Ներքեւի, աւելի վարը գրածներս, որպէսզի այժմու կացութեան մէջ «անփափկանկատ» չհամարուին, ընթերցողը նկատի թող առնէ հետեւեալ իրողութիւնները, իմացեալ ու հաստատ հիմնաւորումները՝
. Արցախում բնակող, այլազան տեսակի հայ աւազակներուն, բազմատեսակ եւ տարբեր աստիճանի նիւթապաշտ պատեհապաշտներուն, առաւ-փախաւներուն համար, Արցախի կորուստը բացառապէս անձնական, անհատական, նիւթական կորուստ մը է միայն:
Չնայած, հաւանաբար անոնցմէ շատերը արդէն գիտէին որ գալու է այս պահը, եւ ուրեմն դուրսերը փախցուցած էին իրենց դրամները: Միւսներն ալ, բոլորը դարձեալ իրենց «ճամբան կը գտնեն», նորէն ջուրին վերեւը ելլելու համար:
. Իսկ Արցախ բնակչութեան մնացեալ, արժանի ժողովուրդին մաս կազմող այն հայերը, որոնք՝ ողջ մնացին, այսուհետեւ աւելի լաւ, աւելի նորմալ անձնական կեանք մը ունենալու հնարաւորութիւնը ունին հիմա:
Աւելի յստակ ըլլամ՝ Արցախէն դուրս եկած, մարդավարի ու շնորհքով արցախցիին համար, զուտ անձնական գետնի վրայ, տեղի ունեցածը՝ զինք կը տանի դէպի իր կեանքին բարելաւումը: Նամանաւանդ երեխաների, պատանիների եւ երիտասարդների պարագային:
Հիմա ուրեմն, ըսեմ ըսելիքս…
* * *
Հանդիպեցայ գրառումի մը, որու յարգելի հեղինակը – որ խորքին մէջ վատ անձ մը չէ -, որպէս փա՛ստ եւ ցայտուն ապացոյց – թէ՝ տեսէք, որքան սխալ ու սուտ են, չար են, անոնք որոնք կ’ըսեն թէ արցախցիները չկռուեցան -, կը բերէ յատուկ օրինակը ընտանիքի մը, որուն երեք մանչ զաւակները, 2020էն ետք, զոհուած են Արցախի մէջ: (Հաւանաբար այդ տեղեկութիւնը անգամ, իմ այս էջիս վրայէն քաղած է: )
Լաւ… Աxxxxx, ջան… չեմ կրնար լռել… չեմ կարամ…
Ախր, այո, կայ արցախցի ընտանիք, որուն 1, 2, 3 անդամները՝ նահատակուեցան:
Սակայն կայ նաեւ արցախցի ընտանիք, ուր 1, 2, 3 տղամարդիկ կային, որոնցմէ ոեւէ մէկը չզոհուեցաւ:
Կայ, միեւնոյն տոհմիմ պատկանող՝ մի քանի միացեալ ընտանիքներ, որոնց գումարուած 10 տղամարդերից ոեւէ մէկը, ոչ զոհուեցաւ, ոչ էլ վիրաւորուեցաւ: Եթէ, բոլորը կռուեցան…
Այսինքն, մի տնից, ուր երեք հատ կռուելու ատակ տղամարդիկ կան, բոլորը մարմնապէս անվնաս դուրս եկան Արցախէն: Եթէ արդէն շուտուանի՜ց չէին լքած իրենց պապենական երկիրը:
Իսկ մի այլ տնից, ուր երեք մանչ զաւակներ կան, երեքն ալ զոհուեցան, անցած երեք դժոխային տարիների ընթացքին:
* * *
Ասիկա, ի՞նչպէս կարելի է բացատրել…
Բախտի հ՞արց է ?!!
Չէ մի չէ, այն մի տոհմից ուր տասը հատ տղամարդիկ կային, նրանցից ոեւէ մէկին որեւէ բան չեղաւ, քանի որ նրանք… աւելի լաւ կռուողնե՞ր էին… Քան թէ այն մէկ տունի երեք զաւակները, որոնք բոլորը զոհուեցան:
Իրապէ՞ս…
* * *
ԱՒԵԼԻՆ ալ ըսեմ:
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ, այն զոհերը որոնց ես ու ընտանիքս մօտէն կը ճանչնանք, գրեթէ բոլորը՝ շատ բարի, միամիտ ու պարզամիտ ըլլալու չափ բարի եւ մաքուր, մաքրամաքուր, ազնիւ, վեհանձն ու խոնարհ, «հոգիով պարզ» անձեր էին… (Տասնըութ տարեկանից մինչեւ քառասուն կամ յիսուն տարեկան, ի դէպ…)
Այստեղ ինչա՞, բացատրութիւնը…
Միայն «խրփոնե՛րը» կը կռուին, հա՞: Հաաա՜…
Այս որքան պժգալի վիճակ է:
* * *
ԼԱՒ ՀԱՍԿՑՈՒԻՆՔ:
Էժանագին կերպով մի՛ խեղաթիւրէք ըսուածը, ջանալ փախչելու համար արդար ու արդարացի, ճշմարիտ դիտողութիւնից:
Կամ՝ Ո՛ԵՒԷ ՄԷԿԸ թող չկռուէր, կամ էլ՝ ԲՈԼՈ՛ՐԸ թող կռուէին:
* * *
Ծնկաչոք ներողութիւն կը խնդրեմ զոհերու անմիջական հարազատներէն միայն, որ այս – թէկուզ ակնյայտ – իրականութիւնը կը մատնանշեմ, դանակը իրենց անդարմանելի վէրքին մէջ դարձնելով:
Սակայն նաեւ, կը կարծեմ թէ պարզապէս՝ տեւաբար իրենց մտքին մէջ եղածն է, որ այստեղ արտայայտեցի… Այս ահաւոր ցաւագին պարտականութիւնն ալ, ես իմ վրաս դրի:
* * *
Վերեւի անխնայ ու ճշմարիտ դիտողութիւնը կը վերաբերի նաեւ սփիւռքահայերուս, անշուշտ:
Հայութեան սոյն հատուածէն (ներառեալ յատկապէս այն շրջանակները որոնք թունդ ազգայնական կը համարուին…) ՝ տասը հոգի իսկ չմասնակցեցան այս «Սարդարապատ»ի իսկական կռիւներուն: (Բաղդատենք մի վայրկեան այդ ճակատամարտը, Արցախի պաշտպանութեան համար համայն Հայութեան զօրաշարժին հետ: Բաղդատե՛նք, եթէ կը դիմանանք ամօթին… ) :
Այսպէս կոչուած, «հայրենադարձ[lol]» սփիւռքահայերէն՝ միայն երկու անձեր մասնակցեցան -իսկական – կռիւներուն: Եւ զոհուեցան:
Այս նիւթին մնացեալ մասով, արցախցիներն ու հայաստանցիները իրարու հետ թող հասկացուին: (Սակայն այդ բախումին դուրսէն հետեւողներս, շատ էլ չաճապարենք՝ կողմ բռնելու… Նկատի առնելով այս յօդուածին հիմնական նիւթը:
Արդարեւ, Արցախի հողը նախ եւ առաջ՝ արցախցին է որ պիտի պաշտպանէր:
Արցախցիները, եւ ոչ թէ՝ արցախցիներ…
Կամ բոլո՛ր արցախցիները, կամ էլ՝ ոչ մէկը:
* * *
Եւ այս անողոք ճշմարտութիւնը չընդունելու համար է որ, շատեր, ապաստանած են երեւակայական բաներու, դաւադրական տեսութիւններու մէջ…
Ինչ որ դեռ յաւելեալ անարգանք մըն է, նահատակներուն եւ իրենց ծնողներուն նկատմամբ:
Այսինքն ինչ, միայն անո՞նք էին, զոհերն ու իրենց հայրն ու մա՞յրը, որ չէին հասկցած թէ արդէն ամէն ինչ դասաւորուած է՝ խաւարներուն մէջ, ամէն բան արդէն սկիզբէն որոշուած վերջացած է: Եւ ուրեմն, ի զուր է կռուիլը:
Լաւ, ասենք որ հա, անոնք այդպէս «անխելք» էին, չէին հասկացեր թէ ինչ է կատարւում:
Բայց այդ պարագային, խի՞ նրանց բան չասացիք, զիրենք չլուսաբանեցիք ձեր այդ պայծա՜ռ միտքերով, որպէսզի նրանք էլ չկռուէին, չմեռնէին:
Քանի որ, այդպիսի բաներ չկային: Այդ ամէնը հնարում էք, ջանալ դուք ձեզ «արդարացնելու» համար:
* * *
Դեհ ուրեմն, մի քիչ էլ անդին տարէք, ձեր այս ցնորաբանութիւնը:
Եկենք… այպանե՛նք անոնց, որոնք կռուեցան եւ զոհուեցան:
Քանի որ եթէ այդպէս չանէին, եթէ իրենց արտակարգ քաջութեամբ, անվախութեամբ, խիզախութեամբ, տասը՝ հազարի դէմ չկռուէին, ապա այդ պատերազմը ոչ թէ մէկ ու կէս ամիս, այլ մէկ ու կէս օր կը տեւէր:
Ուրեմն հիմա անոնց յանցանքն է, հա՞, որ՝ անոնք որոնք, մե՜ծ «խոհեմութեամբ» եւ իմաստութեամբ, չկռուեցան, հիմա, վայ, անյարմար վիճակում են յայտուել, խեղճերը…
* * *
Ամէն բան պիտի ըսուի: Պիտի արձանագրուի:
«Ոչ ոք չի մոռացուի, ոչինչ չի մոռացուի» :
Եւ քանի որ մարդկային դատարաններից յոյս չկայ, այս աշխարհի վրայ՝ Պատմութիւնն է, որ պիտի դատէ:
Ապա կը մնայ իւրաքանչիւրիս խիղճը, մեր մնացորդ կեանքին մեզի շնորհած քաւութեան հնարաւորութիւնը: Որպէսզի հնարաւոր լինի թերեւս խուսափիլ՝ Բուն Դատաստանից:
« You can run, but you can’t hide »…
Հայդուկ Շամլեան
08 Դեկտենբեր 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…