Ո՛չ-Մի- Թիզութիւն [արաբերէնո՞վ…]

. Exhibit A

«Even a handful of soil cannot be returned», Haytoug Chamlian, The Washington Post, August 2011

re:  Peace Elusive in Karabakh

* * *

Սխալ կ’ըլլայ այս յօդուածը մեկնաբանել, որպէս ստորագրեալին համաձայնութիւնը՝ «Փաշինյանը-քանդեց-բանակը» վարկածին հետ:

Ես տակաւին որեւէ համոզիչ փաստ չտեսայ, այդ ուղղութեամբ: Թերեւս օր մը, դեռ կը տեսնենք այդ ուղղութեամբ լուրջ ու բաւարար ապացոյցներ: Սակայն աղէտալի պատերազմէն  երեք տարիներ ետք, տակաւին չկայ այդպիսի բան:

Այո, բաներ կայի՛ն, որ կրնային տեղի ունենալ 2020ի աշնան պատերազմի ընթացքին: Ջրամբարի ռմբակոծում, նաւթի փայփլայններու ծակծկում… Սակայն թէ ի՞նչ կը հանդիսանար արդիւնքը այդ՝ յետին-միջոցի, յուսահատական գործողութիւններուն, վիճելի է: Նկատի առնելով որ նոյնանման միջոցներու կրնար դիմել նաեւ թշնամին…

Ուրեմն,  ինչո՞ւ պիտի հասնէինք արդէն վիճակի մը, ուր ստիպուէինք այդպիսի միջոցներ գործադրելու:

Անշուշտ թէ Փաշինյան մը, լրիւ ու ամբողջովին անկարող եւ անատակ էր, պատերազմի ժամանակ՝ Գերագոյն Հրամանատարի պաշտօնը կատարելու…

Բայց հետեւաբար, ո՞վքեր են՝ ոչ թէ ի պաշտօնէ, ոչ թէ լոկ տիտղոսային , այլ իրական ու իսկական, գետնի վրայ, գործնական պատասխանատուները, տեղի ունեցած Աղէտին: Մինչեւ այն ատեն որ չկայ փաստը, որ Փաշինյանը անոնց որեւէ մէկին մտիկ չէր ըներ… Իրենց զեկոյցներուն, կարծիքներուն խորհուրդներուն՝ դէ՛մ կը գործէր… Դեռ սպասում էք, այդպիսի վկայութիւնների…

* * *

Ամէն դէպքում, այս գրութեան հիմնական – խոստովանական – նիւթը հետեւեալն է՝ նկատի ունենալով մինչեւ օրս յայտնուած տեղեկութիւնները, 2020ի Աղէտին նախորդող երկար տարիներու ընթացքին, Հայոց Բանակի մասին ամէն ինչ որ կ’ըսուէր մեզի՝ իրական չէր:

Ներքին փրոփականտա էր, մենք մեզի կորով ներշնչելու, խրախուսելու միտող, անհիմն քարոզչութիւն:

Սակայն այդ էական հիման վրայ է որ մեզանից շատեր, ներառեալ ստորագրեալը, բռնած էինք մեր դիրքը՝ Արցախի խնդրի առնչութեամբ:

Ես գոնէ, միայն ու բացա՛ռապէս այդ հիման վրայ է, որ բացարձակապէս դէմ էի որեւէ տեղատւութեան, տարրական եւ նուազագոյն իսկ զիջումի, յանուն սոյն հիմնախնդրի լուծումին:

Հիմա ընդլայնեմ, եւ աւելի բացատրուիմ:

* * *

Երկար տարիներու ընթացքին, մենք ընտանեօք, տարին մէկից մէկուկէս ամիս,  կ’ապրէինք՝ Արցախի մէջ: Տեղացիներուն հետ, տեղացիներուն մէջ:

Որեւէ ատեն, որեւէ առիթով, ոեւէ մէկուն հետ, երբ որ խօսակցութիւն տեղի կ’ունենար մեր զինեալ ուժերուն մասին, յայտնուած համոզումը, անվերապահ հաստատումն ու հաստատ հաւաստիացումը այն էր, որ՝ մեր Բանակը կը յաղթէ թուրքերուն: Որեւէ պարագայի: Սա, ստոյգ բան էր: Նոյնիսկ միակ ստոյգ բանն էր, որ կը լսէինք այդտեղ…

Արդարեւ, նոյնիսկ այն – մեծաթիւ – անձերը որոնք, առաւօտից իրիկուն, կը գանգատէին,  կը բողոքէին, կը փֆֆփֆային ու կը յերիւրէին՝ ամէն մարդու եւ ամէն բանի դէմ, հենց որ նիւթը կու գար Բանակին, յանկարծ բոլորը համաձայն էին, ըսելու համար որ՝ անխորտակելի է, նա:

Նամանաւանդ ու յատկապէս՝ տուեալ թշնամիին դէմ, անհնար էր, անկարելի՛ էր որ մենք պարտուէինք:

* * *

Այսպէս էր, միշտ ու ընդմիշտ,  բացի միմիայն մէկ հատիկ բացառութեամբ մը: Կարճ միջադէպ մը, որ տուեալ պահին,  բնաւ յստակ չէր: Ատենին, ես չհասկցայ իսկ թէ ինչ էր, այդ պահին ինծի «ըսուածը»:

2016ի պատերազմի ջահել նահատակի մը տարելիցն էր: Ծնողքին եւ քոյրիկին հետ, գնացինք գերեզմանատուն: Եկած էին նաեւ իր զէնքի ընկերները, այն գումարտակը որուն մաս կը կազմէր ինք, երբ որ հերոսաբար զոհուեցաւ:

Յետոյ գացինք ննջեցեալին տունը: Այդտեղ, ես սկսայ խօսիլ մեր ռազմական ուժին մասին: Չմոռնանք որ 2016ի պատերազմի յանգումը, կը համարէինք յաղթանակ…

Պահը յուզիչ էր, մի քիչ քօնեաք ալ խմեցի անշուշտ, ուրեմն, ես սկսայ իբրեւ թէ մխիթարել նահատակի ընկերները:

Որ՝ չէ՜, նա պարապ տեղը չմեռաւ… ահա, դարձեա՛լ պաշտպանեցինք ու պահեցինք մեր սուրբ հողը… որ՝ մենք սա՜, մենք նա՜… թող յարձակին որքան որ կ’ուզեն, երբ որ ուզեն… մենք ամենազօրաւորն ենք… մենք էլի յաղթելու ենք…  մուխերնին կը մարենք ծօ, բա ինչա՞ եղել !  

You catch my drift, թէ ինչ տեսակի ելոյթ մը ունեցայ այդտեղ… ազգայնական սփիւռքահայի սոսկալի shadow-boxing… Balboa style… նոյնիկս Gangnam Style!… այդ ձի նստելու բաժինը… հոփ-հոփ, հայկական քաօպօյութիւն…

* * *

Գումարտակին ղեկավար – համեստ աստիճանի սպայ մը -, անկիւն մը նստած էր:

Լուր ու մունջ մտիկ ըրաւ հոյակապ, բոցաշունչ ու բոցավառ ճառախօսութիւնս:

Յետոյ, ումպ մը օշարակ առաւ – ինքը ալքոլ չէր խմեր կոր -, աչքերուս նայեցաւ, եւ հեզ ու հանդարտ ձայնով մը, միայն ու միայն հետւեալ խօսքերը ըսաւ՝ «դուք կարծո՞ւմ էք, որ այդպէս է…»:

Բնաւ չըմբռնեցի, ըսել ուցածը:

Չէի հասկցած իր այդ խօսքերը, դեռ մինչեւ 2020ի Հոկտեմբերին կէսը (այդ ժամանակ, ես գոնէ կանուխ հասկցայ, թէ իսկապէս ինչ տեղի կ’ունենար այդ պատերազմին…) :

Ուրեմն, այդ օրը, Շուշիի մէջ, խոնարհ սպային  այդ խօսքերը ես մեկնաբանեցի որպէս քաջալերանք՝ շարունակելու խրախուսական պոռթկումս, ջահել զինուորներուն առջեւ…

Եւ ուրեմն, եալլա, բաժակ մըն ալ կոնծեցի, եւ մէկ հատ մը եւս՝ «տուի», ակամ… տո՛ւր թէ կու տաս

Թող յարձակի՜ն, թող յարձակի՛ն նորէն եթէ կ’ուզեն, եթէ կը համարձակի՛ն, եւ մենք իրենց դարձեալ ցոյց  կու տանք…

qu’y z’y viennent! mais qu’y z’y viennent donc!!

եւայլն… հա…

Սպան դարձեալ մտիկ ըրաւ, ամենայն յարգանքով, պասեց որ վերջանամ: Յետոյ ոտքի ելաւ, զինուորականի գլխարկը թեւին տակ՝ լուռ բարեւեց բոլորին – սկսեալ նահատակի ծնողներից -, ու գնաց իր գործին:

* * *

Վերոյիշեալ դէպքը, այդ լռակեաց, համեստ աստիճանի, իր զինուորին գերեզմանէն վերադառնալով՝ օշարակ ըմպող, այդ բանիմաց սպային այդ մի քանի անկեղծ, զուսպ ու ամօթխած խօսքերը, ինծի համար  աւելի համոզիչ փաստ մըն են՝ Աղէտի շեմին մեր Բանակին ունեցած իսկական կարողականութեան մասին, քան թէ դաւաճանութեան – փոխադա՛րձ – մեղադրանքները որ կը լսենք տեւաբար, երեք տարիներէ ի վեր, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:

* * *  

. Exhibit B ՝ Օտար, մասնագիտական հրատարակութիւնը մը,  օտար մասնագէտի մը ուսումնասիրութեամբ,  հետեւեալ հաստատումները կատարեց՝ ՀՀ Զինեալ Ուժերու մասին, Հոկտեմբեր 2003 թուականին ՝

. ամբողջական բնագիրը, ֆրանսերէն

. մասնակի թարգմանութիւն մը, հայերէն

* * *

Ի՞նչ պատահեցաւ, վերոնշեալ այդ մասնագիտական թերթին մէջ ուսումնասիրուած Հայոց Բանակին:

2003էն ետք, ո՞ր թուականէն սկսեալ, փոխուեցաւ այս Բանակին այն վիճակը, ընթացքն ու հեռանկարները, զորս ներկայացուած են այդ փորձագիտական յօդուածին մէջ:

Ես, ուալլա, գիտըմ չում:

Սակայն գիտում ըմ որ՝ 1994-էն մինչե՜ւ 10 Նոյեմբեր 2020, բոլոր անոնք որոնք իրականութիւնը գիտէին – կամ ի պաշտօնէ, պարտաւո՛ր էին զայն գիտնալու – մնացեալ, սովորական մահկանացուներուս տեւաբար յայտեցին, վստահեցուցին եւ հաւաստիացուցին որ, պատերազմի պարագային, մեր Բանակը լինելու է յաղթական:

Ուրեմն « #յաղթելուենք »ը, մէջտեղ չեկաւ՝ 2020ին աշնան:

Այդ կոթողային ինքնախաբեբայութիւնը, մինչ այդ հաստատուած էր շուտուանի՜ց, եւ տեւաբար: Մասնագիտական օտար թերթի այդ յօդուածին հիման վրայ, գոնէ՝ 17 տարիներէ ի վեր:

Եւ բացառապէս այ՛դ հիման վրայ է, որ ստորագրեալը՝ «ոչ-մի-թիզ-հող-ական» էր:

Ո՜հ, նոքա ամենքը զիս ծաղրեր են․․․

Ուրեմն այլեւս մնաց միայն, որ ես ալ զիս ծաղրեմ:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

12 Օգոստոս 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք