Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

Իբրեւ թէ «յեղափոխական»ներ

Անձ մը, Նիւ Եօրքէն, բաներ մը գրեր է՝ ՀՅԴի յառաջիկայ Ընդհանուր Ժողովին մասին:

Յօդուածին հանդիպեցայ, ՀՀ Մամուլին մէջ:

Ըսի որ, ուալլա, կարդամ նայիմ: Թերեւս բան մը կը սորվիմ: Կարեւոր բանի մը կը տեղեկանամ:

Հիմա որ I’m out of the loop, բանիմաց մէկը կրնայ թերեւս զիս լուսաբանել:

Բայց… չէ…

Չեղաւ:

* * *

Հոս է, նիւթի առարկայ յօդուածին հետեւեալ պարբերութեան մէջ, որ հեղինակը ինքն իր գրածը ոչնչացուցած է:

Մէջը ք**նա՛ծ, ձգած է:

Հենա, ըստեղ (եւ ինչ լաւ է որ երկա՜ր յօդուածին վերերն էր. գոնէ ազատեցայ մնացեալը կարդալէն) ՝

« Զանց առնելով` ըմբոստության պատճառով կատարված իշխանափոխության եւ հետագայում կատարված քաղաքական իրադարձությունները (44օրյա պատերազմ եւ պարտություն, Արցախի հայաթափում եւ այլն), այդ ըմբոստությանը զորակցողների գլխավոր մտասեւեռումը եւ հեռանկարը Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային կյանքի բարելավումն էր։ Բոլորս էլ իրազեկ ենք, թե Հայաստանում ինչ աստիճանի էր հասել փտածությունը, կաշառակերությունը, թալանը եւ նմանօրինակ հոռի երեւույթներ։ Հետեւանքը շարունակվող արտագաղթն էր, որն ուժաքամ էր անում երկիրը, չզարգացող տնտեսությունն էր, որի հետեւանքով չունեինք հզոր բանակ եւ այլն։ Ժողովրդային այս ընդվզման ալիքում կուսակցականներից շատ-շատերը հույսի նշույլ տեսան` երկիրը վերջնական կործանումից փրկելու։ Ժողովրդային այս ընդվզումը պետք է խթան հանդիսանար Դաշնակցության ղեկավարության ինքնասրբագրման եւ կուսակցությունը ճիշտ ուղու վրա վերադարձնելու համար։ Բայց Դաշնակցության ղեկավարությունը համառորեն շարունակեց Հայաստանի իշխանություններին հավատարմության իր կործանիչ քաղաքականությունը։ »

* * *

Ի՞նչ…

Say what ?!?!

Այդտեղ է որ վերոնշեալ յօդուածին հեղինակը կորսնցուց իր տարրական credibility-ին: Գոյնը դուրս տուաւ:

Եւ յօդուածը կորսնցուց իր լրջութիւնը:

Այս բաժինէն ետք ուրեմն, դադրեցայ զայն կարդալէ:

Բայց որպէսզի լման պարապի չերթայ այն ժամանակը որ վատնեցի այդքանը իսկ կարդալով, մէկ հատ մըն ալ՝ արձագանգեմ:

* * *

«Զանց առնելով», այդ ամէնը ?!?!

Փոխանակ mea culpa ընելու, խոստովանելու եւ Աստուծմէ ծնկաչոք ներողութիւն աղերսելու (ես, չե՛մ ներեր), որ՝ ամենաապուշ ու յիմարագոյն, թեթեւսոլիկ, անպատասխանատու եւ… ոճրագործակա՛ն, խորտակիչ, ազգակործան, մասսայական մարդասպանութեա՛ն տանող դիրքորոշում մըն էր այդ, ՓԱՍՏՕՐէն, ի միջի այլոց՝ «այլախոհ» դաշնակցականներու կողմէ:

Ծափահարեցիք՝ արդէն թերաճ պետութեան մը դէմ կատարուող պետական յեղաշրջում մը, որուն որպէս հետեւանք՝ կորսնցուցինք Արցախը եւ հազարաւոր կեանքեր, թուրքերը ռազմական ներխուժում կատարած են՝ ուղղակի ՀՀի տարածք, եւ դեռ գալիք շատ աղէտներ տեղի պիտի ունենան…

Եւ հիմա դեռ… կ’այպանէք կոր!, որ համայն Դաշնակցութիւնը չզօրակցեցաւ՝ 21րդ Դարու Հայոց Աղէտին դրդապատճառը հանդիսացող, այդ խելագար գործընթացին ?!?!

* * *

Գոնէ այդ մասին որեւէ բան չըսէիր, օղլում ! Քանի որ, երեւի արդէն շատ ուրիշ աներ ունիս ըսելիք…

Այս նիւթը գոնէ, փորձէիր մոռցնել տալ մնացեալներուս… Որ, 2018ի այդ դժոխային օրերուն, լայնատարած հոսանքներու դէմ, կը ջանայինք բան մը բացատրել, խե՛լք հասկցնել, մեր շրջապատին… ի զո՜ւր…

Բայց քաջութիւնը չունիք:

Մարդկային ուժը չունիք, դուք ձեզի՛ անգամ ընդունելու համար ձեր այդ զրահուրելի սխալը: Մե՛ղքը:

Նկատի ունենալով ատոր անասելի հետեւանքները, չէք կրնար դիմանալ ձեր խղճի ցաւին: Տեսնել ձեր ձեռքերուն վրայի արիւնը:

Եւ ուրեմն, կը փորձէք դեռ՝ ձեր եղեռնական վարքագիծը «արդարացնել»…

Չէք կրնար հանդուրժել այն իրականութիւնը որ դուք, է՛շաբար, այդքան խանդավառուեցաք փողոցային երեխայական իրարանցումով մը, որ մեզ հասցուց՝ այստեղ: Այս ծխացող աւերաներուն վրայ, այս անյատակ խաւարներուն մէջ, ուր դեռ մոխիրները թաց են՝ մեր երեխաներու արիւնով:

«Յոյս տեսաք», հը՞:

Արա քո էդ յոյսը, ես քո մէկ տե՛ղը…

Այդ աստիճան յուսահատած էիք, որ որոշեցիք անձնասպան ըլլալ ?! Կամ աւելի ճիշդ, ուրիշներուն կեանքերովը խաղալ…

Խի՞, այդքան շա՜տ աշխատած էիք արդէն, որ մէկէն՝ յոգնեցաք, եւ ըսիք, եալլա պապամ, կը բաւէ այլեւս, ամէ՛ն բան կը քանդենք կոր:

Եւ այդ նուազագոյնը, այդ քի՛չը իսկ որ կար, որ հազիւ, քիչ թէ շատ գոյացած էր, այդքանն ալ՝ եղածին պէս խորտակեցիք, կոտրեցիք, անէացուցիք: Երգելով ու պարելով, երջանկութեան արցունքներով (եասսու, Մանուել…), արգանդախախտ ճիչերով:

Յաղթանա՜՜կ, գոռալով…

* * *

Բայց… ամէն պարագայի… վերեւի մէջբերումը սխալ է, ըստ էութեան: Ըստ խորքի եւ բովանդակութեան:

Եւ ուղղակի, ակնյայտօրէ՛ն՝ սխալ է:

Արդարեւ, այդ օրերուն իսկ եւ դեռ անկէ ետք ամիսներ շարունակ, ՀՅԴի ղեկավարութիւնը տեղի տուաւ իր ներքին, դուխո՛վ հոսանքին:

Եւ ուրեմն կատարեց ինչ որ դուք ուզեցիք, այլախոհ հանճարեղ դաշնակներ… («իրական» դաշնակցականներ, երեւի… ձեր Փաշինյանին հիմա բացատրած, այդ՝ «իրական» Հայաստանին պէս…)

Եւ ուրեմն՝ ԱԺի մէջ, ՀՅԴ պատգամաւորները ենթարկուեցան Փաշինյանի կամքին, քմայքներուն: Փոքրիկ ու հնազանդ toutou-ներու պէս: Թաուիլ ա’արիտ Դաշնակցութիւնը… wouf-wouf!

Ապա, ՀՅԴ-ն միացաւ ձեր այդ «յեղափոխական» ղեկարավի առաջին «յեղափոխական» կառավարութեան: Իր առջեւ խոնարհեցան դաշնակցական նախարարները…

Ապա, ձայն-ձիւն չհանեց նոյն ՀՅԴ-ն, երբ որ Քոչարյանը բանտ նստաւ:

Մինչ ան է որ դաշնակները դուրս հանած էր ԼՏՊի բանտերէն, եւ Դաշնակցութիւնը վերադարձուցած՝ «Դէպի Երկիր»:  (Չնայած, come to think of it, երանի՛ թէ այդպէս չընէր, պլաֆճի փեզզեվէնկը… այդ լոզունքն է արդէն որ մեր տունը քանդեց… քանզի  ՀՀի մէջ է, միայն, որ կարողացան խոցելի դարձնել ու հարուածել, հոգեվարքի հասցնել Կուսակցութիւնը: )

Ուրեմն դեռ ի՞նչ կ’ուզէք կոր, ակամ!

2018ին, ձեր – բուն ու ասլը, այլախոհ դաշնակցական անմրցելի հանճարներուդ – ուզածը ըրաւ, ՀՅԴ-ն: (Իր օրուայ Բ.ի Պիկ Չիֆով: Որ եթէ բառացիօրէն հողմնացոյց մը ըլլար, այդքան շատ ու արագ-արագ, վըզ-վըզ, ամէն կողմէրէն փչող հովերուն հետ անդադար դառնալէ՜ն ու դառնալէն, այլեւս ուղղակի տեղէն կ’ելլէր, իր ղազուխէն վար կ’իյնար…)

 * * *

Այսինքն, եթէ այս էական նիւթը – 2018ի գարնան, Հայութեան երջանիկ ինքնախորտակումը, Երեւանի փողոցներուն մէջ -, պիտի շահագործէր վերոնշեալ յօդուածագիրը, քարկոծելու համար իր թիրախները, զայն պէտք է որ գործածէր… հակառակ ուղղութեամբ:

Որ՝ տեսէ՛ք ինչ ահաւոր, ինչ ճակատագրական սխալ գործեց, ՀՅԴ-ն:

Փոխանակ դէմ կանգնելու այդ ազգային հաւաքական հրճուագին ինքնասպանութեան, կամ գոնէ՝ պարզապէս չէզոք մնալու, միացա՛ւ անոր: Անմիջապէս յանձնուեցաւ փողոցի ինքնակորոյս երեխաներուն: Ծառայեց՝ Փաշինյանի՛ նման արարածի մը: Որուն ինչ ըլլալը (իմա՝ կատարեալ չաթլախ մը) բառացիօրէն ակնյայտ էր, բացայայտ ու հանրածանօթ բան էր, գոնէ 2007էն ի վեր:

Մինչ անկէ առաջ ալ, տարիներով, նոյն դաշնակները (ուղղակի նո՛յն անձերը, այդ օրերու իրենց նոյն, տըմպօ, obtuse, շարլաթան ղեկավարով , համագործակցած էին՝ նախկիններուն հետ…

 * * *

Դաշնակցութիւնը, շա՜տ թերութիւններ ունի: Լիքը:

Ահաւոր սխալներ գործած է, իր երկարատեւ պատմութեան բազմաթիւ հանգրուաններուն:

Վերջին վելուծումով՝ չի համապատասխանէր այն «պատկերին», որ կը վերագրուի իրեն: Զորս կը կլլեցնեն իրենց պատանիներուն…

Այնուհանդերձ, հանրային կերպով զայն քննադատողներուն մէջ, ես դեռ մէկ հատին չեմ հանդիպած, որ համոզիչ բան մը ըսէ, գրէ:

Ամէ՛ն ինչ, անձնական է:

Անվայել, անպատշաճ, ամօթալի մակարդակի է:

Ես-ի խնդիր է:

* * *

Գործակալնե՞ր…

Երանի՛ թէ:

Երանի՛ թէ ԱՄՆի պէս հզօր պետութեան գործակալները հանդիսանային, ԱՄՆի – արդէն խթեարացա՜ծ – այդ շէպէպը:

Անձնական փորի ցաւ ունեցող, անձնական վիրաւորանք կրած, ճղճիմ հաշիւներէ մղուած, անիրաւ, նեղմիտ եւ անուղղամիտ, ղանճը՛խ անձեր են միայն:

Որոնց կը հաւատան մի քանի հատ ալ հազուադէպ՝ մաքուր, իսկապէս նուիրեալ, գաղափարապաշտ, բարի մարդիկ: Միշտ այդպէս եղած է, արդէն…

Ասոնք ո՜ւր, ԱՄՆի Մամընըյի գործակալութիւնը՝ ուր: Խղճալի արարածներ…

Անցեալի՛ ժամանակներուն է, որ ՀՅԴի մէջ կային՝ այլազան հզօր պետութիւններու գործակալներ: Այդ մակարդակի, որակաւոր եւ ընդունակ, զօրեղ դաշնակցականներ:

Եւ ատիկա, թէկուզ որոշ ողբերգական կացութիւններ գոյացուցած է, սակայն վերջին հաշուով՝ օգտակար բան էր:

Քանզի այդ մարդավարի դաշնակցականները, ամէն մէկը իր կողմէն, իրենց ունեցած այդ ազդու կապերը կը դնէին բացառապէս՝ ի սպաս Հայ Ազգի շահերուն: ՀՅԴի ընդմէջէն:

* * *

Իսկ հիմա՞…

Հիմա, դուրսէն՝ «Desperate Housewives»ի յատուկ հաղորդումի մը մասնակցելու արժանի, նախկին դաշնակներ կան միայն, ՀՅԴին դէմ արտայայտուող: Մի քանի հատը, նոյնիսկ շանս մը ունին՝ «The View»ի սեղանին շուրջը նստելու… Կամ գոնէ՝ տակը…

Իսկ ներսը…

Այո… ներսն ալ, խղճալի վիճակ է: Խորապէս ափսոսալի:

Սիրտ կոտրող վիճակ:

Բայց ի՞նչ ընենք…

Պատմութեան Անիւը, վերջիվերջոյ, մեր վրայէն անցաւ: Անխնայ կոխկրտեց:

Յետոյ, մէկ հատ ալ ետ, ետեւ եկաւ, անարիեր-ով՝ պիտահա անցաւ վրանէս: Pour faire bonne mesure…

Դեռ հրաշք է որ կարողացած էինք դիմանալ, այդքան երկար ժամանակ:

Կը ցաւիմ միայն՝ հին ժամանակները ճանչցած, Կուսակցութեան Փառքի օրերը տեսած ու ապրած, «խոնարհ» շարքայիններուն համար:

Այն ընկերներս որոնք ընկեր էին ու կը մնան, անկախաբար իմ՝ ՀՅԴի անդամ ըլլալէս, կամ ոչ:  Եւ իրենց նմանները, որ բախտը չեմ ունեցած բոլորին ծանօթանալու:

Յամենայն դէպս, շատ չեն: Որ դեռ մնացած են այս աշխարհին մէջ:

Առանց որ իրենք զիրենք դաւաճանեն, տարիքի բերումով: Եթէ երբեւիցէ անկեղծ եղած էին…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

10 Փետրուար 2025

.  Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»...]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ... [Շուշի]

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք