ՀՀ-ի վարչակարգի յաջորդ, բացայայտ նպատակն է՝ իրենց այդ մնացորդ «երկրին» Անկախութեան Հռչակագրի չեղարկումը:
Կ’ուզեն սոյն Հռչակագրի նշումը դուրս հանել՝ ՀՀ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջէն: [«ՀՀ» կը գրեմ, քանի որ գրիչս կը մերժէ «Հայաստան» անուանել այդ տարածքային խղճալի մնացորդը, ամենայն ցաւակցութեամբս այդտեղ բնակողներու – հազիւ – երեք տոկոսին] :
* * *
Այստեղ արդէն էական հարց մը կայ: Մէյ մը որ ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը չեղարկուի, չեղեալ ու ոչ-եւս դառնայ, ինչի՞ վրայ հիմնուած կ’ըլլայ՝ ՀՀի Անկախութիւնը: Եւ ուրեմն, Սահմանադրութիւնը…
Այդ Հռչակագիրն է որ գոյացուց՝ այժմու ՀՀ պետութիւնը, որ ստեղծեց՝ անոր նախնական, էական ինքնիշխանութիւնը: Երբ որ այդ՝ չեղարկուի, չեղեալ կը դառնայ անկէ ետք որդեգրուած որեւէ Սահմանադրութիւն:
* * *
Սակայն հէլէ մնանք՝ տարրական տուեալներու յիշեցման մակարդակի վրայ:
ՀՀ Անկախութեան Հռչակագրի չեղարկումը կ’ուզեն կատարել ՀՀ իշխանութիւնները, քանի որ այդտեղ նշում մը կայ՝ Արցախի Հանրապետութեան վերաբերեալ: Զորս խոչընդոտ կը համարեն, երկու կողմերու թուրքերուն հետ հաշտութեան իրենց ծրագրին, անհեթեթ պատկերացումներուն:
Այս յատուկ նիւթով թող զբաղուին… արցախցիները: Որոնք, զանգուածային մեծամասնութեամբ դիմաւորեցին եւ ընդգրկեցին 2018ի Երեւանի Գարունը: Եւ դեռ անկէ 2 տարիներ ետք (այն 2020ին, որու աւարտին սկսաւ Արցախի աւարտը), որպէս իրենց նախագահը ընտրեցին Փաշինյանին կամակատար չըրախը:
Ամէն պարագայի, իրենց երկու, հռչակաւոր հայրենակիցները՝ արդէն ՀՀ Ընդդիմութեան կարկառուն ղեկավարներն են: Կարիքը չունին ինծիպէսներու օժանդակութեանը: Ես ալ չեմ ուզեր յանկարծ իրենց հոյակապ աշխատանքը խառնակել, գործերը խանգարել… Ուրեմն իրենք թող զբաղուին իրենց Արցախով, ինչպէս որ ըրին քսան-երկու տարիներ շարունակ, ապա անոր ճակատագիրը լքեցին այժմու՝ Անասուններու Ագարակի գերագոյն խոզապետին:
* * *
Սակայն որպէս՝ Կիլիկիայէն սերած, Նախնական Սփիւռքի զաւակ, որպէս՝ ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու թոռնիկ, պարտքս կը համարեմ այստեղ մատնանշել հետեւեալ իրողութիւնները:
Արցախի յատուկ նիւթէն զատ, ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը կը բովանդակէ բանաձեւումներ, որոնք ուղղակի կը վերաբերին, ամենալայն եւ ամբողջական առումով՝ Հայ Դատին: Հայկական Հարցին: Յստակ եւ տառացի, անհերքելի կերպով: Եւ ոչ թէ՝ տեսական – եւ ուրեմն վիճելի – մեկնաբանութեան ուղիներով:
Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ա) ճանաչումը եւ բ) հետեւանքներու սրբագրելի մասին յեղաշրջումը, որպէս պետութեան էական պարտաւորութիւններ, որպէս ՀՀ Անկախութեան հիմքեր, գրաւոր կերպով, արձանագրուած են այժմու ՀՀի Անկախութեան Հռչակագրին մէջ:
Ո՞ւր: Ըսեմ:
1990-ին կնքուած եւ յայտարարուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, բառացիօրէն, կը հաստատէ որ անոր հիմունքը կը կազմէ՝ «[պատասխանատվության գիտակցութիւնը] հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն համայն հայության իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարության վերականգնման գործում »:
. Համայն հայութեան իղձեր; պատմական արդարութեան վերականգնում; եւ առ այդ՝ պետական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ :
ՀՀ Սահմանադրութեան վերաբերող, ՀՀ վարչակարգի ընթացիկ գործողութիւններու յանգումով՝ Արցախի անհետացումէն զատ, ուրեմն, Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթն ալ պիտի ջնջուի:
Անշուշտ, գիտակից եւ յանձնառու հայերուն համար, երկու նիւթերը իրարու կապուած են: Էին…
Արցախի ազատագրումը առաջին հանգրուանն էր, որպէս իսկական, շօշափելի ձեռքերում՝ ՀՀ Անկախութեան Հռչակագրին մէջ արձանագրուած, վերոյիշեալ յատուկ բանաձեւումներուն: (Ափսոս, արցախցիները իսկ չունէին այս ըմբռնողութիւնը… Ալ ուր մնաց, հայաստանցիները…)
Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ այս պահին շատ բան չկայ որ կրնանք ընել կանխելու համար այս դժոխային ընթացքը, գոնէ բոլորս լաւապէս հասկնանք թէ՝ յաւելեալ ինչ կորուստներու, խորտակումի, անէացմա՛ն շեմին կը գտնուի Հայ Ազգը:
Միայն Արցախը չէ, որ կ’ուզեն վերջնականաէս ջնջել: Այլ ամբողջ ու ամբողջական Հայկական Հարցը:
Այսինքն, ոչ միայն Հայոց Պատմութիւնը, որ իրենց համար կը սկսի 2018ին: Այլ նաեւ Հայկական Հարցի դեռ այժմէական, ընթացիկ, արդի իրականութիւնները:
* * *
Թուրքերուն եւ ՀՀ իշխանութիւններուն խնդիրը այն է որ սակայն, գոնէ այդ Հռչակագրի կապակցութեամբ, իրենց ընտրած ուղին սխալ է, իրենց ուզածին հասնելու համար:
Արդարեւ, ՀՀ Սահմանադրութեան մէջէն դուրս հանելով Անկախութեան Հռչակագրի նշումը, այդ Հռչակագիրը չի չեղարկուիր:
Քանզի այդ Հռչակագիրը, օրինապէս, եւ նաեւ պարզապէս տրամաբանութեան գետնի վրայ, կը գերադասէ, կը գերակայէ, կը գերազանցէ՝ Սահմանադրութիւնը:
Պետութիւն մը նախ պէտք է որ անկախ ըլլայ, եւ յետոյ միայն կրնայ Սահմանադրութիւն ունենալ:
Այժմու ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ իսկ արդէն կարելի էր չնշել՝ Անկախութեան Հռչակագիրը: Որովհետեւ ոչ միայն վերջինս, լռելեան, մաս կը կազմէ Սահմանադրութեան, այլ ուղղակի անոր հի՛մքն է:
* * *
Ուրեմն ՀՀի յառաջիկայ, նոր Սահմանադրութիւնը, բան պիտի չփոխէ՝ Անկախութեան Հռչակագրի վաւերականութեան առնչութեամբ:
Սոյն Հռչակագիրը, իր համայն հայութեան իղձերով, իր Հայ Դատով եւ Արցախով, պիտի մնայ լիովին՝ ի զօրու: Մինչեւ այն ժամանակ, որ ՀՀ-ն Անկախութեան նոր Հռչակագիր մը գոյանայ:
Ուրեմն ՀՀ-ն, Սահմանադրութիւնը փոխելէն առաջ, որպէս այդ գործընթացի նախնական, էական քայլ, պէտք է որ նախ ու նախապէս՝ Անկախութեան նոր Հռչակագիր մը հաստատէ: Նախկինը՝ չեղարկէ, նոր մը խմբագրէ ու որդեգրէ, ապա այդ նորին հիման վրայ նոր սահմանադրութիւն մը հաստատէ:
* * *
Վերեւի բացատրական վերլուծումը անպայման նկատի առէք, թուրքեր: Որպէսզի չմոլորիք, կարծելով որ ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ, ձեզի համար բոլոր վտանգները կը փարատին…
Խաղաղութեան դաշնագիրը կնքելէ առաջ, պէտք է որ նախ Փաշինյանէն պահանջէք՝ ՀՀ Անկախութեան նոր Հռչակագիր մը: Իր – եւ մանաւանդ ձեր – Իրական Հայաստանը հիմնադրող Հռչակագիր մը: Եւ անկէ ետք է որ ան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, զայն հիմնելով իր այդ նոր Հռչակագրին վրայ:
Միայն այդ պարագային է որ թուրքերը պէտք է գոհանան, այս նիւթին մէջ: Անկէ ետք անցնելու համար իրենց յաջորդ պահանջքներուն:
(Այս մասնագիտական խորհուրդը անվճար չէ՛: Հեսա, Ֆաթուրաս շուտով կ’ուղարկեմ Էրտողանին: )
Մ. Հայդուկ Շամլեան
27 Օգոստոս 2025
Յ.Գ. Կասկած չունիմ որ Փաշինյանին իբրեւ թէ «սահմանադրական դատարան»ի իբրեւ թէ «դատաւորները», տարբեր կերպով կը մեկնաբանեն այս նիւթը, եւ անգամ մը եւս իրենց տամղան կը խփեն Հայոց Անասնաֆերմայի Տիրոջ որոշումներուն վրայ:
Բայց իշտէ, յաջորդ վարչակարգի մը պետն ալ՝ իր ուզած, բացառապէս իրեն ծառայող տամղաճիները պիտի տեղաւորէ այդ ձեւական, շինծու «դատարան»ին մէջ… Որոնք յանկարծ կրնան գիւտը ընել վերեւ պարզուած օրինական բացատրութիւններուն…
Երբ որ պետութիւն վաբշե չկայ, պետութեան՝ յուզական խօսքը, դատարկ բառը կայ միայն, ասանկ կ’ըլլայ: Anything goes!
Հայերը ո՜ւր, պետութիւն ուր…

. Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն »
. ԼիւնՏիւնՊէ
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ…