Հայոց վերջին թագաւորութեան անկումէն ետք, մօտ հինգ ու կէս դար ժամանակ, երեք կայսրութիւններու մէջ, երբ որ բացարձակապէս անգոյ էր որեւէ հայկական պետականութիւն՝ Հայ Եկեղեցին է որ լեցուց այդ դատարկութիւնը:
Խորհրդային ժամանակներուն նոյնպէս, երբ որ չկար անկախ հայկական պետականութիւն, դարձեալ Հայոց Եկեղեցին է որ ստանձնեց, բացառեալ կերպով, մեր Ազգի պահպանման Առաքելութիւնը:
* * *
Այսօր նոյնն է կացութիւնը:
Այժմու հայկական պետութիւնը, ոչ միայն ամէն պարագայի թերած է, փխրուն, խոցելի եւ դիւրաբեկ, այլ, տեղի ունեցած Աղէտէն ետք, լրիւ յանձնուած է՝ Հայ Ազգի թշնամիներուն:
Այս ձեւական, ձախողած եւ խղճալի «պետութիւնը», չունի որեւէ ինքնիշխան որոշումի եւ գործունէութեան տարրական ազատութիւն:
էական մակարդակի վրայ՝ կախեալ է այլազան այլ, օտար պետութիւններու կամքէն, անոնց հաշիւներէն, անոնց շահերէն:
Այս իրականութեան մէջ է որ այդ մնացորդ ՀՀի այժմու վարչակարգը ներքին ճակատ բացաւ՝ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ:
Այդ կոտրուած ու խորտակուած երկրին մէջ, մինչ «պետութեան» ձեւակերպութիւնը՝ անատակ, անկիրթ եւ անկարող արարածներու վոհմակի մը ձեռքն է, չկա՛ն՝ ազգային քաղաքական կարող ուժեր:
ԱԺ-էն ներս կամ դուրս, Ընդդիմութիւնը խորապէս անզօր է:
Խորհրդարանի զանգուածային եւ միակտուր մեծամասնութիւնը, դատարանները, բանակի ղեկավարութիւնը, բոլոր ուժայինները, որեւէ «պետական պաշտօնեայ», բոլորը, կը սպասարկեն ու կը ծառայեն միմիայն՝ գործադիր մարմնի մի քանի պարագլուխներուն:
Այս վիճակին մէջ, եկեղեցին է՝ Հայ Ազգի վերջին պաշտպանը: Դիմադրութեան վերջին մարտընկոցը, փրկութեան միակ հնարաւոր լաստը, գոյատեւման միմիաիակ յոյսն ու հաւատքը:
* * *
Եթէ քիչ մը մօտէն հետեւիք թէ ինչ է տեղի ունեցածը, հեշտօրէն պիտի նկատէք որ ՀՀի անձնատուր կառավարութեան նպատակն է՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վտարել իր պաշտօնէն, իր տեղը տեղադրելու համար… Պոլիսի Պատրիարքը:
Այն կղերականը, որ կամաւոր ու ինքնահաճ պատանդն է՝ Թուրքիոյ կառավարութեան: Որ իր այդ պաշտօնը կը սնատայ միայն՝ եթէ այդպէս բարեհաճի յօժարիլ թուրք պետութեան գործադիր մարմնի ղեկավարը:
Այ՛ս իրականութիւններու լոյսին տակ արժեւորեցէք այդ «կնիկի պատմութիւնները», զորս կը տարածեն ՀՀի իշխանաւորները:
Այսինքն, մինչեւ որ լուրջ ու հաստատ փաստեր չտեսնենք, արդէն այդ բոլոր խօսքերը, ՀՀին շատ բնորոշ՝ չար եւ աժան բամբասանքներ են:
Շնորհիւ նոյնանման սուտերու է, որ տեղի ունեցաւ 2018ի հաւաքական ինքնասպանութիւնը, եւ գոյացաւ այս դժոխածին վարչակարգը:
Սակայն որպէս տեսութիւն, որպէս վարկա՛ծ, եթէ նոյնիսկ իրական ըլլան այդ զրպարտութիւնները, ապա ինչո՞ւ միայն հիմա խնդիր դարձան անոնք: Հրատա՛պ խնդիր:
Եւ ամէն պարագայի, Հայ Ազգին այժմու աղէտալի կացութեան եւ ընթացքին գիտակից հայը, վերեւ պարզուած այդ բոլոր իրականութիւններուն մէջ, հիմա, կարեւորութիւն պէտք է որ տայ կղերականներու սեռային կարգավիճակի՞ն ?! WTF !!
* * *
Այսպէս եղաւ հիմա, ներազգային բախումի այս վերջին մարտաճակատը բացուեցաւ, քանզի ՀՀ կառավարութիւնը այլեւս չի գիտեր ինչ անի, որպէսզի գոհացում տայ թուրքերուն:
Պաշտօնական կերպով յայտնուած է՝ մի քանի օրէն, Փաշինյանը դարձեալ պիտի փութայ՝ Սուլթան Էրտողանին մօտ: Վերջինիս հրաւէրով…
Արդեօք հանդիպման ներկայ պիտի գտնուի՞ Պոլսոյ Պատրիարքը:
Այդտե՞ղ պիտի հաստատուի որոշեն թէ ո՞վ պիտի ըլլայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Մի՛ մեղար, Տէր:
Մի մեղար, մի ներեր:
Շատ լաւ գիտեն՝ թէ ինչ կ’ընեն:
Հայդուկ Շամլեան
17 Յունիս 2025
Յ.Գ. «մինչ իր խաչերն են դաշո՛յն»... https://haytougchamlian.home.blog/2025/06/17/մինչ-իր-խաչերն-են՝-դաշո՛յն/
..

. Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»…]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ… [Շուշի]