այդ կենսական «փախուստներուն» առիթով, մինակը չէր երթար: Ընդհանրապէս՝ իր յատուկ էմմօղլույին, ընկերոջ մը կամ ընկերներու հետ, կամ իր երկու թազիներուն հետ, որսի կ’երթար:

Սակայն այդ անգամ, միայն զիս առաւ ու իր հետը տարաւ: Հաւանաբար որպէսզի Մամաս ալ շունչ մը քաշէ, մինչ եղբայրս դեռ շատ փոքր երեխայ մըն էր [այժմ ողբացեալ քոյրս, իր այդ տարիքներուն, երբեք չէր յոգնեցուցած իրեն…] :

Ինչ որ է նէ: Ուրեմն մեր Զո’ա’-Էլ-Պլաթի, ՀՄԸՄի արեւմտեան Պէյրութի ակումբին կից՝ «Մխիթարեաններու շէնք»ի հինգերորդ յարկաբաժինէն, Պապաս, յանկարծ, զիս առաւ միայն, եւ փոքր պայուսակ մը: Երկուքն ալ բռնեց ու նետեց՝ մեր կապոյտ Տոճ Քորոնէթ 440ին ետեւի նստարանին վրայ, եւ եալլա՛, գացինք Քեսապ:

* * *

Այցելուներու համար, շնորհալի եղանակը չէր: Ցուրտ եւ ամայի էր ամէն կողմ: Երեւի ատիկա է որ կ’ուզէր, որուն կարիքը ունէր այդ պահուն, Պապաս:

Քանզի ուղղակի Քեսապի մէջ իսկ չիջեւանեցանք, ուր համեմատաբար քիչ մը աւելի շատ մարդիկ կրնայիր տեսնել, այդ ուշ աշնանային եղանակին:

Բայց Հայրս ուզեց «ապաստանիլ»՝ Էքիզ Օլուխ (Զոյգ-Աղբիւր) : Քեսապի երկու զառիվերներէն մէկ հատին վերեւի, մօտակայ գիւղակը:

Ուր, մինչեւ հիմա չեմ գիտեր թէ ո՞ւր էր արդեօք, այդ երկրորդ օլուխը… Քեսապի բազմաթիւ խորհուրդներէն մէկն ալ, այդ էր: Երեւի գաղտնի աղբիւր մըն էր, որուն տեղը միայն բնիկները գիտէին…

Բայց մէկ աղբիւրը՝ բացայայտ եւ յայտնի տեղ մըն էր: Գիւղակի մուտքին: Որպէս ծորակ մը – հհէնէֆիյյէ – : Որմէ կը հոսէր սակայն աշխարհի ամենահամեղ, միշտ պաղ ջուրը, մաքուր լեռներու խորքերէն հոսող:

Մեր պանդոկը, Զոյգ Աղբիւրի այդ միայնակ աղբիւրին շատ մօտն էր: Գրեթէ ուղղակի վերեւը:

Ուրիշ բան չեմ յիշեր այդ կարճ, առաջին այցելութենէս՝ Քեսապ:

Պապաս Պէյրութէն իր այդ, մէկ օրուայ փախուստը կատարեց, հիմնականօրէն՝ քնանալու համար:

Եւ ուրեմն, մշիկ-մշիկ քնացաւ: Երկար:

Մինչ ես – հազիւ հինգ տարեկան պէտք է որ ըլլայի – ամայի պանդոկի մեր սենեակին պատուհանին առջեւ կանգնած, մերթ ընդ մերթ՝ խոնաւութիւնը սրբելով ապակիին վրայէն, կը դիտէի՝ Քեսապի մշուշը: Որ՝ Էքիզ Օլուխ հայկական գիւղակին մեր բարձունքէն դէպի վար կ’իջնէր, ու այդտեղ կը կուտակուէր, Կիլիկիոյ ծայրամասը հանդիսացող՝ Հայոց այդ ինքնատիպ, Մայր Գիւղին վրայ:

* * *

Ասանկ շարունակեմն է, ուալլա, անճարցիները պիտի նեղուին ինձմէ:

Որ՝ է՛հ, ան չէ եա, օրթախ, ինչո՞ւ Անճարի մասին ասանկ բաներ չես պատմեր կոր: Վայ քաղաքի եապանճօ՛, քեզի:

Արդարեւ, մինչդեռ – լա՜յն առումով… – միեւնոյն Լեռան, ՄուսաՏաղի լանջերէն սերած են, հաւասարապէս ծուռ, թերս ու կարծրագլուխ, այս իւրայատուկ հայերը, սակայն լռելեայն մրցակցութիւն մը ունին իրարու միջեւ: Որուն պատճառները, խոր արմատները, միայն Աստուած գիտէ: Վստահաբար այլեւս չեն գիտեր իսկ, ոչ իսկ, իրե՛նք: Սոյն Լեռէն – ֆրանսական նաւերու օգնութեամբ – ճողոպրած, մի քանի սերունդ ետք, շատ բաներ կը դառնան խորհրդաւոր, առեղծուածային:

Ի դէպ, վերոյիշեալ ռազմական նաւերը անշուշտ աւելի լաւ կ’ընէին եթէ բարեհաճէին միջամտել, վերապրողներու այդ աղէտալի տարհանումին նախորդող 40 օրերու ընթացքին, որեւէ օր… բայց ի՞նչ կը սպասես, ֆրանսացիներէն… իրենց զինուորները, վտանգուած հայերը լքելով, գիշերուայ մէջ գաղտնագողի փախան գացին… մեր ամբո՛ղջ Կիլիկիան յանձնեցին թուրքերուն…. լէ սալօփաղ ! ամուլ աքլորներ…)

Դարձեալ յստակացնեմ՝ Հայութեան նշեալ երկու – գունագեղ – հատուածներուն որեւէ մէկուն նկատմամբ, ես մասնաւոր հիացմունք մը չունիմ: Ոչ որեւէ հակակրանք, ոչ յատուկ համակրանք:

Սեփական անցեալի այդ հեռաւոր պահերը եթէ այսքան լաւ կը յիշեմ, շնորհիւ Քեսապին չէ: Այլ, որովհետեւ կը համապատասխանեն կեանքի յատուկ, բացառիկ հանգրուանի մը:

Երբ որ դեռ երեխայ էի: Երբ որ Լիբանանի պատերազմը չէր սկսած, եւ ուրեմն մեր ընտանիքը դեռ շեմին էր միայն՝ իր յաջորդող, երկար ու բարդ թափառականութեան:

Երբ որ քոյրս, Պապաս եւ Մամաս, ողջ էին…

* * *

Ուրեմն, Էքիզ Օլուխին ամայի, խոնարհ պանդոկին այդ շատ համեստ սենեակին մէջ, հայրս՝ կողքին վրայ պառկած, ափերը միացած՝ երեսին տակը, մինչեւ ծնոտը քաշած վերմակին մէջ պլլուած, Մորֆեյոսին գիրկն էր: Le repos du guerrier…

Ես ալ, ֆանելայէ ծաղկազարդ փիժամայիս վրայէն՝ Մամայիս հիւսած, բուրդէ հաստ բաճկոնը հագուած, պաղ պատուհանին առջեւ կանգնած, դուրսի մշուշոտ ամայութիւնը կը դիտէի: Լեռնային բացարձակ լռութեան մէջ:

Այդքան հանգիստ, խաղաղ եւ ապահով պահեր չեմ ունեցած, կեանքիս մէջ:

Եւ դեռ այդպէս, մինչ Պապաս քնացա՛ծ էր:

Ալ երեւակայեցէք՝ երբ որ իր հետն էի եւ ինք արթուն էր:

* * *

Քեսապի վերաբերեալ յուշերուս առաջին բաժինը նախապէս արձանագրած եմ, այստեղ:

Բայց, դեհ լաւ.. հոս քիչ մըն ալ շարունակեմ…

Առաջ որ «մոռացումը [առնէ] ինձմէ ամէն բան»… (Մինչդեռ այդ խօսքերուն հեղինակը, իր թրթռուն ապրումներու հաշիշով օծուն Մեծարենցը, արդէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն 22 տարեկանին… )

Ուրեմն, Պէյրութ-Քեսապ-Կիպրոս-Պէյրութ-Գանատա-Պէյրութ-Գանատա, մեր ընտանեկան ոդիսականին նշեալ երկրորդ հանգրուանին, վարձեցինք տուն մը, Քեսապի մէջ:

Փայլուն Վահանենց տունին առջեւ անցնող հողէ ճամբուն ամենածայրը: (Յիշեալ անձնաւորութիւնը, երբեմն, կը կանգնէր՝ այդ ճամբուն եզերքը գտնուող իր տան տանիքին վրայ, եւ երկար ժամանակ կը մնար հոն: Լրիւ անշարժ: Քարացած: Եւ կը դիտէր հեռուները – Կիլիկիայի մօտակայ  տարածքնե՞րը արդեօք – : Ես ու եղբայրս ալ, պահուըտած, կը դիտէինք իրեն… որոշ երկիւղածութեամբ մը, թերեւս նոյնիսկ վախով… )

Սոյն ըսֆինքսատիպ Փայլունի զոքանչին տունին անմիջապէս կից բնակարան մըն էր, մի քանի ամիսներու մեր այդ տունը: Քեսապի վերեւի լեռան փէշին վրայ, գրեթէ ստորոտը: Որմէ վեր, այն ժամանակ, որեւէ բնակչութիւն կամ կառոյց չկար:

Մեր այդ տունէն ետք ալ ուրիշ տուն չկար, այդ ճամբուն վրայ: Այլ կային արահետներ, որոնք կը տանէին դէպի վար: Դէպի բուրաւէտ փուռը, Քեսապի «կեդրոն»ը տանող զառիվարին վերեւը: Քիչ մը աւելի վար՝ Փայլուն Վահանին հոյակապ խանութն էր:

Այդ փուռին մէջ, աշխարհի լաւագոյն հացը կ’եփէին: Պայմանաւ որ՝ զայն նոյն օրը ուտես, համտեսես… Յաջորդ առտուն իսկ, քիւֆոտած կ’ըլլար արդէն: Քանի որ բացարձակապէս բնական էր:

Մամաս՝ զիս ու եղբայրս կ’ուղարկէր, Քեսապի այդ փուռէն նոր ելած, տակաւին տախտակէ կրակին տաքութեամբ բառացիօրէն ուռած – կողքերէն ծխացող – աննման խըպըզը կ’առնէինք, փլասթիքէ տոպրակներու մէջ որ կը թոյլնային, հազիւ կը դիմանային տաքութեան, եւ վազելով կը վերադառնայինք տուն: Ձեռքերնիս այրոտելով – ինչպէս նաեւ անշուշտ մեր բերանները եւ նոյնիսկ կոկորդները, քանզի հացի ռապթային մէկ մասը արդէն կերած, առանց ծամելու կուլ տուած կ’ըլլայինք, մինչեւ որ հասնինք տուն  – :

* * *

Նախ, համով-բուրմունքով բանի մասին գրեցի:

Սակայն ուրիշ յատկանշական, իմաստալից դրուագ մըն ալ կայ…

Մեր վարձած այդ բնակարանին միակ խնդիրը այն էր որ՝ արաբական պէտքարան մը ունէր միայն:

Թէկուզ քիչ մը նեղ, սակայն շատ բա՜րձր առաստաղով, վերեւի պատուհաններով լուսաւորուած, հանգիստ պէտքարան մըն էր:

Բայց իշտէ, մեզի համար – ոչ Պապայիս – միակ խնդիրը այն էր որ՝ նստարան չկար:

Հնարամիտ Բաբազս՝ խնդիրը արագօրէն լուծեց:

Խսիրէ նստարանով աթոռ մը առաւ, նստարանը հանեց, եւ… հանգի՜ստ: Մէյ մը որ բազմիս, դուրս ելլել չես ուզեր (գիրք կարդալու լաւագոյն տեղն է արդէն, վստահաբար շատերու համար, մինչեւ օրս…) :

Պապաս նաեւ այդ աթոռին ոտքերը սղոցեց, կարճեցուց: Որպէս… լաւ նշան առնենք: Մարդը որսո՛րդ էր, ակամ:

Իսկ եթէ հետերնիս գիրք չէինք տարած, երբեմն ուրիշ ձեւով կարելի էր ժամանակ անցընել այդ բարձր պատերով, լուսաւոր պէտքարանին մէջ:

Անձրեւէն ետք, պատերուն ճեղքերէն, առանց պատեանի խխունջներ, լիմասներ, դուրս կու գային: Դանդաղ, հանդարտ, նոյնիսկ գեղեցիկ արարածներ: Դեղին եւ փայլուն, երկար, շարժուն անթէններով – որոնք անմիջապէս կը կարճընային, կը կծկուէին, հազիւ որ մատդ մօտեցնես իրենց, առաջ իսկ որ դպչիս – :

Անձայն եւ խոնարհ, իրենք իրենց գործին խառնուող, անվնաս արարածներ: Սողո՞ւն, հա… բայց պարզապէս` Աստուծոյ որոշումով… երանի թէ սողուն մարդիկն ալ այդ երկնային արդարացումը ունենան…

Տեղացի ընկեր մըն ալ, մեզի սորվեցուց «զբաղուիլ»` այդ նուրբ ու սիրուն անասնիկներուն հետ:

Ինչպէ՞ս: Վրանին՝ աղ թափելով…

Որուն հետեւանքը այն էր որ, անասելի տառապանքներու մէջ, այդ մերկ, պատեանազուրկ խխունջները կը սկսէին սոսկալի կերպով փրփրիլ, գալարուիլ, մինչեւ որ քակուին պատէն եւ իյնան գետին, ուր վերջ կը գտնէր իրենց երկարատեւ հոգեվարքը:

Խոհանոցէն աղամանը կ’առնէինք, պէտքարան երթալէ առաջ, որպէսզի այդ «խաղ»ով զուարճանանք…

Լա Ֆօնթէն-ը, իր գրիչին տակ անսպասելի ակնարկութեամբ մը, իր առակներէն մէկում մէջ, գրած է որ երեխաները՝ անգութ են: «Cet âge est sans pitié»… (մերսի ուսուցման համար՝ Ճեմարանի աննման, անփոխարինելի Մատամ) :

* * *

Քեսապի մեր այդ տունին ճիշդ առջեւը՝ աղբիւր մը կար:

Պապաս առտուն, փիժամայով եւ փապուճներով, այդտեղ կը կատարէր իր առաւօտեան ablution-նները:

Իսկ անմիջապէս դիմացը, քիչ մը վար՝ գոմ մը կար:

Այդտեղ է որ ես ու եղբայրս (մանաւանդ էն վախտ՝ լուսահոգի Ցոլինէն իր մտաւորական աշխարհին մէջ էր մշտապէս. երաժշտութիւն, երգեր, թերթեր, գիրքեր…), ուրեմն, ես եւ Վաչէն, դիրք կը բռնէինք, որպէսզի դիտենք թէ ինչպէս կովը կը կթեն:

Դաստիարակչական բան մըն էր:

Սկիզբը, ուալլա, ես իրապէս մտահոգ էի կովուն համար… Շատ վայրագ կը համարէի այդ անամօթխած գործողութիւնը:

Խխունջները, լաւ… աննշան սողուններ էին… բայց ասիկա մեծ, ծանր անասուն մըն էր, ինչո՞ւ զայն ենթարկել այդ ահաւոր խոշտանգումին:

Առաջին անգամները սիրտս կը տրոփէր, երբ որ գիւղացին կը մօտենար, սաթըլը բռնած… Պատրաստուած էի՝ միջամտելո՛ւ, որպէսզի խեղճ կովը պաշտպանեմ: Բայց շատ պզտիկ էի, եւ ուրեմն սրտատրոփ, կը մնայի՝ ես ինծի, իմ մտահոգութիւններուս, անկարող քաջութեանս, նուաստացուցիչ անզօրութեանս հետ:

Սակայն կովն է, որ զիս մխիթարեց: Ինծի բան սորվեցուց:

Արդարեւ, սկիզբնէ մինչեւ վերջ, գործողութեան ընթացքին, կովը, ինք, շա՜տ հանդարտ էր:

Գլուխը մեղմօրէն կը շարժէր, աչքերուն եւ քիթին մօտեցող, խոնաւութիւն փնտռող ճանճերը հեռացնելու համար:

Ատենը մէկ ալ՝ պոչը կը շարժէր, նրբութեամբ: Իր… միւս ծայրը թիրախաւորող ճանճերն ալ վռնտելու համար:

Մինչ՝ ֆըս, ֆըս, ֆըս, կաթը կը ժայթքէր թիթեղէ դոյլին մէջ, կովը, իր այդ անհոգ, հեզ ու հանգիստ վերաբերմունքով, կարծես թէ զգացած էր իմ յուզումներս, եւ կ’ուզէր զիս հանդարտեցնել: Որ՝ ուալլա յի հըմմակ, ակամ… դուն հէլէ քեզմո՛վ մտահոգուիր, եւ քու մարդկային սիրելիներովդ…

Այն աստիճան որ, եա’անի, կովուն մնար նէ, զինք կթող տիկնոջ՝ այդ յոգնութիւնն ալ, կը խնայէր: Եթէ կարողանար, առանց կթուելու, իր կաթը կը շնորհէր մարդոց: «Պահեստը» խոշոր էր, որքան որ ալ մեզի տար, բաւարար ունէր, կ’ապահովէր, իր հորթերուն համար:

Այդ օրերուն, կթուող կովուն վերաբերեալ տպաւորութիւններս, այդպէս էին:

Ընտանիքին հետ մուհաճիր երեխայի աչքերուս առջեւ, այդ կացութեան մէջ իր ցուցաբերած հանդարտութեամբ, հաշտութեամբ, կը թուէր թէ՝ կթուող անասունը աւելի… իմաստուն էր, քան թէ մարդիկ:

Սակայն յետոյ սովրեցայ, հասկցայ:

Եթէ շատ մեղքնաս, մեղքնալիք կը դառնաս:

Եւ ամէն պարագայի, այս աշխարհին մէջ, վստահաբար նախընտրելի է՝ կթողը ըլլալ, քան թէ կովը: Եւ սաթըլը լեցնե՜լ մինչեւ եզերքը, ու զայն տանիլ տնեցիներուդ, մինչ քարքռոտ ճամբուն վրայ, ամէն մէկ քայլիդ, դեռ տաք կաթէն մաս մը կը յորդի, գետինը կը թափուի:

Հայվան կովն ալ ինքն իրեն թող պահէ՝ իր այդ կարծեցեալ «իմաստութիւն»ը:

Ուրիշ ի՞նչ ճար ունի, որ:

* * *

Կը կարծէի չէ այս յօդուածով պիտի վերջնականապէս փակէի Քեսապի վերաբերող մանկութեան յուշերս:

Բայց որքան որ պեղեմ, գտածս թուղթին յանձնեմ, դեռ նոր բաներ դուրս կ’ելլեն կոր: Վերոյիշեալ լիմասներուն պէս, անձրեւէն ետք, ժամանակի մշուշներուն մէջ կորած, ընդմիշտ անյայտացած աշխարհի մը պատերուն ճեղքերէն…

Ուրեմն, դեռ շարունակելի:

Հայդուկ Շամլեան

07 Սեպտեմբեր 2025

. Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն »
. ԼիւնՏիւնՊէ
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը…

Այժմու Սուրիոյ կամ մեր Կիլիկիոյ ծայրամասը կազմող (դիտանկիւնի հարց) Քեսապի անկումը ցնցում պատճառեց աշխարհի համայն Հայութեան:

Բաւարարաչափ – կամ բաւարարօրէն ճշգրիտ – տեղեկութիւններ չունենալով, զուր է   ջանալ հասկնալ թէ հիմա ճիշդ ինչ կը կատարուի այդտեղ:

Սակայն մէկ տուեալ գոնէ ստոյգ է՝ այս տողերը գրուած պահուն, քաղաքը տակաւին ճիհատականներու ձեռքն է, որոնք այդտեղ հաւաքուեցան այլազան երկիրներէ, եւ յաջողութեամբ ներխուժեցին, այս ցայտուն գործողութեան մէջ վայելելով Թուրքիոյ անմիջական զօրակցութիւնը:

Բոլորս մեր պարտականութիւնը կատարեցինք, եւ կը շարունակենք կատարել, բարոյական, մարդասիրական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ աջակցելու համար Քեսապին եւ անոր հայ բնակչութեան: Որքան որ հնարաւոր է այդ, նկատի ունենալով կացութիւնը: Արդարեւ, այս խնդրին մէջ քաղաքականօրէն կը գտնուինք մասնաւորապէս… խորթ գետնի վրայ, եւ այս անգամ այդպէս է ոչ միայն արեւմտեան աշխարհի Սփիւռքի մէջ, այլ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ:

Իսկ Հայաստանն ու Արցախը այս նիւթով եւս ցուցաբերեցին նկատելի հոգածութիւն, ազգային միասնականութիւն եւ պետական պատասխնատւութեան ըմբռնողութիւն , անթերի յանձնառութիւն՝ այն նոյն տրամաբանութեամբ որ կը բնորոշէ ամէն բան որ Մայր Հայրենիքն ու Հայոց Պետութիւնը կը կատարեն, իրողապէս եւ ժրաջան կերպով, շօշափելի օգնութիւն ընծայելով Սուրիոյ բոլոր այն հայերուն որոնք յօժար են զայն ստանալու, այդ երկրին վիճակուած օրհասական տագնապի սկզբնական օրերէն սկսեալ:

Այս ամէնը ըսելէ – եւ մանաւանդ կատարել ետք -, օգտակար կ’ըլլայ որ այս նիւթը քննարկուի նաեւ այլ տեսանկիւնէ մը:

Վերջին հաշուով, մենք, հայերս, արդեօք թերացա՞նք Քեսապի նկատմամբ: Արդեօք պէտք չէ՞ր որ մենք պաշտպանէինք Կիլիկիոյ այս ծայրագոյն ու յետին մասնիկը, անոր արժանի՝ մարտական համահայկական զօրաշարժով:

Այս ուղղութեամբ բաղդատականը բնականօրէն հանդիսանալու է Արցախի ազատագրման նախնական եւ ճակատագրական հանգրուանը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Շուշիի յաղթանակով:  Առանց որու, կարելի չէր ըլլար այդ հայկական շրջանը ազատագրել (թէկուզ դեռ անաւարտ կերպով) :

Ուրեմն այսպէս, Քեսապ, Շուշի՝ նոյն Պայքա՞րը: Գոնէ որպէս անմիջական հանգրուան,  եթէ ոչ, տակաւին, որպէս մեր ազգային ձգտումներու ամբողջական իրականացում…

Գաղափարական մակարդակի վրայ, մօտեցումը արդարեւ հիմնաւորուած է: Սակայն ան չի դիմանար իրականութեան եւ իրողութիւններու տարրական քննութեան:

Ներկայիս, ի տարբերութիւն՝ անցեալի ու անցած ժամանակաշրջաններու, Սփիւռքը չունի նշանակալից «մարտական ուժեր»:

Երբ որ ճիհատականները, Թուրքիոյ զօրակցութեամբ, յարձակեցան Քեսապի վրայ, Հայոց Սփիւռքը պարզապէս ու տառացիօրէն անկարող էր այդտեղ կռիւ մղելու, առաջին գիծի վրայ՝ Սուրիոյ հայերով: Ինչպէս որ լիովին տեղի ունեցաւ Արցախի պարագային:

Ի դէպ, այն ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հայերու զինեալ պայքարի կարողականութեան, այդ մէկը բնաջնջուած էր շատ շատոնց, ներկայ Ասատ վարչակարգի իսկ նախնիներուն կողմէ, եւ այդ ալ՝ անասելիօրէն կատաղի միջոցներով:

Ոեւէ մէկը որ համաձայն չէ կացութեան վերոյիշեալ ներկայացման հետ, եւ որ պիտի բողոքէ հետեւաբար թէ ո՜չ, այս ի՞նչ խօսքեր են, ճիշդ չէ՛, Սփիւռքը տակաւին ունի՛ մարտական կարողականութիւն, եւայլն,  պէտք է որ բարեհաճի պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն ՝ ո՞ւր էին ուրեմն սփիւռքահայութեան զինեալ ուժերը, երբ որ, երկու տարիէ աւելի երկար նախանշաններէ ետք, վերջի վերջոյ – թրքական զօրակցութեամբ – յարձակում եւ ներխուժում տեղի ունեցաւ Կիլիկեան հողաշերտին վրայ: Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ միայն փախուստ, առանց ոչ մէկ, նուազագոյն իսկ դիմադրութեան:  Իսկ ո՞ւր են այդպիսի ուժեր անկէ ի վեր, Քեսապի ազատագրման համար տեղի ունեցող կռիւներուն մէջ…

Լայնօրէն նուազ ցաւագին է որդեգրել աւելի վերեւ պարզուած իրապաշտ հաստատումը, սփիւռքահայութեան այդպիսի կարծեցեալ ուժերու վերաբերեալ, քան թէ ուղղամտօրէն պատասխանել վերոյիշեալ հարցումներուն…

Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ Քեսապի մէջ զինեալ միջամտութեան մը վարկածը նոյնպէս կը պատկանի մակերեսային վիպապաշտութեան: Արդարեւ, այլեւս գործօն մարտականներ չկան Մայր Հայրենիքի մէջ – Փառք Աստուծոյ -: Այնտեղ կան զինուորներ: Կայ ազգային բանակ: Հետեւաբար, Հայաստանի կողմէ զինուորական արշաւ մը Քեսապի վրայ, այնտեղ սուրիական բանակի կողքին կռուելու համար թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ուժերու դէմ, այս ամէնը՝ մինչ բառացիօրէն ամէն օր ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան ոչ միայն Արցախի այլ նաեւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ռազմաճակատներուն վրայ, եւ դեռ այս ամէնը՝ խիստ պայթուցիկ ժամանակամիջոցի մը երբ սաստկացած է Պաղ կոչուող Պատերազմը ուքրանական ճակատին վրայ… Բացայայտ է որ այս մէկն ալ լուրջ այլընտրանք չէ:

Սակայն պահ մը դարձեալ վերադառնանք Սփիւռքին: Նկատի առնելով որ ան միջոցները չունէր մարտական պայքար մղելու Քեսապի մէջ, արդեօք պարտաւոր չէ՞ր ուրեմն գոնէ նահանջը կազմակերպելու, քաղաքի կանոնաւոր պարպումը հոգալու: Մինչ ամէն բան որ լսեցինք այդ մասին կը ներկայացնէ շփոթի եւ մոլորման ամբողջական վիճակ մը այդ գետնի վրայ եւս, մօտաւոր սարսափի եւ փախողը-կ’ազատի՜-ի մէջտեղ, որու հետեւանքով քաղաքի ամէնախոցելի բնակիչներն է որ մնացին ներխուժողներու ձեռքին տակ: Այսպէս, մինչեւ իսկ երկու մամիկներ յանկարծ իրենք զիրենք Թուրքիա՛ գտան: Եւ թող այստեղ պատշաճութիւնը ունենանք չպատճառաբանելու որեւէ անակընկալի ազդակ, որովհետեւ այս դէպքը լիովին նախատեսելի էր, նոյնիսկ հաւանական էր, երկու տարիներէ ի վեր:

Սակայն խնդիրը ասով ալ չի վերջանար, ափսոս… Ոչ միայն Սփիւռքը անզօր էր ստանձնելու Քեսապի հայերու ապահովութիւնը, ոչ միայն ան չկարողացաւ նոյնիսկ կազմակերպել անոնց փախուստը, այլ որպէս այս ամէնուն պսակումը՝ մինչեւ օրս տակաւին ի զօրու է որոշ Հ.Յ.Դ.-ի մը կարգախօսը, ըստ որու՝ Սուրիոյ Հայերը պէտք է որ մնան Սուրիոյ մէջ…

Այս կեցուածքը ոչ միայն շշմեցուցիչ է, նկատի ունենալով սոյն կուսակցութեան  անկարողութիւնը՝ երաշխաւորելու խնդրոյ առարկայ մեր ազգակիցներու անվտանգութիւնը, այլ նաեւ անհասկնալի շեղում մը կը հանդիսանայ անոր գաղափարական էական հիմունքներէն:  Որովհետեւ երբ ան այսպէս կոչ կ’ուղղէ հայերու մնալ ու մեռնիլ Սուրիոյ մէջ (վասն ինչի՞, յանուն որու՞…), նոյն պահուն, Մայր Հայրենիքը իր ծոցն ու թեւերը լայն բացած է, դիմաւորելու համար այդ հայերը, ապահովելու համար անոնց հաւաքական գոյատեւումը, եւ անոնց գոնէ ապագայ մը ընծայելու:

Սակայն դեռ ուշ չէ: Վերոյիշեալ անհեթեթ կարգախօսը կարելի է պարզապէս յեղաշրջել, վերահաստատել աւելի նախնական, վայել ու հարազատ կարգախօս մը, եւ այդպէսով՝ նիւթի առարկայ կազմակերպութիւնը իր յատուկ կառոյցն ու հնարաւորութիւնները կարող է ի գործ դնել, Հայաստանի Պետութեան եւ Արցախի իշխանութիւններու հետ միասնաբար, իրագործելու համար Սուրիոյ հայութեան կանոնաւոր եւ կազմակերպուած, պատշաճ հայրենադարձութիւնը՝ Դէպի Երկիր:

Խորհրդածութեան այս հանգրուանին, հարկաւոր է նաեւ ընդգծել թէ Պաշար Ըլ Ասատ, ինք, նաեւ ծանր պատասխանատուութիւն ունի այս կացութեան մէջ, հայութեան նկատմամբ: Յանցանքի կարեւոր բաժին մը, որ չի սահմանափակուիր հայերը «խելօք դարձնելու» ու «բարի պահելու» այն բիրտ ու վայրագ քաղաքականութեամբ, զորս կիրարկեցին այն վարչակարգերը որոնց վերջին ժառանգորդն է յիշեալ Պաշարը, եւ որու պատճառով Քեսապի բնիկ հայերը – ինչպէս նաեւ Սուրիոյ միւս  ու մնացեալ հայերը – բաւարար զէնք կամ մարտական պատրաստութիւն չունէին, առաջին հերթին իրենք պաշտպանելու համար Քեսապը:

Այս ուղղութեամբ, յիշենք/նշենք միայն հետեւեալ մի քանի իրականութիւնները՝

–    վերջերս է միայն որ յանկարծ Սուրիական պետութիւնը եւ Թուրքիան դարձան թշնամիներ…

–   Ասատներու վարչակարգն էր որ – եթէ կարելի է ըսել… – խաչ մը քաշեց Ալեքսանտրէթի Սանճաքին վրայ, եւ այդպէսով նուազեցուց Քեսապի իրապաշտ արժէքն ու անմիջական կարեւորութիւնը՝ հատուցման վերաբերեալ հայոց ձգտումներու կապակցութեամբ. միաժամանակ քաջալերելով Անքարայի ոտնձգութիւնները, յանուն այլեւս անվիճելիօրէն «իր» Սանճաքի «հողային ամբողջականութեան»:  Ինչ որ կարելի է բաղդատել – սակայն ոչ նոյն սրտնեղութեամբ – Ալիէվի մը կեցուածքին Արցախի նկատմամբ…

–   Ասատները հայր ու զաւակ լաւ աշխատեցան, որպէսզի Քեսապի նախնական բնակչութիւնը  շարունակաբար «նօսրանայ»: 1974-ին, երբ որ Քեսապը տակաւին մեծ գիւղ մըն էր շրջապատուած փոքր գիւղակներով, եւ այդ ամբողջ շրջանը բացառապէս բնակուած էր հայերով, ստորագրեալը, պատանի, խռովեցաւ երբ այնտեղ հասնելով առաջին կառոյցը որ տեսաւ… խոշոր մզկիթ մըն էր, դիտմամբ տնկուած այցելուն դիմաւորող մայր պողոտայի ճիշդ մուտքին: Յետագային, անշուշտ Տամասկոսի տէրերու քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ,  հայերը աստիճանաբար իրենց տեղերը յանձնեցին այլազգներու, մինչեւ որ դարձան միայն համեմատութիւն մը – այդ ալ դեռ շարունակուող մաշումի ընթացքի մէջ -՝ ոչ միայն քաղաքի բնակչութեան համեմատ, այլ նոյնիսկ որպէս հողերու եւ անշարժ գոյքի սեփականատէրեր:

Պարկեշտութիւնը ունենանք նաեւ այստեղ անդրադառնալու թէ մենք ու մերիններն ալ յարաբերական սխալներ գործեցինք այս նիւթին մէջ, Քեսապի ֆիզիքական դատարկումի իմաստով: Անընդհատ արտագաղթը – կամ տեղափութիւնը դէպի Սուրիոյ այլ քաղաքներ – տեղի կ’ունենար տեւապէս, վերջին տարիներու իրադարձութիւններէն  շատ, շատ առաջ, երբ որ տակաւին լիովին Փաքս Սիրիանա էր, եւ ոչ մէկը կրնար երեւակայել իսկ թէ օր մը կը հասնինք ներկայ կացութեան: Այս կէտը կրնայ յատկապէս անախորժ ըլլալ, սակայն քանի որ այստեղ կը բաղդատենք Քեսապը Արցախի հետ, Հարաւային Կովկասի մեր ազգակիցներուն նկատմամբ անարդար պիտը ըլլայ որ այս զանազանութիւնը չնշենք, երբ որ լաւ գիտենք թէ ինչ տեսակի եւ ինչ աստիճանի ահաւոր ու անասելի պայմաններու մէջ, դիմադրողական աննշան միջոցներով՝ անոնք կառչեցան իրենց պապենական հողին, եւ շնորհիւ ատոր յաջողեցան զայն պահպանել ու ազատագրել:

Վերեւ պարզուած բոլոր նկատողութիւններու լոյսին տակ, պէտք է ուրեմն գիտակցիլ թէ այժմ միակ աշխատանքը որ կրնանք մղել Քեսապը փրկելու համար, կրնայ զետեղուիլ միայն քաղաքական մակարդակի վրայ:

Անհնար է չստանձնել այս պարտաւորութիւնը, ծայրագոյն վճռակամութեամբ: Սակայն շօշափելի արդիւնքներու իմաստով, պէտք է որ մեր ակընկալութիւնները յարմարեցնենք իրականութեան:

Այս բնոյթի եւ այս տարողութեամբ զինեալ բախումի մը պարագային, քաղաքական սովորական քայլերը ամէն պարագայի սահմանափակ են: Իսկ այս նիւթին մէջ, Սփիւռքի գաղութներու մեծամասնութիւնը Քեսապի օգնութեան համար կը դիմէ ու կոչ կ’ուղղէ անոնց որոնք ուղղակի մեղսակիցներն են կատարուածին, կը բախենք դուռը անոնց՝ որոնք իրենք դուռը բացին եւ զայն յոտնկայս ամուր բռնեցին, որպէսզի թուրքիան եւ ճիհատականները մոլեգնօրէն մտնեն Քեսապ:

Բացի եթէ, Պաշար Ըլ Ասատի՛ հաւանութեամբ, շրջանին վիճակուած է դառնալ պաֆըր զօն մը (իրողապէս ոչ ոքի պատկանող եւ երկու թշնամի երկիրներու միջեւ առկախ տարածքաշրջան),  Քեսապը տակաւին կրնայ ազատագրուիլ: Այսինքն… Վերադառնալ Սուրիոյ… Սակայն կարելի է մտածել որ Պաշար Էլ Ասատը շատ ալ պիտի չաճապարէ, այդտեղէն դուրս հանելու համար ներխուժողները, նկատի ունենալով որ այս իրադարձութեան շնորհիւ, անուղղակիօրէն իրեն կը ծառայէ՝ անսովոր միասնականութեամբ եւ համադրումով ոտքի ելած միջազգային սփիւռք մը, յատկապէս երկիրներու մէջ ուր ինք այլեւս երբեք ոտք չի կրնար դնել անգամ…

Յետին վերլուծումով, ինչպէս որ է պարագան Արցախի, Քեսապի ճակատագիրը նոյնպէս կախեալ է Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ տեղի ունեցող տիտանական բախումի ընթացքէն: Աւելի յստակօրէն՝ Վլատիմիր Փութինի ծրագիրներէն:

Եւ այս է, վերջին հաշուով, միակ իսկական հասարակաց կէտը Քեսապի եւ Շուշիի միջեւ: Հայկական այս հողերուն բախտը կախեալ է Ռուսիայէն:  Ի դէպ՝ ոչ միայն այս հողերուն…

Բան մը որ մեզ, հայ ծագումով՝արեւմտեան պետութիւններու քաղաքացիներ, կը տեղաւորէ շատ դժուար կացութեան մը մէջ: Աւելին չըսելու համար…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Գանատա, 04 Ապրիլ 2014

Պապաս, Քեսապ, 1976 թ.

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Քեսապ, շարժանկարային յուշեր

Թըս’աա-Արպաթա’աշ (9-14) հրացանիս մասին բաւական պատմած եմ, նախորդ յուշագրական յօդուածի մը մէջ:

Այդ որսորդական զէնքը իւրայատկութիւն մը ունէր՝ կարելի էր զայն ծալլել, ինքն իր վրայ, 180 աստիճան: Կոթին վերի մասը ուղղակի փակցնելով՝ փողին տակի մասին:

Ուրեմն Պապաս այդ հրացանը այդպէս, լման երկուքի ծալլեց, ապա երկաթէ թելերով կապեց մեր կապոյտ Տօճ Քօրոնէթին մօթորին մէջ, զայն ամրացուց ռատիաթօրին առջեւի ճեղքին վերեւը, եւ ընտանեօք ճամբայ ելանք դէպի Քեսապ: Որպէս սկիզբը հարկադրուած տեղահանումի այն թափառումներուն, որ նաեւ նախապէս պատմած եմ:

Լիբանան-Սուրիա սահմանը կրնար արդէն, որեւէ պարագայի, ցաւագին փորձառութիւն մը հանդիսանալ, նոյնիսկ առանց պահուած զէնքի մը որ կ’ուզես գաղտնի մտցնել Հաֆըզ-Ըլ-Ասատի ամբողջատիրական երկիրը: Ալ ուր մնաց, եթէ այդ ռիսկը՝ գէշ յանգում ունենայ…

Բայց Պապաս բնաւ մտահոգ չէր: Ոչ ալ Մամաս, ի դէպ: Գոնէ ոչ, այդ նիւթով…

Իսկ մենք երեխաներս, ես, եղբայրս եւ Ցոլինէն, այդ տարիքին երբեք մտահոգ չէինք կրնար ըլլալ, որեւէ բանով, երբ որ Պապային եւ Մամային հետ էինք:

Սահմանը հասանք, Պապան իջաւ, օթօյին սնտուկը բացաւ: Ուր, դիտմամբ, թիզած էր… հացի տոպրակներ, ռապթաներ:

Սահմանապահ զինուորը երբ որ զանոնք տեսաւ, աչքերը փայլեցան: Ձեռքի շարժումով մը՝ «ֆատտա՛լ», ըսաւ Պապաս, հրաւիրելով որ տարազաւորը առնէ, որքան որ կ’ուզէ, եւ մարդը անմիջապէս մի քանի ռապթա առաւ, ծայրերէն փաթթեց մատներուն շուրջը: Ու անկէ ետք, այնքան ժպտերես, սիրալիր եւ յարգալից կերպով խնդրեց որ, մենք ալ՝ թաֆատտալո՜ւ, հրամմենք, մտնենք Սուրիա, որ այլեւս միայն բարեւի կենալը պակաս էր:

Ապա, հեզասահ եւ – այն ժամանակ… – շատ ապահով ճանապարհներով, հասանք Քեսապ:

* * *

Քեսապի մէջ բնակեցանք երեք ամիս: Այդ ամբողջ տեւողութեան, այդտեղ բացառապէս՝ միայն հայերու հանդիպեցանք: Ոչ մէկ արաբ, ալ ուր մնաց՝ ոեւէ մահմետական:

Այնուհանդերձ, ճիշդ Քեսապի մուտքին, երբ որ Լաթաքիայէն այդտեղ բարձրացող սքանչելի ճամբուն վրայ, ձորերուն եւ անտառներուն մէջէն կլոր-կլոր սողոսկելով, վերջին կլոր զառիվերով մը, կը մտնէիր հայկական գիւղը՝ մզկիթ մը կանգնած էրր: Առաջին հերթին, այդ կառոյցն է որ քեզ կը դիմաւորէր Քեսապ…

Խոշոր ու շքեղ, tacky, աչառու, «տիրապետող», հսկայական մզկիթ մըն էր:

Այդ ալ, վերոյիշեալ Հաֆըզ-Ըլ-Ասատի բնորոշ «բարի եկաք»ն էր, այցելու հայերուն, եւ մնայուն յիշեցում մը՝ բնակչութեան: Նուրբ ազդարարութեան մը…

Որպէսզի յանկարծ հայերը չմոռնան, թէ որուն ձեռքն է, իրենց այդ գիւղը…

Քեսապի բնակչութեան հաւանաբար կէսը արդէն՝ Մուխապարաթին կը ծառայէր – Սուրիոյ Գաղտնի Ոստիկանութիւնը – :

Սակայն միեւնոյն կէսը, նոյն հաւանականութեամբ կը կասկածէր նաեւ որ միւս կէսը՝ կրկնակի Մուխապարաթ է: Մուխապարաթի վերահսկիչ գործակալութիւն: Գաղտնիէն Գաղտնի, կառավարական հիմնարկ: Մուխանարաթին՝ Մուխապարաթը : Եւ ուրեմն փոխադարձաբար, երկու կէսերուն միջեւ:

Հետեւաբար, շնորհիւ այս թաքուն – եւ կրկնակի թաքուն – ըմբռնողութեան, հանգիստ մնալու համար, ոեւէ մէկը՝ միւսին չէր մատներ: Նեյ մէ կերե՜քնեյ մեզ է՛ կերեք…

Այդ օրերուն կապակցութեամբ, անշուշտ լիբանահայի զընըխ կատակ մըն է, ասիկա… Թէեւ նորէն ալ, չես գիտեր… թերեւս ոչ ամբողջովին…

Բայց ամէն պարագայի, երանի թէ այդպէս եղած ըլլար նաեւ – հայը հային, չմատնէր – ՝ այժմու Սուրիոյ կազմութեան նախնական ժամանակներուն…

Երբ որ յատկապէս ազգայնական գաղափարաբանութեամբ տոգորուած հայերը, այլազան վերագրումներով, ենթարկուեցան անհիմն հալածանքներու, կամայական եւ ապօրինի բանտարկութիւններու, ոստիկանատուներու եւ զնտաններու մէջ՝ անասելի չարչարանքներու, օրուայ վարչակարգերուն կողմէ:

Սակայն ամէն մարդ կ’ուզէ կոր այդ ամէնն ալ, մատնել՝ մոռացութեան… լաւ, ուրեմն… Անցնինք, եալլա… Բան չկայ, որեւէ բան չէ եղած, ամէն բան միայն լաւ է, հոյակապ եղած է ու կը մնայ, Միջին Արեւելքի հայերուն համար: Շուքրա՛ն, եա ՍիտիՇուքրան ժեզի՛լէն… Քեթթըր խէյր Ալլա՛…

* * *

Քեսապի մուտքի այդ փառաւոր մզկիթէն անմիջապէս ետք սակայն, եւ այս մէկն ալ իր կարգին ճանապարհային ռազմավարական անկիւնի մը վրայ, կ’երեւնար արդէն՝ հայ բողոքականներուն խոշո՜ր եկեղեցին: Իր լայնատարած բակով, աղիւսապատ ամրոցային շրջագիծով, տպաւորիչ, ծանր դարպասով:

Գիւղին մէջ կային նաեւ հայ կաթողիկէներու եւ Հայոց Առաքելական եկեղեցիները: Սակայն անոնք աւելի փոքր ու խոնարհ էին: Մանաւանդ կաթողիկէներունը, որ գրեթէ անշուք էր, հազիւ կը նշմարուէր, բնակարաններով խճողուած տարածքի մը մէջտեղը: Համեստութեան հարց ըլլալու է…

* * *

Բողոքականներուն ճոխ եկեղեցիին կողքէն, ճամբայ մը կար՝ զառիվեր: Անոր սկիզբը, եկեղեցիին միւս կողմը՝ պըճըլիկ խանութիկ մը կար:

Գիւղին ամենահամեղ պուզա-ն, այդտեղ կը գտնէիր: Բազմաթիւ գոյներով եւ համերով:

Այն տեսակէն – տեսականիյէ՛ն – որ մեծ տուփերու մէջ է, մեծ սառնարանին ապակիէ ցուցափեղկին ետեւը. եւ որ խանութին տէրը, իր հաստ եւ տափակ, ոսկեգոյն դգալով՝ փիւսքիւթին մէջ կը լեցնէ: Կտոր առ կտոր, ըստ ապսպրանքին:

Պուզաճիին բթամատը կարեւոր պաշտօն մը ունէր, այս նուրբ գործողութեան մէջ: Իր այդ մատովն է որ ան պաղպաղակին իւրաքանչիւր կտորը կը սեղմէր, կ’«ապահովէր»՝ դգալին վրայ, մինչեւ որ զայն լան մը «ծեփէ» միւս կտորներուն վրայ, փիւսքիւթին վերեւը: Իսկ մէկ համէն միւսը անցնելէն առաջ, դգալը՝ ջուրով լեցուած գաւաթի մը մէջ կը թխթխացնէր, որպէսզի պաղպաղակի նախորդ կտորին հետքերը վրայէն մաքրուին, եւ գոյներն ու համերը իրարու չխառնուին:

Տասը ղուրուշի՝ փոքրիկ, սուր կոնաձեւ, զիլ վարդագոյն փիւսքիւթին մէջ լեցուած կը ստանայիր, մի քանի համերով եւ գոյներով պաղպաղակդ: Քսան-հինգ ղուրուշի՝ կլորաձեւ, բաց-սրճագոյն փիւսքիւթով, աւելի շատ գոյներով եւ համերով: Իսկ եթէ յիսուն ղուրուշ ունէիր՝ նեղ բայց մեծ, երկար լայնքով, քիչ մը աւելի բաց սրճագոյն փիւսքիւթին կ’արժանանայիր, պուզային գրեթէ բոլոր գոյներէն եւ համերէն բաղկացած – եթէ կ’ուզէիր – , մուշեքքէլ պարունակութեամբ:

Բոլոր պարագաներուն, փիւսքիւթին վերեւը, կտոր-կտոր թիզուած պաղպաղակը պէտք է որ ուտէիր՝ վարի մասէն դէպի վեր լզելով: Թէ ոչ, մէկ մասը պիտի ուտէիր… մատներուդ վրայ, հալած վիճակի մէջ: Իսկ եթէ իսկապէս խաշիմ էիր այս բարդ գործին մէջ, պաղպաղակիդ հիմնական մասը կրնար նոյնիսկ գետին իյնալ: Եւ զայն այդտեղէն ուտել փորձելը, դժուար բան է (ինչպէ՞ս գիտեմ այդ… մի հարցնէք…) :

Պէտք է ըսել որ խանութպանը, բաւական լաւ կը լեցնէր – որեւէ գինի – պիւսքիւթները: Բայց մենք ալ, իր լաւագոյն յաճախորդնե՛րն էինք: Հաւանաբար այնքան լաւ, որ կէսօրուայ ժամերուն մարդը կրպակը կը գոցէր, տուն կ’երթար պահ մը հանգստանալու:

Մենք ալ այդ, անյայտ եւ փոփոխակի ժամերու եւ տեւողութեամբ՝ սիյէսթի պահերուն, կէս-փակ մետաղեայ տարապային առջեւը, կը սպասէինք որ պուզաճին բարեհաճէր վերադառնալ, կամ գոնէ իր կինը ուղարկէր… Բարա՜կ մայթին ծայրը նստած, սպասէ՜ ու սպասէ… կիզիչ արեւուն տակը… յօնքերնիս մեքենաբար կիտած, լուռ, թաց եւ կարմիր երեսներով… փոքրիկ ղուրուշները՝ մեր քրտնած ափերուն մէջ ամուր սեղմած, որ յանկարծ չսահին, չիյնան…

* * *

Բողոքականներուն խոշոր – եւ դիրքաւորուած – եկեղեցիին եւ առատաձեռն – բայց թեմպել պուզաճիին խանութին մէջտեղէն՝ դէպի զառիվեր գացող ճամբուն վրայ, վերը (աջին վրայ՝ Փայլուն Վահանին տունը տանող ճամբան անցնելէ ետք), ձախ կողմի վրայ, հոյակապ հիւրանոց մը կար:

Մենք Քեսապ հասանք դեռ ոչ-ամառնային օրերուն: Այդ հիւրանոցին մէջ, այդ եղանակին, մեզմէ զատ ոեւէ ուրիշ յաճախորդ չկար: Տակաւին բաց չէր իսկ, հիւրանոցը:

Ուրեմն, լման հիւրանոցը տրամադրեցին մեզի… Ներառեալ հսկայ խոհանոցը, ուր Մաման, ուրախ-ուրախ, մեր ճաշերը կը պատրաստէր: Զորս կը վայելէինք՝ լայն ճաշարանին մէջ, կամ բացօթեայ թերասին վրայ:

Ճէյմըզ Պօ՛նտը, ակամ, այդքան լաւ հիւրանոց չէ տեսած, այդպիսի բացառիկ կեցութիւն չէ վայելած:

Մինչեւ որ արդէն մեռցուցին, խեղճը, վերջին ֆիլմին մէջ… անգութ անխիղճ անզգամ իսկականտղամարդատեաց անամօթնե՛ր…

* * *

Ուրեմն այդ ամայի, մեծ հիւրանոցին մէջ, միակ յաճախորդները՝ մենք հինգս էինք, մեր ընտանիքը միայն:

Սակայն յատուկ բաժին մը կար՝ մեր սենեակներուն յարկին վրայ, ապակիով մը բաժնուած անցքէն եւ աստիճաններէն: Ուր կ’ապրէր սեփականատէրերու ընտանիքէն անդամ մը:

Մազերը մոխրագոյն, բայց ոչ շատ տարեց, միայնակ տիկին մըն էր: Շատ նիհար էր, դիւրաբեկ տեսքով: Եւ կոյր էր:

Օրուայ ընթացքին, բազմիցս, եւ մէն անգամ՝ գոնէ մէկ ժամ, կ’աղօթէր:

Իր բնակութեան բաժինը մեր սենեակներուն անցքէն բաժնող ապակիին ետեւը, արատ խունկ կը վառէր, եւ ծուխերուն մէջ կը սկսէր մէկ պատէն միւսը քալել, տասնեակ անգամներ երթալ-գալ: Թեւերն ու ձեռքերը բացած, դէմքը երկինք բարձրացուցած, բարձրաձայն աղօթելով: Կոյր, խոշոր ու պղտոր, մոխրագոյն, մշուշածածկ աչքերը յառած, ամենայն վստահութեամբ եւ երախտագիտութեամբ՝ իր անտեսանելի եւ անհուն Հաւատքին վրայ:

Ես շատ կը վախնայի իրմէ, երբ որ այդ արարողութիւնը կը կատարէր:

Սենեակէն որ ելլէի այդ պահերուն, կրցածիս չափ արագ վազելով, ուրիշ կողմ նայելով եւ ականջներս ափերովս փակած կ’անցնէի այդտեղէն, եւ աստիճաններուն վրայ ցատկելով, մեծ ու վտանգաւոր ոստիւններով, կ’իջնէի վար:

Այդ ալ, իմ՝ «The Shining»ս եղաւ…

Այդ ֆիլմին արտադրութեան թուականներէն շատ առաջ, դեռ գիրքէն ալ առաջ…

Երեւի ինձմէ ետք, Ըսթիվըն Քինկը եւ Ս. Քյուպրիքը, իրենք ալ, Քեսապի այդ հիւրանոցը իջեւանած են: Օff-season:

* * *

Սակայն չափազանց բարի, ազնիւ, հոյակապ անձ մըն էր, այդ միս-մինակը ապրող, կոյր ու նիհար, քնքուշ տիկինը:

Օր մըն ալ, առիթ եղաւ որ հիւրանոցի սեփականատէր իր հարազատներէն մէկը մեզի բացատրէ, թէ այդ բարի թանթիկը, թէկուզ միշտ սովորութիւն ունէր այդպէս աղօթելու, սակայն մեր այդտեղ իջեւանելէն ի վեր, աւելի շատ կ’աղօթէր:

Մեզի համար…

Մեր ընտանիքին եւ մանաւանդ երեխաներուս համար կը վառէր յաւելեալ խունկեր, եւ աւելի շատ կը քալէր, երերուն քայլերով, Աստուծոյ հետ խօսելով:

Որովհետեւ տեղեկացած էր որ մենք այդտեղ հասած էինք Լիբանանի պատերազմներէն փախչելով, եւ որպէս առաջին հանգրուան մը՝ դէպի ուրիշ, հեռաւոր եւ դեռ անծանօթ երկիր, անորոշ մուհաճիրութիւն…

Եւ ուրեմն Աստուծմէ կը խնդրէր, կ’աղերսէր, որ Ան յատուկ ուշադրութիւն եւ պաշտպանութիւն շնորհէ մեզի:

* * *

Այդ գրեթէ ամայի հիւրանոցին մէջ մեր կեցութեան ընթացքին, նաեւ բացառիկ, շատ մտերիմ յարաբերութիւն մը հաստատեցի անոր առջեւը, քիչ մը դէպի վար գտնուող… թութի ծառի մը հետ:

Երբ որ թութի եղանակը հասաւ…

Էհ այլեւս, խեղճ Մամիկս… կրնաս նէ դուն զիս բռնէ, որ տեւաբար չմագլցիմ այդ ծառին վրայ, եւ անդադար չուտեմ խոշոր, հիւթեղ, սեւակարմիր թութերը…

Առողջական խնդիրը իր կարգին, սակայն օրուայ կէսին արդէն, հագուստներս ծածկուած էին թութի հեղուկով, կտորներով: Իսկ լուացք ընելու համար, Մամաս պէտք է որ կաթսայի մէջ ջուր տաքցնէր, եւ լոքանքի տեղը, ցած աթոռակի մը վրայ նստած, ձեռքերովը մաքրէր ամէն բան: Իսկ թութի հետքը մաքրել փորձելը, դիւրին բան չէ…

Սակայն ծնողքս համակերպեցաւ այն վիճակին: Հասկնալով որ, մինչեւ որ այդ – մե՛ծ – ծառին բոլոր թութերը չհասնին բորիս մէջը, ես անդադար այդ ծառը պիտի մագլցիմ:

Սակայն դեռ աւելին, հայրս նոյնիսկ ստիպուեցաւ գործս հեշտացնել:

Արդարեւ, աւելի մտահոգ էին որ անզուսպ շատակերութեանս շղթայազերծ անհամբերութեան մէջ, կրնամ ծառին վրայ մագլցելու ընթացքին շատ աճապարել, եւ ուրեմն իյնալ եւ ինքզինքս վնասել:

Հետեւաբար հայրս, այդ մեծ եւ բեղուն թթենիի կոճղին եւ գոնէ առաջին խոշոր ճիւղերուն վրայ, մի քանի տեղ՝ տախտակի կտորներ գամեց: Որպէսզի ոտքերս անոնց վրայ դնեմ, երբ որ դէպի դեռ աւելի բարձր, պտղածածկ ճիւղերը կը սուրամ, ձեռքս եւ բերանս բաց:

Եւ այդպէս, կը հասնէի վերերը: Եւ կը սկսէի ուտել… Ուտել եւ ուտել… Ամենախոշոր չափի արմաւի մեծութեամբ, ծանր թութերը կուլ տալ… երբեմն հազիւ ծամելով…

Անշուշտ, այս պտղային խրախճանքին երրորդ օրէն սկսեալ արդէն, երբ որ ծառին վրայ չէի, միմիայն մէկ ուրիշ տեղ մը կրնայի ըլլալ:

Պէտքարանի նստարանին վրայ:

Բորի անասելի ցաւերու վրայ կծկուած: Բայց այն պահուն իսկ աճապարելով, որպէսզի արագ ետ վերադառնամ ծառիս վրայ:

Եւ չյանձնուեցայ:

Մի քանի շաբաթ տեւեց ճակատամարտը, սակայն ի վերջոյ, ես յաղթեցի: Այդ թութի ծառին հախէն եկա՛յ: 

Փոքրիկ թռչուններուն իսկ, մէկ հատիկ թութ չձգեցի: Յետոյ միայն, մեծ ճիւղերուն վրայէն վերջին անգամ վար իջայ. վրաս-գլուխս՝ կպչուն կարմիր հետքերով, ամէն կողմ. կուշտ ու գոհունակ ժպիտ մը, թթածածկ դէմքիս վրայ. Պապայիս գամած տախտակէ աստիճաններուն վրայ տեղաւորելով նաեւ գոց-կարմիր դարձած էսփատրիյներս:

* * *

Ամէն պարագայի, Մուխապարաթ կամ ոչ, Պապաս շատ հանգստօրէն որսորդական հրացանը քակած էր մեր ՏօՃ Քօրօնէթի ռատիաթէօրին առջեւէն: Եւ հացի ռապթաներուն տակը պահուած փամփուշտներովը, որսորդութիւն ալ ըրաւ, Քեսապի շրջակայքը:

Բայց իր քեսապեան որսորդութիւնները չվերջացան միայն այդ փոքր քալիպրի հրացանիս սահմանափակ տարողութեամբ, սովորական արդիւնքներով:

Տեղւոյն որսորդներու հետ, եւ իրենցմէ փոխ առնելով ջիֆթէ մը, Պապաս եղնի՛կ մըն ալ որսաց այդտեղ: Զորս յետոյ համով-համով կերանք, Ջինար գիւղակին այդ նշանաւոր, բարձր եւ խիտ ծառերուն տակը, որսորդներու առնական խնճոյքի մը ընթացքին:

Կարծեմ կեանքիս առաջին գարեջուրը, այդտեղ ու այդ առիթով է որ ըմպեցի:  Շատ համեղ բան մըն էր, բաց-դեղին գոյնով, եւ ճեփ-ճերմակ, թեթեւ բայց դիմացկուն փրփուրով – : Թափանցիկ, լայն եւ խոշոր, քրտնոտած գաւաթի մը մէջ հրամցուած: Միայն որ յիշեմ, արդէն կը ծարաւնամ…

Նոյնպէս փոխ առած ջիֆթէ մը թեւին վրայ եւ կարմիր ճիզմէները ոտքերուն, Պապաս նաեւ որսորդութեան ելաւ՝ Քեսապին վերեւի, փոքր լերան լանջին: Ուր Սուրիա-Թուրքիա սահմանագիծն է, աներեւոյթ եւ անպահակ: Իր երկու հաւատարիմ թազիներուն հետ անշուշտ – յանձինս ես ու եղբայրս -:

Թուփերուն մէջէն երբ որ յանկարծ թռաւ կաքաւներու երամ մը, պէ՛մ-պէ՛մ ՝ օդին մէջէն, անմիջապէս երկու հատը զարկաւ,ամենակարող Պապաս:

Դեռ ետ գետին չէին հասած, երբ որ արդէն ես ու Վաչէն կը վազէինք, որպէսզի երթանք զանոնք հաւաքենք: Քանի որ տոկուն թռչուններ են, եւ եթէ միայն վիրաւորուած են, կրնան շատ արագօրէն գետնին վրայ փախչիլ անհետանալ, սրիկաները…

Վաչէն թէկուզ արագ, բայց մտածելով կ’առաջանար: Սակայն ես ինքզինքս այնքան կորսնցուցած էի – բնորոշ վիճակս, այդ տարիքներուս -, որ՝ խոպան խոտերուն մէջ պահուըտած, նենգ ու դաւադիր ցանկապատի մը փշաթելերը չնկատեցի, եւ հետեւաբար ամբողջ մարմնովս, յանկարծ անոնց մէջ ինկայ, գրկախառնուեցայ:

Որքան որ կը փորձէի այդ մետաղեայ փուշերէն ազատիլ, աւելի կը մխրճուէի անոնց մէջ… Իմ անմիտ շարժումներուս պատճառով, կարծես թէ կեանք առին, ողջ դարձան այդ փշաթելերը, եւ կ’ուզէին զիս յափշտակել, բռնել ու պահել այդտեղ, իրենց մէջ:

Շուտով անկարելի դարձաւ լայն բացուած թեւերս եւ ոտքերս շարժելը: Հեռուէն դիտողի մը աչքին, վերածուեցայ՝ օդին մէջ կախուած, ծուռումուռ կերպարանքով, տխեղծ խրտուիլակի մը: Որ չէր շարժեր, հա, սակայն ջղայնութենէն՝ լեղապատառ կը պոռար:

Բուն տերտս, խուճապս, այն էր որ՝ Վաչէն, վիճակս տեսնելով, աւելի դանդաղօրէն, հանդա՜րտօրէն եւ զգուշութեամբ անցած էր արդէն նոյն, ցած ցանկապատին վրայէն: Եւ ուրեմն ինձմէ առաջ պիտի հասնէր՝ ինկած կաքաւներուն, ու զանոնք հանգստօրէն պիտի հաւաքէր ու տանէր մեր որսորդ հայրիշխան թագաւոր Տիրոջ: Մինչ, միւս թազին դեռ կը տապլտկէր փշաթելերուն մէջ, զուր ճիչեր եւ պոռչտուքներ արձակելով…

Բայց… ուալլա… համա-թազի եղբայրս, դէպի մեր կայսերական Տիրոջ իր վերադարձին ճամբուն վրայ, կաքաւներէն մէկը, կամաց մը ձգեց՝ զիս ծուղակած ցանկապատին կողքին: Որպէսզի ես զայն հաւաքեմ, երբ որ վերջանան սոսկալի կռիւներս՝ անողոք փշաթելերուն հետ…

Յետոյ Պապաս մօտեցաւ, հառաչելով զիս «քակեց» այդ ահաւոր թակարդէն: Պզտիկ ապտակ մըն ալ դրաւ (երկու մատով), որպէսզի դադրիմ պոռալէ: Ապա օձիգէս բռնած, ամէն կողմս արիւններով, զիս տարաւ տուն, նետելու պէս հրեց, յանձնեց Մամայիս, որ՝ առ, նայէ, նորէն ինչ վիճակներու մէջ է, տղադ«Տնաւեր Միջօ՛»դ…

Մամաս թէկուզ յօնքերը կիտած էր, բայց միաժանակ, խնդուքը հազիւ կը զսպէր: Փաթթուկ մը տուաւ, ձեռքը գլխուս վրայ՝ տարաւ, որ խնամէ:

Բայց ես, որքա՜ն երջանիկ էի…

Քանի որ իմ ինքնուրաց թազիութեանս շնորհուած կաքաւներէն մէկը, ձեռքս ամուր բռնած, հասցուցած էի Բաբազ Տիրոջս… Եւ անբաւ հպարտութեամբ, անհուն յուզումով եւ հիացմունքով լեցուած էի, ողողուա՛ծ էի՝ Աշխարհի, Տիեզերքի եւ Բոլոր Ժամանակներու ԱմենաԼաւագոյն Որսորդ, Պապայիս նկատմամբ: Որուն բացառիկ սխրագործութիւններու առանձնաշնորհեալ վկան էի, դարձեալ, այս անգամ ալ՝ Քեսապի լեռներուն մէջ: Եւ ահա, սոյն Վեհագոյն Որսորդին պաշտօնական պատմաբա՛նն եմ արդէն, Յաւերժութեան առջեւ:

Իսկ այդ, փշաթելերու հետ իմ այդ գրկախառն մենամարտին որպէս հետեւանք՝ երկար, ուղղահայեաց սպի մը մնացած է, աջ սրունքիս բարձին երկայնքին: Այդ առասպելական որսորդութեան որպէս ցմահ փաստ, եւ անգին յիշատակ, մարմնիս վրայ փորագրուած:

* * *

Երբ որ վերջնականապէս մեկնեցանք Քեսապէն, թըս’ա-Արպաթա’աշ հրացանս թողեցինք այդտեղ:

Մէյ մըն ալ զայն չտեսայ, չկրեցի նորէն:

Բայց լաւ տեղ մնաց…

Կ’ուզեն նոյնիսկ երեւակայել որ, քառասուն տարիներ ետք, այդ զէնքս կրակող մըն ալ եղաւ… այդ օրերուն երբ, պահ մը, ԴԱԻՇ-ի մորուսաւոր գազանները ներխուժեցին հայկական գիւղը… Թուրքիոյ սահմանէն մտնելով…

Այս ալ՝ «Le Vieux Fusil» ֆիլմին պէս…

* * *

Ի դէպ, սինեմա չկար Քեսապի մէջ:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

10 Մարտ 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Շուարած մուհաճիրութիւն

1976ին, երբ որ սկսած էին Լիբանանի պատերազմները, մեր –  իրենց երեխաներուն – ապահովութեան եւ ապագային մտածելով, ծնողքս որոշեց որ արտագաղթենք՝ Քանատա:

Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանատունը դատարկուած էր  հիմնական ծառայութիւններէ:

Պէտք է որ երթայինք Կիպրոս, այդտեղ կատարելու համար վերոնշեալ հիւսիսային երկիրը ներգաղթելու հարկաւոր գործողութիւնները:

Ուրեմն, Արեւմտեան Պէյրութի մեր տունէն, հինգս միասին, լեցուեցանք Պապայիս նշանաւոր, կապոյտ Տօճ Քորոնէթին մէջ:

Եւ գացինք… Քեսապ:

Որովհետեւ Պապաս եւ Մամաս նախ եւ առաջ, ամենահրատապ կերպով, կ’ուզէին մեզ դուրս հանել պատերազմի դժոխքէն:

* * *

Քեսապ ապրեցանք, երեք ամիս:

Տասնըմէկ տարեկան էի:

Առտուընէ իրիկուն, գաւազան մը ձեռքս, լեռներն ու ձորերը կը թափառէի, կը «չափչփէի»:

Պէյրութէն Քեսապ ճամբուն վրայ, Հալեպի շուկայէ մը՝ զըռ կանաչ, լայն (անշուշտ փաթ-տ’էլէֆաններով), ճինզէ տաբատ մը գնած էին ինծի համար:

Զայն կը հագուէի` մինչեւ կուրծքս վեր քաշած, խոշոր գօտիով մը ամուր կապած:

Քանի որ արագօրէն հասակ կը նետէի: Եւ ուրեմն, փոխանակ՝ ոտքերուս մասը նախ կարճեցնելու, ապա պարբերաբար, կարճ ժամանակի մէջ մի քանի անգամ երկարեցնելու, Մամաս կը թողնէր պարզապէս որ, բնական ընթացքով, հասակս հանգրուանաբար համապատասխանէր տաբատին նախնական երկարութեան:

Ուրեմն պէտք է որ սկսէի տաբատը վրաս կապել կրցածիս չափ վեր քաշելով, յետոյ, մօտաւորապէս ամէն ամիս, գօտիին մասը կամաց-կամաց իջեցնել մինչեւ մէջքս: Որպէսզի մինչ այդ, փաթ-տէլէֆաններուս լայն ծայրերուն մուխը չմարի, գետինները քսուելով, աւլելով: Լաւ որ ստիպուած չէի սկսիլ՝ մինչեւ վիզս հանելով գօտիս…

Բայց այնքա՜ն ուրախ էի… բառացիօրէն, այնքան երջանի՛կ էի այդտեղ, որ կը ջանայի ծնողքիս համոզել որ վազ անցնին Քանատայէն, մնանք Քեսապ, մնայուն բնակութիւն հաստատենք այդ սքանչելի հայկական գիւղին մէջ:

 * * *

Քեսապի վերեւի ծայրամասը, մեծ բլուրի մը լանջին վրայ կը գտնուէր: Այդտեղի  – այն օրերուն, ցանցառ – տուներուն ետին, աւելի վեր որ բարձրանայիր, գագաթէն հազիւ երկու հարիւր մեթր անդին՝ Թուրքիա էր: Կիլիկիա:

(Պապաս այդ – անյայտ – սահմանագծին վրայ, իր երկու թազիներուն հետ, միաժամանակ երկու կաքաւներ օդին մէջէն զարկաւ, որսորդական հոյակապ տուպլէ մը ըրաւ: Բայց ատիկա ուրիշ անգամ կը պատմեմ: )

Իսկ Քեսապի ներքեւը, քալելով, հինգ վայրկեանէն կը հասնէիր՝ թրքական սահմանը: Ուր ընդհանրապէս պահակ իսկ չկար… Ո՞վ պիտի համարձակէր անցակէտը անցնիլ, առանց արտօնութեան…

Քեսապի մեր այս կեցութեան ընթացքին, Պապայիս կապոյտ Տօճ Քորոնէթով, հարկաւոր պաշտօնական թուլատրութեամբ՝ մտանք Թուրքիա:

Հաւանական է որ հայրս այդ պահուն, «ցանկամ տեսնեմ զիմ Կիլիկիա» կ’երգէր… աչքերը արդէն կարմրած ու ջրոտած…

Այդ առիթով է որ կեանքիս մէջ գոնէ մէկ անգամ տեսայ հայրական մեծ-հօրս եւ Պապայիս մանկութեան Պելանը, Իսքենտերունը, էքիզ-Oլուխը: Մայրական մեծ հօրս Ատանան:

* * *

Իսքէնտերունի փառաւոր քարափը, տարիներու ընթացքին, ինծի համար դարձաւ խորհրդանիշը՝ Պապայիս անսասան ուժին, արտակարգ տոկունութեան, անխորտակելութեան:

Եւ իրօք, մինչեւ իր վերջին շունչը, ոչինչ, որեւէ՛ բան չկարողացաւ երբեք կոտրել, տկարացնել այդ մարդը: Ոչ իսկ զաւակին մահը…

Սակայն քարափին հետ այդ բաղդատականէն դուրս կը մնայ՝ հանդարտութիւնը…

Թէեւ, հիմա որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, այդ յատկանիշն ալ աւելցաւ՝ Կիլիկիոյ այդ հսկայական ժայռին եւ Պապայիս միջեւ, խորհրդանշական սերտ կապին:

Առաւել, յաւերժականութիւնը:

* * *

Այդ քարափին դիմացի, աննման Միջերկրականին վրայ երկարող տախտակամածին ծայրը, բացօթեայ սրճարան մը կար:

Ընտանեօք նստանք այդտեղ, իրիկուայ դէմ:

Մէկ կողմէն՝ ծովին, միւս կողմէն՝ քարափին տեսարանները վայելեցինք, մեր գլուխները անդադար մէկ կողմէն միւսի դաձնելով: Լուռ էինք: Շատ տարօրինակօրէն, նոյնիսկ ես…

Նոր պանդխտութեան դեռ շատ երկար ճամբուն վրայ, դէպի ապագայ երթալէն առաջ, նախ ուրեմն վերադարձանք էին՝ պապենական ակունքներ:

Հակառակ որ օդը տաք էր – սպասաւորը զարմացաւ ու խնդաց, երբ որ ապսպրեցինք – Պապաս պնդեց որ անպայման՝ տաք կաթ խմենք: Մեղրով:

Հաւանաբար իր մանկութենէն յիշատակ մըն էր, որ ուզեց իր մանուկներուն հետ վերապրիլ, այդտեղ: Մամայիս հետ մեղմ ժպիտ մը փոխանակելով…

Քրտնելով, քրտնելով, լաւ մը խմեցինք:

* * *

Վերադարձանք Քեսապ, եւ պահը հասաւ այնդտեղէն Կիպրոս երթալու:

Պապաս դասաւորած էր որ ուղեւորութիւնը կատարենք… նաւով:

Ուրեմն, կապոյտ Տօճ Քորոնէթը նստանք, եւ իջանք՝ Լաթաքիա: Ուր ծով եւ նաւահանգիստ կայ:

Նաւը, ռուսական էր:

Մե՜ծ, սպիտակ, շքեղ նաւ մըն էր:

Սակայն չեմ գիտեր ինչու, մենք եւ մի քանի տասնեակ ուրիշ ճամբորդներ, սենեակներ չունէինք:

Գիշերը անցուցինք սրահի մը մէջ, ուրիշ ճամբորդներու հետ:

Պապաս եւ Մամաս, Լիբանանի պատերազմները սկսելէն ի վեր, օրուայ ընթացքին մեր առջեւ միշտ կը մնային ուրախ, ժպտուն, խանդավառ եւ եռանդուն:

Մենք ալ, ուժ եւ վստահութիւն կ’առնէինք իրենց այդ վիճակէն: Մինչ մեր շուրջ հետզհետէ կը խորտակուէր, կ’անհետանար՝ ամբողջ աշխարհ մը: Մեր մանկութեան լման միջավայրը, կեանքը: Մեր մանկութիւնը, ինքնին:

Այդ գիշերը, Լիբանանէն դէպի Քանատա մեր արտագաղթի ճամբուն վրայ, մեզ – Քեսապով եւ Լաթաքիայով – ՝ Կիպրոս տանող այդ ռուսական նաւին վրայ, հասկցայ որ մեր առջեւ ծնողքիս ցուցաբերած այդ անհոգութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, իրական չէին: Իրենց զաւակները «խաբելու» համար էին:

Արդարեւ, մինչ՝ Վաչէին եւ Ցոլինէն հետ անկիւն մը, գետինը կծկուած, կը քնանայինք, պահ մը յանկարծ արթնցայ: Մինչեւ քունիս մէջ իսկ, անհանդարտ երեխայ էի…

Եւ կիսաբաց աչքերովս յանկարծ տեսայ, այդ պահուն՝ Պապաս եւ Մամաս:

Իրենք չէին քնացած, որպէսզի հսկեն մեր վրայ, քանի որ սեփական սենեակի մէջ չէինք: Եւ կարծելով որ երեքս ալ, շնորհիւ ծովային օրօրումին, խոր քունի մէջ ենք, դադրեցուցած էին իրենց վերոյիշղեալ, այդ ծնողական դերասանութիւնը: Թէ՝ ամէն բան շատ լաւ է, շա՜տ լաւ պիտի մնայ, եւ դեռ աւելի՛ լաւ պիտի ըլլայ:

Եւ ուրեմն այդ պահուն, իրենց դէմքերը դարձած էին… անճանաչելի:

Կիտուած յօնքեր, կնճռոտած ճակատ, մթագնած աչքեր… մտահոգ, մտազբաղ, տխուր ու մռայլ դէմքեր…

Սիրտս ալ կծկուեցաւ:

Անմիջապէս աչքերս ետ փակեցի որ քնանամ, որպէս փախուստ: Որպէսզի չտեսնեմ Պապայիս եւ Մամայիս այդ դէմքերը:

Սակայն զանոնք մինչեւ այսօր դեռ կը տեսնեմ:

Եւ ամէն անգամ, դարձեալ սիրտս կը կծկուի:

* * *

Հասանք Կիպրոս, Լարնաքայի նաւահանգիստը:

Այնտեղէն գացինք Նիքօսիա, ուր կը գտնուէր Քանատայի դեսպանատունը:

Յաջորդող օրերուն, կատարեցինք հարկաւոր գործողութիւնները:

Ապա՝ վերադարձ դէպի Լարնաքա.. Լաթաքիա… Քեսապ:

* * *

Յետոյ Քեսապէն (հիւնկիւր-հունկիւր լալով, հեծկլտալով) մեկնեցանք, ու վերադարձանք Պէյրութ. որպէսզի ապրանքներ մը հաւաքենք, մեր հետ տանինք Նոր Աշխարհ:

Մինչ տակաւին կը սպասէինք Քանատա ներգաղթելու մեր թուղթերը, Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր – եւ խաբուսիկ – զինադադար մը եղաւ:

Ծնողքս, պահ մը դարձեալ յոյս առաւ, որ թերեւս կրնանք չտեղափոխուիլ ուրիշ երկիր:

Դեռ այն ժամանակներն էին երբ, ահաւոր բախումէ մը վերջ տեղի ունեցող բրտութեան ընդհատումը, արիւնահեղութեան առկախումը, լիբանանցնիները կը կոչէին ու կը հաշուէին որպէս՝ «րա’ունտ»:

Առաջին րա’ունտ, երկրորդ րա’ունտ, երրորդ րա’ունտ … Ինչպէս որ բռնցքամարտի մրցախաղին մէջ:

Ուզելով հաւատալ որ այդպէս, բացի KOի պարագային,  ամէնաուշը՝ տասնըհինգերորդ roundին, ո՛ւֆ, ամէն բան պիտի վերջանայ:

Սակայն յետոյ ամէն մարդ հասկցաւ որ որեւէ KO, բան պիտի չփոխէ. քանի որ զիրար բզկտող ուժերը երկու կողմեր չէին միայն, այլ բիւրաւոր ու այլացան հոսանքներ: Եւ նոյնիսկ երբ որ այդ բոլորէն մէկը «խաղէն դուրս ելլէ», իր տեղ մի քանի նորերը պիտի մէջտեղ գան, մշտապէս:

Եւ ուրեմն յստակ դարձաւ որ՝ տասնըհինգ round չէ, այլ տասնըհինգ տարիներէ՛ ետք իսկ պիտի չվերջանայ՝ այդ հրաշալի երկրին հանգրուանային քայքայումը, խորտակումը, անէացման դանդաղ անողոք, անդառնալի գործընթացը: Զորս տակաւին ընթացքի մէջ է…

Եւ ուրեմն, այդ վերջին հրադադարէն ետք – մինչեւ անհամար յաջորդները – մենք ընտանեօք տեղափոխուեցանք Քանատա:

Ուր մնացինք, մէկ տարի:

* * *

Ապա, այդ ամէնէն ետք… վերադարձանք Լիբանան:

Որովհետեւ ծնողքս մտահոգ էր որ քոյրս, ես ու եղբայրս, մեր տարիքները նկատի ունենալով, Լիբանանէն դուրս, որպէս հայ՝ պիտի կորսուէինք: Պիտի օտարանայինք:

Եւ ուրեմն վերադարձանք պատերազմին մէջ: Ուր ապրեցանք յաւելեալ 7-էն 10 տարիներ:

Մինչեւ որ նախ ես, ապա հանգրուանաբար ընտանիքիս միւս անդամները, դարձեալ ու այս անգամ վերջնականապէս ներգաղթեցինք Քանատա:

Անհուն Փառք Աստուծոյ:

Հայդուկ Շամլեան

10 Փետրուար 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Share this:

Յօդուածներ / Գրացանկ

. Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով – 05 Մայիս 2026

. Քոչարյան, սիքթի՜՜՜ր – 12 Դեկտեմբեր 2025

. Քեսապ, յուշեր 02 – 07 Սեպտեմբեր 2025

. Անկախութեան Հռչակագիր vs Սահմանադրութիւն – 27 Օգոստոս 2025

. Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ.…… – 29 Յունիս 2025

. Սուլթանին կաթողիկո՞սը… – 17 Յունիս 2025

. «մինչ իր խաչերն են՝ դաշոյն»… – 17 Յունիս 2025

. Հալէպի տատրակները – 31 Մայիս 2025

. ՀՀ -vs- Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ – 07 Մարտ 2025

. Ուքրանիոյ «Սարդարապատ»ը, 3րդ տարեդարձ – 21 Փետրուար 2025

. Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ – 10 Փետրուար 2025

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Լուպնեն ըլ ա՛խտար… –  Հոկտեմբեր 2024

. Եւ Ողբը նորէն դարձաւ… Ողբ – 20 Ապրիլ 2024

. Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին – 16 Ապրիլ 2024

. Քեսապ, շարժանկարային յուշեր – 10 Մարտ 2024

. Շուարած մուհաճիրութիւն – 10 Փետրուար 2024

. Փախողը չ’ազատիր, ոչ… – 08 Դեկտենբեր 2023

. Կրակահերթային յիշատակներ – 03 Դեկտեմբեր 2023

. Ծառի վրայի, միւս պեշին… – 25 Նոյեմբեր 2023

. Պոլոնիայի պեշիները – 18 Նոյեմբեր 2023

. «Բարտիները խշշացի՜ն…» (Հայաստան-ՌԴ) – 14 Սեպտեմբեր 2023

. Ո՛չ-Մի-Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]  – 12 Օգոստոս 2023

. «Ապրիլ-24», Արցախ, եւ The Godfather – 17 Յուլիս 2023

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Իրերու վիճակը – 27 Մայիս 2023

Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման – 24 Մայիս 2023

Վարդապետ, դու չես՝ որ խենթացել ես – 18 Մայիս 2023

Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բա հետո՞– 15 Մայիս 2023

. Անուշ յուշեր… – 14 Մայիս 2023

Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին… – 01 Ապրիլ 2023

Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

Փաշինյանը ճիշդ է -27 Մարտ 2023

ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

Ես 5րդ Շարասիւն եմ – 19 Մարտ 2023

Ո՜վ Մարդկային Արդարութիւն… – 18 Մարտ 2023

«Մարտի 1»՝ Հայաստանի «Ապրիլ-1»ը – 01 Մարտ 2023

Էլի շուարած հակայեղափոխականները – 28 Փետրուար 2023

Ծով նետուած շիշը – 18 Փետրուար 2023

Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ)– 11 Փետրուար 2023

Կաղանդ Պապաս… – 06 Յունուար 2023

ՃԵՄելով յիշողութեան ճամբուն վրայ – 16 Դեկտեմբեր 2022

Մանկութեան… սուր յուշեր – 02 Դետեմբեր 2022

Վերջին մեկնում – 04 Սեպտեմբեր 2022

Զեփիւռի նման… – 20 Օգոստոս 2022

Պաթալ մէ պի մութ – 02 Յուլիս 2022

Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ… – 28 Ապրիլ 2022

Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

Լսեցի՞ք, Համբիկը «տուն հասեր է»! – 30.10.2021

Թուրք-հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

«Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

Հայաստանն ու համաճարակը – 01.10.2021

ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

Սփիւռքը հանգիստ թողեցէք – 29.06.2021

Փախստականների մասին – 01.06.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

Բաղ-րամ- յան փո՜ղո-ցո՛ւմ, դա-դա- դաա՜… – 24.03.2021

Վայ այն երկրին՝ որուն թագաւորը… մանուկները կը շահագործէ – 22.03.2021

Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու… – 26.02.2021

«Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

Պառաւի խօսք՝ շաղգամակերին – 14.08.2020

Ամուլսարը քարի կտոր մըն է – 31.07.2020

Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար – 18.07.2020

Յուլիսեան պատերազմ՝ մի քանի դիտողութիւններ – 13.07.2020

Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը – 11.07.2020

Հայաստանը չի կարող վախենալ քորոնավիրուսից – 04.07.2020

Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

Շուարած հակայեղափոխականները – 24.06.2020

Թուղթ առ… Ծառուկյան  – 17.06.2020

Քորոնավիրուսին օգուտը…  – 11.06.2020

Նիկոլ Փաշինյան՝ all the way ! – 03.06.2020

Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

Մշտապէս իւղոտուած հողմացոյցները… – 01.04.2020

ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

Սերժ Սարգսյան՝ կարմիր քարտը անդառնալի՛ է – 02.11.2019

«Ստամբուլյան Կոնվենցիա»ն՝ խաբեբայութիւն – 02.11.2019

Շարքային Փաշինյանիստները՝ 5 կարգեր – 31.10.2019

«Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

Փութինն է որ դատել կը փորձեն Հայաստանի մէջ – 03.10.2019

Ամուլսարը՝ Փաշինյանի փրկութեան սկիզբն է – 19.08.2019

Մունտառ Երեւան – 05.07.2019

Դատաւորը մերկ է – 27.06.2019

Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019

Օփերայի շուրջ՝ կարգին cacophony – 14.03.2019

Յեղափոխութեան դասալիքները – 08.03.2019

Մնալ արթուն – 19.02.2019

Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)  20.01.2019

Քանի որ իրօք Ճակատագրական է պահը (22 Դեկտեմբեր 2018)

Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական  (24 Դեկտեմբեր 2018)

Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

Գաղտնի Մարտիկների ժամանակները…

. Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը… – 04 Ապրիլ 2014

Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

Շուշիի ազատագրումը (2002)

Մարուխեան, Forever (1999)

Անկախութեան Օտարումը (1996)

Վահանը (1995)

Մեր երիտասարդները կը քալեն (1995)

Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

Մերկացած Սուտը (1992)

Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

Անդարձ Դարեդարձ (ՀՅԴ 100ամեակ) – Դեկտեմբեր 1990

Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

Դեղագործին Աշկերտը («Պուրճ-Համուտ 1979»…) – 1979

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

* * * * *

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

Ընդհանուր Գլախաւոր էջ – Page Principale Générale – General and Main Front Page

https://haytougchamlian.blog/

Հաճէցէք պարզապէս անտեսել այս էջի ներքեւ երեւցող որեւէ բաժին – եթէ կայ – , եւ հաճեցէք շարունակել ձեր այցը, վերադառնալով Ընդհանուր Գլխաւոր Էջին, որ դարպասը կը հանդիսանայ այս կայքի լրիւ եւ ամբողջական բովանդակութեան, սեղմելով վերեւի  3 կապերէն որեւէ մէկուն վրայ (երկուքը՝ գերյղումներ, մէկը բացայայտ), կամ ալ՝ սեղմելով այս իսկ գրութեան վրայ:

Veuillez ignorer toute section apparaissant ci-dessous sur cette page – s’il en est -, et poursuivre votre visite en retournant à la Page Principale Générale, qui donne accès à l’ensemble et à la totalité du contenu de ce site, en cliquant sur n’importe lequel des 3 liens ci-dessus (deux en hypertextes et un, manifeste), ou encore, en cliquant sur le présent texte même.

Please just ignore the below section of this page – if any -, and continue your welcomed visit, by returning to the Main Front Page, which gives access to the full and entire contents of this site, by clicking on any of the 3 links above (two as hyperlink, and one, as is), or by clicking on the present text itself.

….