Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

…

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

…

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

…

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

…

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

…

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

…

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

Աքսորուած Ազատութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 29 յունիս 1992-ի արարքը, Հրայր Մարուխեանի աքսորումին վերաբերեալ, արժանի է վերլուծումի։

Արդարեւ, ընդհանուր տեսանկիւնէ մը դիտուած՝ հայոց պատմութեան ամենէն խղճալի եւ ամօթալի էջերէն մէկը ըլլալէ զատ, հայութեան մէկ կարեւոր հատուածին ուղղուած գռեհիկ ու անվայել նախատինք մը եւ հայութեան մնացեալ հատուածին նկատմամբ սպառնական անընդունելի ազդարարութիւն մը ըլլալէ անդին, աւելի անմիջականօրէն եւ գործնականօրէն, այս միջադէպը յատկանշական է եւ մտահոգիչ:

Նախկին Խորհրդային Միութեան եւ խորհրդային համայնավարութեան երեւութային փլուզումէն ի վեր, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, շատ մը դիտողներ արդէն մատնանշած էին վտանգաւոր նմանութիւն մը՝ խորտակուած կայսրութեան եւ անկէ սերած նորահռչակ պետութիւններու վարչակարգերուն միջեւ։

Այսպէս, շատ մը պարագաներու, տարբեր անունի եւ նոր դիմակի տակ նախկին ղեկավարութիւնն էր որ կու գար, յանձինս անհամբեր ժառանգորդներու, նախկին մտայնութեամբ եւ մօտեցումով , բայց աւելի ծպտուած գործելակերպով իր իշխանութիւնը վերահաստատելու՝ շնչասպառ, ծնկաչոք եւ հաւատալ ուզող, այլեւս յաճախ դիտմամբ իր աչքերը քօղարկող ժողովուրդին վրայ:

Պահ մը յուսացինք որ Հայաստանը պիտի խուսափէր այս թակարդէն: Սխալած էինք:

Ընդհանուր առումով, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի (ասկէ անդին՝ «Լ.Տ.-Պ.») որոշումը համազօր է Հայաստանէն վտարելու ներկայ կառավարութեան օրինապէս հսկող միակ իսկապէս ընդդիմադիր կազմութիւնը:

Այս ուղղութեամբ, յստակօրէն ֆաշական քայլ մըն է այս, աւելի ճիշդ ետ-քայլ մը, որ կը միտի բազմակուսակցութեան եւ ժոդովրդավարութեան սկզբունքները նորէն անհետացնելու Հայաստանի մէջ, երկիրը ենթարկելով անսանձ իշխանութեան եւ սանձարձակ մենատիրութեան քմայքներուն:

Անճիշդ է աքսորման որոշումին մէջ տեսնել մասնայատուկ եւ սահմանափակ յարձակում մը, ուղղուած միայն Հրայր Մարուխեանի անձին դէմ: Այս վերջինի պաշտօնական հանգամանքը, շեշտուած՝ դէպքերու այժմու դրութեամբ, արդէն կը ժխտէ այդպիսի վարկած մը: Եւ Լ.Տ.-Պ-ի արարքը, ժամանակի մէջ իր դիրքորոշումով եւ նաեւ զայն «բացատրող» ընդհանուր յայտարարութիւններու լոյսին տակ, կը վերածուի համայն կազմակերպութիւն մը, գաղափարաբանութիւն մը իր բնավայրէն աքսորելու փորձի:

Այլապէս, իրենց աչքերը իբրեւ թէ միամիտ զարմանքով լայն-լայն բացած եւ խորքին մէջ իրենց նենգախօսութեամբ միայն իրենք զիրենք կուրացնող դերասանները պիտի ստիպուին եզրակացնել որ Լ.Տ.-Պ, ձախող եւ անկայուն ղեկավար մը ըլլալէ անդին, նաեւ հիւանդագինօրէն անպատասխանատու եւ թեթեւսոլիկ խամաճիկ մըն է:

Սակայն միւս կողմէ, անհրաժեշտ է Լ.Տ.-Պ-ի արարքը քննարկել անհատական գետնի վրայ : Որովհետեւ, որպէս հանրային մարդ («հանրամա՞րդ»…), Լ.Տ.-Պ-ն դեռ հաշուետու է, եւ իր անձնական մղումներն ու գիծերը, պաշտօնական դրսեւորումներու առիթով, կը ստանան քաղաքական բնոյթ:

Այս դիտանկիւնէն, Լ. Տ.Պ.-ի որոշումին մէջ ի յայտ կու գան անձնական սայթաքումի մը ցայտուն ախտանշանները, որոնք վճռականօրէն կասկածի կ’ենթարկեն եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն նախագահական այս դժբախտ զատումը:

Մտաւորականօրէն յետամնաց, հոգեբանօրէն թերաճ, տարրական աշխարահայեացքէ զուրկ, նեղմիտ ու նեղսիրտ, իր կոյրերու արքայութեան մէ՛ջ իսկ՝ գահի անընդունակ, երէկ մէկ այսօր հազիւ մէկ ու կէս, խորհրդային աղբին մէջ զօրով ծննդաբերուած կեղծ ժողովրդավարութեան վիժուկ, շեղած համայնավարութեան անբուժելի թափթփուք, նախնական, կոշտ, անտաշ եւ անկիրթ, հոգիով ներքինի, մտքով թզուկ, ուժի ծարաւ եւ կաթիլ մը ուժով արդէն գինովցող, եսակեդրոն եւ ինքնամոլ, խորապէս անատակ, մէկ խօսքով՝ Լ.Տ-Պ. անկարող է եւ անարժան ստանձնելու Հայաստանի նախագահի տիտղոսն ու պաշտօնը:

Հոն ուր ոմանք տեսան հմայք եւ քաշողականութիւն, կային միայն բթութիւն եւ թանձրամտութիւն։ Հոն ուր ոմանք կարծեցին տեսնել հմտութիւն եւ ճկունութիւն, գտան միայն քաղաքական խաւարամտութիւն, յետադիմական խարխափումներ, գաղափարական դասալքութիւն եւ անամօթ որձեւէգութիւն: Հոն ուր ոմանք կ’ուզէին տեսնել յանդգնութիւն եւ կամք, ի յայտ եկան միայն գձուձ յամառութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ ինքնահաւանութիւն։

Անգամ մը եւս երազեցինք, եւ ջանացինք մեր երազները ցոլացնել սխալ տեղը։ Ափսոս։ Շատ ցաւագին է զարթնումը:

Լ.Տ.-Պ. կը տառապի մեծամոլութեան բարդոյթէ, ամբողջատիրութեան անզուսպ տենչանքէ, եւ բռնատիրական հակումներէ։ Այս երեւոյթը կը վտանգէ Հայաստանի ներկան ու ապագան, ներառեալ Արցախի գոյութեան հարցը, եւ կրնայ չէզոքացնել մինչեւ օրս ձեռք բերուած ազգային կենսական նուաճումներ։

Եւ դեռ, Լ.Տ.,Պ.-ի մարմնաւորած այս «նոր» խորհրդայնացումը աւելի զզուելի է ու քանդիչ, քան նախկինը, որովհետեւ ան հիմնուած է կեղծաւորութեան, խարդախութեան եւ անբարոյութեան աւելի ստորին մակարդակներու վրայ :

Վերջապէս, մօտ 5 տարի առաջ տակաւին, արեւմտաշունչ ժողովրդավարութեան խայծով ծուղակը չէին ձգեր կառավարութեան հակակարծիք զոհերը։ Նախկին բռնատէրերու կեղծաւորութիւնը անգամ բացայայտօրէն կեղծ էր, ինչ որ առիթը կու տար գոնէ գիտակցօրէն դիմագրաւելու հալածանքն ու անարդարութիւնը։ Այսօր, պետական դաւադրութեան արուեստը քիչ մը աւելի կատարելագործուած է, այդ բարբարոս շրջաններուն մէջ ուր մեր հայրենիքը ապրիլ կը փորձէ։ Վերանկումը միշտ աւելի ծանր կ’ըլլայ քան սկզբնական հիւանդութիւնը։ Եւ ըսել որ, 70 տարիներու բտումէն ետք, կը յուսայինք որ գոնէ հասած էինք ցածութեան գագաթնակէտին…

Աքսորման որոշումի «հիմնաւորումը» այլապէս դասական է։ Աժան զրպարտութիւններ, մասսայական խորունկ ատելութիւններու շահագործում (ՊԱԿ… [Պետական անվտանգութեան կոմիտէ – ԿԳԲ), անհեթեթ բայց ամենազօր պատրուակներ որոնց թուարկումը միայն, հնչողական վիճակի մէջ, բաւարար է յուզելու, համոզելու, աղտոտելու, դատապարտելու… Ճշմարտութիւնը, այս տիպի գործողութեան մը մէջ, անտեղի է եւ երկրորդական։

Թերեւս, տասնամեակներու ստրկացման եւ ձեռնավարութեան վարժ որոշ հանրութիւն մը, համակերպած պետական սուտի սկզբունքին, ընդունի կամ հանդուրժէ այսպիսի մանկականօրէն դիւրին մարտավարութիւններ : Սակայն այստեղ (եւ այդտեղ…) կայ ուրիշ ժողովուրդ մը, որ իր բնազդային յստակատեսութեան եւ հասուն խելացութեան մէջ վիրաւորուած է այսօր, Լ.Տ.-Պ.-ի արտառոց ելոյթով:

Վերջին հաշուով, ի՞նչ կը փորձէ ըսել Լ.Տ.-Պ.:

Թէ Արտերկրի հայութեան տեղ չկա՞յ, Հայրենիքի մէջ: Թէ մենք միայն յուսախաբութիւն, ցաւ եւ հայհոյա՞նք պիտի ստանանք, որպէս պատասխան մեր հայրենաբաղձ ակնկալութիւններուն եւ երազներուն, որպէս վարձատրութիւն մեր գերմարդկային ճիգերուն, որպէս երախտագիտութիւն մեր բարոյական, նիւթական եւ գաղափարական անսահման զոհաբերումին : Թէ մենք ի զո՞ւր գործեցինք ու պայքարեցանք, գոյատեւեցինք եւ դիմացանք, տուինք ու տուինք, եւ դեռ տուինք, կերտելու եւ ազատագրելու համար հայութեան վայել Հայաստան մը: Թէ մենք մէկ անգամ ընդ միշտ պէտք է մոռնա՞նք, կտրուի՞նք, հեռանա՞նք… Եւ զինք ու իրեն նման այլասերած մանկլաւիկներու ձե՞ռքը լքենք մե՛ր երկիրը եւ մեր ազգի ճակատագիրը… Կամ թէ պէտք է որ կռուըտինք եւ եղբայրասպան արիւնահեղութի՞ւն սկսինք, իր ճարպոտ ինքնահաճութեամբ խցուած մի քանի երակներ բանալու համար…

Կը սխալի Լ.Տ.-Պ.: Դառնօրէն կը սխալի, եւ արդէն այս իմաստով յուսահատական են իր ջանքերը: Եւ մանաւանդ, ան կը ստորագնահատէ մեզ: Հայոց պատիւին դէմ գործած իր այս նորագոյն անարգանքը պիտի չունենայ իր ակնկալած ազդեցութիւնը : Եւ եթէ ինք տակաւին ունի նշոյլ մը արժանապատուութիւն, իր հրաժարականով վերջ կը դնէ իր այս ամօթին եւ խայտառակութեան: Այն ատեն, թերեւս, պատմութիւնը քիչ մը աւելի անտեսէ իր ձգած գարշելի հետքը հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Յամենայնդէպս, խօսելով միայն ու միայն իր անձնական անունով, եւ կարգապահական յետս-կոչումի մը վերապահութեամբ, ստորագրեալս այստեղ հպարտօրէն ինքզինք աքսորուած կը յայտարարէ Հայաստանէն:

Որովհետեւ, «առաջուայ» նման, մինչեւ այն ատեն որ Լ.Տ.-Պ.-ական բռնութիւնը կը տիրէ մեր նորակազմ երկրին վրայ, անկախ չէ տակաւին Հայաստանը: Անհրաժեշտ է ուրեմն ազատ հողի վրայ ապահովել հայոց էական շահերու հետապնդումն ու պաշտպանութիւնը: «Մեր Հայրենիք, թշուառ, անտէր…»: Արդէն ամէն բան շատ արագ էր, շատ դիւրին կը թուէր, շատ գեղեցիկ…

Սակայն նոյն շունչով, անհրաժեշտ է այստեղ վերահաստատել հին ու անհուն ուխտը, եւ երդուել անգամ մը եւս որ ամենուրեք, ամէն վայրկեան, ամէն ձեւով, պայքարը կը շարունակուի յանուն հայութեան, մինչեւ ամբողջական եւ անվերապահ իրագործումը հայոց կենսական տեսլականին եւ ձգտումներուն:

Թող փորձեն քանդել Հայաստանը: Թող փորձեն խաբել հայ ժողովուրդը:

Թող միայն համարձակի՛ն ծախել Արցախը:

Թող յաւակնին աքսորել ազատութիւնը :

Ուրիշ շատե՜ր փորձեցին…

Հայդուկ Շամլեան

3 Յուլիս 1992

Նիւթին առնչուող այլ յօդուածներ (ոչ-լրացուցիչ ցանկ) ՝

. Մերկացած Սուտը (1992)

. Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

. Անկախութեան Օտարումը (1996)

. Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

. «Լե՜ւոն, Լե՜ե՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը (Հոկտեմբեր 2019)

Գլխաւոր Մուտք

Յօդուածներ / Գրացանկ

. Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով – 05 Մայիս 2026

. Քոչարյան, սիքթի՜՜՜ր – 12 Դեկտեմբեր 2025

. Քեսապ, յուշեր 02 – 07 Սեպտեմբեր 2025

. Անկախութեան Հռչակագիր vs Սահմանադրութիւն – 27 Օգոստոս 2025

. Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ.…… – 29 Յունիս 2025

. Սուլթանին կաթողիկո՞սը… – 17 Յունիս 2025

. «մինչ իր խաչերն են՝ դաշոյն»… – 17 Յունիս 2025

. Հալէպի տատրակները – 31 Մայիս 2025

. ՀՀ -vs- Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ – 07 Մարտ 2025

. Ուքրանիոյ «Սարդարապատ»ը, 3րդ տարեդարձ – 21 Փետրուար 2025

. Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ – 10 Փետրուար 2025

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Լուպնեն ըլ ա՛խտար… –  Հոկտեմբեր 2024

. Եւ Ողբը նորէն դարձաւ… Ողբ – 20 Ապրիլ 2024

. Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին – 16 Ապրիլ 2024

. Քեսապ, շարժանկարային յուշեր – 10 Մարտ 2024

. Շուարած մուհաճիրութիւն – 10 Փետրուար 2024

. Փախողը չ’ազատիր, ոչ… – 08 Դեկտենբեր 2023

. Կրակահերթային յիշատակներ – 03 Դեկտեմբեր 2023

. Ծառի վրայի, միւս պեշին… – 25 Նոյեմբեր 2023

. Պոլոնիայի պեշիները – 18 Նոյեմբեր 2023

. Միշտ Պատրաստ!! – 06 Հոկտեմբեր 2023

. «Բարտիները խշշացի՜ն…» (Հայաստան-ՌԴ) – 14 Սեպտեմբեր 2023

. Ո՛չ-Մի-Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]  – 12 Օգոստոս 2023

. «Ապրիլ-24», Արցախ, եւ The Godfather – 17 Յուլիս 2023

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Իրերու վիճակը – 27 Մայիս 2023

. Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման – 24 Մայիս 2023

. Վարդապետ, դու չես՝ որ խենթացել ես – 18 Մայիս 2023

. Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բա հետո՞– 15 Մայիս 2023

. Անուշ յուշեր… – 14 Մայիս 2023

. Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

. Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին… – 01 Ապրիլ 2023

. Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

. Փաշինյանը ճիշդ է -27 Մարտ 2023

. ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

. Ես 5րդ Շարասիւն եմ – 19 Մարտ 2023

. Ո՜վ Մարդկային Արդարութիւն… – 18 Մարտ 2023

. «Մարտի 1»՝ Հայաստանի «Ապրիլ-1»ը – 01 Մարտ 2023

. Էլի շուարած հակայեղափոխականները – 28 Փետրուար 2023

. Ծով նետուած շիշը – 18 Փետրուար 2023

. Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ)– 11 Փետրուար 2023

. Կաղանդ Պապաս… – 06 Յունուար 2023

. ՃԵՄելով յիշողութեան ճամբուն վրայ – 16 Դեկտեմբեր 2022

. Մանկութեան… սուր յուշեր – 02 Դետեմբեր 2022

. Վերջին մեկնում – 04 Սեպտեմբեր 2022

. Զեփիւռի նման… – 20 Օգոստոս 2022

. Պաթալ մէ պի մութ – 02 Յուլիս 2022

. Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

. Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ… – 28 Ապրիլ 2022

. Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

. Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

. ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

. Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

. Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

. Լսեցի՞ք, Համբիկը «տուն հասեր է»! – 30.10.2021

. Թուրք-հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

. Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

. «Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

. Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

. Հայաստանն ու համաճարակը – 01.10.2021

. ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

. Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

. 8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

. Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

. Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

. Սփիւռքը հանգիստ թողեցէք – 29.06.2021

. Փախստականների մասին – 01.06.2021

. «Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

. Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

. Բաղ-րամ- յան փո՜ղո-ցո՛ւմ, դա-դա- դաա՜… – 24.03.2021

. Վայ այն երկրին՝ որուն թագաւորը… մանուկները կը շահագործէ – 22.03.2021

. Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

. Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու… – 26.02.2021

. «Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

. Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

. Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

. Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

. Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

. Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

. «Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

. Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

. 2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

. Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

. Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

. Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

. Պառաւի խօսք՝ շաղգամակերին – 14.08.2020

. Ամուլսարը քարի կտոր մըն է – 31.07.2020

. Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար – 18.07.2020

. Յուլիսեան պատերազմ՝ մի քանի դիտողութիւններ – 13.07.2020

. Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը – 11.07.2020

. Հայաստանը չի կարող վախենալ քորոնավիրուսից – 04.07.2020

. Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

. Շուարած հակայեղափոխականները – 24.06.2020

. Թուղթ առ… Ծառուկյան  – 17.06.2020

. Քորոնավիրուսին օգուտը…  – 11.06.2020

. Նիկոլ Փաշինյան՝ all the way ! – 03.06.2020

. Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

. Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

. Մշտապէս իւղոտուած հողմացոյցները… – 01.04.2020

. ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

. Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

. Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

. Սերժ Սարգսյան՝ կարմիր քարտը անդառնալի՛ է – 02.11.2019

. «Ստամբուլյան Կոնվենցիա»ն՝ խաբեբայութիւն – 02.11.2019

. Շարքային Փաշինյանիստները՝ 5 կարգեր – 31.10.2019

. «Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

. Փութինն է որ դատել կը փորձեն Հայաստանի մէջ – 03.10.2019

. Ամուլսարը՝ Փաշինյանի փրկութեան սկիզբն է – 19.08.2019

. Մունտառ Երեւան – 05.07.2019

. Դատաւորը մերկ է – 27.06.2019

. Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019

. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

. Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

. Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019

. Օփերայի շուրջ՝ կարգին cacophony – 14.03.2019

. Յեղափոխութեան դասալիքները – 08.03.2019

. Մնալ արթուն – 19.02.2019

. Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)  20.01.2019

. Քանի որ իրօք Ճակատագրական է պահը (22 Դեկտեմբեր 2018)

. Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական  (24 Դեկտեմբեր 2018)

. Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

. Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

. Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

. Գաղտնի Մարտիկների ժամանակները…

. Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը… – 04 Ապրիլ 2014

. Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

. Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

. Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

. Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

. Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

. Շուշիի ազատագրումը (2002)

. Մարուխեան, Forever (1999)

. Անկախութեան Օտարումը (1996)

. Վահանը (1995)

. Մեր երիտասարդները կը քալեն (1995)

. Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

. Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

. Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

. Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

. Մերկացած Սուտը (1992)

. Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

. Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

. Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

. Անդարձ Դարեդարձ (ՀՅԴ 100ամեակ) – Դեկտեմբեր 1990

. Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

. Դեղագործին Աշկերտը («Պուրճ-Համուտ 1979»…) – 1979

…

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

* * * * *

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք

Նկատի ունենալով թէ որքան ճակատագրական, օրհասական է պահը,

հետեւաբար, մէկդի դնելով այլազան ու բազմաթիւ, բոլոր այլ նկատողութիւններ,

հրատապ ու անյապաղ կերպով՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պէտք է որ ներազգային դաշինքի մը հետեւեալ առաջարկը ներկայացնէ՝ Նիկոլ Փաշինյանին:

Բացէ ի բաց, Հանրութեան առջեւ: Առանց քուլիսային խաղերու:

Լայն գիծերով,

.  ՀՅԴն կը ստանձնէ, բացառապէս արտաքին ճակատի վերաբերող՝ մի քանի պետական բարձրաստիճան պաշտօններ: Որոնց կը տրամադրէ իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, իր մարդուժը, իր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը, լրիւ ապակուսակցական ըմբռնողութեամբ եւ մօտեցումով:

.  Դրա փոխարէն, ՀՅԴ-ն կը դադրի որեւէ ձեւով իշխանափոխութիւն պահանջելէ:

( Անկեղծ ըլլանք, ասիկա արդէն զիջում մը իսկ չէ… Քանզի այդ պահանջքը, այլեւս փաստօրէն՝ ի զուր եւ ապարդիւն է:

Սակայն եթէ որպէս պայմանաւորում չհաստատուի այս կէտը, առաջարկը անհեթեթ կը դառնայ:

Պէտք չկայ նաեւ աւելցնելու որ ասկէ աւելի, ի հարկին, ՀՅԴ-ն գործօն կերպով զօրաւիգ կը կանգնի իշխանութեան: Քանի որ ՀՅԴէն զատ՝ արդէն մարդ չկայ, ամբողջովին խղճալի եւ անյոյս վիճակ է, Ընդդիմութեան դաշտին վրայ: Եւ ամէն պարագայի, վարչակարգին հաւատարիմ ուժայինները արդէն աւելի քան բաւարար են, այդ գործին համար: )

. Եւ այսպէս, մինչեւ՝ Ազգային ժողովի յաջորդ հերթական ընտրութիւնները: Երբ կը լուծարուի ու վերջ կը գտնէ այս – սահմանափակ ու ժամանակաւոր – դաշինքը:

* * *

Հնարաւոր է շատ, շա՜տ բաներ ըսել, այս ուղղութեամբ:

Մեծ մաս մը ըսուած է արդէն, նախորդ բազմաթիւ յօդուածներուս մէջ. բայց դեռ ուրիշ ըսելիքներ ալ կան…

Ամէն դէպքում, ոե՛ւէ մէկը չկայ, որ կարողանայ ստորագրեալին այպանել՝ իր յայտնած ներկայի այս միտքին համար:

«Երեւանի Գարուն»ի առաջին օրէրէն սկսեալ, ես տեւաբար եղած եմ – ու խորքին մէջ, կը մնամ – դէմ՝ Փաշինյանին եւ փաշինյանիզմին:

Մինչդեռ, պարզապէս յիշենք որ, այսօրուայ Ընդդիմութեան հիմնական դէմքերը, բոլորն ալ՝ 2018-ին համագործակցեցան Փաշինյանի հետ: Այդ տարուայ Մայիսէն մինչե՜ւ Հոկտեմբեր…  Կէս տարի ժամանակ:

Էն վախտ, ՀՅԴ-ն՝ նախարարներ ունեցաւ, Փաշինյանի առաջին կառավարութեան մէջ:

Միմիայն Քոչարյանը, գոնէ ըստ երեւոյթներուն, զօրակցական կամ համագործակցական կապեր չէ ունեցած՝ Փաշինյանի հետ:

Դեհ, ան ալ, հիմա տեսանք թէ ինչ զօրութիւն ունի: Թող ուրեմն երթայ, եւ իր շնորհալի հարսին հետ՝ «Գինի Լի՜ց» թող երգէ… Պարելով… Քանզի փաստօրէն իր մօտ, ոչ որեւէ տասնոց մնացել է՜, ոչ էլ ֆիշենկ: Ոչ իսկ ֆըթթե՛շ մը:

Բայց դա արդէն, մեր գործը չէ:

* * *

2020ի վերջին պատերազմի հրադադարէն ի վեր, անցած են գրեթէ երկուուկէս տարիներ:

Հակափաշինյանական պայքարը՝ անելի մէջ է, ճապաղած է, ճահճացած է: Դարձած է զուր, ամուլ, անիմաստ: Շուտով արդէն՝ ծիծաղելի:

Այս հանգրուանին, ազգային ճգնաժամի այդ սոսկալի պահին՝ 132 տարեկանը անց, պատկառելի Կուսակցութեան վայել չեն՝ Ընդդիմութեան այլեւս երեխայական, տղայական դարձած, անհասկնալի կեցուածքներն ու վարքագիծը:

Եթէ ոչ՝ այս դաշինքը, ապա ի՞նչ է՝ այլընտրանքը:

Երբ որ երկուուկէս տարիներէ ի վեր, պոռալ-կանչելէ զատ, ուրիշ բան չտեսանք…

ՀՅԴաշնակցութիւնը այն գաղափարական կազմակերպութիւնը չէ՛, որ պիտի սպասէ յաջորդ Հայոց Աղէտը, որպէսզի դրանից «օգտուի»՝ ներքաղաքական գետնի վրայ:

Եւ այդ ալ, որպէսզի՝ ի՞նչ:

Որ Քոչարյանը վարչապետ դառնայ, եւ մի քանի նախարարութիւննե՞ր բարեհաճի շնորհել ՀՅԴին: Մինչ, ընթացքում, ինք անհետացած է… Մերժեց նոյնիսկ ստանձնել խորհրդարանային իր պաշտօնը: Իսկ յաճախ արիւնալի ցոյցերու ժամանակ, քանի՞ հոգի փողոց իջաւ, քանի՞ երիտասարդ, շնորհիւ իրեն…

Ի սէր Հայոց ազգային վեհ ու գերագոյն շահերին՝ անձնական զգացումներն ու յուզականութիւնը կուլ տալու, ներազգային քէներն ու ոխերը մէկդի դնելու, զգաստանալու, լրջանալու պահն է:

* * *

Այստեղ նշենք ու ընդգծենք գոնէ հետեւեալ երկու՝ ծանր եւ իմաստալից իրականութիւնները, որպէս իւրայատուկ փաստարկներ:

. Հայոց Ազատագրական Շարժումի զինեալ պայքարի սպառումէն ետք, տակաւին Հայ Ժողովուրդը պաշտպանել ջանալու համար, Հայ Ազգին ծառայելու բացառեալ միտումով, ՀՅԴաշնակցութիւնը, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի դէմ ՝ յեղափոխութեան դաշինք կնքած է, «Երիտասարդ-Թուրքերի» հետ:

. Իսկ Գարեգին Նժդեհը, միայն իր փոքր գումարտակով՝ լման Կարմիր Բանակին գլուխ բռնելէ ետք, բանտարկութեան մէջ, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան՝ դեռ ծրագիրներ առաջարկեց. որոնց ընդմէջէն ան կը յուսար որ ինք, սոյն սովետական իշխանութեան հետ, տակաւին կը կարողանայ ծառայել Հայ Ազգին. մինչեւ իր վերջին շունչը:

Ժամանակի մէջ ոչ շատ հեռաւոր, այդ պատմական վեհագոյն նախադէպներուն բաղդատած, այսօր, այժմու ահաւոր կացութեան մէջ՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը չ՞ի կրնար վերոնշեալ դաշինքը առաջարկել, ՀՀ այժմու վարչակարգին:

* * *

Փաշինյան ը կը մերժէ՞:

Կարելիութիւն մըն է, դժբախտաբար:

Սակայն նոյնիսկ այդ յաւելեալ ու ափսոսալի յուսախաբութեան պարագային՝ գոնէ Պատմութեան մէջ, Պատմութեան առջեւ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը փաստած կ’ըլլայ – դարձեալ ու անգա՛մ մը եւս – որ, ի սէր Հայ Ազգին, նա կարող է՝ գերմարդկային ջանքեր կատարելու:

Թէ նա ունի՛, այդ ուժը: Այդ արտասովոր քաջութիւնը, վեհանձնութիւնը, առաքինութիւնը, ծայրագոյն նուիրումի գիտակցութիւնն ու կարողութիւնը:

Մինչե՛ւ ծայր:

Ու մանաւանդ՝ անկէ անդին…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

22 Մարտ 2023

« Ելնելով այն մտահոգութիւնէն, որ Հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է, եւ շատ վտանգաւոր ճգնաժամի մէջ է։
Ելնելով այն իրողութիւնէն, որ Հայրենիքի այսօրուայ պայմաններու մէջ, իշխանութիւնները իրենք իրենց մէջ կծկուած,
եւ այդ աթոռները ձեռքէ չտալու տագնապին մէջ,
չեն ուզեր տեսնել, որ այս ընթացքով, տեղ մը, ե՛ւ իրենք պիտի մխրճուին
ե՛ւ մեր ժողովուրդը դժբախտաբար շատ բան ձեռքէ կու տայ,
հակառակ այս բոլորին, ես՝ յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամբողջ կազմակերպութեան
– Հայաստանէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ Պարսկաստան, մինչեւ Սուրիա, մինչեւ Լիբանան,
մինչեւ ուր որ Դաշնակցութիւնը ունի իր կազմակերպական ցանցը եւ ուղեկից կազմակերպութիւնները -,
գործակցութեան ձե՛ռք կը մեկնեմ Հայաստանի իշխանութիւններին։ » — Հրայր Մարուխեան [տեսանիւթ]

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Դէպի Երկի՛ր

. Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

. ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

. Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

. Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

. Թուրք–հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

. Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

. «Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

. Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

. ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

. Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

. 8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

. Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

. Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

. «Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

. Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

. Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու դողը երկնքում – 26.02.2021

. «Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

. Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

. Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

. Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

. Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

. Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

. «Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

. Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

. 2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

. Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

. Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

. Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

. ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

. Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

. Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

. Մարուխեան, Forever (1999)

. Անկախութեան Օտարումը (1996)

. Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

. Մերկացած Սուտը (1992)

. Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

. Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

«Partir, revenir»…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Ի Յուշ…

. Je me souviens… (24 juin 2026)

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ…28 Ապրիլ 2022 

. 8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

. Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

. Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ) 11 Փետրուար 2023

. Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

. Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

. Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

. Մնալ արթուն – 19.02.2019

. Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

. Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

. Մարուխեան, Forever (1999)

. Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

ԼիւնՏիւնՊէ [= Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ, Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]

. Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

. «Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

. Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

. Անկախութեան Օտարումը (1996)

. Վահանը (1995)

. Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

. Մերկացած Սուտը (1992)

. Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

* * * * *

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

«Հըդահի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»…]

. Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

. Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

. ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

. Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

. Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

. Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

. ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

. Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

. ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

. Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

. ՀՅԴ-ն ժողովուրդին կամքը կատարեց ՀՀի մէջ –09.02.2020

. Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

. Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

. Հրաժարական – 21 Մարտ 2018

. Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

. Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001

. Մարուխեան, Forever (1999)

. Վահանը (1995)

. Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

. Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

. Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

. Անդարձ Դարեդարձ – Դեկտեմբեր 1990

* * * * *

…
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք