Հազիւ կարողացած էի մագլցիլ անկողինիս մէջ:
Դեռ լման քունի չէի անցած, երբ որ յանկարծ՝ ծանր ձայն մը, թնդում մը լսեցի:
Նոյն պահուն, մարմնային սոսկալի ցնցում մըն ալ զգացի, մինչեւ ոսկորներուս մէջ:
Մէկ աչքս միայն կարողացայ բանալ: Այդ ալ ոչ լման, քառորդ չափով միայն:
Քիչ մը Ժամանակ առաւ, որ հասկնամ թէ ինչ էր պատահել:
Անկողինէս վար ինկած էի:
* * *
Մինչեւ դեռ ժամ մը առաջ, Ստեփանակերտ էի, ընկերոջ մը հետ:
Մեզի այդտեղ, տան մը հայաթում, ոչ միայն՝ շատ, շա՛տ խմցուցին, այլ նաեւ այդպէս ըրին, բաւական կասկածելի արաղով մը…
Տարիներէ ի վեր, տան օրիորդներէն մէկուն նկատմամբ սոյն ընկերոջս ամուսնական յոյսեր տալով, այդ մարդիկը, համակարգային կերպով, սաղ իր դրամները կ’օգտագործէին:
Այդ երեկոյ, ես սկսած էի… իրականութեան մէջ տեղաւորել կացութիւնը: Բացէ ի բաց խօսելով, զիրենք կը մղէի՝ հաստատ կերպով արտայայտելու իրենց շօշափելի կեցուածքը, գործնական տրամադրութիւններն ու նպատակները, այս թաքուն սէրը այլեւս պսակելու համար խորանին առջեւ:
Այդ որ տեսան, եւ քանի որ խորքին մէջ ամէնը իրենց կողմէ խաղ մըն էր, հասկացան որ իրենց ոսկիի հանքը այդ պահուն վտանգուած է:
Եւ ուրեմն, նիւթը շեղելով, զիս եւ սոյն հանքը՝ սեղան նստեցուցին: Եւ փիս արաղ մը խմցնելով, խմցնելով ու դեռ խմցնելով, ուղղակի՝ թունաւորեցին: Թէկուզ մութ էր, սակայն հայաթում լոյս միացուցած էին, եւ կը տեսնէի որ ընկերոջս, բառացիօրէն՝ կանաչ դարձած էր: Տարօրինակ կանաչ մը: Եւ ուրախ էի որ ես իմ դէմքս չէի տեսներ, որովհետեւ, զգացած վիճակիս համեմատ, պէտք է որ արդէն մանիշակագոյն դարձած ըլլար:
Յետոյ ալ դեռ, յանկարծակի կերպով, զիս առին ու տարին տանտիրոջ նահատակուած եղբօրը գերեզմանը: Ուշ գիշերուան մէջ: Այդ զըր-սարխօշ, հիւանդ վիճակիս մէջ: Սա արդէն, կարգին մահափո՛րձ էր:
Ապա, մինչ լրիւ խորտակուած, դեռ հիւնքիւր-հիւնքիւր կը հեծկլտայի, զիս մեքենայի մը մէջ դրին, եւ ճամբեցին՝ տուն: Շուշի:
Սակայն, իրենց քովը պահեցին ընկերս…
* * *
Հասայ տուն:
Այդ տարին, Էտիկ-Գայանեյենց տունը իջեւանած էինք, ընտանեօք:
Տան տէրերը, իրենց երեք զաւակներով, այդ ժամանակամիջոցին կը քնանային մէկ սենեակի մէջ: Որպէսզի իրենց զաւակներու սենեակներուն եւ անկողիններուն մէջ, քնանայինք՝ մենք – մեր չորս հոգինոց ընտանիքը – :
Չեմ գիտեր ինչպէս հասայ՝ տան կանաչ դարպասին առջեւը: Զորս յատուկ ինծի համար, երբ որ դուրսն էի, չէին կղպեր գիշերները: Մինչեւ որ տուն վերադառնամ:
Պարտէզը որ մտայ, ուզեցի այդքան խնամքով, գուրգուրանքով բուծանուած՝ խոշոր եւ սիրուն ծաղիկներէն մէկ հատին բուրմունքը շնչել:
Սակայն չեմ կարծեր որ մինչեւ անոնց կրցայ հասնիլ…: Բան մը հոտոտացի, հա, եւ այդ ալ մեծ հիացմունքով: Բայց կարծեմ՝ մուտքի կողքին, ծառերուն միջեւ կախուած, երկար օրօրոցին կտաւն էր… (Ի դէպ, այդ hamacէն ալ քանի՜ անգամներ գետին ինկած էի, առանց կաթիլ մը իսկ խմած ըլլայի, լրիւ սթափ վիճակի մը մէջ) :
Յետով կքած, «չորս-ոտքով», բարձրացայ աստիճանները: Կողքէն լսելով ներքեւում մտահոգուած հաւերուն ջղային կռկռոցը:
Աննման Այտաս – որ անշուշտ արթուն, ինծի կը սպասէր -, ոչ թէ լսեց, այլ զգաց որ՝ եկած եմ: Դուռը բացաւ, եւ մեղմ խօսքերով, ուսս մտած, յաջողեցաւ զիս քաշկռտել, հասցնել, եւ շպրտել անկողին:
Ուրկէ, պահ մը անց, ետ վար ինկայ:
* * *
Ամբողջ տունը, բառացիօրէն, ցնցուեցաւ: Ոնց որ երկրաշարժ տեղի ունեցած ըլլար:
Մեզ հիւրընկալող, արժանապատիւ տան տէրերը, վստահաբար իրենք ալ արթնցան: Եւ անմիջապէս հասկցան թէ ինչ է կացութիւնը: Տարիներու ընթացքին, սորված էին զիս ճանչնալ… Ամենայն բարեացակամութեամբ…
Եւ ուրեմն, իրենց բնորոշ համբերութեամբ, քաղաքավարութեամբ եւ փափկանկատութեամբ, մնացին՝ իրենց սենեակին մէջ, դուռը փակուած:
Անկարելի է որ Այտան կարենար զիս լրիւ գետինէն վեր շալկել, որ՝ ոտքի ելլեմ ու մնամ:
Ուրեմն, այդպիսի պահերու իւրայատուկ տրամաբանութեամբ, իրմէ խնդրեցի որ ինք քնանայ անկողինին մէջ: Ես ալ որոշեցի՝ գետինը քնանալ: Ինչո՞ւ չէ… մաս-մաքուր գետին էր, ապահով եւ հանգիստ տան մը շատ ջերմիկ սենեակին մէջ…
* * *
Սակայն քիթս վնասած էի, եւ արիւնի բարակ հոսում մը կար վրան:
Այդ հոսող արիւնի տաքուկ քերուըտուքը մինչեւ ծնոտիս ծայրը, խառնուած՝ վէրքի ցաւին, թոյլ չտուին որ այդպէս գետինը կծկուած, քունի անցնիմ:
Սակայն ուրիշ միտք մըն ալ յանկարծ ցայտեց՝ մշուշապատ եւ տենդոտ ուղեղիս մէջ: Եւ ատիկա զիս աւելի արթնցուց – որչափ որ կարելի է «արթննալ», այդ վիճակին մէջ – :
Այդ մարդիկը զիս Շուշի ուղարկած էին, մինակս:
Մինչ, սիրահարութեամբ խաբուած եւ տեւաբար «կթուող», վիպապաշտ ընկերս, պահած էին իրենց մօտ…
Չէի կրնար զինք թողնել մինակ, այդտեղ: Ատոնց ձեռքը:
Leave no man behind! Semper Fi!!
Ուրեմն, ոտքի ելայ: Մէ՛կ մարդու պէս (քանի որ ամէն ինչ, առնուազն՝ կրկնակի կը տեսնէի կոր…) :
Ապա՝ թա՜խ-թուխ, մէկէն միւսը եւ շարունակաբար, բոլոր պատերուն զարնուելով – բայց նաեւ շնորհիւ անոնց միայն, դարձեալ գետին չփրուելով -, ինքզինքս նետեցի դուրս:
Այտան գիտեր որ, այդպիսի պահերու, այլեւս ի զուր է միջամտելը…
* * *
Դեռ լման առաւօտ չէր:
Լաւ տղայ մը կար, որ այդ ամառը, թաքսիսթ կ’աշխատէր: Համարը ունէի, բջջայինիս մէջ: Զանգեցի:
Բայց ուրիշ մէկը պատասխանեց…
Չեմ գիտեր ինչպէս ան հասկցաւ թէ ինչ ըսի, քանի որ լեզուս հազիւ կը դառնար կոր: Բայց հասկցաւ:
Եւ արդէն մի քանի րոպէներ ետք, քովս հասած էր իր մեքենայով:
* * *
Լուտվիկն էր:
Ժամը շատ կանուխ էր, դեռ հազիւ արշալոյս: Երբ ր զանգած էի, վարորդ տղան, Արսէնը, դեռ քնացած էր:
Սակայն ինք չէր ուզած զիս այդպէս, այդ վիճակիս մէջ թողնել:
Եւ ուրեմն անկողինէն ելաւ, եւ եկաւ որ զիս տանի Ստեփանակերտ:
Իրարու չէինք ճանչնար, բնաւ: Ամենաառաջի՛ն անգամն է, որ իրեն կը հանդիպէի:
Անմիջապէս հասկցած էր ընդհանուր կացութիւնը:
Խոշոր ու հաստ, դեղնորակ պեխեր ունէր, որուն վրայ մոխրագոյն հետք մը կար, ծխախոտի պատճառով: Եւ իր այդ իւրայատուկ պեխերուն տակէն, իր ամբողջ դէմքովը կը ժպտար:
Իր այդ աննման, լուսահեղեղ ժպիտով, որ իր խորունկ, բաց կապոյտ աչքերուն դեռ յաւելեալ փայլք մըն ալ կու տար:
* * *
Սկսանք իջնել դէպի Ստեփանակերտ:
Ինք, չէր խօսեր: Կը թողնէր որ միայն ես խօսիմ, եթէ ուզեմ: Աստուած գիտէ, թէ արդեօք ինչեր ըսի, այդ պահուն…
Երբ որ նկատեց որ ես այլեւս «խօսելու» վիճակ չունիմ, որպէսզի արեւածագի այդ լռութեան մէջ, աւելի չվատթարանամ, երաժշտական քասէթ մը դրաւ: Իրական, փոքր եւ բարակ, ուղղանկիւն, ժապաւէնով քասէթ մը:
Եւ Հարութ Փամպուքճեանը սկսաւ երգել, ակամ…
շարունակելի
Հայդուկ Շամլեան

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…