Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝ արտօնուած են, անվճար, այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:
Մէսթըր Կարոյին Լիբանանի մէջ վերջին անգամ տեսած էի մօտաւորապէս 1980ին:
Անկէ ետք, մէյ մըն ալ նորէն զինք տեսայ միայն – հպանցիկ առիթներով – Արցախի մէջ, 2010-2012 ժամանակաշրջանին:
Շատ աշխատասէր մարդ էր, լուսահոգի Կարո Քեպապճեանը : «Զուտ ու կարծր», հարազատ ազգասէր, ու նաեւ այդ ուղղութեամբ՝ շատ աշխատասէր: Շօշափելի, իսկական գործ կատարող: Արտադրող: Մեր շրջանակներուն մէջ, իր սերունդի նշանաբաններէն մէկն էր՝ «արիւնով եւ քրտինքով Հայրենիք կը կերտուի»: Երբ որ դեռ չկար իսկ՝ Հայրենիք…
Ի միջի այլ արտակարգ իրագործումներու, ժրաջան ու անխոնջ Մէսթըր Կարոն, այլազան բաժնետէրերու ներդրումով, Շուշիի մէջ կառուցած ու բացած էր հիւրանոց մը, զորս ինք նաեւ ուղղակի կերպով կը վարէր, յաճախակի այցելութիւններով:
Շուշիի բնակուած տարածքին ամենաբարձր բլուրին ամենավերեւը, Մշակոյթին Տունէն վեր, Սուրբ Յովհաննու Մկրտիչ եկեղեցիին («Կանաչ Ժամ») դիմացի կողմը ՝ հոյակապ պանդոկ մըն էր – ստիպուած ենք անցեալով խօսիլ… թէկուզ այդպէս ընելով, մարդուս կոտրտուած սիրտը դեռ աւելի փոքր փշրանքներու, փոշիի կը վերածուի… – :
* * *
Այդ ծրագրին էական նպատակը՝ Շուշին կենդանացնելն էր: (Այո, ատոր – կազդուրուելու, վերապրելու – կենսական անհրաժեշտութիւնը, սուր կարիքը ունէր, մեր աննման Շուշին… տեւաբար ու ընդմիշտ… Ազատագրումէն մինչեւ յանձնումը: )
Մէսթըր Կարոն, իր ստեղծած այդ հիւրանոցին շնորհիւ, որակաւոր աշխատանք կը հայթայթէր բազմաթիւ տեղացիներու, ներառեալ յատկապէս երիտասարդներ: Շատ բարձր, տեղական չափանիշներով՝ արտասովոր աշխատավարձերով: Եւ բոլոր առումներով ան տէր կը կանգնէր – ի միջի այլոց – այդ պանդոկի աշխատակազմի տեղացի անդամներուն, ու նրանց ընտանիքներին: Նիւթականէն անդին, իսկական գուրգուրանք, մարդկային հարազատ հոգածութիւն կը ցուցաբերէր, բոլորին նկատմամբ:
Սակայն նպատակը, նաեւ, Շուշին վերածել էր՝ ունեւորների համար զբօսաշրջիկային – haut de gamme – կեդրոն: Ի շահ, անշուշտ՝ Շուշիին: Ի շահ ու ի նպաստ՝ Արցախի՛ն: Քանզի ինք անձնապէս, վնասէ զատ ուրիշ բան չտեսաւ, գոնէ վստահաբար Շուշիի մէջ:
Բայց ահա, ըստ իրենց բնորոշ, փիս խասիաթին, անտանելի նկարագրին, որոշ տեղացիներ, միայն ժխտական ու բացասական կեցուածք որդեգրեցին այդ հիւրանոցին հանդէպ. թունաւոր կարծիքներ յօրինեցին ու կը տարածէին, այդ մասին:
Ոչ բոլորը, լա՜ւ, լաւ… Ոչ բոլորը…
Սակայն տուեալ ընդհանուր կացութեան մէջ, եւ ի մասնաւորի այդ քաղաքին մէջ – եւ խօսքը միայն «Կարոյի հուրանոց»ին մասին չէ… -, արդէն այդպիսի նկարագրով մի քանի հատը իսկ՝ շա՛տ էր:
Բառացի կերպով պիտի չմէջբերեմ, թէ ինչեր լսած ենք, այս մասին… Ուրիշ առիթով, թերեւս…
* * *
Անիմաստ գանգատներու անուղղամիտ, անիրաւ ու անիրաւացի «պատճառներէն» մէկը, իբր թէ այն էր որ, իբրեւ թէ այդ հիւրանոցը չեր ուզեր որ տեղացիները զայն վայելեն:
Այդ ուղղութեամբ միակ իրականութիւնը այն էր որ, երբ որ… ըսենք… որոշ տեսակի երեխաներ… որոշ, ըհըմ, ճարպիկ նպատակներով… երբեմն կը մօտենային այդ հիւրանոցին, պաշտօնեաները կը սաստէին իրենց, որ՝ հեռու մնան:
Այդ հազուադէպ երեխաները այդտեղները կը թափառէին, այդպէս կը սլքտային, նուազագոյնը՝ հիւրերէն «բան մը ուզելու համար»: Կամ ալ՝ իրենց հնարամիտ… նախաձեռնութեամբ, թերեւս կարենալ բան մը պոկել ու տանելու համար:
Այդ մի քանի խոխեքը այդ վարքագիծը ունէին, իրենց ծնողքին – կամ ընտանիքի ուրիշ «մեծի» մը – թելադրանքով, յորդորով, հրահանգով: Թերեւս կային այդ երեխաներուն մէջ ոմանք, որոնք տունը ծեծ կը ստանային, եթէ ձեռքերին դատարկ վերադառնային:
Սակայն եթէ, բացառապէս ի շահ Շուշիին, այդ հիւրանոցը պիտի հասնէր վերոյիշեալ իր նպատակին, շա՛տ ալ շիտակ ու հասկնալի էր որ իր տարածքէն հեռու պահէր կարգ մը տեղական վատ բարքերու արտայայտութիւնը, որոշ տեղայնական անճոռնիյութիւններ:
Աւանդական Սփիւռքի հայերու պարագային, մարդիկը այդտեղ կու գային, ամէն եւ իւրաքանչիւր արցախցի համարելով՝ մի դիւցազներգական կերպար, անբիծ ու կատարեալ էակ, առասպելական անձնաւորութիւն, կիսաստուած:
Կարգ մը երեւոյթներ ծածկել փորձելով, այդ հիւրանոցը կը ջանար այդ տեսակի հայերուն Գաղափարապաշտութիւնը չխորտակել, վերացական բացարձակ ազգասիրութիւնը չենթարկել ցաւագին բախումի մը՝ որոշ իրականութիւնների հետ:
Իսկ ակնկալուած՝ լրիւ օտար հիւրերի պարագային, այդպիսի յաճախորդութիւն մը գոյացնելու եւ զարգացնելու համար – ի շահ եւ ի սէր՝ Շուշիին -, հիւրանոցը պարտաւոր էր իր տարածքը երբեմն անջատելու այդ առանձնայատուկ շրջավայրի որոշ իւրայատկութիւններէն:
Այս ուղղութեամբ, եկէք հետեւեալ միջադէպը պատմեմ, մի քիչ ծիծաղինք:
* * *
Օր մը, փոքր տարիքին, մեր դեռ մանչուկ Պատրոյգը, իր ընկերներուն հետ գնաց այդ հիւրանոցը, որպէսզի հանդիպի՝ իր ընատինքին հետ այդտեղ իջեւանած քանատահայ ընկերոջ մը: Զինք պատշաճ կերպով դիմաւորէ «իր» Շուշիին մէջ, իր շուշեցի ընկերներուն հետ:
Երբ որ մեր տղաքը կը մօտենան հիւրանոցին աստիճանաւոր, սքանչելի թէրասին, պաշտօնեաները զիրենք կը վռնտեն: Կարծելով որ տեղացի, «անյարմար միտումներ» ունեցող երեխաներու սոսկալի խումբ մըն է, որ այդպէս յանկարծ բլուրը կը բարձրանայ, ճիշդ այն պահին երբ որ նոր հիւրեր հասած են իրենց մօտ:
Տղաքը վազելով, փախուստ կու տան:
Պատրոյգը բնաւ չնեղուեցաւ այս դէպքէն:
Վերադարձաւ Ճամբար, եւ ուրախութեամբ, խնդալով պատմեց մեզի թէ ինչ պատահեցաւ:
Բայց… ապաօօօ… ասիկա որ լսեցին, դուք միայն պիտի տեսնէիք Ճամբարի մեր տեղացի բարեկամներուն վիճակը…
Իրենք մեր տեղը վիրաւորուեցան, խռովեցան… ինքզինքնէն դուրս ելան… մռայլ ու կախ դէմքեր, կնճռոտած ճակատներ… անցքերուն մէջ իրարու հետ յուզումնալից փսփսուքներ, ծանր խորհրդակցութիւններ… կային մի քանի հատը որ, կարծես թէ հեսա, պիտի որ լաց լինէին:
Ոմանք ալ «վախեցան», մտահոգուեցան… Որ՝ հիմա ասիկա մեծ պատմութիւն, ծանր խնդիր պիտի դառնայ… Թէ մենք պիտի շատ զայրանա՜նք, բողոքենք, բաներ պահանջենք, այս-այն… որ, խի՞ կը համարձակին մեր զաւակին հետ այդպէս վարուիլ… չի՛ կարելի… պէտք է որ անմիջապէս ու խստիւ պատժուին բոլոր պատասխանատուները, եւայլն., եւայլն.
Այլեւս տեղ մը եկաւ, ուր մենք ստիպուեցանք իրենց մխիթարել, հանդարտեցնել: Սակայն որքան այդպէս ընէինք, այդքան աւելի կը յուզուէին…
Ինչ որ է նէ: Նիւթը փակեցինք, վերջացաւ:
Սակայն իրողութիւնը այն է որ, ես ու Այտան, խորապէս յուզուած էինք, այո: Սակայն… շատ դրակա՛ն կերպով:
Արդարեւ, այդ միջադէպը մեզի պատճառեց միայն գոհունակութիւն, հպարտութիւն, էական պարտականութեան մը յաջող ու փառաւոր լրացումին յաղթական զգացումը:
Որ… ահա՛… մեր զաւակը համարած են՝ Շուշիի տեղացի երեխայ ! Եւ ոչ թէ՝ «դրսեցի»: Ոչ թէ, ոեւէ հայ:
Նոյնիսկ, հա, «փողոցի իմաստութեամբ» շուշեցի… վտանգաւո՛ր շուշեցի… ու ասիկա արդէն յաւելեալ պատիւ էր, մեզի համար:
* * *
Մէկ անգամ Մէսթըր Կարոն տեսայ, հեռուէն՝ Ստեփանակերտ:
Կտրուկ քայլերով, նախագահական շէնքը կը մտնէր: Աշխատանքային պայուսակ մը՝ ձեռքը, սոսկալի տախըմ մը հագուած – միշտ լաւ հագուիլ գիտէր, եւ շնորհիւ իր պոյին, կեցուածքին ու քալուածքին, ճկուն ու ձիգ կազմուածքին, հագուածներն ալ միշտ շատ «լաւ կը կենային» իր վրայ, այդ ալ պէտք է ըսել -:
Զինք՝ Մերձավոր Արևելքում Արցախի Հանրապետության մշտական ներկայացուցիչ նշանակած էին: «Արցախի դեսպան», ինչպէս որ ան կը նախընտրէր ինքզինք ներկայացնել:
Ուալլա լրիւ հալա՛լ էր իրեն, այդ պաշտօնն ալ, տիտղոսային իր այդ խրոխտ ինքնա-upgradeն ալ:
Ի դէպ, վերջին հաշուով, ան ինքզինք Արցախի Հանրապետութեան Դեսպան կը կոչէր, ոչ թէ իրեն համար, այլ ի սէր եւ ի նպաստ՝ Արցախին: Քանի որ, եթէ ինք Արցախի դեսպան էր, ուրեմն Արցախն ալ արդէն իսկական, ճանաչուած, լիիրաւ ու ամբողջական Պետութի՛ւն էր:
Ամէն դէպքում, Մէսթըր Կարոն այդ պաշտօնը ստանձնած էր զուտ ազգասիրութեամբ: Որպէս ազգային նուիրում, անսահման զոհաբերութիւն:
Անձնական գետնի վրայ, տեւաբար տառապելէ եւ տուժելէ զատ, մարդը ուրիշ բան չտեսաւ, այդ պաշտօնէն:
Եւ ուշադրութիւն՝ այդպէս եղաւ ոչ թէ միայն հիմա, երբ որ Արցախը նորէն կորսնցուցինք: Այլ այդպէս էր արդէն, ի սկզբանէ եւ շարունակաբար, նոյնիսկ երբ որ այդ տարածաշրջանը, որպէս իրողութիւն ալ՝ մեզի կը պատկանէր:
Մէսթըր Կարոներուն համար, որեւէ շահ չկար, ոչ մէկ անձնական օգուտ չկար, այդտեղ: Այլ միմիայն՝ վնասներ: Եւ ժամանակի ընթացքին, նախնական հրճուանքին տեղը, հետզհետէ աճող ու խորացող՝ անհուն ցաւ:
Իսկ պատկան իշխանութիւնները զինք այդ պաշտօնին նշանակած էին, նուրբ կերպով ըսելու համար՝ հաշուապահական հաշիւներով:
Որովհետեւ ինք կարող ու ատակ էր՝ իր աշխատասիրութեամբ, իր վարպետութեամբ, իր ծանօթներով եւ ծանօթութիւններով՝ մեծ ծրագիրներ իրագործելու, նպաստելու համար Արցախի տնտեսական կայացման, զարգացումին:
Ասիկա կը մատնանշեմ, քանի որ յատկանշական իրականութեան մը մէկ օրինակն է:
Նիւթականէն զատ, տնտեսականէն դուրս, Անդրկովկասի հայանուն բնիկներու մեծամասնութիւնը – իսկ իշխանաւորներու ամբողջութիւնը -, յատկապէս Հայոց Աւանդական Սփիւռքի առնչութեամբ, որեւէ այլ բանով երբեք չէ հետաքրքրուած:
Մասնաւոր ճիգ անգամ չէին գործադրէր՝ ազգայնական, գաղափարական որեւէ բան արտայայտելու համար՝ Մէսթեր Կարոյի նման Աւանդական Սփիւռքի որոշ շրջանակներու հայերուն առջեւ:
Քանզի գիտէին որ անոր կարիքը չկայ: Որովհետեւ այդ Սփիւռքին այդ բնոյթի զաւակները – Մէսթըր Կարոյի նման հայորդիները – արդէն իսկ ու ամէն դէպքում իրենց կարելին – եւ անկարելի՛ն – կը կատարէին, մասնակցելու համար Հայաստանի եւ Արցախի վերականգնումին, վերելքին, բոլոր մակարդակներու վրայ:
* * *
«Մէսթըր Կարոյի հիւրանոց»ը, մի քանի տարի ամէն ջանք թափելէ ետք որպէսզի արդարացնէ իր գոյացումն ու գոյութիւնը, վերջիվերջոյ ձախողեցաւ:
Շրջան մը, Մէսթըր Կարոյին տիկինը եւ որդին, իրենց անձնական-ընտանեկան կեանքերը առկախած, երկար ժամանակներով եկան ու մնացին Շուշիի մէջ, որպէսզի այդ հիւրանոցը իր արժանի – Շուշիի՛ն արժանի – գործունէութիւնը ունենայ: Սակայն, չստացուեց:
Շուշիի կորուստէն շա՜տ առաջ, արդէն մնայուն ու լրիւ բաց չէր, այդ մինչդեռ որքան հոյակապ հաստատութիւնը: Պատահական ու մասնակի կերպով կը գործէր միայն, երբեմն:
Մերթ ընդ մերթ, գիշերուան մէջ անոր սիրուն ու ջերմ լոյսերը կը վառէին, ամբողջ բլուրը կը լուսաւորէին: Մեծ ու տարածուն շէնքին գոնէ ծայրամասը, ճաշարանին բաժինը կը լեցուէր ձայներով, երգերով, կենացներով, աղմուկով ու կեանքով: Երբ որ յատուկ առիթներ ըլլային: Օրինակի համար՝ երբ որ պետական անձեր ճաշկերոյթ կը կազմակերպէին, լրիւ օտար կամ որոշ տեսակի սփիւռքահայ այցելուներ հիւրասիրելու համար:
Յետոյ նորէն՝ դատարկութիւն…
The Shining, Շուշիի տարբերակ… Ամառ եւ ձմեռ:
* * *
Օր մըն ալ, անակենկալ կերպով, Մէսթըր Կարոն մեր Ճամբարը այցելելեց:
Իր բնորոշ, կայծակնային արագաշարժութեամբ, իր տեւական հեւքով ու տենդով՝ գալն ու երթալը, մէկ եղաւ:
Հետը բերած էր լիբանանցի մը, որ հայ չէր, բայց կարեւոր գործերու վրայ էր Արցախի մէջ – եթէ չեմ սխալիր, Ղարաբաղ Թէլէքօմի տնօրէնն էր – :
Արագ-արագ պտտեցան ամէն կողմ: Սուրճ առաջարկեցինք, կեցէք միասին կրակը վառենք ըսինք: Մէսթըր Կարոն բացատրեց որ, ներողամիտ ըլլամ, բայց պէտք է որ այդպէս աճապարեն. քանի որ ինք պէտք է որ երթայ չեմ գիտեր ճիշդ ուր, տեղական բանակայիններու համար՝ զինավարժութեան վերաբերեալ բաներ մը կատարելու:
«Իրենց քիչ մը կրակել սորվեցնեմ», ըսաւ. ձեռքին միայն բթամատն ու ցուցամատը բանալով, կուրծքին վրայ, շեղակի եւ թաքնուած ատրճանակի մը պէս… ուրիշ տեղերու եւ ժամանակներու իւրայատուկ տապանճաներու խորհրդաւոր ոգեկոչումով.. աչքերը կայծկլտուն… լայն ժպիտը դէմքին…
Այդ պահին, ներքնապէս մի քիչ խնդալով ընդունեցի, իր այդ ըսածը: Վայ Մասթըր Կարօ, վայ մտածեցի… կարծես թէ քեզի՞ պէտք ունին տեղւոյն բանակայինները, ատոր համար…
Բայց հիմա որ մտածեմ… շատ ալ խնդալիք չէ…
* * *
Ուրեմն մեր այդ վերջին հանդիպումին, Ճամբարէն իր մեկնելու պահուն, ամէնայն լրջութեամբ կանգնեցայ Մէսթըր Կարոյին դիմացը, եւ Քոնկ Ֆույի բարեւը կատարեցի. ձախ ձեռքը բաց՝ աջ բռունցքին վրայ, աջ ոտքը առջեւ երկարած, առանց լման գետնին հանգչելու, ետեւի ոտքն ալ պատրաստ՝ յանկարծակի ֆրոնթ քիք մը կատարելու: Թերեւս նոյնիսկ ֆլայինկ ֆրոնթ քիք մը…
Ցնցումէն, յուզումէն եւ հպարտութենէն, երեսը կաս-կարմիր եղաւ: Իր մօտ միշտ այդպէս էր, զգացումները անմիջապէս դէմքին վրայ կ’երեւային:
Բայց անմիջապէս ինքզինքը հաւաքեց: Եւ առիթը պարապի չտարաւ:
Իր հետ բերած իր կարեւոր հիւրին դառնալով, որպէս ակնյայտ փաստ, մատովը ցոյց տալով՝ իր մարտարուեստի մասնագիտութեան յատուկ, այդ բարեւս, անոր յայտնեց որ ես, իր աշակերտն եմ:
«Թըլմի՛զի» մը տուաւ, ակամ: Անվիճելի «թըլմիզի» մը…
Այյա, Շուշիի մեր ճամբարը, շնորհիւ իրեն գոյացած է ու կը գործէ: Իրեն կը պարտին անոր գործունէութիւնը:
Կարծեմ թէ կը կարծէր կոր որ արաբերէնս լման մոռցած եմ, եւ պիտի չհասկնամ, պիտի քալեցնէ: Մէշշիյա…
Ու այդքան, միայն:
Մեր վերջին հանդիպումը – եւ իմ ականջիս իր ամենավերջին խօսքերը – եղաւ, այս աշխարհին մէջ, այդ պահը:
Ու այդ հպարտ հաստատումը կատարելէն ետք, արագօրէն միւս կողմ դարձաւ ան, ու գնաց…
Վերեւի յօդուածում նկարագրուած, Շուշիի այդ շքեղ հիւրանոցի մուտքն է, որ կը տեսնենք: Առջեւ կանգնողը՝ թշնամի ասկեար մը:
Վերջին պատերազմէն անմիջապէս ետք, թուրք զինուորները այդ հիւրանոցը օգտագործած են որպէս իրենց շռայլ զօրանոցը: Եւ Արցախի դրօշի բրած են այդպէս, այդ տեղը. որպէսզի զայն ոտնակոխեն, կոխկրտեն, վրան քսեն իրենց մոյկերուն յատակը. ամէն անգան որ մտնեն եւ դուրս ելլեն:
Ի դէպ, միայն Արցախի դրօշը չէ, որ կայ տեղ: Խնդրեմ, լաւ նայեցէք… Մի քանի հատ են, գետնի դրօշակները. եւ ձախ կողմինը, ինչպէս նաեւ ամենավարը երեւցողը, Հայաստանի դրօշակն են:
«Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»ը, այս էր, ուրեմն…
Այդ պատմական, դուխալի՛ց խօսքերէն ետք – նաեւ անոց պատճառով -, այս ձեւով է որ ուրեմն, հենա, միացան դրօշակները…
Ձեզի բան մը ըսեմ, սակայն…
Հաճիք, այս նկարը տեսնելով, խռովք, բարկութիւն կամ տխրութիւն թող չարտայայտէ ան Սփիւռքահայը որ, Արցախ այցելած է – եթէ երբեւիցէ այցելած է -, եւ իջեւանած է՝ Ստեփանակերտի հիւրանոցներէն մէկում մէջ: Փոխանակ՝ Շուշիի մէջ. այս, կամ այդտեղի դեռ միւս երկու հիւրանոցներէն մէկուն մէջ:
Մինչ, եթէ կ’ուզէր անպայման Ստեփանակերտի հաճելի երեկոները վայելել, երկու քաղաքները իրարմէ քառորդ ժամ անդին էին, հազիւ… Եւ թաքսիի ծախս ալ՝ մի քանի տօլար…
Բայց, չէ՜: Շուշիի մէջ նուազագոյն պտոյտէ մը – ու հանրածանօթ եկեղեցիին առջեւ՝ սելֆի մը առնելէ – ետք, անմիջապէս կ’իջնէին արդէն Ստեփանակերտ:
Դեռ շա՜տ բաներ կան ըսելիք, վկայելի՛ք, այդ ուղղութեամբ եւս…