Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

ՃԵՄելով յուշերու ճամբուն վրայ

1980ի կողմերը, Արեւմտեան Պէյրութ:

Ճեմարանի մէջ կազմուեցաւ «ՃԵՄ» անունով նուագախումբ մը:

Խումբին անդամներուն մեծամասնութիւնը, ողբացեալ քրոջս Ցոլինէին դասընկերներն էին:

Յաջող խումբ էր: Տեսակ-տեսակ, անգլերէնով, բարձրորակ երգեր կ’երգէին: Գոնէ նոյնքան լաւ կերպով, որքան տուեալ բնագիրները: (Ինչ որ այսօր « cover song » կը կոչեն կէնճերը [ինչեր գիտեմ կոր, ծօ…] ) :

Ի դէպ, ՃԵՄ անունը ինքնին հնարամիտ յօրինում մըն էր:

Կ’ակնարկէր անշուշտ Աղբալեան/Շանթ/Վրացեանի ՃԵՄարանին. որուն հպարտ աշակերտներն էին խումբին անդամներ (օրինակելի տեսակներէն… ոչ թէ ինծի պէս, անվերջ անկարգ, ֆաուտաճի, տեւաբար պատժուած վիճակի մէջ… քիչ մնաց, դուրս պիտի շպրտէին նոյնիսկ, եթէ ծանր հրետանիները զիս չպաշտպանէին… Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Բանեան, «Սըր», Գրիգոր Շահինեան… լոյսերու մէջ մնաք, աննման, անփոխարինելի Մարդիկ…) :

Բայց նաեւ, այդ նուագախումբին «ՃԵՄ» անունը, հնչիւնային կատարեալ համընկնումով, կը համապատասխանէր անգլերէն՝ «jam» բառին. երաժշտական առումով… (Կը կարծեմ թէ ոմանք, որոնք այդ նուագախումբը ճանչցած են, անոր համերգը վայելած են, թերեւս մինչեւ օրս չէին նկատած այս ինքնատիպ բառախաղը…)

Եւ ուրեմն, շնորհիւ մշակութային այս հոյակապ նախաձեռնութեան, պատերազմական ռմբակոծումներուն, կրակոցներուն եւ պայթումներուն մէջտեղը, ոչ միայն համերգի պահուն այլ նաեւ – դպրոցին համալիրին մէջ տեղի ունեցող – իրենց փորձերուն ժամանակ, բոլորս մտիկ կ’ընէինք, զուտ ու անբիծ կատարումով՝ Eric Clapton, Pink Floyd, Kansas, եւայլն.

Բայց իշտէ… մէշքել-մէշքե՛լ ակամ: Նորէն միջոցը գտանք, խնդիր մը հանելու…

Արդարեւ, մարտական-ազգայնական-ֆաշական շրջանակներուս համար, այս երեւոյթը անընդունելի շեղում մըն էր: Յանցաւոր այլասերո՛ւմ, դատապարտելի սայթաքում, այդ օրերու կացութեան եւ մանաւանդ մթնոլորտին մէջ:

Մենք ինչ տերտի էի՜նք, անոնք՝ ինչով կ’անցընէին իրենց ժամանակը:

Մե՜ծ գայթակղութիւն: Փոքրիկն Զոգագ-էլ-Պլաթի երկու նեղ փողոցներուն մէջ:

Նուագախումբին փորձերը – ինչպէս որ անոնց յաջորդող պատմական համերգը -, տեղի կ’ունենային Ճեմարանի «Վասպուրական Սրահ»ին մէջ: Վարի, մեծ դարպասին մօտ:

Այս զարհուրելի սայթաքումին, անհանդուրժելի ոտնձգութեան դէմ հերոսաբար պայքարող, խիզախ ու խրոխտ, վերոյիշեալ հակառակորդները, մինչեւ իսկ օր մը փիսութիւնը ունեցան սրահին ելեկտրականութիւնը կտրելու. գետնայարկի խոշոր, ժանգոտած swichtը վար իջեցնելով:

Այո, ես ալ այդտեղ էի… Թէկուզ, նոյն պահուն արդէն խիղճս կը տանջէր զիս, կը զգայի կոր որ սխալ – եւ ապուշ – բան մը ընելու վրայ ենք…

Պապամ, մարդիկը, անուշ-անում կ’երգէին, կը նուագէին կոր: Ռումբերուն տակը: Ատիկա աւելի արտասոովոր եւ տպաւորիչ էր, աւելի մարդկայի՛ն բան էր, քան թէ մեր կրակապաշտ քալաշնիքոֆութիւնները… (Մանաւանդ որ, այդ օրերուն, իրենց կարիքը չկար այդ «բաներուն» համար. պէտք եղածէն աւելի էինք, միւս տեսակներս. իրարու կը հրմշտկէինք որ «ճակատ» երթանք… Երբ լսէինք որ մէկը գացեր է, ղրկեր են, իր «թիւը ելաւ» կ’ըսէինք. նախանձելով իր բախտին: )

Բայց նուագախումբին անդամները այնքան շնորհքով, այնքան քաղաքակրթուած եւ բարի էին, որ, մտքերնէն չանցաւ իսկ թէ մենք կրնայինք այդքան «չար» ու վայրենի ըլլալ: Մինչեւ այսօր, անոնք կը կարծեն հաւանաբար որ այդ միջադէպը ելեկտրականութեան սովորական ընդհատում մըն էր, ինչ որ յաճախ կը պատահէր, այդ պատերազմական օրերուն:

Մենք ալ սակայն, անվայել արարքը գործելնէս ետք, այնքան ամըչցանք եւ խղճահարուեցանք, որ ձայն-ձիւն չհանեցինք, որպէսզի չգիտցուի թէ ինչ եղաւ:

Հա՜, հա՜… հանրային ծառայութիւնները նորէն քահրապան կտրեցին, անպիտանները… Կամ ալ, ով գիտէ ուրտեղէն, նորէն ռումբ մը ինկաւ ելեկտրական ցանցին վրայ…

* * *

Ի դէպ, այդ ընդյատակեայ գործողութեան ընթացքին, սրահին ելեկտրականութիւնը կտրելու միջոցը մեզի բացայայտողը՝ Դրօն էր:

Ինքը, իսկապէս, չէր ուզեր որ այդ քայլը առնենք. սակայն չդիմացաւ, քանի որ այդ առիթով եւս կ’ուզէր մեզի ցոյց տալ որ ինք, Ճեմարանին ծա՛կը-ծուկը գիտէ, բոլորէն աւելի լաւ: (Ինչպէս որ ատենը մէկ, պահ մը յանկարծ կ’անհետանար, յետոյ մէջտեղ կ’ելլէր՝ խոշոր զէնք մը ուսին վրայ… Որ անկէ ետք նորէն չէինք տեսներ…)

Նոյն Դրօն, տարիներ ետք, նոյն «Վասպուրական Սրահ»էն մի քանի հարիւր մեթր անդին՝ զարկին: Կռնակէն: Ողնահարէն: Երկու անգամ:

Քանք-Ֆույի վարպետ էր, առասպելական Մասթըր Կարոյին լաւագոյն, բարձրաստիճան աշակերտներէն: Կրակոցին առաջին պայթումը լսելուն պէս – ցաւը, աւելի ուշ զգալի կը դառնայ -, անկիւնի հսկայական աղբակոյտին մէջը նետուեցաւ, որպէսզի աւելի չծակծկեն իր ճկուն մարմինը, չյաջողին մեռցնել զինք: Երկրորդ կապառը սակայն, պառկած տեղը խփեցին: Բայց մնաց ողջ: Ընդմիշտ անդամալոյծ:

Անցնինք…

* * *

ՃԵՄ նուագախումին նախնական թմբկահարը, Րաֆֆին էր (Րաֆֆի «Ա.»-ը, that is, ոչ «Գ.»ն, որ նաեւ խումբին մաս կը կազմէր) :

Թմբկահար որ ըսի, խօսքը դհոլի մասին չէ… Տղան, արդիական հարուածային գործիքներու լման սարքի մը վրայ կը նուագէր, անհերքելի տաղանդով… պէմ-պում, չըչիննկ չըչչինկ չըչիիինկ, պէ՛մ… ուզածի՛դ պէս… երկու հարուածի մէջտեղը՝ փայտիկները մատներուն միջեւ – կամ օդերուն մէջ – դարձնելով… դէմքը միշտ հանդարտ, նայուածքը՝ ուրիշ տեղ… դէպի ներս… ուալլա, Ֆիլ Քոլընզը խալթ կերած էր, իր քովը:

Յետոյ սակայն, զինք փոխեցին…

Շատ սօրրի, բայց ասիկա աւելի «չարութիւն» էր, քան թէ մեր՝ մէկ օր մը, երգչախումբին փորձերուն ժամանակ, ելեկտրականութիւնը կտրելը:

Ինչ որ է, նէ… Իր տեղը դրին՝ Արսէնը: Ան որ հետագային, քսանութ տարիներ անցուց Հայաստանի բանտերուն մէջ: Երանի թէ ան ալ, ՃԵՄի այդ օրերէն ետք, շարունակէր միայն երաժշտութեամբ զբաղուիլ…

Բայց լաւ… Քանի որ Արսէնին նիւթը շատ բարդ է, այստեղ բաներ մը յիշատակեմ վերոյիշեալ Րաֆֆիին մասին:

 * * *

1990-ի կողմերը պէտք է ըլլայ, ողբացեալ քրոջս Ցոլինէին հետ, Նիւ Եօրք գացինք: Կաղանդի օրերուն:

Ասիկա որ լսեց Րաֆֆին, անմիջապէս մեզ գտաւ, ստանձնեց: Պնդեց որ անպայման Կաղանդը իրենց տունը տօնենք:

Օթօյին մէջ նստանք ուրեմն, ես ու Ցոլինէն: Որքան ուրախ, երջանիկ էր, տղան… Խանդավառ, եռանդուն, թաշխալաճի… Գոհ էր իր կեանքէն, իր նորակազմ ընտանիքէն, գործէն, ապրած տեղէն… on top of the world… King of New York !

Օթօն, որ բաւական ֆախֆախալը մօտել մըն էր, Michel Vaillantին պէս կը քշէր կոր: Scanner-ով մը մտիկ ընելով ոստիկանական ներքին հաղորդումներուն, որպէսզի գիտնայ թէ ուր հսկողութիւն կայ, ու այդ մասերը միայն, դանդաղի:

Փուռի մէջ եփած, լման խոզուկ մը ապսպրած էր… Սահուն ու փայլուն մորթը՝ կրճկրճան, որու ճեղքերէն միսերը, կարծես թէ իւղերուն հետ հալած, կը հոսէին դուրս…  Համեմներու ծխացող բուրմունքը արդէն բաւարար էր, կշտանալու համար… Հիմա որ յիշեմ, դեռ բերանս կը ջրոտի…

Բայց բուրմունքովը չգոհացանք, անշուշտ… Կերա՜նք ու կերանք: Նաեւ խմեցինք: Եւ միասնաբար գացինք դէպի մեր միացեալ, համահունչ անցեալը:

Աիւզանին ֆիլմին VHS cassette-ը դրաւ Րաֆֆին, դիտեցինք… Back to Ararat… Որու մէջ դրուագներ կան, ուր ինք կը խօսի… կը վկայէ… կը բացատրէ… Տիկինը՝ Անին, իր կողքին…

Եւ այդպէս, այդ իրիկուն, Փլաս Սէսսինն ու Զոգագ-Ըլ-Պլաթը միացան՝ Նիւ Եօրքի մէջ: Արարատի շուքին տակ: Շուէտիայէն հնչող, հայոց արդի մարտիկներու վաւերագրական կրակոցներով, մարուխեանական շունչով, այդ խուլ շաչիւններու հայրենաբաղձ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

* * *

ՐաՖՖիին կինն ու իրենց փոքրիկ երեխան, հետագային, միասնաբար մահացան: Օդանաւի արկածով: Ան նաեւ կորսնցուց, շատ երիտասարդ տարիքին՝ իր եղբայրներէն մէկը: Ան ալ, օթօյի աքսիտանով:

Երեքուկէս տարի առաջ, երբ որ քոյրս Ցոլինէն, վաղաժամ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, չեմ գիտեր ճիշդ ուր, բայց տեղ մը, իր մահուան լուրին տակ, հանդիպեցայ Րաֆֆիին հակազդեցութեան: Մի քանի բառեր էին, միայն՝ «այս մէկը, իսկապէս վշտագին էր»:

Երբ որ իր կիր, փոքրիկ երեխան եւ երիտասարդ եղբայրը կորսնցուցած անձ մը, տակաւին այդպէս, վիշտ զգաց քրոջս մահուան պատճառով, ասիկա շատ բան կ’ըսէ՝ քրոջս մասին:

Ու նաեւ անշուշտ, Րաֆֆին մասին: Որ, այդքան անասելի կորուստներէ ետք, կարողացած է պահել իր մարդկութիւնը: Տակաւին՝ սիրտ ունի:

Ինչ է, նէ…

Վերադառնանք ՃԵՄի օրերուն:

* * *

Հասաւ ուրեմն համերգին օրը:

Դասարաններէն ելանք, շարք-շարք, գացինք ու բարձրացանք Վասպուրական Սրահ:

Ճամբուն վրայ երբ որ տեսայ վարը կանգնած «զէնքի ընկերներս», ուսով պատին կռթնած, հեգնական ժպիտ մը իրենց դէմքերուն վրայ, շատ գէշ զգացի: Եւ ես ինծի առաքելութիւն մը տուի՝ խանգարել այդ համերգը:

Վտանգաւոր գործողութիւն էր, քանի որ միջոցառումը դպրոցական բնոյթ կը կրէր, ուսուցիչներ ալ ներկայ պիտի ըլլային, եւ իմ վեհագոյն հերոսութիւնը պիտի յանգէր վստահաբար, նորէն ու անգամ մը եւս՝ պատիժի մը:

Բայց վնաս չունի, հետեւանքները կարեւոր չէին: Գաղափարի՛ համար էր որ պիտի կատարէի, ինչ որ պէտք է որ կատարէի: Եւ A man’s gotta do what a man’s gotta do, ինչպէս որ ըսած էր Ճօհն Ուէյնը, Ճ. Ֆօրտի դասական ֆիլմին մէջ:

Ուրեմն, դիրք բռնեցի սրահին մէջ, սպասելով առաջին առիթին որ արուաշէն սկսիմ, պոռամ-կանչեմ, բա՛ն մը ընեմ: Յոյսս ան էր որ, մէյ մը որ սկսիմ ահաբեկչական գործողութիւնս, վարէն տղաքը արդէն անմիջապէս օգնութեան կը հասնէին ինծի… Եւ այդպէսով, ուսուցիչները չէին համարձակեր ընդհատել ազգային էական պարտականութեանս գործադրութիւնը:

ՃԵՄը սկսաւ նուագել: Ես ալ սկսայ… կակուղնալ:

Շատ լաւ կը նուագէին կոր, սրիկաները !

Դեռ փորձեցի դիմադրել, կեդրոնանալ առաքելութեանս վրայ… Բայց կարծես թէ իրենք ալ ատիկա գիտնալով, սկսան երթալէն աւելի լաւ նուագել, աւելի հաճելի բաներ նուագել…

By the time առաջին երգը սկսաւ (“Bluebird”-ն էր (JMC/Wingsինը, ոչ թէ աւելի նոր պարապութիւնները) կամ «Dust in the Wind»), արդէն ի վիճակի չէի որեւէ բան խանգարելու: Իսկ այդ երգէն ետք՝ լման յանձնուեցայ: Անամօթ դաւաճանութեանս համար միտքէս ներողութիւն խնդրելով՝ մարտական ընկերներէս. որոնք մինչ այդ, վարը, իմ նշանիս կը սպասէէն վստահաբար. որպէսզի ձեռնառումբերով, G3ներով եւ RPGներով, ներխուժեն Վասպուրական Սրահ…

Եւ մնացեալ աշակերտներուն հետ, ես ալ ըմբոշխնեցի ու վայելեցի այդ հոյակապ, բացառիկ համերգը:

Իսկապէս սքանչելի բան մըն էր: Նոյնանման սիրողական խումբեր լսած եմ, նոյն ժամանակներուն, նոյն շրջանին մէջ (անգամ մը, AUBի մէջ ատանկ ֆէսթիվալ մը կար), բայց ՃԵՄը իսկապէս իւրայատուկ էր, շատ լաւն էր: Ղէյր շըքըլ:

Ու հասանք վերջին երգին…

Ակամ, ասոնք՝ «The Wall»ի նմոյշով մը պսակեցին միջոցառումը… Անթերի՛ կատարումով… Սինթըսայզըրի խենթենալիք ֆինկեներով, and all…

Հէլիքոփթէրին սոսկալի չում-չում-չում-չումնները որ լսեցինք, ամբողջ սրահը միասնաբար ոտքի ցատկեց… «We don’t need no education» ! ուսուցիչներուն առջեւ, քիթերնուն տակը !! Մենք ալ կը կարծէինք, որ այս նուագիչ-երգիչները ֆուֆուներ են… բուն յեղափոխականները իրե՛նք են, եղեր:

In your face, teachers! Leave us kids alone !!

Ամբողջ սրահը միացաւ երգին: Խենթերու պէս կ’երգէինք կոր, բոլորս: Կարծեմ գոնէ մինչեւ Անթիլիաս լսեցին մեր ձայները, ճիչերը…

ՃԵՄը այնքան վարպետ էր որ, տեսնելով մեր վիճակը, սովորական չափով չկատարեցին երգը…  Ելեկտրական կիթառի անզուգական soloին աւարտէն ետք, հոն ուր կամաց-կամաց երգը պիտի վերջանար, կանգ չառին: Եւ առանց իրարու նայելու իսկ՝ անմիջապէս improvise ըրին, երգին հետ բռնող, տեղւոյն վրայ յօրինուած եղանակով մը շարունակեցին, որմէ ետք, եալլա, ե՛տ սկսան վերջին տունը !

Անմոռանալի բան մըն էր:

Մերսի, ՃԵՄ, որ այդ ահաւոր մութ օրերուն, մեզի այդ մոգական պահը շնորհեցիք:

* * *

Ինչ որ է, համերգը վերջացաւ:

Պէտք է որ մենք ալ վերադառնայինք դասարան:

Ներկայ ուսուցիչները շատ ուրախ չէին, այդ վերջին երգին պատճառով… Խոժոռ դէմքերով, ոմանք նոյնիսկ յօնքերնին կիտած եւ թեւերնին ծալլած, մեզ կը տանէին մեր դաժան բանտախուցերը… Որպէսզի այդտեղ, իրենց վրէժը առնեն…

Մէկ ուսուցիչ մը կար միայն, որ… կը ժպտէր: Ակնյայտօրէն, ուրախ էր:

Պարոն Շահինեանն էր, ան: Գրիգոր Շահինեան: (Յետագային, վերոյիշեալ Արսէնին աներպապան) :

Ան, ոչ միայն կը ժպտէր, այլ դուրս տանող դուռին քովը կանգնած, կ’ուզէր մեզ, մէկ առ մէկ ու բոլորս, իր այդ զուարթ ճպիտովը ճամբու դնել, դէպի՝ դասարան: Ուր, իր պարագային, վստահաբար վրէժի հարց չկար: Երբեք եւ որեւէ ձեւով:

Չընդունելով սակայն իր այդ կեցուածքը, ես փորձեցի «հետը իյնալ»: Խայթոց մը նետել: Փորձել զինք ալ ջղայնացնել:

«Ինչպէ՞ս էր, Պարոն Շահինեան… հաւնեցա՞ք, ամէն բան…»

Աչքերը կայծկլտացին: Նպատակին հասած էր: Վստահ եմ որ հոն կանգնած էր, յատկապէս՝ ինծի համար: Որպէսզի ծուղակը իյնամ:

Ուրեմն, իր այդ աննման ժպիտը քիչ մը աւելի երկարեցաւ – դէպի բերանին մէկ կողմը, միայն -, եւ աչքերուս մէջ նայելով, իր բնորոշ հանդարտութեամբ, ըսաւ՝ «այո, շատ լաւ էր»… պզտիկ դադար մը… ապա աւելցուց, երկու անգամ՝ «ծայրէ ի ծայր, շա՜տ լաւ էր»… «ծայրէ ի ծայր»… յատուկ շեշտ մը դնելով երկրորդ «ծայր»ին վրայ…

Վրաս պաղ ջուր մը թափուեցաւ: Ծուռ դէմքով, վերադարձայ՝ դասարանիս գոց սրճագոյն, կնճռոտած ու կարծր, դաժան նստարանիս վրայ:

Կարելի չէր «յաղթել», այդ մարդուն:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

«Վասպուրական Սրահ», Համազգայինի Նշան Փալանճեան ՃԵմարան, Արեւմտեան Պէյրութ
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք