Փաշինյանը ճիշդ է

Կարճ եւ յստակ, մասնագիտական, լիովին հիմնաւորուած զեկոյց: Պարզացուած եւ հեշտօրէն հասկնալի:

* * *

Առնենք՝ պայմանագիր մը: Contrat մը: Contractual Agreement:

Ուրեմն թուղթ մը, որուն վրայ գրուած է, թէ զայն ստորագրողներէն ամէն մէկը՝ ինչ պիտի ընէ, ինչ պիտի չընէ, եւ ինչ պիտի տայ:

Երբ որ՝ այդ պայմանագիրը ստորագրած կողմերէն մէկը, անոր մէջ գրուած իր պարտաւորութիւնները չի գործադրեր,  ապա միւս կողմը՝ իրաւասու է այդտեղ գրուած իր պարտաւորութիւնները չկատարելու:

Exceptio non adimpleti contractus.

Ալ ուր մնաց, երբ որ այդ երկրորդ կողմը՝ իր ստորագրած պայմանագրին մէջ արձանագրուած իր պարտաւորութիւններու աւելի քան հիմնական մասը՝ գործադրած է, մինչ միւս ստորագրեալ կողմը՝ իր ամենաէական պարտաւորութիւնները իսկ, չէ կատարած:

Արդէն հասկցաք, չէ՞, ուր կ’երթանք կոր…

* * *

09 Նոյեմբեր 2020ին, գոյացաւ պայմանագիր մը:

Այդ պայմանագիրը ստորագրած են՝ Հայաստանը, Ադրբեջանը եւ Ռուսաստանը: Այս երեք պետութիւնները:

Ահա ռուսերէն բնագիրը: Այս ալ՝ հայերէն տարբերակը: Այս ալ՝ անգլերէնը: (Ստիպուած չէք լման կարդալու: Պէտք եղածը, հեսա, յատուկ կերպով կը մատնանշեմ: )

Փայինյանի Հայաստանը՝ լիովին կատարած է, այդ երկրին վերաբերող բոլոր այն հիմնական, անմիջական պարտաւորութիւնները, զորս գրուած են՝ այդ պայմանագրին մէջ: (Կէտեր՝ 1, 2, 4/Հայաստանի զինեալ ուժերի դուրսբերում, 6/առաջին պարբերութիւն, 8/աւելիո՛վ) :

Փաշինյանի Հայաստանը նաեւ, պաշտօնապէս, բազմիցս եւ ամէն առիթով՝ իր լրիւ, անայլայլ եւ անվերապահ պատրաստակամութիւնը յայտնած է որ, այդ Պայմանագրի հիման վրայ, այդտեղ գրուած իր մնացեալ բոլոր պարտաւորութիւններն ալ, անպայման պիտի գործադրէ: (Կէտեր՝ 7, 9) : Նոյնիսկ նախապատրաստական, իսկական ու փաստացի քայլեր առնուած են, այդ ուղղութեամբ: Անյապաղ կերպով:

Այստեղ սակայն խիստ հարկաւոր է նշելը, եւ գոնէ հինգ անգամ, տարբեր գոյնի մելաններով՝ ընդգծելը, որ ՝ Հայաստանի վրայով թրքական միջանցք ՉԿԱ՛Յ, այդ պայմանագրին մէջ: Ահա այս նիւթին ալ մանրակրկիտ պարզաբանումը:

* * *

09 Նոյեմբեր 2020ի Պայմանագրին միւս ստորագրեալները, Հայաստանէն զատ՝ միւս երկուքն ալ, զայն չեն յարգում: Չեն կիրառում:

Ադրբեջանը՝ բնաւ: Ընդհակառակը:

Ռուսաստանը՝ ամէն դէպքում, ոչ բաւարար չափով: Իսկ որոշ ամենաէական կէտերու առնչութեամբ (կէտ 8/գերիներ, կէտ 6/ «Լաչին»ի միջանցք…), նա էլ, փաստօրէն՝ բնաւ չի յարգում իր ստորագրութիւնը, նշեալ Պայմանագրին ներքոյ:

Դեռ հազիւ մի քանի օր առաջ, թուրքերը նոյնիսկ շարժեցին՝ հրադադարի պահին, վերոյիշեալ Պայմանագրով հաստատուած հողային գիծը (կէտ 1) : Դեռ այդ պարագային իսկ, Ռուսաստանը… բանակցութիւններու մէջ է:

09 Նոյեմբեր 2020ի Պայմանագիրը հովանաւորած, ստորագրած, Մեծն Ռուսաստանը: Եա ա’այպ էլշում !

* * *

Վերեւ պարզուած, առարկայականօրէն եւ օրինապէս անվիճելի իրականութիւններու լոյսին տակ, այս պահին՝ Փաշինյանը ճի՛շդ է, թուրքերը եւ Ռուսաստանը՝ սխալ:

Այստեղ անհրաժեշտ է նշել սակայն շատ կարեւոր կէտ մը:

Վերեւի օրինական վերլուծումը անվիճելի է, սակայն միայն մինչեւ այն ատեն, որ Փաշինյանի Հայաստանը ուրիշ փաստաթուղթ մը չի ստորագրեր, զորս կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս 09 Նոյեմբեր 2020ի պայմանագրի վերատեսութիւն…

Մինչեւ օրս, այդպիսի փաստաթուղթ չենք տեսած:

Հաւանական չէ որ, ցարդ, կայ այդպիսի բան:

Սեւագրութիւնների, աշխատանքային խծբծանքների մասին չէ, խօսքը: Այլ՝ վերջնական բովանդակութեամբ, պաշտօնական, ստորագրուած եւ կնքուած փաստաթուղթի: Չկայ այդպիս բան: Ոչ տակաւին…

Իսկ նկատի ունենալով որ, ոեւէ մէկը փաստօրէն ուժն ու կարողութիւնը չունի, Հայ Ազգը Փաշինյանէ մը ձերբազատելու, այսուհետեւ, գոնէ ջանանք Փաշինյանը «չմղել»՝ այդպիսի էական սխալ մը – եւս – կատարելու…

* * *

Արդարեւ, այս իսկապէս օրհասական պահին, նկատի ունենալով որ փաստօրէն, ներազգային որեւէ ուրիշ այլընտրանք չկայ, եկէք մնացեալը, մէկդի դնենք:

Մեր ներքին պատերազմն ալ, ենթարկենք հրադադարի: Այդ մէկն ալ, որպէս ժամանակաւոր առկախում:

Նոյնիսկ այն տեսակէտը, թէ՝ բայց այս վիճակին չէի՛նք հասնէր, եթէ տեղի չունենար 2018ի Երեւանի պետական յեղաշրջումը, կապ չունի՛ այժմու անմիջական, գործնական կացութեան հետ: Այդ նիւթը հիմա, տեսական է: Յետաձգելի:

Մինչ այժմու պահը՝ այլապէ՛ս իրական, անմիջական, շօշափելի է: Ճակատագրական է: Եւ հրատապ:

Աղէտը, տակաւին չէ լրացած:

* * *

Ի դէպ, այս լուսաբանական գրութեան սկիզբը, բացատրուած է օրինական մէկ հետեւանքը, միայն, երբ որ պայմանագրի մը մէկ կողմը, անոր մէջ գրուած իր պարտաւորութիւնները չի գործադրեր:

Այդ օրինական հետեւանքն է ուրեմն, որ միւս կողմը, իրաւունք ունի իր պարտաւորութիւնները չկատարելու:

Սակայն այդ չէ, այդ պարագային, օրինական միակ հետեւանքը:

Կայ նաեւ՝ ուրիշ հետեւանք մը: Recourse մը:

Օրինական ամենահիմնական կանոնները կը հաստատեն թէ՝ երբ որ պայմանագրի մը մէկ կողմը, անոր մէջ գրուած, իր ստորագրած, իր պարտաւորութիւնները չի գործադրեր, ապա միւս կողմը, իրաւացի կերպով, կարող է այդ պայմանագիրը լրիւ՝ չեղարկել: Չեղեալ դարձնել: Ոչ եւս:

Restitutio in integrum ալ պահանջելու իրաւունքով…(կուկըլ ըրէք) :

Յաջորդ ՀՀ վարչակարգ մը, եթէ կ’ուզէ – կամ եթէ ուժն ու կարողութիւնը ունենայ -, թող այս օրինական երկրորդ հետեւանքը գործադրէ:

Մինչ այդ, փշուր-փշուր եղած կուժը՝ անկարելի է ետ սարքել, փշրանքները իրարու փակցնել:

Մնացեալը ուրեմն, գործնական եւ անմիջական գետնի վրայ, այլեւս որեւէ կապ չունի՛ այն շօշափելի իրողութիւններուն հետ,  որ՝ երեքուկէս ամիսներէ ի վեր, արցախաբնակ հայերը լրիւ պաշարուած են,  որ՝ երկուքուկէս տարիներէ ի վեր, թուրքերը զէնքերով ներխուժած են Հայաստանի տարածք, եւ երբ որ ուզեն, կարող են շարունակել իրենց այդ ռազմական ներթափանցումը, առաջխաղացը: Մինչեւ ուր որ ուզեն:

«Հանգրուանային ռազմավարութիւն» ըսուած բան մը սորվեցուցած էին, մեզի…

Եկէք հէլէ, կոտրտուած կուժին գոնէ փշրանքները հաւաքել փորձենք… Անոր մէջի թափուած կաթին ետեւէն լալն ալ, անմիջական իմաստ մը չունի: Մինչ, մեր թափած արիւնին համար, դեռ բաւարար չլացինք:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

27 Մարտ 2023

Նոյն նիւթի առնչութեամբ՝ « Բոլորդ Փաշինյան էք »

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք