Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:
Ինքն էր որ կը ղեկավարէր Ադրբեջանին դէմ ՀՀի դատական դիմումները, հետեւեալ նիւթերուն վերաբերեալ՝ պատերազմական ոճիրներ, հայ գերիներու իրաւունքներու խոշտանգում, հայկական հողերու բռնագրաւում [խօսքը Արցախի մասին չէ, այլ ՀՀ-ի տարածքներու], Արցախի բնակիչներու բռնի տեղահանութիւն:
* * *
Քաղաքականութեան մէջ, մարդիկ շատ արագ, ճիշդ կամ սխալ գնահատումով, ամէն բանի մէջ կը տեսնեն՝ showեր: Դատարկ ձեւակերպութիւններ, աժան թատրոն:
Իրականութիւնը այն է որ նիւթի առարկայ դատական գործընթացները, իսկապէս՝ շոու մըն են:
Ի՞ՆՉ գործնական, իրական, շօշափելի արդիւնք կարող են արտադրել այդ խրոխտ «հայցերը»:
Սկզբունքային, տեսական, զգացական գետնի վրայ, այո, կարելի է գտնել իմաստի նմանող բան մը, այդ «հայց»երուն մէջ:
Սակայն այդ իսկ, այդքանը իսկ՝ միայն եթէ՝ ատոնք բոլորը գոհացուցիչ յանգում ունենալ: Այսինքն, արտադրեն՝ թէկուզ միայն թուղթի վրայ իսկ, անհետեւանք յաջողութիւններ: Բարոյակա՛ն յաղթանակներ…
Արդարեւ, այդ դատական գործընթացները կրնան նաեւ յանգիլ՝ Հայութեան դէ՛մ հաստատումներու:
* * *
«Միջազգային Օրէնք» ըսուածը, ողբերգական զաւեշտ մըն է:
Մէկ առմէկ նշելու, երկա՜ր ցանկ մը լուարկելու կարիքը չկայ:
Ամէն մարդ իր մտքին մէջ թող բերէ՝ Աշխարհի տարածքին, անցեալի եւ դեռ ընթացիկ ոճիրներ:
Որոնք գործուած են եւ տակաւին ընթացքի մէջ են՝ քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներու կողմէ, իրենց ծրագրումով, հրահանգներով, գիտակից կատարումով:
Այդ ոճրագործներէն ո՞րմէկը դատուած է, դատապարտուած է, պատժուած է: Ո՞րմէկը պիտի դատուի, դատապարտուի, պատժուի:
Միայն անոնք, որոնք պարտուած են – եւ պիտի պարտուին -, ռազմադաշտի վրայ:
* * *
Բայց մի մտահոգուի՜ք:
Դեռ կան բազմաթիւ փաստաբաններ, որոնք ժրաջան կերպով կը զբաղուին վերոնշեալ եւ նոյնանման դատական գործընթացներով:
Վստահաբար բոլորն ալ սիրայօժար, առանց որեւէ վարձատրութեան…
Ի դէպ, յայտի չէ, թէ վերոյիշեալ իրաւաբանի ինչ պատճառով հրաժարեցաւ:
Եթէ կը վճարուէր իր գործին համար, ապա կ’առաջարկեմ հետեւեալ բացատրութիւնը՝
Խղճի հարց ունեցաւ, որ ողբերգութեան անասելի ցաւը կրող մարդկանց՝ դատարկ յոյսեր կը ներշնչէր: Մինչ ինք, ընթացքում, դրամ կը շահէր:
Յամենայ դէպս, ես այդ պատճառով է որ արդէն, ի սկզբանէ, պիտի մերժէի ստանձնել այդ գործերը:
Այս կացութեան մէջ, կամ՝ զէնքը կ’առնես եւ կը կրակես նշանակալից թիրախին վրայ, կամ ալ՝ տեղդ կը նստիս:
Մնացեալը ոչ միայն ինքզինք խաբել է, այլ մանաւանդ՝ ուրիշները խաբել:
* * *
Մեւնոյն ընդհանուր նիւթին մէջ, որպէսզի աւելի լաւ հասկնաք ըսուածը, որպէս ցայտուն օրինակ մը, այստեղ յիշատակեմ եւ բացատրեմ նաեւ յատուկ նախադէպ մը:
Մի քանի տարիներ առաջ, իրաւաբաններ ձեռք բերին դրական գումարներ, կեանքի ապահովագրութեան Ընկերութիւններէ: Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկութիւններով…
Բոլոր հայկական աղբիւրները, այդ օրինական գործընթացներու յանգումը կը ներկայացնեն որպէս Հայ Դատի յաղթանակ մը: Հայոց Ցեղասպանութեան հոյակապ ճանաչում մը, օրինական գետնի վրայ:
Սակայն… չկայ այդպիսի բան: Բնաւ:
Գումարները գանձուեցան՝ սոյն Ընկերութիւններուն հետ համաձայնութեամբ:
Առանց որեւէ դատավարութեան: Եւ հետեւաբար, առանց որ՝ Ցեղասպանութիւնը հաստատող որեւէ դատավճիռ գոյանար:
Իսկ ահա թէ ինչ գրուած է Assurances AXAի հետ settlementի վերջնական փաստաթուղթին մէջ…՝ « AXA does not take any position or express any view as to the political and/or historical issues concerning the nature of the events in Turkey in and around 1915 and has made the decision to settle purely from a business perspective to settle its obligations under unpaid insurance contracts. »
Ուրեմն, այդ թղթարարին մէջ, ոչ միայն որեւէ դատական հաստատում չկայացաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան վերաբերեալ, այլ եղած-չեղածը այն է որ, ապահովագրական Ընկերութիւնները, առեւտրական նկատառումներով, ընդունեցին միայն, որ… իրենց յաճախորդները մեռած են:
Այս պարագային, դեռ այս մահը իսկ փաստացի չէ՛ անպայման:
Այլ, հիմնուած է այդ օրինական յղացքին վրայ, որ երկար ժամանակ որեւէ կեանքի նշան չյայտնած անձը, կը համարուի օրինապէս մահացած:
Իրականութեան մէջ կրնայ ողջ ըլլալ, բայց երբ որ շատ երկար ժամանակ է ի վեր լման անհետացած, ըստ Օրէնքի, կը համարուի մահացած:
Տուեալ պարագային, տարիքի բերումով, անհնար էր որ տակաւին ողջ ըլլայ policy-horlderը, այո:
Բայց նոյնիսկ այդ պարագային, լրիւ նիւթէ դուրս է՝ մահուան պատճառը:
Հայ Դատի այս փառաւո՜ր իրագործումին մէջ, եթէ դատ-դատավարութիւն տեղի ունենար, փոխանակ՝ դիմումը տնօրինողները անմիջապէս նետուէին առաջարկուած դրամին վրայ, ամենադիւրին օրինական միջոցը պիտի ըլլար, որ դատարան մը Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատէր:
Քանի որ գործընթացը՝ քրէական չէր: Եւ հետեւաբար beyond reasonable doubtի հիման վրայ չէր, փաստելու բեռը:
Բայց ո՜չ… Ով պիտի աշխատի, յոգնի, երկար բարակ դատավարութիւն մղէ: Երբ որ մի քանի հանդիպումներով, իշտէ, աղուոր գումար մը կը ստացուի, մինչ ամէն մարդ կը կարծէ թէ Հայ Ազգը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ի դէպ, մէկ հատ մըն ալ դուք ձեզի ստուեցէք, թէ ո՞ւր գացին այն գումարները, որ փաստաբանները ձեռք բերին, Հայ Դատի այս փառաւո՛ր յաղթանակին մէջ…
Խեղճ Հայութիւն:
* * *
Դեհ լաւ, ուրեմն, ի՞նչ է յոյսը, որ մեր գերիները ազատ արձակուին:
Այս պայմաններուն մէջ, միակ մէկ միջոց կայ:
Պազարլըխ:
Բան մը պէտք է տալ՝ թուրքերուն, որու դիմաց մեր գերիները կը վերադառնան տուն:
Դրամը, բաւարար չէ: Հաւանական է որ Ռուբեն Վարդանյանի ընտանիքը – առաւել իր մեծահարուստ զօրակիցները – փորձեցին այդ: Թէ իրեն համար, եւ թէ միւս գերիներուն:
Ուրեմն, պէտք է տալ յաւելեալ փոխադարձ գինը իրենց ազատութեան:
ՀՀի վրայով թրքական միջանցքը, այս կամ այն ձեւով, անպայման պիտի առնեն թուրքերը:
Գոնէ ուրեմն այդ իրադարձութիւնը թող տեղի ունենայ առանց պատերազմի: Եւ այդ զիջումին որպէս փոխադարձ շնորհում, պէտք է ջանալ ձեռք բերել մեր գերիներուն վերադարձը:
Թէ ոչ, պատերազմով պիտի բանան այդ միջանցքը, եւ ոչ միայն գերիները պիտի մնան ուր որ են, այլ դեռ պիտի ունենանք յաւելեալ զոհեր:
Այդ միջանցքին մէջ շահ ունեցող այլ պետութիւններ ալ կրնան թերեւս մասնակցիլ այս սակարկութեան…
Ուրիշ ճար չկայ: Կամ այս ուղին տեղ կը հասնի, կամ ալ… այս կ’ըլլայ այդ մարդոց – դժոխային – ճակատագիրը, այս աշխարհին մէջ…
Իսկ անոնք որոնք զօրակցեցան ՀՀի այժմու վարչակարգի գոյացումին – եւ վերարտադրումի՛ն -, իրենց խիղճերուն հետ կը հասկցուին, իրենք ալ ցմահ:
Ինչո՞ւ կը կարծէք որ այդ համեստափայլ Տիկինը, Հանրապետութեան Հրապարակի մէջ իր իսկական հացադուլով, ինքնասպանութեան ընթացքի մէջ է…
Որպէս «Ելք» դաշինքի կարկառուն դէմք, նոյն Հրապարակին մէջ է որ ան, 2018ի գարնան, խեղափոխական բեմին վրայ, լայն ժպիտով եւ խոր գոհունակութեամբ, կանգնած էր՝ Փաշինյանին ետեւը:
Գերիներուն համար, մինչեւ ծայր հացադուլ, հա՞…
Դեհ, հիմա՝ կերէ՛ք:
* * *
Դուք ալ՝ կերէք, Հայ Ազգի Պատմութեան այս վերջին ու վերջնական Ղազուխն ալ կերէք, բոլո՜ր մեծաթիւ հայեր – հայաստանցիներ ե՛ւ սփիւռքահայեր – որ, 2018ին, անհուն հրճուանքով դիմաւորեցիք, ծափահարեցիք սոյն Գարունը:
Դանիել Վարուժանը կը յայտնէր՝ Հայ Ազգի Վարդահեղեղ Արշալոյսի մասին:
Բոլորդ սակայն ինքնակամ նետուեցաք՝ Դժոխքի խաւարներուն ծոցը: Երջանկութեան ճիչերով:
Բանաստեղծը այդ Արշալոյսի ոտնաձայնը ջանաց լսել տալ, յատկապէս՝ հայ Մայրերուն:
Այդ մայերը սակայն, 2018ի գարնան, իրենց փոքրիկ երեխաներու սայլակներով՝ իջան փողոց, աւետելու համար գալուստը այն դժոխածին ուժերուն՝ որոնք վերջնական մեխը գամեցին Հայ Ազգի Դագաղին կափարիչին վրայ:
Հիմա գացէ՜ք, եւ դատարաններու մէջ փնտռեցէք Արդարութիւն:
Կախաղանէն արդէն կախուած – ինքզի՛նք կախած -, ձեռքերը կռնակին վրայ կապուած, օդին մէջ օրօրուող թշուառականը, դեռ ի՞նչ գործ ունի դատարանի մէջ…
Մ. Հայդուկ Շամլեան
07 Մարտ 2025
Յ.Գ. Ես ինքս լայնօրէն փաստած եմ որ, իրաւաբանական ոլորտին մէջ, երբ որ կայ՝ շօշափելի արդիւնքի լուրջ հաւանականութիւն, բնաւ չեմ վարանած իմ պարտականութիւն կատարելէ: Իմ նախաձեռնութեամբս, կամաւոր, եւ լրիւ սիրայօժար ու անվճար կերպով (հաւանաբար շատեր կան, որ կը կարծեն թէ դրամ ստացած եմ այդ ազգային գործիս համար) :
Այս դատական յաջողութեան հիման վրայ, երբ որ միւս երկուքին նոյնանման դատերը բացինք, դատական գործընթացները սկսանք եւ հրեցինք, ոչ թէ միայն սկսանք բանակցիլ… -, կառավարութիւնը նախընտրեց յօժարիլ, տեղի տալ: Դատական փաստաթուղթերով:
Այ՛ս էր պահը, երբ վերջապէս օրինական դուռը բացուեցաւ, որպէսզի – յաւելեալ աշխատանքով – կարողանանք զիրենք դուրս հանել բանտէն:
Մի թասը լաւ է Երկուսը, բաւ է Բայց լաւ իմացիր Երրորդը՝ ցաւ է
Վերոգրեալ բառերը ծանօթ են որպէս մեր աննման Յարութին երգերէն մէկը:
Սակայն անոնք հարազատ աղբիւրը՝ բանաստեղծութիւն մըն է: «Երգ Գինու Մասին»: Հեղինակը՝ Հովհաննես Շիրազ:
Ուրեմն այդպէս, Ձեր վախտ, գինիին երրորդ բաժակը ցաւ էր հա՞, Մայեսթրօ:
Իսկ հապա, թէ որ՝ մեր ժամակներուն հասնէիր…
Եւ, տասներորդ գաւաթի՞ն:
Եւ այդ ալ, ոչ թէ՝ գինիի, այլ՝ Պլէք Լէյպըլ-ի…
( Ի դէպ, սոյն խմիչքը, իսկական ու յաւերժական՝ «ԻՄ ՔԱ՛ՅԼԸ», Հայոց արդի Դիւցազներգութեան կը վերաբերի: Որ նաեւ – նոյն՝ դէպի առաջ քալելո՛ւ կարգախօսային յուզիչ պատկերով -, ծանօթ է որ որպէս՝ Հայոց «Քայլ Արա՛» պատմական աննախադէպ Յաղթանակը, ի դէմ Հայ Ազգի ծայրագոյն թշնամիներուն:
Բուն ու հարազատ, Հայոց Ազատագրական Յեղափոխութեան Շարժումին պաշտօնական ըմպելին է, այդ Պլէք-ը – իր բազմաթիւ եւ բազմագոյն, տարբերակներով եւս -:
Ու այդ, Հայոց Ազատագրումի վերջնական Շարժումին ամենակարող, անդիմադրելի, բացառիկ Ղեկավարը, անհուն պաշտամունքի արժանի Առաջնորդը, Քրմապետն ու Կիսաստուածն է ՝ Ամենայն Հայոց Վեհագոյն Փրկիչ Յակոբ Քայլողեան : )
* * *
Կար ժամանակ, այլազան առիթներու, կը հաւաքուէին՝ ընկերներով: Սեղանի շուրջ:
(Հիմա արդէն, ատանկ բան չմնաց… Ամէն մէկս քաշուած է իր մութ որջին մէջ, եւ այդտեղ ինքն իր վրայ կծկուած, իր վէրքերը կը լիզէ: Յուսալով որ, դեռ կը բուժուին: Գոնէ մասամբ: )
Սեղանը՝ մահանա էր, պատրուակ : Բայց վստահաբար ոչ՝ ընկերները: Շեպե՛պը:
Իսկ հիմնական նպատակը, անշուշտ, խմելն էր:
Անդադար ու անխնայ, անյագ, ծակտակառային՝ խմելը:
Իրականութեան մէջ – սեւ ու ընտիր Յակոբ Քայլողեանը թող ներէ ինծի -, բայց այդքան ալ կարեւոր չէր, թէ ինչ կը խմէինք:
Այո, միշտ ալ, լաւագոյն ըմպելիները կ’ըլլային այդտեղ, ի պատիւ տուեալ սեղանին եւ զայն պատրաստողներուն: Բայց նոյնիսկ եթէ այդպէս չըլլար, այդ սեղանին շուրջ հաւաքուածներէն գոնէ ոմանք կրնային, ժամերով՝ փտած տախտակի ժանգոտած, խմբորած հիւթովը գոհանալ… օ՜-օ՛խ… ատով սաղ քէֆ ըլլալ…
Եւ կու գար անխուսափելի պահը, երբ պէտք է որ մէկը՝ երգէր:
Եւ այդ մէկը, ես կ’ըլլայի:
* * *
Անվերջանալի երգացանկիս մէջ – որու կատարումը, ամէն անգամ, արտակարգ համբերութեամբ կը հանդուրժէին բարի ընկերներս -, անպայման պիտի հասնէր կարգը՝ «Ատանայի Ողբ»ը հնչեցնելու…
Կոտորածն անգո՜ւթ, հա՜՜յերը թող լա՜ն…
Եւ այստեղ, եալլա, ամէն անգամ, ընկեր մը կար – միշտ ու միայն միեւնոյնը – որ՝ վրաս կ’իջնէր: [Եկէք զինք այստեղ ծածկանուանենք՝ Վազգէն…] :
Խռոված, զայրացած, բռնկած…
ՉԷ՜… չ’ըլլա՛ր… կեցի՜՜՜ր…
Ուրեմն մինչ ես կը ջանայի երգել վերոյիշեալ երգը, Վազգէնը կը պոռար… կ’ընդմիջէր… աթոռին վրայ կը գալարուէր, ինքզինքը կ’ուտէր… (Անդրկովկասի հայերը, ռուսական աւանդութեամբ, երբ որ լաւ մը խմեն, յաճախ՝ իրարու հետ մարմնապէս կը կռուին: Ուղղակի, զիրար կը ծեծեն: Մինչեւ իսկ կրնայ մէկը մեռնիլ: Դասական Սփիւռքի հայերս, նոյն պայմաններուն մէջ, ընդհանրապէս խօսքերով, նայուածքներով է որ կը կռուըտինք…) :
Տեսնելով որ իր պոռչտուքին վաբշե տախմըշ տուած չունիմ, կը սպառնար…
Կը սպառնար՝ սեղանը լքել, երթա՛լ:
Հաւանաբար այդպէս ալ իսկապէս ըրած կ’ըլլար, եթէ սեղանին վրայ դեռ լեցուն շիշեր չըլլային…
Սկիզբը, ուրիշ մարդ չէր խառնուէր այս խնդրին… ինչերնուն պէ՜տք… (իսկական եւ անսովոր իմաստութիւն մըն է ասիկա, խմողներու աշխարհին մէջ) :
Եւ Վազգէնը, աչքերը խոշոր-խոշոր բացած, վիզի վրայի մօրուքը, խըրթ-խըրթ՝ ձեռքին եղունգներուն ետեւի կողմէն, ջղային կերպով քերելով, քերթելով, կը շարունակէր բողոքել, սաստել… երթալէն աւելի տաքնալով…
Չէ՛, ակամ… այդ ի՞նչ ըսել է… սա սի՛քթիրիճի երգը նորէն մի՛ երգէր, եաօ…
Տեղ մը կը հասնէինք, ուր այլեւս որոշ տղաք կը փորձէին մեղմօրէն զինք զսպել, հանդարտեցնել… Վազգէն, ձգէ ակամ… իշտէ գիտես, մեր Հայդուկն է, կ’երգէ կոր..
Չէ՜՜… չ’ըլլա՛ր… Հայրուկ-մայդուկ ես չե՛մ գիտեր… (հա, բայց մայրս գոնէ, այս նիւթին մէջ երբեք չէր մտներ… սակայն եթէ այս էական, ճակատագրական, ծանրագոյն խնդիրն ու բախումը՝ Վազգէնին եւ իմ միջեւ չըլլար, այլ նուազ բարեկամ ընկերներու միջեւ, հաւանաբար այդ կողմերն ալ կրնային երթալ, իր անհուն ու անսանձ ցասումին պատկերազարդ մասերը… բայց մեր միջեւ, անկարելի էր այդ սուրբ սահմանները անցնիլ… )
‘լան, ակամ՝ ողբալ, լալ, ի՞նչ ըսել է… մենք այլեւս միայն՝ յաղթական ենք… ճիվե՛րս կերեր են, մեզ լացընողները… թող գան հիմա փորձեն լացնեն, նայիմ… կը տեսնենք թէ ո՛վ կու լայ… չէ՜… պե՛ս պաա, պե՛ս.. այդ ժամանակները վերջացած են… այլեւս մե՛նք միայն իրե՛նց պիտի լացնենք, ողբացնենք, իրենց մամի՛կը պիտի…. (տեսա՞ք, ինչ ըսի… թիրախէն կախեալ է, ի գործ դրուած բառամթերքի. կատաղած ընկերս իմ Մամայիս մասին շշունչ մը չէր հաներ, իր այս բնորոշ պոռթկումին մէջ… սակայն այդ ինքնազսպումին տեղը կը հանէր՝ թուրքերուն մամաներո՜ւն, քոյրերո՜՜ւն, թանթիկներո՜՜՜ւն եւ մեծ-մամաներո՛ւն առնչութեամբ…)
Ի՞նչ Ատանայի ողբ, ի՞նչ բան… մի՛ երգեր… վերջացա՛ւ, այդ ամէնը…
Հիմա, մենք պետութիւն ունինք… հզօր եւ անյխաղթելի Հայաստան ունինք… ազգային բանակ ունինք…
Ազատագրուած Արցա՛խ ունինք
Շուշի ունի՜նք… գոնէ Շուշիդ յարգէ՛…
Շուշի ունինք…
* * *
. Այստեղ, պահ մը թողնելով որ Վազգէնը շարունակէ իր գայթակղած պոռալ-կանչելները, հէլէ բացատրուիմ:
Ազգային տեսանկիւնէն, ինծի համար – այն ժամանակ… -, Ատանայի Ողբը լացի պատճառ չէր:
Այլ նախ եւ առաջ՝ մեր նահատակներու յիշատակում: Էն վախտ, Արցախի նշանակալից մխիթարութեամբ, խոր սփոփանքով. զորս սակայն պէտք չէ որ մոռացութեան մատնէր մեր այդ անցեալի նահատակները, անոնց անասելի տառապանքն ու դաժան ճակատագիրը:
Շնորհիւ Արցախին սակայն, այդ նոյն երգը նաեւ՝ դեռ գալիք վրէժի եւ հատուցման հեռանկարներու ոգեկոչումն էր: Ուխտն էր:
. Բայց նաեւ զուտ անձնական, ընտանեկան գետնի վրայ, ինծի համար այդ երգին մէջ կար արդէն ծայրագոյն Ողբերգութիւնը յաղթահարելու հաստատումը, Հայոց Վերականգնումի ու Վերելքի, ի գործ դրուած պատգամը: Փաստն ու ապացոյցը, արդէն:
Արդարեւ, մեծ-հայրս – Մամայիս Պապան -, վերապրած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Զինք Տէտէ կը կը կոչէինք:
Ինք ու իր ընտանիքը, 1915ին, Ատանայէն տեղահանուած էին, եւ ուղարկուած Մահուան անապատները:
* * *
Յանուն պատմական ճշգրտութեան, այստեղ յստակացնեմ:
Տէտէս ծնած էր՝ Կեսարիա:
1985ի եւ 1909ին, իր ընտանիքը անցած էր ցեղասպանական ջարդերուն ընդմէջէն, Կեսարիոյ եւ Ատանայի մէջ:
Վերոյիշեալ երգը, կը վերաբերի՝ Ատանայի 1909ի ջարդերուն:
Մեծ-հայրս ուղղակի ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան՝ 1915ին:
Այդ թուականին սակայն, ինք ու ընտանիքը կ’ապրէին՝ Ատանայի մէջ: Եւ այդտեղէն է որ սկսած է իրենց եղեռնական գողգոթան:
Այս տուեալներու հիման վրայ է որ, ինծի համար վերոյիշեալ երգը՝ Տէտէյիս Երգն է:
* * *
Ի դէպ Մեծաս, Մամայիս Մաման, ինք ալ ողջ մնացած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Նոյնպէս Կիլիկիայէն սկսած է իր եւ իր ընտանիքին տառապանքներու եւ սպանութեան ճանապարհը, անապատներուն մէջէն…
Եւ այսպէս, Տէտէս ու իր կինը Մեծաս, երկուքն ալ որբացած էին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Իրենց երեխայի աչքերուն առջեւ տեսնելէ ետք իրենց ընտանիքի անդամներու երկար տառապանքը, չարչարանքները եւ մարտիրոսութիւնը:
Բայց, ողջ մնացած էին…
Եւ Լիբանանի մէջ, այդ ամէնէն ետք, վերականգնած էին իրենց կեանքերը:
Դեռ անկէ անդին, ճակատագրական մակարդակի վրայ, հոյակապ ապագայ շնորհած էին իրենց զաւակներուն, եւ թոռներո՛ւն:
Իրենց երեք զաւակները դարձած էին՝ դեղագործ, փաստաբան եւ բժիշկ: Երկու դուստրերուն պարագային, յաւելեալ արտակարգ իրագործում մըն էր, այդ: Այդ ժամանակներուն համար… (Նոյն իմաստով, Մեծաս ալ կարողացած էր ուսում ստանալ, Լիբանանի Ճեմարանի ամենաառաջին դասարանին աշակերտը դառնալով: Շնորհիւ Լեւոն Շանթի քաջալերանքին, պնդումին…)
Իսկ իր մանչ զաւակին պարագային, Տէտէս, ապահովելէ ետք անոր համալսարանական վկայականի ձեռքբերումը, զինք ուղարկած էր մինչե՜ւ Գանատաները, որպէսզի ան այդտեղ ամբողջացնէ բժշկական ուսումի մասնագիտական աստիճանը: Եւ այդ ուղիով է որ ան մնաց այդ հոյակապ երկիրը, դարձաւ գանատացի բժիշկ…
Մանկութեան, իր անմիջական ընտանիքին մահը տեսած մարդը, որուն համար, նիւթականէն անդին, նաեւ ինչպիսի հոգեկան զոհողութիւն մըն էր՝ իր մէկ հատիկ մանչ զաւակէն այդպէս բաժնուիլը, ի՛նք ուզած էր, պնդա՛ծ էր, ամէն զոհողութիւն կատարած էր՝ որ ան երթայ Գանատա, այդտեղ ստանայ բժշկական մասնագիտութիւնը:
Քանի որ Տէտէս, ինչպէս որ իր նման բիւրաւոր հայորդիներ, թէկուզ Ցեղասպանութեան վերապրող էր, բայց այնուհանդերձ, ինքն իրեն համար չէ, որ կ’ապրէր: Այլ՝ յաջորդ սերունդին համար:
Քանի որ Աստուած իրեն առիթը շնորհած էր, կարենալ այդպէս ընելու: Պարտական էր, Անոր հանդէպ:
Եւ նաեւ, ձեւով մը, իր կեանքը արդէն վերջացած էր, Ցեղասպանութեան անապատներուն մէջ: Թող իր զաւակները, կեանք ունենային:
Այդ ձեւով է որ ուրեմն, նաեւ, իր վրէժը կ’առնէր: Ձախողութեան կը մատնէր թուրքերուն ձեռնարկած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պէտք է ընդգծել որ այս մարդը, շատ հանդա՜րտ ու հանգիստ մարդ մըն էր:
Դանդաղ կը շարժէր, ժպտերես էր: Շատ քիչ կը խօսէր, եւ երբ որ խօսէր մեղմօրէն կը խօսէր, եւ միայն եթէ կարեւոր բան մը ունէր ըսելիք: Նաեւ, սոսկալի երգիծանքի ոգի ունէր: Իր այդ ժպիտը, յաճախ իմաստասիրական նուրբ քրքիջ մըն էր…
* * *
Այս բոլոր բացատրութիւնները որ կու տամ իր մասին, Տէտէս, ինք, երբե՛ք այսպիսի բաներ չէ ըսած: Բնաւ, ոչ մէկ ձեւով:
Ինծի կը մնար, հասկնալը… Եւ այստեղ արձանագրելը: Որպէսզի իմ զաւակներս եւ – տա Աստուած – թոռներս ալ, կարդան:
Ինք լաւ գիտեր սակայն, որ ես պիտի կատարեմ, ասիկա…
* * *
Բայց Տէտէս ոչ միայն իր տղան փրկեց Լիբանանէն, այլ նաեւ… զիս:
Արդարեւ ես ինքս, կարողացայ Լիբանանի անվերջանալի պատերազմէն դուրս գալ եւ Գանատա հաստատուիլ, շնորհիւ Ատանայի վերապրող՝ Տէտէյիս:
Պարզեմ, թէ ինչպէս:
Ատանայէն՝ Մեծ Եղեռնի անապատները նետուած, վերապրող Տէտէս, Լիբանանի մէջ ամուսնանալէ եւ ընտանիք կազմելէ առաջ, ուսանած է Ֆրանսայի մէջ:
Ու նաեւ ծառայած է այդ երկրի Բանակին մէջ: Ոչ որպէս զինուիր, այլ ռազմական վարչութեան մէջ պաշտօնեայ:
Շնորհիւ իր այդ վաստակին (եւ հաւանաբար նաեւ, քանի որ Ֆրանսան կը ջանար իր մեղքն ու յանցանքը քաւել, յատկապէս Կիլիկիոյ հայերու նկատմամբ…), Տէտէս ստացած էր` Ֆրանսայի քաղաքացիութիւն:
Այդ կարգավիճակը ժառանգուեցաւ Մամայիս, ապա ինծի, եղբօրս եւ քրոջս: Որպէս ի ծնէ քաղաքացիութիւն:
Առանց ատոր՝ 1982ի աշնան, տասնըեօթը տարեկանիս, անկարելի՛ էր որ ես կարողանայի մտնել Գանատա: Ու անկէ ետք միայն, կարենալ կանոնաւորել այդ երկիրը ներգաղթողի իրավիճակս: Որմէ ետք, հանգրուանաբար, Գանատա եկան անմիջական ընտանիքիս միւս անդամները: Եւ ես, եղբայրս եւ լուսահոգի քոյրս ամուսնացանք եւ զաւակներ ունեցանք, Գանատայի մէջ:
Եւ ուրեմն նաեւ Տէտէյիս շնորհիւ է որ, Գանատայի մէջ, հանդիպեցայ կնոջս Այտային: Եւ շնորհիւ իրեն է որ մեր զաւակները, ծնան Գանատացի:
* * *
Վազգէն, ակամ… հիմա հասկցա՞ր մը, թէ ինչու եւ ինչ իմաստով, իմ ծուռ ու խրպոտ ձայնովս, կ’երգէի Ատանայի Ողբը, մեր այդ ընկերական սեղաններուն շուրջը…
Ամբողջ կեանքիս էական պա՛րտքն էր, որ ես ամէն անգամ, այդ առիթներով, անպայման երգէի՝ Ատանայի Ողբը:
Ուրեմն պէտք էր որ, գոնէ այն ժամանակ, ձգէիր որ հանգիստ երգեմ զայն:
Քանի որ, էն վախտ, Արցախ ունէինք…
Եւ այդ օրերուն, իմ անձնական պարագայէս անկախ, կրնայինք ըսել որ, ազգային գետնի վրայ եւս ՝ երանի թէ մեր բոլոր ողբերգական երգերը, դեռ այդքան լաւ ու փառաւոր, յաղթական տեղ հասնին, բոլորիս համար: Արցախին հասած, Արցախով մեր հասած, այդ տեղը…
Ի դէպ, ուրեմն ասկէ ետք, Վազգէն… այսուհետեւ քու, այդ անցեալի մօտեցումովդ, կրնա՞մ այդ երգը երգել… Հիմա կարելի՞ է, լալ: Սգալ:
Բայց հիմա ալ, Արցախի եւ մեր բազմահազար երեխաներուն կորուստէն ետք, ինծի համար անհանդուրժելի դարձաւ, յատկապէս այդ երգը, երգելը…
Երկու տողը, չեմ կրնար երգել:
Եթէ պատահի որ մտքիս մէջ յանկարծ հնչէ, եթէ ոտքի եմ, բառացիօրէն՝ պէտք է որ աթոռ մը գտնեմ, նստիմ, ինքզինքս հաւաքեմ:
Արցախի եւ այդտեղ նահատակուած մեր անգին տղոց կորուստով, այո… Ատանայի Ողբը, դարձաւ միայն՝ Ողբ:
Հայդուկ Շամլեան
20 Ապրիլ 2024
Յ.Գ.1 ՝ Վերոյիշեալ մեծ-հայրս փորձեց էր իր յուշերը գրել: Սկսաւ, բայց ցաւին չդիմացաւ, ընդհատեց աշխատանքը: Եւ ինծի յանձնեց, ինչ որ կարողացած էր գրել:
Յ.Գ.3 Իր մահուան յաջորդող օրերուն գրուած յօդուած մըն ալ՝ ֆրանսերէնով: Նախնական տարբերակով մը, հրատարակուած է «Հորիզոն»ի ֆրանսերէն պարբերականին մէջ – որ մի քանի ամիս ջանացինք մէջտեղ բերել – : Կարծեմ նաեւ զայն հրատարակեցի Մոնթրէալի Համալսարանի Իրաւաբանական Դպրոցին թերթին մէջ, որուն խմբագրական կազմին մէջ էի:
Երէկ, ԼՏՊական յատկապէս խղճալի, զավալլը անձ մը, որ հիմա ՀՀի իշխանաւոր մըն է, արտայայտեց այն միտքը, որ՝ պէտք է որ մենք հայերս Հայոց Ցեղասպանութեան մարտիրոսներուն անուն-մականունները հաւաքենք, մանրակրկիտ կերպով, եւ զանոնք պաշտօնապէս արձանագրենք::
Ասոր վրայ, եալլա՜… Վլվլուկ մըն է որ փրթաւ, նորէն:
Վա՜յ, այս ի՛նչ խօսք է… ասիկա ճիշդ թուրքերուն ուզածն է պէէէ, ասիկա կը նշանակէ՝ կասկածի ենթարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը՜, ceci cela :
* * *
Ի գին, անգամ մը եւս եւ արդէն ըստ սովորութեան՝ «վատ մարդ»ը հանդիսանալու, ձեզի յայտնեմ եւ բացատրեմ հետեւեալը:
Այդ փաշինյանիսթ արարածին՝ ԸՍԵԼ ՈՒԶԱ՛ԾԸ, ըստ խորքի եւ ըստ էութեան, համազօր չէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կասկածի ենթարկելու: Նոյնիսկ, ընդհակառա՛կը:
* * *
Օղլում, ըսել ուզածը այն էր որ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը եւ յիշատակումը լաւապէս, աւելի ուժգին կերպով գրանցելու համար Աշխարհի Յաւերժական Յիշողութեան մէջ, եւ նաեւ առ ի յարգանք մեր մարտիրոսներուն, եկէք՝ աշխատինք, ջանք թափենք, եւ սոյն նահատակներուն տանք՝ անուն-մականուններ:
Այս բացատրութեան լոյսին տակ, հանդարտօրէն մտածենք այս մասին:
* * *
Ստիպուած չենք մէկ ու կէս միլիոն անուն-մականուններ գրանցել:
Բայց մինչեւ այսօր, մէկ ու կէս… հազա՛ր հատին անունները, դուք տեղ մը տեսա՞ծ էք: Պաշտօնապէս գրանցուած:
Այսինքն, ուրեմն ի՞նչ… մէկ ու կէս հազազ զոհե՞ր իսկ չկան, մեր Ցեղասպանութեան վերաբերեալ !?
Հաւաքենք ինչ որ կրնանք: Ինչ որ հնարաւոր է, նկատի առնելով այն պայմանները որոնց մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը, 1895էն մինչեւ 1920 ժամանակամիջոցին:
Յետոյ բացատրենք եւ հիմնաւորենք թէ ինչո՞ւ անհնար է բոլորին անուն-մականունները գտնելը: ( Ի դէպ, այս ուղղութեամբ գոնէ, լուրջ, մասնագիտական աշխատանք մը տարած է՝ Raymond Kevorkian-ը: )
* * *
Մէյ մըն ալ, մենք մեզի հարց տանք… մինչեւ հիմա, խի՞ այս նիւթով զբաղուող հայկական կազմակերպութիւնները չեն ձեռնարկած այսպիսի տարրական աշխատանքի մը… թերեւս բաներ մը ըրած են, բայց կէս-կատար… կէս ձգելով աշխատանքը:
Կատարուած մասնակի աշխատանքին արդիւնքները իսկ, կորսուած են !!
Օրինակի համար, ութանասունական թուականներուն սկիզբները, Քանատայի մէջ, երկու ընկերներ ունիմ որոնք խլխլած օթօնին առած ճամբայ ելած են, ամբողջ երկրի տարածքին հանդիպելու համար Ցեղասպանութեան վերապրողները: Եւ իրենց camcorderով, VHS քասէթներու վրայ, արձանագրած են անոնց մանրամասն վկայութիւնները: Եւ ուրեմն ներառեալ անոնց աչքերուն առջեւ սպաննուած անձերուն, ընտանիքի անդամներուն անունները:
Հիմա ո՞ւր են այդ քասէթները, ակամ…
Հաաա…
* * *
Եւ ասիկա, Աւանդական Սփիւռքի՛ն գործն էր: Քանի որ այդտեղ էին ու կը մնան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու զանգուածային մեծամասնութեան ժառանգորդները…
Բայց, ո՞վ սիրտ ունի աշխատելու, պապամ… լուրջ եւ իսկական գործ կատարելու…
Երբ որ, կրնաս պարզապէս տարին մէկ օր տրամադրել այս նիւթին… Աղուոր ցոյցի մը մասնակցիլ, այդտեղ բաներ մը պոռպռալ, եւ գոհանալ որ դուն քու պարտականութիւնդ կատարեցիր…
Ամէն մէկս, մենք մեզի՛ համար, մեր տուներուն մէջ՝ ունի՞նք ցանկը մե՛ր ընտանիքին, մեր գերդաստանին այն անդամներուն, որոնք զոհուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Ուրեմն, անոնք չե՞ն զոհուած…
Մեր վերապրած ծնողները կամ մեծ-ծնողները, իրենց աչքերուն առջեւ, տեսած էին անոնց անասելի մարտիրոսութիւնը:
Գրի առա՞ծ ենք, անոնց՝ մեզի պատմածները…
* * *
Այստեղ, կէտ մը ալ նշեմ:
Օրինական, իրաւաբանական գետնի վրայ՝ Ցեղասպանութեան անժամանցելի ոճիրը, ԿԱՊ ՉՈՒՆԻ զոհերու թիւին հետ:
Պատերազմի մը ընթացքին, պետութիւն մը կրնայ երկրի մը բնակչութեան մէջ հարիւր հազարներով մարդոց – անզէն ժողովուրդի – մահը պատճառել, սակայն այդ թուաբանական տուեալը չէ, ինքնին, որ պիտի հաստատէ թէ կատարուածը Ցեղասպանութիւն է, կամ ոչ:
Մինչ, մի քանի հազար անձերու մահուան պարագային, կրնայ հաստատուիլ որ տեղի ունեցած է՝ Ցեղասպանութիւն:
* * *
Իսկական օրինակներ տամ:
Ճափոնի քաղաքներուն վրայ նետուած երկու հիւլէական ռումբերու զոհերուն թիւը, չհաստատեց որ ատիկա ցեղասպանութիւն էր:
Մինչ, նախկին Յուկոսլավիայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու կապակցութեամբ, Միջազգային Դատարանը քննարկած եւ հաստատած է որ տեղի ունեցածը՝ ցեղասպանութիւն էր:
Որպէս եզրակացութիւն դատավարութեան մը, ուր նկատի առնուած ընդհանուր զոհերուն թիւը՝ անստոյգ էր: Մինչ ուղղակի մեղադրեալին առնչութեամբ, որ դատապարտուեցաւ որպէս ցեղասպանութեան ոճիրի հեղինակ, նշուած զոհերուն թիւը… եօթը հազարի շուրջ էր:
Վայրկեան մը յետոյ, դուռը ճեղքուեցաւ կացինի հարուածներուն տակ, և կին ու ամուսին Առաքելեանները ծեծելով իջեցուցին բակ։ Մնացեալը կատարուեցաւ վայրկեանի մը մէջ։
Մարդը տապալեցին կացինի և մետաղեայ ձողերու հարուածներով, զայն սպանեցին, քարիւղով ջրեցին և այրեցին։ Վէրքերով ծածկուած կինը ողջ-ողջ կ’այրէր նաև, բայց գերմարդկային ճիգով մը՝ չէր շարժեր, որպէսզի նոր հարուածներ չստանայ » ։
* * *
Հայրենակիցներ,
Երեք տարի առաջ էր, արդեն իրեք տարի, միա՛յն իրեք տարի, երբ, Արցախի պահանջատիրութեան 1988 թուին ճակատագրական վերարծարծման որպէս ուղղակի հետեւանք, Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան մայրաքաղաքի՝ Պաքույի հայաբնակ Սումկայիթ արուարձանին մէջ, ազերի խուժանը յարձակեցաւ հայ բնակիչներուն վրայ, զանոնք ենթարկելու համար անյորջորջելի չարչարանքներու եւ ջարդի։
Երեք տարի առաջ էր, հազի՛ւ իրեք տարի, երբ Հայոց Մեծ Եղեռնը կը թեւակոխէր նոր հանգրուան մը եւս։
Քիչ առաջ, ձեզի կարդացի հատուածներ, Սումկայիթ-ի որոշ ջարդարարներու դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած վկայութիւններէն, Սամուէլ Շահմուրատեանի կողմէ համադրուած և հրատարակուած «Գրական Թերթ»-ին մէջ։ Խօսքիս տեւողութեան, պիտի կրկնեմ այդպիսի մէջբերումներ, նշեալ նոյն աղբիւրէն:
* * *
Սումկայիթի անմարդկային սպանդը մեկուսացած դէպք մը չէր, ոչ ալ արկած մը։
Սումկայիթին պիտի յաջորդէին Կիրովապատի, Պաքույի և տակաւին Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան տարածքին զանազա՛ն շրջաններու մէջ հակահայ յարձակումներ, ջարդ եւ ճապաղիք։
Եւ ինչպէս որ Արցախի շարժումը կամայական կամ ակամայ չէր, այլ հաստատօրէն կ’արմատանայ տասնամեակներու ընթացքին աճած դէպքերու և վիճակներու կանոնաւոր հոլովոյթի մը մէջ, նոյնպէս Ատրպէյճանի հայոց ջարդերը պատահական չէին, այլ կը համապատասխանէին պատմաքաղաքական յատուկ տրամաբանութեան մը։
* * *
Արդարեւ, կազմակերպուած, ծրագրուած ու նախամտածուած, մեր համայն ազգին դէմ ուղղուած այս նոր մահափորձը կը հանդիսանայ ոչ միայն 1915-ին ծայր տուած պաշտօնական ցեղասպանութեան, այլ անկէ առաջ իսկ, հայ-թրքական առաջին շփումներէն ի վեր գոյացած քաղաքական, մշակութային և առ հասարակ միջցեղային արիւնահեղ բախումի մը։
Իրողութիւնը ակնյայտ է և անժխտելի։ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Կովկասի մէջ բացայայտ է։ Անցեալ ամիս, եւրոպական թերթի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Թիւրկիւթ Օզալ կը յայտարարէր թէ իր ղեկավարած պետութիւնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք – ի միջի այլոց – Կովկասի մէջ։
Այլ առիթներով իւս, զանազան միջոցներով, Թուրքը չէ վարանած ընդգծելու իր ցեղակցութիւնը Ազերիներուն հետ, ինչպէս նաև իր կռահելի դիրքորոշումը՝ Արցախի հարցի նկատմամբ։
Մեզի համար հարկաւոր իսկ չէին այս խոստովանութիւնները։
Մենք շատոնց հասկացած ենք մեր դարաւոր – եւ յաւերժակա՛ն – թշնամիին հոգեբանութիւնը, մտածելակերպն ու նպատակը։
Արդէն, պատասխանատու եւ գիտակից ազգային մարմինները շատ շուտ հնչեցուցին ահազանգը – կամ զայն յիշեցուցին ․․․ – անմիջապէս քօղազերծելով դաւադրութիւնը, և առ այդ կեցուածք յայտնելով։
Այսպէս, Սումկայիթի ջարդերէն շաբաթ մը ետք, 7 մարդ 1988-ին, թէկուզ մի քիչ «խանգարելով» օրուայ ՀՀ վարչակարգը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօ-ն յատկանշական յայտարարութիւն մը կը կատարէ, որմէ կը կարդամ հետեւեալ հատուածը՝
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ կը նկատէ Ատրպէյճանի տարածքին թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը, որ կը խոցէ սիրտը համայն հայ ժողովուրդին՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք։
Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան արդար ու օրինապահ պահանջատիրութեան իբրեւ պատասխան-հակազդեցութիւն շղթայազերծուած այս խժդժութիւնները, հայ բնակչութիւնը տեղահան դարձնելու և զուտ թաթարական շրջան մը իրագործելու իրենց մութ, բայց յստակ դիտաւորութեամբ, թաթարներու հակահայ մոլուցքին զոհ կը դարձնեն Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս ապրող հայ ժողովուրդը։ » Վերջ մէջբերումի:
* * *
Թուրք պետութեան հիմնական և անդառնալի դիտաւորութիւնն է հայ ազգի ամբողջական և բացարձակ բնաջնջումը։
Անցեալ եւ արդի Պատմութիւնը կը հաստատէ այս էական երեւոյթը, եւ կովկասեան նոր ջարդերը անհանդուրժելի, բայց անհերքելի փաստն են այս բարբարոս վճռականութեան։
* * *
«Առաջինը շքամուտքում յայտնուել էր Ժասմէնը, յետոյ՝ Կարինէն՝ երկու երեխաներով:
Իրան իր Լիլիայի հետ փորձեց, թաքնուեց, յետոյ էլ մէկ անգամ եւս աղաչեց, բայց կոպտօրէն դուրս շպրտուեց շքամուտք։ Ժասմէնն ու Կարինէն արդէն չկային, բակում մոլեգնում էր ամբոխը։ Միակ ելքը վերեւ բարձրանալն էր։
Հինգերորդ յարկում դուռը բացեց միջին տարիքի մի տղամարդ ու ձեռքը բռնելով լուռ տարաւ ներս։ Այդ տանն էին արդէն Կարինէն ու Ժասմէնը։
Տանտէրը բոլորին փակեց լողարանում եւ հրամայեց ծպտուն չհանել։ Նա մինչև գիշեր պահեց նրանց՝ չբացելով լողարանը եւ անընդհատ պահանջելով-խնդրելով կանանցից լաց չլինի եւ անընդհատ չթակել դուռը։
Բայց ո՞նց լաց չլինէին, ո՞նց չթակէին դուռը, եթէ բակից՝ ճեղքելով ամբոխի ոռնոցն ու բարձրախօսի կոչերը՝ լսում էին Իրինայի ճիչերը․ «Մա-մա՜, մա-մա՜ ․․․ փրկի՜ր»։
Պնդակազմ Իգորը, բռունցքներով պաշտպանուելով չորս կողմից հարուածող դանակներից ու մետաղեայ ձողերից՝ պոկուում է ամբոխից, յայտնւում շէնքի հակառակ կողմում, բայց յանկարծ կանգ է առնում, շրջուում դէպի հետապնդողները եւ կուրծքը բացելով բղաւում․ «Սպանէ՛ք, ինչ ուզում էք արէք․․․»։ Մէկը բենզին է շփում նրա վրայ եւ նետում վառուող լուցկին։
Իգորը տեսել էր, թէ ինչպէս են բզկտում քրոջն ու եղբօրը, տեսել էր շքամուտքի մօտ սպաննուող մօրը, շէնքի այն կողմն անցնելով, հաւանաբար տեսել էր նաեւ սպաննուած հօրը եւ․․․կանգ է առնում․ «Սպանէ՛ք, ինչ ուզում էք՝ արէք․․․» ։
* * *
Այո, անմեղ զոհերու սպանդը նախ զարհուրանք, յետոյ զայրոյթ և ըմբոստացում կը սերմանէ կեղեքուած և հալածուած ժողովուրդներու սրտին մէջ։
Այո, Մեծ Եղեռնի միլիոնաւոր ողջակէզներու սրբազան յիշատակը միաժամանակ ցաւի և ուժի աղբիւր է հայութեան համար։
Սակայն, այս վերջին հաշուով զգացական վերլուծումէն անդին, առարկայական պարկեշտութեան մտահոգութեամբ մը մղուած, հարց տանք մենք մեզի, թէ արդեօք որեւէ մէկ ձեւով տակաւին պարտաւո՞ր էինք 1988 թուականին, նոր մատաղներ զոհաբերել մեր ազգային անողոք ճակատագրի արիւնլուայ խորանին առջեւ։
Արեան ո՛րեւէ տուրք տակաւին պարտաւո՞ր էինք վճարելու տիեզերական անմարդկային արդարութեան, պատմութեան դժնդակ տրամաբանութեան, ամենազօր անտես ուժերուն, հին ու արիւնարբու, անկու՛շտ չաստուածներուն։
* * *
«Մա՛հ Հայերուն», կը գոռար հրոսակապետը իր բարձրախօսին մէջ։
«Մա՜հ․․․» կը կրկնէր 200-300 հոգինոց ամբոխը։
Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան դրօշակը պարզելով, ուղղուեցան դէպի թաղամասի խորքը, և բազմաթիւ բնակարաններ քայքայելէ ետք, լեցուեցան, 2Բ շէնքի բակը։
Քիչ ետք, աներեւակայելի, անհաւատալի անգթութեամբ և սատականութեամբ, այդտեղ սպանեցին Սողոմոն և Ռայսա Միլքումեանները, անոնց զաւակները՝ Իկոր, Եդուարդ և Իրինա, և այրեցին Միշա Համբարձումեանին հարուածներու տակ ճզմուած մարմինը։ Ոչ մէկ հագուստ ձգած էին Ռայիսա-յի և անոր 24 տարեկան աղջկան վրայ։ Իրինա-ն այնքան զօրաւոր կը ճչար, որ զինք կը լսուէր ամբոխի աղմուկին և սուլոցներուն ընդմէջէն» ։
* * *
Անշուշտ, տարբեր է պարագան՝ Արցախի անառիկ լեռներուն մէջ երբեմն նահատակուող արդի Ֆետայիներուն։
Ինչպէս նաև տարբեր է պարագան, հայ ազատագրական շարժումի ահաբեկչական հանգրուանի ընթացքին իրենց կեանքի կամ կենսական բարօրութեան գինով իրենց ազգային գերագոյն յանձնառութիւնը ստանձնող հերոսներուն։
Տարբեր է պարագան ոեւէ ինքնակէզ անմահի՛, որ անասելի պայթումի մը մէջ կը խորտակէ սուտի և լռութեան պատը, իւ կրակի տառերով իր սրբազան պատգամը կ’արձանագրէ Հայոց Պատմութեան արիւնաթաթախ էջերուն վրայ։
Տարբեր է պարագան ոեւէ արդարութեան մարտիկի, որ դժբախտ գնդակներու տակ կը զգետնուի, անմիջապէս յարութիւն առնելու համար մեր բռնկած հոգւոյն և առանձնաշնորհեալ երկինքներու մէջ։
Տարբեր է պարագան սուրբ և պաշտելի ոճրագործին, որ բանտի մը անիծեալ ձողերուն ետեւ, ցմահ դատապարտումը կը մարմնաւորէ զինք պատժելու յաւակնութիւնը ունեցած լկտի ատեաններուն, եւ որ ինք մե՛զ կ’արգելափակէ մեր ամօթի և հպարտութեան կապանքներով, մենք, իսկական բանտարկեալներս մեր առօրեայ զաւեշտին և կեանքի անգութ վճիռին։
* * *
Սակայն Կովկասի անմեղ, անպաշտպան, անզօր ու անդիմադարձ մատաղները հարկաւո՞ր էին, որպէսզի մենք, ազգովին գալարուինք մեր հայրենապաշտ մոլորումին մէջ։
Պէ՞տք էր անպայման նորէն անարգուիլ, ճակատել սեւ բախտը, կրակի եւ արեան մէջ գրկախառնուիլ մեր գարշելի դահիճին և մահուան հետ, այս յոռի և մթին խորհուրդին մէջ դարձեալ մկրտուելու համար մարտիրոսութեան թունաւոր միւռոնով, վերանորոգելու համար մեր արեան ուխտը։
Պէ՞տք է նորէն ըսէինք ա՛լ վերջացաւ, ալ կը բաւէ՜, վերջին անգան է, այլեւս՝ երբէ՛ք։
Բայց ուրեմն, արդեօք պէ՞տք է սրտաճմլիկ յանդգնութիւնը ունենալ գիտակցելու մեր Կովկասի հայրենակիցներուն – գոնէ ժամանակագրականօրէն վերջին – զոհաբերութեան անհեթեթ ու աւելորդ, վերջապէս անիմաստ բնոյթին։
* * *
«Բարձրախօսը կը վերադառնայ Ահմէդովին։ Ոչ ոք կարող է իրեն պէս հրահրելու, ամբոխը կատղանքի մղելու, նաև հմայելու թաղամասի միւս բնակիչները որոնք, իրինց պատշգամներուն կռթնած, ձրի շարժապատկերի պէս կը դիտեն իրենց աչքերուն առջեւ բոլորուող ահռելի տեսարանը։ Անոր ձայնը երբեմն անգութ է և ջղային՝ «մահ՝ հայերուն» ․․․» «Մահմետականներ, զանոնք նստեցուցէք իրենց տեղը» ․․․ Երբեմն կը դառնայ զսպուած և թատերական՝ «Քոյրեր, մի՛ նայիք, ազերի կինը պէտք չէ տեսնէ այսպիսի բաներ ․․․», երբեմն կ’արձագանգէ հրամայական և խիստ շեշտով (…), յետոյ կը պայթի նորէն մոլուցքով՝ «Մա՛հ՝ հայերուն» » :
* * *
Ոչ․պարապ տեղ չմեռան Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքույի հայերը ․․․
Հայոց արդի ջարդը, Կովկասի մէջ, ամբողջ Արցախի հարցն է որ կը բնորոշէ, էապէս կը սահմանէ, կը զետեղէ իր իսկական ու կենսական հունին մէջ։
Այս դէպքերը կը մատնեն յիշեալ հարցի հիմունքները, խորին ճշմարտութիւնը, և կը հաստատեն անոր ճգնաժամային բնոյթն ու տարողութիւնը։
Հայոց և Թուրքերու միջեւ հնադարեայ և մահ ու կենաց բախումն է, որ այսօր տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ։ Համաթրքական / համաթուրանական ծրագրին գործադրումն է, որ տակաւին 20-րդ դարու աւարտին հայ զոհեր կը խլէ։
Կովկասին մէջ, Թուրքն էր նորէն, որ ծեծեց, կացինահարեց, դաշիւնահարեց, բռնաբարեց, մորթեց, ողջ-ողջ հրկիզեց հայը։
Անդրադառնանք գոնէ ա՛յս իրողութեան, որքան որ ալ անհանդուրժելի և դաժան ըլլայ այն։
Որովհետեւ ի գին այս ցաւագին յստակատեսութեա՛մբ միայն, կրնանք պատշաճօրէն և ազդու կերպով ընդդիմանալ մեր դէմ ուղղուած յարձակումին, և պատասխանել մեր երեսին շպրտուած ծայրագոյն մարտահրաւէրին։
* * *
Այս աղէտի առիթով, թող գիտակցուի՛ որ ոչ մէկ ձեւով կարիլի է գոյակցիլ, գործակցիլ կամ բանակցիլ Թուրքիոյ հետ, բացի ուժի դիրքէ մը։
Թող Պաքույի հայութիւնը գիտակցի՛, որ կարելի չէ շաղուիլ այդ բարբարոս ցեղին հետ, կարելի չէ զայն ընտելացնել կամ անկէ որդեգրուիլ, բացի գաւազանը մէկ ձեռքին, եւ հրացանը՝ միւսին։
Թող բոլորս անդրադառնանք, որ կը շարունակուի Մեծ Եղեռնը, եւ թէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ոչ միայն անսահման է և անձեռնմխելի, այլ մանաւանդ կ’արդարացնէ նախայարձակին փճացումը իսկ։
* * *
Սակայն, պատմական վերյիշումէն և ռազմավարական հակազդեցութենէն անդին, արդի պայմաններու մէջ, կովկասեան Հայոց Եղեռնը նաև ուրիշ դասեր կու տայ միզի։
Նկատի ունենալով Թուրքիոյ սերտ կապը Ատրպէյճանի հետ, մեր այս թշնամի պետութեան միջազգային դաշինքներու լոյսին տակ, առիթ մըն է, որ այս առիթով մենք անդրադառնանք, դարձեալ, թէ մեր արդարատենչ ու ճշմարտաբաղձ ընթացքին մէջ, մեր դէմ ունինք արեւմտեան աշխարհի այժմու – այսպէս կոչուած – մեծ ու զօրեղ բազմաթիւ պետութիւններ։
Այսօր, երբ որ ամերիկեան կայսրը կը հռչակէ «համաշխարհային նոր կարգ» մը, պէ՛տք է հասկանալ, որ մեզի նման զրկեալ ազգերը տեղ չունի՛ն այս հողերու և ուժերու միջազգային նոր բաշխումին մէջ։
Պէ՛տք է հասկանալ, ու չխաբուիլ դիւանագիտական պատրանքներէ, քաղաքական նենգապաշտ խաղերէ, հաւատալով որ որեւէ մէկ ձեւով կրնանք ստանալ արդար հատուցում, եթէ մե՛նք, խելացութեամբ և խենթութեամբ, ծայրայեղութեամբ և զգուշութեամբ, մտքով ու սրտով, մեր ազգային նկարագրի հակասական ու լրացուցիչ բոլոր յատկութիւններով, չդիմագրաւենք մեր կենսական ճակատագիրը։
Թող չհրճուին սակայն խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները։ Եթէ, միջազգային քաղաքական փոխյարաբերութիւնները մեզ կ’ընդդիմադրեն այսօր արեւմտեան որոշ երկիրներու, մեզի յայտնի է նաև Մոսկուայի ներքին անբարոյ հաշիւներէ մղուած՝ մեղսակցութիւնը մահմետական Ատրպէյճանի հետ, և Քրէմլին-ի անտարբերութիւնը կամ դժկամութիւնը հայոց շահերու և Արցախի հարցի նկատմամբ։
Այս տեսանկիւնէն, որեւէ ժամանակաւոր զրոյց Կորպաչէվի կառավարութեան հետ ենթակայ է լուրջ վերապահութիւններու, եւ լայնօրէն կը հիմնուի «մի-քանի-չարեաց-փոքրագոյնը» դիւրաբեկ հասկացողութեան վրայ։
* * *
Մինա՛կ ենք մենք, և սակայն հզօր և բացարձակապէս անխորտակելի։
Մինակ ենք մենք, եւ թերեւս ա՛յսպէս պէտք է ըլլայ: Թերեւս այդ է երաշխիքը մեր անխուսափելի յաղթանակին, մեր մղումներու ճշմարտութեան, մեր նուաճումներու անխաթար ու անեղծ բնոյթին։
Մինակ ենք մենք, և թերեւս այդտե՛ղ է մեր փրկութիւնը, որովհետեւ մենք հաշիւ ունինք տալիք ո՛չ ոքի, ոչ մէկ շահագրգռուած և քմայքոտ, անկայուն օտար պետութեան կամ կայսերապաշտ խամաճիկի, այլ միայն մեր ազգային գաղափարի հիմնադիրներուն, մեր դիւցազներգական նախահայրերուն և մեր հաւաքական խղճին։
* * *
Վերջապէս, Կովկասի Հայոց սպանդը մղիչ անսպառ ուժ մըն է, այս անգամ յատկապէս Արցախի՛ շարժումին, անմիջական ու գործնական իմաստով։
Որովհետեւ, այս նոր ողբերգութիւնը համայն հայութեան կը պարտադրէ նոր հրամայական մը։
Մինչեւ այսօր, վերապրած էին Եղեռնի անցեալի զոհերը, շնորհիւ հայ ազգի գոյատեւման։
Ասկէ ետք, անցեալի զոհերուն հանդէպ մեր ընդհանուր հաշուետուութեան զուգահեռ, նոր մարտիրոսներու անվրէպ հսկողութեան տակ, կը դիմագրաւինք նաև յաւելեալ պարտաւորութիւն մը։
* * *
Ինքնին՝ ի զուր տանջուած կ’ըլլան Կովկասի մեր քոյրերն ու եղբայրները, եթէ մե՛նք յանձն չառնենք արդարացնել անոնց անհուն զոհաբերումը։
Մեզի՛ վիճակուած է ուրեմն անոնց ահաւոր նահատակութեան իմա՛ստ մը տալու առաքելութիւնը։
Այս սրբազան պատասխանատուութիւնը կրնայ ամբողջանալ միայն Արցախի ազատագրումով։
Այսօր, անպատիժ կը մնայ Թուրքիոյ Ոճիրը, և աշխարհը անտարբեր կը դիտէ մեր գոյութեան տագնապը։
Այսօր, անպատիժ են Կովկասի ջարդարարները, եւ Կորպաչէվ կը շարունակէ միայն խօսիլ, խոստանալ։
Այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը քաղաքական խարխափումներով կը յուսայ փրկել մեր հայրենիքը, և կասկածելի ամօթխածութիւն մը կը ցուցաբերէ Արցախի հարցի նկատմամբ։
Այսօր, կռիւ տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ, եւ հայը զէնքի ուժով կը պաշտպանէ իր կեանքն ու տունը։
* * *
Մահ կամ ազատութիւն․․․ Ազատութիւն կամ մահ․․․ Ի՞նչ կարեւոր թէ ո՞րմէկ կարգով կը յիշենք այս երկու գերագոյն յղացքները, որոնց միացեալ իմաստը էական հիմքն է մեր ազգային հոլովոյթին։
Բայց ինչու՞ չէ՝ Մահ ե՛ւ Ազատութիւն․․․
Չեմ ակնարկէր, բնազանցական այն մօտեցումին, ըստ որու ֆիզիքական փճացումը մարդ էակի հոգեկան շղթայազերծման միջոց է ու ճամբայ։
Ո՛չ․ Ազգային իմաստով, կ’անդրադառնամ այն իրողութեան, թէ անհատներու մարմնային անհետացումը, մա՛հը, անհրաժեշտ երաշխիքն է հաւաքական ազատութեան, կեանքի՛ն և գոյատեւման։
* * *
Հայոց Ազգային Ազատագրման Շարժումի հիմնադիրներու դաւանած՝ յարատե՛ւ պայքարը, միա՛կ ճամբան է անկախութեան և ազատութեան։
Իրաւունք չունինք վհատելու, որովհետեւ այն ատեն միայն յաջողած կ’ըլլայ թշնամին։
Իրաւունք չունի՛նք կասկածելու, որովհետեւ այն ատեն միայն կրնանք պարտուիլ։
Իրաւունք չունի՛նք յուսահատելու, որովհետեւ այն ատեն միայն կը մեռնին մեր նահատակները։
Մենք պէտք է որ մեր ընդվզումը վերածենք ներշնչումի, մեր սուգը՝ վճռակամութեան ու կամքի, մեր ցաւը՝ մարտունակ ցասումի, եւ ապաւինած մեր փառապանծ անցեալին ու ներկայ անուրանալի նուաճումներուն, առանց տատամսումի խոյանանք դէպի ապագայ, մեր անխորտակելի կուրծքերը հպարտօրէն ցցած ընդդէմ անկարող թշնամիին, մեր պողպատեայ բռունցքները բա՛րձր, պահանջատիրութեան և սպառնալիքի անզուսպ շարժումի մը մէջ, եւ գինովցած թէ վրէժխնդրութեան մաղձով և թէ մեր ազգութեան արեւածագի սուրբ ցօղով, մեր մթագնած աչքերը գամենք լուսահեղեղ հորիզոններուն։
Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ: