«Միջազգային Քրէական Դատարան» կոչուածը՝ ՌԴի նախագահ Փութինին դէմ, ինչ որ գործընթացի մը ձեռնարկեր է:
Wow… Goosebumps!
* * *
Միջազգային Օրէնքը, որպէս գործնական իրականութիւն, հիմնուած է միմիմայն ու բացառապէս՝ ուժի վրայ:
Ռազմական, քաղաքական, տնտեսական՝ ուժ:
Այլ խօսքով, դա պարզապէս՝ «Jungle-ի Օրէնքն» է:
Յատուկ ու արդիական ձեւակերպութիւններով, թատերական սիրուն կատարումով:
Տեսէք, մանաւանդ այդ փայլուն, սպիտակ ու կապուտակ տարազները… խորհրդաւոր կեցուածքները, ծէսերն ու ծիսաբանութիւնը… մեղք, որ խոշոր կեղծամներ, տպաւորիչ փեռիւքներ ալ չեն դնում… վարդագոյն, անշուշտ… (ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ ուղղակի այդ «pussyhat» ներ… կը յիշէ՞ք…)
Խնամքով հաշուըուած եւ ներդաշնակուած՝ երկգոյն դէմքերուն ալ, լաւ նայեցէք… Այդ ալ, որպէսզի յատկապէս Հարաւային Ափրիկէի յաւերժական զոհերը, ընդմիշտ ընկճուած, լքուած, ու մոռցուած այդ ժողովուրդները՝ խաբեն: Եւ ոչ միայն Արդարութեան սին կեղծիքով, այլ նաեւ՝ Հաւասարութեան պատրանքով… հապա՜…
* * *
Բայց վերադառնանք հիմա անմիջական, այժմէական նիւթին:
Արդէն լման ռազմադաշտի վերածուած Ուկրաինայի այն քաղաքներուն մէջ, ուր տեղի կ’ունենան ամենաահաւոր ու սաստիկ մարտերը, ուր ռուսական արիւնալի առաջընթացքը ստոյգ է,միմիայն ժամանակի հարց է, ռուսները տեւաբար յորդորում են, որ այդտեղ մնացած անզէն քաղաքացիների անյապաղ տարհանումը կատարուի:
Այնուհանդերձ, Ուկրաինայի կառավարութիւնը, ծրագրուած եւ դիտումնաւոր կերպով՝ անզէն ու խոցելի բնակիչներ, տարեցներ եւ երեխաներ, պահում է այդտեղ. արդէն շատոնց է որ անբնակելի դարձած, դժոխքի վերածուած, այդ նախկին քաղաքներուն ծխացող փլատակներուն մէջ: Կրակի տակ: Կրակին մէջ:
Իրենց կառավարութեան եւ իրենց բանակին կողմէ գերի բռնուած՝ այդ երեխաները, յատկապէս, այդպէս չարաչար շահագործւում են, նախ՝ որպէս «մարդկային վահան»:
Որպէսզի անոնց ետեւը, անոնց մէջը պահուըտին ուկրաինացի քաջ ու խիզախ զինուորները: Հպարտ ուկրաինացիները…
Ինչպէս որ, Հայաստանի Գունաւոր Յեղափոխութեան վախտ, լիքը երեխաներ լեցուցած էին Երեւանի փողոցները, ոստիկանական արիւնկզակ շուներուն դիմաց: Առաջին գիծի վրայ:
Սակայն նաեւ՝ այս մասնայատուկ մարտավարութիւնը գործադրում են ուկրաինայի իշխանաւորներն ու զօրավարները, քաջ գիտնալով որ այդ անմեղ բնակիչներից շատերը, երկար տառապանքներէ ետք, պիտի մեռնին:
Որպէսզի յետոյ, իրենց Գլխաւոր Superstar Դերասանը, դէմքի դաժան արտայայտութիւններով, իր այդ սոսկալի ու աննման նայուածքով, արեւմտեան հեռուստատեսիլներու պաստառներուն ընդմէջէն, prime time «լուրերու» պահին՝ խռովի, տխրի, զայրանայ, անհուն յուզումներով յայտարարէ թէ՝ տեսէք… վայ, նայեցէ՜ք… Փութիւնը՝ երեխանե՛ր է սպանում:
Այս ալ՝ Մարդկութեան դէմ ոճիր է:
* * *
Բայց այստեղ տարօրինակ սխալ մը կը գործէ, Ամերիկան:
Չի վայելէր իրեն, այսպիսի վրիպում մը:
Կան, իսկական դատարաններու կողմէ արձակուած բիւրաւոր վճիռներ, զորս անկարելի է՝ ի գործ դնել: Առարկայականօրէն՝ միջոց չկայ, զանոնք գործադրելու: Անհնար է: Ոեւէ փաստաբան այդպիսի բազմաթիւ վճիռներ ունի, գրասենեակի իր դարակներուն մէջ, փոշիներուն տակ… Դրա պատճառները շատ են, եւ բազմատեսակ:
Դատարան մը սակայն կը դադրի իմաստ ունենալէ, երբ որ բոլոր միջոցները կան՝ նրա արձակած վճիռները գործադրելու, բայց ոեւէ մէկը չկայ, որ այդ՝ կատարէ: Ոչ թէ ոեւէ մէկը չի կրնար անել այդ, այլ՝ չ’ուզեր:
Այս պատճառով է որ, որպէսզի գոնէ խաբկանքը կուլ տուող պարզամիտ ու միամիտ հանդիսատեսներ ըլլան՝ այդ միջազգային թատերական ատեաններու փառաւոր բեմին վարագոյրը կը սկսի բարձրանալ միայն, երբ որ կռիւներն ու ջարդերը արդէն վերջացած են:
Ապա, այդտեղ կը դատուի – եւ անշուշտ, կը դատապարտուի – միայն՝ պարտուողը:
Այդ առումով, ի միջի այլ նոյնանման, դեռ շատ հապճեպ յայտարարութիւններու, Փութինի դէմ վերոյիշեալ «օրինական» հետապնդումը, կանխահաս է:
Իսկ այսպիսի վաղաժամ քայլեր առնելով, այդ միջազգային «դատարաններու» քաղաքական եւ ռազմական տէրերը, այդ ֆախֆախալը կինոյին executive producerները, ռիսկը առնում են՝ իրենց այդ թատերախումբերը վարկաբեկելու: Խայտառակութեան ենթարկելու: Քիչ մը եւս:
* * *
Ի դէպ, մենք ալ կը հաւատանք՝ Միջազգային Օրէնքին: Կ’ապաւինինք դատական բնոյթի, պաշտօնական ու վերջնական, միջազգային հոյակապ որոշումներու:
Արդարեւ, ի միջի այլոց, շատ վստահ ենք որ, հեսա, մի օրից միւսը արդէն, Միջազգային Դաշնագրի մը վրայ հիմնուած՝ ԱՄՆ նախագահին իսկ արձակած ու նրա ձեռքովը ստորագրած, ԱՄՆ Պետութեան Կնիքը կրող, այդ սոսկալի Վճիռը՝ պիտի գործադրուի: Ա՛նպայման:
Ամենատխուրը այն է որ, թերեւս կը լինի ընթերցող մը, որ գոնէ երկվայրկեանի մը համար, լուրջի կ’առնէ նախորդ պարբերութիւնը:
Զայն գրած ատենս, սակայն, ես ալ այդպիտի երկվայրկեան մը ունեցայ…
Մ. Հայդուկ Շամլեան
Յ.Գ. Արդարութիւնը, հանրակին անհոգ… [1991]

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…