Ռուսաստանը՜ պիտի լինի արեան ծով

Այսուհետւ, «Մենք Անկեղծ զինուոր ենք » երգին տուեալ տողը պիտի երգեմ, խոր ատելութեամբ, այսպէս՝ «Ռուասսատանը՜ պիտի լինի արեան ծով»:

Ռուսատանը թյլ չտուաւ որ Արցախի ազատագրական պատերազմը մղենք մեր ուզածին պէս, ապա, որ մեր  յաղթանակը հասցնենք իր լրումին:

Ապա երեսուն տարիներ, ամէն ինչ կատարեց – կամ չկատարեց – որպէսզի  Արցախը մնայ իր խոպան, խղճալի, անապրելի վիճակին մէջ: Եւ հետեւաբար ՀՀ-ն նոյնպէս:

Այս ամէնը, տեւաբար հաւատացնելով  հայերու – ներառեալ ես, տեսէք ներքեւի նախկին յօդուածներս – որ մեր կենսական պաշտպան – դաշնակիցն է:

2020-23ին ալ, մեր հերոս նահատակներուն հետ, Արցախը տուաւ, լքեց թուրքերուն:

Այս ամէնը, որպէսզի ՀՀ-ն մնայ Փութինին գրպանին մէջ: Ետեւի գրպանիկը, որ շատ գարշահոտող տեղ մը պէտք է որ ըլլայ: Մանաւանդ վերջերս, երբ որ անդադար տակը կ’ընէ կոր թուղթէ Ցարիկը՝ Սուրեան, Պաղեստինը եւ Իրանը կորսնցնելէ ետք, լա՜ւ ծեծ մըն ալ ուտելով Ուքրանիոյ մէջ:

Եւ այս ամէնէն ետք, դեռ «ռուսամետ» վոհմակներ – ներառեալ «կուսակցութիւններ» եւ ՀՅԴի հայաստանեան շարլաթաններու իս սկզբանէ փտած եւ որդոտած մասնաճիւղիկը, Լիբանանի հըզպալլաճի դաշնամուրներու ծափահարութեամբ – դեռ կ’ուզեն իշխանութեա՞ն տիրանալ այդ անգոյ երկրին խեղճուկրակ մնացորդին մէջ…

Կը յուսամ միայն որ ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ն իրարու հետ լեզու կը գտնեն, գոնէ այս նիւթին մէջ, եւ Ռուսատանին սիքթիրը կը քաշեն, առ յաւէտ, Հարաւային Կովկասի հայկական հողերու վրայէն:

Ի դէպ, ահա թէ երկար ժամանակ, ես ալ ինչ կը կարծէի, ինչի կը հաւատայի, այս նիւթին մէջ, դեռ մինչե՜ւ 2020: Հոս եւս, the joke is on me (then again, what else is new…) ՝

. Ռուսաստանը եւ Մենք (Մայիս 2016)

. Արեւմտեան Սփիւռքը՝ վտանգ, Հայաստանին համար (Յուլիս 2020)

Կոտորենք Մոսքովա՜ն, անցնինք հեշտ կերպով…

Հայդուկ Շամլեան

05Մայիս 2026

Յ.Գ. Իսկական եւ մաքուր, բարի եւ միամիտ, դաշնակցական ընկերներս – Երկնային Արքայութիւնը ձեզիպէսներունն է – :

Պարապ տեղը մի ջղայնանաք հայաստանցիներու կեղծ «ՀՅԴ»ին մասին գրածներովս: Գոնէ այլեւս հիմա ձեր աչուկները թող սկսին քիչ մը բացուիլ:

Պարզապէս գացէք ստուգեցէք ՀՀ նախորդ բոլոր ընտրութիւններուն արդիւնքները:Եւ այդ կածեցեալ ՀՅԴին ստացած ձայները: Մինչ այդ ժամանակներուն, օրուայ իշխանութիւնները կը գրանցէին «ընտրութիւններու» արդիւնքներու տոկոսները, ընտրութեան օրէն ամիսներ առաջ. մինչ այդ սուտ, հայաստանցիներու «ՀՅԴ»-ն կը համագործակցէր ռուսասատանին ծառայող սոյն իշխանութիւններուն հետ, մաս կը կազմէր անոնց կառավարութիւններուն:

Իսկ վերջին պատերազմին, մեր Քրիսը, Գէորգը եւ անբնց նմանները – թէկուզ հայաստանցիներ – ուղարկեցին ռազմաճակատ, մինչ իրենք, մնացեալները, միայն՝ պլա-պլա-պլա-պլաաաա:

Իսկ Լիբանանի ՀՅԴի կապակցութեամբ, 1890-1923ը մի կողմ, 1950-1990 տարիները ապրած կամ ճանչցած լիբանանցի դաշնակցական հայերս, շատ լաւ գիտենք թէ ինչ մնացած է այդ օրերու մեր Փառապանծ Կուսակցութենէն: Տիղմ, մրուր եւ ունայնութիւն միայն: Անձնական շահեր եւ ՀՅԴի գաղափարաբանութիւնը շահագործող ենթա-մարդիկ միայն:

Հ.

…

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք