Ռուսաստանը չհասաւ իր նպատակին:
Այս առումով, իրօք պարտուած է:
Ծանր ու թանկ կերպով, ձախողած է: Խորապէս խայտառակուած:
* * *
Ուքրանիոյ պատերազմին առիթով, համայն աշխարհին համար բացայայտուեցաւ նաեւ այն իրողութիւնը որ, այդ երկիրը՝ կեղծ «գերտիրութիւն» մըն էր:
Նա չունի՝ ոչ թէ համաշխարհային, այլ ոչ իսկ տարածաշրջանային զօրութիւն, հզօրութիւն:
Եւ յատկապէս անոր ռազմական կարողականութիւնը՝ սուտ մըն էր: Պլաֆ մը:
Այդ ռազմական ուժը բնաւ այն չէր, ինչ որ շատերս կը կարծէինք, եւ այդ հիման վրայ կը կողմնորոշուէինք, ըստ մեր ազգային հաւատքին, մեր գաղափարական ձգտումներուն…
Հայերս, այս ամէնը հասկցանք, խոր ցաւերով սորվեցանք, ոչ թէ՝ Ուկրաինայի ընթացիկ պատերազմին առիթով, այլ անոր բռնկումէն առաջ, մեր Արցախի կորուստով:
* * *
Իր ժողովուրդին մօտ, Զելենսքիի այժմու վարկանիշը չափելը՝ անհնար է:
Այս կացութեան մէջ, ո՞րմէկ ուքրանացին պիտի համարձակի զինք քննադատել: Իր ժողովուրդին մէջ, ո՞վ՝ մահացու ռիսքը կ’առնէ, իր դէմ, հանրային կերպով, գանգատ կամ բողոք արտայայտելու…
Մէկ մասն ալ արդէն այնպիսի հոգեվիճակի մը մէջ են, որ իրենց ուղեղները դադրած են աշխատելէ…
Այո, արտակարգ եւ արտասովոր, անսպասելի՛ կերպով կռուեցաւ, դիմացաւ ու դիմադրեց այդ քաջաարի, շատ տոկուն, վճռակամ եւ դիմացկուն, հպարտ, հայրենապաշտ ու խիզախ ժողովուրդը:
Սակայն կրեց անասելի, անհուն վնասներ: Որոնք կը շարունակուին, կ’աւելնան, ամէն օր: Այլազան առումներով:
Եւ ուքրանացիներուն համար, հիմա, էական հարցումն է՝ վասն ինչի՞…
Ասկէ աւելի, ի՞նչ կարող են ընել:
Ռուսաստանը կրնայ դեռ տարիներո՜վ շարունակել այս պատերազմը:
Ուքրանիան, չի կրնար:
Մանաւանդ որ Արեւմուտքի օգնութիւնը հասաւ իր ծայրագոյն սահմանափակումներուն: Նոյնիսկ եթէ ԱՄՆ-ն ուզէր շարունակել իր նախորդ վարչակարգին քաղաքականութիւնը:
Ռուսաստանը «փրկողը», իր հիւլէական զէնքերն են միայն: Եւ այն հրէշային հաւանականութիւնը որ, ի հարկին, պիտի չվարանի զանոնք գործածելէ:
* * *
Ուրեմն այժմու խաղաղութեան ծրագիրը , զորս, գրեթէ բացէ ի բաց, յայտնում են արդէն ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնական դերակատարները, լայն գիծերով, հետեւալ է՝ զինադադար — ընտրութիւններ — Զելենսքին փոխարինել իրապաշտ ղեկավարով մը — ՌԴի բռնագրաւած հողերը թողնել նրան — մնացորդ Ուկրաինայի գոյութիւնն ու ապագան ապահովել, որչափ որ դա հնարաւոր է, սակայն նիւթէն դուրս հանելով այդ Նոր Ուկրաինայի միացումը՝ ՆԱՏՕին:
Հողերու յանձնումը կրնան թերեւս կատարել… փափկանկատութեամբ: Հոգեբանական ռազմավարութեամբ…
Նախ գրելով եւ ստորագրելով որ՝ դեհ, հիմա, հելէ թող մնան այդպէս… տենանք… գալիք տարիներուն կ’որոշուի անոնց վերջնական ճակատագիրը:
Ծանօթ ենք, չէ՞, այս գործընթացին…
Մինչեւ որ ուկրաինացիները համակերպին այն դաւանաքին, որ այդ մնացորդ Ուքրանիան է՝ «իրական» Ուքրանիան…
* * *
Եւրոպական պետութիւննե՞րը:
Անոնք դեռ շատ կը խօսի՜ն – իսկապէս որ, հոյակապ կերպով խօսիլ գիտեն – : Կը գայթակղին, կ’ընդվզին, սոսկալի ժողովներ կ’ընեն: Պլա՜-պլա՜-պլա՜-պլա՜:
Սակայն որեւէ շօշափելի բան, չեն ըներ:
Քանի որ՝ տկար են: Հին ու յոգնած, մաշած են:
Քանի որ իրենց երկիրները արդէն չեն պատկանիր իրենց:
Քանի որ, հիմա այլեւս՝ այս լուծումը նաեւ ձեռնտու է, իրենց:
Եւ նաեւ, որովհետեւ՝ այժմու ԱՄՆ-ն, այս նշանակալից առիթով, կ’ուզէ նաեւ զիրենք բոլորը, միասնաբար, իրենց տեղը դնել:
Երկու անգամ, ԱՄՆ-ն, իր բիւրաւոր զաւակները զոհելով իրենց տուներէն ովկիանոս մը անդին, գնաց ու փրկեց, ազատագրեց՝ Եւրոպան:
Անգամ մը եւս, նո՞յնը պէտք է որ կատարէ…
Մինչ այս անգամ, հիւլէական զէնքեր ունի նաեւ թշնամին – եւ իր դաշնակիցները – :
* * *
Վերեւ պարզուած ծրագրին մէջ, ԱՄՆի առաջարկած խաղաղութեան երաշխիքը, հետեւեալն է ՝
ԱՄՆի եւ – մնացորդ – Ուքրանիոյ միջեւ համաձայնագիր մը կնքել, որ կը վերաբերի՝ վերջինիս հանքային հարստութիւններուն:
Անոնցմէ կ’օգտուի ԱՄՆ-ն: Նախ՝ որպէսզի ամերիկացի հարկատուներուն վերադառնան Ուկրանինայի ցարդ տրուած մօտ երկու հարիւր պիլիօն տօլարները: Անկէ ետք, ԱՄՆ-ն կը սկսի իր արդար շահոյթի բաժինը ստանալ այդտեղէն:
Ուկրաինա-ն ալ կը ստանայ իր շահաբաժինը, այդ միացեալ, հսկայական ձեռնարկութենէն: Մինչ, ԱՄՆ-ն է որ կը ստանձնէ հանքերու գոյացման եւ տուեալ նիւթերու արտադրութեան ծախսերը:
Այսպէսով, ըստ այժմու ԱՄՆի մօտեցումին, Ռուսաստանը յետագային պիտի վարանի, «երկու անգամ պիտի մտածէ», դարձեալ ներխուժելէ առաջ՝ մնացորդ Ուքրանիոյ տարածք:
Քանզի այդտեղ այլեւս ԱՄՆ-ն կ’ունենայ, ծայրագոյն տարողութեամբ՝ էական շահեր: Պետական շահեր: Զորս կարելի է համազօր համարել՝ ԱՄՆի ազգային անվտանգութեան բաղադրիչներու: Եւ զորս հետեւաբար, ի հարկին, ԱՄՆ-ն կը պաշտպանէ իր զինուորներով:
Այսպէսով, ՆԱՏՕ-ն կը մնայ՝ նիւթէն դուրս:
Եւ հետեւաբար կը վերանայ – այլապէս անմիջական – վտանգը՝ համաշխարհային պատերազմի:
Ան որ համաձայն չէ այս մօտեցումին հետ, գաղափարական-վերացական խօսքերէն անդին, թող ինքն իրեն մտածէ որ, լաւ, ի՞նչ է՝ այլընտրանքը: Ի՞նչ ձեւով վերջ պիտի գտնէ այս պատերազմը…
* * *
Վերջին օրերու «հաղորդակցական» խնդիրն ալ, խորքին մէջ, հետեւեալն է:
Եկէք անտեսենք՝ Թրամփի նոպայական պոռթկումները:
Հասկնալի է որ ոմանք շատ կը ջղայնանան ատկէ – եւ ընդհանրապէս իրմէ – :
Եւ իր այդ բնորոշ, լեզուական գունագեղութեան, խօսելակերպի անճոռնի իւրայատկութիւններուն կամ ոճային սայթաքումներուն պատճառով, դժբախտաբար, կը մսխուի իր ըսածներուն խորքային, ուշադրութեան արժանի, հետաքրքրական բովանդակութիւնը:
Լսենք ուրեմն՝ Մարքօ Րուպիօյին:
ԱՄՆի այժմու Պետական Քարտուղարը, Արտագին Գործոց նախարարը, շատ լուրջ ու ատակ անձ մըն է:
Տուեալ սաստիկ բեւեռացած կացութեան մէջ իսկ՝ ԱՄՆ Սենաթը, միաձայնութեամբ, երկու կուսակցութիւններու եւ անկախ սենաթօրներուն միաբերան ձայներով, զինք անմիջապէս հաստատեց իր այդ պաշտօնին վրայ: Որպէս ԱՄՆ այժմու կառավարութեան ամենաշուտն ու առաջինը վաւերացուած անդամը:
Ահա թէ ինք ինչ բացատրեց, այսօր ՝
Երբ որ Զելենսքիին ներկայացուցած են վերոնշեալ, Ուքրանիոյ բնական նիւթերու – եւ հետեւաբար ԱՄՆ խաղաղութեան երաշխիքներու վերաբերող – համաձայնագրի առաջարկը, Զելենսքին իրենց հաւաստիացուցած է որ, շատ բարի, լաւ միտք է, կը հաստատուի այդ համաձայնագիրը:
Սակայն յետոյ, երբ որ ԱՄՆ Գանձապետական նախարը իր մօտ գնաց, որպէսզի ստորագրուի սոյն համաձայնագրի նախաբանը, Զելենսքին մերժած է զայն ստորագրել: Դրժած է իր տուած խօսքը, պաշտօնական խոստումը: Որու հիման վրայ է որ ծայր տուին ԱՄՆ-Ռուսաստան կապերու վերահաստատումը, հանդիպումները:
Եւ այ՛ս պատճառով է որ ԱՄՆ նախագահը զայրացած է Զելենսքիէն:
Զինք այլեւս համարելով անվստահելի, անլուրջ, անկայուն եւ անհաւատալի դերակատար մը, տեղի ունեցող բանակցութիւններուն կապակցութեամբ:
* * *
Վերեւ պարզուած ծրագիրը, պիտի դառնայ իրականութիւն: Եւ կարծուածէն աւելի արագ կերպով:
Կ’առաջարկեմ որ ըստ այնմ հաճիք մտիկ ընել «լուրերուն»: Որոնց ինիսուն տոկոսը, կրնայ միայն սխալ բաներ, սուտ բաներ – կամ պարզապէս՝ խոր շփոթ – արտադրել, ուղղամիտ մարդոց պրպտող մտքերուն մէջ:
Մ. Հայդուկ Շամլեան
21 Փետրուար 2025
Յ.Գ. Ռուսաստանը, երբ որ անդրադարձաւ որ ուժն ու կարողութիւնը չունի Ուքրանիոյ տիրանալու, ձեռնարկեց plan B գործողութեան մը՝ Ղրիմը Ռուսաստանին միացնելու, հողային տարածքներով: Այդպէսով լման կ’իւրացնէ՝ Ազովի ծովը, եւ աւելի կ’ապահովէ Սեւսթոփոլի նաւահանգիստը, իր տնտեսական եւ ռազմավարական տիրապետութեամբ՝ Սեւ Ծովուն վրայ:
Ահա թէ ուր հասած է ան, այս պահին, այդ ծրագրի իրագործման ուղղութեամբ (եւ անդադար կը շարունակէ առաջանալ, թէկուզ դանդաղօրէն, եւ բիւրաւոր զոհեր տալով – բայց ռուսերուն համար, ատիկա խնդիր չէ… կարծես թէ նոյնիսկ հիւանդագին, վիպապաշտ հաճոյք մը կը ստանան, արիւններու եւ կրակներու մէջ մեռնելով…) ՝

ըստ այնմ այցելեցէք իր կայքէջը…
. Սփիւռք
. Հայկական Հարց
. «ՀըԴաՀի՜ւն » [= «ՀՅԴ», re: Չարենց, «Մահուան Տեսիլք»...]
. ԼիւնՏիւնՊէ [Լեւոն Տեր-Պետրոսյան, ԼՏՊ,Այբուբենի հարազատ հնչողութեամբ ]
. Դէպի Երկի՛ր
. Ի Յուշ
. Շ... [Շուշի]