Համեցէք/ Bienvenue/ Welcome

. . .

. Հայերէն Յօդուածներ

. . .

. Articles en Français

. . .

. Articles in English

. . .

. Գիրքեր

. . .

Արցախեան Առաքելութիւն / Mission in Artsakh

. Artsakh TV, «Շուշի»հաղորդում,2018 (14րդ տարի) (Video/Shoushi 2018)

. Շուշիի «Արամ Մանուկեան» մանկապատանեկան Ճամբար

. «Aram Manoukian» Summer Camp of Shoushi

Հարցազրոյցներ / Interviews

. «Նիկոլ Փաշինյանի պատրանքները եւ …» – 03 Մայիս 2018 ՝

. Երեւանի սրճարաններէն՝ Արցախ – 15.03.2019

Radio-Shalom/Montréal (FR)

. Juillet 2015 _  A / Enregistrement sonore et texte de l’émission

Համացանցային  Գործունէութիւն/ Cybermilitantisme / Cyberactivism

. Գրառումներ

. Messages

. Posts

. My reviews and pics on Tripadvisor (ENG et FR), under the pseudonym Taniel V

* * * * *

(Դիմատետրի վրայ _sur/on Facebook : https://www.facebook.com/Blog-H-368796210632940 / Meta-Facebook-Zucchiniberg and his band of unsufferable misfits, gratuitously and permanently, locked me out of my own FB Page!, on January 15 2025)

Այս կայքում հրատարակուած որեւէ յօդուած կամ գրութիւն արտատպելը, համացանցային այլ կայքէջի վրայ եւ/կամ տպագիր հրատարակութեան մէջ տեղադրելը՝  արտօնուած են,  անվճար,  այն պայմանով որ՝ այդ կատարուի տուեալ յօդուածի լրիւ ամբողջութեամբ, առանց որեւէ կրճատումի, ու նաեւ, նշելով նրա այս սկզբնաղբիւրը, համացանցային նախնական հասցէն: Այս արտօնութիւնը ենթակայ է չեղարկումի, եթէ այդ ուղղութեամբ հանդիսանան հիմնաւորուած պատճառներ:

Վերոնշեալ պայմանական արտօնութեան բացառութեամբ՝

Հեղինակային Իրաւունքները բացարձակապէս վերապահուած / © Հայդուկ Շամլեան, սկսեալ իւրաքանչիւր հրատարակուած գրութեան յօրինումի սկզբնական թուականէն:     Առանց թոյլատրութեան այս նիւթի գործածութիւնը եւ/կամ ընդօրինակութիւնը, առանց այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ բացայայտ եւ գրաւոր արտօնութեան, խստիւ արգիլուած են:     Հաւատարիմ հատուածներ եւ ե-կապեր հնարաւոր է օգտագործել, պայմանաւ որ այդպէս կատարուի առանց որեւէ աղաւաղումի, եւ պայմանաւ որ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ կերպով նշուի որ անոնք կը պատկանին այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ:     Այն պարագային որ հատուած մը կ’օգտագործուի, այս Կայքի  հեղինակին եւ/կամ իրաւատիրոջ լրիւ, յստակ եւ բացայայտ նշումին յաւելեալ, սոյն հատուածին հետ միասին, անհրաժեշտ է որ յստակ կերպով նշուի նաեւ ե-կապը այն լրիւ ու ամբողջական գրութեան որմէ փոխ առնուած է հատուածը:    Այս Կայքի որեւէ էջը դիտելով, կը համարուի որ այցելուն կամ ընթերցողը կ’ընդունին յարգել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, որոնք առանց այդ հաւանութեան ալ ամէն պարագայի լիովին ի զօրու եւ կիրառելի են, Օրէնքի հիման վրայ:

COPYRIGHT formally reserved / © Haytoug Chamlian, starting on the initial date of creation and/or publication of each writing.     Unauthorized use and/or duplication of this material, without express and written permission from this site’s author and/or owner, are strictly prohibited.     Faithful excerpts and links may be used, provided that it is done so without any alteration whatsoever, and at the condition that full, clear and explicit credit is given to this site’s author and/or owner.     In the event that an excerpt is used, in addition to the full, clear credit given to this site’s author and/or owner, the link to the full and integral writing from which said excerpt is borrowed must be clearly indicated, along with such excerpt.    By the act of viewing any page of this site, the visitor or reader is deemed to have accepted to abide by the aforesaid conditions, which, even without such a consent, are fully in force and enforceable, by virtue of the Law.

 

Զեփիւռի նման…

Լիբանանի Bois-de-Boulogne գիւղը (Պօլօնեա, pour les intimes), Սամահհա անունով ճաշարան մը կար:

Կիսաբացօդեայ տեղ մըն էր: Քարաշէն պատեր եւ առաստաղ չկար: Շուրջը, իրակու միացուած տախտակէ երկար ձօղեր կային, եւ տարածքը ծածկուած էր հարթի պէս բաներով մը:

Կողմերէն կարելի էր, շերտ առ շերտ, դուրսը տեսնել, իսկ վեր նայելով՝ երկինքը: Աւելի ճիշդ՝ աստղերը: Քանի որ այդ ճաշարանը – բացի կէսօրէ ետք պատահական Bal d’Enfantsի ձեռնարկներէ -, գիշերն է որ՝ կեանք կ’առնէր: Ուշ գիշերին:

Ճաշարին անմիջապէս կից, թաղամասի մը չափ՝ անտառ մը կար: Ցանցառ սակայն մեծաթիւ ծառերով: Բոլորը՝ սնոպարի ծառեր, համեմատաբար բարակ եւ երկարահասակ տեսակներէն. այնքան բարձր, որ անոնց վրայի սնոպարներուն չէին հասներ մեր երեխայական քարերը, ափսոս: (Երբ որ ձեռքերնիս անցնէին այդ խոշոր կաղնիները, անոնց ծառերուն չորցած ու թափած, գետինը թիզուած ասեղաձեւ տերեւները, ցախը, կը հաւաքէինք, վրան քիչ մըն ալ ճիւղեր կը տեղադրէինք, աղուոր խարոյկ մը կը վառէինք. բոցերուն մէջը որ նետէինք այդ կանաչ եւ գոց, ծանր մոմոչները, կրակը մարելէն ետք՝ սեւցած եւ լման բացուած կ’ըլլային. ձեռքերնիս քիչ մը այրելով, մէջէն հատիկները կը հանէինք, կեղեւները՝ քարի մը վրայ քարով մը կը կտրէինք, եւ տակաւին ծխացող, իւղոտ միջուկը կը ճաշակէինք… մատերնիս ալ հետը լզելով… միամմմմ… քոլ ու շքո՛ր: )

Այդ գիւղին մէջ երրորդ եւ վերջին տունը ուր ապրեցանք, ամառները, կը գնուէր այդ անտառին անմիջապէս վերեւը: Ուրեմն, Սամահհա ճաշարանին եւ մեր տան միջեւ, փողոց մը կար, ապա՝ այդ անտառը, իր սլացիկ ծառերով եւ անհասանելի սնոպարներով:

Շաբաթ գիշերները, այդ ճաշարանին մէջ կ’երգէր՝ Լեւոն Գաթրճեանը:

* * *

1970ական թուականներուն, բառացիօրէն բացառիկ արուեստագէտ մըն էր, Լեւոն Գաթրճեանը:

Իր երգերուն մեծ մասը, ուրիշ ոչ ոք կ’երգէր: Ձայնը, ոճը, երգելու ձեւը՝ անզուգական էին: Իսկ երաժշտութիւնը՝ զուտ էր, դասական ու հարազատ էր: Աւանդական գործիքներով նուագուած:

Կը մեկնաբանէր՝ ժողովրդային եւ աշուղական երգէր: Սակայն ինքն ալ աշուղ էր, կ’երգէր նաեւ իր գրած, յօրինած, որակաւոր եւ իմաստալից երգերը:

Ուրեմն, իր երգացանկը՝ քնարերգական էր, աշուղային եւ հայրենասիրական: Սակայն ոչ – ուղղակի – «յեղափոխական», ազգագրական: Ոչ ալ էստրատային:

Համայն Հայոց Աշխարհի մէջ՝ սիրուած, յարգուած, նշանաւոր եւ հռչակաւոր երգիչ մըն էր, Լեւոն Գաթրճեանը: Ներառեալ Սովետական Հայաստանի մէջ:

* * *

Եօթը կամ ութը տարեկան էի:

Ամէն շաբաթ գիշեր, երբ որ Լեւոն Գաթրճեանը պիտի երգէր Պօլոնեայի Սամահհա մասնակի-բացօդեայ ճաշարանին մէջ, մեր տունին պատշգամէն, խոշոր գունագեղ պալանս’ուարին վրայ օրօրուելով, մտիկ կ’ընէի իրեն: Մէկ անտառ անդիէն: Գոնէ առաջին երգերը, քանի որ յետոյ պէտք է որ քնանայի:

Օր մըն ալ, that’s it!, որոշեցի յատուկ գործութիւն մը ծրագրել, կազմակերպել եւ գործադրել:

Միջին չափի, սկզբնապէս ճերմակ սակայն ժամանակի ընթացքին անորոշ գոյն մը առած՝ քասէթօֆօն մը ունէինք: Ինչպէս որ ամէն տուներուն մէջ կար, այդ օրերուն:  Ծանր չէր: Կ’աշխատէր՝ պատին մէջ մտնող փրիզով, սակայն նաեւ՝ պաթարիաներով: Ուրեմն, փոխադրական էր:

Թէ՝ ռատիօյի ալիքները կը ստանար – վրան միացած, շարժուն, թելեսքոփային անթենայով մը  -, թէ՝ քասէթ կը նուագէր: Եւ մանաւանդ՝ քասէթ կ’արձանագրէր… (Հա-հաաա… հէ՛լլէ պէլլէշ ըլ ֆըլըըըմ… )

 * * *

Շաբաթ գիշեր մը, նոփփս-նոր պաթարիաներ դրի այդ գործիքին մէջը, դատարկ քասէթ մըն ալ (կամ ալ թերեւս լեցուն էր, սակայն կարելի էր եղածին վրայէն նոր բան աձանագրել, նախկինը ջնջելով, եթէ վերեւի անկիւններուն ծակերը բացուած չէին), եւ՝ մտայ անտառ: Թա-թա-թաաաա՜ (© Renaud ) :

Անշուշտ, բանակցելէ եւ թոյլատրութիւն ստանալէ ետք ծնողներէս:

Բայց արդէն չափացանց ապահով տեղ մըն էինք: Լաւ, ըսին, խնդացին: Միայն թէ, պաղ մի առնէր ըսին:

Մամաս, իր – մէկ հատը թեւին տակ բռնած – միլերովը հիւսած՝ լման անթեւ բուրդերէն մէկը անցուց վրաս. մինչդեռ շորթով էի… քանի որ մշտապէս վիրաւոր, կարմիր ներկուած ծունկերս, մերքիւրոքրոմով պատուած, պէտք է որ օդ առնէին, որպէսզի վէրքերս արագ չորնան… մինչեւ յաջորդ գետինները իյնալս, տապլտկիլս…: Պապաս գրպանիս մէջ, քլինէքսով փաթթուած, պանիրով ա’առուս մը դրաւ: Զիս ճամբեցին, եւ իրենք գացին քնացան:

Ու ես մտայ անտառ (հա, հա… կը կրկնեմ կոր… effectի համար…) :

* * *

Ժամը արդէն ուշ էր, բայց դեռ Գաթրճեանը բեմ չէր բարձրացած: Ուրեմն բացի Սամահհայի ամփոփուած աշխուժութենէն – մարդիկը, խմել ու խմելով, զինք կը սպասէին -, եւ հակառակ որ ճաշարանը գիւղի հրապարակին շատ մօտ էր, գիւղին մնացեալ ժումհուրը իրենց տուներուն – եւ խոր քունի – մէջ էին, բոլորը:

Մի քանի մեթր առաջանալէ ետք ամայութեան եւ մութին մէջ, բարձր ծառերուն փսփսուքային խշխշոցին տակ, ուալլա, սկսայ վախնալ:

Բայց իշտէ… Ինչպէս որ կ’ըսէ հնամեայ իմաստուն ասացուածքը՝ քասէթօֆօնով անտառ մտնելը մէկ ամօթ, վազզելով ետ դուրս ելլելը՝ երկու ամօթ

Ուրեմն, քաջաբար շարունակեցի առաքելութիւնս:

Ճաշարանին կողքին, կրցածիս չափ մօտը – եւ արդէն այդտեղի լոյսերը թեթեւցուցին վախերս -, ծառի մը կոճղին տակը, աղուոր տեղ մը գտայ, տեղաւորուեցայ: Ինչ կ’ըսեմ… Դի՛րք բռնեցի:

Ստուգեցի որ գործիքը կ’աշխատի կոր, որ չեմ մոռցած մէջը քասէթ դնել, եւ կռթնեցայ կոճղին, սպասելով՝ Գաթրճեանը:

Առաջին կէս ժամուան մէջ, կաթնահամ հալլումով ա’առուսը կլլած էի արդէն: Շերտուած վարունգ ալ կար մէջը, մերսի Պապաս:

Եւ, սկսայ թմրիլ:

* * *

Քուն մտած էի, երբ որ մարդը սրահ մտաւ:

Առիւծի պէս:

Բաղդատականը յատկապէս տեղին է, քանի որ ոչ միայն շատ աշխոյժ, եռանդուն, կեանքով լեցուն էր Լեւոն  Գաթրճեանը, այլ՝ գլխուն վերը ճաղատ ըլլալով, ետեւի մասը մազերը երկար կը ձգէր: Ուղղակի՝ փա՛շ:

Սակայն այդպիսի իւրայատուկ, անբաղդատելի, աննման ձայնով մռնչացող առիւծ, իրմէ զատ չէ եղած աշխարհին մէջ:

Հազիւ որ սկսաւ երգել, արդէն ձայնէն անմիջապէս արթնցայ, բայց ատրենալինն ալ զարկաւ, եւ ծառին տակէն մէկ շունչով ոտքի ցատկեցի:

Յուզուած երկու մատներովս կոխեցի քասեթօֆօնին զոյգ կոճակներուն վրայ, միաժամանակ՝ կարմիրը, եւ սեւ Playը: Վոլյումը մաքզիմում դրի, քանի որ այդ ձեւով, աւելի լաւ կը կատարուէր ձայնագրումը: Եւ սկսայ ուխախութենէս կեցած տեղս անդադար ցատկել, լման անտեսելով վիրաւոր ծունկերուս ցաւը:

Երգե՜ց, ու երգեց…

Լիբանանեան լեռնային գիշերը լեցուց, ողողեց, յղփացուց՝ Հայութեամբ:

Ծափահարեցին ու ծափահարեցին: Պոռացին, կանչեցին, պարեցին:

Մեր Սփիւռքի Ոսկեդարն էր: Անդունդի եզրին, ափսոս…

* * * 

Առաւօտեան ժամը երեքը անցաւ… Խանդավառութիւնս մարած էր: Այլեւս այնքան քուն ունէի, որ ժամերէ ի վեր ճաշարանին մէջ խմողներէն աւելի գինով վիճակի մէջ էի:

Առանց իսկ անդրադառնալու, մինչ դեռ քասեթօֆօնը կ’աշխատէր (90 վայրկեաննոց էր, եւ կէս ժամ դադարի ընթացքին դեռ արթուն էի, կեցուցած էի գործիքը, ապա ետ աշխատցուցած), ծառին տակը ինկայ, անթեւ բուրդիս մէջ կծկուեցայ, եւ քունի անցայ:

* * *

Սարսափելի աղմուկով մը ցնցուած, յանկարծ ետ արթնցայ:

Ճաշարանին մէջ, մինչ Գաթրճեանը՝ բեմէն իջած, պարելու տարածքին մէջ կը շարունակէր երգել, յունակաան սովորութեամբ, մարդիկ ծունկի եկած, սկսած էին գետինը պնակներ կոտրել:

Կամ ուղղակի գետինը կը նետէին, պնակ առ պնակ, կամ, աւելի ճիշդ աւանդութեամբ, տրցակ մը պնակներ՝ մէկ ափին մէջ, միւս ձեռքին մէջ մէկ պնակով մը, զայն շեղակի բռնած, աստիճանաբար կը կոտրտէին սոյն տրցակը: Ճաշարանը, ուղղակի այդ նպատակին համար, իրարու վրայ շարուած պնակներ կը հայթայթէր, ուզողին… Լայն, հաստ, սպիտակ պնակներ…

Այդ օրը առաջին անգամն է որ, ճաշարանը շրջապատող իրարու կապուած ճիւղերուն մէջտեղի ճեղքերէն՝ կը տեսնէի, եւ այդ մութ անտառիս մէջ, միայնակ՝ կը լսէի, այսպիսի սոսկալի բան մը: Այդ պահուն չհասկցայ իսկ, թէ ինչ կը կատարուի:

Լալս եկաւ:

Սակայն հազիւ պիտի սկսէի հեծկլտալ, մէկէն, մութին մէջէն դուրս ելած առնական բազուկներ (Գաթրճեանը այդ երգն ալ շատ լաւ կ’երգէր…) զիս ամուր բռնեցին, գետնէն վեր հանեցին:

Պապաս էր:

Երեւի մէկ աչքը – եւ մէկ ականջը – փակ քնացած էր միայն: Որպէսզի ճիշդ ատենին գայ, ու զիս տանի տուն:

Փաթթուեցայ իր վիզին: Eau de Cologne 114ի քրտնախառն բուրմունքը դեռ հիմա կ’առնեմ: Հոգիի օքսիժէն:

Արդէն վախերս մոռցած, Պապայիս ապառաժեայ գիրկին մէջ, ես ալ նորէն առիւծ դարձայ:

Բայց լման արթննալը, անկարելի էր:

Կէս քունիս մէջէն, նկատեցի որ Պապաս մէկ ձեռքին մէջ քասեթօֆօնը բռնած էր: Անպայման ուզեցի որ ինծի՛ տայ: Տուաւ: Ես ալ զայն ամէն ուժովս, ամուր գրկեցի: Եւ չձգեցի որ զայն ձեռքէս առնէ Պապաս, նոյնիսկ երբ որ տաքուկ անկողինիս մէջ զիս տեղաւորեց, ու վրաս ծածկեց:

Գործիքը գրկած, խոր քունը մտայ:

Մինչ հեռուէն, դեռ կը լսուէր Գաթրճեանին ձայնը:

* * *

Այդ քասէթը պահած եմ, բայց չեմ գիտեր թէ ուր: Թերեւս նոյնիսկ Պապայիս տունն է:

Բայց ամէն պարագայի, արդէն հիմա՝ քասէթօֆօն չկայ:

Ոչ ալ Լեւոն Գաթրճեանը:

Ոչ ալ, Պապաս:

Հայդուկ Շամլեան

20 Օգոստոս 2022

..
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Մեթր Վարդգէս Շամլեանը մեկնեցաւ այս աշխարհէն

Ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ հայրդ, երբ որ ան մեկնի այս աշխարհէն, ցաւը նոյնն է. վստահ եմ որ այդպէս է, քանզի ցաւս ծանրագոյնն է որ կարող էի պատկերացնել, մինչ հայրս իննիսունը անձ մարդ էր. թող հազար տարեկան ըլլար, կ’ուզէի որ դեռ օր մըն ալ ապրէր, ժամ մըն ալ, վայրկեան մը եւս… Վնաս չունի, տառապելով թող ապրէր, դեռ աւելի ուշ երթար միանալու իր զաւակին, իր հօր, իր բիւրաւո՜ր սիրելիներուն, ընկերներուն, որոնք զինք անհամբեր կը սպասէին: Թող քի՛չ մըն ալ սպասէին, ինչ ա՞ եղել. Յաւերժութեան մէջ դժուար չէ համբերելը: Բայց պապաս դեռ թող այստեղ ապրէր. աչքերը փակ, մարմինը լրիւ քայքայուած, հոգեվարքի անկողինին մէջ թող քիչ մըն ալ մնար, ու միմիայն շնչէր, հազիւ շունչ մը եւս, մի քիչ եւս : Ոչ թէ իրեն համար, այլ ինծի համար:

Շատ բնական իրողութիւն է որ, բացի ննջեցեալին ամենամօտիկ, անմիջական ընտանիքի անդամներուն համար, մահուան մը առիթով գոյացած յուզումը, ցաւը, որքան որ ալ շատ ու մեծ ըլլան, վերջ կը գտնեն՝ թաղումին յաջորդ օրը: Այս է կեանքի կարգը, եւ այդպէս պէտք է որ ըլլայ, որպէսզի Կեանքը շարունակուի, Մարդկութիւնը կարենայ գոյատեւել, առաջանալ:

Սակայն մահացողին ամենաանմիջական հարազատներուն համար, վիշտն ու սուգը ոչ թէ կը վերջանան, այլ կը սկսին՝ թաղումին յաջորդ օրը: Եւ կը տեւեն մինչեւ իրենց կեանքերուն վերջը: Քանզի ժամանակը չի կրնար դարմանել մօտիկ սիրելիի կորուստին ցաւը, այլ… ընդհակառակը: Քանի որ այդ ցաւին էական բաղադրիչը՝ կարօտն է: Եւ երբ որ անկարելի է այս աշխարհին մէջ վերջ դնել այդ կարօտին, ըստ սահմանումի, ժամանակը կրնայ միայն զայն սաստկացնել: Պիտի յարմարիս պարզապէս ապրելու, այդ ցաւին հետ. շարունակել կեանքդ, այդ մշտական ցաւը՝ հոգիիդ մէջ:

Իսկ մեռնողին զաւակը, որդին, ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ, եօթը տարեկան թէ յիսուն-եօթը տարեկան, երբ որ հայրը մեկնի այս աշխարհէն, ան կը դառնայ որբ: Ինքզինք կը զգայ՝ եօթը տարեկան. եւ որբ:

* * * *

Շատ սիրուած եւ յարգուած էր հայրս, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ անձերու կողմէ, աշխարհի ամէն կողմ:

Հօրս նկատմամբ լայնատարած, անկեղծ եւ իւրայատուկ յարգանքի պատճառը իր բիւրաւոր պաշտօնները եւ տիտղոսները չէին (cf. ներքեւ, տարրական կենսագրականը), այլ՝ իր գործն ու գործունէութիւնը. ու նաեւ այն անհերքելի իրողութիւնը, որ ինք իր այդ բոլոր, ազգային եւ պետական գործերը կատարած է արտակարգ, արտասովոր, կարելի է ասել անբնական՝ պարկեշտութեամբ:

* * * *

Տարրական կենսագրական՝

Ծնած է 1928 թուականին, Հայոց Կիլիկիոյ այն տարածաշրջանին մէջ որ, բռնագրաւուած վիճակի մէջ, կը կոչէին՝ Ալեքսանտրեթի Սանճաք: Ալեքսանտրիա քաղաքին մօտակայ՝ Պէլան քաղաքը:

Տասնըմէկ տարեկանին, ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի, եւ կը հաստատուի Լիբանան:

Կ’աւարտէ Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:

Կը յաճախէ՝ Lycée Laïc Français de Beyrouth, ուր կը ստանայ իր երկու աստիճաններու ֆրանսական պաքալօրէյաները, վերջինը՝ Sciences Expérimentales ճիւղին մէջ:

Կը յաճախէ Պէյրութի մէջ École Supérieure des Lettres de l’Institut français:

Կ’աւարտէ Faculté de Droit Saint Joseph de Beyrouthը: Այս ուսումնական հաստատութիւնը հանդիսանալով Ֆրանսայի պետական l’Académie de Lyonի մասնաճիւղը, ան կը ստանայ Ֆրանսական պետութեան կողմէ՝ Իրաւաբանութեան diplôme d’État Français:

Ապա կը ստանայ՝ Licence en Droit Français, եւ Licence en Droit Libanais:

Իսկ այդ բոլորէն քառասուներկու տարիներ ետք, Գանատայի մէջ, ինքզինք երեք տարիներու համալսարանական ուսումի ենթարկելով, կ’աւարտէ Faculté de Droit de l’Université de Montréalը, ու այդտեղ կը ստանայ Իրաւաբանութեան վկայական մը եւս:

1952-էն մինչեւ 2018 թուականը, կը գործէ որպէս Իրաւաբան, նախ Պէյրութի ապագայ Գանատայի մէջ: Կը զբաղուի նաեւ անշարժ սեփականութեան գործերով:

1960-էն 1964՝ կ’ընտրուի եւ կը պաշտօնավարէ որպէս Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ: Թէ այդ պաշտօնին ընդմէջէն, եւ թէ որպէս իրաւաբան, ան տեւաբար ծառայած է հայոց համայքներուն, այլազան նիւթերու մէջ, սիրայօժար նուիրումով:

Եղած է դասատու եւ դասախօս՝ Հայոց Հին Օրէնքի, Պէյրութի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայագիտական Բարձր Ուսման Հիմնարկին մէջ:

Եղած է անդամ՝ Լիբանանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Սիմոն Վրացեանը ատենապետութեամբ: (Ի դէպ, Լիբանանի մէջ մօտիկ եղած նաեւ, ի միջի այլ, բազմաթիւ, նոյն տիպի անձնաւորութիւններու՝ Դրօյին… Դրաստամատ Կանայանին… Իսկ ամուսնութեան կնքահայրն էր՝ Սիմոն Վրացեան) :

Եղած է անդամ եւ ատենապետ՝ Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան:

Քսան տարիներ շարունակ, եղած է փաստաբանը եւ իրաւաբանական խորհրդատուն՝ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, եւ անոր կապուած Լիբանանի հայոց համայնքի բազմաթիւ հիմնարկներու եւ վարչական մարմիններու՝ թաղական խորհուրդ, հոգաբարձութիւն, հայրենակցական միութիւն, դպրոցներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայկական Կարմիր Խաչին:

Եղած է անդամը եւ խօսնակը՝ Լիբանանի Հոգեւորական համայնքներու վարչական համալիբանանեան խորհուրդին:

1973-ին, ընդառաջելով Սուրիոյ նախագահի պաշտօնական հրաւէրին, որպէս Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի հանգամանքով, Խորէն Ա. Կաթիղոկիսին ընկերակցած է սոյն երկրի մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու համար:

Նոյնպէս՝ Խորէն Ա. Կաթիղոկիսի կողքին, կատարած է պաշտօնական ուղեւորութիւն մը՝ Քուէյթ:

Լիբանանի Հայոց համայքի անունով, պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին կարելի է գոնէ նշել՝ Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտըլ-Նասըրը, Լիբանանի նախագահներ՝ Քամիլ Շամուն, Պէշիր Ժըմայել, Էմին Ժըմայել, Էմիլ Լահուտ… Նոյնպէս պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է՝ Փիեռ Ժըմայելի եւ Յասէր Արաֆաթին հետ:

1984ին, Լիբանանի պետութիւնը զինք կը նշանակէ անդամ՝ Սահմանադրական Յանձնախումբին, որու վստահուած էր Լիբանանի նոր Սահմանադրութեան մը խմբագրումը:

Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ, 1994-էն 2007, եղած է անդամ Ազգային Երեսփոխանական ժողովներու:

2001-2002 թուականերուն, եղած է ամենաառաջին ատենապետը Գանատայի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան Գործադիր մարմնին:

Տարբեր երկիրներու մէջ, այլազան թերթերու մէջ հրատարակուած են իր բազմաթիւ յօդուածները:

Մասնակցած է Հայոց Հին Օրէնքի մասին դասագիրքի մը պատրաստութեան, Համազգային Հայագիտական Բարձր Ուսման Հիմնարկին համար:

Հեղինակն է հրատարակուած հինգ գիրքերու՝ իրաւաբանական, քաղաքական, ազգային, իմաստասիրական եւ ինքնակենսագրական բովանդակութիւններով՝

. «Իրաւաբանին խղճմտանքը»

. «Ծեր կաղնիներու շուքին»

. «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին», 1991

. էջ 43-55/ «Անդրշիրիմեան զրոյց աննման Լեւոնին եւ իր մահակիցներուն հետ»

. Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ

. Յուշագրական Ալպոմ (իր այս վերջին գիրքի խմբագրական աշխատանքներուն, ժրաջան կերպով մասնակցած էր իր դուստրը, Ցոլինէն. որու դագաղին ետեւէն ննջեցեալը ուժը ունեցաւ քալելու, յենած՝ իր թոռնիկներէն մէկուն վրայ, հազիւ երեք տարիներ առաջ…)

Ահա իր այս վերջին գիրքէն, հատուածներ ՝

. Յառաջաբան

.  Սիմոն Վրացեանի մասին

. «Թէ ինչպէս Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ դարձայ»

. «Նկարներ Լիբանանի խորհրդարանական կեանքէն»/ «Այցելութիւններ կրօնապետներուն եւ նախագահին»

. «Գինեձօնի հանդիսութիւն հայ երեսփոխաններու»/ «Նախկին երեսփոխաններու միութիւնը»

. «Հանդիպում Լիբանանի ՀՅԴ ԿԿի հետ»

. Այցելութիւն՝ Abdel Nasserին

. Այցելութիւն՝ Եասէր Արաֆաթին եւ Փիեռ Ժըմայէլին

Գիրքը, ամբողջութեամբ ՝ Յուշագրական Ալպոմ

* * * *

Քաղաքական եւ ազգային նիւթերու առնչութեամբ, Մեթր Վարդգէս Շամլեանին հրատարակած է իր լայնածաւալ յուշերուն եւ վկայութիւններուն մէկ փոքրիկ մասը միայն: Եւ այդքանը արդէն մաս կը կազմէ՝ Հայ Ազգի Յիշողութեան պատմական արխիւներուն:

* * * *

Վարդգէս Շամլեանի մասնագիտական եւ ազգային վաստակը կը բոլորուի՝ աւելի քան կէս դար ժամանակաշրջանի վրայ: Տեւական առումով:

Իր այդ իրաւաբանական եւ ազգային գործունէութիւնը կը կրէ համահայկական բնոյթ: Այդ պատճառով ալ, ան յարգուած էր Հայոց բոլոր գաղափարա-քաղաքական շրջանակներուն մէջ, անխտիր, որպէս լայնամիտ, ուղղամիտ, խղճամիտ, ողջամիտ, արդար, վստահելի, խանդավառ եւ աշխատասէր գործիչ, համայնքային եւ պետական նուիրեալ անձնաւորութեան:

ՀՅԴի շարքերը ան անցաւ Գանատայի մէջ, Արցախի ազատագրումէն ետք: Եւ այդ գետնի վրայ եւս, եռանդուն եւ պատուաւոր կերպով, ան կատարեց իր բոլոր պարտականութիւնները:

Սակայն անկէ առաջ, Լիբանանի մէջ, թէկուզ հանդիսանալով դաշնակցական համակիր, եւ ոչ թէ՝ շարքային անդամ, ան տեւաբար եւ մշտապէս ծառայած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Բազմաթիւ ոլորտներու մէջ:

Վերեւ, ներկայացուեցաւ ողբացեալի ազգային գործունէութիւնը, հարկաւոր մանրամասնութիւններով:

Կը մնայ յիշատակելը սակայն թէ, դաշնակցական շարքային գործիչ դառնալէ առաջ ալ, տասնամեակներ շարունակ, այն Մեծ Մարդը, արտասովոր անձը, որ այսօր հողին յանձնուեցաւ՝ դաշնակցական էր:

Նոազագոյնը, ընդգծենք որ իր ամսուսնութեան վկան՝ Սիմոն Վրացեանն էր: Եւ ինք նաեւ Լիբանանի մէջ յատկապէս մօտիկ եղած է Դրօյին: Լեւոն Պէրպէրեանը, Հրաչ Տասնապետեանը, Սէնո Բագրատունին, իր պատանեկութեան ընկերներն էին, իր դասընկերները: Կարո Սասունիի հետ սերտ ծանօթութիւն ունէր: Հրայր Մարուխեանին բարեկամն էր: Այս յատուկ շարքը, դեռ շա՜տ երկար է…

Մնացեալին մասին, նուազ ծանօթ անունով դաշնակցութեան զինուորներու կապակցութեամբ, թէեւ տուեալ գործերուն վերաբերեալ ողբացեալի բաժինը կը սահմանափակուի զուտ իրաւական-իրաւաբանական նիւթերով, գաղափարական եւ կուսակցական աւանդութիւններու հիման վրայ, աւելին՝ կարելի չէ ըսել: Բարձրաձայն չի խօսուիր, այդ նիւթերու մասին:

* * * *

Բարով երթաս, բացառիկ Պապաս:

Հայդուկ Շամլեան

28 Ապրիլ 2022

Յ.Գ./02 Յունիս 2022՝ ՈւԱլլա, իրականութեան մէջ, տղաս Պատրոյգն է, որ ինծի մէկ-մէկ բացատրութիւններ կու տայ կոր, դեռ թարմ ողբացեալ Պապայիս մասին…

Երբ որ ես շուարած եմ, ինքն է որ կը բացատրէ կոր… հենց, սենց… շատ ճիշդ կերպով… միշտ ճիշդ կերպով…եւ մանաւանդ, միշտ հանդարտօրէն…

Ասիկա, անշուշտ, շատ բան կ’ըսէ՝ իրենց երկուքին մասին:

Ուրեմն ես ալ, պէտք է որ շարունակեմ փորձել հասնիլ՝ իրենց:

Գոնէ մէկուն:

Կամ միւսին:

Թերեւս նոյնիսկ՝ երկուքին:

Նայինք… տենանք… Դեռ շանս մը ունիմ:

Աստուած ժամանակ թող տայ: Ես ալ, շարունակեմ միշտ մտիկ ընել՝ երկուքին:

Mission Accomplished… աւելիո՛վ…

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք