Կրակահերթային յիշատակներ

Ամառ էր: Երեկոյեան, տակաւին լման մութ չէր, Պոլոնիայէն իջանք՝ Անթիլիաս: Աղբալեան Ակումբ:

Պապաս, ես, եւ մեր սիմոնոֆ զէնքը:

Ինը կամ տասը տարեկան էի: Եւ այդ օրը, պիտի կատարէի իմ ամենաառաջին պահակութիւնս (կրաւորական, ամուլ եւ բարեբախտաբար ձանձրացուցիչ այդ պարտականութեամբ, սկսած ու վերջացած է կեանքիս «մարտական» ամբողջ գործունէութիւնը) :

Պապաս ալ, այդ ակումբին մէջ պիտի հանդիպէր Բիւրոյի հետ: Աներեւոյթ եւ ամենակալ «Բ.»ը, անշուշտ միշտ ամէն տեղ է եւ ոչ մէկ տեղ, սակայն երեւի այդ երեկոյ՝ Անթիլիաս էր, այդտեղ ժողով մը կ’ընէր: (Ի դէպ, այն ժամանակներուն, Պապաս շարքային դաշնակցական չէր: Սակայն Լիբանանի մէջ, ի միջի այլ ազգային կառոյցներու, ՀՅԴաշնակցութեան ալ կը մատուցէր իր իրաւաբանական ծառայութիւնները, սիրայօժար ու անվճար կերպով: )

Պապաս նախ զիս հանեց կարճահասակ շէնքին տանիքը, զէնքը ձեռքիս՝ զիս թողեց այդտեղ, եւ ինք իջաւ վարի յարկը:

Ինծի տարեկից, ուրիշ երեխայ մըն ալ կար այդտեղ: Կուսակցական վաստակաւոր ղեկավարի մը զաւակն էր: Ան ալ՝ քալաշնիքով մը, վրայի գօտիէն կախած էր իր վիզէն: Իրմէ մեծ այդ զէնքը գրկելով, խաչաձեւած երկու թեւերուն մէջ:

Պապաս յետագային բացատրեց որ այդ երեխային բռնած այդ զէնքին սանտրը, դատարկ էր: Փամփուշտ չկար, մէջը: Քանի որ, ան իր հետը չէր բերած որեւէ զէնք, եւ ակումբի շէպէպը չեն ուզած իր ձեռքերուն մէջ դնել՝ լեցուն «գոյք» մը:

Պապաս ասիկա գիտցած է, քանի որ նոյն մօտեցումով, ուզած են նաեւ մեր սիմօնոֆին սանտրը պարպել, առաջ որ սկսիմ իմ սոսկալի պահակութիւնս: Սակայն Պապաս յաջողած է իրենց համոզել, որ այդպէս չընեն: Հաւանաբար իրենց նկատել տալով որ, ամէն պարագայի, փամփուշտը՝ կրակուելու պատկան տեղը, չէյմպըրին մէջ, չէի կրնար հասցնել: Անկարող էի զէնքը «չարճ» ընելու: Այդքան ուժ չունէին, գիրուկ սակայն փափուկ, երեխայական մատիկներս:

Բայց այս պատմութեան անգութ մասը այն է որ՝ իրեն, այդ տղուն, ոեւէ մէկը չէր տեղեկացուցած, որ փամփուշտ չկայ, իր այդպէս հպարտօրէն կրած զէնքին մէջ… Որպէսզի ինք կարծէ որ, կայ:

Այս պատճառով է, որ իր անունի պիտի չտամ այստեղ:

Յիսուն տարի ետք, չեմ ուզեր որ հիմա գիտնայ, որ այդպէս էր եղելութիւնը…

* * *

Դեռ հազիւ կէս ժամ մը, այդպէս կեցած էի տանիքին վրայ, երբ որ յայտնեցին թէ՝ ընթրիքի ժամն է:

Անմիջապէս իջայ ուրեմն վարի յարկը, որպէսզի ուտեմ:

Ինծի տարեկից միւս տղուն ալ ըսի որ գայ հետս, ճաշելու:

Բայց ան, շատ լուրջ ու ծանր դէմքով մը, ըսաւ թէ ոչ. իր պահակութեան տեւողութիւնը դեռ չէ աւարտած: Եւ ինք մնաց ուրեմն տանիքին վրայ, օրինակելի ինքնուրացութեամբ՝ պահեց իր դիրքը: Անօթի, ծարաւ, եւ առանց փամփուշտի զէնք մը՝ գիրկին մէջ:

Ես ուալլա, իջա՜յ, բազմեցայ խոշոր սեղաններէն մէկուն ծայրը, եւ լա՜ւ մը կերայ:

Մուճատտարա էր ճաշը: Շա՛տ համով: Հաւանաբար ՀՕՄի Տիկինները պատրաստած ու հայթայթած էին այս առողջ ու համեղ ուտելիքը, խոշոր կաթսաներով:

Շուրջիս տղաքը, պնակս մէկ հատ մըն ալ լեզուցին, խնդալով, երբ որ տեսան թէ որքան արագօրէն զայն պարպեցի: Է՛հ, հապա ի՞նչ… յոգնա՛ծ էի, այդքան պահակութենէ ետք: Երրո՛րդ պնակ մըն ալ պէտք է որ տային, երկրորդն ալ լափելէս ետք:

Հաւանաբար այդ ալ կու տային, սիրով, բայց ժամանակ չմնաց:

Պապաս գործը վերջացուցած էր: Տղոց մերսի ըսաւ, զիս ու սիմոնոֆը առաւ, եւ գացինք՝ Տօրա: Պուրճ-Համուտի եզերքային այդ փողոցը:

Երէցեաններուն փուռին ճիշդ դիմացը, բարձ շէնք մը կայ: Վերջին յարկին վրայ կը բնակէր՝ Տիգրան Շամլեանը, իր ընտանիքով:

Չեմ գիտեր, Պապայիս իսկապէս հօրեղբօրը զաւա՞կն էր, թէ մօտիկ զարմիկ մը, սակայն իրենք իրարու էմմօղլու կը կանչէին: Ինծի համար ալ, Տիգրան Ամմօ էր:

Այժմ անհետացած Սփիւռքի մը որոշ շրջանակներու, ըսենք… «ամենագործունեայ» սերունդին պատկանող մարդ էր: Նուիրեալ, բացառիկ, հմայիչ եւ հրապուրիչ… psychopath մը:  

Իրեն նմանող ամենամօտ տիպարը որ տեսած եմ, առաջին «Տը Կատֆատըր» ֆիլմին մէջի, հուժկու, պարզ, եւ չափազանց վտանգաւոր՝ Լուքա Պրազի-ն է: Բայց անիկա դեռ, գոնէ երեւութապէս, հանդարտ էր: Յայտնի չէր ընէր, ինչ ըլլալը: Պապայիս Տիգրան Էմմողլուն, թէկուզ ինք ալ քիչ կը խօսէր, սակայն միշտ ակնյայտօրէն վայրենի մէկն էր: Միշտ լարուած, կռիւ փնտռող ու տենչացող, ներքնապէս վայրագ ու կատաղի վիճակի մը մէջ էր:

Թախըմի վերի մասը, ժաքէթը կը հագուէր միշտ:

Օր մը պատահմամբ, օղիի սեղանին վրայէն, ինծի հրահանգեց որ երթամ՝ մուտքի դրան կողքին իր կախուած այդ ժաքէթին գրպանէն, սիկարէթները բերեմ:

Գրպանին մէջ, ձեռքս հանդիպեցաւ՝ «ամերիկեան բռունցք»ի մը: Այդ կարծր մետաղէ, լայն ծակերով գործիքը, որոնց մէջ Լուքա Պրազիները կը մտցնեն իրենց մատները, բռունցքով հարուածելէ առաջ մէկու մը դէմքին: Թերեւս պարզապէս որպէսզի իրենց մատները չվնասուին… տարիքի ալ խնդիր կայ… յօդացաւ, arthritis… պէտք է որ մարդ ինքն իրեն խնամք տանի, չէ՞… ճիշդ գործիքներով աշխատի…

 * * *

Տիգրան Ամմօյենց շէնքին վերելակը, յատուկ բանալիով կ’աշխատէր:

Առանց անոր, կարելի չէր բարձրանալ իրենց բնակած, ամենավերի յարկը:

Իսկ այդտեղ հասնելէն ետք ալ, ուրիշ բանալի մը պէտք էր, վերելակին դուռը կարենալ բանալու համար…

Կ’ենթադրեմ որ, յատկապէս յիսունական թուականներու իր ժրաջան գործունէութեամբ, Պուրճ-Համուտի մէջ բաւական ոխերիմ թշնամիներ կուտակած էր, Պապայիս այս հետաքրքրական զարմիկը: Որուն թէկուզ Ամմօ կը կանչէի, սակայն որմէ շատ լրջօրէն կը վախնայի:

Մտանք իրենց խոհանոցը, ուր փոքրիկ սեղան մը կար:

Տիկինը՝ «պոմպար» պատրաստած էր, ընթրիքի համար: Չեմ գիտեր որմէկ ագարակային անասունին աղիքովը կազմուած, յատուկ, իւրայատուկ երշիկ մը:

Աղբալեան Ակումբի հօմուհիներուն մուճատտարան, արդէն մարսած էի: Ուրեմն նոր ախորժակով, յարձակեցայ նաեւ այդ – բացառիկ – ճաշին վրայ:

Սեղանին շուրջն էր նաեւ Տիգրան Ամմօյին մանչ զաւակներէն մէկը, Զարեհը: Որ ուրեմն իմ, չեմ գիտեր ինչ կարգի, զարմիկս էր: Ինձմէ գոնէ տասը տարի աւելի մեծ տարիքի:

Շատ, շատ համակրելի երիտասարդ մըն էր: Աշխոյժ, կրակոտ, ծառայասէր: Միշտ անկեղծ, առանց հաշիւի խօսող:

Այդ պահուն, կանաչ պեթըլ-տրես մը հագուած էր, ռազմական մոյկերով:

Այդ գիշերուայ համար, Զարեհը զիս ստանձնեց, «իր թեւին տակ առաւ»: Որպէսզի մեր հայրերը, Իսքենտերունի քարափէն պոկուած ժայռի կտորներ՝ էմմօղլուները, միասին հանգիստ մնան:

Արդարեւ, երկար գիշեր մը ունէինք դեռ, մեր առջեւը…

* * *

Ուտելէ ետք (ոեւէ մէկը ալքօլ չխմեց), վերելակի երկու բանալիները գործածելով, իջանք շէնքին վարը:

Հիմա այլեւս լման մութ էր, դուրսը: Եւ ամայի:

Կողքին, փոքր եւ նեղ, կարծ անցքի մը ծայրը, շէնքին կից՝ սենեակ մը կար: Անջատ մուտքով, մետաղեայ փոքր դարպասով:

Տիգրան Ամմօն այդտեղ, ինքն իրեն, ակումբի «մասնաճիւղ» մը բացած էր: Լրիւ անպաշտօն տեղ մը, ուր գործօն մարտականները կրնային պահ մը հանգչիլ, երկու տաուրիյյէյի միջեւ: Կամ հոն քնանալ օրուայ ընթացքին, երբ որ գիշերուայ աւարտին, սիրտ չունին տուն երթալու:

Անունը դրած էր՝ «Շամլեան Ակումբ»: Բայց որեւէ տեղ այդպիտի բան չէր գրուած, գոյութիւն չունէր: Այդ սենեակը գործածողներուն մտքերուն մէջ էր միայն, այդ երեւակայական անունը:

Ի դէպ, այդ թաքուն Ակումբը, որպէսզի դուռը բացուի – եւ ոչ թէ ներսէն, դուռին մէջէն կրակելու սկսին ներս մտնել ուզողին վրայ – , նոյնիսկ իր յատուկ փարօլլան ունէր, անցաբառը: Ինչպէս որ իւրաքանչիւր այլ կարեւոր դիրք: Այն գաղտնի բառն էր՝ «արեգակ»: (Ինչո՞ւ արդեօք… Թերեւս, Տիգրան Ամմօյին մտքին մէջ, այդ բառը այնքան արտակարգ եւ արտասովոր էր, որ շատ դժուար էր զայն կռահելը: Վերջապէս՝ «արեւ» բառը կեցած, ո՞րմէկ տարօրինակ, տուեալ իրականութենէն կտրուած քեսթենքելլէն՝ «արեգակ»ը պիտի ունենար, իր pompous բառամթերքին մէջ…)

Մտանք այդտեղ: Անթիլիասէն ելլելնէս սկսեալ, ես այլեւս զէնք չունէի ձեռքս: Զեվզեկութիւնը, վերջացած էր… Հիմա լման գիշեր էր, եւ դեռ շատ բախտաւոր էի որ, շնորհիւ Պապայիս, թոյլ կու տային որ իմ տարիքիս երեխայ մը, գիշերուայ այդ ժամերուն, այդ տեղերը գտնուէր:

«Շամլեան Ակումբ»էն, Զարեհը եւ իր հայրը առին, ինչ որ պէտք էր: Պապաս, այդպիսի բաներու հետ գործ չունէր: Ոչ, այդպիսի պահերու: Ինք, որսորդութեան ժամանակ միայն կը սիրէր զէնք կրել:

Եւ ուրեմն, Զարեհին փոքրիկ, նեղլիկ օթոյով – որուն մէջ, դեռ աւելի հսկայ, վիթխարի դարձաւ՝ Տիգրան Ամմօն -, սկսանք թափառիլ Պուրճ-Համուտի մէջ:

* * *

Տեղէ տեղ կ’երթայինք: Տիգրան Ամմօն կը խօսակցէր դիրքապահներուն հետ, զեկոյցներ կը հաւաքէր, ցուցմունքներ կու տար: Զարեհը անդադար կը ծխէր: Պատուհանը բացած էր սակայն, եւ թոքերուն մէջէն անցնող ծուխը, բերանին ծայրէն եւ գլուխը քիչ մը թեքելով, դէպի դուրս կը փչէր, իմ մանկական առողջութեանս մտածելով:

Ատենը մէկ, բաներ մը կը բացատրէր ինծի: Երբեմն ես իրեն բաներ կը հարցնէի, սիրով կը պատասխանէր:

Նոյն տեսակի երիտասարդները, բոլորը այդպէս չէին: Ընդհանրապէս աւելի լռակեաց եւ թերս, ծուռ կ’ըլլային: Երեխաներու հետ համբերութիւն չունէինք: Մանաւանդ ոչ ինծի պէս երեխաներու… Շատախօս, անկարգ, տեւաբար hyper-actif 

Զարեհը, տարբեր էր: Մարդկային խորունկ ջերմութիւն մը կար, իր մէջ: Միաժամանակ, շարժուձեւերէն եւ խօսելակերպէն կրնայիր հասկնալ, որ ան նաեւ որեւէ բանի… պատրաստ էր:

* * *

Մար-Մըխայէլ տանող ճանապարհային կամուրջին կողքին, սառնարանի շէնքին ետեւի կողմը, օթօյէն իջանք: Մտանք շէնքին մէջ:

Վարի յարկին խորքի, մեծ ու բարձր պատը, լման, բզիկ-բզիկ երեւոյթ մը ունէր: Ծակծկած, կտորներ վրայէն փրցուած եւ գետին ինկած:

Նշանառութեան – կամ  զբաղումի – համար, տղաքը այդտեղ բաւական շատ փամփուշտներ կրակած էին: Բայց ոչ, ուրիշ բան: Քանի որ արիւնի որեւէ հետք չկար, եւ իմ գիտցածովս, մեր տղաքը այդպիսի բաներ չէին ըներ – իրապէս, լուրջ կ’ըսեմ -:

Սառնարանի շէնքին ամենավերի յարկէն, մեծերը սկսան դիտել՝ դիմացը: Լայն տարածք մը, որ մութ էր այդ ուշ պահին, բացի մի քանի ցանցառ լոյսերէ:

Մատներուս վրայ բարձրացած, ես ալ դիտեցի: Զարեհը նկատեց դէմքիս վրայի հարցման նշանները, եւ համբերութեամբ բացատրեց որ ՝ «Քարանթինա»-ն է: Հապճեպ կառուցուածքներէ կազմուած, խեղճ ու կրակ բանակավայր մը, ուր կը բնակէին պաղեստինցի փախստականներ:

(Այդտեղ է որ, հետագային, ջարդ տեղի ունեցաւ: Իսկ այդ դէպքին յաջորդ օրը, յատուկ խումբի մը հետ, հայրս մտած էր այդտեղ: Յաճախ կը յիշէր թէ ինչպէս Ճիփը «կը ցատկռտէր» դիակներուն վրայէն, երբեմն գրեթէ ինքն իր վրայ դառնալու աստիճան: Որովհետեւ անհնար էր այդ արիւնլուայ մարմիններուն վրայէն չանցնիլը, այնքան որ շատ էին, եւ ամէն տեղ, իրարու վրայ դիզուած: Ուրիշ ահացունց տեսարաններ ալ, կը յիշատակէր: Գիւղն էինք, այդ օրերուն: Այդ եղեռնավայրին այցելութենէն ետք, շաբաթներով, ննջասենեակի պատուհանին դուրսի լոյսը մինչեւ առաւօտ վառած կը քնանար, Պապաս…  )

* * *

Տպաւորիչ էր թէ ինչպէս Պուրճ-Համուտը այդ ժամանակ, մինչ օրուայ ընթացքին որքան աշխոյժ էր – ամէն կողմ գացող անցորդներով եւ օթօներով ողողուած, կեանքով յորդող, աղմկոտ, եռանդուն եւ խճողուած -, երբ որ ուշ գիշեր ըլլար, կը դառնալ լրիւ ամայի: Լուռ, մութ, կարծես թէ, ոչ թէ ուրիշ տեղ մըն էինք միայն, այլ ուրիշ մոլորակի մը վրայ…

Ֆիլմերու հիման վրայ, ամենամօտ բաղդատականը որ կրնամ գտնել… Լուսինն է:

Արդարեւ, այդ ժամերուն, Պուրճ-Համուտի մէջ, կարծես թէ՝ Լուսինին վրայ էինք:

Եւ կարծես թէ այս բաղդատականը աւելի հիմնաւորելու համար, այդ գիշերուայ ընթացքին որ կը պատմեմ, ամայի փողոցներուն մէջտեղէն, ատենը մէկ, կ’անցնէին… շատ տարօրինակ ինքնաշարժներ:

Զրահապատ, շարժուն մեքենաներ էին: Մետաղեայ երկու մեծ տուփեր, հաստ, գոց մոխրագոյն, փոքր բաժին մը աւելի մեծի մը վրայ միաձուլուած, ամենատակն ալ՝ անիւներ:

Տեղ-տեղ, ճեղքեր կային վերեւի մետաղէ բաժինին վրայ: Դուրսը դիտելու կամ կարկելու համար, կ’ենթադրեմ:

Չեմ գիտեր եթէ այդ՝ Լուսինին վրայ  թափառող ինքնաշարժները յիշեցնող մեքենաները, ինքնուրոյն կերպով, այդպէս շինուած էին: Հակում ունիմ մտածելու որ, չէ.. Տեղական արտադրութիւն մըն էին:

Կը կարծեմ թէ Պուրճ-Համուտի հնարամիտ, արհեստաւոր վարպետները, սովորական օթօներ առած էին, որոնց վերի մասը հանած էին: Ապա այդ զրահապատ տուփանման բաժինները, այլազան մետաղներով պատրաստած էին, ու զանոնք անգուցած էին օթօյին յատակին եւ անիւներուն վրայ:

Ամէն պարագայի, այդ ինքնաշարժներն կ’երեւնային, մէջտեղ կ’ելլէին միայն ուշ գիշերները: Եւ կը թափառէին, անբնական խաղաղութիւնը կը հսկէին, Պուրճ-Համուտի այդ ժամերուն անճանաչելի դարձած, ամայութեան, լռութեան եւ մութին մատնուած, խորհրդաւոր փողոցներուն մէջ: Ինչպէս որ աստղանաւորդային փոխադրական սարքեր, Հանդարտության Ծովուն տարածքին, Լուսինին վրայ:

* * *

Այս գերիրական մթնոլորտին մէջ, այդ գիշեր նաեւ, գոնէ երկու հատ հետաքրքրական անձնաւորութիւններու հանդիպեցանք:

Սառնարանի շէնքին մէջէն երբ որ վար իջանք, անմիջապէս օթօ չմտանք: Այլ, քիչ մը քալըցինք, մինչեւ մօտակայ, փոքրիկ եկեղեցի մը:

Այդտեղ ալ, գիշերային դիրք մըն էր, մարտականներու հաւաքավայր մը:

Տղաքը հաւաքուած էին անձի մը շուրջ: Սերժ Թովմասեանն էր:

Զինք ճանչցայ, քանի որ Արեւմտեան Պէյրութը մեր թաղամասին մէջ ալ երբեմն զինք տեսած էի: Ճեմարան կու գար, մեր Տնօրէն Պարոն Տասնապետեանին հետ տեսնուելու համար:

Ես ալ յաճախ, կարգապահական պատճառներով, յուսահատած ուսուցիչի մը կողմէ դասարանէն ուղարկուած կ’ըլլայի հոն, պարբերական զափարթաս ստանալու համար, ջղայնութենէն կաս-կարմիր դարձած Պարոն Տասնապետեանէն: Որ այնքան կը պոռար, այդպէս, որ ես իմ կացութիւնս մոռնալով, իսկապէս կը մտահոգուէի միայն իր առողջութեամբ:

Անգամ մըն ալ, երբ որ այդպէս, տասնապետեանական սոսկալի յանդիմանութիւն մը ուտելէս ետք, հերոսաբար կը վերադառնայի դասարան, անցքին մէջ կանգնած էր Սերժ Թովմասեանը: Որ ժպտելով, կարեկցական նայուածք մը տուած էր ինծի: Հարցուցած էի Պապայիս թէ ո՞վ է, այս շատ հազուադէպ անձը, որ ինծի այդպէս եւ այդքան լաւկը հասկնայ, եւ Պապաս ալ ըսած էր, թէ ով է: Այսինքն, մօտաւոր կերպով, բայց անունը տալով:

Ուրեմն այդ գիշեր, Պուրճ-Համուտի այդ անմոռանալի ուղեւորութեանս ընթացքին, սառնարանը շէնքին մօտակայ այդ եկեղեցիին մէջ, Սերժ Թովմասեանի շուրջ հաւաքուած էին, շեպեպը:

Եւ -չեմ այպաներ, եթէ չհաւատաք, սակայն շատ յստակ կերպով կը յիշեմ -, իր խօսքերը… ձեռնառումբի մասին էին:

Սերժ Թովմասեանը, բազկաթոռի մը մէջ, բացատրութիւններ կու տար այդ մասին՝ աչալուրջ կերպով իրեն մտիկ ընող մարտականներուն: Եւ ձեռքին մէջ բռնած էր՝ նռնակ մը: Կ’երդնում, Պապայիս եւ իր Տիգրան էմմօղլույին գերեզմաններուն վրայ:

Դեռ աւելին ալ, շատ լաւ կը յիշեմ… Բայց պիտի չպատմեմ այստեղ… Ես, իմ սահմաններս ունիմ:

 * * *

Այդ գիշերուայ երկրորդ հետաքրրաքան հանդիպումը, Աբօ Աշճեանին հետ էր:

Տեղէ մը կ’անցնէինք մեր օթօյին մէջ, դիզուած աւազէ տոպրակներու մօտ, Պապաս նշմարեց զինք, եւ խնդրեց Զարեհէն որ օթօն կանգնեցնէ:

Ես ու Պապաս միայն իջանք օթօյէն : Առանց յատուկ պատճառի, այդ պահերուն, պաշտօնի վրայ եղող անձերը չէին ըներ այդպիսի աւելորդ բաներ:

Պապաս հետը ձեռնուեցաւ, բաներ մըն ալ խօսեցան: Դժբախտաբար, իր դէմքը լաւ չեմ յիշեր: Կը յիշեմ միայն որ ինք ալ այդ պահուն պեթըլ տրէս հագուած էր: Եւ տարօրինակ գլխարկ մը դրած էր: Boerներու գլխարկի պէս բան մը:

 * * *

Եւ այդպէս, մինչեւ առաւօտեան ժամը երեքը կողմերը, թափառեցանք ռազմական գօտիի վերածուած, գիշերային Պուրճ-Համուտի մէջ:

Տիգրան Ամմօյենց յարկաբաժինը երբ որ վերադարձանք, Զարեհը ինծի աչք ըրաւ, որ իրեն հետեւիմ: Եւ բարձրացանք.. տանիք!

Ինք, այդտեղ կը բնակէր: Խուցի մը մէջ:

Ուզեց որ այդ տանիքէն դիտեմ ամբողջ Պուրճ-Համուտը: Աչքերս արդէն սկսած էին քունէն ինքնաբերաբար գոցուիլ, բայց դիտեցի:

Յետոյ Պապաս եկաւ, որ զիս տանի: Ճամբայ չելած դէպի Պոլոնիա, ըստ կանոնի, պէտք է որ մէկ հատ փիփի մը ընէի: Թէ ոչ, տասը վայրկեան ճամբայէ ետք, պիտի ըսէի որ ատոր հրատապ կարիքը ունիմ

Այդ առիթով, Զարեհը առաջարկեց որ վերջին, կարեւոր բան մը ալ սորվեցնէ ինծի: Որպէս տղամարդու դաստիարակութեան էական մարզում մը՝ դուրսը միզել:

Եւ ուրեմն, բացատրեց որ պէտք է նախ ստուգենք թէ որ կողմէն կը փչէ հովը: Քլինէքս մը բռնելով օդին մէջ:

Ապա կանգնեցանք քով-քովի, բայց ամէն մէկս՝ թեթեւօրէն դէպի իրարու հակառակ կողմը թեքուած – տարրական ամօթխածութեան նկատառումներով -, եւ մեր «պզտիկ գործը» կատարեցինք: Նշան առնելով՝ տանիքին ծայրը, ծակի մը, ուրկէ անձրեւի ջուրը կը հոսի կ’երթայ:

Պապաս մէկդի կեցած էր, սպասելով որ այս կարեւոր արարողութիւնը վերջանայ:

Սակայն խնդալով, Զարեհին յիշեցուց – եւ ինծի սորվեցուց – որ այդ գործողութիւնը կը կատարեն, որսորդութեան ժամանակ: Բազմաթիւ որսորդներով, այդպէս շարուած: Եւ զայն կը կոչեն՝ «միաբերան» տուրք տալ բնութեան:

 * * *

Պահն էր, մեկնելու: Զարեհը վերջին սիկարէթ մը վառեց: Ինքը եւ Պապաս յանկարծ շատ լրջացան: Բաներ մը խօսեցան, որ լաւ չլսեցի կամ չհասկցայ:

Կը յիշեմ միայն, մեկնելու ամենավերջին  երկվայրկեաններուն, Զարեհին հետեւեալ խօսքերը՝ «էհ… այս ամէնուն գինը՝ օր մի պիտի վճարեմ… բայց չեմ գիտեմ երբ, եւ ինչպէս… »: Պապաս, միայն գլուխը շարժեց:

Զարեհը չուզեց գրկել, այլ՝ ձեռքը երկարեց որ սեղմեմ: Եւ շատ ամուր սեղմեց: Որպէսզի այդ մէկն ալ, սորվիմ: Եւ մանաւանդ այդ գիշերէն ետք, կամ՝ բնաւ չսեղմեմ, կամ ալ՝ ամուր սեղմեմ, տղամարդու ձեռքը:

 * * *

Դէպի Պոլոնիա բարձրանալու ընթացքին, ես, մեր գոց կապոյտ Տօճ Քորոնէթին ետեւի նստարանին վրայ տեղաւորուեցայ: Արդէն կէս-քնացած:

Պապաս սակայն, սիմոնոֆը ոտքերուս մէջտեղը դրաւ: Կոթը՝ գետին, փողը ցցուած դէպի օթոյին տանիքը: Որ այյա, մինչեւ տուն հասնինք, ես իր թիկնապահն եմ…

Տեղ մը – հետագային Լիբանանի նախագահ դարձած Լահուտի վիլլային մօտերը -, Փաղանգաւորները ճանապարհային պատնէշ մը հաստատած էին: Այդ շատ ուշ պահուն անցնողդ, ցանցառ օթօներու ստուգում կը կատարէին:

Տօճ Քորոնէթնիս կանգնեցուցին: Պապայիս բացատրութիւնները մտիկ ըրին, որ իշտէ՝ Անթիլիասի Աղբալեան Ակումն էինք, ապա,Պուրճ-Համուտի ակումբներէն անցանք, հիմա ալ մեր ամառնային տունը կը վերադառնանք:

Մարդիկը, որեւէ խնդիր չունէին այդ ամէնուն հետ: Բայց չէին գիտեր թէ ճիշդ ինչ ընեն, տեսնելով Օթոյին ետեւի նստարանին վրայի երեխան, որուն գիրկը՝ սիմոնոֆ մը կար:

Ուրեմն գացին, յատուկ անձ մը կանչեցին:

Այդ պահուն, մէկէն արթնցայ, քանի որ շատ անսովոր բան էր տեսածս:

Անձը, դիմակ դրած էր: Սեւ դիմակ մը: Բայց ոչ այն տեսակէն, որ դէմքին վրայ կ’անցնի, դէմքին կը փակի: Այլ՝ երեսին առջեւը կախուած, վարագոյրի պէս, քառակուսի շղարշ մը: Ճակատին շուրջ կապուած, փոքր, սեւ վարագոյր մը: Աչքերուն, քիթին եւ բերանին առջեւ՝ հազիւ երեւցող ճեղքերով:

Ան ալ, մտիկ ըրաւ Պապայիս: Ապա, իր հետ խօսեցաւ… հայերէնո՛վ:

«Շատ լաւ, Մեթր Շամլեան…», ըսաւ, «բարով վերադառնաք տուն»:

Ապա աւելցուց՝ «ես ալ հայ եմ… ես ալ դաշնակցական եմ»:

Եւ յարգալից նշան մը ըրաւ, որ շարունակենք մեր ճամբան:

Կէս-քունիս մէջէն, զգացի որ անկէ ետք մինչեւ տուն, մտազբաղ էր, Պապաս…

* * *

 Այդ գիշերէն ետք, մէյ մըն ալ չտեսայ, Զարեհը:

Ժամանակ մը ետք միայն, կիրակի օր մը, Զոքաք-Էլ-Պլաթի մեր տան մէջ ուր հիւրեր ալ կային, մէկէն հեռաձայնը հնչեց:

Պապաս ընկալուչը վերցուց, մտիկ ըրաւ, եւ անմիջապէս սուրաց դէպի դուռը:

Ուր կ’երթաս, ի՞նչ կայ հարցուց Մամաս:

«Զարեհը զարկեր են», ըսաւ միայն Պապաս, եւ գնաց տեսնելու թէ ինչ է կացութիւնը:

Երբեք չգիտցայ թէ ինչու սպաննած էին Զարեհը: Անկենդան մարմինը գտած էին Հհամրայի քովնտի փողոցի մը մէջ: Իր օթոյին մէջ, վարորդի նստարանին վրայ:

Ամենայն հաւանականութեամբ, ուրիշ տեղ սպանած էին զինք, ապա տեղաւորած օթօյին մէջ:

Մարմնին եւ ձեռքերուն վրայ նշաններ կային, որոնք կը փաստէին որ բաւական դիմադրած էր, կռուած էր, մեռնելէն առաջ:

Մէկ մանրամասնութիւն մը կայ սակայն, որ զիս շատ տպաւորեց, երբ որ պատահաբար զայն լսեցի, պզտիկ տարիքիս:

Արիւնին հետ, ուղեղային հեղուկներ ալ հոսած էին քիթէն, շապիկին վրայ, օթոյին մէջ իր այն նստած տեղը: Ուրեմն, գլուխէն կրակած էին:

Տիգրան Ամմօն, անկէ ետք, ուրուական մը դարձաւ:

Այս աշխարհէն իր մեկնելէն առաջ, շատ առաջ, այդ կիրակի օրէն սկսեալ, ան արդէն՝ մեռած էր:

Հայդուկ Շամլեան

03 Դեկտեմբեր 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Միշտ Պատրաստ !!

« Il faut cultiver notre  jardin » – Voltaire

* * *

Հետեւեալ առաքելութեան առնչութեամբ՝ https://www.facebook.com/AramManoukianJampar/ ;; https://www.facebook.com/AramManoukianJampar/videos/281197859159948 (video)

. Քանատայէն Հայաստան օդանաւային մեզի յարմարող թռիչքները, ամէն մէկ ճամբորդի իրաւունք կու տային՝ 1 ճամպրուկ տանելու իր հետ:

Յաւելեալ, երկրորդ ճամպրուկը՝ 100 տօլար էր: Անկէ ետք, երրորդը՝ 300 տօլար էր…

Անշուշտ ճամպրուկները ենթարկուած էին նաեւ ծանրութեան – ցած եւ խիստ – սահմանափակումի: Թէ ոչ՝ ատոր համար ալ, յաւելեալ խոշոր վճարում պիտի կատարես: Այտան բառացիօրէն գիշեր կը լուսցնէր, մեր տան կշիռքին առջեւ՝ ճամպրուկները մի քանի անգամ կշռելով, մէջի ապրանքները հանել-դնել-հանել-դնելով, մինչեւ որ ամէն մէկուն ծանրութիւնը յարմարէր արտօնուած կշիռին:

Շուշիի մէջ մեր վերոյիշեալ մանկա-պատանեկան Ճամբարին հարկաւոր ապրանքները փոխադրելու համար, հաշուի առնելով նոյնիսկ տեղւոյն վրայ կատարած մեր գնումները, մենք չորսս միասին՝ գոնէ քսան ճամպրուկներ պէտք է որ տանէինք մեր հետը – բոլորը, լեցուած Ճամբարի ապրանքներով… մէկ ամսուայ համար մեր հագուստները, տարրական իրերը, ձեռքի փոքր պայուսակներով կը փոխադրէինք – :

Ուրեմն, այդ յաւելեալ երկրորդ ճամպրուկի իրաւունք ալ կը գնէինք, ամէն մէկուս մէկ հատ, յաւելեալ 400 տօլար վճարելով: Սակայն եթէ երրորդ մըն ալ գնէինք, պիտի վճարէինք դեռ յաւելեալ 1200 տօլար:

Տարի մը, «Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միություն» (ՀՄԸՄ), մեր քաղաքէն, մեծաթիւ խումբ մը կը տանէր Երեւան:

Դիմեցինք իրենց հետեւեալ առաջարկով՝

(նայեցէք նամակին թուականին… այդ ալ, դիտումնաւոր էր… որ, թերեւս կը ներշնչուին… )

From: Haytoug and_or Ayda <haytougandaida@hotmail.com>
Sent: May 28, 2018 8:36 PM
To: mtlscouts.committee@gmail.com; homenetmenregionalscoutsco@gmail.com
Subject: Shoushi 2018 / Homenetmen

cf. namag, gtsyal

Մերժեցին:

Նոյնիսկ, ո՛րեւէ պատասխան չստացանք: Այսինքն, մերժեցին՝ լրիւ անտեսելով: Ոչ իսկ բացատրութիւն մը, թէ խի՞ են մերժում:

Անձնական նուաստացում մըն ալ կուլ տալով – ի սէր Շուշիի երեխաներուն -, բերանացի, դէմ առ դէմ ֆալօ-ափ մըն ալ փորձեցի:

Դիմացինս կտրականապէս նիւթը փոխեց – ջղայնացած կերպով… որ, այյա, մեզի ինչո՞ւ կը խանգարես կոր, քու հարցերովդ… – :

Բարձրացի՜ր, բարձրացո՜ւր…

Ի դէպ, այդ տարին – կ’ենթադրեմ որ Փաշինյանի թարմ դո՛ւխէն վարակուած – մօտ 200 ճամբորդներ կային, ՀՄԸՄի այդ խումբին մէջ: Որոնք ուրեմն 200 հատ յաւելեալ ճամպրուկներ կրնային տանիլ իրենց հետ, լրիւ անվճար:

Այսինքն, մեր Ճամբարին մի քանի ճամպրուկներէն զատ, կրնային նաեւ մի քանի հատ ալ լեցնել իրենց նուէրներով՝ Շուշիի երեխաներուն: Զորս, եթէ իրենք ժամանակ չունէին, մենք տեղ կը հասցնէինք – Երեւան-Շուշի փոխադրութեդան ծախսը, մենք հոգալով –  ու կը բաշխէինք, մեծ սիրով, ՀՄԸՄի՛ անունով:

Բայց ահա… այդ օդանաւը Երեւան իջաւ, 200 դատարկ մնացած, տրամադրելի եւ ձրի տեղերով, soute à bagagesին մէջ…

Խորհրդանշական, բնորոշ դատարկութեան նուէր՝ Արցախին:

Այլ անիմաստ է խօսիլը այն մասին, որ այդ 200 ճամբորդներէն մի քանի հատը կրնային թերեւս այցելել Շուշին: Եւ քանի որ ժամանակ չունին կամաւոր աշխատանք կատարելու այդտեղ, գոնէ իրենք իրենց ձեռքերովը, տարազնին հագուած եւ փողկապնին կապած, իրենք ուղղակի բաշխէին իրենց այդ նուէրները, Արցախի իրենց տարեկիցներուն:

Բայց, չէ: Ոչ մէկ բան:

* * *

Իսկ երանի թէ այս տեսակի վարքագիծը, վերաբերէր միայն՝ ՀՄԸՄին…

Համակարգային էր այս դրութիւնը, գաղութի բոլոր Միութիւններուն պարագային:

Պատահական, տարրական աջակցութիւն մը – եւ հպանցիկ այցելութիւն՝ Շուշի – ստացած ենք միայն ՀՅԴ Պատանեկան Միութենէն, եւ այդ ալ՝ շնորհիւ այն իրողութեան որ խումբին ղեկավարը, անձնական մտերիմ ընկեր էր: Տասնըհինգ տարուայ մէջ, երեք անգամ տեղի ունեցաւ այդպիսի բան:

While I’m at it, տարի մը, մեր Ճամբարի ընթացքին, ՀՅԴ մեր քաղաքին ու երկրին, Գանատայի Երիտասարդանան Միութեան անդամներու խումբ մը, եկան Շուշի: Այդտեղ մնացին երկու օր: Գիշերեցին – խրախճանեցին – ՝ Ավան Շուշի Փլազա հիւրանոցին մէջ: Որ կը գտնուէր մեր ճամբարի վայրէն՝ վեց արիւր մեթր անդին: Իրենցէ ոչ մէկը եկաւ, ոչ թէ մի քանի ժամ ձերք մը տալու, բայց ոչ իսկ հէլօ մը ըսելու մեզի… Երեւի մենք, իրենց հակառակորդներն էինք այդտեղ:

Հա, կեցիր, նոյն նիւթին առնչութեամբ, Արցախի մէջ միակ եւ միմիակ պետական գործիչը որ, տասնըհինգ տարինրեի ընթացքում, կասկածներ արտայայտած է մեր մասին – որ, հմմմ, սրանց խի՞ են այստեղ գալիս, Քանատայից -, ՀՅԴի տեղացի անդամ մըն է… Այն անձը, որ պահ մը նախագահ եղաւ, Արթուր Մկրտչյանի մահէն ետք:

Մարդը ըսեր է՝ «with friends like that, who need enemies?»

Մ. Հայդուկ Շամլեան

06 Հոկտեմբեր 2023

[Նօթ՝ ներքեւի արխիւային նկարին տակը, Յ.Գ. մը կայ]

Եղբայր վաչէ (յետագային ՀՄԸՄի խմբապետ), եղբայր Հայդուկ (յետագային ՀՄԸՄէն դուրս շպրտուած)
եւ քոյր Ցոլինէ (2019ին այս աշխարհէն մեկնած)

Յ.Գ. Տարուայ ընթացքին, կը ջանայինք ճամպրուկներ ուղարկել Երեւան գացող անձերու հետ: Այդ մէկն ալ տեղի ունեցաւ երեք անգամ միայն: Երեք ճամպրուկ, երեք տարբեր տարիներու: Մօտիկ, անձնական ծանօթներու հետ:

Մինչդեռ ամէն տարի, այս կամ այն Միութենէն բազմաթիւ անձեր, տարին բազմաթիւ անգամներ, կը «գործուղուէին» Երեւան: Ժողով, մողով: Անոնց տասը տոկոսը, եթէ մէկ անգամ, մէկ հատիկ Ճամպրուկ մը միայն իր հետը տանէր – օդակայանէն իսկ՝ յանձնէր մեր կողմէ այդտեղ զիրենք դիմաւորող անձի մը -, որպէսզի մենք ալ յետոյ այդ ապրանքը հասցնէինք Շուշի, մեր տարած տասնեակներով ճամպրուկներուն եւ պայուսակներուն հետ, երեւի քիչ մը աւելի կը կարողանայինք բան մը ընել, Արցախի համար:

Մէկ օրինակ մը տալու համար, միայն – որպէսզի լման մեղքը չփաթթուի միայն ՀՄԸՄի վիզին -՝

Շուշիի մէջ, ՀՕՄի – փոքրիկ -, մանկարպատէզը լման երկու ամսի կը փակուէր, որպէս ամառուայ արձակուրդ: Այդ երկու ամիսները երբ աշխատող ծնողները ամենաշատ կարիքը ունէին այդ մանկապարտէզին… Կարելի է կռահել որ իրենց այդ արձակուրդի ընթացքին, աշխատակազմի անդամները կը ստանային իրենց աշխատավարձը, ՀՕՄի Սփիւռքից հաւաքած փողերով:

Այդ ժամանակամիջոցին, մենք կը զբաղուէինք Շուշիի եւ անոր շրջակայքի հարիւրաւոր երեխաներով:

Այսինքն, «մրցակցութիւն» չկար, ՀՕՄի եւ մեր Ճամբարին միջեւ:

Հա, հա… մրցակցութիւն… Շուշիի մէջ… Ըսելու ձեւ չէ գրածս, ափսոս, վստահաբար այդ մտայնութեամբ հօմուհիներ կային: [Իսկ փաստացի կերպով, այդ էր` ԳԵՄի դիրքորոշումը եւ վարքագիծը, մեր կազմակերպած Ճամբարին նկատմամբ. այդ ալ ուրիշ առիթով կը բացայայտեմ. vous ne perdez rien pour attendre… ]

Սակայն 15 տարիների ընթացքին, ՀՕՄից որեւէ մէկը մեր Ճամբարին համար մէկ հատ ճամպրուկ չտարաւ մինչեւ Երեւան: Մեր լեցուցած, մեր ճամպրուկը, Շուշիի երեխաներուն համար: Զորս Երեւանէն Շուշի, մենք պիտի տանէինք: Եւ պիտի յայտնէինք որ ՀՕՄը մեզի օգնեց, այդ առումով, ե շնորհակալութիւն:

քաղաքականութեան հետ հէչ կապ չունի. պարզապէս տարրական ճշմարտութիւններու հետ. եւ որպէսզի վերջ դնենք նաեւ Սփիւռքի վերաբերող պատրանքներուն. որոնց պատճառով է նաեւ, որ հասանք այս վիճակին.

հհ կառավարութիւնը «իմ պարտէզս» չէ… ամէն մարդ նախ իր պարտէզին խոտերովը թող զբաղուի… առաւել, հհ կառավարութեան ուղղուած «պահանջատիրութենէն» պիտի չօգտուին Սփիւռքի միութիւնները, որպէսզի շարունակեն ծածկել իրենց թերացումները, սայթաքումները. ուրիշ աշխարհի մը մէջ ենք հիմա, Հրայր. կ’ուզես մնալ նախկինին մէջ, դուն գիտես, եթէ այդպէսով աւելի հանդուրժելի կը դառնայ քեզի համար այժմու վիճակին անասելի ցաւը. ինծի համար, ատիկա ապաստան չէ, ոչ այլեւս…

Շուշիի մէջ, ՀՕՄի – փոքրիկ -, մանկապարտէզը, լման երկու ամիս կը փակուէր: Ամառը: Որպէս ամառուայ արձակուրդ: Ուրեմն այն երկու ամիսները երբ աշխատող ծնողները ամենաշատ կարիքը ունէին այդ մանկապարտէզին, քանի որ դպրոցները փակ էին, եւ պէտք է որ մէկը պահէր իրենց երեխաները, որպէսզի իրենք կարենան երկու ղուրուշ շահիլ աշխտելով:

Կարելի է կռահել որ իրենց այդ արձակուրդի ընթացքին, այդ մանկապարտէզի աշխատակազմի անդամները կը շարունակէին ստանային իրենց աշխատավարձը: ՀՕՄի Սփիւռքից հաւաքած փողերով:

Այդ ժամանակամիջոցին, մենք կը զբաղուէինք Շուշիի եւ անոր շրջակայքի հարիւրաւոր երեխաներով:

Այսինքն, «մրցակցութիւն» չկար, ՀՕՄի եւ մեր Ճամբարին միջեւ: Շուշիի մէջ… Ըսելու ձեւ չէ գրածս, ափսոս, վստահաբար այդ մտայնութեամբ հօմուհիներ կային:

Սակայն 15 տարիների ընթացքին, մինչ ՀՕՄի անդամներէն ալ շատեր տեւաբար կ’երթային եւ կու գային Հայաստան – անոնցմէ գոնէ ոմանք, Սփիւռքի մէջ հաւաքուած փողերով -, սոյն ՀՕՄից որեւէ մէկը մեր Ճամբարին համար մէկ հատիկ իսկ ճամպրուկ չբարեհաճեցաւ, մինչեւ Երեւան միայն:

Մեր լեցուցած, մեր ճամպրուկը, Շուշիի երեխաներուն համար: Զորս Երեւանէն Շուշի, մենք պիտի տանէինք: Եւ անպայման պիտի յայտնէինք ու տարածէինք որ ՀՕՄը մեզի օգնեց այդ առումով, եւ իսկապէս շնորհակալութիւն:

* * *

Այն ուղղամիտ եւ հոյակապ Հօմուհիները որոնք կը կարդան այս բացայայտումներս, կը խնդրեմ եւ կ’աղաչեմ որ դուք՝ ձայն չհանէ՛ք: I mean it, please: Քանի որ դուք դեռ կրնաք օգտակար բաներ իրականացնել, այդ Միութեան ընդմէջէն: Անհուն համբերութիւն կը մաղթեմ միայն ձեզի:

Ի դէպ, Ցեղասպանութեան որբ՝ Մեծաս (մամայիս մաման), ԼՕԽի ամենաժրաջան ռահվիրաներէն մէկն էր… Մէկ հատ մը կուկըլեցէք՝ « ԼՕԽ-Բերկրուհի Առաքելեան »

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք