ՀՅԴի մասին, ահա հետաքրքրական յօդուած մը, հայաստանեան Մամուլին մէջ՝ https://hraparak.am/post/97a6512f3c703794af8ae7edd09c01bc
Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը ջանալ իսկապէս հասկանալու, այս անսովոր եւ ողջունելի փորձին, հաւանաբար օգտակար կ’ըլլայ որ արձագանգեմ, հետեւեալ – նուազագոյն ու տարրական – կէտերով:
* * *
Թէ որ՝ ՀՅԴ-ն պէտք է որ դուրս գայ «Հայաստան» քաղաքական դաշինքէն, եւ դառնայ ինքնուրոյն, ինքնավար եւ ինքնաբաւ Ընդդիմութեան – էական – բաղադրիչ մը, յօդուածագիրը, ոչ միայն հարիւր տոկոսով ճիշդ է, այլ այդ գործընթացը՝ շատո՜նց է որ պէտք է արդէն տեղի ունեցած ըլլար:
Բայց ինչպէս որ կ’ըսեն՝ il n’est jamais trop tard pour bien faire (երբեք ուշ չէ, շիտակ բանը կատարելու համար) :
* * *
ՀՅԴի մարդուժի կապակցութեամբ՝ Կուսակցութեան շարքերէն դուրս ելած նախկին դաշնակցականներու խնդիրը, չի կրնար լուծուիլ այն ձեւով – եւ նոյնիսկ ոչ, այն տրամաբանութեամբ -, որ յօդուածագիրը կ’առաջարկէ:
Արդարեւ, ատիկա համազօր կ’ըլլայ՝ ՀՅԴ-ն չեղարկելու: Լրիւ քանդելու:
Եթէ այդ հայորդիներուն մէջ կան ոմանք, որոնք կ’ուզեն դարձեալ Հայ Ազգին ծառայել որպէս շարքային դաշնակցականներ, դրա համար մասնայատուկ գործընթաց նախատեսուած է՝ ՀՅԴ Կանոնագրին մէջ:
Թող ուրեմն անոնք բարեհաճին ենթարկուիլ այդ… Ուղիին (lol): Եւ ապա՝ բարի վերադարձ այն կուսակցական կառոյցին մէջ:
Առանց որուն, ի դէպ, անոնցմէ ոեւէ մէկը, որեւէ բան չէր կրնար կատարել – չէր կրնալ ըլլա՛լ իսկ -, ազգային գործունէութեան ոլորտում: Ոմանք նոյնիսկ ընդհանրապէս, իրենց լման կեանքին մէջ…
* * *
Իսկ բնաւ շարքային կուսակցական չեղած՝ ՀՅԴի համակիրներու պարագային, այս Կուսակցութիւնը ոչ միայն, երբեք ու բնաւ եւ որեւէ կերպով, դէմ չէ եղած անոնց նշանակլից ներառումին իր հիմնական գործունէութեան մէջ, այլ՝ ընդհակառա՛կը:
Դաշնակցութեան վերաբերող որոշ պաշտօններ, նոյնիսկ բացառապէս վերապահուած են՝ ոչ-շարքայիններու:
Սփիւռքի մէջ, Հ3Դաշնակցութեան հիմնական մարդուժը՝ իր համակիրներն են, ոչ-շարքային դաշնակցականները: Որոնց քանակը, շարքային դաշնակցականներուն՝ հինգէն մինչեւ տասը անգամն է – ժամանակի համեմատ -:
Խօսքը ընդհանուր, ՀՅԴի ժողովրդային համակիրներու, հետեւորդներուն մասին չէ. որոնց քանակը շարքայիններուն հարիւր անգամէն աւելի է:
Այստեղ կը մատնանշեմ՝ Դաշնակցութեան նշանակումով, զօրակցութեամբ կամ վերահսկողութեամբ, այլազան ու բազմատեսակ, կարեւոր պաշտօններ ստանձնած բիւրաւոր հայերը: Որոնք Կուսակցութեան անդամ չեն:
Անոնցմէ, երեւի ամենամօտիկ օրինակը որ ունիմ՝ մէկ տարի առաջ մահացած, իմ նուիրեալ հայրս է:
Ան, ՀՅԴի որոշումով, դրդումով, զօրակցութեամբ եւ աջակցութեամբ, ծառայած է՝ որպէս Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, առանց որ ըլլար շարքային դաշնակցական: Ի միջի այլ, բազմաթիւ ազգային պաշտօններու, յայտնի եւ անյայտ գործերու… Ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ…
Ի դէպ, չեմ գիտեր եթէ Կանոնագրին այդ յօդուածը փոխուեցաւ, բայց ՀՅԴի իւրայատուկ ուժը հանդիսացող այդ կանոններուն մէջ, ուղղակի կարդացած եմ որ՝ պետական պաշտօն ստանձնելու պարագային, եթէ անձը ՀՅԴի անդամ է, պէտք է որ նախապէս դադրի իր այդ կուսակցական անդամակցութենէն:
Սակայն ափսոս, Հայաստանի մէջ, մինչդեռ ՀՅԴի գոյութեան, անբաղդատելի ազգային գործունէութեան եւ արտասովոր գոյատեւման «գաղտնիքը» հանդիսացող՝ Կանոնագրին, միայն այդ բաժինը չէ, որ բնաւ չկիրարկուեցաւ…
Եւ ատոր ալ գինը վճարեցինք: Հետեւանքները տակաւին կը կրենք:
* * *
Նիւթի առարկայ վերոնշեալ յօդուածին եզրափակումը, անկեղծ յարգանքով կ’ըսեմ՝ սխալ է: Խորապէս:
ՀՅԴաշնակցութիւնը, իր նախնական իսկ իմաստը, էական ազգային գործունէութիւնը, ունեցած է՝ ոչ միայն երբ որ Արցախը ազատագրուած չէր, այլ երբ որ, որպէս պետութիւն, որեւէ Հայաստան իսկ գոյութիւն չունէր:
Եւ ՀՅԴի այդ, առանց-Հայաստանի գործունէութեան շնորհիւ է որ, որպէս դրա արդիւնքը, բացառիկ իրագործումը՝ ծնունդ առաւ այժմու Հայաստանի պետութիւնը:
Իսկ անկէ ետք, եօթանասուն տարիներ շարունակ, ՀՅԴաշնակցութիւնը ունեցաւ, համայն Հայութեան համար էական նշանակութիւն, կենսական գործունէութիւն, իր երեւելի կառոյցը պահելով՝ Հայաստանէն դուրս:
Նոյնիսկ, շնորհի՛ւ իսկ այդ ռազմավարութեան:
* * *
Այնպէս որ, չէ… Արցախի կորուստը՝ ՀՅԴին վերջը չէ:
Բայց այս Հայաստանին, վերջն է:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
08 Մայիս 2023
Յ.Գ. Յօդուածին վերնագիրը կ’ակնարկէ անշուշտ Անդրանիկ Ծառուկեանի այս դասական բանաստեղծութեան:

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…