Հայութեան այժմու վիճակէն, դէպի վերջնական Անդունդ տանող այս ընթացքէն, կրնան մեզ փրկել միայն… թուրքերը:
Ինչ որ ալ ըսէ, ինչ որ ալ ջանայ կատարել՝ Փաշինյանը – իր համակիրների խոր հաւանութեամբ -, ինչ որ էլ նա՝ տայ, տայ, տա՛յ եւ տայ – առանց ներքին դիմադրութեան -, մէկ ա՝ ի զուր է: Ապարդիւն է լինելու:
Միմիայն՝ մէկ պատճառով:
Քանզի այդ ամէնը, հայերի այդ անդադար զիջումները, երբեք բաւարար եւ գոհացուցիչ պիտի չլինեն՝ թուրքերի հանար:
Հետեւաբար, Հայաստանի անէացման համազօր այդ բոլոր թէական դաշինքները, որ Փաշինյանը պատրաստ է ստորագրելու, պիտի չգոյանան: Շնորհիւ թուրքերին: Բացառապէս շնորհիւ նրանց:
Ապա, յաջորդ երեսուն տարիների ընթացքին, հաւանական է որ կարենանք – այս անգամ ալ – ձերբազատուիլ՝ այժմու վարչակարգից: Յուսալով որ յաջորդը, կը կարողանայ մի բան անել:
Այս տրամաբանութեամբ է, այս յստակատես յուսահատութեամբ, որ գրուած է այս յօդուածը:
Նաեւ՝ դառնութեամբ եւ անհուն ցաւով: Ներազգային անդարմանելի ոխո՛վ:
Որպէս արդէն Հայ Ազգի Դամբանական…
* * *
Թուրքերը յուսախաբութիւն պիտի պատճառեն ստորագրեալին, եթէ յանկարծ վազ անցնին՝ Հայաստանի վրայով անցնող, իրենց ուզած այդ միջանցքէն:
Արդարեւ, դարերէ ի վեր, նրանք երբեք այսքան մօտ չեն եղած, իրականացնելու համար իրենց ազգային այդ գերագոյն երազը…
Պէտք չէ որ այս հոյակապ առիթը փախցնեն, մէջտեղ բերելու համար՝ այդ փանթուրանական ճանապարհի գոյացումը: Ոտնակոխելով, պատռելով՝ այդ մնացորդ Հայաստանի հողերը:
Գոնէ այդպէս, մի բանի՛ կը ծառայեն, օգտակար կը հանդիսանան, այդ լքուած ու խոպան, ամայի հողերը: «Դժբախտ ու տժգոյն», անապատային, ամուլ ու անպիտան այդ տարածքները: Գոնէ մի քիչ շարժում, երթեւեկ, աշխուժութիւն կը ստեղծուի, այդտեղ: Հայաստանի այդ որքա՜ն աւելորդ, անիմաստ եւ անօգուտ տարածքներում:
Բայց շատ ալ մտահոգ չեմ: Մի քանի շաբաթներէ ի վեր, Ալիեւը հաւանաբար սպասում է՝ Էրտողանի յառաջիկայ – ստոյգ – վերըտրութիւնը: Որպէսզի միասին, դարձեալ ձեռք-ձեռքի, իրենց այդ պահանջքը հետապնդեն: Պէտք եղած ձեւով…
* * *
Եւ իրաւունք ունի՛ն, պապամ:
Քառորդ դարէ աւելի համբերեցին, մէկ ու կէս ամիս պատերազմ տեղի ունեցաւ, այդքան թուրք զինուորներ մեռան, եւ այդ ամէնը՝ միայն… Արցա՞խ մը ետ առնելու համար ?! Այդ ինչ ցաւալի «յաղթանակ» կ’ըլլայ:
Հայաստանի վրայով այդ թրքական միջանցքը, դեռ նուազագոյն հատուցում մըն է, թուրքերուն կրած վնասներուն համար:
* * *
Կ’ըղձամ ու կը մաղթեմ որ, Հայաստանը ճեղքող այդ թրքական միջանցքը ըլլայ շատ լայն:
Երկու ուղղութիւններով, ամէն մէկ կողմէն՝ գոնէ չորս գիծեր: Մանաւանդ որ, ԼՕՍի հայաստանցիները վարժուած են այդ տեսակի ֆրիwէյներու, պէտք է անոնց ալ գոհացում տալ, մարդիկը, իրենց արձակուրդներուն – կամ բիզնեսի – համար, իրենք ալ պիտի գործածեն, պիտի իմաստաւորե՛ն այդ ճամբան:
Եթէ թուրքերը արտօնեն, որ հայերը գործածեն այդ միջանցքը…
Բայց այդ խնդիրը վստահաբար կը լուծէ, Երեւանի ԱՄՆ դեսպանը – պէտք չըլլար իսկ դրա համար անհանգստացնելու ԱՄՆի Արտգործ նախարարը – :
Հայաստանին վրայէն անցնող թրքական այդ օթօսթրատին երկու կողմերն ալ, ամէն քսան քիլոմեթր, պէտք է որ կառուցուին նաեւ՝ բազմաթիւ հանգստեան գօտիներ: Շքեղ զուգարաններով, որպէսզի ճամբորդ թուրքերը պահը վայելեն, երբ որ իրենց աղիքները կը շարունակեն պարպել՝ Հայաստանին վրայ:
Նաեւ, գիշերուայ երթեւեկի համար, պէտք է որ այդ թրքական միջանցքին երկու կողմերը, եւ ծայրէ ի ծայր, ամէն հարիւր մեթրին՝ տեղադրուին բա՜րձր ու խոշոր Լոյսեր: Ջերմ, դեղնորակ լոյսերով: Ոչ թէ այդ միւս, պաղ, անհիւրընկալ գոյնով:
* * *
Իսկ Մայր Հայաստանի տարածքը բռնաբարող, այդ թրքական ճանապարհը, պէտք է որ անշուշտ սարքէ ու կառուցէ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը:
Հայաստանի հաշւոյն:
Հայաստանի կառավարութիւնը շատ հեշտօրէն կ’ընդունուի այս պայմանը: Քանի որ ասֆալթ թափելու բացառեալ մենավաճառը, հիմա ալ այժմու իշխանաւորներու «ԽԾԲ» համակարգով կը գործէ:
Եւ ուրեմն յատուկ հարկեր կ’աւելնան՝ ՀՀ քաղաքացիներուն վրայ, ֆինանսաւորելու համար այդ թրքական միջանցքի կառուցումը:
Չնայած, թուրքերը, իրաւացի կերպով, կրնան թերեւս չընդունիլ որ՝ հայաստանցի ձեռնարկութիւններ ստանձնեն, այդ թրքական միջանցքի շինարարական գործը:
Պարզապէս՝ որակի վերաբերեալ, արդարացի մտահոգութիւններով:
Այդ պարագային, թուրքերը կը սարքեն, Հայաստանը կը վճարէ:
Ամէն դէպքում, գործին փայատէրերը՝ կը մնան անյայտ:
* * *
Վերջապէս, եթէ ՀՀ բնակիչներու փողերը չբաւեն՝ Հայաստանի վրայով այդ թրքական միջանցքը սարքելու համար, այդ ալ՝ խնդիր չէ՜: Ինչ ա՞ եղել:
«Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ը կայ:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
24 Մայիս 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…