Կաղանդ Պապաս…

1970ականներ, Լիբանան: Կաղանդի շրջան:

Մենք կ’ապրէինք Զոգագ-Էլ-Պլաթ, Արեւմտեան Պէյրութ: Մեծաս եւ Տէտէս – Մամայիս ծնողքը -՝ Էշրէֆյէ: Միւս, այրի Մեծաս՝ Անթիլիաս:

Նոր Տարուայ մեր ընտանեկան գիշերը կը սկսէր՝ Հհամրայի փողոցներուն մէջ պտոյտով:

Կը լեցուէինք ուրեմն Պապայիս լայն, կապոյտ Տոճ Քորոնէթին մէջ: Քոյրս, եղբայրս եւ ես՝ ետեւի նստարանը, Մամաս՝ Պապայիս կողքին:

Քոյրս պէտք է որ իմ եւ եղբօրս մէջտեղը նստէր: Քանի որ ամէն տասը վայրկեանը մէկ, ես եւ եղբայրս պիտի կռուըտէինք, եւ իր այդ դիրքով, թերեւս քոյրս կրնար առաջքը առնել կարգ մը եղբայրական փոխադարձ հարուածներու: Իրեն համար դժբախտաբար, սակայն, այդ «առաջքը առնելը» կը նշանակէր թէ ինքն է որ պիտի ստանար, երկու կողմերէն, բոլոր իրենց թիրախին չհասնող հարուածները: (Այստեղ արդէն կեանքի հիմնակա դաս մը կար… but I digress… )

Երբ որ չափը անցընէինք: Պապաս, շարունակելով առջեւը նայիլ, մէկ ձեռքով օթօյին ղեկը բռնած, միւս թեւը լման ետեւ կը դարձնէր, եւ ուրեմն առանց նայելու՝ կը սկսէր դէպի ետեւի նստարանը կամայական հարուածներ տեղացնել, որպէսզի ես ու եղբայրս հանդարտինք:

Այդ կուրօրէն բաշխուած հայրական բոլոր հարուածներն ալ, անշուշտ, քոյրս է որ կը ստանար… Քանզի երբ որ Պապան այդպէս գործի անցնէր, ես եւ եղբայրս գիտէինք անմիջապէս պահուըտիլ, ուղղակի նստարանին տակը իջնել, օթոյին գետինը պպզիլ, եւ սպասել որ ծնողական փոթորիկը անցնի:

Մայրս, բան մը չէր ըսեր: Ժպիտը դէմքին՝ դուրսը կը դիտէր, կը վայելէր:

Հհամրայի Կաղանդի լոյսերը, իսկապէս որ անզուգական էին: Աշխարհի մէջ այդպիսի բան մէյ մըն ալ չեմ տեսած, որեւէ ուրիշ տեղ:

Փողոցները արդէն նեղ էին, եւ մէկ կողմէն միւսը կախուած լուսաւոր զարդարանքները այնքան մեծ ու շատ էին, այնքան իրարու մօտ շարուած ու կախուած էին, որ երկինքը այլեւս չէր երեւնար: Այդ եղանակային, խիտ ու յորդառատ լոյսերուն վրայ կ’աւելնար դեռ խանութներուն լասվէկասային լոյսերու հեղեղային գետը: Եւ մութը, կ’անհետանար: Գիշերուայ ընթացքին լուսաւորութեան աստիճանը աւելի էր, աւելի վառ եւ շլացուցիչ, քան թէ երբ որ առաւօտ էր (Միջերկրականի արեւը յաճախ պղտոր է, ամօթխած ու նազելի…) : Կաղանդի այդ լոյսերը ուղղակի խաւարը կը չեղարկէին: Գիշերը կը ջնջէին:

Այս մոգական պտոյտէն ետք, կ’երթայինք նախ Անթիլիաս, Պապայիս մօրը քով, նոյնիսկ եթէ Էշրէֆիէն եւ Մամայիս ծնողքը աւելի մօտ էին, ճամբուն վրայ:

Խի՞, այդպէս:

Քանի որ կէս գիշերին պէտք է որ ըլլայինք մայրական Մեծայիս եւ Տէտէյիս տունը, նկատի ունենալով որ այդ պահուն Կաղանդ Պապան պիտի գար, եւ այդ աղմուկն ու իրարանցումը շատ էին՝ Պապայիս մօրը համար, որու համբերութիւնը կարճ էր – իր յիշեալ զաւակին պէս – : Իմ պատճառովս է սակայն, որ այդ համբերութիւնը կը սպառուէր: Քանի որ – ի միջի այլոց – այդ պահուն, ես լման անզուսպ, շղթայազերծ, խելագար պիտի դառնայի:

Ուրեմն նախ Անթիլիաս կ’երթայինք, հայրական Մեծային կը գրկէինք, կը համբուրէինք: Մենք մեր համեղ օշարակը կը խմէինք, Պապաս եւ Մամաս՝ տնական ֆիշնէի խմիչքը:

Այդ նեկտարին թանձր հեղուկը՝ շիշի մէջ էր, փոքրիկ պտուղները՝ ամանի մը մէջ, զատ-զատ պահուած: Արարողական միացումը կը կատարուէր գաւաթներուն մէջ, երբ որ Մեծան, փոքրիկ արծաթեայ դգալը ձեռքին, մէկ յօնքը կիտած, աչքերովը հարց կու տար թէ քանի հատ ֆիշնէ կ’ուզէ հիւրը: Իսկ պտուղին կուտերը, լաւ մը կրծուելէ եւ մաքրուելէ ետք բերաններուն մէջ, կը տեղաւորուէին այդ նպատակին ծառայող, փոքր եւ նուրբ, յախճապակիէ պնակի մը մէջ. կամ ալ՝ սուրճի պնակին ծայրը:

Ապա, կ’երթայինք Էշրէֆիէ: Լաւ չհասկնալով թէ ինչու, ամէն տարի, միշտ ու միայն այդտեղ կու գայ Կաղանդ Պապան… Բայց ատիկա մեծերուն գիտնալիքն էր… Մենք, մեր խաղալիքները կ’ուզէինք:

Կէս գիշերուայ մօտերը, այդ մէկն ալ չէինք գիտեր թէ ինչո՞ւ միշտ այդպէս էր, Պապաս յանկարծ կ’անհետանար:

Իսկ այդ հայրական առեղծուածային բացակայութենէն քիչ ետք, մէկէն, դուռը կը զարնուէր ամուր, գաւազանով մը:

Եւ ներս կը մտնէր՝ Կաղանդ Պապան:

Այն ատեն բան մը չէինք նկատեր անշուշտ, եւ մանաւանդ ես շատ կը նեղուէի որ Պապաս կը փախցնէ կոր այդքան կարեւոր պահ մը:

Սակայն ժամանակի ընթացքին, եւ նաեւ յետադարձ ակնարկով, պէտք է ըսել որ… բաւական տարօրինակ էր, այդ Կաղանդ Պապան:

Դիմակը, հասկցանք, հին դիմակներէն էր: Կարծր փլասթիքէ բան մը, չափազանց վառ գոյներով, շատ կարմիր եւ փայլուն թուշերով: Գլուխին շուրջ էլասթիքով մը տեղաւորուած, զորս դիմակին երկու կողքի ծայրերուն վրայ staple եղած էր: Պահի ընթացքին, անշուշտ այդ agrafe-ներէն մէկը կ’անջատուէր դիմակէն, եւ այնուհետեւ Կաղանդ Պապային մէկ ձեռքը միշտ իր երեսին վրայ կը մնար: Ծուռիկ-մուռիկ դարձած երեսին, that is…

Մինչեւ հոս, լաւ… Այդ ժամանակ, ինչ ընենք, այդպէս էին դիմակները:

Բայց այն ինչ որ երբեք չհասկցայ, հետեւեալն էր:

Մեր Կաղանդ Պապային վերարկուն, նախ՝ նեղ, moulant եւ բարակ, թափանցիկ էր: Կարելի էր ըսել՝ sexy, եթէ տակէն երեւցողը՝ հաստ թախըմ մը եւ տակի բուրդին ծայրէն ցայտող փողկապի հանգոյցը չըլլային:

Բայց ըսենք որ, այդ ալ, լաւ… Կաղանդ Պապան ինքզինքը շատ նիհար կը կարծէ, եւ պաղին դիմադրելու համար, ներքնաշապիկի փոխարէն՝ թախըմ, բուրդ եւ քրավաթ հագուած է:

Բայց, ակամ… այդ «վերարկուն»… կարմիր իսկ չէր !

Նարնջագո՛յն էր !!

Հա, հա… կարգին, զըռ-զըռ նարնջագոյն: Այսինքն… տարիէ տարի՝ աւելի մաշած, թեթեւցող նարնջագոյն մը… Որ ուրեմն ոչ մէկ շանս իսկ չունէր, օր մը, կարմիրի նմանելու… Մինչ երթալէն պիտի մօտենար սրճագոյնի, կապոյտի կամ մոխրագոյնի, նկատի ունենալով նաեւ հետզհետէ աւելցող թափանցիկութիւնը, եւ տակի թախըմին գոյնը:

Ուրեմն այսպէս, չի բաւեր որ Պապաս այդտեղ չէր, մէյ մըն ալ այս էճէյիպ Կաղանդ Պապան կը մտնէր Մեծայենցս տունը, եւ կը սկսէր արագ-արագ վրանիս նետել մեր նուէրները: Աճապարանքի մէջ, կարծես թէ կ’ուզէ անմիջապէս վերադառնալ ճաշասեղան or something.

Դեռ կեցիր… այդ ալ բաւարար չէր…

Մէյ մըն ալ, երբ որ ես շատ կը կատղէի նուէրներս բանալով, պոռալ-կանչել կը սկսէի, եղբօրս նուէրներն ալ ձեռքէն խլել կը փորձէի՝ փա՛ֆ, Կաղանդ Պապան վզակոթիս հոյակապ սէհհսուհհ մը կ’իջէցնէր!

Մէկ ձեռքով շեղակի երեսը բռնած, նարնջագոյն իբրեւ թէ sexy բանի մը մէջ փաթթուած, այդ Կաղանդ Պապան՝ վիզիս կը զարնէր !

Պապաս եթէ ներկայ ըլլար, տեսնամ, եթէ պիտի համարձակէր !!

Ինչ որ է նէ… Երբ որ խնդիրը հոն կը հասնէր, մէկէն՝ Մամաս խնդալով Կաղանդ Պապային թեւը կը մտնէր, եւ զինք մեղմօրէն կը հրէր դէպի դուռը: Մինչ ես, գետինը նստած՝ նոր խաղալիքներուս վրայ լեղապատառ արցունքներ կը թափէի:

Քիչ ետք, հայրս կը վերադառնար, thank God, եւ զիս կը մխիթարէր:

Յետոյ, ետ կը լեցուէինք օթօյին մէջ, եւ կը վերադառնայինք մեր թաղը:

Ճամբու ընթացքին, կը լսէինք Նոր Տարին դիմաւորող նաւահանգիստի նաւերուն ծանր շեփորները: (Որոնց փոխարինեց, նոյն ժամանակաշրջանի վերջերը, դէպի օդը կրակուող բիւրաւոր զէնքերու սարսափելի որոտը… երբ որ այլեւս չկային Հհամրայի լոյսերը… եւ այլեւս մութը կը տիրէր, կ’իշխէր, առտու եւ գիշեր…)

Այդ «համերգէն» ետք, տուն չհասած, ես ու եղբայրս կը մտնէինք խոր քունի մէջ (Ցոլինէն, մեծ քոյրութիւն ընելու համար, կը դիմադրէր քունին որպէսզի հսկէ մեր վրայ – եւ արդէն երկու կողմերէն իր վրայ փլած կը քնանայինք) :

Հայրս մեզ մէկ առ մէկ գրկելով կը բարձրացնէր մեր յարկաբաժինը, կը տանէր մէր միացեալ սենեակը, ու կը յանձնէր մօրս: Որու քաղցր ու ջերմ, մաքուր ժպիտը այդ պահուն կը զգայի, նոյնիսկ քունիս մէջէն: Որպէս Կաղանդի ու կեանքի իւրայատուկ, անգին, յաւերժական նուէրս:

Ի դէպ, այդ Կաղանդներուն՝ հինգ հոգի էինք, մեր ընտանեկան ՏօՃ Քորոնէթին մէջ:

Այս տարի՝ ես ու եղբայրս մնացինք:

Մենք ենք հիմա մեր զաւակներուն Կաղանդ Պապաները, եւ մեր քրոջորդիի Կաղանդ Քեռիները:

Փառք Աստուծոյ:

Բարի Ծնունդ:

Մ. Հայդուկ Շամլեան

06 Յունուար 2023

Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք 
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց 
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն 
Ենթա-գրացանկ/ Շուշի...

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք