Տարիներ առաջ, Օթթաուայի «Ապրիլ-24»ի ցոյցը աւարտելէ ետք, կը վերադառնայինք Մոնթրէալ:
Այն տարիներուն, յաջող կ’ըլլային այդ միջոցառումները: Արցախ ունէինք…
Ուրեմն այդպէս, ճիկերոտ ցոյցէ մը ետք, Օթթաուայէն դուրս ելլելէն քիչ անց, դադար մը առնենք ըսինք՝ այդտեղը, food-courtի պէս տեղը:
Ուր ընդհանրապէս բոլոր այդպէս, այդ ցոյցէն վերադարձողները, պահ մը կը կենային, պատառ մը կ’ուտէին, պէտքարանէն կ’անցնէին, պենզին կ’առնէին – միշտ աւելի յարմար էր գինը այդտեղ, քան թէ Մոնթրէալի անմիջական տարածաշրջանին մէջ – :
Այդ տարի, մեր անձնական օթօյով գացած էինք, ոչ օթօպիւսով:
Շարեցի, իջանք, ուղղուեցանք դէպի մէկ յարկանի շէնքը:
* * *
Ընդհանուր մուտքը, մի քանի աստիճաններով կը բարձրանաս:
Վերեւը, անկիւն մը, ծխողները կանգնած էին: Կը յիշեմ յատկապէս որ այդտեղ էին՝ Յակոբը եւ Զոհրապը:
Երկար եւ ծանր մանթօներ հագուած էին (Քանատայի Ապրիլ…) : Մէկ ձեռքերնին՝ գրպանին մէջ, միւս ձեռքի մատներուն մէջ սիկարէթը…
«Տը Կատֆատըր»ի տեսարանն էր: Առաջին ֆիլմը:
Երբ որ հայր-Տօն Քորլէօնը փորձեցին սպաննել, հիւանդանոցն է: Երբ տակաւին Տօն չդարձած, դեռ անառակ որդի Մայքըլը, կու գայ այցելութեան, կը նկատէ որ Պապային սենեակին լման յարկը ամայացած է..
Լաւ, ուրեմն հելէ ատիկա պատմեմ… կ’արժէ…
* * *
Ձախողած սպանութիւնը լրումի հասցնելու համար – ծախուած ոստիկանապետի մը միջոցաւ – Թաթթակլիա կոչեցեալ սրիկան, պարպել տուած է հիւանդանոցը. եւ իր մարդիկը, ուր որ են նէ, շուտով պիտի գան, եւ ծանր վիրաւոր, ալեհեր Տօն Քորլէոնը՝ իր անկողինին մէջը, նորէն պիտի ծակծկեն: Ինչպէս որ ըրած էին, երբ որ ան փողոցին մէջ նարինջ կը գնէր, Կաղանդի առիթով… Բայց այդքան ալ դիւրին չէ, Տօն Քորլէոնը սպաննելը…
Էակա՛ն անկիւնադարձ մըն է այս դրուագը, «Տը Կատֆատըր»ի իմաստասիրական պատմուածքին մէջ: Շարժանկարի տարբերակը – գիրքին մէջ, շատ աւելորդ, պարապ բաներ կան – :
Արդարեւ, Մայքըլը, որ մինչեւ այդ օրը՝ լման հեռու կը մնար եւ անպայման կ’ուզէր հեռու մնալ իր ընտանիքի անօրէն գործերէն, այդ պահուն է որ, մէկէն ի մէկ, կը գտնէ իր հարազատ էութիւնը: Կը դառնայ արդէն… իր պապայէն աւելի Տօն Քօրլէոն: Արիւնը, կը խօսի:
Կը հեռաձայնէ՝ եղբօրը, Սանթինօյին: Կը բացատրէ կացութիւնը: Ան իրեն կ’ըսէ թէ անմիջապէս պիտի ուղարկէ նոր պահակներ:
Սակայն մինչեւ որ անոնք հասնին, Մայքըլը գիտէ, որ պէտք է ժամանակ շահի…
Հիւանդապահուհիի մը հետ, իր հայրը, անկողինին մէջ, անիւներով անկողինին հետ, դուր կը հանէ սենեակէն, կը տանի, կը պահէ ուրիշ սենեակի մը մէջ: Որպէսզի եկող մարդասպանները զինք անմիջապէս չգտնեն, ժամանակ կորսնցնեն, մինչեւ որ օգնութիւնը հասնի:
Այդ պահուն, մէկը կը բարձրանայ յարկին վրայ: Մայքըլը, նախ ոտնաձայնը միայն լսելով, կը կարծէ թէ արդէն իր հայրը սպանել ուզողներն են: Բայց երբ որ կը տեսնէ եկողը, կը հասկնայ որ այդպէս չէ: Քանի որ ան, ձեռքը, ծաղկեփունջ մը բռնած է…
Բարի, մաքուր, կրթեալ եւ անվնաս մարդ մըն է: Ծաղիկներ առած, եկած է իր յարգանքը մատուցելու վիրաւոր Տօն Քորլէոնին: Քանի որ որ իրեն օգնած է, խնդիրի մը լուծումը շնորհած է, անցեալին:
Մայքըլը այդ մարդը կ’ուղղարկէ վար, հիւանդանոցի մայր մուտքին, դուրսը:
Ինք, զրոյց մը կ’ունենայ իր հօր հետ: Այդ անմոռանալի տեսարանին մէջ, Տօն Քօրլէօնին աչքին անկիւնէն հոսող, արցունքի բարակ կաթիլը… աննկարագրելի յուզումի աղբիւր մըն է…
Յետոյ, Մայքըլը կ’իջնէ վար: Միւսը, կանգնած է դրան առջեւը: Ծաղկեփունջը դեռ ձեռքը…
Մայքըլը ծաղկեփունջը մէկդի կը նետէ, եւ կը բացատրէ թէ ինչ պիտի ընեն:
Երկուքն ալ երկար, հաստ մանթօներ հագած են: Երկուքն ալ, անզէն:
Մայքըլը այդ բարի տղուն եւ իր մանթօներուն օձիկները վեր կը բարձրացնէ, կ’ըսէ անոր, որ ձեռքը գրպանին մէջ դնէ, եւ ինքն ալ նոյնը կ’ընէ: Իբրեւ թէ՝ ատրճանակներ ունին, իրենց գրպաններուն մէջ:
Նպատակը՝ ձեւացնելն է, թէ շէնքի դատարկումը բաւարար չափով չէ կատարուած, եւ իբրեւ թէ իրենք Քօրլէօն ընտանիքի զինեալ պահակներն են:
Եւ այդպէս, կողք-կողքի կը կանգնին՝ ամայացած հիւանդանոցի մայր մուտքին առջեւը: Աստիճաններուն վերեւը… Կաղանդի լոյսերու կամարին ներքոյ:
Գիշեր է: Թեթեւ անձրեւ մը իջնէ: Ամայի ճամբուն վրայ, տեղ-տեղ, փողոցին լոյսերը կ’արտացոլան:
Յանկարծ, օթօ մը կու գայ: Կը շարուի մուտքին առջեւը, աստիճաններուն վարը: Մէջէն որեւէ մէկը դուրս չ’ելլեր, տակաւին: Եկող մարդասպանները հաւանաբար անակնկալի եկած են, որ դեռ «պահակներ» մնացած են այդտեղ… Եւ ուրեմն կը մտածեն, թէ հիմա ինչ ընեն…
Այլընտրանք մըն է՝ այդ պահակները գնդակահարել, եւ ներս մտնել, հիմնական գործը ամբողջացնելու համար…
Մինչ իրենք այդպէս կը մտմտան, կը տատամսին, Մայքըլը՝ ուրիշ move մը կ’ընէ…
Աչքերը յառած շարուած օթօյին վրայ, մէկ ձեռքը կը հանէ գրպանէն, կը քակէ մանթոյին մէջտեղի կոճակը, եւ ձեռքը դանդաղօրէն կը մտցնէ այդտէղ…
Այյա, տապանճան պիտի հանէ, մանթօյին տակէն… գոյութիւն չունեցող գոյքը…
Այդ որ կը տեսնեն, օթօյին մէջինները կ’որոշեն վազ անցնիլ: Կը քշեն, կ’երթան:
Նախապէս ծաղկեփունջով տղան, սիկառէթ մը կ’ուզէ վարել: Սակայն ձեռքերը, մինչ այդ կուտակուած վախէն ու սարսափէն, այնքան կը դողդղան, որ հազիւ կը յաջողի սիկարէթը գրպանէն հանել, եւ նոյնպէս դողդղացող շրթունքներու մէջ սեղմել… բայց այնքան կը դողդղայ, որ անկարող է հրավառ պրիքէն գործածելու, որպէսզի սիկարէթը կարենայ ծխել…
Մայքըլը սակայն, կատարեալ, սառուցեալ հանդարտութիւն մը ունի: Կայուն, հաստատ շարժումներով, պրիքէն կ’առնէ, մէկ անգամով՝ բոցը կը չըրըխկեցնէ, տղուն սիկառէթը կը վառէ… Սփոփիչ, հանդարտեցնող խօսքերով:
Վրայ կը հասնի ծախուած ոստիկանապետը, իր մարդոցմով: Մայքըլին երեսը կը ջարդէ բռունցքովը – ձեռքերը երկու հոգիով բռնել տալէն ետք – :
Այդ պահուն կը հասնի ընտանիքին օրինական խորհրդատու – consiglieri -, Թամ Հէյկընը, իր հետ բերելով բազմաթիւ պահապաններ, որոնց նկատմամբ ոստիկանապետը չի կրնար բան մը ընել, քանի որ զէնք կրելու արտօնագիր ունին բոլորը:
* * *
Լաւ… մոռցայ… սկիզբը ի՞նչ կը պատմէի կոր…
Հա՛, օքէյ… Ապրիլ-24… Ճաշարանին մուտքին՝ Յակոբը եւ Զոհրապը, երկար եւ հաստ մանթօներով… սիկարէթները վառած…
Իրապէս որ, դասական ֆիլմի այդ առասպելական դրուագը, որ վերեւ պատմեցի, մասնաւոր կապ մը չունի մնացեալ այս գրութեանս հետ… բայց իրապէս որ, տեսարանի նմանութիւն մը կայ… յետոյ, եթէ ճիգ թափենք, կրնաք նոյնիսկ իմաստային կապեր ալ գտնել… բայց արդէն ֆիլմին այդ սոսկալի դրուագը լրիւ վերապրելով, յոգնեցայ… սիրտ չունիմ աւելի մտածելու, բաներ յօրինելու…
Սակայն քանի որ զուգահեռ մը եղաւ, որեւէ թիւրիմացութիւն թող չըլլայ՝ նշած երկու ընկերներէս երկուքէն ոչ մէկը՝ միայն ծաղկեփունջ-բռնող չէ: Եւ անոնցմէ ոչ մէկուն ձեռքերը երբեք չեն դողդղար, կը հաւաստիացնեմ: Լուրջ:
* * *
Բայց կ’ուզէի յիշատակել այդ օրուայ մեր հետեւեալ փոխանակումը:
Մէկ կողմէն աստիճանները ելլելով, իրենց կը նայէի ժպտելով, եւ փոխադարձաբար:
Յոգնած, մաշած էինք, եւ երկուստեք չէինք գիտեր թէ ինչ խօսքերով արժեւորենք այդ օրը կատարուածը… «Ապրիլ-24»ի մեր տարեկան, պահանջատիրական եւ հպարտ ձեռնարկը… էն վախտ, երբ հսկայական, ազատագրուած Արցախ ունէինք…
Լաւ, բան մը ըսեմ, ըսի… եւ բերանէս ելան միայն հետեւեալ բառերը – ակնարկելով անշուշտ Ազնավուրի երգին -՝ « է՜հ… իշտէ… ils sont tombés! »…
Այսինքն, ինչ որ ալ հիմա ընենք, ինկողը՝ ինկաւ: Եւ այդ անասելի պայմաններուն մէջ…
Խնդալու պէս բան մը ըրին… քանի որ իրենք ալ գիտակից էին, այս ըսածիս…բայց, թէ ինծի մխիթարելու համար, եւ թէ որպէս իրաւացի փաստարկ, պատմական հիմնաւորուած եւ ի զօրու հաստատում, Յակոբը ըսաւ՝ «հա, բայց ետ ոտքի՛ ելանք»:
Ել ալ պատասխանեցի՝ «այո, ճիշդ ես… սակայն հիմա, խնդիրը՝ դարձեալ չիյնալն է»…
Բայց ափսոս, նորէն ինկանք:
* * *
Առանց Արցախի, «Ապրիլ -24»ի ոգեկոչումը միայն ու միայն՝ չարչարանք է: Անիմաստ, բացառապէս ինքնաքայքայիչ՝ չարչարանք:
Բայց, չես գիտեր…
Թերեւս նորէ՛ն ոտքի կ’ելլենք…
Մ. Հայդուկ Շամլեան
17 Յուլիս 2023

(վերոյիշեալ ֆիլմին նկարահանման վայրերէն մէկն է, Սիսիլիա. Պատիւի, Ոխի եւ Վրէժի օրրանը…)
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…