Ռոբերտ Քոչարյան / պաշտպանողական (2018)

24 Դեկտեմբեր 2018

.   Ռոբերտ Քոչարյանի նկատմամբ հալածանքներէն՝ օգտակար ոչ մէկ բան ալ չի կրնար գալ, Հայաստանի համար:

Զինք խորապէս ատողը չի կրնար ըմբռնել ասիկա, բնական է. բայց պէտք է այստեղ եւս ջանալ բանականութեան ձայնը հնչեցնել. թերեւս լսող կ’ըլլայ:

.   Գոնէ այս նիւթով, պէտք չէ անպայման Պարոն Փաշինյանը վերածել ծաղրանկարի: Այս պարագային, ափսոս, նուազ անհեթեթ կը թուի այն վարկածը թէ բուն ու գործնական նպատակը՝ ճնշումի տակ, Երկրորդ Նախագահին հետ ալ Պետութեան «փողեր վերադարձնելու» deal մը ձեռք բերելն է. ինչպէս որ ըստ երեւոյթին որոշ – դեռ վիճելի – յաջողութեամբ մը կատարուած է ուրիշներու պարագային, ըստ՝ տարօրինակ «նուիրատւութիւններու» մասին այն յայտարարութիւններուն, զորս նոր վարչակարգը մի քանի անգամ արդէն բարձրաձայնեց:

Սակայն այդ ուղիով, ամէն դէպքում, տնտեսապէս շատ հեռու չի կրնար երթալ երկիրը: Մինչ Քոչարյանի եւ մի քանի ուրիշներու պարագայի, այդ ճղճիմ հաշուապահական մարտավարութեան արտադրած վնասները լուրջ ու ծանր են, բազմաթիւ են ու բազմատեսակ, ներազգային եւ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այսինքն, բառին բոլոր իմաստներով՝ չ’արժեր:

.   Այժմու նոր իշխանութիւնը, որուն ձեռքն է, ամիսներէ ի վեր, «պետութեան»  հիմնական ուժականութիւնը, եթէ կարողանար ինքզինք հաստատել եւ օրինական լուրջ թղթածրար մը պատրաստել Քոչարյանի դէմ՝ նիւթական հարցականներու վերաբերեալ, այս լրիւ քաղաքական բնոյթ կրող անհեթեթ մեղադրանքի հիման վրայ չէր հալածեր զինք:

Իսկ նորէն, եթէ նպատակը, այս տեսակի ճնշումներու տակ, ստիպել է որ նա կարծեցեալ «փողերը վերադարձնէ», սա արդէն դարձաւ պետական մակարդակի blackmail, extorsion:

Այս հիմքերուն վրա՞յ պիտի կառուցեն «Նոր» Հայաստանը…

.   Ինչ որ ըլլայ ոեւէ մէկուն կարծիքը Ռոբերտ Քոչարյանի մասին, զայն այսպէս, այս բնոյթի հալածանքի ենթարկելը ոչ մէկ օգուտ չի կրնար բերել Հայաստանին եւ Հայութեան, այլ միայն վնաս:

Եթէ Պարոն Վարչապետը ուզում է շարունակել իր ընթացքը ինքն իր ձեռքով իսկ խափանել, շատ լաւ ճանապարհի վրայ է այդ ուղղութեամբ:

Խնդիրը այն է որ սակայն, գինը միայն ինքը չէ որ պիտի վճարէ… 

.   Պարոն Փաշինյանը շատ մը սխալներ գործեց մինչեւ հիմա: Անոնցմէ ամենածանրերից մին, հենց այս նիւթն է:  Թէ՛ արտաքին գետնի վրայ, եւ թէ ՛ ներազգային:

Ռոբերտ Քոչարյանը ատող հայերը խորապէս թերագնահատում են անոր նկատմամբ մեծաթիւ այլ հայերու յարգանքը, համակրանքը, երախտագիտութեան զգացումը:

.   Փող ունենալը, ինքնին, յանցագործութեան կանխավարկած չէ: Ոչ էլ՝ մեղք: Մինչ ոմանց համար դա արդէն երեւի վճիռ է, վերջնական դատապարտում: Տակաւին փաստացի կերպով, առարկայականօրէն, չէ հաստատուած իսկ թէ ճիշդ որքա՞ն փող ունի մարդը… Ամէն դէպքում, օրինապէս բնաւ այդ հիման վրայ չէ որ զինք այժմ բանտարկած են: Առանց որեւէ դատավարութեան:

. Ի դէպ, «թալան», նշանակում է՝ նախապէս գոյութիւն ունեցող, արդէն առկա մի բան, իւրացնել: Եղած մի բան, գողանալ:

Քոչարյանը երբ որ հասաւ իշխանութեան (այսինքն՝ երբ որ գացին իր մօտ, զինք համոզեցին ու բերեցին Երեւան), արդէն երկրում բան չէր մնացած, որ ինք կամ ով ոեւէ մէկը, «թալանէ»:

Թէ որ Քոչարյանը, անձնապէս եւ նիւթապէս, օգտուեցաւ իր պաշտօնից, լաւ: Այդքանը, ոչ-օրինական մակարդակի վրայ, հնարաւոր է ենթադրել: Սակայն այդ անձնական շահի գումարին վերաբերեալ ըսի-ըսաւները, անիմաստ են: Զինք ատողները, հիմա իշխանութիւն են, թող բարեհաճին հետախուզել, մի բան փաստել, մենք ալ գիտնանք: Իսկ եթէ փաստ չկայ, ինչի՞ վրայ են հիմնուած ուրեմն այդ աստղաբաշխային թիւերը, որ լսում էինք տարիներէ ի  վեր…

Սակայն ամէն դէպքում, ի տարբերութիւն իրմէ առաջ եւ նաեւ իրմէ ետք եկողներին, ինք, Քոչարեանը՝ իր մէջտեղ բերածից է, իր՝ կառուցած ու ստեղծած հանրային հարստութիւնից է, որ հաւանաբար, որոշ չափով օգտուեցաւ:

Տարբերութիւն մը կայ՝ առկայ մի բան թալանելու, եւ քո ստեղծածիդ ընդմիջից շահաբաժին առնելու միջեւ:  Մնացեալը՝ վիպապաշտութիւն է: Դրա համար, թէկուզ տակաւին ծեր չեմ բայց իմ տարիքը անցել է, եւ երեւի բախտը չունիմ՝ յաւերժական պատանի մնալու: Համակերպել եմ կեանքի տարրական, նուազագոյն իրականութիւններին: (Իսկ յատկապէս Հայաստանի պարագային, Վեհագոյն Սկզբունքների հիման վրայ՝ մարդ քննադատելի իսկ, ուղղակի անհեթեթ է… Երկրի ընդհանուր վիճակը, մարդ չի՞ տեսնում… Լո՞ւրջ…)

.   «Առագաստ» ճաշարանի դէպքը շատ ցաւալի, ողբալի եւ ողբերգական՝ արկած մըն էր:

Պարզապէս անկարելի է որ Նախագահը հրահանգած ըլլար որ այդ խեղճ մարդը տանին սպանեն, հանրային անքաղաքավարութեան մը համար: Կովկասեան տարածքաշրջանի… իւրայատուկ բարքերու զոհը գնաց այդ անձը:

Ի դէպ, լուսահոգի Շ. Ազնավուրը Քոչարյանին հետ նստած էր ճաշարանը, ճիշդ այդ պահուն: Պատահարի սկիզբէն մինչեւ վերջ, ինք դեռ այդտեղ էր, ոչ մէկ ձեւով միջամտեց: Իսկ վերջն ալ՝ երբեւիցէ չդատապարտեց դէպքը: Սակայն ոեւէ մէկը զինք երբեք չհամարեց «սպանութեան մեղսակից»:

.   Մարտ 1-ը Coup d’Étatի երկարատեւ փորձի մը վերջին օրն էր: Երկրին համար չափազանց վտանգաւոր այն շարժումի նկատմամբ, պետութեան օրուայ գերագոյն ղեկավարը իր պետական պատասխանատւութիւնը ստանձնելէ չխուսափեցաւ, որքան որ ալ դժուար ու սոսկալի ըլլային անհրաժեշտ որոշումները:

Որեւէ ուրիշ երկրում, նոյնանման պայմաններու մէջ, զոհերի քանակը անհամեմատօրէն աւելի շատ կ’ըլլար: Մինչ պետական ծայրագոյն միջոցներու կիրառումը աւելի շուտ տեղի կ’ունենար: Քոչարյանը մնացեալ աշխարհին համար օրինակելի կերպով տնօրինեց այդ կացութիւնը:

Այդ սոսկալի ողբերգութեան առաջին գիծի պատասխանատուները՝ այդ պետական յեղաշրջման փորձի պարագլուխներն են:

Փոխանակ կամայական բանտարկութեան, նախ եթէ բարեհաճին մարդավարի դատավարութիւն մը կատարել, այս ամէնը կը բացայայտուի:

Այժմու Վարչապետը այդ ուղղութեամբ իր օրինական պատիժը ստացաւ եւ լրացուց: Սակայն ինք դեռ երկրորդ ջութակահարն էր… Առաջինը, որուն մեղադրանքի եւ դատապարտման արժանի արարքներու շարքը այդ դէպքերով չի սահմանափակուիր, երբեք որեւէ օրինական նեղութիւն չէ կրած. յատկապէս՝ «ղարաբաղցիներու վարչակարգի» վախտը… Բայց ոչինչ, դաւայ… Ան ալ թող իր կեանքի մայրամուտը ապրի առանց այլեւս անիմաստ հետապնդումներու: Անցեալի ոխերը դէպի առաջ չեն տանիր մեր Ազգը, ոչ ալ այդ երկիրը, այլ՝ դէպի ճահճացման եւ բտումի յաւերժական շրջանակ: Մինչ ապագայի ճանապարհը, ականներով լեցուն, դեռ մեզ կը սպասէ…

.   Ռոբերտ Քոչարյանը անշուշտ կատարեալ, անբիծ ու անթերի չէ, գերմարդկային, չաստուածային էակ չէ, ուղղակի երկինքէն իջած Սուրբ մը չէ, որոշ կռապաշտ ամբոխի մը հնարած նորագոյն Փրկիչին նման:

Սակայն հետաքրքրականօրէն, Քոչարյանն է որ փորձում են խաչել:

 Որո՞նց մեղքերը քաւելու համար, արդեօք…

.   Մարդը որքան որակաւոր, բարձր մակարդակի հայերէն կը խօսի: Կը յիշէ՞ք, սկիզբը այդքան լաւ չէր խօսեր. բայց ատիկա մինչեւ իր սերունդի Արցախցիների յանցանքը չէ. եօթանասուն տարի թուրքերը ամէն կերպով ջանացին անէացնել անոնց հայի ինքնութիւնը, բայց ջախջախիչ կերպով ձախողեցան, պարտուեցան:

Կովկասի մէջ Հայ Ազգը իր վերածնունդը կը պարտի Արցախին: Նաեւ այդ ամէնուն մարմնաւորումն է, իր կարգին՝ այժմ բանտարկուած այս մարդը:

.   Ռոբերտ Քոչարյանը բանտին մէջ աւելի ազատ է, քան թէ զինք այդտեղ տանող ու պահել ուզող հայերը, որոնք կամայ-ակամայ ծառայում են օտար ու մթին ուժերու կամքին: Որոնք խոր հաճոյք են պատճառում թուրքին:

Պէտք է որ տեսնէիք եւ լսէիք թէ ինչպէս այս մարդը Հայաստանի անունով կը խօսէր, միջազգային ատեաններում: Բոլորը զինք, մեզ, յարգանքով մտիկ կ’ընէին: Հպարտ կը զգայինք: Հայ Ազգին համար փառքի օրեր էին:

Մի խորտակէք ամէն բան: Սա հաւաքական ինքնաքայքայում է, կառուցման պատրանքի տակ:

.   Իր բոլոր – մարդկային – թերութիւններով, Ռոբերտ Քոչարյանը ազգասէր եւ հայրենասէրը մարդ է: Երկար տարիներով, իսկական, արտակարգ աշխատանքի միջոցաւ, լոկ խօսքերէ անդին՝ իսկական արդիւնքներով նա իրականութիւն դարձուցած է իր հարազատ հայրենասիրութիւնը. ի շահ բոլորիս:

.   Երբ որ Ռոբերտ Քոչարյանը իր յաղթական լեռներից իջաւ Երեւան – զինք բերի՛ն Երեւան -, երկիրը արդէն թալանուած, վերջացած էր. ինքն է որ սկսաւ զայն ոտքի հանել:  

Ան որ քսանհինգ տարեկանից փոքր տարիքի է այսօր՝ տակաւին չէր ծնած իսկ, էն վախտը…

Այսօրուայ դրութեամբ, մինչեւ երեսուն-հինգ, քառասուն տարեկան հայաստանցիներէն շատերը իսկ չեն գիտեր թէ ինչի մասին եմ խօսում… Թերեւս դասական Սփիւռքի մէջ, աւելի լաւ գիտեն այս ամէնը…

.   Ռոբերտ Քոչարյանն է որ նաեւ երկիրը փրկեց, որքան որ դեռ հնարաւոր էր, նախնական վարչակարգէն… Բայց դա արդէն ուրիշ տեղ կը տանի մեզ… Դարձնենք այդ էջը, եւս:

.   Ռոբերտ Քոչարյանը երկիրը կառավարեց զօրեղ, ազդու եւ արդիւնաւէտ կերպով, որովհետեւ նա լաւապէս կը ճանչնայ հայ ժողովուրդը: Միայն թէ, երեւի լաւ չչափեց անոր ապերախտութեան աստիճանը: Նա տուեց իր առաւելագոյնը, տուեալ պայմանների տակ կարելի եղածին չափ կազդուրելու համար երկիրը, առաջնահերթութեանց կարգով: Իր այսպէս բանտարկուիլը այսօր խայտառակութիւն մըն է ամբողջ երկրին համար, ամբողջ ազգին համար: Ուղղակի ամօթ է:

.   Որպէս պատանեկութենէն ի վեր ազգային գործիչ, որպէս 1988-էն ի վեր անընդհատ, անդադար, շատ մօտէն հետեւող Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր իրադարձութիւններուն, ապա յատկապէս անցած 14 տարիներու ընթացքին շարունակաբար, իսկական ու երկարատեւ, յարատեւ, գործունէութեամբ այդտեղ, գետնի վրայ,  բաւարար տեղեկութիւններու եւ փորձագիտութեան կը տիրապետէ ստորագրեալը, հաստատօրէն արտայայտելու համար վերեւ պարզուած բացատրութիւնները, կարծիքները, կեցուածքը:

Որպէս ուղղակի, անմիջական վկայութիւն ալ կրնամ հաւաստիացնել որ, մասնայատուկ նիւթի մը պարագային որ չեմ կրնար բացայայտել, Պարոն Քոչարյանը ազգային էական գործ կատարած է, Հայոց Պետութեան ներկայացուցիչի իր առաքելութիւնը արժանավայել կերպով ստանձնած է, ինծի ծանօթ, իմ հետս կապ ունեցող անձերու նկատմամբ, երբ որ ան կրնար շատ հեշտօրէն խուսափիլ, ձեռքերը լուալ, բան մըն ալ չընել:

.   Անծայրածիր հայհոյանքներով, աժան բամբասանքներով, չափացանցեալ ու անհեթեթ զրպարտութիւններով, անհիմն վերագրումներով, դատարկ բայց ամօթալի խօսքերով չէ՝ որ պիտի դատուի Հայաստանի Երկրորդ Նախագահը: Ամէն դէպքում նուիրեալ անձ մը, որ իր որոշիչ մասնակցութիւնը բերած է Հայոց Պատմութեան ամենապանծալի Յաղթանակին, ապա իր նշանակալից ներդրումը ունեցած է Հայաստանի վերականգնումի եւ համայն հայոց պետականութեան կերտման դժնդակ ու ցաւագին հոլովոյթին, բազմիցս՝ ողբերգական գործընթացին:

.   Ոմանց կարծածէն շատ, շատ աւելի են այն հայերը որոնք այսպէս կը մտածեն: Սակայն շատերը չեն արտայայտուիր, «վախնալով» ամբոխային վայրագութենէն, անքաղաքակիրթ հակազդեցութիւններէ, կամ պարզապէս քանի որ գիտեն թէ ի զուր է, հասկցողը արդէն հասկցած է, իսկ ցարդ չհասկցողն ալ երբեք չի կրնար հասկնալ:

.   Ռոբերտ Քոչարյանը իմ պաշտպանութեանս կարիքը չունի: Ես արդէն իր հետ որեւէ կապ ունեցող որեւէ տեսակի որեւէ անձնական շահագրգռութիւն երբեւիցէ չեմ ունեցած, իսկ նամանաւանդ այս օրերուն, որդեգրած եւ արտայայտած կեցուածքս վստահաբար որեւէ օգուտ չի բերեր ինծի:

Հետեւաբադր, ինչ որ կ’արտայայտեմ վերեւ, իմ խղճիս համար է: Նաեւ կը ջանամ մի քիչ հակակշռել Հայութեան մէջ այժմ աննախադէպ տարողութեամբ փոթորկացող ատելութեան հողմերը, չարութեան քամիները, ընդդիմանալ՝ խաւարներու յորդառատ ու թանձր հոսանքին. քանզի այդ բոլորին համար պիտի հաւաքաբար տուժենք, ազգովին հատուցում պիտի տանք՝ երկնային վեհագոյն դատաստանի առջեւ:

.   Ազատագրո՛ւմ՝ Արցախը ազատագրողին:

Ոչ թէ իրեն համար, այլ՝ մեզի համար, Հայ Ազգին, մեր Միացեալ Մայր Հայրենիքի սիրոյն:

Մ. Հայդուկ Շամլեան
24.12.2018

.

Արխիւային նամակ / 08 Դեկտեմբեր 2018 թ.
ստորագրեալը իրաւաբան է, 1989-էն ի վեր, Կանադայում
նամակը ուղղուած է Ռոբերտ Քոչարյանի Հայաստանի փաստաբաններէն մէկուն (որուն նախապէս առիթը ունեցած էի ծանօթանալու - եւ լաւ չէր ընթացած, մեր այդ հանդիպումը... - ) ՝

From: Haytoug Chamlian, Avocat/Lawyer
Sent: December 8, 2018 5:28 PM
To: ……………
Subject: current Kotcharian case

Յարգելի գործընկեր,

Չեմ կրնար ձեռնածալ մնալ…

Չունիմ այդ «խոհեմութիւնը»… 

Տարիքի բերումով իսկ, չեմ հասած այդ «իմաստութեան» :

Գործնական առաջարկ՝

եթէ որեւէ կերպով օգտակար կ’ըլլայ որ դասական Սփիւռքից հայ իրաւաբան մը միանայ Պարոն Քոչարյանի պաշտպան փաստաբաններու խումբին, թէկուզ խորհրդանշական կերպով,  զիս նկատի ունեցէք

Մէկ հիմնական պայմանով՝  ո՛չ մէկ դրամ իսկ չեմ ստանար այս գործին համար, ոչ մէկ ձեւով, եւ այս կէտը պէտք է որ լաւապէս հրապարակուի.  եթէ կարիքը լինի որ, այս նիւթի կապակցութեամբ, մարմնապէս գամ այդտեղ, միմիայն կ’ընդունիմ գրպանի ծախսերուս հատուցումը, այդ ալ՝ փոխադրութիւն եւ կեցութիւն միայն, ոչ իսկ սնունդս, մերսի:  Որպէս վարձատրութիւն՝ ոչ մի կոպեկ, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն: Ոչ ալ ո՛րեւէ ուրիշ տեսակի անձնական որեւէ «շահ»:

Կը խնդրեմ որ այս նամակս փոխանցէք Պարոն Քոչարյանին,նոյն առիթով իրեն հաւաստիացնելով թէ Սփիւռքի մէջ, եւ այդ ալ՝ արեւմտեան Սփիւռքի մէջ, կան զինք ու իր ազգային վաստակը յարգող մեծաթիւ հայորդիներ:

Թէկուզ գիտեմ թէ իր բուն ու ազդու զօրակիցներն ու պաշտպանները Արեւմուտքի մէջ չեն գտնուիր… Բայց նորէն ալ, թող տեղեակ լինի թէ այստեղ եւս իրեն հանդէպ խոր համակրանք ունեցող, ազգասէր ու հայրենասէր հայեր կան:

Նաեւ, կարեւոր յստակացում մը՝ այս առաջարկս եւ հաստատ յանձնառութիւնս կը վերաբերին Պարոն Քոչարյանի դէմ որեւէ «օրինական» հալածանքի, որ կը կրէ քաղաքական կամ գաղափարական բնոյթ:  Եթէ պատահի որ իր դէմ գոյանան այլ բնոյթի, նիւթական/ առեւտրական նիւթերու առնչուող գործընթացներ, ես որեւէ ձեւով չեմ խառնուելու անոնց: Անձնական յատուկ կարծիք չունեմ այդ մասին, որովհետեւ որեւէ փաստուած բան չեմ տեսել կամ լսել, սակայն պարզապէս, չեմ ուզում այդպիսի հարցերու հետ կապ ունենալ, այս պարագային:

Կարող էք արդէն այս նամակս տարածել կամ հրապարակել ինչպէս որ կը ցանկանաք, սակայն եղածին պէս – այսինքն, պայմանաւ որ դա կատարուի գրութեանս լրիւ ամբողջութեամբ –  :

Առ այժմ,

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Maître Haytoug L. Chamlian, Avocat/Lawyer
1555, boulevard de l’Avenir, Bureau 306
Laval, Québec, H7S 2N5 Canada

….

Նիւթին առնչուող այլ յօդուածներ ՝
  . Ռոբերտ Քոչարյան՝ քաղաքական պատանդ – 15.03.2019
  . Բանակի զօրաշարժ՝ սահմանագծին այս կողմը – 17.05.2019
  .  Զուտ մասնագիտական պարզաբանում ՝
The “case” against Robert Kotcharyan : a vertiginous legal vacuum   – 12.05.2019

. Քոչարյան՝ հանգստեան կոչուելու իրաւունքը -11.07.2020 [Յ.Գ/այժմէականացում՝27.01.2021]

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք