[ Մաս I-ը ]… [ Մաս II ]… [ Մաս III ]
Տասնըհինգ յաջորդական տարիներ, ընտանեկան ծրագիր մը իրագործեցինք՝ Շուշիի մէջ: Մանկապատանեկան ճամբար մը:
Յայտագիրը կը ներառէր՝ հիմնական ճաշի պահ մը:
Որոշ տարիէ մը ետք, այդ ճաշը հայթայթեցին՝ Լուտվիկն ու իր տիկինը Զարինէն:
Այստեղ պէտք է ընդգծեմ որ, այդ գործը ստանձնելէն առաջ, Լուտվիկը երբեք, որեւէ ձեւով, չխնդրեց որ ինք կատարէ զայն:
Գիտեր, որ ուրիշ տեղերէ կ’ապսպրէինք ուտելիքները: Եւ ինք փաստօրէն չէր ուզեր այդ վաճառականներուն եկամուտին վնաս բերել, մեզ «խլելով» իրենցմէ:
Եւ ուրեմն, հակառակ որ դարձած էինք ընկերներ, ինք որեւէ խօսք չէր ըներ այդ ուղղութեամբ:
Մենք ենք, որ իրեն դիմեցինք: Եւ ինք ընդառաջեց, հակառակ որ այդ գործի յարաբերութեան սկիզբը, ինքն ու Զարինէն շատ զբաղած էին, իրենց ճաշարանով: Բայց ընդունեցին մեզի օգնել:
* * *
Սակայն ես համոզուած եմ որ, որպէս մեր Ճամբարին հիմնական ճաշը հայթայթող, Լուտվիկը՝ հազար դրամ իսկ մաքուր շահոյթ չունեցաւ…
Նախ, քանի որ արդէն՝ ցած էին իր գիները: Նուազագոյն, խղճամիտ գիներ էին: Գումարին խոշոր մասը, Ճամբարի այդ ճաշը պատրաստելու համար իր կատարած գնումներուն ծախսն էր:
Սակայն նաեւ, քանի որ ան, մեզմէ իր ստացած գումարներուն մէկ մասն ալ, ետ կը ծախսէր… մեր վրայ!
Բառացիօրէն՝ ամէ՛ն օր, Լուտվիկը մեր ընտանիքը կը հրաւիրէր իր ճաշարանը կամ իր տունը, երեկոյան ընթրիքի:
Ամէն օր չէինք ընդառաջեր այդ հրաւէրին, քանի որ ուրիշներէ ալ կը ստանայինք նոյն հրաւէրը – անոնց ալ մեծ մասը՝ աշխատակազմի անդամներ, որոնք մեզմէ ստացած իրենց համեստ աշխատավարձի մէկ մասը այդպէսով կը ծախսէին՝ մեզ հիւրընկալելու համար իրենց տուները, ճոխ սեղաններու շուրջ… – :
Սակայն երբ որ որոշէինք Լուտվիկենց մօտ ընթրել, միայն մենք չորսս չէինք, որ կը ներկայանայինք՝ իրենց ճաշարանը կամ տունը: Երբեք:
Այլ, մեր չորսին կ’ընկերանային, նուազագոյնը՝ յաւելեալ հինգ, վեց երեխաներ, պատանիներ: Մեր զաւակներուն մտերիմ, մնայուն շրջապատը – տարբեր անձեր, օրուան համեմատ – :
Եւ այս ամէնուն կը կերակրէր Լուտվիկը… սիրայօժար, անվճար… հարազատ ուրախութեամբ, ազնիւ հպարտութեամբ:
* * *
Այստեղ ալ, պէտք է որ դարձեալ ըսեմ՝ իսկապէս բացառիկ, բացառիկ էր Զարինէին խոհանոցը:
Նա ամէն բան կը յարմարեցնէր ուտողի ճաշակին, նախընտրութիւններուն: Ի հարկին, լրիւ հնարելով, ստեղծագործելով նոր բաներ, ընտիր ճաշատեսակներ:
Եւ մինչ ան կը պատրաստէր այլազան ուտելիքները, Լուտվիկն ալ ատենը մէկ աչք մը կը նետէր… Պատառ մը կ’ուտէր… Կ’օգնէր…
Հիացմունքէ զատ, ուրիշ կարծիք չէր արտայայտէր, որպէսզի չստանայ Զարինէի կողմնակի, սոսկալի նայուածքը…)
Սակայն Ճամբարի հսկայական ապսպրանքներուն կապակցութեամբ, ոորշ ուտելիքններու պարագային, բացառապէս իրեն վերապահուած էին՝ միսերը պատրաստելու, եփելու, իսկապէս ծանր աշխատանքը…
Մարդը, մինակը, ամբողջ գիշերը լուսցնելով, չորս-հարիւր-յիսուն հատ քեպապ կը պատրաստէր, կ’եփէր: Եւ, միշտ՝ ճի՛շդ ժամուն, կը հասցնէր՝ մեր Ճամբարին: Լավաշի մէջ մէկ առ մէկ փաթթուած, խոտերու եւ սոխի հետ միասին – յատուկ Պատրոյգին համար, երբեք չէր մոռնար մի քանի հատը փաթթել առանց կանաչիի… – :
* * *
Լուտվիկը նաեւ մեզ անդադար՝ կը տանէր ու կը բերէր, մեր փոխադրութիւնը կ’ապահովէր: Այդ ալ, առանց որեւէ վարձատրութեան:
Ճամբարի համար իրեն վստահուած գործը վերջացնելէն ետք, մինչ Զարինէն զբաղուած էր արդէն յաջորդ օրուայ ճաշի նախապատրաստական աշխատանքներով, փոխանակ ինք մի քիչ հանգստանար, Լուտվիկը ետ կու գար մեր մօտ: Կ’ուզէր անպայման բան մը կատարել, մեզի օգնելու համար:
Օրինակի համար, հետեւեալ կը յիշեմ…
Շուշիի ջուրը, վատ էր: Խմելու բան չէր: Թէկուզ տեղացիները, հարկադրաբար, զայն կը խմէին, բայց որպէսզի գոնէ Ճամբարի ընթացքին երեխաները մաքուր ջուր խմեն, խանութներէն կը գնէինք՝ խոշոր ամաններով, աղբիւրի ջուր:
Վերջին տարիներուն, Լուտվիկը մեզի ըսաւ որ դատարկուած այդ ամանները պահենք – թէ ոչ, զանոնք տուն կը տանէին աշխատակազմի անդամները, այլազան գործածութիւններու համար – :
Եւ ամէն երեկոյ ինք կու գար՝ Պատրոյգը եւ իր ընկերներուն – հոյակապ -խումբը, այդ ամաններով կը տանէր աղբիւր մը, որպէսզի զանոնք լեզցնեն եւ ետ թերեն, յաջորդ օրուայ համար:
Այս անվճար գործողութեան համար, Լուտվիկին մեքենային այրած վառելանիւթի գինը՝ գոնէ երեք անգամ աւելի էր, քան ինչ որ պիտի ծախսէինք եթէ շարունակէինք պարզապէս խանութներէն գնել այդ ջուրը…
Բայց ինք արդէն ատիկա չէր ըներ, որպէսզի մենք այդ համեմատաբար փոքր ծախսէն խուսափէինք:
Կ’ընէր, որպէսզի Պատրոյգը եւ իր ընկերները այդպիսի հաճելի պահ մը անցընէին, միասին: Որպէսզի Պատրոյգը, առաւելագոյ՛ն չափով, առանց վայրկեան մը պարապի տանելու, իր շուշեցի ընկերներուն հետ վայելէր՝ Հայոց Արցախը:
* * *
Բայց միամիտ, խրփօ մարդ չէր, հա՜, Լուտվիկը:
Խելացի, փորձառու, զարգացած եւ իմաստուն էր:
Եօթ-ութ տարեկանին, Սովետական Միութեան ամբողջ տարածքը այցելած էր, մէկ ծայրէն միւսը, շոգեկառքով: Միս-մինակը:
Երիտասարդութեան, ի միջի այլ, բազմաթիւ ու բազմատեսակ գործերու, եղած էր նաեւ՝ պարող: Արտակարգ ճկունութեամբ եւ զօրութեամբ, պարարուեստի որակաւոր կատարող:
Կը պատմէր թէ ինչպէս, բեմին վրայ կամ սրահին մէջտեղ պարելու ընթացքին, կը ցատկէր՝ դէպի վեր, ապա օդին մէջ մի քանի անգամ, կլոր-կլոր շեղակի կը դառնար, առաջ որ ետ իյնար ոտքերուն վրայ, թեւերը վեր բարձրացուցած եւ վառ ժպիտը դէմքին:
Կեանքը ապրա՜ծ, շատ բաներ տեսած, միշտ՝ ծանր աշխատած, շատ հասուն մարդ էր, Լուտվիկը: Սակայն ոգիով, երիտասարդ մնացած էր: Եռանդուն եւ կեանքով լեզուն: Մարմինով ալ՝ ուժեղ, տոկուն, դիմացկուն:
Մինչեւ որ….
Բայց դեռ քիչ մըն ալ շարունակենք զինք յիշել, իր լաւ օրերուն:
* * *
Մի քանի անգամ, Լուտվիկը պատմեց թէ որքան սփիւռքահայեր փորձած էինք զինք շահագործել: Եւ թէ ինչպէս ինք երբեք չէր ինկած ոեւէ մէկուն ծուղակին մէջ: Միշտ մնալով քաղաքավար, ժպիտը դէմքին…
Օր մըն ալ, աւելի յստակօրէն ըսաւ, թէ՝ այն ձեւով որ ինք – առաջին օրէն սկսեալ – ինծի հետ կը վարուի, սովորական չէ…
Եւ բազմիցս պատահեցաւ է որ ես ինքս ալ տեսնեմ, թէ ինք ինչպէս կը վարուէր՝ ոեւէ անձի հետ, որ արժանի չէր իր յարգանքին:
Զայն տեղնուտեղը՝ կ’ոչնչացնէր:
Ո՛չ թէ կռուազանութեամբ, չէ՜… Առանց որեւէ բրտութեան՝ ոչ իսկ խօսքերուն մէջ: Քաղաքակիրթ, կրթեալ մարդ էր, Լուտվիկը:
Նայուածքով մը, միայն… Յատուկ լռութեամբ մը… յանկարծ տարբեր կապոյտ մը դարձած, ուրիշ փայլք մը ստացած, իր խորունկ աչքերով… դէմքի սոսկալի արտայայտութեամբ մը… որուն մաս կը կազմէր՝ ժպիտ մը… խոշոր պեխերուն տակէն, հազիւ լսելի, սոսկալի քմծիծաղ մը…
Եւ այդպէս, զինք խաբել, վիրաւորել կամ ձեռք առնել փորձող դիմացի անձը, կամ պարզապէս զինք թերագնահատող, իրեն վերեւից նայող անձը, իր առջեւ՝ ոչինչ կը դառնար:
Կոտրուեցաւ միայն, երբ որ…
* * *
Լուտվիկի եւ Զարինէի անձնական, ընտանեկան անասելի կորուստը, ողբերգութիւնը՝ ռազմադաշտի վդրայ իրենց կրտսեր զաւակին նահատակութիւնը, իրենք նախատեսած էին:
Այդ ալ պատմեմ: Վկայեմ:
2018ի գարնան, տեղի ունեցան Երեւանի փողոցային իրարանցումները, ներքաղաքական փոփոխութիւնները:
Նախավերջին անգամը երբ ընտանեօք Շուշի էինք, 2019ի ամառն էր:
Ճամբան քալած ատենս, պատահաբար հանդիպեցայ տասնըվեց տարիներէ ի վեր մեզի ծանօթ տեղացիի մը:
Մեքենան իսկոյն կանգնեցուց, դուրս ելաւ փոթորկալից կերպով, ձեռքս ամուր սեղմեց եւ… սկսաւ ինծի բացատրել թէ ինչպէս՝ իրե՛նք ալ յեղափոխութիւն կ’ուզեն կատարել, Արցախի մէջ:
Եւ ահա իր խօսքերէն բառացի մէջբերում մը, որպէս իր բացատրութիւն թէ՝ ինչո՞ւ կ’ուզեն հետեւիլ Երեւանի օրինակին՝ «որպէսզի, հիմա ել երեսուն տարի մե՛նք անենք իրենց, ինչ որ երեսուն տարի իրե՛նք արեցին մեզի…»:
Հաաա…
Ինքնին արդէն, այդ «յեղափոխական» մղումը շատ վեհ մակարդակի չէր… Ներքին հաշիւներ մաքրելու մասին էր…
Սակայն աւելի տարօրինակը այն է որ, այդ անձը, հեռաւոր անցեալէն ի վեր, միշտ ու տեւաբար օգտուած էր նախկին վարչակարգերու բարքերէն, բարիքներէն:
Իրեն ո՞վ, ինչ էր արել, երեսուն տարիների ընթացքին: Ընդհակառա՛կը: Ինք միայն վայելած էր նախկին բոլոր իշխանաւորներու… առատաձեռնութիւնը:
Եւ այդպէս շատեր, շատե՜ր կային, Արցախի մէջ: Շուշիի մէջ:
Նախկին իշխանութիւններու ժամանակ, տեւաբար ու լաւապէս օգտուած անոնցմէ, որոնք յանկարծ, Երեւանի 2018ի գարունէն ետք, դարձան թունդ յեղափոխականներ:
Վերոյիշեալ միջադէպի ընթացքին, առանց վիճաբանելու, ամենայն հանդարտութեամբ, փորձեցի միայն այդ մարդը զգուշացնել, թէ՝ գիտե՞ս, այդպիսի մօտեցումներ, կը բարձրացնեն լայնատարած պատերազմի բռնկման հաւանականութիւնները…
Պատասխանը եղաւ – խենթ նայուածք մը, աչքերուն մէջ – ՝ «բա՜… կարո՞ղ է թէ նրանք կարծում են, որ մենք վախենո՞ւմ ենք պատերազմից»…
Անշուշտ թէ ողջ մնաց, այդ անձը: Ինք ալ, իր անմիջական հարազատներն էլ…
Սակայն այդ նոյն ամառը, երեկոյ մը, Լուտվիկին եւ Զարին էին հետ միասին, ես ու Այտան կ’իջնէինք Ստեփանակերտ՝ փիծծա ուտելու, բաժակ մը սառը պիվա խմելու, նահ մը հանգստանալու:
Մեքենային մէջ, Լուտվիկենց պատմեցի վերոյիշեալ միջադէպը:
Առանց անուն տալու, թէ՝ ով էր այդ, պատերազմէն չվախեցո՛ղ, ներքին վրիժառու, խրոխտ յեղափոխականը:
Զարինէն, մեքենային առջեւը նստած էր, ամուսնին կողքին: Չուզեց իսկ գինտալ թէ ո՞վ էր, այդ խիզախ անձը: Քովնտի նայեցաւ միայն մեզի, ժպտեցաւ, եւ հեզ ձայնով մը ասեց՝ «այդպէս խօսողը, վստահաբար չի կռուելու… եւ չունի, կռուող հարազատներ…» : Լուտվիկը, այդքանը իսկ չըսաւ: Մնաց լուռ: Իր կինը արդէն ամէն ինչ ըսած էր:
Լուտվիկի եւ Զարինէի կրտսեր տղան, Վազգէնը, ամենաառաջին օրերէն՝ Շուշիի մեր Ճամբարի ամենաուրախ, լուսաւոր, տաղանդաւոր երեխաներէն մէկն էր: Բարի, ազնիւ, վստահելի, ծառայասէր: Երբ որ երգէր, երկնային ձայն ունէր: Իր Ave Maria-ն իրօք տարբեր կը հնչէր… Աստուծո շունչը կը լսուէր անոր մէջ…
Զէնքը ձեռքին՝ զոհուեցաւ, 2020ի վերջին պատերազմի ընթացքին:
* * *
Անգամ մը, երբ որ իր մեքենայով հասած էինք իր տան մուտքին, մեքենայէն իջնելէն առաջ, Լուտվիկը մօթօրը անջատեց, եւ ուզեց ինծի բան մը ըսել:
Յայտնեց թէ ինք, ամէն օր, ամէն առաւօտ, հենց որ արթննայ – միշտ, շատ կանուխ -՝ մոմ մը կը վարէ: Ճաշասեղանին կամ հիւրանոցին մէջտեղի սեղանին վրայ, մոմ մը:
Եւ անոր փոքր, պլպլուն բոցին առջեւ կանգնած, ինքն իր աղօթքը կը կատարէ: Ամէն օր, ամէն արեւածագի:
Արդեօք ան շարունակե՞ց այդպէս ընել, զաւակին մահէն ետք…
Կը յուսամ, կը հաւատա՛մ որ՝ այո:
Եւ աւելի քան երբեք…
* * *
Լուտվիկը մահացաւ, մի քանի ամիսներ առաջ:
Այնքան շատ անձեր մեռան որ, որոշ չափով, այլեւս անզգամ դարձած էի, երբ որ նոր մահուան մը լուրը կը ստանայի:
Սակայն իր մահուան լուրը, դպաւ ինծի:
Իսկապէս կը հաւատայի որ այս աշխարհին վրայ, դեռ զինք պիտի տեսնէի: Կը մխիթարուէի, այդ մտածումով:
Բայց… վռազեց, Լուտվիկը: Աճապարեց:
Հասկնալի է: Մարդը վայրկեան առաջ կ’ուզէր միանալ իր զանակին:
* * *
Անգին եղբայրս, Լուտվիկ…
Յարութ-ը մտիկ ըրինք միասին, մեքենայիդ մէջ, մեր առաջին հանդիպումին… Արեւածագին, Շուշի-Ստեփանակերտ ճանապարհին վրայ:
Բայց հիմա, Յարութ-ին երգերը իսկ՝ ոչ միայն չեն կրնար մեղմացնել քու մեկնումիդ անդարմանելի վիշտը, այլ զայն կը վատթարացնեն: Քանի որ ինծի կը յիշեցնեն քեզ, որ հիմա չկաս այս աշխարհին մէջ, եւ ուրեմն դարձեալ պիտի չհանդիպինք, այստեղ:
Նաեւ, մէյ մըն ալ – մարմնապէս – պիտի չգտնուիմ՝ այդ ճանապարհին վրայ: Իր աննկարագրելի տեսարաններով, զորս այս կեանքին մէջ մեյ մըն ալ պիտի չտեսնեմ:
Ինծի համար ուրեմն, այդ – ու բոլոր հայկական երգերն – ալ թաղուեցան՝ քու թաղումէդ առաջ:
Ասլան Վազգէնիդ եւ իր նմաններին կորուստով: Իրենց հետ, այդ երգերն ալ թաղուեցան:
Թէկուզ նրանցից ոմանք թաղում իսկ չունեցան… մնացին անյայտ կորած…
Դեհ լաւ, դավայ, սիրելի Լուտվիկ: Վերը կը տեսնուինք, եղբայրս:
Մինչ այդ՝ բարեւ ըրէ, միւս բոլորին ալ: Արդէն այնքան շատ եղան, որ մէկ առ մէկ չեմ անուանէր այստեղ…
Առ այժմ:
Հայդուկ Շամլեան
10 Նոյեմբեր 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…
