Թըս’աա-Արպաթա’աշ (9-14) հրացանիս մասին բաւական պատմած եմ, նախորդ յուշագրական յօդուածի մը մէջ:
Այդ որսորդական զէնքը իւրայատկութիւն մը ունէր՝ կարելի էր զայն ծալլել, ինքն իր վրայ, 180 աստիճան: Կոթին վերի մասը ուղղակի փակցնելով՝ փողին տակի մասին:
Ուրեմն Պապաս այդ հրացանը այդպէս, լման երկուքի ծալլեց, ապա երկաթէ թելերով կապեց մեր կապոյտ Տօճ Քօրոնէթին մօթորին մէջ, զայն ամրացուց ռատիաթօրին առջեւի ճեղքին վերեւը, եւ ընտանեօք ճամբայ ելանք դէպի Քեսապ: Որպէս սկիզբը հարկադրուած տեղահանումի այն թափառումներուն, որ նաեւ նախապէս պատմած եմ:
Լիբանան-Սուրիա սահմանը կրնար արդէն, որեւէ պարագայի, ցաւագին փորձառութիւն մը հանդիսանալ, նոյնիսկ առանց պահուած զէնքի մը որ կ’ուզես գաղտնի մտցնել Հաֆըզ-Ըլ-Ասատի ամբողջատիրական երկիրը: Ալ ուր մնաց, եթէ այդ ռիսկը՝ գէշ յանգում ունենայ…
Բայց Պապաս բնաւ մտահոգ չէր: Ոչ ալ Մամաս, ի դէպ: Գոնէ ոչ, այդ նիւթով…
Իսկ մենք երեխաներս, ես, եղբայրս եւ Ցոլինէն, այդ տարիքին երբեք մտահոգ չէինք կրնար ըլլալ, որեւէ բանով, երբ որ Պապային եւ Մամային հետ էինք:
Սահմանը հասանք, Պապան իջաւ, օթօյին սնտուկը բացաւ: Ուր, դիտմամբ, թիզած էր… հացի տոպրակներ, ռապթաներ:
Սահմանապահ զինուորը երբ որ զանոնք տեսաւ, աչքերը փայլեցան: Ձեռքի շարժումով մը՝ «ֆատտա՛լ», ըսաւ Պապաս, հրաւիրելով որ տարազաւորը առնէ, որքան որ կ’ուզէ, եւ մարդը անմիջապէս մի քանի ռապթա առաւ, ծայրերէն փաթթեց մատներուն շուրջը: Ու անկէ ետք, այնքան ժպտերես, սիրալիր եւ յարգալից կերպով խնդրեց որ, մենք ալ՝ թաֆատտալո՜ւ, հրամմենք, մտնենք Սուրիա, որ այլեւս միայն բարեւի կենալը պակաս էր:
Ապա, հեզասահ եւ – այն ժամանակ… – շատ ապահով ճանապարհներով, հասանք Քեսապ:
* * *
Քեսապի մէջ բնակեցանք երեք ամիս: Այդ ամբողջ տեւողութեան, այդտեղ բացառապէս՝ միայն հայերու հանդիպեցանք: Ոչ մէկ արաբ, ալ ուր մնաց՝ ոեւէ մահմետական:
Այնուհանդերձ, ճիշդ Քեսապի մուտքին, երբ որ Լաթաքիայէն այդտեղ բարձրացող սքանչելի ճամբուն վրայ, ձորերուն եւ անտառներուն մէջէն կլոր-կլոր սողոսկելով, վերջին կլոր զառիվերով մը, կը մտնէիր հայկական գիւղը՝ մզկիթ մը կանգնած էրր: Առաջին հերթին, այդ կառոյցն է որ քեզ կը դիմաւորէր Քեսապ…
Խոշոր ու շքեղ, tacky, աչառու, «տիրապետող», հսկայական մզկիթ մըն էր:
Այդ ալ, վերոյիշեալ Հաֆըզ-Ըլ-Ասատի բնորոշ «բարի եկաք»ն էր, այցելու հայերուն, եւ մնայուն յիշեցում մը՝ բնակչութեան: Նուրբ ազդարարութեան մը…
Որպէսզի յանկարծ հայերը չմոռնան, թէ որուն ձեռքն է, իրենց այդ գիւղը…
Քեսապի բնակչութեան հաւանաբար կէսը արդէն՝ Մուխապարաթին կը ծառայէր – Սուրիոյ Գաղտնի Ոստիկանութիւնը – :
Սակայն միեւնոյն կէսը, նոյն հաւանականութեամբ կը կասկածէր նաեւ որ միւս կէսը՝ կրկնակի Մուխապարաթ է: Մուխապարաթի վերահսկիչ գործակալութիւն: Գաղտնիէն Գաղտնի, կառավարական հիմնարկ: Մուխանարաթին՝ Մուխապարաթը : Եւ ուրեմն փոխադարձաբար, երկու կէսերուն միջեւ:
Հետեւաբար, շնորհիւ այս թաքուն – եւ կրկնակի թաքուն – ըմբռնողութեան, հանգիստ մնալու համար, ոեւէ մէկը՝ միւսին չէր մատներ: Նեյ մէ կերե՜ք… նեյ մեզ է՛ կերեք…
Այդ օրերուն կապակցութեամբ, անշուշտ լիբանահայի զընըխ կատակ մըն է, ասիկա… Թէեւ նորէն ալ, չես գիտեր… թերեւս ոչ ամբողջովին…
Բայց ամէն պարագայի, երանի թէ այդպէս եղած ըլլար նաեւ – հայը հային, չմատնէր – ՝ այժմու Սուրիոյ կազմութեան նախնական ժամանակներուն…
Երբ որ յատկապէս ազգայնական գաղափարաբանութեամբ տոգորուած հայերը, այլազան վերագրումներով, ենթարկուեցան անհիմն հալածանքներու, կամայական եւ ապօրինի բանտարկութիւններու, ոստիկանատուներու եւ զնտաններու մէջ՝ անասելի չարչարանքներու, օրուայ վարչակարգերուն կողմէ:
Սակայն ամէն մարդ կ’ուզէ կոր այդ ամէնն ալ, մատնել՝ մոռացութեան… լաւ, ուրեմն… Անցնինք, եալլա… Բան չկայ, որեւէ բան չէ եղած, ամէն բան միայն լաւ է, հոյակապ եղած է ու կը մնայ, Միջին Արեւելքի հայերուն համար: Շուքրա՛ն, եա Սիտի… Շուքրան ժեզի՛լէն… Քեթթըր խէյր Ալլա՛…
* * *
Քեսապի մուտքի այդ փառաւոր մզկիթէն անմիջապէս ետք սակայն, եւ այս մէկն ալ իր կարգին ճանապարհային ռազմավարական անկիւնի մը վրայ, կ’երեւնար արդէն՝ հայ բողոքականներուն խոշո՜ր եկեղեցին: Իր լայնատարած բակով, աղիւսապատ ամրոցային շրջագիծով, տպաւորիչ, ծանր դարպասով:
Գիւղին մէջ կային նաեւ հայ կաթողիկէներու եւ Հայոց Առաքելական եկեղեցիները: Սակայն անոնք աւելի փոքր ու խոնարհ էին: Մանաւանդ կաթողիկէներունը, որ գրեթէ անշուք էր, հազիւ կը նշմարուէր, բնակարաններով խճողուած տարածքի մը մէջտեղը: Համեստութեան հարց ըլլալու է…
* * *
Բողոքականներուն ճոխ եկեղեցիին կողքէն, ճամբայ մը կար՝ զառիվեր: Անոր սկիզբը, եկեղեցիին միւս կողմը՝ պըճըլիկ խանութիկ մը կար:
Գիւղին ամենահամեղ պուզա-ն, այդտեղ կը գտնէիր: Բազմաթիւ գոյներով եւ համերով:
Այն տեսակէն – տեսականիյէ՛ն – որ մեծ տուփերու մէջ է, մեծ սառնարանին ապակիէ ցուցափեղկին ետեւը. եւ որ խանութին տէրը, իր հաստ եւ տափակ, ոսկեգոյն դգալով՝ փիւսքիւթին մէջ կը լեցնէ: Կտոր առ կտոր, ըստ ապսպրանքին:
Պուզաճիին բթամատը կարեւոր պաշտօն մը ունէր, այս նուրբ գործողութեան մէջ: Իր այդ մատովն է որ ան պաղպաղակին իւրաքանչիւր կտորը կը սեղմէր, կ’«ապահովէր»՝ դգալին վրայ, մինչեւ որ զայն լան մը «ծեփէ» միւս կտորներուն վրայ, փիւսքիւթին վերեւը: Իսկ մէկ համէն միւսը անցնելէն առաջ, դգալը՝ ջուրով լեցուած գաւաթի մը մէջ կը թխթխացնէր, որպէսզի պաղպաղակի նախորդ կտորին հետքերը վրայէն մաքրուին, եւ գոյներն ու համերը իրարու չխառնուին:
Տասը ղուրուշի՝ փոքրիկ, սուր կոնաձեւ, զիլ վարդագոյն փիւսքիւթին մէջ լեցուած կը ստանայիր, մի քանի համերով եւ գոյներով պաղպաղակդ: Քսան-հինգ ղուրուշի՝ կլորաձեւ, բաց-սրճագոյն փիւսքիւթով, աւելի շատ գոյներով եւ համերով: Իսկ եթէ յիսուն ղուրուշ ունէիր՝ նեղ բայց մեծ, երկար լայնքով, քիչ մը աւելի բաց սրճագոյն փիւսքիւթին կ’արժանանայիր, պուզային գրեթէ բոլոր գոյներէն եւ համերէն բաղկացած – եթէ կ’ուզէիր – , մուշեքքէլ պարունակութեամբ:
Բոլոր պարագաներուն, փիւսքիւթին վերեւը, կտոր-կտոր թիզուած պաղպաղակը պէտք է որ ուտէիր՝ վարի մասէն դէպի վեր լզելով: Թէ ոչ, մէկ մասը պիտի ուտէիր… մատներուդ վրայ, հալած վիճակի մէջ: Իսկ եթէ իսկապէս խաշիմ էիր այս բարդ գործին մէջ, պաղպաղակիդ հիմնական մասը կրնար նոյնիսկ գետին իյնալ: Եւ զայն այդտեղէն ուտել փորձելը, դժուար բան է (ինչպէ՞ս գիտեմ այդ… մի հարցնէք…) :
Պէտք է ըսել որ խանութպանը, բաւական լաւ կը լեցնէր – որեւէ գինի – պիւսքիւթները: Բայց մենք ալ, իր լաւագոյն յաճախորդնե՛րն էինք: Հաւանաբար այնքան լաւ, որ կէսօրուայ ժամերուն մարդը կրպակը կը գոցէր, տուն կ’երթար պահ մը հանգստանալու:
Մենք ալ այդ, անյայտ եւ փոփոխակի ժամերու եւ տեւողութեամբ՝ սիյէսթի պահերուն, կէս-փակ մետաղեայ տարապային առջեւը, կը սպասէինք որ պուզաճին բարեհաճէր վերադառնալ, կամ գոնէ իր կինը ուղարկէր… Բարա՜կ մայթին ծայրը նստած, սպասէ՜ ու սպասէ… կիզիչ արեւուն տակը… յօնքերնիս մեքենաբար կիտած, լուռ, թաց եւ կարմիր երեսներով… փոքրիկ ղուրուշները՝ մեր քրտնած ափերուն մէջ ամուր սեղմած, որ յանկարծ չսահին, չիյնան…
* * *
Բողոքականներուն խոշոր – եւ դիրքաւորուած – եկեղեցիին եւ առատաձեռն – բայց թեմպել – պուզաճիին խանութին մէջտեղէն՝ դէպի զառիվեր գացող ճամբուն վրայ, վերը (աջին վրայ՝ Փայլուն Վահանին տունը տանող ճամբան անցնելէ ետք), ձախ կողմի վրայ, հոյակապ հիւրանոց մը կար:
Մենք Քեսապ հասանք դեռ ոչ-ամառնային օրերուն: Այդ հիւրանոցին մէջ, այդ եղանակին, մեզմէ զատ ոեւէ ուրիշ յաճախորդ չկար: Տակաւին բաց չէր իսկ, հիւրանոցը:
Ուրեմն, լման հիւրանոցը տրամադրեցին մեզի… Ներառեալ հսկայ խոհանոցը, ուր Մաման, ուրախ-ուրախ, մեր ճաշերը կը պատրաստէր: Զորս կը վայելէինք՝ լայն ճաշարանին մէջ, կամ բացօթեայ թերասին վրայ:
Ճէյմըզ Պօ՛նտը, ակամ, այդքան լաւ հիւրանոց չէ տեսած, այդպիսի բացառիկ կեցութիւն չէ վայելած:
Մինչեւ որ արդէն մեռցուցին, խեղճը, վերջին ֆիլմին մէջ… անգութ անխիղճ անզգամ իսկականտղամարդատեաց անամօթնե՛ր…
* * *
Ուրեմն այդ ամայի, մեծ հիւրանոցին մէջ, միակ յաճախորդները՝ մենք հինգս էինք, մեր ընտանիքը միայն:
Սակայն յատուկ բաժին մը կար՝ մեր սենեակներուն յարկին վրայ, ապակիով մը բաժնուած անցքէն եւ աստիճաններէն: Ուր կ’ապրէր սեփականատէրերու ընտանիքէն անդամ մը:
Մազերը մոխրագոյն, բայց ոչ շատ տարեց, միայնակ տիկին մըն էր: Շատ նիհար էր, դիւրաբեկ տեսքով: Եւ կոյր էր:
Օրուայ ընթացքին, բազմիցս, եւ մէն անգամ՝ գոնէ մէկ ժամ, կ’աղօթէր:
Իր բնակութեան բաժինը մեր սենեակներուն անցքէն բաժնող ապակիին ետեւը, արատ խունկ կը վառէր, եւ ծուխերուն մէջ կը սկսէր մէկ պատէն միւսը քալել, տասնեակ անգամներ երթալ-գալ: Թեւերն ու ձեռքերը բացած, դէմքը երկինք բարձրացուցած, բարձրաձայն աղօթելով: Կոյր, խոշոր ու պղտոր, մոխրագոյն, մշուշածածկ աչքերը յառած, ամենայն վստահութեամբ եւ երախտագիտութեամբ՝ իր անտեսանելի եւ անհուն Հաւատքին վրայ:
Ես շատ կը վախնայի իրմէ, երբ որ այդ արարողութիւնը կը կատարէր:
Սենեակէն որ ելլէի այդ պահերուն, կրցածիս չափ արագ վազելով, ուրիշ կողմ նայելով եւ ականջներս ափերովս փակած կ’անցնէի այդտեղէն, եւ աստիճաններուն վրայ ցատկելով, մեծ ու վտանգաւոր ոստիւններով, կ’իջնէի վար:
Այդ ալ, իմ՝ «The Shining»ս եղաւ…
Այդ ֆիլմին արտադրութեան թուականներէն շատ առաջ, դեռ գիրքէն ալ առաջ…
Երեւի ինձմէ ետք, Ըսթիվըն Քինկը եւ Ս. Քյուպրիքը, իրենք ալ, Քեսապի այդ հիւրանոցը իջեւանած են: Օff-season:
* * *
Սակայն չափազանց բարի, ազնիւ, հոյակապ անձ մըն էր, այդ միս-մինակը ապրող, կոյր ու նիհար, քնքուշ տիկինը:
Օր մըն ալ, առիթ եղաւ որ հիւրանոցի սեփականատէր իր հարազատներէն մէկը մեզի բացատրէ, թէ այդ բարի թանթիկը, թէկուզ միշտ սովորութիւն ունէր այդպէս աղօթելու, սակայն մեր այդտեղ իջեւանելէն ի վեր, աւելի շատ կ’աղօթէր:
Մեզի համար…
Մեր ընտանիքին եւ մանաւանդ երեխաներուս համար կը վառէր յաւելեալ խունկեր, եւ աւելի շատ կը քալէր, երերուն քայլերով, Աստուծոյ հետ խօսելով:
Որովհետեւ տեղեկացած էր որ մենք այդտեղ հասած էինք Լիբանանի պատերազմներէն փախչելով, եւ որպէս առաջին հանգրուան մը՝ դէպի ուրիշ, հեռաւոր եւ դեռ անծանօթ երկիր, անորոշ մուհաճիրութիւն…
Եւ ուրեմն Աստուծմէ կը խնդրէր, կ’աղերսէր, որ Ան յատուկ ուշադրութիւն եւ պաշտպանութիւն շնորհէ մեզի:
* * *
Այդ գրեթէ ամայի հիւրանոցին մէջ մեր կեցութեան ընթացքին, նաեւ բացառիկ, շատ մտերիմ յարաբերութիւն մը հաստատեցի անոր առջեւը, քիչ մը դէպի վար գտնուող… թութի ծառի մը հետ:
Երբ որ թութի եղանակը հասաւ…
Էհ այլեւս, խեղճ Մամիկս… կրնաս նէ դուն զիս բռնէ, որ տեւաբար չմագլցիմ այդ ծառին վրայ, եւ անդադար չուտեմ խոշոր, հիւթեղ, սեւակարմիր թութերը…
Առողջական խնդիրը իր կարգին, սակայն օրուայ կէսին արդէն, հագուստներս ծածկուած էին թութի հեղուկով, կտորներով: Իսկ լուացք ընելու համար, Մամաս պէտք է որ կաթսայի մէջ ջուր տաքցնէր, եւ լոքանքի տեղը, ցած աթոռակի մը վրայ նստած, ձեռքերովը մաքրէր ամէն բան: Իսկ թութի հետքը մաքրել փորձելը, դիւրին բան չէ…
Սակայն ծնողքս համակերպեցաւ այն վիճակին: Հասկնալով որ, մինչեւ որ այդ – մե՛ծ – ծառին բոլոր թութերը չհասնին բորիս մէջը, ես անդադար այդ ծառը պիտի մագլցիմ:
Սակայն դեռ աւելին, հայրս նոյնիսկ ստիպուեցաւ գործս հեշտացնել:
Արդարեւ, աւելի մտահոգ էին որ անզուսպ շատակերութեանս շղթայազերծ անհամբերութեան մէջ, կրնամ ծառին վրայ մագլցելու ընթացքին շատ աճապարել, եւ ուրեմն իյնալ եւ ինքզինքս վնասել:
Հետեւաբար հայրս, այդ մեծ եւ բեղուն թթենիի կոճղին եւ գոնէ առաջին խոշոր ճիւղերուն վրայ, մի քանի տեղ՝ տախտակի կտորներ գամեց: Որպէսզի ոտքերս անոնց վրայ դնեմ, երբ որ դէպի դեռ աւելի բարձր, պտղածածկ ճիւղերը կը սուրամ, ձեռքս եւ բերանս բաց:
Եւ այդպէս, կը հասնէի վերերը: Եւ կը սկսէի ուտել… Ուտել եւ ուտել… Ամենախոշոր չափի արմաւի մեծութեամբ, ծանր թութերը կուլ տալ… երբեմն հազիւ ծամելով…
Անշուշտ, այս պտղային խրախճանքին երրորդ օրէն սկսեալ արդէն, երբ որ ծառին վրայ չէի, միմիայն մէկ ուրիշ տեղ մը կրնայի ըլլալ:
Պէտքարանի նստարանին վրայ:
Բորի անասելի ցաւերու վրայ կծկուած: Բայց այն պահուն իսկ աճապարելով, որպէսզի արագ ետ վերադառնամ ծառիս վրայ:
Եւ չյանձնուեցայ:
Մի քանի շաբաթ տեւեց ճակատամարտը, սակայն ի վերջոյ, ես յաղթեցի: Այդ թութի ծառին հախէն եկա՛յ:
Փոքրիկ թռչուններուն իսկ, մէկ հատիկ թութ չձգեցի: Յետոյ միայն, մեծ ճիւղերուն վրայէն վերջին անգամ վար իջայ. վրաս-գլուխս՝ կպչուն կարմիր հետքերով, ամէն կողմ. կուշտ ու գոհունակ ժպիտ մը, թթածածկ դէմքիս վրայ. Պապայիս գամած տախտակէ աստիճաններուն վրայ տեղաւորելով նաեւ գոց-կարմիր դարձած էսփատրիյներս:
* * *
Ամէն պարագայի, Մուխապարաթ կամ ոչ, Պապաս շատ հանգստօրէն որսորդական հրացանը քակած էր մեր ՏօՃ Քօրօնէթի ռատիաթէօրին առջեւէն: Եւ հացի ռապթաներուն տակը պահուած փամփուշտներովը, որսորդութիւն ալ ըրաւ, Քեսապի շրջակայքը:
Բայց իր քեսապեան որսորդութիւնները չվերջացան միայն այդ փոքր քալիպրի հրացանիս սահմանափակ տարողութեամբ, սովորական արդիւնքներով:
Տեղւոյն որսորդներու հետ, եւ իրենցմէ փոխ առնելով ջիֆթէ մը, Պապաս եղնի՛կ մըն ալ որսաց այդտեղ: Զորս յետոյ համով-համով կերանք, Ջինար գիւղակին այդ նշանաւոր, բարձր եւ խիտ ծառերուն տակը, որսորդներու առնական խնճոյքի մը ընթացքին:
Կարծեմ կեանքիս առաջին գարեջուրը, այդտեղ ու այդ առիթով է որ ըմպեցի: Շատ համեղ բան մըն էր, բաց-դեղին գոյնով, եւ ճեփ-ճերմակ, թեթեւ բայց դիմացկուն փրփուրով – : Թափանցիկ, լայն եւ խոշոր, քրտնոտած գաւաթի մը մէջ հրամցուած: Միայն որ յիշեմ, արդէն կը ծարաւնամ…
Նոյնպէս փոխ առած ջիֆթէ մը թեւին վրայ եւ կարմիր ճիզմէները ոտքերուն, Պապաս նաեւ որսորդութեան ելաւ՝ Քեսապին վերեւի, փոքր լերան լանջին: Ուր Սուրիա-Թուրքիա սահմանագիծն է, աներեւոյթ եւ անպահակ: Իր երկու հաւատարիմ թազիներուն հետ անշուշտ – յանձինս ես ու եղբայրս -:
Թուփերուն մէջէն երբ որ յանկարծ թռաւ կաքաւներու երամ մը, պէ՛մ-պէ՛մ ՝ օդին մէջէն, անմիջապէս երկու հատը զարկաւ,ամենակարող Պապաս:
Դեռ ետ գետին չէին հասած, երբ որ արդէն ես ու Վաչէն կը վազէինք, որպէսզի երթանք զանոնք հաւաքենք: Քանի որ տոկուն թռչուններ են, եւ եթէ միայն վիրաւորուած են, կրնան շատ արագօրէն գետնին վրայ փախչիլ անհետանալ, սրիկաները…
Վաչէն թէկուզ արագ, բայց մտածելով կ’առաջանար: Սակայն ես ինքզինքս այնքան կորսնցուցած էի – բնորոշ վիճակս, այդ տարիքներուս -, որ՝ խոպան խոտերուն մէջ պահուըտած, նենգ ու դաւադիր ցանկապատի մը փշաթելերը չնկատեցի, եւ հետեւաբար ամբողջ մարմնովս, յանկարծ անոնց մէջ ինկայ, գրկախառնուեցայ:
Որքան որ կը փորձէի այդ մետաղեայ փուշերէն ազատիլ, աւելի կը մխրճուէի անոնց մէջ… Իմ անմիտ շարժումներուս պատճառով, կարծես թէ կեանք առին, ողջ դարձան այդ փշաթելերը, եւ կ’ուզէին զիս յափշտակել, բռնել ու պահել այդտեղ, իրենց մէջ:
Շուտով անկարելի դարձաւ լայն բացուած թեւերս եւ ոտքերս շարժելը: Հեռուէն դիտողի մը աչքին, վերածուեցայ՝ օդին մէջ կախուած, ծուռումուռ կերպարանքով, տխեղծ խրտուիլակի մը: Որ չէր շարժեր, հա, սակայն ջղայնութենէն՝ լեղապատառ կը պոռար:
Բուն տերտս, խուճապս, այն էր որ՝ Վաչէն, վիճակս տեսնելով, աւելի դանդաղօրէն, հանդա՜րտօրէն եւ զգուշութեամբ անցած էր արդէն նոյն, ցած ցանկապատին վրայէն: Եւ ուրեմն ինձմէ առաջ պիտի հասնէր՝ ինկած կաքաւներուն, ու զանոնք հանգստօրէն պիտի հաւաքէր ու տանէր մեր որսորդ հայրիշխան թագաւոր Տիրոջ: Մինչ, միւս թազին դեռ կը տապլտկէր փշաթելերուն մէջ, զուր ճիչեր եւ պոռչտուքներ արձակելով…
Բայց… ուալլա… համա-թազի եղբայրս, դէպի մեր կայսերական Տիրոջ իր վերադարձին ճամբուն վրայ, կաքաւներէն մէկը, կամաց մը ձգեց՝ զիս ծուղակած ցանկապատին կողքին: Որպէսզի ես զայն հաւաքեմ, երբ որ վերջանան սոսկալի կռիւներս՝ անողոք փշաթելերուն հետ…
Յետոյ Պապաս մօտեցաւ, հառաչելով զիս «քակեց» այդ ահաւոր թակարդէն: Պզտիկ ապտակ մըն ալ դրաւ (երկու մատով), որպէսզի դադրիմ պոռալէ: Ապա օձիգէս բռնած, ամէն կողմս արիւններով, զիս տարաւ տուն, նետելու պէս հրեց, յանձնեց Մամայիս, որ՝ առ, նայէ, նորէն ինչ վիճակներու մէջ է, տղադ… «Տնաւեր Միջօ՛»դ…
Մամաս թէկուզ յօնքերը կիտած էր, բայց միաժանակ, խնդուքը հազիւ կը զսպէր: Փաթթուկ մը տուաւ, ձեռքը գլխուս վրայ՝ տարաւ, որ խնամէ:
Բայց ես, որքա՜ն երջանիկ էի…
Քանի որ իմ ինքնուրաց թազիութեանս շնորհուած կաքաւներէն մէկը, ձեռքս ամուր բռնած, հասցուցած էի Բաբազ Տիրոջս… Եւ անբաւ հպարտութեամբ, անհուն յուզումով եւ հիացմունքով լեցուած էի, ողողուա՛ծ էի՝ Աշխարհի, Տիեզերքի եւ Բոլոր Ժամանակներու ԱմենաԼաւագոյն Որսորդ, Պապայիս նկատմամբ: Որուն բացառիկ սխրագործութիւններու առանձնաշնորհեալ վկան էի, դարձեալ, այս անգամ ալ՝ Քեսապի լեռներուն մէջ: Եւ ահա, սոյն Վեհագոյն Որսորդին պաշտօնական պատմաբա՛նն եմ արդէն, Յաւերժութեան առջեւ:
Իսկ այդ, փշաթելերու հետ իմ այդ գրկախառն մենամարտին որպէս հետեւանք՝ երկար, ուղղահայեաց սպի մը մնացած է, աջ սրունքիս բարձին երկայնքին: Այդ առասպելական որսորդութեան որպէս ցմահ փաստ, եւ անգին յիշատակ, մարմնիս վրայ փորագրուած:
* * *
Երբ որ վերջնականապէս մեկնեցանք Քեսապէն, թըս’ա-Արպաթա’աշ հրացանս թողեցինք այդտեղ:
Մէյ մըն ալ զայն չտեսայ, չկրեցի նորէն:
Բայց լաւ տեղ մնաց…
Կ’ուզեն նոյնիսկ երեւակայել որ, քառասուն տարիներ ետք, այդ զէնքս կրակող մըն ալ եղաւ… այդ օրերուն երբ, պահ մը, ԴԱԻՇ-ի մորուսաւոր գազանները ներխուժեցին հայկական գիւղը… Թուրքիոյ սահմանէն մտնելով…
Այս ալ՝ «Le Vieux Fusil» ֆիլմին պէս…
* * *
Ի դէպ, սինեմա չկար Քեսապի մէջ:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
10 Մարտ 2024

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…