Ծով նետուած շիշը

Բացումէն ի վեր, այս blog-իս հայերէն բաժինի Ընդհանուր Գրացանկին ներքեւի պատկերը, կռահելի ակնարկութիւն մըն է՝ 19րդ դարու բազմատաղանդ գրագէտ Alfred de Vignyի ամենահանրածանօթ բանաստեղծութիւններէն մէկուն. որու վերնագիրն է՝  «La Bouteille à la Mer»: Ծովը նետուած շիշը:

Այդ բանաստեղծութեան նիւթը, հետեւեալն է [վերլուծումն ու պարզաբանումը բացառապէս ստրոագեալն է կատարողը, ըստ իր հակցածին. իր հասկնալ ուզածին. շատ հաւանական է որ, ուրիշներ, տարբեր բաներ տեսնեն ու ըմբռնեն այդտեղ, այլ բաներ… կարդա՛ն, միեւնոյն քերթուածին մէջ. այդպէս կ’ըլլան, իսկական Գրականութեան գործերը] :

* * *

Նաւ մը, անծայրածիր ովկիանոսին մէջ տեղ մը, ահաւոր փոթորիկներու կը զարնուի:

Ղեկն ու կայմերը կը կոտրուին, առագաստները կը պատռուին, կը բզկտուին, ամէն կողմերէն ճեղքեր կը բացուին:

Կոտրտուած նաւը կը յանձնուի դաժան ալիքներուն, ովկիանոսային մութ յատակներէն բխող հոսանքներուն: Որոնք զայն շուտով պիտի հասցնեն իր վերջնական խորտակումին՝ դժնդակ ծովափի մը սուր ու անողոք ժայռերուն վրայ. եթէ մինչ այդ, նա արդէն իջած չըլլայ ծովուն անհուն յատակը:

* * *

Նաւապետը, իր խուցին մէկ անկիւնը, նօթագրութիւններու տետրակ մը ունի:

Օրատետր մըն է: Որուն մէջ ան, երկար տարիներու ընթացքին, գրած է՝ իրեն վիճակուած կարեւոր փորձառութիւններու, կեանքի ու գործի դասերու արդիւնքները, ու անոնց մասին իր դիտողութիւնները, խորհրդածութիւնները, մտածումները:

Այդտեղ ինք, խնամքով արձանագրած է՝ այլազան ծովերու վրայ, բազմատեսակ ուղեւորութիւններուն ընթացքին, իր քաղած տեղեկութիւնները, տուեալներ, գիւտերը, ուսումնասիրութիւնները, մտորումները: Իր սորվածը: Իր հասկցածը:

Այդ տետրակին մէջ, ան յատուկ ուշադրութեամբ նօթագրած է նոյնիսկ՝ երկնքի վերաբերեալ օգտակար տուեալներ: Երկնակամարի իւրայատկութիւններուն մասին բաներ. աստղերու տեսակներուն, դիրքերուն եւ շարժումներուն մասին մանրակրկիտ արձանագրութիւններ, դիտարկումներ:

Օրատետրին բովանդակութիւնը, կենսական է:

Արդարեւ, ուրիշ մարդիկ, այլ կամ ապագայ նաւաստիներ, նաւապետեր, ուղեւորներ, կրնան էական օգուտներ ստանալ անկէ:

Այդ ծովերուն վրայ գտնուող, անոնց խորհուրդին ընդմէջէն անցնող, գալիք ճամբորդներուն կեանքը կրնայ փրկել այդ տետրակը:

* * *

Գիշեր է հիմա:

Վերջնական խորտակումը, վերջին տառապանքն ու ստոյգ մահը, կը մօտենան: Անխուսափելի են:

Բոլոր նաւաստիները, յուսահատ եւ ընկճուած, գլուխները ցած, ծանր սրտերով կը սպասեն իրենց ահաւոր ճակատագրի լրումին:

Նաւապետը սակայն, աղօթք մը ընելէ ետք, գործօն է: Եւ մէկ հոգս ունի միայն: Մէկ բանի մասին կը խորհի, կը մտածէ:

Ինչպէ՞ս ընել, որ իր այդ տետրակը հասնի՝ ողջերուն, գալիք ճամբորդներուն, յաւիտենական Մարդկութեան:

Քանզի ինք յուսալից ու լաւատես է. այլեւս ոչ ինքն իր անձին համար անշուշտ, այլ՝ մնացեալ աշխարհին համար:

Ինք կը հաւատայ որ իր նաւը այդպէս, երկար ճամբորդութիւններէ ետք, վերջիվերջոյ, դժբախտաբար խորտակուեցաւ, կործանուեցաւ, սակայն դեռ շա՜տ ուրիներ պիտի անցնին այդ ջուրերէն մէջէն: Եւ ուրեմն անհրաժեշտ է որ իր գիտցածն ու սորվածը տեղ հասնի, օգտակար հանդիսանայ անոնց, այդ համայնական մարդկային յաւերժութեան:

Իր զարհուրելի մահուան այդքան մօտ այդ պահուն, ինք չի մտածեր իր մասին, այլ՝ ուրիշներու, եւ մանաւանդ գալիք սերունդներուն մասին:

Եւ նա բնաւ տխուր չէ, որեւէ վախ չունի, ընկճուած կամ սարսափահար չէ, այլ… ուրախ է:

Խանդավառ է որ, այս աշխարհէն իր մեկնումի պահուն, այդ կարեւոր փոխանցումը ունի, կատարելիք:

* * *

Սակայն մութին եւ ովկիանոսին մէջ կորսուած այդ կոտրտուած նաւուն վրայէն, ինչպէ՞ս ընել…

Այդ վերջնական կացութեան մէջ, ինչպէ՞ս փոխանցել, որո՞ւն փոխանցել՝ այդ օրատետրը: Կեանքի դասերու, փորձառութիւններու, գիւտերու եւ գիտութիւններու այդ փոքր ու անգին տետրակը:

Այստեղ եւս – ու մանաւանդ -, դատապարտուած նաւաստին չի յանձնուիր յուսահատութեան, կը շարունակէ մտածել, կը մնայ լրիւ լաւատես: Յոյսերով, վստահութեամբ, հաւատքով լեցուած:

Կը փնտռէ ու կը գտնէ՝ շիշ մը: Հաստ եւ տոկուն ապակիով շիշ մը:

Զայն կը դատարկէ, ու անոր մէջ կը տեղաւորէ, ոլորելով ու սեշմելով, իր օրատետրը:

Ապա լաւ մը կը փակէ շիշին ծայրը, ու զայն կը նետէ ծովուն մէջ. ալեկոծ եւ գիշերային, հեղուկ անդունդի վերածուած ջուրերուն մէջ: Որոնք զինք ու իր նաւը կը տանին դէպի անմիջական խորտակում:

Եւ պահ մը, որքան որ մութը դեռ իրեն թոյլ տայ՝ ան իր ուրախ աչքերովը կը հետեւի շիշին կամայական ընթացքին, սոսկալի ալիքներուն ու ծովային անյայտ հոսանքներուն մէջ:

Եւ ինք այդպէս, մինչեւ ծայր, խոր հրճուանքով, վստահ կը մնայ որ՝ մէկը, օր մը, տեղ մը, պիտի գնտէ այդ շիշը:

Որ, ծայրագոյն մեկուսացման, առանձնութեան եւ խաւարներուն մէջ՝ ծովը նետուած իր շիշը, գիտելիքներու եւ միտքերու իր պարունակութեամբ, պիտի հասնի տեղ մը: Պիտի անցնի արժանի մէկու մը ձեռքը: Եւ այդպէսով, օգտակար պիտի ըլլայ, իր բաժինը պիտի բերէ՝ Ապագային: Պիտի ծառայէ՝ Մարդկութեան լուսաւոր առաջացման, պայծառ ու տեւական վերելքին:

* * *

Նաւը կը սկսի լրիւ ընկղմիլ արդէն:

Ջուրը կ’ողողէ ամէն բան, կամաց-կամաց կը բարձրանայ մինչեւ նաւաստիին ծունկերը, ապա ուսերը…

Բայց ինք կը մնայ ուրախ ու խանդավառ: Վստահ:

Հաւատքով լեցուած:

* * *

2019ի օր մը, երբ պարբերական այցելութեան մը գացի՝ ծնողքիս տունը, տեսայ որ այդ օրը հայրս՝ սովորականէն դուրս վիճակի մը մէջ էր:

Այսինքն… ինք միշտ անսովոր եղած է… սակայն այդ օրը, իսկապէս անսպասելի էր զինք այդպէս տեսնելը:

Մինչեւ վերջ իրեն ծառայած – մինչդեռ ինք աւելի ծանր հիւանդ – մօրս ժրաջան ու համբերատար օգնութեամբ՝ մարդը, պատրաստուած էր արտաքին գործողութեան մը: Յատուկ առաքելութեան մը:

Անցեալի պաշտօնականութեամբ՝ հագուած-շքուած, լաւ մը ածիլուած, քոլոնիան իր ճմռթկուած թուշերուն վրայ առատօրէն քսած, մարած թելեվիզիօնին առջեւը, նստած էր: Փողկապ ալ կապած էր: Վերարկո՛ւն ալ հագած էր:

Շատ լուրջ դէմքով մը այդպէս նստած, կազմ ու պատրաստ, զիս կը սպասէր:

Հազիւ ներս մտայ, արդէն անհամբեր «է՛հ» մը արձակեց արդէն: Ապա, որոշ պահերու իր բնորոշ խստութեամբ՝ հրահանգ տուաւ, կտրուկ պահանջեց, որ զինք անմիջապէս տանիմ նամակատուն:

Հայրական սոսկալի ցուցամատին հնազանդելով, պէտք է որ հետս առնէի նաեւ իր վերջին գիրքէն մի քանի օրինակներ. զորս ինք նախապէս տեղաւորած էր՝ մութարտագոյն պահարաններու մէջ. որոնց վրայ – իր խոշոր խոշորացոյցին օգնութեամբ – գրած էր անուններ ու հասցէներ:

Հազիւ ոտքերուն վրայ կանգնիլ կարողացող, գրեթէ լրիւ կոյր ու խուլ դարձած հայրս (որ ի դէպ, վայրագօրէն կը մերժէր լսողութեան որեւէ միջոց գործածել), այդպէս որոշած էր, այդ օրը: Ի զուր էր, վիճաբանիլը:

* * *

Ուրեմն, գացինք:

Օթօյին հասնիլը, մէջը նստիլը ու անկէ ելլելը, իրեն համար արդէն ծանր արկածախնդրութիւն էր: Այդ գործողութիւնները, կէս ժամէն աւելի կը տեւէին: Բայց չէր տնգար, երբեք: Կը բարկանար, կը նեղուէր, սակայն տկարութեան որեւէ ձայն չէր արձակեր:

Շէնքին մուտքի դուռէն մինչեւ նամակատան comptoire-ը հասնիլն ալ, գոնէ քառորդ ժամ մը առաւ, հանգիստ:

Ամէն վայրկեան կը կարծէի որ գետին պիտի իյնայ:

Կռնակէն կը փորձէի բռնել, օգնել: Բայց երբ որ հանրային տեղ մըն էր, կը մերժէր այդպիսի անընդունելի ոտնձգութիւններ: Ջղային կերպով կը սաստէր որ ձգե՛մ իրեն, մինակը պիտի «քալէ»: Թէկուզ՝ walkerին վրայ կքած. մի քանի քայլերէ ետք, անոր վրայ՝ այլեւս գրեթէ պառկած:

Աջ ու ձախ կը զարնուէր: Ամէն զարնուելուն՝ անշուշտ զարնուած տեղերուն այպանելով ու հանդիմանելով, թէ՝ ինչո՞ւ այդպէս, անվերջ իր առջեւը կու գան, կ’ուզեն միշտ իրեն զարնուիլ, քալուածքը խանգարել:

Ինչ որ է…

Միւս յաճախորդները փախցնելէն ետք, պաշտօնեան ալ բաւական չարչարելէն ետք, Պապաս այդ օրը ուղարկեց իր վերջին գիրքը, իր պատրաստած այդ պահարաններով, մի քանի անձերու:

Յետոյ տունը վերադարձանք, եւ մնացեալ ամբողջ օրը՝ քնացաւ:

Այդ օրը սակայն, գոհունակ քունով մը: Մշիկ-մշիկ…

* * *

Նամակայղման վերոյիշեալ, դիւցազներգական գործողութիւնը, տեղի ունեցաւ՝ 2019ի գարնան, կամ ամառը:

Առանձնաշնորհեալ հասցէատերներէն մէկն էր՝ ընկերս Խաչիկը: Հեռաւոր ժամանակներուն, Լիբանանի մեր թաղի տղոցմէ էր, ան: Սակայն անկէ ետք ալ, երբ որ կեանքը մեր բոլորին ցիրուցան ըրաւ, հայրս – երբ որ դեռ աչքերը թոյլ կու տային – միշտ կը կարդար ու կը հաւնէր անոր բոլոր յօդուածները:

2021ին վերջերը, Խաչիկին հետ հաղորդակցութիւններուս ընթացքին, հաստատեցինք որ դժբախտաբար, ինք չէ ստացած հօրս ուղարկած այդ պահարանը, գիրքը:

* * *

Պապաս մահացաւ 2022ին, անցեալ տարի:

Երէկ, Խաչիկը տեղեկացուց որ յանկարծ գտնուած է՝ այդ պահարանը…

Ժամանակավրէպ, հին հասցէի մը ուղարկած էր Պապաս: Բայց մի քանի օր առաջ, գտնուեցաւ: Ու հասաւ Խաչիկին:

* * *

Ալֆրետ Տը Վինյիի վերոյիշեալ, իմաստասիրական բանաստեղծութեան վերջին տողը, ակնարկելով՝ ամայի, մութ ու խռովեալ ծովուն մէջ նետուած շիշին պարունակութեան, ու զայն նոյնացնելով այդ ծովակորոյս շիշին հետ, որպէս ճշմարիտ հաստատում, կ’ըսէ՝ «Աստուած զայն իր մատնովը կ’առնէ ու կը հասցնէ նաւահանգիստ» :

Ամեն:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

18 Փետրուար 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի…

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք