Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:
Մի թասը լաւ է Երկուսը, բաւ է Բայց լաւ իմացիր Երրորդը՝ ցաւ է
Վերոգրեալ բառերը ծանօթ են որպէս մեր աննման Յարութին երգերէն մէկը:
Սակայն անոնք հարազատ աղբիւրը՝ բանաստեղծութիւն մըն է: «Երգ Գինու Մասին»: Հեղինակը՝ Հովհաննես Շիրազ:
Ուրեմն այդպէս, Ձեր վախտ, գինիին երրորդ բաժակը ցաւ էր հա՞, Մայեսթրօ:
Իսկ հապա, թէ որ՝ մեր ժամակներուն հասնէիր…
Եւ, տասներորդ գաւաթի՞ն:
Եւ այդ ալ, ոչ թէ՝ գինիի, այլ՝ Պլէք Լէյպըլ-ի…
( Ի դէպ, սոյն խմիչքը, իսկական ու յաւերժական՝ «ԻՄ ՔԱ՛ՅԼԸ», Հայոց արդի Դիւցազներգութեան կը վերաբերի: Որ նաեւ – նոյն՝ դէպի առաջ քալելո՛ւ կարգախօսային յուզիչ պատկերով -, ծանօթ է որ որպէս՝ Հայոց «Քայլ Արա՛» պատմական աննախադէպ Յաղթանակը, ի դէմ Հայ Ազգի ծայրագոյն թշնամիներուն:
Բուն ու հարազատ, Հայոց Ազատագրական Յեղափոխութեան Շարժումին պաշտօնական ըմպելին է, այդ Պլէք-ը – իր բազմաթիւ եւ բազմագոյն, տարբերակներով եւս -:
Ու այդ, Հայոց Ազատագրումի վերջնական Շարժումին ամենակարող, անդիմադրելի, բացառիկ Ղեկավարը, անհուն պաշտամունքի արժանի Առաջնորդը, Քրմապետն ու Կիսաստուածն է ՝ Ամենայն Հայոց Վեհագոյն Փրկիչ Յակոբ Քայլողեան : )
* * *
Կար ժամանակ, այլազան առիթներու, կը հաւաքուէին՝ ընկերներով: Սեղանի շուրջ:
(Հիմա արդէն, ատանկ բան չմնաց… Ամէն մէկս քաշուած է իր մութ որջին մէջ, եւ այդտեղ ինքն իր վրայ կծկուած, իր վէրքերը կը լիզէ: Յուսալով որ, դեռ կը բուժուին: Գոնէ մասամբ: )
Սեղանը՝ մահանա էր, պատրուակ : Բայց վստահաբար ոչ՝ ընկերները: Շեպե՛պը:
Իսկ հիմնական նպատակը, անշուշտ, խմելն էր:
Անդադար ու անխնայ, անյագ, ծակտակառային՝ խմելը:
Իրականութեան մէջ – սեւ ու ընտիր Յակոբ Քայլողեանը թող ներէ ինծի -, բայց այդքան ալ կարեւոր չէր, թէ ինչ կը խմէինք:
Այո, միշտ ալ, լաւագոյն ըմպելիները կ’ըլլային այդտեղ, ի պատիւ տուեալ սեղանին եւ զայն պատրաստողներուն: Բայց նոյնիսկ եթէ այդպէս չըլլար, այդ սեղանին շուրջ հաւաքուածներէն գոնէ ոմանք կրնային, ժամերով՝ փտած տախտակի ժանգոտած, խմբորած հիւթովը գոհանալ… օ՜-օ՛խ… ատով սաղ քէֆ ըլլալ…
Եւ կու գար անխուսափելի պահը, երբ պէտք է որ մէկը՝ երգէր:
Եւ այդ մէկը, ես կ’ըլլայի:
* * *
Անվերջանալի երգացանկիս մէջ – որու կատարումը, ամէն անգամ, արտակարգ համբերութեամբ կը հանդուրժէին բարի ընկերներս -, անպայման պիտի հասնէր կարգը՝ «Ատանայի Ողբ»ը հնչեցնելու…
Կոտորածն անգո՜ւթ, հա՜՜յերը թող լա՜ն…
Եւ այստեղ, եալլա, ամէն անգամ, ընկեր մը կար – միշտ ու միայն միեւնոյնը – որ՝ վրաս կ’իջնէր: [Եկէք զինք այստեղ ծածկանուանենք՝ Վազգէն…] :
Խռոված, զայրացած, բռնկած…
ՉԷ՜… չ’ըլլա՛ր… կեցի՜՜՜ր…
Ուրեմն մինչ ես կը ջանայի երգել վերոյիշեալ երգը, Վազգէնը կը պոռար… կ’ընդմիջէր… աթոռին վրայ կը գալարուէր, ինքզինքը կ’ուտէր… (Անդրկովկասի հայերը, ռուսական աւանդութեամբ, երբ որ լաւ մը խմեն, յաճախ՝ իրարու հետ մարմնապէս կը կռուին: Ուղղակի, զիրար կը ծեծեն: Մինչեւ իսկ կրնայ մէկը մեռնիլ: Դասական Սփիւռքի հայերս, նոյն պայմաններուն մէջ, ընդհանրապէս խօսքերով, նայուածքներով է որ կը կռուըտինք…) :
Տեսնելով որ իր պոռչտուքին վաբշե տախմըշ տուած չունիմ, կը սպառնար…
Կը սպառնար՝ սեղանը լքել, երթա՛լ:
Հաւանաբար այդպէս ալ իսկապէս ըրած կ’ըլլար, եթէ սեղանին վրայ դեռ լեցուն շիշեր չըլլային…
Սկիզբը, ուրիշ մարդ չէր խառնուէր այս խնդրին… ինչերնուն պէ՜տք… (իսկական եւ անսովոր իմաստութիւն մըն է ասիկա, խմողներու աշխարհին մէջ) :
Եւ Վազգէնը, աչքերը խոշոր-խոշոր բացած, վիզի վրայի մօրուքը, խըրթ-խըրթ՝ ձեռքին եղունգներուն ետեւի կողմէն, ջղային կերպով քերելով, քերթելով, կը շարունակէր բողոքել, սաստել… երթալէն աւելի տաքնալով…
Չէ՛, ակամ… այդ ի՞նչ ըսել է… սա սի՛քթիրիճի երգը նորէն մի՛ երգէր, եաօ…
Տեղ մը կը հասնէինք, ուր այլեւս որոշ տղաք կը փորձէին մեղմօրէն զինք զսպել, հանդարտեցնել… Վազգէն, ձգէ ակամ… իշտէ գիտես, մեր Հայդուկն է, կ’երգէ կոր..
Չէ՜՜… չ’ըլլա՛ր… Հայրուկ-մայդուկ ես չե՛մ գիտեր… (հա, բայց մայրս գոնէ, այս նիւթին մէջ երբեք չէր մտներ… սակայն եթէ այս էական, ճակատագրական, ծանրագոյն խնդիրն ու բախումը՝ Վազգէնին եւ իմ միջեւ չըլլար, այլ նուազ բարեկամ ընկերներու միջեւ, հաւանաբար այդ կողմերն ալ կրնային երթալ, իր անհուն ու անսանձ ցասումին պատկերազարդ մասերը… բայց մեր միջեւ, անկարելի էր այդ սուրբ սահմանները անցնիլ… )
‘լան, ակամ՝ ողբալ, լալ, ի՞նչ ըսել է… մենք այլեւս միայն՝ յաղթական ենք… ճիվե՛րս կերեր են, մեզ լացընողները… թող գան հիմա փորձեն լացնեն, նայիմ… կը տեսնենք թէ ո՛վ կու լայ… չէ՜… պե՛ս պաա, պե՛ս.. այդ ժամանակները վերջացած են… այլեւս մե՛նք միայն իրե՛նց պիտի լացնենք, ողբացնենք, իրենց մամի՛կը պիտի…. (տեսա՞ք, ինչ ըսի… թիրախէն կախեալ է, ի գործ դրուած բառամթերքի. կատաղած ընկերս իմ Մամայիս մասին շշունչ մը չէր հաներ, իր այս բնորոշ պոռթկումին մէջ… սակայն այդ ինքնազսպումին տեղը կը հանէր՝ թուրքերուն մամաներո՜ւն, քոյրերո՜՜ւն, թանթիկներո՜՜՜ւն եւ մեծ-մամաներո՛ւն առնչութեամբ…)
Ի՞նչ Ատանայի ողբ, ի՞նչ բան… մի՛ երգեր… վերջացա՛ւ, այդ ամէնը…
Հիմա, մենք պետութիւն ունինք… հզօր եւ անյխաղթելի Հայաստան ունինք… ազգային բանակ ունինք…
Ազատագրուած Արցա՛խ ունինք
Շուշի ունի՜նք… գոնէ Շուշիդ յարգէ՛…
Շուշի ունինք…
* * *
. Այստեղ, պահ մը թողնելով որ Վազգէնը շարունակէ իր գայթակղած պոռալ-կանչելները, հէլէ բացատրուիմ:
Ազգային տեսանկիւնէն, ինծի համար – այն ժամանակ… -, Ատանայի Ողբը լացի պատճառ չէր:
Այլ նախ եւ առաջ՝ մեր նահատակներու յիշատակում: Էն վախտ, Արցախի նշանակալից մխիթարութեամբ, խոր սփոփանքով. զորս սակայն պէտք չէ որ մոռացութեան մատնէր մեր այդ անցեալի նահատակները, անոնց անասելի տառապանքն ու դաժան ճակատագիրը:
Շնորհիւ Արցախին սակայն, այդ նոյն երգը նաեւ՝ դեռ գալիք վրէժի եւ հատուցման հեռանկարներու ոգեկոչումն էր: Ուխտն էր:
. Բայց նաեւ զուտ անձնական, ընտանեկան գետնի վրայ, ինծի համար այդ երգին մէջ կար արդէն ծայրագոյն Ողբերգութիւնը յաղթահարելու հաստատումը, Հայոց Վերականգնումի ու Վերելքի, ի գործ դրուած պատգամը: Փաստն ու ապացոյցը, արդէն:
Արդարեւ, մեծ-հայրս – Մամայիս Պապան -, վերապրած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Զինք Տէտէ կը կը կոչէինք:
Ինք ու իր ընտանիքը, 1915ին, Ատանայէն տեղահանուած էին, եւ ուղարկուած Մահուան անապատները:
* * *
Յանուն պատմական ճշգրտութեան, այստեղ յստակացնեմ:
Տէտէս ծնած էր՝ Կեսարիա:
1985ի եւ 1909ին, իր ընտանիքը անցած էր ցեղասպանական ջարդերուն ընդմէջէն, Կեսարիոյ եւ Ատանայի մէջ:
Վերոյիշեալ երգը, կը վերաբերի՝ Ատանայի 1909ի ջարդերուն:
Մեծ-հայրս ուղղակի ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան՝ 1915ին:
Այդ թուականին սակայն, ինք ու ընտանիքը կ’ապրէին՝ Ատանայի մէջ: Եւ այդտեղէն է որ սկսած է իրենց եղեռնական գողգոթան:
Այս տուեալներու հիման վրայ է որ, ինծի համար վերոյիշեալ երգը՝ Տէտէյիս Երգն է:
* * *
Ի դէպ Մեծաս, Մամայիս Մաման, ինք ալ ողջ մնացած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Նոյնպէս Կիլիկիայէն սկսած է իր եւ իր ընտանիքին տառապանքներու եւ սպանութեան ճանապարհը, անապատներուն մէջէն…
Եւ այսպէս, Տէտէս ու իր կինը Մեծաս, երկուքն ալ որբացած էին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին:
Իրենց երեխայի աչքերուն առջեւ տեսնելէ ետք իրենց ընտանիքի անդամներու երկար տառապանքը, չարչարանքները եւ մարտիրոսութիւնը:
Բայց, ողջ մնացած էին…
Եւ Լիբանանի մէջ, այդ ամէնէն ետք, վերականգնած էին իրենց կեանքերը:
Դեռ անկէ անդին, ճակատագրական մակարդակի վրայ, հոյակապ ապագայ շնորհած էին իրենց զաւակներուն, եւ թոռներո՛ւն:
Իրենց երեք զաւակները դարձած էին՝ դեղագործ, փաստաբան եւ բժիշկ: Երկու դուստրերուն պարագային, յաւելեալ արտակարգ իրագործում մըն էր, այդ: Այդ ժամանակներուն համար… (Նոյն իմաստով, Մեծաս ալ կարողացած էր ուսում ստանալ, Լիբանանի Ճեմարանի ամենաառաջին դասարանին աշակերտը դառնալով: Շնորհիւ Լեւոն Շանթի քաջալերանքին, պնդումին…)
Իսկ իր մանչ զաւակին պարագային, Տէտէս, ապահովելէ ետք անոր համալսարանական վկայականի ձեռքբերումը, զինք ուղարկած էր մինչե՜ւ Գանատաները, որպէսզի ան այդտեղ ամբողջացնէ բժշկական ուսումի մասնագիտական աստիճանը: Եւ այդ ուղիով է որ ան մնաց այդ հոյակապ երկիրը, դարձաւ գանատացի բժիշկ…
Մանկութեան, իր անմիջական ընտանիքին մահը տեսած մարդը, որուն համար, նիւթականէն անդին, նաեւ ինչպիսի հոգեկան զոհողութիւն մըն էր՝ իր մէկ հատիկ մանչ զաւակէն այդպէս բաժնուիլը, ի՛նք ուզած էր, պնդա՛ծ էր, ամէն զոհողութիւն կատարած էր՝ որ ան երթայ Գանատա, այդտեղ ստանայ բժշկական մասնագիտութիւնը:
Քանի որ Տէտէս, ինչպէս որ իր նման բիւրաւոր հայորդիներ, թէկուզ Ցեղասպանութեան վերապրող էր, բայց այնուհանդերձ, ինքն իրեն համար չէ, որ կ’ապրէր: Այլ՝ յաջորդ սերունդին համար:
Քանի որ Աստուած իրեն առիթը շնորհած էր, կարենալ այդպէս ընելու: Պարտական էր, Անոր հանդէպ:
Եւ նաեւ, ձեւով մը, իր կեանքը արդէն վերջացած էր, Ցեղասպանութեան անապատներուն մէջ: Թող իր զաւակները, կեանք ունենային:
Այդ ձեւով է որ ուրեմն, նաեւ, իր վրէժը կ’առնէր: Ձախողութեան կը մատնէր թուրքերուն ձեռնարկած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պէտք է ընդգծել որ այս մարդը, շատ հանդա՜րտ ու հանգիստ մարդ մըն էր:
Դանդաղ կը շարժէր, ժպտերես էր: Շատ քիչ կը խօսէր, եւ երբ որ խօսէր մեղմօրէն կը խօսէր, եւ միայն եթէ կարեւոր բան մը ունէր ըսելիք: Նաեւ, սոսկալի երգիծանքի ոգի ունէր: Իր այդ ժպիտը, յաճախ իմաստասիրական նուրբ քրքիջ մըն էր…
* * *
Այս բոլոր բացատրութիւնները որ կու տամ իր մասին, Տէտէս, ինք, երբե՛ք այսպիսի բաներ չէ ըսած: Բնաւ, ոչ մէկ ձեւով:
Ինծի կը մնար, հասկնալը… Եւ այստեղ արձանագրելը: Որպէսզի իմ զաւակներս եւ – տա Աստուած – թոռներս ալ, կարդան:
Ինք լաւ գիտեր սակայն, որ ես պիտի կատարեմ, ասիկա…
* * *
Բայց Տէտէս ոչ միայն իր տղան փրկեց Լիբանանէն, այլ նաեւ… զիս:
Արդարեւ ես ինքս, կարողացայ Լիբանանի անվերջանալի պատերազմէն դուրս գալ եւ Գանատա հաստատուիլ, շնորհիւ Ատանայի վերապրող՝ Տէտէյիս:
Պարզեմ, թէ ինչպէս:
Ատանայէն՝ Մեծ Եղեռնի անապատները նետուած, վերապրող Տէտէս, Լիբանանի մէջ ամուսնանալէ եւ ընտանիք կազմելէ առաջ, ուսանած է Ֆրանսայի մէջ:
Ու նաեւ ծառայած է այդ երկրի Բանակին մէջ: Ոչ որպէս զինուիր, այլ ռազմական վարչութեան մէջ պաշտօնեայ:
Շնորհիւ իր այդ վաստակին (եւ հաւանաբար նաեւ, քանի որ Ֆրանսան կը ջանար իր մեղքն ու յանցանքը քաւել, յատկապէս Կիլիկիոյ հայերու նկատմամբ…), Տէտէս ստացած էր` Ֆրանսայի քաղաքացիութիւն:
Այդ կարգավիճակը ժառանգուեցաւ Մամայիս, ապա ինծի, եղբօրս եւ քրոջս: Որպէս ի ծնէ քաղաքացիութիւն:
Առանց ատոր՝ 1982ի աշնան, տասնըեօթը տարեկանիս, անկարելի՛ էր որ ես կարողանայի մտնել Գանատա: Ու անկէ ետք միայն, կարենալ կանոնաւորել այդ երկիրը ներգաղթողի իրավիճակս: Որմէ ետք, հանգրուանաբար, Գանատա եկան անմիջական ընտանիքիս միւս անդամները: Եւ ես, եղբայրս եւ լուսահոգի քոյրս ամուսնացանք եւ զաւակներ ունեցանք, Գանատայի մէջ:
Եւ ուրեմն նաեւ Տէտէյիս շնորհիւ է որ, Գանատայի մէջ, հանդիպեցայ կնոջս Այտային: Եւ շնորհիւ իրեն է որ մեր զաւակները, ծնան Գանատացի:
* * *
Վազգէն, ակամ… հիմա հասկցա՞ր մը, թէ ինչու եւ ինչ իմաստով, իմ ծուռ ու խրպոտ ձայնովս, կ’երգէի Ատանայի Ողբը, մեր այդ ընկերական սեղաններուն շուրջը…
Ամբողջ կեանքիս էական պա՛րտքն էր, որ ես ամէն անգամ, այդ առիթներով, անպայման երգէի՝ Ատանայի Ողբը:
Ուրեմն պէտք էր որ, գոնէ այն ժամանակ, ձգէիր որ հանգիստ երգեմ զայն:
Քանի որ, էն վախտ, Արցախ ունէինք…
Եւ այդ օրերուն, իմ անձնական պարագայէս անկախ, կրնայինք ըսել որ, ազգային գետնի վրայ եւս ՝ երանի թէ մեր բոլոր ողբերգական երգերը, դեռ այդքան լաւ ու փառաւոր, յաղթական տեղ հասնին, բոլորիս համար: Արցախին հասած, Արցախով մեր հասած, այդ տեղը…
Ի դէպ, ուրեմն ասկէ ետք, Վազգէն… այսուհետեւ քու, այդ անցեալի մօտեցումովդ, կրնա՞մ այդ երգը երգել… Հիմա կարելի՞ է, լալ: Սգալ:
Բայց հիմա ալ, Արցախի եւ մեր բազմահազար երեխաներուն կորուստէն ետք, ինծի համար անհանդուրժելի դարձաւ, յատկապէս այդ երգը, երգելը…
Երկու տողը, չեմ կրնար երգել:
Եթէ պատահի որ մտքիս մէջ յանկարծ հնչէ, եթէ ոտքի եմ, բառացիօրէն՝ պէտք է որ աթոռ մը գտնեմ, նստիմ, ինքզինքս հաւաքեմ:
Արցախի եւ այդտեղ նահատակուած մեր անգին տղոց կորուստով, այո… Ատանայի Ողբը, դարձաւ միայն՝ Ողբ:
Հայդուկ Շամլեան
20 Ապրիլ 2024
Յ.Գ.1 ՝ Վերոյիշեալ մեծ-հայրս փորձեց էր իր յուշերը գրել: Սկսաւ, բայց ցաւին չդիմացաւ, ընդհատեց աշխատանքը: Եւ ինծի յանձնեց, ինչ որ կարողացած էր գրել:
Յ.Գ.3 Իր մահուան յաջորդող օրերուն գրուած յօդուած մըն ալ՝ ֆրանսերէնով: Նախնական տարբերակով մը, հրատարակուած է «Հորիզոն»ի ֆրանսերէն պարբերականին մէջ – որ մի քանի ամիս ջանացինք մէջտեղ բերել – : Կարծեմ նաեւ զայն հրատարակեցի Մոնթրէալի Համալսարանի Իրաւաբանական Դպրոցին թերթին մէջ, որուն խմբագրական կազմին մէջ էի:
Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ: