Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:
Ինքն էր որ կը ղեկավարէր Ադրբեջանին դէմ ՀՀի դատական դիմումները, հետեւեալ նիւթերուն վերաբերեալ՝ պատերազմական ոճիրներ, հայ գերիներու իրաւունքներու խոշտանգում, հայկական հողերու բռնագրաւում [խօսքը Արցախի մասին չէ, այլ ՀՀ-ի տարածքներու], Արցախի բնակիչներու բռնի տեղահանութիւն:
* * *
Քաղաքականութեան մէջ, մարդիկ շատ արագ, ճիշդ կամ սխալ գնահատումով, ամէն բանի մէջ կը տեսնեն՝ showեր: Դատարկ ձեւակերպութիւններ, աժան թատրոն:
Իրականութիւնը այն է որ նիւթի առարկայ դատական գործընթացները, իսկապէս՝ շոու մըն են:
Ի՞ՆՉ գործնական, իրական, շօշափելի արդիւնք կարող են արտադրել այդ խրոխտ «հայցերը»:
Սկզբունքային, տեսական, զգացական գետնի վրայ, այո, կարելի է գտնել իմաստի նմանող բան մը, այդ «հայց»երուն մէջ:
Սակայն այդ իսկ, այդքանը իսկ՝ միայն եթէ՝ ատոնք բոլորը գոհացուցիչ յանգում ունենալ: Այսինքն, արտադրեն՝ թէկուզ միայն թուղթի վրայ իսկ, անհետեւանք յաջողութիւններ: Բարոյակա՛ն յաղթանակներ…
Արդարեւ, այդ դատական գործընթացները կրնան նաեւ յանգիլ՝ Հայութեան դէ՛մ հաստատումներու:
* * *
«Միջազգային Օրէնք» ըսուածը, ողբերգական զաւեշտ մըն է:
Մէկ առմէկ նշելու, երկա՜ր ցանկ մը լուարկելու կարիքը չկայ:
Ամէն մարդ իր մտքին մէջ թող բերէ՝ Աշխարհի տարածքին, անցեալի եւ դեռ ընթացիկ ոճիրներ:
Որոնք գործուած են եւ տակաւին ընթացքի մէջ են՝ քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներու կողմէ, իրենց ծրագրումով, հրահանգներով, գիտակից կատարումով:
Այդ ոճրագործներէն ո՞րմէկը դատուած է, դատապարտուած է, պատժուած է: Ո՞րմէկը պիտի դատուի, դատապարտուի, պատժուի:
Միայն անոնք, որոնք պարտուած են – եւ պիտի պարտուին -, ռազմադաշտի վրայ:
* * *
Բայց մի մտահոգուի՜ք:
Դեռ կան բազմաթիւ փաստաբաններ, որոնք ժրաջան կերպով կը զբաղուին վերոնշեալ եւ նոյնանման դատական գործընթացներով:
Վստահաբար բոլորն ալ սիրայօժար, առանց որեւէ վարձատրութեան…
Ի դէպ, յայտի չէ, թէ վերոյիշեալ իրաւաբանի ինչ պատճառով հրաժարեցաւ:
Եթէ կը վճարուէր իր գործին համար, ապա կ’առաջարկեմ հետեւեալ բացատրութիւնը՝
Խղճի հարց ունեցաւ, որ ողբերգութեան անասելի ցաւը կրող մարդկանց՝ դատարկ յոյսեր կը ներշնչէր: Մինչ ինք, ընթացքում, դրամ կը շահէր:
Յամենայ դէպս, ես այդ պատճառով է որ արդէն, ի սկզբանէ, պիտի մերժէի ստանձնել այդ գործերը:
Այս կացութեան մէջ, կամ՝ զէնքը կ’առնես եւ կը կրակես նշանակալից թիրախին վրայ, կամ ալ՝ տեղդ կը նստիս:
Մնացեալը ոչ միայն ինքզինք խաբել է, այլ մանաւանդ՝ ուրիշները խաբել:
* * *
Մեւնոյն ընդհանուր նիւթին մէջ, որպէսզի աւելի լաւ հասկնաք ըսուածը, որպէս ցայտուն օրինակ մը, այստեղ յիշատակեմ եւ բացատրեմ նաեւ յատուկ նախադէպ մը:
Մի քանի տարիներ առաջ, իրաւաբաններ ձեռք բերին դրական գումարներ, կեանքի ապահովագրութեան Ընկերութիւններէ: Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկութիւններով…
Բոլոր հայկական աղբիւրները, այդ օրինական գործընթացներու յանգումը կը ներկայացնեն որպէս Հայ Դատի յաղթանակ մը: Հայոց Ցեղասպանութեան հոյակապ ճանաչում մը, օրինական գետնի վրայ:
Սակայն… չկայ այդպիսի բան: Բնաւ:
Գումարները գանձուեցան՝ սոյն Ընկերութիւններուն հետ համաձայնութեամբ:
Առանց որեւէ դատավարութեան: Եւ հետեւաբար, առանց որ՝ Ցեղասպանութիւնը հաստատող որեւէ դատավճիռ գոյանար:
Իսկ ահա թէ ինչ գրուած է Assurances AXAի հետ settlementի վերջնական փաստաթուղթին մէջ…՝ « AXA does not take any position or express any view as to the political and/or historical issues concerning the nature of the events in Turkey in and around 1915 and has made the decision to settle purely from a business perspective to settle its obligations under unpaid insurance contracts. »
Ուրեմն, այդ թղթարարին մէջ, ոչ միայն որեւէ դատական հաստատում չկայացաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան վերաբերեալ, այլ եղած-չեղածը այն է որ, ապահովագրական Ընկերութիւնները, առեւտրական նկատառումներով, ընդունեցին միայն, որ… իրենց յաճախորդները մեռած են:
Այս պարագային, դեռ այս մահը իսկ փաստացի չէ՛ անպայման:
Այլ, հիմնուած է այդ օրինական յղացքին վրայ, որ երկար ժամանակ որեւէ կեանքի նշան չյայտնած անձը, կը համարուի օրինապէս մահացած:
Իրականութեան մէջ կրնայ ողջ ըլլալ, բայց երբ որ շատ երկար ժամանակ է ի վեր լման անհետացած, ըստ Օրէնքի, կը համարուի մահացած:
Տուեալ պարագային, տարիքի բերումով, անհնար էր որ տակաւին ողջ ըլլայ policy-horlderը, այո:
Բայց նոյնիսկ այդ պարագային, լրիւ նիւթէ դուրս է՝ մահուան պատճառը:
Հայ Դատի այս փառաւո՜ր իրագործումին մէջ, եթէ դատ-դատավարութիւն տեղի ունենար, փոխանակ՝ դիմումը տնօրինողները անմիջապէս նետուէին առաջարկուած դրամին վրայ, ամենադիւրին օրինական միջոցը պիտի ըլլար, որ դատարան մը Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատէր:
Քանի որ գործընթացը՝ քրէական չէր: Եւ հետեւաբար beyond reasonable doubtի հիման վրայ չէր, փաստելու բեռը:
Բայց ո՜չ… Ով պիտի աշխատի, յոգնի, երկար բարակ դատավարութիւն մղէ: Երբ որ մի քանի հանդիպումներով, իշտէ, աղուոր գումար մը կը ստացուի, մինչ ամէն մարդ կը կարծէ թէ Հայ Ազգը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ի դէպ, մէկ հատ մըն ալ դուք ձեզի ստուեցէք, թէ ո՞ւր գացին այն գումարները, որ փաստաբանները ձեռք բերին, Հայ Դատի այս փառաւո՛ր յաղթանակին մէջ…
Խեղճ Հայութիւն:
* * *
Դեհ լաւ, ուրեմն, ի՞նչ է յոյսը, որ մեր գերիները ազատ արձակուին:
Այս պայմաններուն մէջ, միակ մէկ միջոց կայ:
Պազարլըխ:
Բան մը պէտք է տալ՝ թուրքերուն, որու դիմաց մեր գերիները կը վերադառնան տուն:
Դրամը, բաւարար չէ: Հաւանական է որ Ռուբեն Վարդանյանի ընտանիքը – առաւել իր մեծահարուստ զօրակիցները – փորձեցին այդ: Թէ իրեն համար, եւ թէ միւս գերիներուն:
Ուրեմն, պէտք է տալ յաւելեալ փոխադարձ գինը իրենց ազատութեան:
ՀՀի վրայով թրքական միջանցքը, այս կամ այն ձեւով, անպայման պիտի առնեն թուրքերը:
Գոնէ ուրեմն այդ իրադարձութիւնը թող տեղի ունենայ առանց պատերազմի: Եւ այդ զիջումին որպէս փոխադարձ շնորհում, պէտք է ջանալ ձեռք բերել մեր գերիներուն վերադարձը:
Թէ ոչ, պատերազմով պիտի բանան այդ միջանցքը, եւ ոչ միայն գերիները պիտի մնան ուր որ են, այլ դեռ պիտի ունենանք յաւելեալ զոհեր:
Այդ միջանցքին մէջ շահ ունեցող այլ պետութիւններ ալ կրնան թերեւս մասնակցիլ այս սակարկութեան…
Ուրիշ ճար չկայ: Կամ այս ուղին տեղ կը հասնի, կամ ալ… այս կ’ըլլայ այդ մարդոց – դժոխային – ճակատագիրը, այս աշխարհին մէջ…
Իսկ անոնք որոնք զօրակցեցան ՀՀի այժմու վարչակարգի գոյացումին – եւ վերարտադրումի՛ն -, իրենց խիղճերուն հետ կը հասկցուին, իրենք ալ ցմահ:
Ինչո՞ւ կը կարծէք որ այդ համեստափայլ Տիկինը, Հանրապետութեան Հրապարակի մէջ իր իսկական հացադուլով, ինքնասպանութեան ընթացքի մէջ է…
Որպէս «Ելք» դաշինքի կարկառուն դէմք, նոյն Հրապարակին մէջ է որ ան, 2018ի գարնան, խեղափոխական բեմին վրայ, լայն ժպիտով եւ խոր գոհունակութեամբ, կանգնած էր՝ Փաշինյանին ետեւը:
Գերիներուն համար, մինչեւ ծայր հացադուլ, հա՞…
Դեհ, հիմա՝ կերէ՛ք:
* * *
Դուք ալ՝ կերէք, Հայ Ազգի Պատմութեան այս վերջին ու վերջնական Ղազուխն ալ կերէք, բոլո՜ր մեծաթիւ հայեր – հայաստանցիներ ե՛ւ սփիւռքահայեր – որ, 2018ին, անհուն հրճուանքով դիմաւորեցիք, ծափահարեցիք սոյն Գարունը:
Դանիել Վարուժանը կը յայտնէր՝ Հայ Ազգի Վարդահեղեղ Արշալոյսի մասին:
Բոլորդ սակայն ինքնակամ նետուեցաք՝ Դժոխքի խաւարներուն ծոցը: Երջանկութեան ճիչերով:
Բանաստեղծը այդ Արշալոյսի ոտնաձայնը ջանաց լսել տալ, յատկապէս՝ հայ Մայրերուն:
Այդ մայերը սակայն, 2018ի գարնան, իրենց փոքրիկ երեխաներու սայլակներով՝ իջան փողոց, աւետելու համար գալուստը այն դժոխածին ուժերուն՝ որոնք վերջնական մեխը գամեցին Հայ Ազգի Դագաղին կափարիչին վրայ:
Հիմա գացէ՜ք, եւ դատարաններու մէջ փնտռեցէք Արդարութիւն:
Կախաղանէն արդէն կախուած – ինքզի՛նք կախած -, ձեռքերը կռնակին վրայ կապուած, օդին մէջ օրօրուող թշուառականը, դեռ ի՞նչ գործ ունի դատարանի մէջ…
Մ. Հայդուկ Շամլեան
07 Մարտ 2025
Յ.Գ. Ես ինքս լայնօրէն փաստած եմ որ, իրաւաբանական ոլորտին մէջ, երբ որ կայ՝ շօշափելի արդիւնքի լուրջ հաւանականութիւն, բնաւ չեմ վարանած իմ պարտականութիւն կատարելէ: Իմ նախաձեռնութեամբս, կամաւոր, եւ լրիւ սիրայօժար ու անվճար կերպով (հաւանաբար շատեր կան, որ կը կարծեն թէ դրամ ստացած եմ այդ ազգային գործիս համար) :
Այս դատական յաջողութեան հիման վրայ, երբ որ միւս երկուքին նոյնանման դատերը բացինք, դատական գործընթացները սկսանք եւ հրեցինք, ոչ թէ միայն սկսանք բանակցիլ… -, կառավարութիւնը նախընտրեց յօժարիլ, տեղի տալ: Դատական փաստաթուղթերով:
Այ՛ս էր պահը, երբ վերջապէս օրինական դուռը բացուեցաւ, որպէսզի – յաւելեալ աշխատանքով – կարողանանք զիրենք դուրս հանել բանտէն: