Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

Հալէպի տատրակները

Հալէպ, 1975ի կողմերը:

Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը նոր կը սկսէր: Եւ այդ պատճառով, մեր ընտանիքն ալ արդէն դարձած էր՝ թափառական հայերու մասնիկ մը:

Վիճակ մը, որ անկէ ետք տեւեց դեռ տասնըհինգ տարիներ, մինչեւ որ կարողացանք բնականոն երկրի մը մէջ հաստատուիլ:

Սակայն ոչինչ կրնար Պապաս տկարացնել: Երբեք, որեւէ կացութեան մէջ:

Որքան որ դժուար դառնային կեանքի պայմանները, ինք այդքան աւելի ուժեղ կը դառնար: Կարծես թէ կը խանդավառուէր դժուարութիւններէն, որեւէ տեսակի  մարտահրաւէրներէ: Եւ զանոնք միշտ կը յաղթահարէր:

Ուրեմն, մինչ մեր երկրին, համայնքին եւ ընտանիքին ճակատագիրը ենթարկուած էր ծանրագոյն ու ծայրագոյն, խորապէս մտահոգիչ հարցականներու, Հայրս իր երկու թազիները առաւ – յանձինս ինծի եւ եղբօրս Վաչէին -, եւ եալլա, գացինք Հալէպ, Սուրիա:

Ուր կատարեալ հանգիստ, ապահովութիւն եւ  խաղաղութիւն էր, էն վախտ, եւ անկէ ետք դեռ երկա՜ր տարիներ:

* * *

Եւ գացինք՝ որսորդութեան:

Տեղացի շէպէպը – այլազան տարիքներու -, ամէն բան կազմակերպած էին:

Անապատին մէջ տատրակները ջարդելու եղանակն էր:

«Տատրակ»… Որքան տարօրինակ արարած մըն է…

Վայրի աղաւնի!

Աղաւնի է, բայց… վայրի՛:

Այս թռչունը եթէ չյարգես, ո՞րմէկ անասունը պիտի յարգես…

Բայց մենք, այդ օրը, կ’երթայինք՝ տատրակներուն մամիկը թաղելու:

Ամենայն յարգանքով:

* * *

Ուրեմն, մի քանի օթօներով, որսորդական զէնքերուն փողերը պատուհաններէն դուրս ցցած, մտանք Հալէպի մօտակայ անապատային տարածքը:

Յատկապէս կը յիշեմ երկու անձեր:

Մէկը, Սրբազան Հայր մըն էր: Երիտասարդ: Սեւ մօրուքով:

Հալէպի այս հոգեւորական գործիչը մնացած է մտքիս մէջ, քանի որ միակ անգամն է, որ կղերական մը տեսած եմ… ճինզ տաբատ հագուած: Այդ ալ, Առաջնորդ Սրբազան մը:

Սկիզբը երբ որ, Հալէպէն, օթօ ելանք, իր կղերականի տարազը հագուած էր:

Անապատ որ հասանք, եւ օթօներէն դուրս ելանք, ան պարզապէս իր եկեղեցականի հագուստը հանեց – գլուխին վերէն -, եւ մէջտեղ ելաւ որ արդէն տակը, կապոյտ ճինզ հագուած է: Եւ եօթանասունական թուականներու մետաքսանման, բառացիօրէն փայլուն շապիկ մը: Լա՜յն օձիքներով:

Ի դէպ, սոսկալի որսորդ էր:

Այդ օրը գործ-բան թողած, մեզ որսորդութեան ուղեկցող եւ ընկերակցող միւս անձը, որ մնացած է յիշողութեանս մէջ, տպաւորիչ մարդ մըն էր:

Յստակօրէն մեծահարուստ անձ մըն էր: Սակայն անկեղծօրէն համեստ, ազնիւ, մաքուր մարդ մըն էր:

Եւ յատկապէս յարգալից էր՝ հօրս նկատմամբ, որ շա՜տ հեռու էր նիւթապէս հարուստ մարդ ըլլալէ:

Երանի թէ բոլոր մեծահարուստները այդ հալէպահայ մարդուն պէս ըլլային, ըլլան:

* * *

Անապատին մէջ, երբ որ դեռ առաւօտ էր, համախմբուած տատրակները կը ջարդուէին՝ գետնին վրայ:

Գետինը կ’ըլլային, բայց ոչ հեշտօրէն երեւելի, քանի որ վայրի աղաւնիներուն փետուրներուն գոյնը մօտ էր՝ Հալէպի մօտակայ անապատի աւազին ու քարերուն գորշ գոյնին: Բնական camouflage… Ինչպէս յաճախ, Բնութեան մէջ, ուր Աստուած գոնէ շանս մը կու տայ ուտելիքի շղթային ներքեւի արարածներուն՝ քիչ մը ապրելու, շատ արագօրէն զոհ չերթալու սոյն սննդային շարքին մէջ իրենցմէ վեր դասուած անասուններու ախորժակին:

Եթէ ճիշդ ատենին չտեսնէիր թէ ուր են, գետնին վրայ, այդ՝ բնականաբար թաքնուած թռչունները, անոնք շատ շուտ կը փախչէին, երբ որ մօտենայիր իրենց: Առաջ որ բաւարար մօտ ըլլաս, որպէսզի չիֆթէյի գնդիկները իրենց հասնին:

Ասոր համար ալ, մեր հետն էին նաեւ իսկական, թազի շուներ, որոնց ուղղակի գործն ու մասնագիտութիւնն էր, այդ պաշտօնը: Ոչ թէ իմ եւ եղբօրս պէս՝ տնային,  պատահական, խաշիմ թազիներ…

Պապայիս ընկերակցող հալէպցի հայերուն այդ որսորդական շուները, ճիշդ բաւարար  հեռաւորութեամբ, իրենց տէրերուն լուր կու տային թէ ուր են՝ գետինը գտնուող տատրակներու երամները: Առաջ որ անոնք, աւազի ամպ մը իրենց հետ բարձրացնելով, իրենց թեւերուն ուժգին թափ-թափ-թափ-թափի կենսատենչ աղմուկով, կարենան թռչիլ ու փախչիլ, հեռանալ, զէնքերուն տարողութենէն դուրս:

Ուրեմն, շնորհիւ այդ վարպետ շուներուն, յատուկ զգուշութեամբ – եւ արդէն զէնքերը պատրաստ – կը մօտենային որսորդները իրենց թիրախներուն:

Եւ այդպէսով, տատրակները ուշ կ’անդրադառնային վտանգին, երբ որ արդէն զէնքերու հասողութեան մէջն էին:

Մէկ մասը, կրակոցներուն տակ, թռչելու առիթը իսկ չէին ունենար, կը մնային գետնին վրայ, շնչազուրկ:

Մի քանի հատն ալ իրենց աղաւնիի վերջին շունչը կու տային՝ դէպի երկինք իրենց սլացքին ընթացքին: Երբ որ հազիւ գետնէն թռչելու սկսած՝ կը հասնէին զիրենք բզկտող, օդին մէջ – բառացիօրէն – փետտող -, գնդիկները:

Արիւնլուայ փետուրներով կը լեցուէր վայրը, գետինը եւ օդին մէջ ծփացող:

Կրակուած փամփուշտները նորերով փոխարինելու գործողութեան մի քանի երկվայրկեաններուն շնորհիւ,  լայնատարած երամին մէկ մասն ալ կը յաջողէր բաւարար հեռանալ, փախչիլ: Ողջ մնալ, գոնէ այդ անգամ:

Ճակատագիր…

Շրջանի անապատի ժողովուրդներու իմաստուն խօսքով՝ մաքթո՛ւպ:

Նոյն տեղը, քով-քովի հաւաքուած աղաւնիներուն մէջ, ոմանք պիտի կարենան ատենին թռչիլ ու վերապրիլ, մինչ միւսները պիտի զգետնուին, յօշոտուած:

Սակայն մահուան մէջ ալ, դասակարգներ կան…

Արդարեւ, որեւէ թռիչք չառած, գետնին վրայ արդէն սպաննուած տատրակներուն վախճանը նուազ պատուաւոր էր, քան թէ անոնցը, որոնք գոնէ քիչ մը կը թռչէին, կը բարձրանային դէպի վեր, եւ յետո՛յ կ’իյնային…

* * *

Բուն ջարդը սակայն՝ «մապիթ»ի [գիշերային օթեւան]  պահն էր:

Երբ որ արեւը կը սկսի մարը մտնել, վերջնական մութին նախորդող մօտ մէկ ժամուան մէջ, թռչունները կը քնանան: Պէտք է որ քնանան, անկարող են արթուն մնալու:

Անապատի տատրակները, ինքնապահպանման բնազդով, չեն ուզէր գետինը քնանալ: Ուր թէկուզ գիշերը մարդկային որսորդ չի մնար, սակայն մէջտեղ կ’ելլեն այլ գիշատիչ արարածներ:

* * *

Տուեալ անապատին մէջ, թռչուններուն համար, ոչ միայն գետինը պահուըտելու տեղ չկար, սակայն շատ հազուադէպ, սակաւաթիւ ու փոքր էին այն վայրերը, ուր անոնք կրնային համեմատաբար բարձր դիրքի մը վրայ  քնանալ, անասնային որսորդներէն պաշտպանուելու համար:

Գիշերային այդ ապաստարանները, անապատի մօտ բնակող մարդոց ջրային սարքաւորումներուն որպէս արդիւնք՝ մի քանի կարճ ծառերէ կազմուած փոքրիկ պուրակներ էին: Որոնց վերեւի ճիւղերուն վրայ տատրակները կրնային քնանալ, համեմատաբար նուազ խոցելի դառնալով ի դէմ՝  գիշերուան մէջ թափառող իրենց ճանկերն ու ակռաները սրած, գիշերային անօթի անասուններուն:

Իրենց այդ՝ դեռ ոչ ամբողջովին մութ քնանալու ժամը երբ որ մօտենայ, անապատին բոլոր տատրակները, այդ ծառերուն վրայ կ’ուզեն թառիլ, որպէսզի այդտեղ անցընեն գիշերը:

Մինչ որսորդները, այդտեղ դիրք բռնած, զիրենք կը սպասեն: Նոյն ծառերուն տակը… Հազիւ պահուըտած…

Արդարեւ, որքան որ մօտենայ մայրամուտի վերջին պահերը, սաստկացող թմրութեան, անդիմադրելի քնէութեան պատճառով, այդքան աւելի կը շատնայ, կը հոծանայ, ծառերուն վրայ իջնող, քարերու պէս ինկող, տեղացող, տատրակներուն քանակը:

Այնքան քուն կ’ունենան այլեւս, որ, օդին մէջ քունի չանցնելու համար, այլեւս նկատի չեն առնէր ծառերուն տակէն թնդացող պայթումները, դէպի իրենց արձակուող բոցերը, կապառի անողոք գնդիկները:

Եւ կը սկսի ջարդը:

Այդ պահուն, առանց նշան առնելու, առանց իսկ դէպի վեր նայելու, աչքերդ գո՛ց իսկ, եթէ կրակես օդին մէջ, մի քանի տատրակներ վար կը թափթփին, իրենց վերջին ու վերջնական քունին յանձնուած:

Մաքթուպ…

* * *

Որսորդութիւնը վերջացաւ:

«Et le combat cessa faute de combattants»! (P. Corneille, Le Cid).

Անկարելի էր որ այն կենդանի տեղատարափին բոլոր տատրակները ոչնչացնէինք: Լրջօրէն՝ բաւարար փամփուշտ չկար:

Նաեւ, այլեւս շատ մութ էր, անապատային խիտ գիշեր  – թէկուզ աշխարհի մէջ երկնակամարի ամենագեղեցիկ աստղերու անհուն տանիքով ծածկուած – :

Հաւաքեցինք անշունչ թռչունները, որչափ որ կարողացանք այդ հոծ մութին մէջ, ձեռքի լոյսերով:

Զանոնք լեցուցինք օթօներուն սնտուկը… պակաժնիքը… այնքան շատ էին, որ սնտուկին ղափախը չէր փակուէր, պէտք է որ աւելի սեղմէինք թռչուններու դիակներուն խիտ զանգուածը: Երբ որ վերջապէս գոցեցինք, սնտուկին ծայրերէն, կողմերէն՝ տատրակի փետուրներ, կոտրուած թեւեր, դուրս մնացին…

Սրբազան Հայրը դարձեալ հագուեցաւ իր սքեմը, խոշոր խաչը կախեց կուրծքին վրայ:

Ո՞վ գիտէ արդեօք, իր զուտ կղերական պարտականութիւններուն կողքին, ազգային ուրիշ ի՜նչ բաներով զբաղուած էր հաւանաբար այդ մարդը, Սփիւռքի ազգայնական Հայութեան համար այդ արտասովոր, իւրայատուկ, բացառիկ ժամանակներուն…

* * *

Վերադարձանք Հալէպ:

Այդ օրերուն, հայերուն համար, իրօք աննման տեղ մըն էր այդ քաղաքը: Նախնական, հարազատ եւ աւանդական Սփիւռքի զօրեղ մասնիկ մը:

Վերոյիշեալ հարուստ եւ մաքուր մարդը, մեզ ու բոլորին հրաւիրեց իր տունը, ընթրիքի:

Պապաս քաղաքավար կերպով պիտի մերժէր, քանի որ արդէն ուշ էր: Բայց մարդը շատ խնդրեց, ըսաւ որ արդէն ամէն ինչ պատրաստ է, սեղանը դրուած է

Առաւօտեան, մեկնելէն առաջ (այն երանելի ժամանակներուն, հեռախօսային շարժուն գործիքներ գոյութիւն չունէին…), իսկ սկզբանէ, տիկնոջ հետ դասաւորած էր որ գիշերը այդպէս, իրենց տունը հաւաքուինք:

Յարկաբաժին մըն էր, սակայն շէնքին ամենավերի յարկը: Լման յարկը… Մեծ, լայն, բացօթեայ թերասով, ծայրերը՝ փոքր թուփեր, հոյակապ ծաղիկներ:

Հայկական հարազատ բարքերը լաւ գիտցող, հալէպահայերու յատուկ ճաշասեղաններէն մէկուն շուրջ նստանք: Վայելեցինք:

Դեռ պատանի իսկ չէի: Պապայիս կողքին նստած, Հալէպի երկնքին տակ, երկնքի աստղերը եւ շրջակայ թաղերուն լոյսերը կը դիտէի: Առանց գիտնալու որ մէյ մըն ալ այդպիսի պահեր չեմ ապրիր երբեք, մեծամասնութեամբ՝ լաւ ու ազնիւ, առաքինի հայերով լեցուած այդ երկրին մէջ: Որ այժմ արդէն, ոչ եւս է:

Օդին մէջ ծփացող օղիին բուրմունքը գլուխս դարձուց:

Պապայիս թեւը գրկեցի, եւ աչքերս փակ, դէմքս հանգչեցուցի իր պինդ բազուկին վրայ: Առանց նայելու, քովընտի, մազերս խառնակեց ձեռքովը, շարունակելով իր եռանդուն խօսակցութիւնը սեղանակիցներուն հետ:

Քնացայ:

Սպառած, գինովցած, ապահով ու երջանիկ:

* * *

Այդ Հալէպն ալ, այդ Սուրիան ալ, մնացին միայն՝  յուշերու մէջ:

Այն – հետզհետէ աւելի սակաւաթիւ – անձերուն յուշերուն մէջ, որոնք տակաւին չեն… ինկած:

Անապատին մէջ, մայրամուտի մապիթի վերջին պահերուն՝ այլեւս միայն ապահով տեղ մը գտնել, հանգչիլ,  քնանալ ուզող, անապատի աղաւնիներուն  պէս:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

31 Մայիս 2025

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Լուպնեն ըլ ա՛խտար…

Հետեւեալ հանրային,  իւրաքանչիւրը իր հրապարակման պահին՝ ստորագրուած գրառումներուն հեղինակն է՝ Մ. Հայդուկ Շամլեան

Դիմատետրի վրայ այս գրառումներէն ոմանց ներքեւը փոխանակումներ կան, որոնք երբեմն բովանդակալից են:

* * *

07 Հոկտեմբեր 2023 ՝

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid0TpbD7mAnCD95PiwNBjgQ6h5JJS8LXJDkk1L3ZDc1DMACau6Kj8WcSgGypHYGuTgol&id=100063953917374

Իսրայելի վրայ այսօրուայ, խեղճ պաղեստինցիներուն – թէկուզ տպաւորիչ, նոյնիսկ յուզիչ – յարձակումը, պարզապէս խոշոր տեսակի՝ suicide-attack մըն է:

Որուն գինը շատ ծանր կերպով պիտի վճարեն, անգամ մը եւս եւ ըստ սովորութեան, պաղեստինցի ժողովուրդը: Եւ դեռ քիչ մը ալ աւելին, քանի որ Նաթանյահուն վստահաբար առիթը պիտի օգտագործէ, առաւելագոյն «մաքրագործում» կատարելու համար:

Մինչ, որեւէ արաբական երկիր, ոչ ալ Պարսկաստանը, բան մըն ալ չըրին եւ բան մըն ալ պիտի չընեն՝ գետնի՛ վրայ, միանալու համար այդ յարձակումին:

Այս ամէնը, as usual: Տասնամեակներէ ի վեր…

—–

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid0DrUEucBhPUWRQ4PQxQe3o5XRm6ZxruprcLxaYVLd8EeS35yDCFV2VjCfeLTD7Efxl&id=100063953917374

Իսրայէլը թող յարձակի Իրանի վրայ, նոյն առիթով Ադրբեջանը թող մտնէ Իրան, եւ Իրանի վրայով թող բանան թրքական միջանցքը: Արդէն միլիոնաւոր ազերիներ կ’ապրին Իրանի ճիշդ այդ, Ադրբեջանի սահմանամերձ, հիւսիսային տարածքներում:

Հայաստանն ալ, շունչ մը կ’առնէ գոնէ…

—–

« Ադրբեջանն ամբողջությամբ վերադարձրել է իր տարածքները. այս մասին հայտարարել է Իրանի Զինված ուժերի գլխավոր շտաբի պետ, գեներալ-մայոր Մոհամմադ Հոսեյն Բաղերին՝ մեկնաբանելով Արցախում տեղի ունեցած վերջին իրադարձությունները, գրում է Mehr-ը։ »

«Այն, ինչ մինչ այժմ արել է Ադրբեջանը, դա իր տարածքային ամբողջականության վերականգնումն է։ Վերջին շաբաթների իրադարձությունների շնորհիվ նա կարողացավ վերականգնել լիարժեք ինքնիշխանությունն ու տարածքային ամբողջականությունը»,- ասել է իրանցի գեներալը։

Այս է ուրեմն, որոշ լիբանահայերու շատ սիրելի Հըզպալլայի տէրերուն դիրքը…

Եւ այն պետութիւնը, որուն վրայ դրած են հիմա իրենց յոյսերը, հայաստանցիները:

Կը յուսամ որ Իսրայէլի յայտարարած պատերազմը չ’ուղղուիր դէպի մեր խեղճ Լիբանանը, այլ յարձակումը կը կատարուի ուղղակի՝ Իրանի վրայ:

Նոյն առիթով, փոխանակ Հայաստանի վրայ յարձակելու, Ադրբեջանը թող մտնէ Իրան, եւ այդտեղէն թող բանան թրքական միջանցքը: Արդէն միլիոնաւոր ազերիներ կ’ապրին Իրանի ճիշդ այդ, հիւսիսային շրջանին մէջ:

* * *

08  Հոկտեմբեր 2022

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02r7XeydVjFFuC1rRsjjAfA2H87nUDxzLw1tDyuLNeKS9CpYriGcVN4tANsCYBE8U1l&id=100063953917374

Պիտի ջանամ դեռ աւելի պարզ եւ յստակ կերպով ըսել, ինչ որ պարզաբանած եմ նախորդ գրառումներուս մէջ:

Իրանը կ’ուզէ կոր զարնել Իսրայէլին, լաւ: Պրավօ իրեն:

Բայց իր խրոխտ հրթիռները ինչո՞ւ չ’արձակեր կոր… Իրանէն:

Այլ զանոնք քաջաբար կը նետէ կոր Իսրայելի վրայ… Լիբանանէն !

WTF !!

Ասկէ աւելի՝ փիս, վախկոտ, կեղտող, պիղծ, chickenshit, էխըլշ**մութայութիւն, չի՛ կրնար ըլլալ:

Հայդուկ Մամիկոնեան

—-

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02oHPNd28TujVBDfs25HpmpWgn8DYMzT11Zaoj7jkRJGsKExD9t65aDBGFpghd4pTul&id=100063953917374

Հա, մէյ մըն ալ՝ Իրանը շիիթ է, եղեր, մինչ Թուրքիան՝ սիւննիթ է…

Շատ բարի…

Սակայն երբ որ նիւթը կը վերաբերի հայերուս, այդ զանազանութիւնը որեւէ օգուտ չունի:

Շիիթներն ալ, սիւննիթներն ալ, սիւննէթնե՛րն ալ, նոյն… շի՛թն են, երբ որ այդ – խորքին մէջ յարգելի – վարդապետութիւնները կլման կ’անջատուին հոգեւորական ոլորտէն, եւ կը տեղափոխուին գաղափարաբանական, քաղաքական եւ մարտական դաշտ:

Իսկ մոլեռանդ բոլոր մահմետականներուն համար, նոյնիսկ եթէ իրենք իրարու դէմ կը կռուին, իրենց միշտ պիտի միացնէ իրենց միացեալ մոլեգին ատելութիւնը, բնազդային գազանութիւնը՝ քրիստոնեաներուն նկատմամբ:

Եւ մենք, քրիստոնեայ ենք… Կեաւուր, տհիմի, անհաւատ, քաֆիր, տեւաբար մորթուելու դատապարտուած գառնուկներ:

—-

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid038AeuLLj6gtd5EtkoV46bKpBXZohjLZDYRutmAfRzN5hkt8hSnCCfc7xT8befBrGcl&id=100063953917374

Արաբական բոլոր երկիրներ, եւ Պարսկաստանը, իրենց տեղերը անշարժ նստած, կը դիտեն կոր միայն պաղեստինցիներուն յարձակումը Իսրայէլի դէմ: Անոնցմէ որեւէ մէկը չմիացաւ այդ մարտական գործողութեան:

Միայն Հըզպալլահ կոչեցեալ, լամպաները այրածների զզուելի հաւաքածոն, ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջէն, հրթիռներ կ’արձակէ Իսրայէլի դէմ:

Որպէսզի, անգամ մը եւս, Իսրայէլը մուխը մարէ Լիբանանին: Արդէն կարծես շատ մուխ մնացած է այդ խեղճ երկրին մէջ – ծննդեան հայրենիքս – :

Օր մը վերջապէս հանգիստ պիտի ձգե՞ն, սա Լիբանանը… ե՞րբ… երբ որ երկու հատ խճաքար մնայ միայն այդ երկրին մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիութիւնը բնաւ չի նշանակեր որ Լիբանանի Հըզպալլայի ղեկավարները լիբանանցի են:

Պարզապէս, արտաքին հաշիւներով Լիբանանը քայքայողներու երկա՜ր ցանկին՝ ցարդ վերջին ու ամենացայտուն, քանդիչ ուժն է՝ նենգ ու վախկոտ Պարսկաստանին ծառայող, այդ վոհմակը:

Դիմացի՛ր Լիբանան: Ասոր ալ, դիմացիր: Ես քո ցաւը տանեմ…

* * *

09 Հոկտեմբեր 2023

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid04kSVvBKaQGWdQjPntfYardrtcVaTxCRzcP3hKy2WxNiqdsDKmYnGnwtSiZ5QPXzyl&id=100063953917374

Արձանագրենք նաեւ հետեւեալը:

Պաղեստինի «Ուեսթ Պէնք» շրջանին մէջ, ի տարբերութիւն Կազա-ին, նուազագոյն չափով միայն Իսրայէլը քօնթրօլ ունի – արբանեակներով եւ լրտեսներով միայն – :

Մինչ այդտեղ, որոշակի հեղինակութիւն եւ ներկայութիւն ունի՝ Իրանը, իր նշանաւոր Հըզպալլահին միջոցաւ:

Սակայն այդտեղէն ալ, Ուէսթ Պէնքէն, ոչ մէկ հրթիռ արձակուեցաւ Իսրայէելի վրայ, ոչ ալ – ծովային ճամբով եւ թիւնելներով – որեւէ ներխուժում չկատարուեցաւ՝ Իսրայէլի տարածք:

Կազա-ն է որ հիմա պիտի ստանայ միայն Յահվէական դժոխային պատիժը…

Խեղճ պաղեստինցիներ…

. յաւելում, 09 Հոկտեմբեր 2024 ՝

[Վերեւի այդ] գրառումէս ի վեր, մի քանի կրակոցներ եղան՝ այդ Սիսժօրտանի կոչուած հսկայական տարածքէն: Սակայն Կազայի վիճակին բաղդատած, Պաղեստինի այդ բաժինը կը մնայ հանգիստ ու խաղաղ…

Ի դէպ, Սիսժօրտանի կը կոչուի, քանի որ սահմանակից Յորդանանին մէկ մասնիկն է:

Մինչ, այդ ամբողջ Յորդանանը, իրականութեան մէջ՝ Պաղեստի՛ն է:

Եւ այդ պատճառով է որ այդ արաբական շինծու «թագաւորութիւն»ը ծպտուն չի հաներ, երբ որ Իսրայելը կը յարձակի պաղեստինցիներուն վրայ:

Այժմու պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ թոյլ չտուաւ որ իր վրայէն անցնին Իրանի արձակած հրթիռները դէպի Իսրայէլ:

Յորդանանին վախը այն է որ, պաղեստինցիները կրնան – դարձեալ – պահանջել իրենց հողերը, որուն վրայ կը գտնուի այդ երեւակայական երկիրը: Անապատային միրաժը:

Մէկ հատ դուք ձեզի գտէք տեղեկութիւնները, թէ ինչպէս Յորդանանի մէջ, այդ նախկին զզուելի, կիւչչիւկ «թագաւորը», ջարդի ենթարկեց պաղեստինցի ֆետայիները… կուկըլ ըրէն՝ Jordan Black September

* * *

13 Ապրիլ 2024

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid0tsrFXu4qr5Vk31zieXFCdRW6oqYzU3KdUkWwnAiY3xGhsGUadmUDptbxwf6o8nDAl&id=100063953917374

Իրանի ռազմական ուղիղ յարձակումը՝ Իսրայէլի դէմ, սկսաւ:

Որոշ տեսանկիւնէ մը, թերեւս Իսրայէլի ուզածն էր, այս յարձակումը: Որպէսզի առիթը ունենայ Իրանը քանդելու:

Քանզի եթէ բախումը, տարողութեամբ եւ ժամանակի մէջ՝ չսահմանափակուի, հաւանական է որ Իրանը պարտուի: Որպէս պետութիւն, անէանայ, կամ ալ դառնայ խամաճիկը ԱՄՆին – ինչպէս որ էր արդէն, ոչ այդքան ալ հեռաւոր անցեալին, Շահի վախտ – :

Իսկ այդ պարագային, հենց որ Իրանը լման հաշիւէն դուրս ելլէ, թուրքերու լայնածաւալ յարձակումի շարունակութիւնը՝ Հայաստանի վրայ, չափազանց հաւանական է:

Յուսանք միայն որ այդ թրքական յարձակումի վերաբռնկումը չսկսիր, Իրան-Իսրայէլ պատերազմի ընթացքին իսկ արդէն: Այսինք, եկող օրերուն:

* * *

14 Ապրիլ 2024

Իրանի եւ Սուրիոյ սարսափը՝ Լիբանան Փիւնիկին վերակենդանացման անմիջական հնարաւորութեան դիմաց:

Ներքեւի գրառումիս որպէս Յ.Գ., հետեւեալը բացատրած էի՝

« Կը յուսամ որ Լիբանանս ալ՝ այդ առիթը կ’օգտագործէ, ազատագրուելու համար Իրանի լուծէն: Իր մէջէն մաքրելով այդ հըզպալլա ժահրը, քանսերը:

Ու անկէ ետք, եթէ սիւննիթներն ու մնացորդ քրիստոնեաները յաջողին իրարու հետ լեզու գտնել՝ Փիւնիկը դարձեալ կեանք կ’առնէ: »

Քիչ առաջ լսեցի հետեւեալ լուրը – հաւաստի աղբիւրներով ստուգուած – ՝

Հըզպալլան եւ իր դաշնակից սուրիական տարրերը Լիբանանի մէջ՝ առեւանգած, ապա դաժանօրէն սպանած են, Լիբանանի մնացորդ քրիստոնեաներու հիմնական կազմակերպութեան, «Լիբանանեան Ուժեր»ու, ղեկավար մը: Դիակը, Սուրիոյ մէջ գտնուած է:

Երեւի իրենք ալ լաւապէս հասկցած են, իրենց համար հետզհետէ յստակացուող վերոնշեալ վտանգը…

Եւ հետաքրքրական է որ, այնքան տկարացած են, որ կը վախնան նոյնիսկ՝ այդ կմախքային դարձած հակա-Իրան/հակա-Սուրիա լիբանանեան կազմակերպութենէն:

Ցաւալին այն է, միայն, որ հաւանաբար Թուրքիան ալ պիտի մասնակցի Լիբանանի ազատագրումին՝ Իրանի եւ Սուրիոյ ճիրաններէն:

Բայց, դեհ… Գոնէ նուազ ցաւալի է, քան թէ տեսնելը թէ ինչպէս, Հայաստան անունով երկիր մը, իյնալու վրայ է՝ նոյն Թուրքիոյ գիրկը:

* * *

27 Սեպտեմբեր 2023

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02n1T4A7FjtLcKPwPhdyQ9kKyLegNP9GrLLtv3juA5bWEgaNXpuczCCmwMZQP4LoaNl&id=100063953917374

Թերեւս – քի՜չ մը – օգտակար կրնայ ըլլալ, ոմանց… (բայց կրնայ նաեւ հակառակ ազդեցութիւնն ալ ունենալ…) ՝

Փորձել դիմանալու համար այս պահին, Լիբանանի պատերազմին ամենաահաւոր օրերու նկարները եւ վիտէօները կը դիտեմ կոր, Կուկըլ-Իմըճըզի եւ Եութուպի վրայ…

Անձնական քասէթ մըն ալ ունիմ, Արեւմտեան Պէյրութի մեր տունի պալքօնին վրայ, գիշերուան մէջ արձանագրուած, կրակոցներու եւ ռմբակոծումի ձայներուն: Բայց գործիքը չկայ, որ կարենամ մտիկ ընել… Եթէ ժապաւէնը փճացած չէ արդէն… (Տարօրինակ է, սակայն. այդ քասէթը եթէ մտիկ ընեմ, տիրապետող զգացումս… սփոփանք պիտի ըլլայ, ուրախութիւն. քանի որ այդ ժամանակներուն, եւ անկէ ետք դեռ մինչեւ մօտակայ անցեալին, քոյրս, մամաս եւ պապաս, ողջ էին… եւ շա՜տ ուրիշներ… շատ, շատ…)

Կը յուսամ միայն որ մնացած կեանքիս ընթացքին, նոյնանման կացութեան մը մէջ, Արցախի վերաբերող վերջին տարիներու եւ այս մանաւանդ այս պահի վիտէօները պիտի չդիտեմ…

* * *

08 Հոկտեմբեր 2023

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid024KDC9foGqRM97o8XNEp19HHknamF7q3pjY3CyJVgZfC3LnhTApKqgomRFMUtXQyxl&id=100063953917374

Արաբական բոլոր երկիրներ, եւ Պարսկաստանը, իրենց տեղերը անշարժ նստած, կը դիտեն կոր միայն պաղեստինցիներուն յարձակումը Իսրայէլի դէմ: Անոնցմէ որեւէ մէկը չմիացաւ այդ մարտական գործողութեան:

Միայն Հըզպալլահ կոչեցեալ, լամպաները այրածների զզուելի հաւաքածոն, ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջէն, հրթիռներ կ’արձակէ Իսրայէլի դէմ:

Որպէսզի, անգամ մը եւս, Իսրայէլը մուխը մարէ Լիբանանին: Արդէն կարծես շատ մուխ մնացած է այդ խեղճ երկրին մէջ – ծննդեան հայրենիքս – :

Օր մը վերջապէս հանգիստ պիտի ձգե՞ն, սա Լիբանանը… ե՞րբ… երբ որ երկու հատ խճաքար մնայ միայն այդ երկրին մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիութիւնը բնաւ չի նշանակեր որ Լիբանանի Հըզպալլայի ղեկավարները լիբանանցի են:

Պարզապէս, արտաքին հաշիւներով Լիբանանը քայքայողներու երկա՜ր ցանկին՝ ցարդ վերջին ու ամենացայտուն, քանդիչ ուժն է՝ նենգ ու վախկոտ Պարսկաստանին ծառայող, այդ վոհմակը:

Դիմացի՛ր Լիբանան: Ասոր ալ, դիմացիր: Ես քո ցաւը տանեմ..

* * *

16 Յունիս 2024

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02PTSXjzS8eA7DoGBL6W1pEvb5eZXaUnU2gVMDf9n6PiqBJNhKGt75z8Gqw8knVh2al&id=100063953917374

* * *

23 Յունիս 2024

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid0oBP1AdEpbuyTYnUbGBd5SymsQ5pt6gRczZ8E9wykxave7yiA3qSpQmJdJsVDEevTl&id=100063953917374

Հ.Օ.Մ.-ը, համաշխարհային Ընդհանուր Ժողով գումարած է, Քանատայի մէջ: (Տարիներ առաջ կ’ըլլայ կոր, ասիկա…)

Ուրեմն, բազմաթիւ երկիրներէ, պատգամաւոր հօմուհիներ եկած են: Ներառեալ, Իսրայէլ-էն:

Հաւաքի սրահին բեմին վրայ, այդ բոլոր երկիրներուն դրօշակները կան:

Հրաւիրած են որ խօսք առնէ՝ Լիբանանի այդ օրերու նախագահին կինիկը: Այսօրուայ նախագահին պէս, իր աթոռին համար ինքզինք ու իր ազգը ծախած, անամօթ, անպատիւ, մարօնիթ նախագահին կինը:

Եւ այդ պատճառով, Իրանին ծառայող Լիբանանի նախագահին յիշեալ տիկինը երբ որ բեմ կ’ելլէ, պէտք է որ… ծածկենք Իսրայէլի դրօշակը !

Գանատայի մէջ !!!

Դե բա «Ապակեդրոնացո՜ւմ» :

Մի ստիպէք որ սկսիմ խօսիլ…

* * *

07 Հոկտեմբեր 2024

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02P2efqz7Hu9mwHUVFqL4s1EJcFGwA7YYK3LvnMnhTFCY32oLHnc64ZYJBkfiaDGoAl&id=100063953917374

Իր «Մեծն Սուրիոյ» երազանքով, Սուրիան ամէն ջանք կատարեց (ներառեալ՝ բնակչութեան խիտ թաղերու ռմբակոծումը, ռազմական օդանաւներով), ուղղակի բռնագրաւելու համար Լիբանանը:

Ձախողեցաւ: Չհասաւ իր այդ մուրազին:

Ուրեմն սպանեց՝ դեռ նոր նախագահ ընտրուած Պաշիր Ժըմայելը, որ կը մարմնաւորէր միակ ու վերջին յոյսը՝ որ Լիբանանը դարմանուէր, վերականգնէր, դառնար մարդավարի երկիր մը:

* * *

Յետոյ Իրանը, նոյն այդ Սուրիոյ գործնական օժանդակութեամբ, սպանեց՝ Րաֆիք Հարիրի վարչապետ: Որ վերջապէս կարողացած էր յուսադրիչ ընթացքի մը մէջ դնել Լիբանանի վերականգնումը:

Եւ արդէն քառորդ դարէ ի վեր, այդտեղէն դուրս հանելէ ետք հարազատ լիբանանցի զինեալ ուժերը, Իրանը բռնագրաւած է Լիբանանի հարաւը: Եւ իր քօնթրօլին տակ արած է Լիբանանի կոտրտուած, երեւութային ու ձեւական դարձած, մեռած պետութիւնը:

Այսօր, օրինապէս, ըստ իր Սահմանադրութեան՝ Լիբանանը չունի խորհրդարան, չունի կառավարութիւն, չունի նախագահ: Իսկ բանակի մասին խօսիլը արդէն ճօք մըն է:

Լիբանան չկայ: Կայ միայն՝ Իրանի ստեղծած յատուկ ռազմադաշտը, Իսրայէլի դէմ իր բախումին համար:

Իսկ հակա-իսրայէլ մի քանի արաբներուն եւ Իրանի ետեւը՝ Ռուսաստա՛նն է:

Որ արդէն մեր Արցախը ծախեց, եւ ՀՀի մնացորդն ալ պիտի խորտակէ, Թուրքիոյ հետ իր հաշիւներուն համար:

Վերեւ պարզուած տարրական բացատրութեան լոյսին տակ հետեւեցէք այժմու լուրերուն: Խօսքս ուղղուած է ուղղամիտ հայերուն, եւ ոչ թէ՝ այլազան հաշիւներ ունեցող «ղեկավարներուն» – ՀՀի եւ Սփիւռքի մէջ – :

—–

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid02TAassFG9Xe4xQ4Z5yQwgCSBzqAn7aUo7VYYgnqC6vXzPHSekWG4gNcepCdXamY2ol&id=100063953917374

Credentials :

Ես ծնած եմ Լիբանան:

Այսինքն այդ երկիրը, իմ ծննդեան հայրենիքս է: Ընդմիշտ եւ յաւիտեան:

Այդտեղ, մանկութեանս եւ պատանեկութեանս օրերուն, ճանչցած եմ՝ Հայ Ազգ մը, զորս մեյ մըն ալ չգտայ ու չեմ գտներ որեւէ այլ տեղ, այս աշխահին մէջ, ներառեալ Արցախ եւ ՀՀ (հետեւաբար չեմ գիտեր եթէ ատիկա բախտաւորութիւն մըն էր, թէ անէծք մը…)

Քաղաքացիական ներքին պատերազմին եւ անոր առնչուող միջազգային պատերազմներուն ընթացքին, որոնք սկզբնապէս տեղի ունեցան Լիբանանի մէջ, մէկ տարի ընդմիջումով, Լիբանանի մէջ ապրած եմ՝ 1975էն մինչեւ 1982 :

Այդ ալ, Արեւմտեան Պէյրութ: Այն ժամանակ կիսուած քաղաքին՝ մահմետական բաժինին մէջ:

Այդտեղ կը գտնուէի տակաւին, երբ որ Ցահալը առաջին անգամ ներխուժեց:

Մնացի այդտեղ, այդ յարձակումին եւ կռիւներուն ընթացքին՝ 06 Յունիսէն մինչեւ 15 Օգոստոս 1982 : 16 տարեկան էի:

Ի դէպ, նշեալ ժամանակամիջոցին, ի տարբերութիւն այդտեղ բռնուած, մեկնելու որեւէ այլընտրանք չունեցող՝ սուրիահայերուն եւ պարսկահայերուն, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի անցագիրներիս գրպանիս մէջ, ես շատ հեշտօրէն կրնայի անցնիլ քաղաքին քրիստոնեայ կողը, ես ալ երթալ ու վայելել Ճիւնիի ծովեզերքը, սինեմաները, ճաշարանները… ինչպէս որ ըրին լիբանահայ տարեկիցներուս եւ ընդհանրապէս մեր այդ թաղերուն մէջ բնակող հայերուն՝ 95%ը… անոնք որոնք, տարինե՜ր առաջ, վերջնականապէս չէին տեղափոխուած արդէն գանատաները, ֆրանսաները, ԱՄՆները:

* * *

Այն լիբանահայը, որուն տարիքը այսօր 55էն պակաս է, ԵՒ որ չէ ապրած, գետնի վրայ, տեղւոյն վրայ, Լիբանանի սկզբնական պատերազմներուն գոնէ մի քանի տարիները՝ իր xՌէ՛ն-գլուխէն տեղեակ չէ, թէ ինչի մասին կը խօսի կոր:

Կարծես թէ իրապէս ուրիշ մոլորակի մը վրայ եմ, երբ որ կը հանդիպիմ քսաննոց, երեսուննոց լիբանանցիներու (ո՛չ միայն հա՛յ) տենդոտ «կարծիքներուն», Լիբանանի վերաբերեալ:

* * *

17 Հոկտեմբեր 2023 ՝

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=pfbid0HAFPmYpFX3TAAXEKqCyj8pekMCwci1ZwGpHDPsDLGScNL9JxeEg4EVPqYm3dP31Yl&id=100063953917374

. Երկու օր առաջ, Իսրայէլը ռմբակոծեց Լիբանանի մէջ գիւղ մը, որ շատ հեռու է Լիբանանի այն տարածքներէն զորս, Հըզպալլայի միջոցաւ, Իրանը բռնագրաւած է ուղղակի հողային իմաստով:

Քրիստոնէական տարածաշրջան մըն էր, թիրախը:

. Լիբանանի բնիկ ժողովուրդ՝ քրիստոնեաները, դժբախտաբար միասնական չեն, Իսրայէելի նկատմամբ իրենց դիրքորոշումներով:

. Հետեւաբար, բացատրութիւն մը կրնայ ըլլայ այն, որ հըզպալլացի ղեկավարներ պահուըտած էին այդ քրիստոնէական գիւղին մէջ:

. Սակայն կրնայ ըլլալ որ հարուածը՝ ուղղակի այն

քրիստոնեայ ուժերուն դէմ էր, որոնք Իրանի եւ Սուրիոյ collaboratorներն են:

Այս պարագային, Իսրայէլի նպատակը կրնայ ըլլալ՝ խփել այն բնիկ լիբանանցիները որոնք կը համագործակցին Իրանի եւ Սուրիոյ հետ:

Որպէսզի ատկէ օգտուին՝ անոնց հակադրուող, Լիբանանի ազատագրումին տենչացող, հարազատ լիբանանցիները:

Եւ այսպէսով, թերեւս գոյանայ ինքնիշխան Լիբանան մը:

ԻնշԱլլա խեյր:

* * *

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Հոկտեմբեր 2024

հաւանաբար շարունակելի…

Մեր տան պալքօնը

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Շուարած մուհաճիրութիւն

1976ին, երբ որ սկսած էին Լիբանանի պատերազմները, մեր –  իրենց երեխաներուն – ապահովութեան եւ ապագային մտածելով, ծնողքս որոշեց որ արտագաղթենք՝ Քանատա:

Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանատունը դատարկուած էր  հիմնական ծառայութիւններէ:

Պէտք է որ երթայինք Կիպրոս, այդտեղ կատարելու համար վերոնշեալ հիւսիսային երկիրը ներգաղթելու հարկաւոր գործողութիւնները:

Ուրեմն, Արեւմտեան Պէյրութի մեր տունէն, հինգս միասին, լեցուեցանք Պապայիս նշանաւոր, կապոյտ Տօճ Քորոնէթին մէջ:

Եւ գացինք… Քեսապ:

Որովհետեւ Պապաս եւ Մամաս նախ եւ առաջ, ամենահրատապ կերպով, կ’ուզէին մեզ դուրս հանել պատերազմի դժոխքէն:

* * *

Քեսապ ապրեցանք, երեք ամիս:

Տասնըմէկ տարեկան էի:

Առտուընէ իրիկուն, գաւազան մը ձեռքս, լեռներն ու ձորերը կը թափառէի, կը «չափչփէի»:

Պէյրութէն Քեսապ ճամբուն վրայ, Հալեպի շուկայէ մը՝ զըռ կանաչ, լայն (անշուշտ փաթ-տ’էլէֆաններով), ճինզէ տաբատ մը գնած էին ինծի համար:

Զայն կը հագուէի` մինչեւ կուրծքս վեր քաշած, խոշոր գօտիով մը ամուր կապած:

Քանի որ արագօրէն հասակ կը նետէի: Եւ ուրեմն, փոխանակ՝ ոտքերուս մասը նախ կարճեցնելու, ապա պարբերաբար, կարճ ժամանակի մէջ մի քանի անգամ երկարեցնելու, Մամաս կը թողնէր պարզապէս որ, բնական ընթացքով, հասակս հանգրուանաբար համապատասխանէր տաբատին նախնական երկարութեան:

Ուրեմն պէտք է որ սկսէի տաբատը վրաս կապել կրցածիս չափ վեր քաշելով, յետոյ, մօտաւորապէս ամէն ամիս, գօտիին մասը կամաց-կամաց իջեցնել մինչեւ մէջքս: Որպէսզի մինչ այդ, փաթ-տէլէֆաններուս լայն ծայրերուն մուխը չմարի, գետինները քսուելով, աւլելով: Լաւ որ ստիպուած չէի սկսիլ՝ մինչեւ վիզս հանելով գօտիս…

Բայց այնքա՜ն ուրախ էի… բառացիօրէն, այնքան երջանի՛կ էի այդտեղ, որ կը ջանայի ծնողքիս համոզել որ վազ անցնին Քանատայէն, մնանք Քեսապ, մնայուն բնակութիւն հաստատենք այդ սքանչելի հայկական գիւղին մէջ:

 * * *

Քեսապի վերեւի ծայրամասը, մեծ բլուրի մը լանջին վրայ կը գտնուէր: Այդտեղի  – այն օրերուն, ցանցառ – տուներուն ետին, աւելի վեր որ բարձրանայիր, գագաթէն հազիւ երկու հարիւր մեթր անդին՝ Թուրքիա էր: Կիլիկիա:

(Պապաս այդ – անյայտ – սահմանագծին վրայ, իր երկու թազիներուն հետ, միաժամանակ երկու կաքաւներ օդին մէջէն զարկաւ, որսորդական հոյակապ տուպլէ մը ըրաւ: Բայց ատիկա ուրիշ անգամ կը պատմեմ: )

Իսկ Քեսապի ներքեւը, քալելով, հինգ վայրկեանէն կը հասնէիր՝ թրքական սահմանը: Ուր ընդհանրապէս պահակ իսկ չկար… Ո՞վ պիտի համարձակէր անցակէտը անցնիլ, առանց արտօնութեան…

Քեսապի մեր այս կեցութեան ընթացքին, Պապայիս կապոյտ Տօճ Քորոնէթով, հարկաւոր պաշտօնական թուլատրութեամբ՝ մտանք Թուրքիա:

Հաւանական է որ հայրս այդ պահուն, «ցանկամ տեսնեմ զիմ Կիլիկիա» կ’երգէր… աչքերը արդէն կարմրած ու ջրոտած…

Այդ առիթով է որ կեանքիս մէջ գոնէ մէկ անգամ տեսայ հայրական մեծ-հօրս եւ Պապայիս մանկութեան Պելանը, Իսքենտերունը, էքիզ-Oլուխը: Մայրական մեծ հօրս Ատանան:

* * *

Իսքէնտերունի փառաւոր քարափը, տարիներու ընթացքին, ինծի համար դարձաւ խորհրդանիշը՝ Պապայիս անսասան ուժին, արտակարգ տոկունութեան, անխորտակելութեան:

Եւ իրօք, մինչեւ իր վերջին շունչը, ոչինչ, որեւէ՛ բան չկարողացաւ երբեք կոտրել, տկարացնել այդ մարդը: Ոչ իսկ զաւակին մահը…

Սակայն քարափին հետ այդ բաղդատականէն դուրս կը մնայ՝ հանդարտութիւնը…

Թէեւ, հիմա որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, այդ յատկանիշն ալ աւելցաւ՝ Կիլիկիոյ այդ հսկայական ժայռին եւ Պապայիս միջեւ, խորհրդանշական սերտ կապին:

Առաւել, յաւերժականութիւնը:

* * *

Այդ քարափին դիմացի, աննման Միջերկրականին վրայ երկարող տախտակամածին ծայրը, բացօթեայ սրճարան մը կար:

Ընտանեօք նստանք այդտեղ, իրիկուայ դէմ:

Մէկ կողմէն՝ ծովին, միւս կողմէն՝ քարափին տեսարանները վայելեցինք, մեր գլուխները անդադար մէկ կողմէն միւսի դաձնելով: Լուռ էինք: Շատ տարօրինակօրէն, նոյնիսկ ես…

Նոր պանդխտութեան դեռ շատ երկար ճամբուն վրայ, դէպի ապագայ երթալէն առաջ, նախ ուրեմն վերադարձանք էին՝ պապենական ակունքներ:

Հակառակ որ օդը տաք էր – սպասաւորը զարմացաւ ու խնդաց, երբ որ ապսպրեցինք – Պապաս պնդեց որ անպայման՝ տաք կաթ խմենք: Մեղրով:

Հաւանաբար իր մանկութենէն յիշատակ մըն էր, որ ուզեց իր մանուկներուն հետ վերապրիլ, այդտեղ: Մամայիս հետ մեղմ ժպիտ մը փոխանակելով…

Քրտնելով, քրտնելով, լաւ մը խմեցինք:

* * *

Վերադարձանք Քեսապ, եւ պահը հասաւ այնդտեղէն Կիպրոս երթալու:

Պապաս դասաւորած էր որ ուղեւորութիւնը կատարենք… նաւով:

Ուրեմն, կապոյտ Տօճ Քորոնէթը նստանք, եւ իջանք՝ Լաթաքիա: Ուր ծով եւ նաւահանգիստ կայ:

Նաւը, ռուսական էր:

Մե՜ծ, սպիտակ, շքեղ նաւ մըն էր:

Սակայն չեմ գիտեր ինչու, մենք եւ մի քանի տասնեակ ուրիշ ճամբորդներ, սենեակներ չունէինք:

Գիշերը անցուցինք սրահի մը մէջ, ուրիշ ճամբորդներու հետ:

Պապաս եւ Մամաս, Լիբանանի պատերազմները սկսելէն ի վեր, օրուայ ընթացքին մեր առջեւ միշտ կը մնային ուրախ, ժպտուն, խանդավառ եւ եռանդուն:

Մենք ալ, ուժ եւ վստահութիւն կ’առնէինք իրենց այդ վիճակէն: Մինչ մեր շուրջ հետզհետէ կը խորտակուէր, կ’անհետանար՝ ամբողջ աշխարհ մը: Մեր մանկութեան լման միջավայրը, կեանքը: Մեր մանկութիւնը, ինքնին:

Այդ գիշերը, Լիբանանէն դէպի Քանատա մեր արտագաղթի ճամբուն վրայ, մեզ – Քեսապով եւ Լաթաքիայով – ՝ Կիպրոս տանող այդ ռուսական նաւին վրայ, հասկցայ որ մեր առջեւ ծնողքիս ցուցաբերած այդ անհոգութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, իրական չէին: Իրենց զաւակները «խաբելու» համար էին:

Արդարեւ, մինչ՝ Վաչէին եւ Ցոլինէն հետ անկիւն մը, գետինը կծկուած, կը քնանայինք, պահ մը յանկարծ արթնցայ: Մինչեւ քունիս մէջ իսկ, անհանդարտ երեխայ էի…

Եւ կիսաբաց աչքերովս յանկարծ տեսայ, այդ պահուն՝ Պապաս եւ Մամաս:

Իրենք չէին քնացած, որպէսզի հսկեն մեր վրայ, քանի որ սեփական սենեակի մէջ չէինք: Եւ կարծելով որ երեքս ալ, շնորհիւ ծովային օրօրումին, խոր քունի մէջ ենք, դադրեցուցած էին իրենց վերոյիշղեալ, այդ ծնողական դերասանութիւնը: Թէ՝ ամէն բան շատ լաւ է, շա՜տ լաւ պիտի մնայ, եւ դեռ աւելի՛ լաւ պիտի ըլլայ:

Եւ ուրեմն այդ պահուն, իրենց դէմքերը դարձած էին… անճանաչելի:

Կիտուած յօնքեր, կնճռոտած ճակատ, մթագնած աչքեր… մտահոգ, մտազբաղ, տխուր ու մռայլ դէմքեր…

Սիրտս ալ կծկուեցաւ:

Անմիջապէս աչքերս ետ փակեցի որ քնանամ, որպէս փախուստ: Որպէսզի չտեսնեմ Պապայիս եւ Մամայիս այդ դէմքերը:

Սակայն զանոնք մինչեւ այսօր դեռ կը տեսնեմ:

Եւ ամէն անգամ, դարձեալ սիրտս կը կծկուի:

* * *

Հասանք Կիպրոս, Լարնաքայի նաւահանգիստը:

Այնտեղէն գացինք Նիքօսիա, ուր կը գտնուէր Քանատայի դեսպանատունը:

Յաջորդող օրերուն, կատարեցինք հարկաւոր գործողութիւնները:

Ապա՝ վերադարձ դէպի Լարնաքա.. Լաթաքիա… Քեսապ:

* * *

Յետոյ Քեսապէն (հիւնկիւր-հունկիւր լալով, հեծկլտալով) մեկնեցանք, ու վերադարձանք Պէյրութ. որպէսզի ապրանքներ մը հաւաքենք, մեր հետ տանինք Նոր Աշխարհ:

Մինչ տակաւին կը սպասէինք Քանատա ներգաղթելու մեր թուղթերը, Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր – եւ խաբուսիկ – զինադադար մը եղաւ:

Ծնողքս, պահ մը դարձեալ յոյս առաւ, որ թերեւս կրնանք չտեղափոխուիլ ուրիշ երկիր:

Դեռ այն ժամանակներն էին երբ, ահաւոր բախումէ մը վերջ տեղի ունեցող բրտութեան ընդհատումը, արիւնահեղութեան առկախումը, լիբանանցնիները կը կոչէին ու կը հաշուէին որպէս՝ «րա’ունտ»:

Առաջին րա’ունտ, երկրորդ րա’ունտ, երրորդ րա’ունտ … Ինչպէս որ բռնցքամարտի մրցախաղին մէջ:

Ուզելով հաւատալ որ այդպէս, բացի KOի պարագային,  ամէնաուշը՝ տասնըհինգերորդ roundին, ո՛ւֆ, ամէն բան պիտի վերջանայ:

Սակայն յետոյ ամէն մարդ հասկցաւ որ որեւէ KO, բան պիտի չփոխէ. քանի որ զիրար բզկտող ուժերը երկու կողմեր չէին միայն, այլ բիւրաւոր ու այլացան հոսանքներ: Եւ նոյնիսկ երբ որ այդ բոլորէն մէկը «խաղէն դուրս ելլէ», իր տեղ մի քանի նորերը պիտի մէջտեղ գան, մշտապէս:

Եւ ուրեմն յստակ դարձաւ որ՝ տասնըհինգ round չէ, այլ տասնըհինգ տարիներէ՛ ետք իսկ պիտի չվերջանայ՝ այդ հրաշալի երկրին հանգրուանային քայքայումը, խորտակումը, անէացման դանդաղ անողոք, անդառնալի գործընթացը: Զորս տակաւին ընթացքի մէջ է…

Եւ ուրեմն, այդ վերջին հրադադարէն ետք – մինչեւ անհամար յաջորդները – մենք ընտանեօք տեղափոխուեցանք Քանատա:

Ուր մնացինք, մէկ տարի:

* * *

Ապա, այդ ամէնէն ետք… վերադարձանք Լիբանան:

Որովհետեւ ծնողքս մտահոգ էր որ քոյրս, ես ու եղբայրս, մեր տարիքները նկատի ունենալով, Լիբանանէն դուրս, որպէս հայ՝ պիտի կորսուէինք: Պիտի օտարանայինք:

Եւ ուրեմն վերադարձանք պատերազմին մէջ: Ուր ապրեցանք յաւելեալ 7-էն 10 տարիներ:

Մինչեւ որ նախ ես, ապա հանգրուանաբար ընտանիքիս միւս անդամները, դարձեալ ու այս անգամ վերջնականապէս ներգաղթեցինք Քանատա:

Անհուն Փառք Աստուծոյ:

Հայդուկ Շամլեան

10 Փետրուար 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Share this:

Ընդհանուր Գլախաւոր էջ – Page Principale Générale – General and Main Front Page

https://haytougchamlian.blog/

Հաճէցէք պարզապէս անտեսել այս էջի ներքեւ երեւցող որեւէ բաժին – եթէ կայ – , եւ հաճեցէք շարունակել ձեր այցը, վերադառնալով Ընդհանուր Գլխաւոր Էջին, որ դարպասը կը հանդիսանայ այս կայքի լրիւ եւ ամբողջական բովանդակութեան, սեղմելով վերեւի  3 կապերէն որեւէ մէկուն վրայ (երկուքը՝ գերյղումներ, մէկը բացայայտ), կամ ալ՝ սեղմելով այս իսկ գրութեան վրայ:

Veuillez ignorer toute section apparaissant ci-dessous sur cette page – s’il en est -, et poursuivre votre visite en retournant à la Page Principale Générale, qui donne accès à l’ensemble et à la totalité du contenu de ce site, en cliquant sur n’importe lequel des 3 liens ci-dessus (deux en hypertextes et un, manifeste), ou encore, en cliquant sur le présent texte même.

Please just ignore the below section of this page – if any -, and continue your welcomed visit, by returning to the Main Front Page, which gives access to the full and entire contents of this site, by clicking on any of the 3 links above (two as hyperlink, and one, as is), or by clicking on the present text itself.

….