Մթագնում

«Էգուց, անպայման կու գաք եւ զիս կ’առնէք, ես ալ կ’ուզեմ աշխատիլ»:

Տղաքը, մի քանի օր է, արդէն տքնաջան գործի վրայ էին, երբ որ մենք հասանք Շուշի: Մեր ժամանումի յաջորդ օրը, թէկուզ Ճամբարի բացման օրն էր, սակայն վերջին առիթս էր, որ կարենամ միանալ իրենց աշխատանքին:

Արեւը ծագելէն առաջ պէտք է որ կատարէինք այդ օրուայ գործը: Քանի որ անկէ ետք, օդը շատ տաք էր, տօթ էր, եւ վտանգաւոր էր կիզիչ արեւին տակ, այդպիսի աշխատանք կատարելը:

Ուրեմն այդ գիշերը արդէն լրիւ արթուն մնացի: Քանատայէն հասած էինք Երեւան՝ երկու օր առաջ, եւ յաջորդ օրը իսկ՝ այդտեղէն անմիջապէս ճամբայ ելած էինք, դէպի Շուշի: Այնպէս որ, քնանալը անհնար էր:

Երբ մութը սկսաւ մի քիչ փարատիլ, եւ դեռ չէին եկած ինծի տանելու իրենց հետ, մտահոգուեցայ:

Մտածեցի որ թերեւս կ’ուզեն զիս խնայել… Ուրեմն Դաւիթը արթնցուցի – ան ալ արդէն միշտ, մէկ աչքը բաց կը քնանար -, խնդրեցի որ զանգէ, յիշեցնէ տղոց: Առանց միւս աչքը բանալու, «դու հանգիստ եղիր» մռթմռթաց – միւս աչքը առանց իսկ բանալու – : «Հեսա, կըգան» :

Եկան:

Գնացինք:

 * * *

Բլուրին վերը հասանք:

Շաղախը մէկ կողմ դիզուած էր, կողքին՝ ծայրը կոտրուած բահ մը:

Անդին ալ՝ խոշոր, շինարարական ջրաման մը կար: Սկզբնապէս սպիտակ հաստ փլաստիքէ, որ  դարձած էր մոխրագոյն: Ներքեւը՝ ծորակ մը:

Արտակը եւ Նվերը գործին հիմնական մասը ստանձնեցին:

Ես, ուրիշ օգնականի մը հետ, պէտք է որ շաղախը պատրաստէինք, եւ մեծ ու ժանգոտած դոյլով մը՝ զայն բաժին-բաժին եւ արագօրէն հասցնէինք ուր որ պէտք էր, որպէսզի տղաքը զայն վարպետ կերպով թափէին, փռէին:

Շաղախը, լայն շրջանակ մը պիտի կազմէր…

 * * *

Իսկապէս ալ վարպետութիւն պահանջող աշխատանք էր, յատկապէս Արտակին ստանձնած գործը:

Աշխատանքային տարածքին ծայրը՝ պպզած, սիկարէթ մը բերանին անկիւնը, աչքերը կեդրոնացած՝ շարժուն գետնին վրայ, ան կը խորհրդակցէր Նվերին հետ, թէ ճիշդ ուր եւ ինչ կերպով պէտք է որ թափուի եւ տարածուի շաղախը: Գործողութիւնը նուրբ էր, քանի որ հարթ տարածքի վրայ չէինք, եւ պէտք է որ նկատի առնուէր շաղախին բնական, ինքնավար հոսումը:

Իսկ այդ գործողութեան ընթացքին, Արտակը կ’ամրապնդէր շաղախը՝ մետաղի այլազան կտորներով: Այստեղէն-այնտեղէն հաւաքուած, տարբեր ձեւերով եւ չափերով երկաթեղէններ, զորս պէտք է որ ճիշդ պահին, ճիշդ կերպով եւ ճիշդ տեղը նետուէին, իյնային ու ընկղմէին, փռուող շաղախին մէջ: Որպէսզի գործը կանոնաւոր եւ յաջող կերպով ընթանար:

Տեսնելով որ հետաքրքրութեամբ կը դիտեմ շինարարական աշխատանքին այդ մասը, Արտակը բացատրեց թէ կարեւոր էր որ կազմուող շաղախի շրջանակը այդպէս ամրացուէր, պնդանար, մետաղի կտորներով:

Որովհետեւ կառուցման յաջորդ հանգրուանին, աղիւսաշար վարպետ մը պիտի գար, եւ այդ կազմուած շաղախին վրայ՝ կլորաձեւ պատ մը պիտի հիւսէր, դարպասով մը:

Հետեւաբար, եթէ այդ հիմքը բաւարար ամուր չլինէր, պատը կրնար փլիլ:

Ապահովութեան հարց էր: Ու նաեւ, բծախնդրութեան: Գործ մը, մարդավարի ու պարտաճանաչ կերպով կատարելու գիտակցութիւն, պատուախնդրութիւն:

* * *

Սկիզբը, արագ սկսանք: Սակայն հետզհետէ դանդաղեցանք: Իմ պատճառովս: Այդ պահին հասկցայ որ ինծի իրենց հետ տարած էին… ինծի համար, ոչ թէ իրենց:

Բայց խերն անիծեմ, շատ ծանր էր՝ ջրախառն թանձր շաղախով լեցուած, այդ խոշոր դոյլը: Բռնիչն ալ, երկածէ փասոտած թել մըն էր, որ կը ջանար բառացիօրէն մատներս շերտել, փրցնել, մինչեւ որ – շնչասպառ – հասնիմ ուր որ պէտք էր:

Միւս օգնականը, հազիւ պատանի տղայ մը, սկսաւ – փափկանկատ կերպով – ճամբուս վրայ ձեռքէս առնել դոյլը, եւ արագօրէն զայն տանիլ, թափել, ուր որ տղաքը ըսէին:

Իմ երկու ձեռքերով շալկածս, ինք երեք մատով կը տանէր, իսկ իմ առած երեք դանդաղ քայլերուս տեղ՝ մէկ ոստիւն մը կը կատարէր ան, միեւնոյն հեռաւորութեան համար:

Արեւածագի կապակցութեամբ, վերեւ բացատրուած հաշիւը որ ըրած էին, ի դերեւ պիտի հանդիսանար: Իմ խղճալի յոգնութեանս պատճառով:

Եկուր նայէ որ, սակայն, անսպասելի ամպերու եւ նոյնիսկ մարախուղի մը պատճառով, այդ օրը, արեւածագը ուշացաւ: Առիթ տալով որ այդ օրուայ գործը ամբողջացնենք, առանց որ տղաքը աւելորդ չափով քրտնին, եւ ես սրտի կաթուած մը ունենամ:

Եւ ամբողջացուցինք: Մինչ տակաւին Արեւը չէր յայտնուած:

* * *

Մեկնելէ առաջ՝ հեւալով, ծուռիկ-մուռիկ քայլերով, խոշոր ջրամանին ծորակին մօտեցայ, որպէսզի ջուր մը խմեմ:

Արտակը ըսաւ թէ չէ, չէ, ինք իր հետ աւելի մաքուր – եւ սառը –, աղբիւրի ջուր բերած է: Հանեց քովէն շիշը, տուաւ որ խմեմ: Այդքան համով ջուր, կեանքիս մէջ չեմ խմած:

Ինք ալ, վերջին սիկարէթ մը վարեց, հանդարտ աչքերովը դիտելով, զննելով՝ թափուած շաղախի շրջանակը, սանթիմեթր առ սանթիմեթր:

Ապա, աչքերը քարացան այդ շրջանակին մէջտեղի՝ գետինէն կէս մեթր բարձր հողակոյտին վրայ: Քարացան, եւ պղտորեցան:

Բացատրեց որ, ժամանակի ընթացքին, նաեւ անձրեւներով, այդ հողակոյտը կամաց-կամաց, բնականաբար կը հաւասարի գետնին:

Երբ որ փճանայ՝ այդտեղ թաղուած դագաղը…

* * *

Արտակի երեխային շիրիմն էր:

Իր եւ Մարինէյի փոքրիկ զաւակին՝ հանգստարանը – ինչպէս որ կ’ըսեն այդտեղ … – :

Դպրոցական խումբով ան գացած էր Երեւան, երաժշտական միջոցառումի մը մասնակցելու: Հոյակապ դաշնամուր կը նուագէր:

Բաղնիքին մէջ, մահացաւ: Շմոլ կազի պատճառով:

Տասը տարեկան էր:

Շնորհալի, տաղանդաւոր, շատ բարի աղջնակ մը

Չես կրնար իսկ ըսել՝ հրեշտակ դարձաւ, քանի որ արդէն հրեշտակ էր:

Անունը՝ Արեւիկ: Արեւ… («հայրի՛կ, ինծի այլեւս Արեւ պիտի ըսէք… ես այլեւս մեծ եմ…») :

* * *

Եւ այդպէս կանգնած, լուռ ու մունջ, կը նայէինք երեխայի գերեզմանին: Ոչ մէկս կ’ուզէր, կրնար, տեղէն շարժիլ:

Այդ պահուն է որ՝ ամպերն ու մշուշները յանկարծ, մի անգամից փարատեցան, եւ արեւը իր ջերմ շողերով ողողեց երկինքը, բլուրներն ու ձորերը, ամբողջ Շուշին եւ շրջակայքը:

Արեւն էր: Արեւիկը: Որ անյայտ մնացած էր, որպէսզի իր հայրիկն ու նրա ընկերները աւելի չյոգնէին, յաւելեալ շոգի պատճառով, այդ արդէն իսկ անասելի աշխատանքի ընթացքին:

Եւ հիմա ալ, նա ասում էր մեզի՝ « դեհ լաւ, բաւ է… հիմա գնացէք այստեղից… ուրիշ գործեր ունիք կատարելիք Շուշիում… ողջերի հետ… ողջերի համար: »

Վերադարձանք ուրեմն մեր առօրեային:

* * *

Արեւիկին մայրը Մարինէն, այդ նոյն ամառը իսկ, շատ օգտակար եղաւ Այտային՝ մեր Ճամբարում:

Իսկ Արտակն ու ես, հարազատ ընկերներ դարձանք:

Ինք բազմատաղանդ, բարձր մակարդակի արուեստագէտ է: Ի միջի այլոց՝ նկարիչ:

Այդ տարի Շուշիէն մեկնելնէս առաջ, նա մեզի նուիրեց՝ ներքեւի իր գործը:

 * * *

Ի թիւս մեր այլ, բիւրաւոր գերեզմաններին, Արեւիկի շիրիմն ալ մնաց ուրեմն՝ Շուշի:

Եւ առանց արեւի մնաց Հայոց Աշխարհը:

Արդարեւ, այդ օրը, այդ տանջալի աշխատանքէն ետք, երբ որ այդ թարմ շիրիմին շուրջը հաւաքուած էինք այդպէս, այդպիսի օր մը իսկ, այսօրուայ չափ՝ խաւարներու մէջ չէին, մեր հոգիները:

Բայց Արեւիկը դեռ մեզի կ’օգնէ, յաւերժական իր Լոյսով:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

11 Յուլիս 2023

Անգին ընկերոջ մը սրտի նուէրը… կոտրուած սրտի…

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք