Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը

(Երրորդ Տարելից, դամբանական ուղերձ, 1991)

« «Հայեր, կը զգուշացնենք ձեզ՝ բացէ՛ք դռները․ յանուն օրէնքի՝ բացէ՛ք դռները»։

Վայրկեան մը յետոյ, դուռը ճեղքուեցաւ կացինի հարուածներուն տակ, և կին ու ամուսին Առաքելեանները ծեծելով իջեցուցին բակ։ Մնացեալը կատարուեցաւ վայրկեանի մը մէջ։

Մարդը տապալեցին կացինի և մետաղեայ ձողերու հարուածներով, զայն սպանեցին, քարիւղով ջրեցին և այրեցին։ Վէրքերով ծածկուած կինը ողջ-ողջ կ’այրէր նաև, բայց գերմարդկային ճիգով մը՝ չէր շարժեր, որպէսզի նոր հարուածներ չստանայ » ։

* * *

Հայրենակիցներ,

Երեք տարի առաջ էր, արդեն իրեք տարի, միա՛յն իրեք տարի, երբ, Արցախի պահանջատիրութեան 1988 թուին ճակատագրական վերարծարծման որպէս ուղղակի հետեւանք,  Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան մայրաքաղաքի՝ Պաքույի հայաբնակ Սումկայիթ արուարձանին մէջ, ազերի խուժանը յարձակեցաւ հայ բնակիչներուն վրայ, զանոնք ենթարկելու համար անյորջորջելի չարչարանքներու եւ ջարդի։

Երեք տարի առաջ էր, հազի՛ւ իրեք տարի, երբ Հայոց Մեծ Եղեռնը կը թեւակոխէր նոր հանգրուան մը եւս։

Քիչ առաջ, ձեզի կարդացի  հատուածներ, Սումկայիթ-ի որոշ ջարդարարներու դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած վկայութիւններէն, Սամուէլ Շահմուրատեանի կողմէ համադրուած և հրատարակուած «Գրական Թերթ»-ին մէջ։ Խօսքիս տեւողութեան, պիտի կրկնեմ այդպիսի մէջբերումներ, նշեալ նոյն աղբիւրէն:

* * *

Սումկայիթի անմարդկային սպանդը մեկուսացած դէպք մը չէր, ոչ ալ արկած մը։

Սումկայիթին  պիտի յաջորդէին Կիրովապատի, Պաքույի և տակաւին Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան տարածքին զանազա՛ն շրջաններու մէջ հակահայ յարձակումներ, ջարդ եւ ճապաղիք։

Եւ ինչպէս որ Արցախի շարժումը կամայական կամ ակամայ չէր, այլ հաստատօրէն կ’արմատանայ տասնամեակներու ընթացքին աճած դէպքերու և վիճակներու կանոնաւոր հոլովոյթի մը մէջ, նոյնպէս Ատրպէյճանի հայոց ջարդերը պատահական չէին, այլ կը համապատասխանէին պատմաքաղաքական յատուկ տրամաբանութեան մը։

* * *

Արդարեւ, կազմակերպուած, ծրագրուած ու նախամտածուած, մեր համայն ազգին դէմ ուղղուած այս նոր մահափորձը կը հանդիսանայ ոչ միայն 1915-ին ծայր տուած պաշտօնական ցեղասպանութեան, այլ անկէ առաջ իսկ, հայ-թրքական առաջին շփումներէն ի վեր գոյացած քաղաքական, մշակութային և առ հասարակ միջցեղային արիւնահեղ բախումի մը։

Իրողութիւնը ակնյայտ է և անժխտելի։ Թուրքիոյ միջամտութիւնը  Կովկասի մէջ բացայայտ է։ Անցեալ ամիս, եւրոպական թերթի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Թիւրկիւթ Օզալ կը յայտարարէր թէ իր ղեկավարած պետութիւնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք – ի միջի այլոց – Կովկասի մէջ։

Այլ առիթներով իւս, զանազան միջոցներով, Թուրքը չէ վարանած ընդգծելու իր ցեղակցութիւնը Ազերիներուն հետ, ինչպէս նաև իր կռահելի դիրքորոշումը՝ Արցախի հարցի նկատմամբ։

Մեզի համար հարկաւոր իսկ չէին այս խոստովանութիւնները։

Մենք շատոնց հասկացած ենք մեր դարաւոր – եւ յաւերժակա՛ն – թշնամիին հոգեբանութիւնը, մտածելակերպն ու նպատակը։

Արդէն, պատասխանատու եւ գիտակից ազգային մարմինները շատ շուտ հնչեցուցին ահազանգը – կամ զայն յիշեցուցին ․․․ – անմիջապէս քօղազերծելով դաւադրութիւնը, և առ այդ կեցուածք յայտնելով։

Այսպէս, Սումկայիթի ջարդերէն շաբաթ մը ետք, 7 մարդ 1988-ին, թէկուզ մի քիչ «խանգարելով» օրուայ ՀՀ վարչակարգը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօ-ն յատկանշական յայտարարութիւն մը կը կատարէ, որմէ կը կարդամ հետեւեալ հատուածը՝

« Յայտարարութիւն՝ Ատրպէյճանի Թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած ոճիրներուն առիթով․

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ կը նկատէ Ատրպէյճանի տարածքին թաթարներու կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը, որ կը խոցէ սիրտը համայն հայ ժողովուրդին՝  Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք։

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան արդար ու օրինապահ պահանջատիրութեան իբրեւ պատասխան-հակազդեցութիւն շղթայազերծուած այս խժդժութիւնները, հայ բնակչութիւնը տեղահան դարձնելու և զուտ թաթարական շրջան մը իրագործելու իրենց մութ, բայց յստակ դիտաւորութեամբ, թաթարներու հակահայ մոլուցքին զոհ կը դարձնեն Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս ապրող հայ ժողովուրդը։ »  Վերջ մէջբերումի:

* * *

Թուրք պետութեան հիմնական և անդառնալի դիտաւորութիւնն է հայ ազգի ամբողջական և բացարձակ բնաջնջումը։

Անցեալ եւ արդի Պատմութիւնը կը հաստատէ այս էական երեւոյթը, եւ կովկասեան նոր ջարդերը անհանդուրժելի, բայց անհերքելի փաստն են այս բարբարոս վճռականութեան։

* * *

«Առաջինը շքամուտքում յայտնուել էր  Ժասմէնը, յետոյ՝ Կարինէն՝ երկու երեխաներով:

Իրան իր Լիլիայի հետ փորձեց, թաքնուեց, յետոյ էլ մէկ անգամ եւս աղաչեց, բայց կոպտօրէն դուրս շպրտուեց շքամուտք։ Ժասմէնն ու Կարինէն արդէն չկային, բակում մոլեգնում էր ամբոխը։ Միակ ելքը վերեւ բարձրանալն էր։

Լացից կապտած երեխան գրկին՝ թակեց երրորդ յարկի դռները, պատասխանը նոյնը եղաւ՝ «Եո՛խ, եո՛խ»։

Հինգերորդ յարկում դուռը բացեց միջին տարիքի մի տղամարդ ու ձեռքը բռնելով լուռ տարաւ ներս։ Այդ տանն էին արդէն Կարինէն ու Ժասմէնը։

Տանտէրը բոլորին փակեց լողարանում եւ հրամայեց ծպտուն չհանել։ Նա մինչև գիշեր պահեց նրանց՝ չբացելով լողարանը եւ անընդհատ պահանջելով-խնդրելով կանանցից լաց չլինի եւ անընդհատ չթակել դուռը։

Բայց ո՞նց լաց չլինէին, ո՞նց չթակէին դուռը, եթէ բակից՝ ճեղքելով ամբոխի ոռնոցն ու բարձրախօսի կոչերը՝ լսում էին Իրինայի ճիչերը․ «Մա-մա՜, մա-մա՜ ․․․ փրկի՜ր»։

Պնդակազմ Իգորը, բռունցքներով պաշտպանուելով չորս կողմից հարուածող դանակներից ու մետաղեայ ձողերից՝ պոկուում է ամբոխից, յայտնւում շէնքի հակառակ կողմում, բայց յանկարծ կանգ է առնում, շրջուում  դէպի հետապնդողները եւ կուրծքը բացելով բղաւում․ «Սպանէ՛ք, ինչ ուզում էք արէք․․․»։ Մէկը բենզին է շփում նրա վրայ  եւ նետում վառուող լուցկին։

Իգորը տեսել էր, թէ ինչպէս են բզկտում քրոջն ու եղբօրը, տեսել էր շքամուտքի մօտ սպաննուող մօրը, շէնքի այն կողմն անցնելով, հաւանաբար տեսել էր նաեւ սպաննուած հօրը եւ․․․կանգ է առնում․ «Սպանէ՛ք, ինչ ուզում էք՝ արէք․․․» ։

* * *

Այո, անմեղ զոհերու սպանդը նախ զարհուրանք, յետոյ զայրոյթ և ըմբոստացում կը սերմանէ կեղեքուած և հալածուած ժողովուրդներու սրտին մէջ։

Այո, Մեծ Եղեռնի միլիոնաւոր ողջակէզներու սրբազան յիշատակը միաժամանակ ցաւի և ուժի աղբիւր է հայութեան համար։

Սակայն, այս վերջին հաշուով զգացական վերլուծումէն անդին, առարկայական պարկեշտութեան մտահոգութեամբ մը մղուած, հարց տանք մենք մեզի, թէ արդեօք որեւէ մէկ ձեւով տակաւին պարտաւո՞ր էինք 1988 թուականին, նոր մատաղներ զոհաբերել մեր ազգային անողոք ճակատագրի արիւնլուայ խորանին առջեւ։

Արեան ո՛րեւէ տուրք տակաւին պարտաւո՞ր էինք վճարելու տիեզերական անմարդկային արդարութեան, պատմութեան դժնդակ տրամաբանութեան, ամենազօր անտես ուժերուն, հին ու արիւնարբու, անկու՛շտ չաստուածներուն։

* * *

«Մա՛հ Հայերուն», կը գոռար հրոսակապետը իր բարձրախօսին մէջ։

«Մա՜հ․․․» կը կրկնէր 200-300 հոգինոց ամբոխը։

Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան դրօշակը պարզելով, ուղղուեցան դէպի թաղամասի խորքը, և բազմաթիւ բնակարաններ քայքայելէ ետք, լեցուեցան, 2Բ շէնքի բակը։

Քիչ ետք, աներեւակայելի, անհաւատալի անգթութեամբ և սատականութեամբ, այդտեղ սպանեցին Սողոմոն և Ռայսա Միլքումեանները, անոնց զաւակները՝ Իկոր, Եդուարդ և Իրինա, և այրեցին Միշա Համբարձումեանին հարուածներու տակ ճզմուած մարմինը։ Ոչ մէկ հագուստ ձգած էին Ռայիսա-յի և անոր 24 տարեկան աղջկան վրայ։ Իրինա-ն այնքան զօրաւոր կը ճչար, որ զինք կը լսուէր ամբոխի աղմուկին և սուլոցներուն ընդմէջէն» ։

* * *

Անշուշտ, տարբեր է պարագան՝ Արցախի անառիկ լեռներուն մէջ երբեմն նահատակուող արդի Ֆետայիներուն։

Ինչպէս նաև տարբեր է պարագան, հայ ազատագրական շարժումի ահաբեկչական հանգրուանի ընթացքին իրենց կեանքի կամ կենսական բարօրութեան գինով իրենց ազգային գերագոյն յանձնառութիւնը ստանձնող հերոսներուն։

Տարբեր է պարագան ոեւէ ինքնակէզ անմահի՛, որ անասելի պայթումի մը մէջ կը խորտակէ սուտի և լռութեան պատը, իւ կրակի տառերով իր սրբազան պատգամը կ’արձանագրէ Հայոց Պատմութեան արիւնաթաթախ էջերուն վրայ։

Տարբեր է պարագան ոեւէ արդարութեան մարտիկի, որ դժբախտ գնդակներու տակ կը զգետնուի, անմիջապէս յարութիւն առնելու համար մեր բռնկած հոգւոյն և առանձնաշնորհեալ երկինքներու մէջ։

Տարբեր է պարագան սուրբ և պաշտելի ոճրագործին, որ բանտի մը անիծեալ ձողերուն ետեւ, ցմահ դատապարտումը կը մարմնաւորէ զինք պատժելու յաւակնութիւնը ունեցած լկտի ատեաններուն, եւ որ ինք մե՛զ կ’արգելափակէ մեր ամօթի և հպարտութեան կապանքներով, մենք, իսկական բանտարկեալներս մեր առօրեայ զաւեշտին և կեանքի անգութ վճիռին։

* * *

Սակայն Կովկասի անմեղ, անպաշտպան, անզօր ու անդիմադարձ մատաղները հարկաւո՞ր էին, որպէսզի մենք, ազգովին գալարուինք մեր հայրենապաշտ մոլորումին մէջ։

Պէ՞տք էր անպայման նորէն անարգուիլ, ճակատել սեւ բախտը, կրակի եւ արեան մէջ գրկախառնուիլ մեր գարշելի դահիճին և մահուան հետ, այս յոռի և մթին խորհուրդին մէջ դարձեալ մկրտուելու համար մարտիրոսութեան թունաւոր միւռոնով, վերանորոգելու համար մեր արեան ուխտը։

Պէ՞տք է նորէն ըսէինք ա՛լ վերջացաւ, ալ կը բաւէ՜, վերջին անգան է, այլեւս՝ երբէ՛ք։

Բայց ուրեմն, արդեօք պէ՞տք է սրտաճմլիկ յանդգնութիւնը ունենալ գիտակցելու մեր Կովկասի հայրենակիցներուն – գոնէ ժամանակագրականօրէն վերջին – զոհաբերութեան անհեթեթ ու աւելորդ, վերջապէս անիմաստ բնոյթին։

* * *

«Բարձրախօսը կը վերադառնայ Ահմէդովին։ Ոչ ոք կարող է իրեն պէս հրահրելու, ամբոխը կատղանքի մղելու, նաև հմայելու թաղամասի միւս բնակիչները որոնք, իրինց պատշգամներուն կռթնած, ձրի շարժապատկերի պէս կը դիտեն իրենց աչքերուն առջեւ բոլորուող ահռելի տեսարանը։ Անոր ձայնը երբեմն անգութ է և ջղային՝ «մահ՝ հայերուն» ․․․» «Մահմետականներ, զանոնք նստեցուցէք իրենց տեղը» ․․․ Երբեմն կը դառնայ զսպուած և թատերական՝ «Քոյրեր, մի՛ նայիք, ազերի կինը պէտք չէ տեսնէ այսպիսի բաներ ․․․», երբեմն կ’արձագանգէ հրամայական և խիստ շեշտով (…), յետոյ կը պայթի նորէն մոլուցքով՝ «Մա՛հ՝ հայերուն» » :

* * *

Ոչ․պարապ տեղ չմեռան Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքույի հայերը ․․․

Հայոց արդի ջարդը, Կովկասի մէջ, ամբողջ Արցախի հարցն է որ կը բնորոշէ, էապէս կը սահմանէ, կը զետեղէ իր իսկական ու կենսական հունին մէջ։

Այս դէպքերը կը մատնեն յիշեալ հարցի հիմունքները, խորին ճշմարտութիւնը, և կը հաստատեն անոր ճգնաժամային բնոյթն ու տարողութիւնը։

Հայոց և Թուրքերու միջեւ հնադարեայ և մահ ու կենաց բախումն է, որ այսօր տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ։ Համաթրքական / համաթուրանական ծրագրին գործադրումն է, որ տակաւին 20-րդ դարու աւարտին հայ զոհեր կը խլէ։

Կովկասին մէջ, Թուրքն էր նորէն, որ ծեծեց, կացինահարեց, դաշիւնահարեց, բռնաբարեց, մորթեց, ողջ-ողջ հրկիզեց հայը։

Անդրադառնանք գոնէ ա՛յս իրողութեան, որքան որ ալ անհանդուրժելի և դաժան ըլլայ այն։

Որովհետեւ ի գին այս ցաւագին յստակատեսութեա՛մբ միայն, կրնանք պատշաճօրէն և ազդու կերպով  ընդդիմանալ մեր դէմ ուղղուած յարձակումին, և պատասխանել մեր երեսին շպրտուած ծայրագոյն մարտահրաւէրին։

* * *

Այս աղէտի առիթով, թող գիտակցուի՛ որ ոչ մէկ ձեւով կարիլի է գոյակցիլ, գործակցիլ կամ բանակցիլ Թուրքիոյ հետ, բացի ուժի դիրքէ մը։

Թող Պաքույի հայութիւնը գիտակցի՛, որ կարելի չէ շաղուիլ այդ բարբարոս ցեղին հետ, կարելի չէ զայն ընտելացնել կամ անկէ որդեգրուիլ, բացի գաւազանը մէկ ձեռքին, եւ հրացանը՝ միւսին։

Թող բոլորս անդրադառնանք, որ կը շարունակուի Մեծ Եղեռնը, եւ թէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ոչ միայն անսահման է և անձեռնմխելի, այլ մանաւանդ կ’արդարացնէ նախայարձակին փճացումը իսկ։

* * *

Սակայն, պատմական վերյիշումէն և ռազմավարական հակազդեցութենէն անդին, արդի պայմաններու մէջ, կովկասեան Հայոց Եղեռնը նաև ուրիշ դասեր կու տայ միզի։

Նկատի ունենալով Թուրքիոյ սերտ կապը Ատրպէյճանի հետ, մեր այս թշնամի պետութեան միջազգային դաշինքներու լոյսին տակ, առիթ մըն է, որ այս առիթով մենք անդրադառնանք, դարձեալ, թէ մեր արդարատենչ ու ճշմարտաբաղձ ընթացքին մէջ, մեր դէմ ունինք արեւմտեան աշխարհի այժմու – այսպէս կոչուած – մեծ ու զօրեղ բազմաթիւ պետութիւններ։

Այսօր, երբ որ ամերիկեան կայսրը կը հռչակէ «համաշխարհային նոր կարգ» մը, պէ՛տք է հասկանալ, որ մեզի նման զրկեալ ազգերը տեղ չունի՛ն այս հողերու և ուժերու միջազգային նոր բաշխումին մէջ։

Պէ՛տք է հասկանալ, ու չխաբուիլ դիւանագիտական պատրանքներէ, քաղաքական նենգապաշտ խաղերէ, հաւատալով որ որեւէ մէկ ձեւով կրնանք ստանալ արդար հատուցում, եթէ մե՛նք, խելացութեամբ և խենթութեամբ, ծայրայեղութեամբ և զգուշութեամբ, մտքով ու սրտով, մեր ազգային նկարագրի հակասական ու լրացուցիչ բոլոր յատկութիւններով, չդիմագրաւենք մեր կենսական ճակատագիրը։

Թող չհրճուին սակայն խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները։ Եթէ, միջազգային քաղաքական փոխյարաբերութիւնները մեզ կ’ընդդիմադրեն այսօր արեւմտեան որոշ երկիրներու, մեզի յայտնի է նաև Մոսկուայի ներքին անբարոյ հաշիւներէ մղուած՝ մեղսակցութիւնը մահմետական Ատրպէյճանի հետ, և Քրէմլին-ի անտարբերութիւնը կամ դժկամութիւնը հայոց շահերու և Արցախի հարցի նկատմամբ։

Այս տեսանկիւնէն, որեւէ ժամանակաւոր զրոյց Կորպաչէվի կառավարութեան հետ ենթակայ է լուրջ վերապահութիւններու, եւ լայնօրէն կը հիմնուի «մի-քանի-չարեաց-փոքրագոյնը» դիւրաբեկ հասկացողութեան վրայ։

* * *

Մինա՛կ ենք մենք, և սակայն հզօր և բացարձակապէս անխորտակելի։

Մինակ ենք մենք, եւ թերեւս ա՛յսպէս պէտք է ըլլայ: Թերեւս այդ է երաշխիքը մեր անխուսափելի յաղթանակին, մեր մղումներու ճշմարտութեան, մեր նուաճումներու անխաթար ու անեղծ բնոյթին։

Մինակ ենք մենք, և թերեւս այդտե՛ղ  է մեր փրկութիւնը, որովհետեւ մենք հաշիւ ունինք տալիք ո՛չ ոքի, ոչ մէկ շահագրգռուած և քմայքոտ, անկայուն օտար պետութեան կամ կայսերապաշտ խամաճիկի, այլ միայն մեր ազգային գաղափարի հիմնադիրներուն, մեր դիւցազներգական նախահայրերուն և մեր հաւաքական խղճին։

* * *

Վերջապէս, Կովկասի Հայոց սպանդը մղիչ անսպառ ուժ մըն է, այս անգամ յատկապէս Արցախի՛ շարժումին, անմիջական  ու գործնական իմաստով։

Որովհետեւ, այս նոր ողբերգութիւնը համայն հայութեան կը պարտադրէ  նոր հրամայական մը։

Մինչեւ այսօր, վերապրած էին Եղեռնի անցեալի զոհերը, շնորհիւ հայ ազգի գոյատեւման։

Ասկէ ետք, անցեալի զոհերուն հանդէպ մեր ընդհանուր հաշուետուութեան զուգահեռ, նոր մարտիրոսներու անվրէպ հսկողութեան տակ, կը դիմագրաւինք նաև յաւելեալ պարտաւորութիւն մը։

* * *

Ինքնին՝ ի զուր տանջուած կ’ըլլան Կովկասի մեր քոյրերն ու եղբայրները, եթէ մե՛նք յանձն չառնենք արդարացնել անոնց անհուն զոհաբերումը։

Մեզի՛ վիճակուած է ուրեմն անոնց ահաւոր նահատակութեան իմա՛ստ մը տալու առաքելութիւնը։

Այս սրբազան պատասխանատուութիւնը կրնայ ամբողջանալ միայն Արցախի ազատագրումով։

Այսօր, անպատիժ կը մնայ Թուրքիոյ Ոճիրը, և աշխարհը անտարբեր կը դիտէ մեր գոյութեան տագնապը։

Այսօր, անպատիժ են Կովկասի ջարդարարները, եւ Կորպաչէվ կը շարունակէ միայն խօսիլ, խոստանալ։

Այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը քաղաքական խարխափումներով կը յուսայ փրկել մեր հայրենիքը, և կասկածելի ամօթխածութիւն մը կը ցուցաբերէ Արցախի հարցի նկատմամբ։

Այսօր, կռիւ տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ, եւ հայը զէնքի ուժով կը պաշտպանէ իր կեանքն ու տունը։

* * *

Մահ կամ ազատութիւն․․․ Ազատութիւն կամ մահ․․․ Ի՞նչ կարեւոր թէ ո՞րմէկ կարգով կը յիշենք այս երկու գերագոյն յղացքները, որոնց միացեալ իմաստը էական հիմքն է մեր ազգային հոլովոյթին։

Բայց ինչու՞ չէ՝ Մահ ե՛ւ Ազատութիւն․․․

Չեմ ակնարկէր, բնազանցական այն մօտեցումին, ըստ որու ֆիզիքական փճացումը մարդ էակի հոգեկան շղթայազերծման միջոց է ու ճամբայ։

Ո՛չ․ Ազգային իմաստով, կ’անդրադառնամ այն իրողութեան, թէ անհատներու մարմնային անհետացումը, մա՛հը, անհրաժեշտ երաշխիքն է հաւաքական ազատութեան, կեանքի՛ն և գոյատեւման։

* * *

Հայոց Ազգային Ազատագրման Շարժումի հիմնադիրներու դաւանած՝ յարատե՛ւ պայքարը,  միա՛կ ճամբան է անկախութեան և ազատութեան։

Իրաւունք չունինք վհատելու, որովհետեւ այն ատեն միայն յաջողած կ’ըլլայ թշնամին։

Իրաւունք չունի՛նք կասկածելու, որովհետեւ այն ատեն միայն կրնանք պարտուիլ։

Իրաւունք չունի՛նք յուսահատելու, որովհետեւ այն ատեն միայն կը մեռնին մեր նահատակները։

Մենք պէտք է որ մեր ընդվզումը վերածենք ներշնչումի, մեր սուգը՝ վճռակամութեան ու կամքի, մեր ցաւը՝ մարտունակ ցասումի, եւ ապաւինած մեր փառապանծ անցեալին ու ներկայ անուրանալի նուաճումներուն, առանց տատամսումի խոյանանք դէպի ապագայ, մեր անխորտակելի կուրծքերը հպարտօրէն ցցած ընդդէմ անկարող թշնամիին, մեր պողպատեայ բռունցքները բա՛րձր, պահանջատիրութեան և սպառնալիքի անզուսպ շարժումի մը մէջ, եւ գինովցած թէ վրէժխնդրութեան մաղձով և թէ մեր ազգութեան արեւածագի սուրբ ցօղով, մեր մթագնած աչքերը գամենք լուսահեղեղ հորիզոններուն։

Կեցցէ Արցախը։

Կեցցէ Հայ Ժողովուրդը։

Կեցցէ Անկախութիւնը։

Մ. Հայդուկ Շամլեան

14 Մարտ 1991

Յ.Գ. «Մնալ արթուն»

Սուրբ-Ամէնափրկիչ եկեղեցի՛ Հայոց Շուշի

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Յօդուածներ / Գրացանկ

. Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով – 05 Մայիս 2026

. Քոչարյան, սիքթի՜՜՜ր – 12 Դեկտեմբեր 2025

. Քեսապ, յուշեր 02 – 07 Սեպտեմբեր 2025

. Անկախութեան Հռչակագիր vs Սահմանադրութիւն – 27 Օգոստոս 2025

. Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ.…… – 29 Յունիս 2025

. Սուլթանին կաթողիկո՞սը… – 17 Յունիս 2025

. «մինչ իր խաչերն են՝ դաշոյն»… – 17 Յունիս 2025

. Հալէպի տատրակները – 31 Մայիս 2025

. ՀՀ -vs- Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ – 07 Մարտ 2025

. Ուքրանիոյ «Սարդարապատ»ը, 3րդ տարեդարձ – 21 Փետրուար 2025

. Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ – 10 Փետրուար 2025

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Լուպնեն ըլ ա՛խտար… –  Հոկտեմբեր 2024

. Եւ Ողբը նորէն դարձաւ… Ողբ – 20 Ապրիլ 2024

. Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին – 16 Ապրիլ 2024

. Քեսապ, շարժանկարային յուշեր – 10 Մարտ 2024

. Շուարած մուհաճիրութիւն – 10 Փետրուար 2024

. Փախողը չ’ազատիր, ոչ… – 08 Դեկտենբեր 2023

. Կրակահերթային յիշատակներ – 03 Դեկտեմբեր 2023

. Ծառի վրայի, միւս պեշին… – 25 Նոյեմբեր 2023

. Պոլոնիայի պեշիները – 18 Նոյեմբեր 2023

. «Բարտիները խշշացի՜ն…» (Հայաստան-ՌԴ) – 14 Սեպտեմբեր 2023

. Ո՛չ-Մի-Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]  – 12 Օգոստոս 2023

. «Ապրիլ-24», Արցախ, եւ The Godfather – 17 Յուլիս 2023

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Իրերու վիճակը – 27 Մայիս 2023

Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման – 24 Մայիս 2023

Վարդապետ, դու չես՝ որ խենթացել ես – 18 Մայիս 2023

Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բա հետո՞– 15 Մայիս 2023

. Անուշ յուշեր… – 14 Մայիս 2023

Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին… – 01 Ապրիլ 2023

Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

Փաշինյանը ճիշդ է -27 Մարտ 2023

ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

Ես 5րդ Շարասիւն եմ – 19 Մարտ 2023

Ո՜վ Մարդկային Արդարութիւն… – 18 Մարտ 2023

«Մարտի 1»՝ Հայաստանի «Ապրիլ-1»ը – 01 Մարտ 2023

Էլի շուարած հակայեղափոխականները – 28 Փետրուար 2023

Ծով նետուած շիշը – 18 Փետրուար 2023

Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ)– 11 Փետրուար 2023

Կաղանդ Պապաս… – 06 Յունուար 2023

ՃԵՄելով յիշողութեան ճամբուն վրայ – 16 Դեկտեմբեր 2022

Մանկութեան… սուր յուշեր – 02 Դետեմբեր 2022

Վերջին մեկնում – 04 Սեպտեմբեր 2022

Զեփիւռի նման… – 20 Օգոստոս 2022

Պաթալ մէ պի մութ – 02 Յուլիս 2022

Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ… – 28 Ապրիլ 2022

Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

Լսեցի՞ք, Համբիկը «տուն հասեր է»! – 30.10.2021

Թուրք-հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

«Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

Հայաստանն ու համաճարակը – 01.10.2021

ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

Սփիւռքը հանգիստ թողեցէք – 29.06.2021

Փախստականների մասին – 01.06.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

Բաղ-րամ- յան փո՜ղո-ցո՛ւմ, դա-դա- դաա՜… – 24.03.2021

Վայ այն երկրին՝ որուն թագաւորը… մանուկները կը շահագործէ – 22.03.2021

Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու… – 26.02.2021

«Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

Պառաւի խօսք՝ շաղգամակերին – 14.08.2020

Ամուլսարը քարի կտոր մըն է – 31.07.2020

Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար – 18.07.2020

Յուլիսեան պատերազմ՝ մի քանի դիտողութիւններ – 13.07.2020

Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը – 11.07.2020

Հայաստանը չի կարող վախենալ քորոնավիրուսից – 04.07.2020

Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

Շուարած հակայեղափոխականները – 24.06.2020

Թուղթ առ… Ծառուկյան  – 17.06.2020

Քորոնավիրուսին օգուտը…  – 11.06.2020

Նիկոլ Փաշինյան՝ all the way ! – 03.06.2020

Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

Մշտապէս իւղոտուած հողմացոյցները… – 01.04.2020

ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

Սերժ Սարգսյան՝ կարմիր քարտը անդառնալի՛ է – 02.11.2019

«Ստամբուլյան Կոնվենցիա»ն՝ խաբեբայութիւն – 02.11.2019

Շարքային Փաշինյանիստները՝ 5 կարգեր – 31.10.2019

«Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

Փութինն է որ դատել կը փորձեն Հայաստանի մէջ – 03.10.2019

Ամուլսարը՝ Փաշինյանի փրկութեան սկիզբն է – 19.08.2019

Մունտառ Երեւան – 05.07.2019

Դատաւորը մերկ է – 27.06.2019

Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019

Օփերայի շուրջ՝ կարգին cacophony – 14.03.2019

Յեղափոխութեան դասալիքները – 08.03.2019

Մնալ արթուն – 19.02.2019

Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)  20.01.2019

Քանի որ իրօք Ճակատագրական է պահը (22 Դեկտեմբեր 2018)

Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական  (24 Դեկտեմբեր 2018)

Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

Գաղտնի Մարտիկների ժամանակները…

. Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը… – 04 Ապրիլ 2014

Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

Շուշիի ազատագրումը (2002)

Մարուխեան, Forever (1999)

Անկախութեան Օտարումը (1996)

Վահանը (1995)

Մեր երիտասարդները կը քալեն (1995)

Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

Մերկացած Սուտը (1992)

Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

Անդարձ Դարեդարձ (ՀՅԴ 100ամեակ) – Դեկտեմբեր 1990

Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

Դեղագործին Աշկերտը («Պուրճ-Համուտ 1979»…) – 1979

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

* * * * *

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

Շուշի

Artsakh TV/ «Շուշի»հաղորդում, 2018 (Ճամբար/14րդ տարի) (Video)

8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

«Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

Կտակն է Նահատակներուն – 10.03.2021

Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու դողը երկնքում – 26.02.2021

Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

«Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

Մնալ արթուն – 19.02.2019

Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

Շուշիի ազատագրումը (2002)

Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք