3 տարիներ ետք՝ հաշուեյարդար

Հայոց Վերջին Աղէտի աւարտէն երեք տարիներ անց՝ լրացուցիչ հաշուեյարդար:

Արցախի կապակցութեամբ, բոլոր հայերուն համար – ներառեալ արցախցիները -, 2018-2023ի Հայոց Աղէտին բերած կորուստները՝ 3 կարգի են:

1. Ազգային-գաղափարական:

2. Նիւթական-անձնական:

3. Մարդկային (կեանքի կորուստ):

Միմիայն 3րդ է՝ իսկական կուրուստը:

* * *

1.-ը, տառացիօրէն, կորուստ չէ: Քանզի չես կրնար կորսնցնել բան մը, զորս արդէն չունէիր, չկար:

Եւ այդպիսի բան, ի միջի այլոց՝ Արցախի մէջ իսկ, արդէն վաբշե գոյութիւն չունէր: Կենսական չափով՝ չկար, Ազատագրական Պատերազմի աւարտէն սկսեալ եւ ի վեր: Ազգային միտքն ու ոգին այդտեղ թաղուած էին՝ սոյն Պատերազմի նահատակներուն հետ միասին:

Այն շատ քիչերը որ, անկէ ետք, այդտեղ պահած էին ազգային գիտակցութիւն, նուիրում եւ հաւատք, կը պատկանին՝ 3rt կարգին, Ատուած լուսաւորէ իրենց հոգիները:

ՀՀի մէջ, հիմնականօրէն նոյնն էր՝ նշեալ ազգային, էական դատարկութիւնը: Իսկ Սփիւռքի մէջ ալ, 1980ական թուականներու վերջաւորութենէն սկսեալ, ազգային հաւատքը – եւ մանաւանդ գործնական յանձնառութիւնը – հետզհետէ դարձած էին անբաւարար, մինչեւ որ գրեթէ լման անհետացան: Դատարկուեցան բովանդակութենէ, անջատուեցան գործունէութենէ, դարձան միայն ձեւական, մակերեսային:

Եթէ այս ամէնը չհանդիսանար՝ իրականութիւնը, ապա արդէն Հայոց վերջին – եւ վերջնական – Աղէտը, տեղի չէր ունենար:

* * *

. 2.ի պարագային, այն արցախցիին համար որ անմիջական հարազատ մը չկորսնցուց (զաւակ, հայր, եղբայր, ամուսին), ոչ միայն կորուստի զգացում կամ ցաւ չի մնար, այլ աւելին՝ ան կը սկսի անդրադառնալ որ՝ իր անհատական, անձնական կեանքը… բարելաւուեցա՛ւ: Այլազան առումներով:

Մնացեալը խղճի հարց կրնար ըլալ, սակայն այդ ալ շատ հազուադէպ է, արդի ժամանակներուն:

Հայաստանցիին եւ Սփիւռքահային համար, եթէ երբեւիցէ կորուստի իսկական ապրումներ ունեցան, Աղէտին յաջորդած ժամանակի անցումով, արդէն չի մնաց որեւէ այդպիսի բան:

Կրակը ինկած տեղը կ’այրէ միայն: Եւ այդ վէրքն է միայն որ երբեք չի բուժուիր, չի սպիանար:

* * *

. վերոնշեալ 3րդն է ուրեմն միակ կորուստը, միակ իսկական կամ տեւական ցաւը:

Սակայն այդ՝ կը վաբերի միայն մահացողին ամենաանմիջական, առաջին գիծի հարազատներուն: Զաւակ, ծնող, մեծ-ծնող, հարազատ քոյր-եղբայր, կողակից:

Մնացեալ բոլորը – ներառեալ ընտանիքի մնացեալ անդամները- հեշտօրէն կը «հաշտուին» այդ կորուստին հետ: Ոմանք նոյնիսկ կարող են մխիթարուիլ, մտածելով որ – ինչ լա՜ւ, իրենք բախտը ունեցան այդ բնոյթի կորուստ չունենալու – :

Մինչեւ իսկ վերապրող արցախցիներէն շատերը իրենք զիրենք կը քաջալերեն, որ՝ իրենց անձնական, անհատական , կեանքը լաւացաւ, շեշտակի կերպով բարելաւուեցաւ, 2023էն ի վեր:

* * *

Այս է, հաստատ իրականութիւնը:

Մնացեալը՝ պլա-պլա է: Այսուհետեւ աւելի քան եբրեք՝ պարապ, սին ու անիմաստ:

* * *

Եւ հիմա որոշ հայերու համար, իրենց ներկայիս այսպէս կոչուած «Հայաստանը» բաւարար է։ Գոհ ե՜ն, դրանով։ Մինչդեռ այդ անունը կրող այդ ահեթեթ տարածքը այլեւս ոչինչ է, բացի ծայրագոյն խորհրդանիշը ՝ Պարտութեան, Ամօթի, եւ փաստը՝ Հայ Ազգի անէացման բոլոր ծրագիրներու վերջնական իրագործումին:

Գոյութիւն ունի՝ «առանց պետութեան ազգերու» յղացք մը:

Սակայն հայերը, ինչպէս միշտ, այդ առումով եւս՝ բացառիկ են։ Անոնք երբեք իրական կամ դիմացկուն պետութիւն չեն ունեցած, բայց նաև երբեք չկարողացան դառնալ ազգ։

Իսկ այն ինչ կը վերաբերի այդ կարծեցեալ երկրի պայծառ առևտրական ապագային, տնտեսական վերելքին, այս բոլոր փառահեղ երազանքներուն որոնցմով այդքան հիացած, գրգռուած են որոշ գործարարներ եւ իրենց շահագրգռուած ​​​​շրջապատերը, մեջբերենք միայն Ժան Ժօրեսի այս խոսքերը՝ «մարդկութիւնը այլևս չի կրնար ապրիլ, մինչ իր նկուղին մէջ կայ՝ ժողովուրդի մը դիակը»։

Սակայն հիմա այդ դիակը կը գտնուի նկուղին մէջ՝ այդ «Իրական Հայաստան»ին, զորս ցած մակարդակի փողոցային շուկայի վաճառականներ, անճարակ խաբեբաներ, յանձինս այդտեղի բոպիկ ղեկավարներուն եւ իրենց համակիրներուն, կ’ուզեն մնացեալներուս ծախել:

Բայց դեռ աւելին:

Որովհետև Ժորեսը կ’ակնարկէր 1895-96ի համիտեան կոտորածներուն:

Ներկայի «Հայ»աստանի նկուղին մէջ կան նաև՝ 1907-1909, 1915-21, 1988-1992, 1920-23 ժամանակամիջոցներուն զոհաբերուած հայերու դիակները…

Հոյակապ հիմքեր, հա՞, ապագայ կառուցելու համար…

Բայց արդէն սա նկուղ իսկ չէ, դարձաւ բացառեալ գերեզմանոց: Թաղումի հանրային փոս, լրիւ լեցուած, մինչեւ ծայր խճողուած: Տունն ալ այլեւս տուն չէ, այլ՝ կոթողային դամբարան:

Ուրեմն, այդ զուարթ տուն-գերեզնմանատան խոհանոցին եւ ճաշասենեակին մէջ՝ երգեցէ՜ք, պարեցէ՜ք, խմեցէք եւ խո՛զացէք, անհոգ ու անզգամ տիկնայք եւ պարոնայք: Բարի ախորժա՛կ:

* * *

Այդ տեսակի հաերէն անոնք որոնք կը կարծեն թէ զիս անձնապէս կը «ճանչնան», թող բարեհաճին մեյ մըն ալ իմ հետս չխօսիլ, չհաղորդակցիլ: Եթէ պատահմամբ իրարու հանդիպինք, խնդիր չկայ, ես կը մեկնիմ, կը ձգեմ կ’երթամ:

Կեանքը շատ կարճ է, այս աշխարհին մէջ: Իմ մօտիկ սիրելիներուս քանակն ու որակը ինծի համար աւելի քան բաւարար են, մինչև իմ երկրային ճամբորդութեանս աւարտը։

Աւելին, ես նաև առանաձնաշղնորհը ունիմ երբեմն շփուլու, խօսակցելու, անգին պահեր անցկացնելու՝ ուրուականներու, ոգիներու հետ։ Հիմնականօրէն գիշերային երազներուս մէջ, բայց նաև երբեմն ցերեկը, մտքերուս մէջ:

Այս մտերիմ ուրուականները անկասկած աւելի ողջ, աւելի կենդանի են, քան թէ տակաւին այստեղ, վարը ապրող շատ մը էակներ։ Եւ անհամեմատօրէն՝ աւելի հաճելի, աւելի օգտակար եւ հետաքրքրական, լիովին արժանի իմ ժամանակիս, ուշադրութեանս եւ վստահութեանս:

Հայդուկ Շամլեան

08 Փետրուար 2026

Ֆրանսերէն տարբերակ՝ https://haytougchamlian.home.blog/2026/02/08/3-ans-apres-le-bilan/

«they are not ghosts they are manifests» (John River)

. Սփիւռք
Հայկական Հարց
«ՀըԴաՀի՜ւն »
ԼիւնՏիւնՊէ
Դէպի Երկի՛ր
Ի Յուշ
Շ…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք

Share this: