Յօդուածներ / Գրացանկ

. Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով – 05 Մայիս 2026

. Քոչարյան, սիքթի՜՜՜ր – 12 Դեկտեմբեր 2025

. Քեսապ, յուշեր 02 – 07 Սեպտեմբեր 2025

. Անկախութեան Հռչակագիր vs Սահմանադրութիւն – 27 Օգոստոս 2025

. Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ.…… – 29 Յունիս 2025

. Սուլթանին կաթողիկո՞սը… – 17 Յունիս 2025

. «մինչ իր խաչերն են՝ դաշոյն»… – 17 Յունիս 2025

. Հալէպի տատրակները – 31 Մայիս 2025

. ՀՀ -vs- Ազրպէյճան, օրինական օդաշարժումներ – 07 Մարտ 2025

. Ուքրանիոյ «Սարդարապատ»ը, 3րդ տարեդարձ – 21 Փետրուար 2025

. Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ – 10 Փետրուար 2025

. Լուտվիկ-ի յիշատակին – Նոյեմբեր 2025

. Լուպնեն ըլ ա՛խտար… –  Հոկտեմբեր 2024

. Եւ Ողբը նորէն դարձաւ… Ողբ – 20 Ապրիլ 2024

. Հայոց Ցեղասպանութեան Անանուն Զոհին – 16 Ապրիլ 2024

. Քեսապ, շարժանկարային յուշեր – 10 Մարտ 2024

. Շուարած մուհաճիրութիւն – 10 Փետրուար 2024

. Փախողը չ’ազատիր, ոչ… – 08 Դեկտենբեր 2023

. Կրակահերթային յիշատակներ – 03 Դեկտեմբեր 2023

. Ծառի վրայի, միւս պեշին… – 25 Նոյեմբեր 2023

. Պոլոնիայի պեշիները – 18 Նոյեմբեր 2023

. Միշտ Պատրաստ!! – 06 Հոկտեմբեր 2023

. «Բարտիները խշշացի՜ն…» (Հայաստան-ՌԴ) – 14 Սեպտեմբեր 2023

. Ո՛չ-Մի-Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]  – 12 Օգոստոս 2023

. «Ապրիլ-24», Արցախ, եւ The Godfather – 17 Յուլիս 2023

. Մթագնում – 11 Յուլիս 2023

. Իրերու վիճակը – 27 Մայիս 2023

. Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման – 24 Մայիս 2023

. Վարդապետ, դու չես՝ որ խենթացել ես – 18 Մայիս 2023

. Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բա հետո՞– 15 Մայիս 2023

. Անուշ յուշեր… – 14 Մայիս 2023

. Թուղթ առ Հայաստան – 08 Մայիս 2023

. Վա՜խ, Շուշիի մեր այդ եկեղեցին… – 01 Ապրիլ 2023

. Բոլորդ Փաշինյան էք – 29 Մարտ 2023

. Փաշինյանը ճիշդ է -27 Մարտ 2023

. ՀՅԴ-Փաշինյան Դաշինք – 22 Մարտ 2023

. Ես 5րդ Շարասիւն եմ – 19 Մարտ 2023

. Ո՜վ Մարդկային Արդարութիւն… – 18 Մարտ 2023

. «Մարտի 1»՝ Հայաստանի «Ապրիլ-1»ը – 01 Մարտ 2023

. Էլի շուարած հակայեղափոխականները – 28 Փետրուար 2023

. Ծով նետուած շիշը – 18 Փետրուար 2023

. Մէսթըր Կարօն ալ գնաց… Մաս 2՝ 陰 (Արցախի վախտ)– 11 Փետրուար 2023

. Կաղանդ Պապաս… – 06 Յունուար 2023

. ՃԵՄելով յիշողութեան ճամբուն վրայ – 16 Դեկտեմբեր 2022

. Մանկութեան… սուր յուշեր – 02 Դետեմբեր 2022

. Վերջին մեկնում – 04 Սեպտեմբեր 2022

. Զեփիւռի նման… – 20 Օգոստոս 2022

. Պաթալ մէ պի մութ – 02 Յուլիս 2022

. Թէ՞ ինչու ես հրաժարեցայ ՀՅԴ շարքերէն – 10.06.2022

. Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ… – 28 Ապրիլ 2022

. Գաղտնի բան չի մնար… – 26.01.2022

. Դաշնակները, եւ ծակ թմբուկները – 04.01.2022

. ՀՅԴ-Փաշինյան համագործակցութիւն (…?) – 12.12.2021

. Տնտեսական թրիքը – 02.12.2021

.  «Սպիտակ Թուղթ»ի մը ճերմակ էջերը – 30.11.2021

. Եռագոյնը ե՛տ տուէք Դաշնակցութեան – 31.10.2021

. Լսեցի՞ք, Համբիկը «տուն հասեր է»! – 30.10.2021

. Թուրք-հայկական յառաջիկայ պայմանագիրները – 23.10.2021

. Eff U!, երիտասարդներ – 21.10.2021

. «Հայրենադարձ»ներու մասին, երկու խօսք… – 16.10.2021

. Մեղաւոր է Ընդդիմութիւն – 10.10.2021

. Հայաստանն ու համաճարակը – 01.10.2021

. ՀՅԴ-ն, հայ պիտի չսպաննէ՝ Հայաստանի մէջ – 31.07.2021

. Հայկական Միջանցքը՝ Թուրքիոյ վրայով… – 29.07.2021

. 8-րդ Հանգրուանը – 24.07.2021

. Սիւնիքի «միջանցքը»… say what ?! – 17.07.2021

. Պատմութիւնը, վերջ մը ունի – 10.07.2021

. Սփիւռքը հանգիստ թողեցէք – 29.06.2021

. Փախստականների մասին – 01.06.2021

. «Ոչխար մը գծէ, ինծի…» – 06.05.2021

. Մէսթըր Կարոն ալ գնաց… Մաս 1՝ 陽 (Արցախէն առաջ) – 08.04.2021

. Բաղ-րամ- յան փո՜ղո-ցո՛ւմ, դա-դա- դաա՜… – 24.03.2021

. Վայ այն երկրին՝ որուն թագաւորը… մանուկները կը շահագործէ – 22.03.2021

. Հայաստանը արժանի չէ ՀՅԴ-ին – 19.03.2021

. Կտակն է Նահատակներուն… – 10.03.2021

. Կոյր Աշուղէն՝ Կոյր Վանական, Հին աստուածներու… – 26.02.2021

. «Վաթիքանի Սոխակ»ին նորագոյն գեղգեղանքը – 17.01.2021

. Հայաստանը բիզնե՛ս է, եւ վերջ – 11.01.2021

. Մենք քաջ տոհմի զաւա՛կներն ենք, թա-թա-թա՜մ – 09.01.2021

. Երանի Ստեփանակերտը յանձնէին – 26.12.2020

. Փաշինյանը թող չհրաժարի, ոչ – 17.12.2020

. Փակեցէ՛ք «հըհը հիմնադրամ»ը – 30.11.2020

. «Դաւաճան» Փաշինյանին բազմամիլիոն մեղսակիցները – 16.11.2020

. Հայ Ազգի Դամբանական – 15.11.2020

. 2020ի հայ-թրքական պատերազմի աւարտը – 12.11.2020

. Պատերազմական Համախմբում (յանուն զինադադարի) – 05.10.2020

. Սեպտեմբեր 2020ին սկսած հայ-թրքական պատերազմը – 05.10.2020

. Ներդաշնակութիւն – 08.09.2020

. Պառաւի խօսք՝ շաղգամակերին – 14.08.2020

. Ամուլսարը քարի կտոր մըն է – 31.07.2020

. Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար – 18.07.2020

. Յուլիսեան պատերազմ՝ մի քանի դիտողութիւններ – 13.07.2020

. Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը – 11.07.2020

. Հայաստանը չի կարող վախենալ քորոնավիրուսից – 04.07.2020

. Կանաչ Դուռը – Մարտ 2001/Յունիս 2020

. Շուարած հակայեղափոխականները – 24.06.2020

. Թուղթ առ… Ծառուկյան  – 17.06.2020

. Քորոնավիրուսին օգուտը…  – 11.06.2020

. Նիկոլ Փաշինյան՝ all the way ! – 03.06.2020

. Կեցցէ՛ հակայեղափոխական Սփիւռքը – 23.04.2020

. Նորէն մէկը մեռաւ… – 09.04.2020

. Մշտապէս իւղոտուած հողմացոյցները… – 01.04.2020

. ՀՅԴ-ն միայն ժողովուրդին կամքը կատարեց Հայաստանի մէջ – 09.02.2020

. Արցախի ընտրութիւններ՝ մի վերածէք Հայութեան ամօթին – 27.01.2020

. Աններդաշնակ դաշնակնե՞ր… – 31.12.2019

. Սերժ Սարգսյան՝ կարմիր քարտը անդառնալի՛ է – 02.11.2019

. «Ստամբուլյան Կոնվենցիա»ն՝ խաբեբայութիւն – 02.11.2019

. Շարքային Փաշինյանիստները՝ 5 կարգեր – 31.10.2019

. «Լե՜ւոն, Լե՜՜ւոն…», բնօրինակ դո՛ւխը – 17.10.2019

. Փութինն է որ դատել կը փորձեն Հայաստանի մէջ – 03.10.2019

. Ամուլսարը՝ Փաշինյանի փրկութեան սկիզբն է – 19.08.2019

. Մունտառ Երեւան – 05.07.2019

. Դատաւորը մերկ է – 27.06.2019

. Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019

. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է – 24.04.2019

. Անիծեալ Ամիսը – Ապրիլ 2019

. Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019

. Օփերայի շուրջ՝ կարգին cacophony – 14.03.2019

. Յեղափոխութեան դասալիքները – 08.03.2019

. Մնալ արթուն – 19.02.2019

. Թագաւորը մերկ է (բայց զինուորները նոր տարազներ ունին…)  20.01.2019

. Քանի որ իրօք Ճակատագրական է պահը (22 Դեկտեմբեր 2018)

. Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական  (24 Դեկտեմբեր 2018)

. Ցտեսութիւն, Վաչիկ (2016)

. Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

. Առաջին Նախագահին վերջին սխալները (20 Ապրիլ 2015)

. Գաղտնի Մարտիկների ժամանակները…

. Քեսապ, Շուշի, նոյն Պայքա՞րը… – 04 Ապրիլ 2014

. Գելլափ-ի,Ղազախստանի եւ Ուիլիամ Սարոյանի մասին – 07.04.2013

. Ինչ որ ալ ըլլայ՝ Դէպի Երկի՛ր (21 Սեպտեմբեր 2009)

. Պարոն Շահինեանը – 22 Փետրուար 2009

. Բեկորէն՝ Ամբողջականութիւն (2007)

. Շուշի եւ իր ծիծեռնակները (Հոկտեմբեր 2005)

. Շուշիի ազատագրումը (2002)

. Մարուխեան, Forever (1999)

. Անկախութեան Օտարումը (1996)

. Վահանը (1995)

. Մեր երիտասարդները կը քալեն (1995)

. Հէ՛յկիտի Եուկոսլաւիա… – 12.05.2020

. Մինչեւ վերջ, եւ մանաւանդ՝ անկէ անդին (1993)

. Հիւանդ Անկախութիւնը (1993)

. Յիշողութեան ծեր պահակը (1992)

. Մերկացած Սուտը (1992)

. Աքսորուած Ազատութիւնը (1992)

. Զէնք ու վահան՝ մշտական կոչը (1992)

. Սումկայիթ եւ Պաքու, շարունակուող Եղեռնը  (1991)

. Անդարձ Դարեդարձ (ՀՅԴ 100ամեակ) – Դեկտեմբեր 1990

. Յո՞ երթաս, Սփիւռք (1988)

. Դեղագործին Աշկերտը («Պուրճ-Համուտ 1979»…) – 1979

…

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

* * * * *

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

Վերադարձ դէպի Գլխաւոր Մուտք

Գաղտնի բան չի մնար…

Ալեք Ենիգոմշեանը, հանրային կերպով խզուելէ ետք «Ազգային-Ժովովրդավարական Բեւեռ» անունով խմբակցութենէն, հետեւեալ հետաքրքրական յօդուածը հրատարակեց՝ «Ռազմավարական գործընթացներն ու միտումները Հայաստանը շրջապատող լայն տարածաշրջանում» :

Ահա, այդ առիթով, արձագանգ մը:

* * *

Յօդուածը տպաւորիչ է: Բարձր որակով եւ մակարդակով, լուրջ հիմնաւորումներով, իսկական խորք ունի:

Սակայն ամենակարեւոր մասը՝ պակաս է: Նուազագոյն, յստակ եզրակացութիւն մը, Հայաստանի կապակցութեամբ: Թէ, շատ լաւ, ուրեմն այդ ամէնուն լոյսին տակ՝ ի՞նչ պէտք է որ ընէ, Հայաստանը…

Վերջին մի քանի տողերն են միայն որ այդ մասին են, եւ որեւէ բան չեն նշանակում:

Կարելի է ենթադրել որ դեռ այդ մասին ալ պիտի գրէ, դիրքորոշում, կարծիք եւ խորհուրդ պիտի յայտնէ Ալեքը, այս յօդուածը շարունակող եւ ամբողջացնող գրութիւններով:

Մինչ այդ սակայն, դժուար է չառարկելը որ բաւական ուշացած է, այս քայլը:

* * *

Փաստօրէն, այս ամէնուն գիտակից չէր սիրելի Ալեքը, մինչեւ այսօր:

Վստահաբար ոչ, երբ որ նա անդամ էր – կամ գոնէ՝ համակիր, ջատագով եւ պաշտպան – այդ խմբակին, որուն նորագոյն տարբերակն է վերոյիշեալ այդ,  կոտրած կողմնացոյցով մը Հիւսիսի տեղ Արեւմուտքը ցոյց տուող՝  «Բեւեռը»:

Միացած էր անոնց, որոնք յատկապէս՝ զինեալ, բիրտ եւ արիւնալի գործողութեամբ մը, իրենց նշանակալից բաժինը բերին Հայաստանի ապակայունացման, ներքին քանդումին, պետական արդէն իսկ փխրուն հիմքերի վերջնական քայքայման, փլուզումին:

Այդ նոյն խմբակը, տարբեր անուններու տակ իր երկարատեւ գործունէութեամբ, լայնօրէն նպաստեց այժմու վարչակարգի գոյացման: Մինչ վերջինս, առաջին գիծի պատասխանատւութիւնն ու աններելի մեղքը կը կրէ՝ տեղի ունեցած – եւ դեռ ընթացիկ – Հայոց Մեծ Աղէտի առնչութեամբ:

Հայ Ազգին համար այս դժոխածին վարչակարգին գոյացման մեղսակիցը հանդիսանալէ ետք, երկար ժամանակ դեռ անոր զօրակցեցան այդ նոյն խմբակի հիմնական պարագլուխները: Մինչեւ որ վերջապէս անդրադարձան թէ իրենց շրջանակի կարկառուն դէմքերուն բանտէն դուրս ելլելը, կրնայ ժամանակաւոր ըլլլալ միայն… Բացի երկու միամիտ, զավալլը անձերէ, որոնք փաստօրէն որպէս քաւութեան նոխազ մնացեալ վոհմակին համար, արդէն հաստաուած է որ այլեւս կեանք չունին այս աշխարհի մէջ:

Հետեւաբար, նկատի ունենալով արդէն իսկ իրականացած – եւ դեռ չվերջացած -Աղէտը, որու նկատմամբ – ցանկին՝ բաւական վերեւները – խրոխտ յանցակիցներ են Ալեքին նախկին բարեկամները, այս պարագային, կարելի չէ ըսել՝ «լաւ է ուշ, քան երբէք»…

Ալեքը չարաչար շահագործեցին, Հայաստանի մէջ: Շատ ափսոս:

Բայց կարծես թէ նա դեռ առիթը ունի, իր խղճի պարտքը տալու:

* * *

Ալեք Ենիգոմշեանի վերոնշեալ յօդուածը, այլազան ձեւերով կը հասկնան, կը մեկնաբանեն զայն ընթերցողները:

Ես, այդտեղ կարդացի բանիմաց տեսանկիւն մը, որ կը ջանայ մանրամասնել, բացատրել – եւ մանաւանդ՝ այժմէականացնել – աշխարհաքաղաքականութեան նոր, այժմու կացութիւնը, արդի տուեալներն ու հեռանկարները: Եզրափակելով, թէ այդ  իրականութիւններու համեմատ է որ պէտք է կողմնորոշուի Հայաստանը: Սակայն նա չի ասում, թէ ինչպէս…

Հետաքրքրական է նաեւ իր յանկարծակի գիտակցումը, որ Արեւմուտքը, հնամաշ մօտեցումներով, այլեւս սխալ թիրախ է հետապնդում: Քանզի Արեւմուտքի, ՆԱՏՕի համար, ժամանակէ մը ի վեր արդէն, բուն ու իսկական, էական վտանգը Ռուսաստանը չէ, այլ՝ Չինաստանը:

Այստեղ, տողերուն միջեւ ես անգիր հառաչանք մը լսեցի: Որ՝ «պարապ տեղը եկաք, մեզ քանդեցիք Անդրկովկասում, Ռուսաստանի դէմ ձեր ժամանակավրէպ  մտասեւեռումի, այժմ իմաստազրկուած յաճախանքի պատճառով… քանի որ չտեսաք, տակաւին չէք տեսնում, թէ ուր է, ով է, ձեր իսկական հակառակորդը, ձեզի համար բուն ու հիմնական վտանգը, ներկայ ժամանակներուն եւ անմիջական ապագային…»:

Ընդգծենք որ Ալեքի խզումը վերոյիշեալ խմբակցութեան հետ, իր իսկ բացատրութեամբ, կապ ունի նաեւ անոր պարագլուխներու ծայրայեղ կեցուածքներուն հետ՝ Ռուսաստանի դէմ:

* * *

Ուրիշներու նման առեղծուածային խօսքերով, հանելուկներով չխօսելու համար, մի քանի տարրական ակնարկութիւններ ալ առաջարկեմ աստեղ:

Այս մասին գիտցածս, վստահաբար ամբողջական չէ: Եւ ինծի համար աւելի լա՛ւ – փառք Աստուծոյ – որ ամէն բան չեմ գիտեր, այս բնոյթի նիւթերու կապակցութեամբ:

Սակայն մասնակի, նուազագոյն գիտցածս գոնէ, արձանագրեմ: Թերեւս օգտակար կ’ըլլայ:

Հայկական համաշխարհային ահաբեկչութեան օրերուն (այդ բառը, էն վախտ, ոչ միայն վատ բառ մը չէր, այլ ընդհակառակը. պատմական, աւանդական, գաղափարական եւ վիպապաշտ իմաստով կը գործածուէր, Հայութեան համար ուժ կ’արտայայտէր, ուժ կը ներշնչէր), այդ խառնիճաղանճ ժամանակներուն, հիմնական ըմբռողութիւնը այն էր, թէ՝ ՀԱՀ Գաղտնի Բանակը սերտօրէն կապուած է պաղեստինեան ահաբեկչական շրջանակներուն: Որոնք իրենց կարգին, կապուած էին՝ Մոսկուայի: Այս ուղղութեամբ անշուշտ ակնյայտ նշաններ, շօշափելի իրականութիւններ ալ կային…

Այստեղ է թերեւս ակունքային պատճառներէն մէկը, որ Ալեքը չէր կրնար միանալ վերոյիշեալ այդ «Բեւեռ»ի թունդ ամերիկամոլ, հիւանդագին աստիճանի ռուսատեաց, քառակուսի դիրքորոշումներուն, բութ ու բթամիտ, զաւեշտալի կեցուածքներուն:

Նոյն դիտանկիւնէն եւ տրամաբանութեամբ, սակայն հակառակ ուղղութեամբ, ՀՑԱրդարութեան Մարտիկներու/ՀՅԲանակի շրջանակներէն սերած որոշ անձեր ալ իրենց գոյները դուրս տուին 2018-ին, Երեւանի «գունաւոր յեղափոխութեան» առիթով: Թերեւս նաեւ այդ կը նշանակէ՝ «գունաւոր» յեղափոխութիւն… Այդ առիթով է որ ամէն մարդ իր իսկական գոյնը կը յայտնաբերէ, դուրս կու տայ:

Իսկ ոմանք, իրենց այդպէս բացայայտուած գոյնի ներկը, իրենց խոշոր ֆրչայով գետինը քսելով, իրենք զիրենք է որ անկիւնաւորեցին, իրենց սենեակին անկիւնը: Այդ ալ՝ ոտնաբոպիկ: Այսինքն, այդ անկիւնէն հիմա ետ դուրս գալու համար, ոչ միայն ստիպուած են իրենց ներկած գետնին վրայէն քալելով զայն արատաւորելու, այլ նաեւ պիտի սահին ու իյնան:

Մինչ այդ ներկը, շուտով չի կրնար չորնալ: Քանի որ շատ, շատ, հայի յորդառատ արիւնը կայ հիմա, մէջը խառնուած…

* * *

Այս ալ անձնական վկայութիւն մը, մի քանի յիշատակներ ՝

Ալեքի հայրը, մեր ընտանեկան բժիշկն էր, Լիբանան: Նաեւ մօտիկ բարեկամը պապայիս:

Մեր երեխայ տարիքին, կը պատահէր որ ան իր տան մէջ կը խնամէր զիս, եղբայրս եւ այժմ լուսահոգի քոյրս: Մանաւանդ երբ որ գիւղն էինք, Պօլօնիա, ամառուայ դպրոցական արձակուրդին:

Միշտ ուրախ, կայտառ եւ կենսունակ մարդ էր: Լման դէմքը մնայուն ժպիտով մը լուսաւորուած էր, որուն աղբիւրը՝ աչքերուն մէջն էր, խորքը – այնքան զօրեղ, որ  կ’երեւնար, կը կայծկլտար, հակառակ իր հաստ ակնոցներուն -:

Այսօրուայ պէս կը յիշեմ այն պահը, երբ փօլիոյի պատուաստի այդ վարդագոյն, իբրեւ թէ ելակի համով հեղուկը կաթկթեցուց, դուրս հանել տուած լեզուիս վրայ: Յօնքերը վեր հանած, աաաաա՜ա ըսելով, որպէսզի ես ալ այդ կանչին միանամ, եւ այդպէսով բերանս բաց մնայ: (Անշուշտ պէտք եղածէն շատ աւելի բարձր ձայնով կը գոռայի ես այդ «ԱԱԱԱԱԱԱԱ՜»ն, եւ շարուկանեցի պոռալ, կաթիլները կլլելէս ետք ալ: Ինչ որ իր խնդուքը պատճառեց: )

Նաեւ կը յիշեմ այդ տափակ փայտիկները, որոնցմով նոյն – շատախօս – լեզուս մեղմօրէն վար կ’իջեցնէր, կոկորդս ստուգելու համար – միշտ կոկորդի բորբոքում ունէի – :

Երբ որ ուրիշ քննութիւն մը պիտի կատարէր, եւ անկարգ էի – միշտ անկարգ էի -, ձեռքս մէկ հատ այդ փայտիկներէն կու տար որպէսզի հետը խաղամ, քիչ մը հանդարտիմ, ու ինք ալ իր գործը կարենայ կատարել: Այդ մէկ հատը որ արագ մը կոտրէի, այդ քաջագործութիւնս պսակող յաղթական ճիչս դեռ չաւարտած, արդէն անմիջապէս նոր մը կը դնէր ձեռքիս մէջ:

Փոխանակ վախնալու որ բժիշկի պիտի եդթայինք, միշտ ուրախ էինք երբ որ մամաս կը յայտնէր թէ մեզ Տոքթոր Ենիքոմշեանին մօտ պիտի տանի:

* * *

Աւելի ուշ, Ալեքը անհետացաւ մեր սովորական աշխարհէն…

Անկէ ետք, հայրը «ինկաւ»:

Այդ միշտ ժպտուներես, խանդավառ եւ աշխոյժ մարդը, դարձաւ մռայլ ու ինքնամփոփ, լռակեաց:

Արկածէն ետք, Ալեքը պաղեստինեան քէմփերու մէջ տարին, պահեցին, ժամանակ մը: Չեմ գիտեր ինչու, չէին ուզեր որ այդտեղէն դուրս ելլէ: Ի միջի այլոց, հայրս ալ իր հօրը օգնեց, որ զինք տուն բերեն:

Եղբայրը դաշնակցական ազդու ղեկավար էր, Արեւմտեան Պէյրութի մեր թաղերուն մէջ, իմ պատանեկան օրերուս: Յետոյ կուսակցական մամուլի գործիչ դարձաւ, Փարիզի մէջ:

Ուրիշ ժամանակներ էին: Ուրիշ աշխարհ մը:

* * *

Ալեքը բնաւ պէտք չէ որ միանար այդ ինքնահաւան ու մեծամիտ, պոռոտախօս, դատարկաբան արարածներու վատառողջ շրջանակներուն: Որոնց համակիրները հիմա ծաղրում, հայհոյում են իրեն, աներեւակայելի յերիւրանքներ են շպրտում իր հասցէին:

Կարծեմ ծանօթ ասացուածք մը կայ, որ ես մօտաւորապէս հետեւեալ ձեւով կը պատկերացնեմ՝ երբ որ առիւծը կը սկսի ծերանալ, չախալները կը սկսին «հետը իյնալ», շուրջը դառնալով քրքչալ, առջեւը կապիկութիւններ ընել: Զգուշաւոր հեռաւորութիւն մը պահելով, սակայն…

Հա… լաւ կ’ընեն այժմու այդ չախխալներն ու կապիկները, այդպէս, շատ չմօտենալու Ալեքին: Ալեքներուն:

Ինք ու իր նմանները, Պատմութեան ժամանակակից հանգրուանի՝ Հայոց Փառքի խորհրդանիշներն են: Հայ Ազգի արժանապատւութեան վերականգնումին, Հայոց Պատիւի վերահաստատման ժամանակաշրջանը կը ներկայացնեն, կը խորհրդանշեն:

Այժմ, մեր վերջին Փառքի ժամանակաշրջանը: Հիմա որ Արցախը չունինք:

* * *

Մինչդեռ էն վախտ, Հայ Ազգի գոյութենական ճակատամարտը հայկական հողի վրայ իսկ չէր, պետական բանակ չունէինք: Այնուհանդերձ, ամբողջ հոգիով եւ էութեամբ, բոլոր հարկաւոր միջոցներով՝ Արդարութիւն կը պահանջէինք:

Արդարեւ, այդ ժամանակներուն… «Բանակը գաղտնի էր, եւ Արդարութեան մարտիկները՝ անյայտ»:

Բայց լսեցին մեզ:

Միայն այ՛ն ժամանակ, լսեցին…

Հայդուկ Շամլեան

26 Յունուար 2022

Այս ատրճանակին անունը՝ « Parabellum Pistol » է .
սովորաբար կը կոչուի նաեւ Luger, սակայն բուն անունն է՝ Parabellum.
«Si vis pacem, para bellum», քսանհինգ դարերու խորքերէն եկող լատինական ասացուածքի մը հիման վրայ.
որ կը նշանակէ՝
«եթէ կ’ուզես խաղաղութիւն, պատրաստուէ պատերազմի»
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք