Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

«Հա-յաս-տան եր-թալ կ’ուզե՜մ…

... Երեւա՛ն տեսնել կ'ո՜ւ-ուզեմ 
Արա՜րատին-ը գագաթըըը
Եռագոյն տնկե՛լ կ'ուզեմ, հէ՛յ
հօփահօփանինանայ նինանայ նայ, նինանայ նա՜այ,
նինանա՛յ եավրում նի՛նանայ նայ...

Վերնագիրը եւ առաջին պարբերութիւնը՝ անհեթեթ երգի մը բառերն են: Զայն շատ կ’երգէինք, առաջ… հարազատ ուրախութեամբ, խանդավառութեամբ……

Կայ սակայն ուրիշ, հանճարեղ երգ մը, որուն մէջ կան հետեւեալ բառերը՝ «քեֆի մէջ են առնէտները»…

Այդ բառերուն նշանակութիւնը կրնայ ըլլալ հետեւեալը՝

. ըստ հանրածանօթ ասացուածքին, երբ որ նաւ մը վերջնականապէս խորտակուած է, առաջ իսկ որ սկսի ընկղմիլ, անոր մառանին մէջ գտնուող առնէտները (ճարտօնները), ամենաառաջինը կը սկսին փախչիլ այդ աւերուած, ծակծկած, վերջացած նաւէն:

. սակայն ուրեմն, կան՝ իւրայատուկ տեսակի առնէտներ, որոնք այնքան յիմար, անխելք են (դեբիլ կ’ըսեն, այդտեղ, իրենց մաքուր հայերէնով), որ մինչ նաւը կը խորտակուի, եւ շուտով իրենք – առաջինները, քանզի նաւին յատակն են – պիտի ընկղմին, կոտրտուին եւ խեղդուին անոր փտած տախտակներուն հետ, այդ – արտակարգ աստիճանի դեբիլ – առնէտները, նաւուն մէջ կը հաւաքուին եւ կը սկսին … քեֆ կ’ընել:

* * *

Ամառնային արձակուրդի եղանակն է:

Հայաստանցիները, զուարճանքի արձակուրդը կը կոչեն՝ հանգիստ: Հապա: (Տարուան մնացեալ ժամանակը այնքան լա՜ւ, այդքան ժրաջան ու քրտնաթոր կերպով կ’աշխատին, կը ճգնին ու կ’արտադրեն, որ շա՛տ կը յոգնին, եւ ուրեմն՝ երկու ամիս ալ, դեռ պէտք է որ կարգին «հանգիստի գնան», չէ՞…

Ինչեւէ… )

Հիմա ուրեմն, որոշ զանգուած մը, կենդանի աղբի պէս թափած է՝ բառացիօրէն աղբանոց դարձած, խեղճ Սեւանայ լիճին եզերքները: Խորոված-մորոված… կերուխում… չափազանց գոյնզգոյն լողազգեստներ եւ ջրային զուարճանքի բաներ… ռապիզ…

Փաշինյանը, ասիկա տեսնելով, խոր հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը յայտնէ թէ՝ տեսէ՛ք, որքան շատ հայաստանցիներ Սեւանի շուրջն են, վաբշե մտահոգ չեն, ուրախ են, կը հանգստանան ու կը վայելեն: Ուրեմն ամէն բան լաւ է՜, «ապագա կա՛», մտիկ մի՛ ընէք երկրին ճակատագրով մտահոգուած այդ մի քանի ապուշ հայերուն, եւ եալլա, նորէն ինծի ընտրեցէք, հա՞, յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

* * *

Բայց նախ, արդար ըլլանք…

Նորութիւն չկայ:

Ինչպէս միշտ, յետ-սովետական անկախացումի առաջին երեք տարիներէն սկսեալ եւ ի ի վեր, ՀՀ-ն՝ պատկեր մըն է միայն: Մակերեսային պատկեր մը: Պատրանք մը, խաբկանք մը: Սուտ մը:

Որոշ ժամանակ մը, խաբկանքը կը վերաբերէր՝ ՀՀի մէջ Հայոց ազգային գիտակցութեան: Այդ գիտակից հայերը, կամ՝ շերեֆով մեռան Արցախի ազատագրական մարտերու ընթացքին, կամ ալ՝ տարիք առնելով, դարձան լման ուրիշ անձեր:

Ուրեմն այսօր ալ, ազգային ազդակը մէկդի դնելով (այսնքն, ասոնք հա չեն լաւ, հասկցանք, բայց կրնա՞ն գոնէ՝ մարդ ըլլալ), խաբկանքը կը վերաբերի թերեւս՝ լայնատարած անհոգութեան, անզգամութեան, անտարբերութեան:

Ոչ թէ՝ այլ հայրենակիցներու, այլ նոյնիսկ սեփական աղէտալի վիճակին նկատմամբ:

Նկատի առնելով որ՝ որեւէ խաղաղութեան դաշնագիր չէ կնքուած, ոչ իսկ ձեւական…

Մինչ, Արցախի բռնագրաւումէն ետք, նաեւ ուղղակի ՀՀի պաշտօնական տարածքը ներխուժած թուրք ասկեարները, դեռ կանգնած են, ուր որ են…

Նոյն այդ Սեւանէն ոչ շատ հեռու, ի դէպ… Բարձր դիրքերու վրայ… Իրենց տիւլ-տիւլներով, այդտեղէն հաւանաբար կը դիտեն կոր՝ գոյնզգոյն լողազգեստներով հայ օրիորդներն ու տիկինները… (Ուրիշ ի՞նչ դիտեն, պապամ, հայ զինուոր՝ եօ՛խ: Միակ տղամարդիկը որոնք «դիրքի վրայ են», եւ այդ դիրքը բռնած են, այո՝ թրքական միջանցքին ծայրերը, անոնք են որոնք այդպէս, անհամբեր, կը սպասեն որ այդ ծրագիրը գործադրուի, որպէսզի իրենք ալ, չաչի՛նկ-չաչի՛նկ, իրենց իւղոտ վաճառականութիւնը ընեն, սաղ պիզնըս անեն, շնորհիւ Թուրքիոյ: Սահհթե՜յն, եալլա… անուշ լինի… ուշ լինի, նո՛ւշ լինի: )

Բայց ուրեմն, ինչպէս որ առաջ, Անդրկովկասի հայանուն բնիկներու այդ տարօրինակ պահեստարանին մէջ՝ ազգայինը իրական չէր, կարելի է յուսալ որ այժմու այս հաւաքական անասելի յիմարութիւնն ալ, խորք չունի:

Աւանդական Սփիւռքի մէջ, շատերս ապրած ենք՝ պատերազմական ահաւոր, երկարատեւ ժամանակներ:

Պէտք է ընդունիլ որ մենք ալ, այդ տարիներուն, ամէն առիթով «մենք մեր քեֆը կ’ընէինք», չէ՞: Մինչ մեր շուրջը կը տիրէր տեւաբար՝ ողբերգութիւն, սուգ, սարսափ, ծայրագոյն վտանգներ, համատարած խաւարներ…

* * *

Այժմու ՀՀի պարագային սակայն, անբնական երեւոյթը այն է որ, երկրին գերագոյն ղեկավարը, կարծես ինքն ալ իսկապէս խաբուած է, ինքզինքն կը խաբէ՝ պատկերներով, պատրանքներով:

Կամ էլ, շատ լաւ կը գիտակցի կացութեան, սակայն կը կարծէ թէ կարող է այդ խաբկանքը «ծախել»… չգիտեմ ճիշդ, որո՞ւն:

Նուազագոյն չափով խելքը գլխուն հայը, աշխարհի որեւէ մէկ տեղ, շատ լաւ ալ կը տեսնէ՝ դաժան իրականութիւնը:

Չնայած, Աւանդական Սփիւռքն ալ կը մասնակցի՝ այդ նոյն խաբկանքին: Իր զբօսաշրջիկներով… իր բանակումներով… իր խաղերով… comme si de rien n’étaitbusiness as usual !

ՀՀ գացող՝ գնդակ խաղացող, հանգիստ-պատրաստ ընող, Երեւանի քաֆէները այցելող, վարունկ-պամիտորի պնակին վրայ բերանաբաց հիացող, սփիւռքահայերէն շատերը, քառորդ դար ժամանակ՝ ոտք չէին դրած ՀՀ: Ալ ուր մնաց, Արցախ…

Սակայն հիմա, մէկէն, Աղէտէն ետք, մէկէն «գիւտը ըրին»՝ ՀՀին…

Հիմա՛ trendy դարձաւ, այդ պտոյտը: Ամէն բան կորչելէն ետք: Եւ երբ որ վնասները՝ անդառնալի՛ են:

Որպէս մե՜ծ հաճոյք, մեծ քաջագործութիւն, հիմա է մախաամը՝ երթալ այդ՝ Արցախը կորսնցուցած, հազարաւոր լուսաւոր կեանքեր կորսնցուցած, պատիւն ու արժանապատուութիւնը կորսնցուցած, այդ խղճալի եւ դատապարտուած, մնացորդ «երկիր»ը, եւ այդտեղ զուարճանալ:

Խնդիրը ուրեմն՝ համայն հայ ժողովուրդն է: Որ երբեք չկարողացաւ ազգ դառնալ, եւ հետեւաբար անկարող է երբեւիցէ պետութիւն ունենալու:

* * *

Առնէտները, խորտակուած նաւուն հետ կ’ընկղմին: Մինչեւ ծայր երգելէ, պարելէ եւ խորովածուելէ ետք:

Սփիւռքահայ զբօսաշրջիկները, մեկնած կ’ըլլան այդ պահուն: Վերադարձած՝ իրենց երկիրները: Լիքը նախանձելի նկարներ տեղադրելէ ետք անշուշտ Էնսթակրամի-մէնսթակրամի վրայ: Որպէսզի իրենց այդ անհուն վայելքը չճաշակողները, երանի տան իրենց:

Իսկ նաւապե՞տը… ոհ, փախչիլը նիւթէ դուրս է արդէն, անոր պարագային: Քանզի արդէն չկայ, նաւապետ:

Չկայ ոչ իսկ՝ ղեկ:

Հօփա՛-հօփա-նինանայ նինանայ նա՜յ… ծա՛փ, ծա՛փ, հօփաաաաա…

Մ. Հայդուկ Շամլեան

29 Յուլիս 2025

Սեւանայ Լիճի հիւսիս-Արեւելեան ափին, ջուրերուն նայող բարձունքին վրայ,
այդ շրջանէն գացած եւ Արցախի ազատագրական պատերազմին զոհուած մարտիկներու Յուշարձանը
.  Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»...]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ... [Շուշի]

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք