Ուրեմն պեշին՝ արծիւի, բազէի եւ բուի միջեւ, միջին չափի, գիշատիչ թռչուն մըն է: Որ կը բնակի ընդհանրապէս Միջերկրականի շուրջի որոշ երկիրներուն մէջ, եւ յատկապէս, Լիբանանի լեռներուն վրայ:
Նախորդ յուշագրական գրութիւնս, Պոլինիայի պեշիներուն մասին էր:
Այդ նոյն նիւթին մէջ, երկու դրուագներ ալ կային որ կ’ուզէի այդտեղ արդէն պատմել, արձանագրել, արխիւացնել: Բայց տեսայ որ կ’երկարի կոր, ըսի, հելէ այստեղ կանգ առնեմ, յետոյ կը շարունակեմ:
Ուրեմն հիմա, շարունակեմ:
* * *
Յուշերուս այս դրուագին մէջ, աւելի փոքր է տարիքս, քան Պոլոնիայի պեշիներուն նիւթով վերոնշեալ, նախորդ գրածիս մէջ:
Աւելի կարեւոր ճշգրտութիւն մը՝ այս պատմական միջադէպին ժամանակ, ամառները կը բնակէինք Պոլոնիայի մեր նախնական, սեփական այն տան մէջ, որ նախապէս ներկայացուցած եմ. ոչ թէ միւսը, Մըրուժի բարձունքին վերեւը, ուր փոխադրուեցանք յետագային:
* * *
Սիրուն Հօրաքրոյրս (որ սիրուն էր անկասկած, միշտ ժպտադէմ եւ ինքզինք ուրախ պահող – կամ աւելի ճիշդ, ուրախ ձեւացնող… -, բայց որուն իսկական անունն ալ, Սիրուն էր), մանչ զաւակ մը ունէր, անունը Վահէ: Որ տարիքով ինձմէ բաւական մեծ էր:
Վահէն, մարմնային սահմանափակումներ ունէր: Զորս, ոչ թէ կը հակակշռուէին, ալ անհամեմատօրէն կը գերազանցուէին՝ իր ուղեղային եւ մտային իսկապէս արտակարգ առաւելութիւններով: Բայց այնուհանդերձ, ընթացիկ կեանքի մէջ, այս աշխարհին վրայ, ամէն բան չէր կրնար ընել:
Եւ այն բաներէն մէկը որ Վահէն, միայն մարմնային պատճառներով, չէր կրնար ընել՝ հրացան մը բարձրացնել, իր ուսին դնել, եւ զայն կրակելն էր:
Ասկէ միակ օգտուողը՝ այն որսորդական թիրախներն էին, որոնց այլապէս մուխը պիտի մարեր, Վահէն:
Քանզի, թէկուզ ան չէր կրնար հրացան գործածել, բայց մնացեալ բոլոր առումներով, սոսկալի որսորդ էր: Արդէն այդ բնական ձիրքը ունէր, սակայն նաեւ՝ դիտելով – յատկապէս, հօրս դիտելով… -, ամէն բան սորված էր, եւ աւելիով:
Ուրեմն, որսորդութեան համար, Վահէն ունէր իր յատուկ… ծառան:
Իր proxy կրակողը:
Լրիւ ենթարկուած իր թելադրանքներուն, ցուցմունքներուն, կամքին եւ հրահանգներուն:
Գէորգը:
Իրենց հայրերուն կողմով զարմիկներ էին, իմ հօրաքրոջս զաւակ՝ կրակել չկարողացող սոսկալի որսորդ Վահէն, եւ իր այդ որսորդական փրոթեզ՝ Գէորգը:
* * *
Գէորգը խորապէս գիտակից էր իր այս պաշտօնին բացառիկ, առանձնաշնորհեալ կարեւորութեան:
Պէտք է ըսել որ ինք ալ, իր կարգին, շատ լաւ որսորդ մըն էր: Վա՛խ եմ ըսեր այն որսին որ մահացու դժբախտութիւնը ունէր իրեն հանդիպելու, երբ որ չիֆթեն ձեռքին էր:
Կամ նոյնիսկ, խըրտօ մը: Միմիայն օդի ճնշումով, մէկ հատիկ կապառէ գնդիկ մը արձակող այդ խաղալիքի պէս զէնքը, որուն հետ արդէն կրնաս միայն նստած թռչուն որսալ, բայց այդ ալ, չափազանց դժուար է: Մանաւանդ երբ որ խօսքը պըճըլիկ ֆըսթեյքիներու մասին է, որոնք, ոչ միայն իրենց փոքրիկ չաթին պատճառով, այլ նհաեւ՝ կանաչ գոյնին, հազիւ կ’երեւնան ծառին մէջը. ուր նաեւ անդադար կը շարժին, ճիւղէ ճիւղ կը ցատկռտեն: Հազիւ տեսնես, նորէն կ’անհետատան ըսնոպառի մշտաթալար ծառին կարծր եւ սուր տերեւներուն մէջ) :
Բայց երբ որ Գէորգը, իր վերոնշեալ հանգամանքով, իր այդ բացառեալ առանձնաշնորհի հիման վրայ, կը գտնուէր Վահէին տրամադրութեան տակ, ինք կը դառնար Վահէին հպատակը: Գործիքը: Վահէին, եւ Վահէին հրացանին միջեւ, մեքենական կապ մը միայն:
Այս պահերուն ուրեմն, միակ որսորդը, Վահէն էր: Գէորգը՝ միայն հրացանը շալկողը, եւ սոյն հրացանի բլթակին՝ մարդկային մասնիկը: Բացարձակապէս կախեալ Վահէին միտքէն, կամքէն, որոշումներէն:
* * *
Մեր Պոլինիա գիւղին պեշիներուն այդ յատուկ ժամանակն է:
Ամառուայ – եւ ուրեմն մեր դպրոցական արձակուրդի – վերջաւորութեան մօտ:
Մեր եւ Վահեյենց միացեալ, իրարու փակած տուներուն առջեւի, փոքր տարածքին վրայ, ես եւ եղբայրս Վաչէն, կը խաղանք կոր:
Երկուքիս տարիքները միասին գումարելով, լայնէն իսկ հաշուելով, արդիւնքը հազիւ՝ ինը կը հասնի:
Սակայն այդ պահուն, անսովոր կերպով, առանց ձայնի է մեր խաղը…
Քանի որ քիչ մը անդին, Վահէն կանգնած է:
Աւելի ճիշդ՝ դիրք բռնած է:
Իր առջեւը, կանգնած է՝ Գէորգը: Վահէին չիֆթէն, ձեռքերուն մէջ: Լուռ ու մունջ: Քարացած:
Դիմացը, հեռուն, Սաննին լեռն է:
* * *
Զոյգ տուներուն առջեւի այդ վայրը (նկարը՝ ներքեւ), ուր ես եւ Վաչէն կը խաղանք եւ Վահէն որսորդութիւն կ’ընէ, իր մարդկային հրացանով, փոքր տափաստան մըն է: Տարածուն, քիչ մը բարձր թերաս մը, կարծ պատով մը ամրացած: Այդ պատին տակէն, հողէ ճամբայ մը կայ: Դէպի ձախ կողմ՝ զառիվար գացող: (Աջ կողմին մասին, նախապէս պէտք եղածը պատմած եմ արդէն: )
Այդ լայն արահետի լայնքին, մէկ կողմը՝ մեր տուներն են, միւս կողմը՝ միջին չափի ձոր մը: Բոլոր լանջերն ու խորքը լման ծածկուած՝ ըսնոպառի ծառերով: Գոց կանաչ, գեղեցիկ եւ բուրմունքաւէտ – բայց վայրիի եւ անհիւրընկալ -, Լեռնային Լիբանանի բնորոշ ձոր մը:
Ծառ մըն ալ կայ, այդ ձորին ճիշդ ծայրը: Որմէ հազիւ քսան մեթր անդին կանգնած են, ճիշդ դիմացը, որսորդ Վահէն եւ իր հնազանդ հրացանակիր Գէորգը:
Մեծ ծառ մը չէ, բայց առողջ է: Ճկուն ճիւղերուն եւ ըսնոպառներու փունջերուն ընդմէջէն՝ Սաննինը կ’երեւնայ, կտոր-կտոր, ճիւղերը շոյող մեղմ հովին շնորհիւ, աչխփուկ կը խաղայ զինք դիտել ուզողին հետ:
Այդ ծառին ճիշդ ետեւը՝ ծառածածկ ձորն է: Անոր եզերքն է, ծառը:
Վահէն, կը սպասէ կոր պեշիներուն… Որոնք Սանինին կողմէն գալով, կրնան ուշանալ անդրադառնալու որ բնակուած շրջան կը հասնին, եւ ուրեմն դեռ ցածէն թռելով, ձորի վրայէն անցնին, ու յանկարծ հանդիպին Վահէին հրացանին անողոք փողին: Երբ որ ինք, իր մարդկային բլթակին ըսէ, որ ան՝ կրակէ:
Սոյն բլթակ Գէորգը, քովը կանգնած, հրացանը ձեռքին, կեդրոնացած եւ աչալուրջ, կը սպասէ կոր ուրեմն Վահէին հրահանգներուն:
* * *
Ուալլա մէյ մըն ալ, մինչդեռ օրուան մէջտեղը – ինչ որ աւելի արտասովոր դարձուց կացութիւնը -, պէշի մը՝ ձորին մէջէն ելաւ, եւ ձորին ծայրի, այդ ծառին վրայ՝ թառեցա՛ւ:
Չեմ գիտեր ինչու, չեն գիտեր ինչէս, բայս ասիկա տեղի ունեցաւ !!
Ինծի մի հաւատաք: Վահէն արդէն շատոնց է որ Ալլա’յիրհհամու եղած է, միւս աշխարհը գացած է, բայց հրամմեցէք, կրնաք հարցնել Գէորգին:
Պեշին եկաւ, եւ մեզմէ հազիւ քսան մեթր անդին՝ նստաւ այդ ծառին վրայ:
Ծանրութենէն, ճիւղը սկսաւ օրօրուիլ…
Ես եւ Վաչէն անշարժացանք, սառեցանք: Թեթեւօրէն սարսափահար:
Գէորգը արդէն անշարժ էր, բայց կարծես թէ քիչ մը աւելի անշարժացաւ:
* * *
Վահէն, հէչ «չաւրուեցաւ»:
Այդ տղան, այդ մարդը, որեւէ բանէ չէր ցնցուեր երբեք: Ամէն եւ որեւէ բան կը դիմագրաւէր իմաստութեամբ, հանդարտութեամբ:
Առանց ոչ մէկ ձայնի, անթարթ աչքերը պահելով ուղիղ՝ պեշիին վրայ, ձեռքովը՝ Գէորգին ուսին թեթեւ մը զարկաւ:
Հազիւ Վահէն այդպէս, իր ուսին դպաւ, Գէորգը անմիջապէս հրացանը իր ուսին դրաւ: Բայց Վահէն արագ մը թեւէն բռնեց, բազուկը ամուր սեղմեց: Որ՝ սպասէ՛. մի՛ աճապարեր. կամա՜ց… հանդարտ… հաստատ եւ ստոյգ:
(Կարծեմ արդէն ըսի, չէ՞, որ Պապայէս սորված էր որսորդութիւնը… լաւ… չեմ յիշեր կոր եթէ ըսի… մէկ հատ մըն ալ ըսեմ, եալլա: Ի դէպ, ատոր ալ լուսանկարչական փաստը ունիմ, ներքեւ տեղադրած եմ: )
Ուրեմն, Վահէն եւ իր հրացանակիրը, մի քանի երկվայրկեան, այդպէս կեցան:
Մինչեւ որ օրօրուող ճիւղը դադրեցաւ շարժելէ, կայունացաւ… (մերսի դասընթացքներուդ համար, որսորդապետ Վարդգէս Տայտայ) :
Եւ հիմա պէշին՝ խոշոր, անշարժ, սեւ թիրախ մըն էր, լուսաւոր Սաննինին սպիտակ պաստառին առջեւը:
Վահէին համար այդ պահուն արդէն, այդ պեշին արդէն գացած, վերջացած էր:
Ինքը արդէն ուրիշ կողմ կրնար նայիլ, յաջորդ որսին մասին մտածել: Ետ դառնալ եւ տունը երթալ, թավլին պատրաստել…
Այս մէկ հատը եղած վերջացած բան էր, it was in the bag:
Ուրեմն, ձեռքը կամաց մը բացաւ, եւ արձակեց Գէորգին թեւը:
Հազիւ թէ Վահէին ձեռքը իր վրայէն ելաւ, Գէորքը անմիջապէ՛ս կրակեց:
Եւ… չդպցուց պեշիին:
Գնդիկները վրիպեցան իրենց – այսինքն Վահէին – նպատակէն: Ցրուեցան այդ մօտիկ ու խոշոր թիրախին շուրջը, առանց զայն վնասելու:
Կամ ալ, արդար ըլլանք, հաւանաբար մի քանի գնդիկներ հասան իրենց – Վահէին – նպատակին, դպան այդ կենդանի թիրախին, սակայն բաւարար չէին որ այդ մեծ ու տոկուն թռչունը գետին իյնայ:
* * *
Պեշին, հաւանաբար ինք ալ զարմացած որ ինչէս ազատեցաւ այս կացութենէն, տեղէն ցատկեց, եւ լեղապատառ թռաւ, սկսաւ փախչիլ:
Այնքան խոշոր ու ծանր էր, այնքան խուճապով դուրս եկաւ ծառէն, որ հիմա ոչ թէ մէկ ճիւղ, այլ ամբողջ այդ փոքր ծառը կը դողդղար, ըսնոպառներու ողկոյզները իրարու զարնուեցան, թըխկ-թըխկացին:
Բայց հակառակ իր զարհուրանքին, դեռ կամաց կը թռէր պեշին:
Քանի որ այս հայվանը, արագ չի կրնար թռիլ: Մանաւանդ ոչ, եւ որ դեռ նոր կը սկսի թռիլ, եւ պէտք է որ դեռ թափ առնէ: Բայց նոյնիսկ օդերուն մէջ, նուազագոյն չափով կը շարժէ իր ծանր մարմնին կապուած ծանր թեւերը, որպէսզի ուժերը պահպանէ, եւ ուրեմն կ’առաջանայ սաւառնելով, օդային հոսանքները օգտագործելով:
Ինչպէս որ – թէկուզ, թերեւս հիմա Գէորգը մխիթարելու համար… – վերեւ ենթադրեցի, կրնայ ըլլալ որ նաեւ վիրաւոր էր, այս այլապէս շատ բախտաւոր պեշին: Եւ ուրեմն սովորականէն աւելի դժուարութիւն ունէր՝ կացութեան ճակատագրական բնոյթին համապատասխան արագութեամբ կծկելու, թռչելու եւ դէպի վեր բարձրանալու:
Եւ ուրեմն, թէ բնազդային խելամտութեամբ (որ անհետանայ մօտիկ որսորդին աչքերէն), եւ թէ ալ՝ որպէսզի դէպի վար թռչելով, թեւաբաց «իյնալով», կարողանայ թափ առնել, «լանս առնել» եւ յետոյ աւելի արագօրէն հեռանալ ու բարձրանալ, պէշին իջաւ դէպի ծառերով լեցուած ձորը:
Վահէին չիֆթէյին մէջ (այո, Վահէին), ըստ սահմանումի՝ դեռ երկրորդ փամփուշտը կար:
Ուրեմն Վահէն անմիջապէս, իր չիֆթէին մարդկային փրօթեզ Գէորքին թեւը բռնեց, ամբողջ ձեռքովը բազուկը «ճանկեց, եւ զինք քաշեց, հրեց, որ՝ անմիջապէս հետապնդեն պեշին: Քանի որ տակաւին հրացանով հասանելի էր, խոշոր եւ թերեւս արդէն վիրաւոր, այդ մազապուրծ պեշին:
Եւ ուրեմն, երկուքը միասին, Վահէն՝ Գէորքին բռնած, Գէորգն ալ՝ հրացանը բռնած, կարելի եղածին չափ արագ քայլերով – Վահէն չէր կրնար վազել – , իջան մինչեւ տան առջեւի արահետը:
Ապա այդտեղէն, ձորին մէջէն փախչող պեշիին սկսան հետեւիլ, կողմնակի կերպով. մինչեւ որ կարենան ծառերուն մէջէն զայն լաւ տեսնել, որպէսզի Վահէն իր երկրորդ փամփուշտը կրակէ, իր կամքէն կախեալ այդ մարդկային բլթակին միջոցաւ:
* * *
Եւ այդպէս, իջան ու իջան, դէպի վար: Երբեմն պպզելով, երբեմն ոտքի մատներուն վրայ ելլելով, ձորին ծառերուն միջեւ փախչող պեշիին թռչնային հմուտ մարտավարութիւններուն համեմատ:
Ես եւ Վաչէն, որպէսզի կարողանանք դեռ զիրենք տեսնել, առաջացանք մինչեւ տափաստանին սահմանային կարճ պատը: Ապա դեռ այնտեղէն ալ դէպի առջեւ ծռեցանք, գլուխնիս երկարեցինք, այդ պատին ամենածայրը կանգնած, գլորուելու կէտէն երկու սանթիմեթր առաջ:
Վահէն եւ իր-զէնքը-շալկողը հասան մինչեւ զառիվարին վերջաւորութիւնը: Դեռ առանց կրակելու Վահէին երկրորդ փանփուշտը:
Ձորին մէջի անտառը այնքան խիտ էր, որ անոր մէջէն փախչող պեշին չկարողացան լաւ մը, լման տեսնել, որպէսզի կարենան նշան առնել եւ կրակել: Եւ որպէսզի արձակուած գնդիկները չդպնան ծառերուն, այլ թիրախին:
Արահետին ծայրը, վարը, երկուքն ալ վերջապէս կանգնեցան:
Վահէն շնչասպառ, մէկ ձեռքը ծունկին վրայ, երեսը՝ գետնին, կքած էր:
Գէորգը, զէնքին կոթը ուսին մէջ պահած, փողը՝ աջ-ձախ, վեր-վար տանելով, դեռ կը հետեւէր ծառերուն մէջէն պեշշին սլացքին, այլեւս արդէն դէպի՝ Սաննին:
Առանց գլուխը բարձրացնելու, Վահէն հեւալով բաներ մը ըսաւ – վերէն, չէինք լսեր կոր – : Հաւանաբար Գէորգին ըսաւ՝ «լաւ… քանի դեռ պեշին կը տեսնես կոր, մէկ հատ մըն ալ ետեւէն կրակէ, նայինք…»
Ան ալ, կրակեց:
Անշուշտ ի զուր:
Պեշին արդէն Սուրիա մտած էր, եթէ նոյնիսկ չէր հասած Իրաք… (Ամէն պարագայի, փաստօրէն աւելի քան կէս դար յետոյ, ան տակաւին կը թռի՜, կ’երթայ կոր… դեռ բացառիկ բախտին չհաւատալով, որ կարողացաւ ազատիլ այդ երկու սոսկալի որսորդներու միացեալ թիրախաւորումէն… )
* * *
Եւ Վահէն ու Գէորգը սկսան, հողէ արահետին վրայէն, ետ բարձրանալ դէպի տուն:
Ես ու Վաչէն վերէն, դեռ կը դիտենք կոր… Տափաստանին ամենածայրը, վիզերնիս երկարած – Վաչէն մեծ եղբօրը թեւէն բռնած, որպէսզի յանկարծ վար չգլորուի – :
* * *
Վահէն, առջեւէն կը քալէ կոր, դանդաղ քայլերով: Ատենը մէկ կանգ առնելով, որպէսզի շունչը հաւաքէ:
Գէորգը, ետեւն է: Գլուխը կախ: Դատարկ հրացանն ալ, ձեռքէն դէպի վար կախուած:
Ամէն անգամ որ Վահէն կանգ կ’առնէր, որ շնչէ, Գէորգն ալ կը դադրէր քալելէ. բայց կը մնար Վահէին ետեւը… նոյն հեռաւորութիւնը պահելով… չէր մօտենար… Քանի որ շուտով գլխուն գալիքը, լաւ գիտեր…
Արդարեւ, սկիզբը լուր ու մունջ էին, որովհետեւ Վահէն շատ շնչասպառ էր:
Բայց հազիւ ան քիչ մը ինքզինքը հաւաքեց, ահա թէ տուն տանող, հիմա՝ զառիվեր դարձած այդ արահետը, Գէորգին համար դարձաւ՝ գողգոթայ:
Դադարներու պատճառով արդէն «երկարած» էր, այդ մինչդեռ ոչ այդքան երկար ճամբան: Զայն երկար կը տեսնեմ, հինգ տարեկան մանուկի յիշողութեանս մէջ, բայց գիտեմ որ իրականութեան մէջ այդպէս չէր: Բայց Գէորգին համար, այդ պահին, դեռ շատ աւելի երկար, անվերջանալի դարձաւ, այդ զառիվերը:
Քանի որ յանկարծ, ամէն մէկ դադարին, Վահէն սկսաւ դառնալ դէպի Գէորգին, եւ վրան՝ պոռա՛լ: Հետզհետէ աւելի զայրացած կերպով: Թեւը երկարած – որչափ որ կրնար… -, ձեռքի վախնալիք շարժումներով:
Ամէն անգամ, Գէորգին գլուխը քիչ մը աւելի կը կախուէր, վիզը ներս կը մտնէր: Շուտով, ուսերն ալ կախուեցան:
Բայց ան կը մնար միշտ երկու քայլ ետեւ: Սակայն աւելի չէր դանդաղեր, որ աւելի հեռանայ Վահէէն: Որպէսզի ան իր շունչը չվատնէր, ստիպուելով աւելի բարձր ձայնով պոռալ, որպէսզի զինք լաւ լսէ, իր այդ թերացած բլթակը:
Վահէն կը հասկնար եւ գնահատէր Գէորգի այս փափկանկատութիւնը: Սակայն ատիկա մեղմացուցիչ պարագայ մը չէր, տեղի ունեցած ծանրագոյն յանցանքին առնչութեամբ: Եւ ուրեմն ան կը շարունակէր պարբերաբար, ձայնովը ե՛ւ ձեռքովը, պոռալ՝ Գէորգին կախ գլխուն վրայ:
Ամէն անգամ որ ետ սկսէին քալել, այն տպաւորութիւնը կը գոյանար որ լաւ… ուֆ, եղաւ, վերջացաւ… Վահէն իր ըսելիքը ըսաւ, «պարպուեցաւ», հանգստացաւ, հիմա պահը եկած է այլեւս էջը դարձնելու:
Բայց չէ՜… ընդհակառա՛կը:
Վահէն սկսաւ երթալէն աւելի ջղայնանալ: Աւելի զօրաւոր յանդիմանել՝ ետեւը կանգնած, գլխակախ եւ թեւակախ, հրացանակախ, խեղճ Գէորքին: Որ լուռ ու մունջ, կ’ընդունէր իր յանցանքը: Կ’ընդունէր իր ստացած ահաւոր զափարթան: Չէր համարձակեր իսկ ներողութիւն խնդրել Վահէէն, քանի որ գիտեր թէ տակաւին արժանի չէր որեւէ ներողութեան, եւ ուրեմն այդ խնդրանքը աւելի պիտի սաստկացնէր Վահէին արդարացի ցասումը:
* * *
Եւ այսպէս, հանգրուանային ընթացքով, դանդաղօրէն բարձրացան դէպի մեզի…
Երբ որ մօտեցան, եւ տեսանք Վահէին զայրացած դէմքը, կամա՜ց մը՝ ես ու Վաչէն դէպի ետեւ եկանք: Յետոյ կամա՜ց մը, դարձանք դէպի տուն: Եւ… վազեցի՛նք: Ղա՛չ:
Մէյ մը տուն մտնելէն եւ Մամային դիմաւորումի ուրախ կանչը լսելնէս էք, այլեւս մենք մեզ կատարեալ ապահութեան մէջ զգալով, պատուհանէն շարունակեցինք դիտել դուրսի պատմական դէպքերու ընթացքը: Նորէն ալ, կարելի եղածին չափ պահուըտած: Միայն աչքերնիս բարձրացուցած պատուհանին վարի եզերքէն:
* * *
Երբ որ տուներուն առջեւի տափաստանը հասան, որսորդն ու իր գլխակախ հրացանակիրը, Վահէն դադրեցաւ խօսելէ: Որպէսզի չմտահոգէ տնեցիները: Կամ ալ որպէսզի, իր բնորոշ մեծահոգիութեամբ, ուրիշներու առջեւ չշարունակէ Գէորգին – թէկուզ արժանի – յանդիմանութիւնը -:
Տուներուն աւելի մօտ, կանգ առին: Առանց ոչ մէկ խօսքի, սակայն դաշունահարող աչքերով, Վահէն մէկ հատ մըն ալ նայեցաւ Գէորգին – որ բարեբախտաբար չտեսաւ այդ աչքերը, քանի որ դեռ գետինը կը դիտէր – :
Ապա, Գէորգը մնաց հոն: Վահէն մինակը վերսկսաւ քալել, եւ այլեւս առանց մէկ անգամ իսկ նորէն դառնալու, ոչ մէկ յաւելեալ նայուածք շնորհելու Գէորգին, շատ յոգնած քայլերով բայց դեռ ինքզինք ամուր պահելով, մտաւ մեր կողքի իր տունը: Զինք մէյ մըն ալ չտեսանք, այդ օրը…
Այդպէս մինակ մնացած Գէորգը, դարձաւ դէպի… այդ ծառը: Որուն վրայէն փախած էր այդ պեշին, որու վրայ ինք կրակած էր, այդքան մօտէն: Ճիւղին վրայ թառած, խոշոր, մուգ, անշարժ պեշի՛ն:
Եւ ան մնաց այդտեղ, դիտելով ծառը… ետեւի՝ Սաննինը… Հաւանաբար մտածելով թէ, « ինչպէ՞ս եղաւ, այսպիսի բան մը… այս ինչ ըրի ես, իմ Վահէիս… »: Եւ այդպէս, երկարօրէն, կը նայէր ծառին… Հրացանը կախուած, կախ թեւին ծայրը: Թերեւս աչքերը թաց էին, բայց կռնակը մեզի դարձած էր, չեմ կրնար այդ մէկը վկայել…
* * *
Պահ մը ետք, ես ու Վաչէն այլեւս ձանձրացանք: Եւ ես անշուշտ, անօթեցայ:
Գացինք ուրեմն խոհանոց, Մամային քով:
Ցոլինէն ալ հոն նստած էր: Ըստ իր սովորութեան, գիրք մը կը կարդար:
Որեւէ բան, չպատմեցինք:
Տղամարդոց միջեւ, ռըժժելներու վերապահուած նիւթ էր, տեղի ունեցածը…
Պապան երբ որ տուն վերադառնար գործէն, իրեն կը պատմէինք ամէն բան, առանձնաբար: Թազիներու մեր զեկոյցը կու տայինք, Որսորդներու Համաշխարհային Վեհագոյն Պետին:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
25 Նոյեմբեր 2023

եւ անկէ անդին, ներքեւի արահետին դիմացի կողմը, այդ ծառը…
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…