Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

Թրքական Միջանցքը՝ անվիճելի՛ պայման

Հայութեան այժմու վիճակէն, դէպի վերջնական Անդունդ տանող այս ընթացքէն, կրնան մեզ փրկել միայն… թուրքերը:

Ինչ որ ալ ըսէ, ինչ որ ալ ջանայ կատարել՝ Փաշինյանը – իր համակիրների խոր հաւանութեամբ -, ինչ որ էլ նա՝ տայ, տայ, տա՛յ եւ տայ – առանց ներքին դիմադրութեան -, մէկ ա՝ ի զուր է: Ապարդիւն է լինելու:

Միմիայն՝ մէկ պատճառով:

Քանզի այդ ամէնը, հայերի այդ անդադար զիջումները, երբեք բաւարար եւ գոհացուցիչ պիտի չլինեն՝ թուրքերի հանար:

Հետեւաբար, Հայաստանի անէացման համազօր այդ բոլոր թէական դաշինքները, որ Փաշինյանը պատրաստ է ստորագրելու, պիտի չգոյանան: Շնորհիւ թուրքերին: Բացառապէս շնորհիւ նրանց:

Ապա, յաջորդ երեսուն տարիների ընթացքին, հաւանական է որ կարենանք – այս անգամ ալ – ձերբազատուիլ՝ այժմու վարչակարգից: Յուսալով որ յաջորդը, կը կարողանայ մի բան անել:

Այս տրամաբանութեամբ է, այս յստակատես յուսահատութեամբ, որ գրուած է այս յօդուածը:

Նաեւ՝ դառնութեամբ եւ անհուն ցաւով: Ներազգային անդարմանելի ոխո՛վ:

Որպէս արդէն Հայ Ազգի Դամբանական…

* * *

Թուրքերը յուսախաբութիւն պիտի պատճառեն ստորագրեալին, եթէ յանկարծ վազ անցնին՝ Հայաստանի վրայով անցնող, իրենց ուզած այդ միջանցքէն:

Արդարեւ, դարերէ ի վեր, նրանք երբեք այսքան մօտ չեն եղած, իրականացնելու համար իրենց ազգային այդ գերագոյն երազը…

Պէտք չէ որ այս հոյակապ առիթը փախցնեն, մէջտեղ բերելու համար՝  այդ փանթուրանական ճանապարհի գոյացումը: Ոտնակոխելով, պատռելով՝ այդ մնացորդ Հայաստանի հողերը:

Գոնէ այդպէս, մի բանի՛ կը ծառայեն, օգտակար կը հանդիսանան,  այդ լքուած ու խոպան, ամայի հողերը: «Դժբախտ ու տժգոյն», անապատային, ամուլ ու անպիտան այդ տարածքները: Գոնէ մի քիչ շարժում, երթեւեկ, աշխուժութիւն կը ստեղծուի, այդտեղ: Հայաստանի այդ որքա՜ն աւելորդ, անիմաստ եւ անօգուտ տարածքներում:

Բայց շատ ալ մտահոգ չեմ: Մի քանի շաբաթներէ ի վեր, Ալիեւը հաւանաբար սպասում է՝ Էրտողանի յառաջիկայ – ստոյգ –  վերըտրութիւնը: Որպէսզի միասին, դարձեալ ձեռք-ձեռքի, իրենց այդ պահանջքը հետապնդեն: Պէտք եղած ձեւով…

* * *

Եւ իրաւունք ունի՛ն, պապամ:

Քառորդ դարէ աւելի համբերեցին, մէկ ու կէս ամիս պատերազմ տեղի ունեցաւ, այդքան թուրք զինուորներ մեռան, եւ այդ ամէնը՝ միայն… Արցա՞խ մը ետ առնելու համար ?! Այդ ինչ ցաւալի «յաղթանակ» կ’ըլլայ:

Հայաստանի վրայով այդ թրքական միջանցքը, դեռ նուազագոյն հատուցում մըն է, թուրքերուն կրած վնասներուն համար:

* * *

Կ’ըղձամ ու կը մաղթեմ որ, Հայաստանը ճեղքող այդ թրքական միջանցքը ըլլայ շատ լայն:

Երկու ուղղութիւններով, ամէն մէկ կողմէն՝ գոնէ չորս գիծեր: Մանաւանդ որ, ԼՕՍի հայաստանցիները վարժուած են այդ տեսակի ֆրիwէյներու, պէտք է անոնց ալ գոհացում տալ, մարդիկը, իրենց արձակուրդներուն – կամ բիզնեսի – համար, իրենք ալ պիտի գործածեն, պիտի իմաստաւորե՛ն այդ ճամբան:

Եթէ թուրքերը արտօնեն, որ հայերը գործածեն այդ միջանցքը…

Բայց այդ խնդիրը վստահաբար կը լուծէ, Երեւանի ԱՄՆ դեսպանը – պէտք չըլլար իսկ դրա համար  անհանգստացնելու ԱՄՆի Արտգործ նախարարը – :

Հայաստանին վրայէն անցնող թրքական այդ օթօսթրատին երկու կողմերն ալ, ամէն քսան քիլոմեթր, պէտք է որ կառուցուին նաեւ՝ բազմաթիւ հանգստեան գօտիներ: Շքեղ զուգարաններով, որպէսզի ճամբորդ թուրքերը պահը վայելեն, երբ որ իրենց աղիքները կը շարունակեն պարպել՝ Հայաստանին վրայ:

Նաեւ, գիշերուայ երթեւեկի համար, պէտք է որ այդ թրքական միջանցքին երկու կողմերը, եւ ծայրէ ի ծայր, ամէն հարիւր մեթրին՝ տեղադրուին բա՜րձր ու խոշոր Լոյսեր: Ջերմ, դեղնորակ լոյսերով: Ոչ թէ այդ միւս, պաղ, անհիւրընկալ գոյնով:

* * *

Իսկ Մայր Հայաստանի տարածքը բռնաբարող, այդ թրքական ճանապարհը, պէտք է որ անշուշտ սարքէ ու կառուցէ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը:

Հայաստանի հաշւոյն:

Հայաստանի կառավարութիւնը շատ հեշտօրէն կ’ընդունուի այս պայմանը: Քանի որ ասֆալթ թափելու բացառեալ մենավաճառը, հիմա ալ այժմու իշխանաւորներու «ԽԾԲ» համակարգով կը գործէ:

Եւ ուրեմն յատուկ հարկեր կ’աւելնան՝ ՀՀ քաղաքացիներուն վրայ, ֆինանսաւորելու համար այդ թրքական միջանցքի կառուցումը:

Չնայած, թուրքերը, իրաւացի կերպով, կրնան թերեւս չընդունիլ որ՝ հայաստանցի ձեռնարկութիւններ ստանձնեն, այդ թրքական միջանցքի շինարարական գործը:

Պարզապէս՝ որակի վերաբերեալ, արդարացի մտահոգութիւններով:

Այդ պարագային, թուրքերը կը սարքեն, Հայաստանը կը վճարէ:

Ամէն դէպքում, գործին փայատէրերը՝ կը մնան անյայտ:

* * *

Վերջապէս, եթէ ՀՀ բնակիչներու փողերը չբաւեն՝ Հայաստանի վրայով այդ թրքական միջանցքը սարքելու համար, այդ ալ՝ խնդիր չէ՜: Ինչ ա՞ եղել:

«Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ը կայ:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

24 Մայիս 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք