[Մաս I-ը]
* * *
Տարիներէ ի վեր արդէն Հայաստան-Արցախ կ’երթայինք, կու գայինք, սակայն այդ պահուն ամենաառաջին անգամն է որ կը հանդիպէի տեղացիի մը, որ Հարութ մտիկ կ’ընէ:
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մեզի վիճակուած բիւրաւոր – վատ – անակընկալներուն, յուսախաբութիւններուն, մաս կը կազմէր նաեւ այդ զարմանալի իրողութիւնը:
Սփիւռքի մէջ մարդավարի հայ չկար, որ մտիկ չընէր՝ հայաստանցի Հարութ-ին երգերը: Մինչ, Հայաստանի մէջ՝ ո՛չ ոք !
Եւ ահա, յանկարծ, Շուշի-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ, արեւածագին, երբ ահաւոր գինով վիճակի մը մէջ, կը փութայի ընկերս փրկելու հնարամիտ թալանճիներու ճիրաններէն, զիս փոխադրող այս անձը, Լուտվիկը, Հարութի քասեթ ունէր իր մեքենային մէջ:
* * *
Այդ անսպասելի, արտասովոր եղելութիւնը, զիս ուշքի բերաւ…
Լուտվիկի հետ իմ այս նախնական հանդիպումիս առիթով, իրեն հարցուցի թէ՝ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, այս բացառիկ երեւոյթը: Ինք ինչո՞ւ Հարութ մտիկ կ’ընէ:
Խնդալով բացատրեց որ այս սովորութիւնը, իրեն համար ոչ միայն կարօտախտի հետ կապ ունէր, այլ ուղղակի՝ Անկախութեան ոգեկոչում մըն էր:
Եւ պատմեց որ Սովետի վախտ, այլախոհութիւն կը համարուէր՝ Լիբանան defect ըրած Յարութին երգերը մտիկ ընելը: Ինք ուրեմն գաղտնի մտիկ կ’ընէր անոնց:
Սակայն անշուշտ զինք մատնող եղած է: Հաւանաբար՝ երգերը լսած հարեւան մը…
Եւ ուրեմն զինք արած, տարած են ոստիկանատուն: Խորհրդային մախվար: Հարցաքննելու համար թէ՝ խի՞ դու Հարութ ես լսում, խօսա՛…
Այստեղ հետաքրքրական է որ նշեմ՝ այդ քասեթը որ ինք այդ պահուն զետեղած էր մեքենային գործիքին մէջ, Հարութի ազգագրական երգերուն հետ կապ չունէ՛ր:
Գուսանական երգեր էին… (Լուտվիկը իսկական, բարձ մակարդակի երաժշտասէր էր: )
Բայց երեւի այդ ալ արգիլուած էր, Սովետի վախտ: Խնդիրը երգիչն էր, ոչ երգերը:
Մանաւանդ որ, որպէս յանցանքին ծանրացուցիչ հանգամանք, Յարութը կը բնակէր Պուրճ-Համուտի մէջ, դաշնակցականներուն turf-ը… (այդտեղ է, ի դէպ, որ ինք երգիչ դարձաւ…) :
* * *
Ինչ որ է…
Այս դաստիարակչական ուղեւորութեամբ, Լուտվիկը զիս հասցուց՝ ընկերս պատանդ պահող մարդոց տունը:
Նախ, վարձատրութիւն իսկ չուզեց:
Այդ օրերուն, Ստեփանակերտ-Շուշի փոխադրութեան համար, մինչեւ հինգ հազար դրամ առնողներ կային: Մէ՛կ ուղղութեամբ: (Անշուշտ այդ գինը վերապահուած էր միայն՝ ախպարներուն…)
Այդ զիլ հարբած վիճակիս մէջ, եւ նկատի ունենալով գործի անբնական կանուխ ժամը, շատ մը ուրիշ վարորդներ հաւանաբար իրենց գոնէ մէկ շաբթուայ աշխատավարձը կը գանձէին ինձմէ…
Բայց Լուտվիկը, որուն դեռ ամենաառաջի՛ն անգամ կը հանդիպէի, դրամ չուզեց առնել:
Երբ որ շատ պնդեցի, ապա, որպէսզի յանկարծ ես չնեղանամ, դեհ լաւ, փոքր գումար մը նշեց… Եւ աւելին, մերժեց:
Գնահատեցի նաեւ իր խոհեմութիւնը, իմաստութիւնը, որ՝ հակառակ որ իրեն պատմած էի թէ խնդիրը ինչ է, ինք չուզեց իմ հետս մտնել այդ տունը:
Սակայն ըսաւ որ կը մնայ Ստեփանակերտ, որքան որ հարկաւոր է: Մինչեւ որ իրեն զանգեմ, որպէսզի ու զիս եւ ընկերս վերցնէ եւ ետ տանի Շուշի…
Եւ այդպէս ալ եղաւ:
Այսպէս սկսաւ Լուտվիկի հետ իմ յարաբերութիւնս: Որ տարիէ տարի աճեցաւ, ամրացաւ, դարձաւ ամբողջական ընկերութիւն, հարազատ ու անգին բարեկամութիւն:
* * *
Արցախի – մասնակի – ազատագրումէն ետք՝ բնակարան մը, առաւել առեւտրական տարածք մը տրուած էին՝ Շուշի բնակող իւրաքանչիւր ընտանիքի: Անվճար:
Բնակարանին մէջ գոնէ պէտք է որ բնակէր զայն նուէր ստացողն ու իր ընտանիքը: Իսկ ձրի ընծայուած առեւտրական կալուածի պարագային, անհրաժեշտ էր որ վերանորոգումներ կատարէր եւ ներդրում կատարէր սեփականատէրը, զայն աշխոյժ ձեռնարկութեան վերածելու համար:
Բնակարանը ստացողներէն ոմանք – եւ մանաւանդ, իրենց զաւակները… -, շարուէ շարա՜ն, առաջին առիթով ու պատեհութեամբ՝ կը մեկնէին: Կը լքէին Արցախը, երթալ ապրելու համար՝ Երեւան, կամ վաբշե այլ երկիրներ (ուր, ի դէպ, Աւանդական Սփիւռքի ազգասէր – բայց ոչ բանիմաց հայերուն – մօտ, կը վայելէին արցախցի լինելու յատուկ արժանիքը … մեծապատիւ դասալիքներ…) :
Իսկ, գոնէ տրուած տունը բնակողներու պարագային ալ, շատ քիչերն էին որ առեւտրական կալուածին կապակցութեամբ կատարում էին վերոնշեալ ջանքը: Որ առնում էին այդ տնտեսական ռիսկը, ստանձնում այդ աշխատանքը: Ի սէր ազատագրուած Արցախի գոյատեւման, պահպանումին, վերականգնումին…
* * *
Նաեւ սփիւռքահայերու շնորհուած, ընծայուած, անվճար տրուած էին՝ յատկապէս Շուշիի մէջ, այլազան տարածքներ: Մինչ անոնցմէ բոլորը կրնային հեշտօրէն, իրենց չափանիշներով՝ շատ աժան գինով, գնել այդ կալուածները…
Սփիւռքահայերու պարագային, ակնկալութիւն չէր, այլ ուղղակի պայմա՛ն մըն էր, որ այդ անշարժ գոյքի առատաձեռն նուէրները ստացող սփիւռքահայը, զանոնք զարգացնէր, կեանքի բերեր: Որպէսզի քաղաքն ալ կեանք ունենար, մէջտեղ գար:
* * *
Սակայն թէ՛ բնիկներու պարագային եւ թէ՛ սփիւռքահայերուն, իրենց նուիրուած այդ բոլոր տարածքներուն ոչ իսկ քսան տոկոսը, ոչ իսկ, երբեւիցէ դարձաւ… որեւէ բան:
Լուտվիկը սակայն՝ սոսկալի աշխատասէր, եռանդուն, նախաձեռնող եւ վարպետ մարդ էր:
Իր ստացած բնակարանը անդադար կը վերանորոգէր: Նաեւ, եթէ իր բոլոր զաւակները ուզէին բնակիլ այդտեղ, տեղի պակասը վստահաբար չկար… եւ միաժամանակ, նրանք ու իրենց կողակիցները իրեն կրնային օգնել, որպէսզի հոյակապ դղեակի մը վերածուի այդ հսկայական տունը, իր լայն ու տարածուն հայաթով: Բայց.. դեհ… ինչ որ է…
Իսկ առեւտրական նպատակի համար իրեն ընծայուած կալուածին մէջ՝ երկու ձեռնարկութիւն մէջտեղ բերաւ Լուտվիկը: Մթերքի խանութ մը բացաւ, եւ դրա կողքին՝ ճաշարան մը: Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ նշանաւոր եկեղեցիին առջեւ, ճամբուն դիմացի շէնքին գետնայարկը:
Ինք արհեստով, արուե՛ստով, հանճարեղ գորգ հիւսող էր:
Երբ որ Շուշիի գորգի գործարանն ալ՝ տեղափոխեցին Ստեփանակերտ, նա չէր կրնար ձեռնածալ մնալ: Եւ պէտք է որ անպայման Շուշիի մէջ բան մը ընէր:
Ուրեմն, վարկեր վերցուց, բացաւ այդ խանութն ու այդ ճաշարանը: Հիմնականօրէն ապաւինելով իր եւ իր տիկնոջ Զարինէն ժրաջան աշխատանքին, միացեալ աննկուն ուժին, դիմացկոտութեան: Իրենց ճակտի քրտինքին:
Իրենց առաջացած տարիքին, դեռ անդադար կ’աշխատէին, որպէսզի օգնէին իրենց բոլոր զաւակներին: Այս կամ այն ձեւով կը «հասնէին» կը հոգային բոլորին, միշտ ու տեւաբար:
* * *
Նախ, իր այդ խանութէն, ես վստահ եմ որ Լուտվիկը մէ՛կ կոպետ իսկ իսկական շահոյթ չունեցաւ:
Սակայն այն ինչ որ շատ վստահ եմ, այն է, որ ան շա՜տ, շա՜տ մեծ «շահեր» արձանագրեց՝ գանձից գործիքին կողքին տեղաւորուած, իր այդ ճմռթկուած դպրոցական տետրակին մէջ… Որու մէջ օրնիբուն ան կը գրանցէր՝ առանց վճարումի ուտելիք առնող շուշեցիներու յաւերժական պարտքը, իրեն հանդէպ…
Ինչպէ՞ս կրնար մերժել, երբ որ՝ մէկ երեխան գիրկը, երկու հատ ալ իր ետեւից, կարիքաւոր ընտանիքի մը մայրը սնունդի «գնումներ» կը կատարէր իր մօտ…
Այո, մթերքի խանութ ունեցող կարգ մը ուրիշներ ալ ունէին այդ մարդկային ոգին: Սակայն ոմանք, միւսներից աւելի… Ինչպէս որ, Լուտվիկը…
Նաեւ, իրենք ալ յաճախ բարեսիրութիւն կատարող այդ միւս խանութպաններից ոմանք, լուրջ հասոյթի ուրիշ աղբիւրներ ալ ունէին: Մինչ այդպէս չէր պարագան, Լուտվիկին: Նա անդադար կ’աշխատէր, հիմնականօրէն – եւ վերջին տարիներին, բացառապէս – ՝ իր տիկնոջ Զարինէի աջակցութեամբ: Սակայն այնուհանդերձ, բաւարար փող չունէին անգամ, որպէսզի իրենց բնակարանը կարգի դնեն:
Հազիւ մասնակի չափով բնակելի դարձած, հետզհետէ ամայացող այդ պապենական տան մէջ, վերջաւորութեան, իրենց հինգ զաւակներից մնացած էր միայն՝ Վազգէնը…
Որ ան ալ, այդտեղ էր միայն ատենը մէկ, հերթական կարճ ժամանակով: Քանի որ մնայուն ծառայութեան մէջ էր, որպէս մշտական – խոնարհ աստիճանի – զինուորական: Բանակին մէջ, ուր սկիզբները զինք խաբող եղած էր, նիւթական հարցերու կապակցութեամբ, քանի որ ինք շատ բարի ու քաղաքավար տղայ մըն էր… Այդ անարդար խնդիրն ալ մարելու համար, Լուտվիկը գումարներ մուծե՜ց…
* * *
Իսկ ճաշարա՞նը… հա… լաւ, այդ ալ պատմեմ…
շարունակելի
Հայդուկ Շամլեան

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…