Կրակահերթային յիշատակներ

Ամառ էր: Երեկոյեան, տակաւին լման մութ չէր, Պոլոնիայէն իջանք՝ Անթիլիաս: Աղբալեան Ակումբ:

Պապաս, ես, եւ մեր սիմոնոֆ զէնքը:

Ինը կամ տասը տարեկան էի: Եւ այդ օրը, պիտի կատարէի իմ ամենաառաջին պահակութիւնս (կրաւորական, ամուլ եւ բարեբախտաբար ձանձրացուցիչ այդ պարտականութեամբ, սկսած ու վերջացած է կեանքիս «մարտական» ամբողջ գործունէութիւնը) :

Պապաս ալ, այդ ակումբին մէջ պիտի հանդիպէր Բիւրոյի հետ: Աներեւոյթ եւ ամենակալ «Բ.»ը, անշուշտ միշտ ամէն տեղ է եւ ոչ մէկ տեղ, սակայն երեւի այդ երեկոյ՝ Անթիլիաս էր, այդտեղ ժողով մը կ’ընէր: (Ի դէպ, այն ժամանակներուն, Պապաս շարքային դաշնակցական չէր: Սակայն Լիբանանի մէջ, ի միջի այլ ազգային կառոյցներու, ՀՅԴաշնակցութեան ալ կը մատուցէր իր իրաւաբանական ծառայութիւնները, սիրայօժար ու անվճար կերպով: )

Պապաս նախ զիս հանեց կարճահասակ շէնքին տանիքը, զէնքը ձեռքիս՝ զիս թողեց այդտեղ, եւ ինք իջաւ վարի յարկը:

Ինծի տարեկից, ուրիշ երեխայ մըն ալ կար այդտեղ: Կուսակցական վաստակաւոր ղեկավարի մը զաւակն էր: Ան ալ՝ քալաշնիքով մը, վրայի գօտիէն կախած էր իր վիզէն: Իրմէ մեծ այդ զէնքը գրկելով, խաչաձեւած երկու թեւերուն մէջ:

Պապաս յետագային բացատրեց որ այդ երեխային բռնած այդ զէնքին սանտրը, դատարկ էր: Փամփուշտ չկար, մէջը: Քանի որ, ան իր հետը չէր բերած որեւէ զէնք, եւ ակումբի շէպէպը չեն ուզած իր ձեռքերուն մէջ դնել՝ լեցուն «գոյք» մը:

Պապաս ասիկա գիտցած է, քանի որ նոյն մօտեցումով, ուզած են նաեւ մեր սիմօնոֆին սանտրը պարպել, առաջ որ սկսիմ իմ սոսկալի պահակութիւնս: Սակայն Պապաս յաջողած է իրենց համոզել, որ այդպէս չընեն: Հաւանաբար իրենց նկատել տալով որ, ամէն պարագայի, փամփուշտը՝ կրակուելու պատկան տեղը, չէյմպըրին մէջ, չէի կրնար հասցնել: Անկարող էի զէնքը «չարճ» ընելու: Այդքան ուժ չունէին, գիրուկ սակայն փափուկ, երեխայական մատիկներս:

Բայց այս պատմութեան անգութ մասը այն է որ՝ իրեն, այդ տղուն, ոեւէ մէկը չէր տեղեկացուցած, որ փամփուշտ չկայ, իր այդպէս հպարտօրէն կրած զէնքին մէջ… Որպէսզի ինք կարծէ որ, կայ:

Այս պատճառով է, որ իր անունի պիտի չտամ այստեղ:

Յիսուն տարի ետք, չեմ ուզեր որ հիմա գիտնայ, որ այդպէս էր եղելութիւնը…

* * *

Դեռ հազիւ կէս ժամ մը, այդպէս կեցած էի տանիքին վրայ, երբ որ յայտնեցին թէ՝ ընթրիքի ժամն է:

Անմիջապէս իջայ ուրեմն վարի յարկը, որպէսզի ուտեմ:

Ինծի տարեկից միւս տղուն ալ ըսի որ գայ հետս, ճաշելու:

Բայց ան, շատ լուրջ ու ծանր դէմքով մը, ըսաւ թէ ոչ. իր պահակութեան տեւողութիւնը դեռ չէ աւարտած: Եւ ինք մնաց ուրեմն տանիքին վրայ, օրինակելի ինքնուրացութեամբ՝ պահեց իր դիրքը: Անօթի, ծարաւ, եւ առանց փամփուշտի զէնք մը՝ գիրկին մէջ:

Ես ուալլա, իջա՜յ, բազմեցայ խոշոր սեղաններէն մէկուն ծայրը, եւ լա՜ւ մը կերայ:

Մուճատտարա էր ճաշը: Շա՛տ համով: Հաւանաբար ՀՕՄի Տիկինները պատրաստած ու հայթայթած էին այս առողջ ու համեղ ուտելիքը, խոշոր կաթսաներով:

Շուրջիս տղաքը, պնակս մէկ հատ մըն ալ լեզուցին, խնդալով, երբ որ տեսան թէ որքան արագօրէն զայն պարպեցի: Է՛հ, հապա ի՞նչ… յոգնա՛ծ էի, այդքան պահակութենէ ետք: Երրո՛րդ պնակ մըն ալ պէտք է որ տային, երկրորդն ալ լափելէս ետք:

Հաւանաբար այդ ալ կու տային, սիրով, բայց ժամանակ չմնաց:

Պապաս գործը վերջացուցած էր: Տղոց մերսի ըսաւ, զիս ու սիմոնոֆը առաւ, եւ գացինք՝ Տօրա: Պուրճ-Համուտի եզերքային այդ փողոցը:

Երէցեաններուն փուռին ճիշդ դիմացը, բարձ շէնք մը կայ: Վերջին յարկին վրայ կը բնակէր՝ Տիգրան Շամլեանը, իր ընտանիքով:

Չեմ գիտեր, Պապայիս իսկապէս հօրեղբօրը զաւա՞կն էր, թէ մօտիկ զարմիկ մը, սակայն իրենք իրարու էմմօղլու կը կանչէին: Ինծի համար ալ, Տիգրան Ամմօ էր:

Այժմ անհետացած Սփիւռքի մը որոշ շրջանակներու, ըսենք… «ամենագործունեայ» սերունդին պատկանող մարդ էր: Նուիրեալ, բացառիկ, հմայիչ եւ հրապուրիչ… psychopath մը:  

Իրեն նմանող ամենամօտ տիպարը որ տեսած եմ, առաջին «Տը Կատֆատըր» ֆիլմին մէջի, հուժկու, պարզ, եւ չափազանց վտանգաւոր՝ Լուքա Պրազի-ն է: Բայց անիկա դեռ, գոնէ երեւութապէս, հանդարտ էր: Յայտնի չէր ընէր, ինչ ըլլալը: Պապայիս Տիգրան Էմմողլուն, թէկուզ ինք ալ քիչ կը խօսէր, սակայն միշտ ակնյայտօրէն վայրենի մէկն էր: Միշտ լարուած, կռիւ փնտռող ու տենչացող, ներքնապէս վայրագ ու կատաղի վիճակի մը մէջ էր:

Թախըմի վերի մասը, ժաքէթը կը հագուէր միշտ:

Օր մը պատահմամբ, օղիի սեղանին վրայէն, ինծի հրահանգեց որ երթամ՝ մուտքի դրան կողքին իր կախուած այդ ժաքէթին գրպանէն, սիկարէթները բերեմ:

Գրպանին մէջ, ձեռքս հանդիպեցաւ՝ «ամերիկեան բռունցք»ի մը: Այդ կարծր մետաղէ, լայն ծակերով գործիքը, որոնց մէջ Լուքա Պրազիները կը մտցնեն իրենց մատները, բռունցքով հարուածելէ առաջ մէկու մը դէմքին: Թերեւս պարզապէս որպէսզի իրենց մատները չվնասուին… տարիքի ալ խնդիր կայ… յօդացաւ, arthritis… պէտք է որ մարդ ինքն իրեն խնամք տանի, չէ՞… ճիշդ գործիքներով աշխատի…

 * * *

Տիգրան Ամմօյենց շէնքին վերելակը, յատուկ բանալիով կ’աշխատէր:

Առանց անոր, կարելի չէր բարձրանալ իրենց բնակած, ամենավերի յարկը:

Իսկ այդտեղ հասնելէն ետք ալ, ուրիշ բանալի մը պէտք էր, վերելակին դուռը կարենալ բանալու համար…

Կ’ենթադրեմ որ, յատկապէս յիսունական թուականներու իր ժրաջան գործունէութեամբ, Պուրճ-Համուտի մէջ բաւական ոխերիմ թշնամիներ կուտակած էր, Պապայիս այս հետաքրքրական զարմիկը: Որուն թէկուզ Ամմօ կը կանչէի, սակայն որմէ շատ լրջօրէն կը վախնայի:

Մտանք իրենց խոհանոցը, ուր փոքրիկ սեղան մը կար:

Տիկինը՝ «պոմպար» պատրաստած էր, ընթրիքի համար: Չեմ գիտեր որմէկ ագարակային անասունին աղիքովը կազմուած, յատուկ, իւրայատուկ երշիկ մը:

Աղբալեան Ակումբի հօմուհիներուն մուճատտարան, արդէն մարսած էի: Ուրեմն նոր ախորժակով, յարձակեցայ նաեւ այդ – բացառիկ – ճաշին վրայ:

Սեղանին շուրջն էր նաեւ Տիգրան Ամմօյին մանչ զաւակներէն մէկը, Զարեհը: Որ ուրեմն իմ, չեմ գիտեր ինչ կարգի, զարմիկս էր: Ինձմէ գոնէ տասը տարի աւելի մեծ տարիքի:

Շատ, շատ համակրելի երիտասարդ մըն էր: Աշխոյժ, կրակոտ, ծառայասէր: Միշտ անկեղծ, առանց հաշիւի խօսող:

Այդ պահուն, կանաչ պեթըլ-տրես մը հագուած էր, ռազմական մոյկերով:

Այդ գիշերուայ համար, Զարեհը զիս ստանձնեց, «իր թեւին տակ առաւ»: Որպէսզի մեր հայրերը, Իսքենտերունի քարափէն պոկուած ժայռի կտորներ՝ էմմօղլուները, միասին հանգիստ մնան:

Արդարեւ, երկար գիշեր մը ունէինք դեռ, մեր առջեւը…

* * *

Ուտելէ ետք (ոեւէ մէկը ալքօլ չխմեց), վերելակի երկու բանալիները գործածելով, իջանք շէնքին վարը:

Հիմա այլեւս լման մութ էր, դուրսը: Եւ ամայի:

Կողքին, փոքր եւ նեղ, կարծ անցքի մը ծայրը, շէնքին կից՝ սենեակ մը կար: Անջատ մուտքով, մետաղեայ փոքր դարպասով:

Տիգրան Ամմօն այդտեղ, ինքն իրեն, ակումբի «մասնաճիւղ» մը բացած էր: Լրիւ անպաշտօն տեղ մը, ուր գործօն մարտականները կրնային պահ մը հանգչիլ, երկու տաուրիյյէյի միջեւ: Կամ հոն քնանալ օրուայ ընթացքին, երբ որ գիշերուայ աւարտին, սիրտ չունին տուն երթալու:

Անունը դրած էր՝ «Շամլեան Ակումբ»: Բայց որեւէ տեղ այդպիտի բան չէր գրուած, գոյութիւն չունէր: Այդ սենեակը գործածողներուն մտքերուն մէջ էր միայն, այդ երեւակայական անունը:

Ի դէպ, այդ թաքուն Ակումբը, որպէսզի դուռը բացուի – եւ ոչ թէ ներսէն, դուռին մէջէն կրակելու սկսին ներս մտնել ուզողին վրայ – , նոյնիսկ իր յատուկ փարօլլան ունէր, անցաբառը: Ինչպէս որ իւրաքանչիւր այլ կարեւոր դիրք: Այն գաղտնի բառն էր՝ «արեգակ»: (Ինչո՞ւ արդեօք… Թերեւս, Տիգրան Ամմօյին մտքին մէջ, այդ բառը այնքան արտակարգ եւ արտասովոր էր, որ շատ դժուար էր զայն կռահելը: Վերջապէս՝ «արեւ» բառը կեցած, ո՞րմէկ տարօրինակ, տուեալ իրականութենէն կտրուած քեսթենքելլէն՝ «արեգակ»ը պիտի ունենար, իր pompous բառամթերքին մէջ…)

Մտանք այդտեղ: Անթիլիասէն ելլելնէս սկսեալ, ես այլեւս զէնք չունէի ձեռքս: Զեվզեկութիւնը, վերջացած էր… Հիմա լման գիշեր էր, եւ դեռ շատ բախտաւոր էի որ, շնորհիւ Պապայիս, թոյլ կու տային որ իմ տարիքիս երեխայ մը, գիշերուայ այդ ժամերուն, այդ տեղերը գտնուէր:

«Շամլեան Ակումբ»էն, Զարեհը եւ իր հայրը առին, ինչ որ պէտք էր: Պապաս, այդպիսի բաներու հետ գործ չունէր: Ոչ, այդպիսի պահերու: Ինք, որսորդութեան ժամանակ միայն կը սիրէր զէնք կրել:

Եւ ուրեմն, Զարեհին փոքրիկ, նեղլիկ օթոյով – որուն մէջ, դեռ աւելի հսկայ, վիթխարի դարձաւ՝ Տիգրան Ամմօն -, սկսանք թափառիլ Պուրճ-Համուտի մէջ:

* * *

Տեղէ տեղ կ’երթայինք: Տիգրան Ամմօն կը խօսակցէր դիրքապահներուն հետ, զեկոյցներ կը հաւաքէր, ցուցմունքներ կու տար: Զարեհը անդադար կը ծխէր: Պատուհանը բացած էր սակայն, եւ թոքերուն մէջէն անցնող ծուխը, բերանին ծայրէն եւ գլուխը քիչ մը թեքելով, դէպի դուրս կը փչէր, իմ մանկական առողջութեանս մտածելով:

Ատենը մէկ, բաներ մը կը բացատրէր ինծի: Երբեմն ես իրեն բաներ կը հարցնէի, սիրով կը պատասխանէր:

Նոյն տեսակի երիտասարդները, բոլորը այդպէս չէին: Ընդհանրապէս աւելի լռակեաց եւ թերս, ծուռ կ’ըլլային: Երեխաներու հետ համբերութիւն չունէինք: Մանաւանդ ոչ ինծի պէս երեխաներու… Շատախօս, անկարգ, տեւաբար hyper-actif 

Զարեհը, տարբեր էր: Մարդկային խորունկ ջերմութիւն մը կար, իր մէջ: Միաժամանակ, շարժուձեւերէն եւ խօսելակերպէն կրնայիր հասկնալ, որ ան նաեւ որեւէ բանի… պատրաստ էր:

* * *

Մար-Մըխայէլ տանող ճանապարհային կամուրջին կողքին, սառնարանի շէնքին ետեւի կողմը, օթօյէն իջանք: Մտանք շէնքին մէջ:

Վարի յարկին խորքի, մեծ ու բարձր պատը, լման, բզիկ-բզիկ երեւոյթ մը ունէր: Ծակծկած, կտորներ վրայէն փրցուած եւ գետին ինկած:

Նշանառութեան – կամ  զբաղումի – համար, տղաքը այդտեղ բաւական շատ փամփուշտներ կրակած էին: Բայց ոչ, ուրիշ բան: Քանի որ արիւնի որեւէ հետք չկար, եւ իմ գիտցածովս, մեր տղաքը այդպիսի բաներ չէին ըներ – իրապէս, լուրջ կ’ըսեմ -:

Սառնարանի շէնքին ամենավերի յարկէն, մեծերը սկսան դիտել՝ դիմացը: Լայն տարածք մը, որ մութ էր այդ ուշ պահին, բացի մի քանի ցանցառ լոյսերէ:

Մատներուս վրայ բարձրացած, ես ալ դիտեցի: Զարեհը նկատեց դէմքիս վրայի հարցման նշանները, եւ համբերութեամբ բացատրեց որ ՝ «Քարանթինա»-ն է: Հապճեպ կառուցուածքներէ կազմուած, խեղճ ու կրակ բանակավայր մը, ուր կը բնակէին պաղեստինցի փախստականներ:

(Այդտեղ է որ, հետագային, ջարդ տեղի ունեցաւ: Իսկ այդ դէպքին յաջորդ օրը, յատուկ խումբի մը հետ, հայրս մտած էր այդտեղ: Յաճախ կը յիշէր թէ ինչպէս Ճիփը «կը ցատկռտէր» դիակներուն վրայէն, երբեմն գրեթէ ինքն իր վրայ դառնալու աստիճան: Որովհետեւ անհնար էր այդ արիւնլուայ մարմիններուն վրայէն չանցնիլը, այնքան որ շատ էին, եւ ամէն տեղ, իրարու վրայ դիզուած: Ուրիշ ահացունց տեսարաններ ալ, կը յիշատակէր: Գիւղն էինք, այդ օրերուն: Այդ եղեռնավայրին այցելութենէն ետք, շաբաթներով, ննջասենեակի պատուհանին դուրսի լոյսը մինչեւ առաւօտ վառած կը քնանար, Պապաս…  )

* * *

Տպաւորիչ էր թէ ինչպէս Պուրճ-Համուտը այդ ժամանակ, մինչ օրուայ ընթացքին որքան աշխոյժ էր – ամէն կողմ գացող անցորդներով եւ օթօներով ողողուած, կեանքով յորդող, աղմկոտ, եռանդուն եւ խճողուած -, երբ որ ուշ գիշեր ըլլար, կը դառնալ լրիւ ամայի: Լուռ, մութ, կարծես թէ, ոչ թէ ուրիշ տեղ մըն էինք միայն, այլ ուրիշ մոլորակի մը վրայ…

Ֆիլմերու հիման վրայ, ամենամօտ բաղդատականը որ կրնամ գտնել… Լուսինն է:

Արդարեւ, այդ ժամերուն, Պուրճ-Համուտի մէջ, կարծես թէ՝ Լուսինին վրայ էինք:

Եւ կարծես թէ այս բաղդատականը աւելի հիմնաւորելու համար, այդ գիշերուայ ընթացքին որ կը պատմեմ, ամայի փողոցներուն մէջտեղէն, ատենը մէկ, կ’անցնէին… շատ տարօրինակ ինքնաշարժներ:

Զրահապատ, շարժուն մեքենաներ էին: Մետաղեայ երկու մեծ տուփեր, հաստ, գոց մոխրագոյն, փոքր բաժին մը աւելի մեծի մը վրայ միաձուլուած, ամենատակն ալ՝ անիւներ:

Տեղ-տեղ, ճեղքեր կային վերեւի մետաղէ բաժինին վրայ: Դուրսը դիտելու կամ կարկելու համար, կ’ենթադրեմ:

Չեմ գիտեր եթէ այդ՝ Լուսինին վրայ  թափառող ինքնաշարժները յիշեցնող մեքենաները, ինքնուրոյն կերպով, այդպէս շինուած էին: Հակում ունիմ մտածելու որ, չէ.. Տեղական արտադրութիւն մըն էին:

Կը կարծեմ թէ Պուրճ-Համուտի հնարամիտ, արհեստաւոր վարպետները, սովորական օթօներ առած էին, որոնց վերի մասը հանած էին: Ապա այդ զրահապատ տուփանման բաժինները, այլազան մետաղներով պատրաստած էին, ու զանոնք անգուցած էին օթօյին յատակին եւ անիւներուն վրայ:

Ամէն պարագայի, այդ ինքնաշարժներն կ’երեւնային, մէջտեղ կ’ելլէին միայն ուշ գիշերները: Եւ կը թափառէին, անբնական խաղաղութիւնը կը հսկէին, Պուրճ-Համուտի այդ ժամերուն անճանաչելի դարձած, ամայութեան, լռութեան եւ մութին մատնուած, խորհրդաւոր փողոցներուն մէջ: Ինչպէս որ աստղանաւորդային փոխադրական սարքեր, Հանդարտության Ծովուն տարածքին, Լուսինին վրայ:

* * *

Այս գերիրական մթնոլորտին մէջ, այդ գիշեր նաեւ, գոնէ երկու հատ հետաքրքրական անձնաւորութիւններու հանդիպեցանք:

Սառնարանի շէնքին մէջէն երբ որ վար իջանք, անմիջապէս օթօ չմտանք: Այլ, քիչ մը քալըցինք, մինչեւ մօտակայ, փոքրիկ եկեղեցի մը:

Այդտեղ ալ, գիշերային դիրք մըն էր, մարտականներու հաւաքավայր մը:

Տղաքը հաւաքուած էին անձի մը շուրջ: Սերժ Թովմասեանն էր:

Զինք ճանչցայ, քանի որ Արեւմտեան Պէյրութը մեր թաղամասին մէջ ալ երբեմն զինք տեսած էի: Ճեմարան կու գար, մեր Տնօրէն Պարոն Տասնապետեանին հետ տեսնուելու համար:

Ես ալ յաճախ, կարգապահական պատճառներով, յուսահատած ուսուցիչի մը կողմէ դասարանէն ուղարկուած կ’ըլլայի հոն, պարբերական զափարթաս ստանալու համար, ջղայնութենէն կաս-կարմիր դարձած Պարոն Տասնապետեանէն: Որ այնքան կը պոռար, այդպէս, որ ես իմ կացութիւնս մոռնալով, իսկապէս կը մտահոգուէի միայն իր առողջութեամբ:

Անգամ մըն ալ, երբ որ այդպէս, տասնապետեանական սոսկալի յանդիմանութիւն մը ուտելէս ետք, հերոսաբար կը վերադառնայի դասարան, անցքին մէջ կանգնած էր Սերժ Թովմասեանը: Որ ժպտելով, կարեկցական նայուածք մը տուած էր ինծի: Հարցուցած էի Պապայիս թէ ո՞վ է, այս շատ հազուադէպ անձը, որ ինծի այդպէս եւ այդքան լաւկը հասկնայ, եւ Պապաս ալ ըսած էր, թէ ով է: Այսինքն, մօտաւոր կերպով, բայց անունը տալով:

Ուրեմն այդ գիշեր, Պուրճ-Համուտի այդ անմոռանալի ուղեւորութեանս ընթացքին, սառնարանը շէնքին մօտակայ այդ եկեղեցիին մէջ, Սերժ Թովմասեանի շուրջ հաւաքուած էին, շեպեպը:

Եւ -չեմ այպաներ, եթէ չհաւատաք, սակայն շատ յստակ կերպով կը յիշեմ -, իր խօսքերը… ձեռնառումբի մասին էին:

Սերժ Թովմասեանը, բազկաթոռի մը մէջ, բացատրութիւններ կու տար այդ մասին՝ աչալուրջ կերպով իրեն մտիկ ընող մարտականներուն: Եւ ձեռքին մէջ բռնած էր՝ նռնակ մը: Կ’երդնում, Պապայիս եւ իր Տիգրան էմմօղլույին գերեզմաններուն վրայ:

Դեռ աւելին ալ, շատ լաւ կը յիշեմ… Բայց պիտի չպատմեմ այստեղ… Ես, իմ սահմաններս ունիմ:

 * * *

Այդ գիշերուայ երկրորդ հետաքրրաքան հանդիպումը, Աբօ Աշճեանին հետ էր:

Տեղէ մը կ’անցնէինք մեր օթօյին մէջ, դիզուած աւազէ տոպրակներու մօտ, Պապաս նշմարեց զինք, եւ խնդրեց Զարեհէն որ օթօն կանգնեցնէ:

Ես ու Պապաս միայն իջանք օթօյէն : Առանց յատուկ պատճառի, այդ պահերուն, պաշտօնի վրայ եղող անձերը չէին ըներ այդպիսի աւելորդ բաներ:

Պապաս հետը ձեռնուեցաւ, բաներ մըն ալ խօսեցան: Դժբախտաբար, իր դէմքը լաւ չեմ յիշեր: Կը յիշեմ միայն որ ինք ալ այդ պահուն պեթըլ տրէս հագուած էր: Եւ տարօրինակ գլխարկ մը դրած էր: Boerներու գլխարկի պէս բան մը:

 * * *

Եւ այդպէս, մինչեւ առաւօտեան ժամը երեքը կողմերը, թափառեցանք ռազմական գօտիի վերածուած, գիշերային Պուրճ-Համուտի մէջ:

Տիգրան Ամմօյենց յարկաբաժինը երբ որ վերադարձանք, Զարեհը ինծի աչք ըրաւ, որ իրեն հետեւիմ: Եւ բարձրացանք.. տանիք!

Ինք, այդտեղ կը բնակէր: Խուցի մը մէջ:

Ուզեց որ այդ տանիքէն դիտեմ ամբողջ Պուրճ-Համուտը: Աչքերս արդէն սկսած էին քունէն ինքնաբերաբար գոցուիլ, բայց դիտեցի:

Յետոյ Պապաս եկաւ, որ զիս տանի: Ճամբայ չելած դէպի Պոլոնիա, ըստ կանոնի, պէտք է որ մէկ հատ փիփի մը ընէի: Թէ ոչ, տասը վայրկեան ճամբայէ ետք, պիտի ըսէի որ ատոր հրատապ կարիքը ունիմ

Այդ առիթով, Զարեհը առաջարկեց որ վերջին, կարեւոր բան մը ալ սորվեցնէ ինծի: Որպէս տղամարդու դաստիարակութեան էական մարզում մը՝ դուրսը միզել:

Եւ ուրեմն, բացատրեց որ պէտք է նախ ստուգենք թէ որ կողմէն կը փչէ հովը: Քլինէքս մը բռնելով օդին մէջ:

Ապա կանգնեցանք քով-քովի, բայց ամէն մէկս՝ թեթեւօրէն դէպի իրարու հակառակ կողմը թեքուած – տարրական ամօթխածութեան նկատառումներով -, եւ մեր «պզտիկ գործը» կատարեցինք: Նշան առնելով՝ տանիքին ծայրը, ծակի մը, ուրկէ անձրեւի ջուրը կը հոսի կ’երթայ:

Պապաս մէկդի կեցած էր, սպասելով որ այս կարեւոր արարողութիւնը վերջանայ:

Սակայն խնդալով, Զարեհին յիշեցուց – եւ ինծի սորվեցուց – որ այդ գործողութիւնը կը կատարեն, որսորդութեան ժամանակ: Բազմաթիւ որսորդներով, այդպէս շարուած: Եւ զայն կը կոչեն՝ «միաբերան» տուրք տալ բնութեան:

 * * *

Պահն էր, մեկնելու: Զարեհը վերջին սիկարէթ մը վառեց: Ինքը եւ Պապաս յանկարծ շատ լրջացան: Բաներ մը խօսեցան, որ լաւ չլսեցի կամ չհասկցայ:

Կը յիշեմ միայն, մեկնելու ամենավերջին  երկվայրկեաններուն, Զարեհին հետեւեալ խօսքերը՝ «էհ… այս ամէնուն գինը՝ օր մի պիտի վճարեմ… բայց չեմ գիտեմ երբ, եւ ինչպէս… »: Պապաս, միայն գլուխը շարժեց:

Զարեհը չուզեց գրկել, այլ՝ ձեռքը երկարեց որ սեղմեմ: Եւ շատ ամուր սեղմեց: Որպէսզի այդ մէկն ալ, սորվիմ: Եւ մանաւանդ այդ գիշերէն ետք, կամ՝ բնաւ չսեղմեմ, կամ ալ՝ ամուր սեղմեմ, տղամարդու ձեռքը:

 * * *

Դէպի Պոլոնիա բարձրանալու ընթացքին, ես, մեր գոց կապոյտ Տօճ Քորոնէթին ետեւի նստարանին վրայ տեղաւորուեցայ: Արդէն կէս-քնացած:

Պապաս սակայն, սիմոնոֆը ոտքերուս մէջտեղը դրաւ: Կոթը՝ գետին, փողը ցցուած դէպի օթոյին տանիքը: Որ այյա, մինչեւ տուն հասնինք, ես իր թիկնապահն եմ…

Տեղ մը – հետագային Լիբանանի նախագահ դարձած Լահուտի վիլլային մօտերը -, Փաղանգաւորները ճանապարհային պատնէշ մը հաստատած էին: Այդ շատ ուշ պահուն անցնողդ, ցանցառ օթօներու ստուգում կը կատարէին:

Տօճ Քորոնէթնիս կանգնեցուցին: Պապայիս բացատրութիւնները մտիկ ըրին, որ իշտէ՝ Անթիլիասի Աղբալեան Ակումն էինք, ապա,Պուրճ-Համուտի ակումբներէն անցանք, հիմա ալ մեր ամառնային տունը կը վերադառնանք:

Մարդիկը, որեւէ խնդիր չունէին այդ ամէնուն հետ: Բայց չէին գիտեր թէ ճիշդ ինչ ընեն, տեսնելով Օթոյին ետեւի նստարանին վրայի երեխան, որուն գիրկը՝ սիմոնոֆ մը կար:

Ուրեմն գացին, յատուկ անձ մը կանչեցին:

Այդ պահուն, մէկէն արթնցայ, քանի որ շատ անսովոր բան էր տեսածս:

Անձը, դիմակ դրած էր: Սեւ դիմակ մը: Բայց ոչ այն տեսակէն, որ դէմքին վրայ կ’անցնի, դէմքին կը փակի: Այլ՝ երեսին առջեւը կախուած, վարագոյրի պէս, քառակուսի շղարշ մը: Ճակատին շուրջ կապուած, փոքր, սեւ վարագոյր մը: Աչքերուն, քիթին եւ բերանին առջեւ՝ հազիւ երեւցող ճեղքերով:

Ան ալ, մտիկ ըրաւ Պապայիս: Ապա, իր հետ խօսեցաւ… հայերէնո՛վ:

«Շատ լաւ, Մեթր Շամլեան…», ըսաւ, «բարով վերադառնաք տուն»:

Ապա աւելցուց՝ «ես ալ հայ եմ… ես ալ դաշնակցական եմ»:

Եւ յարգալից նշան մը ըրաւ, որ շարունակենք մեր ճամբան:

Կէս-քունիս մէջէն, զգացի որ անկէ ետք մինչեւ տուն, մտազբաղ էր, Պապաս…

* * *

 Այդ գիշերէն ետք, մէյ մըն ալ չտեսայ, Զարեհը:

Ժամանակ մը ետք միայն, կիրակի օր մը, Զոքաք-Էլ-Պլաթի մեր տան մէջ ուր հիւրեր ալ կային, մէկէն հեռաձայնը հնչեց:

Պապաս ընկալուչը վերցուց, մտիկ ըրաւ, եւ անմիջապէս սուրաց դէպի դուռը:

Ուր կ’երթաս, ի՞նչ կայ հարցուց Մամաս:

«Զարեհը զարկեր են», ըսաւ միայն Պապաս, եւ գնաց տեսնելու թէ ինչ է կացութիւնը:

Երբեք չգիտցայ թէ ինչու սպաննած էին Զարեհը: Անկենդան մարմինը գտած էին Հհամրայի քովնտի փողոցի մը մէջ: Իր օթոյին մէջ, վարորդի նստարանին վրայ:

Ամենայն հաւանականութեամբ, ուրիշ տեղ սպանած էին զինք, ապա տեղաւորած օթօյին մէջ:

Մարմնին եւ ձեռքերուն վրայ նշաններ կային, որոնք կը փաստէին որ բաւական դիմադրած էր, կռուած էր, մեռնելէն առաջ:

Մէկ մանրամասնութիւն մը կայ սակայն, որ զիս շատ տպաւորեց, երբ որ պատահաբար զայն լսեցի, պզտիկ տարիքիս:

Արիւնին հետ, ուղեղային հեղուկներ ալ հոսած էին քիթէն, շապիկին վրայ, օթոյին մէջ իր այն նստած տեղը: Ուրեմն, գլուխէն կրակած էին:

Տիգրան Ամմօն, անկէ ետք, ուրուական մը դարձաւ:

Այս աշխարհէն իր մեկնելէն առաջ, շատ առաջ, այդ կիրակի օրէն սկսեալ, ան արդէն՝ մեռած էր:

Հայդուկ Շամլեան

03 Դեկտեմբեր 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք