Կտակն է Նահատակներուն…

Գրեթէ երկու շաբաթ առաջ, «Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերի Գլխաւոր Շտաբը» խրոխտ եւ խիզախ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ քաղաքական վարչակարգին դէմ:

Անկէ ի վեր, փողոցին մէջ պայքար բացած ազգային ընդդիմադիր ուժերը տեւաբար կոչեր կ’արձակեն, յուսալով որ սոյն Շտաբը պիտի… շտապէ, որպէսզի այդ թարազանական խօսքերէն անդին, տարրական արարքներով իսկապէս զօրակցի իրենց շարժումին:

Ամենայն հաւանականութեամբ, պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուող, նահատակուող ու անմահացած տղաքն ու երեխաներն ալ, այսպէս, երկարօրէն յուսացին եւ սպասեցին, որ այդ նոյն բարձրագոյն սպայակազմը իրենց օգնութեան կը հասնի, օգնութիւն կ’ուղարկէ…

Ի դէպ, չորս ամիս անցաւ, եւ այդ նոյն բարձրաստիճան սպաներուն ղեկավարած բանակը տակաւին, ռազմադաշտին վրայ, դիակներ կը հաւաքէ… Քիչ մըն ալ եթէ սպասեն, մնացած աճիւնները արդէն… բնական կերպով կ’անհետանան…

Խնդիրը միայն այն չէ, որ փաստօրէն բաւարար թիւով զինուորներ չկան, արագ կերպով հաւաքելու համար բոլոր դիակները: Այլ, նոյնպէս փաստօրէն, վերոյիշեալ ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի մի քանի տասնեակ բարձրաստիճան սպաները չեն գիտեր իսկ, թէ ո՞ւր էին իրենց զինուորներն ու խոնարհ աստիճանի սպաները, կռիւներու ժամանակ…

Հիմա, անցնինք այս նիւթին յաւելեալ, դեռ աւելի խորքային ծալքերուն:

*****

Սակայն որպէսզի որեւէ թիւրիմացութիւն չըլլայ, այս յօդուածը շարունակելէ առաջ, հարկաւոր է որ նախ – անգամ մը եւս – կատարեմ հիմնական, լրացուցիչ վերահաստատումներ:

Թէ որ՝ Փաշինյանը եւ իր անիծեալ վարչակարգ պէտք է որ վերջնականապէս անհետանան Հայաստանի հանրային ոլորտէն – երթան ճէհէննէմին տի՛պը – ՝ պարզ ու յստակ բան է: Անհրաժեշտ եւ կենսական հրամայական մըն է:

Այդ դժոխածին վարչակարգը երբեւիցէ պէտք չէ իսկ գոյանար, իսկ Փաշինյան կոչեցեալը եթէ անպայման ուզէր քաղաքականութիւնով խաղալ, ապա խորհրդարանի մէջ ընդդիմութեան աթոռէ մը անդին պէտք չէ որ կարենալ անցնիլ:

Այս ամէնը, ստրորագրեալը ըսած, գրած եւ հրապարակային կերպով յայտնած է, այլազան ձեւերով եւ եղանակներով: Ոչ թէ՝ Արցախի եւ հազարաւոր հերոս հայորդիների կեանքերու կորուստէն ԵՏՔ – ինչպէս շատերը, այսօր -, այլ անկէ առաջ, շա՜տ առաջ: Մայիս 2018 էն ի վեր, անդադար:

Դեռ Փաշինյանէ անդին՝ Փաշինյանի՛զմն ալ, նոյնպէս, պէտք է որ վերջնականապէս անհետանայ: Ամբողջովին eradicate ըլլայ: Եւ այս մէկը՝ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ համայն Հայոց Աշխարհին մէջ:

Ով որ երբեւիցէ, նոյնիսկ կարճ ժամանակի մը համար, որեւէ չափով եւ որեւէ պատճառով, այդ գարշելի, ազգաքանդ դաւանանքին համակիրը եղաւ, ես այլեւս մինչեւ կեանքիս վերջը երբեք չեմ կարենար այդ անձը համարել՝ իմ բարեկամս, ընկերս, ընտանիքիս մտերիմ անդամը (այս վերջին կարգի պարագային, արեան կապով ամենամօտիկ եւ անմիջական հարազատներս միայն զերծ կը մնան այս ծայրագոյն դատապարտումէն, այս ցմահ խզումէն. միւսներէն մի քանի հատին հետ ալ, թերեւս ստիպուած ըլլամ տակաւին քիչ թէ շատ յարաբերիլ… հարկադրաբար… բայց այլեւս երբեք նոյնը չըլլար որեւէ բան) :

Սակայն վերեւ յայտնեցի որ այս գրառման նիւթը՝ հայկական բանակին բարձրաստիճան սպայակազմն է: Ռազմական բարձրագոյն այն ղեկավարները, որոնք մօտ երկու շաբաթ առաջ, փոխաբերական իմաստով՝ ճակատ բացին Փաշինյանին դէմ:

Ուրեմն, ահա:

*****

ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբը, լրիւ կազմով, երկու շաբաթէ ի վեր, գլուխ բռնած է՝ Փաշինյանին դէմ: Այդ մի քանի տասնեակ բարձրաստիճան սպաները՝ հիմա, դէմ կ’երթան Փաշինյանի կամքին, նրա որոշումներուն, հրահանգներուն: Չեն ենթարկուիր իրեն:

Եթէ Փաշինյանը դաւաճանական բաներ կատարեց, պատերազմի ընթացքին, ինչո՞ւ այն ատեն այս սպայական վերնախաւը չունեցաւ, իր այս կեցուածքը…

Մէկդի դնելով դաւաճանութեան վարկածը, եթէ Փաշինյանը պատերազմի ընթացքին – 44 օրեր շարունակ… -, արտասովոր սխալներ գործեց, արտակարգ թերութիւններ ցուցաբերեց՝ պատերազմի ընթացքին վերաբերեալ, ինչո՞ւ այն ատեն երբեւիցէ այս բոլոր բարձրաստիճան սպաները, ներառեալ իրենց պետը, չբռնեցին այս դիրքը, չունեցան այս վարքագիծը…

Ուրեմն, եթէ Փաշինյանը դաւաճան է, իրենք ալ իր մեղսակիցներն են:

Սակայն «դաւաճանութեան» տեսութիւնը որեւէ բաւարար փաստի վրայ չէ հիմնուած, մինչեւ օրս: Օդին մէջ խօսքն մըն է: Ներազգային պատերազմին մէջ գործածուող քաղաքական զինամթերք:

Ի դէպ, եթէ այդ ուղղութեամբ իսկական փաստեր կան, Բանակին այս նոյն Գլխաւոր Շտաբն է որ զանոնք գիտէ, պէտք է որ գիտնայ, առաջին հերթին:

Իսկ եթէ գիտէ, ինչո՞ւ չի բացայայտեր:

Բայց… եթէ գիտէ, եթէ ուրեմն կան այդպիսի փաստեր, ապա այդ բարձրաստիճան սպաները ինչո՞ւ ենթարկուեցան դաւաճանի մը կամքին, կատարեցին իր հրամանները… Գործադրեցին դաւաճանութիւնը:

Կատարեալ անհեթեթութիւն է…

*****

Շարունակենք սակայն վերլուծումը, մէկդի՛ դնելով «դաւաճանութեան» տեսութիւնը:

Եթէ Փաշինյանը՝ ահաւոր սխալներով, թերացումներով եւ թերութիւններով ղեկավարեց պատերազմը, ապա այս նոյն բարձրագոյն սպաները, իրենք ալ, ոչ միայն մասնակից են այդ աններելի սխալներուն եւ թերացումներուն, այլ՝ նրանք Փաշինյանէն աւելի՛ յանցաւոր են այդ ուղղութեամբ: Քանզի ինք, հակառակ իր պաշտօնական տիտղոսին, իրականութեան մէջ բա՛ն մըն ալ չի հասկնար պատերազմէն. ամբողջ կեանքին մէջ իսկական ռազմադաշտի վրայ չէ գտնուած երբեւիցէ, զինծառայութի՛ւնը իսկ չէ կատարած. (ծանօթ չէ իսկ որպէս gamer… թէ որ ըլլար այդպէս, մինչեւ հիմա արդէն բազմաթիւ նկարներ եւ տեսանիւթեր տարածուած կ’ըլլային, ուր պարոնը PS4 կը խաղայ իր հիւրասենեակին բազմոցին վրայ… հաւանաբար ընտանիքին անդամներէն մէկը կամ մի քանի հատն ալ կը շահագործէր, ըստ սովորութեան, այդ ամբոխահաճոյ պատկերներուն վրայ…)

*****

ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբը, սկսեալ իր պետից (որ, ի դէպ, այդ պաշտօնին նշանակուած է… Փաշինյանին կողմէ), ինչպէ՞ս կը բացատրէ այս ամէնը:

Չի բացատրեր, բացատելիք չունի, եւ երբեւիցէ պիտի չբացատրէ:

Պիտի յուսայ միայն որ շնորհիւ այս պահին, յաջորդ իշխանութիւնը լուրջ եւ իսկական քննարկումի չ’ենթարկեր աղէտալի պատերազմին ընթացքը…

*****

Փաշինյանին, իր վարչակարգին – եւ փաշինյանիզմի – աններելի յանցանքը, նախնական մեղքը – որուն որպէս պատիժ՝ դուրս շպրտուեցանք դրախտէն, Խոստացուած Հողէն, դրախտէն -, կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ նրանց պատճառով՝ տեղի ունեցաւ այս ռազմական բախումը, բռնկեցաւ վերջին պատերազմը. այդ կերպով եւ այդ տարողութեամբ:

Նրանց էական յանցանքն ու առաջնահերթ պատասխանատւութիւնը կը տեղաւորուին այդտեղ՝ դիւանագիտական, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական մակարդակների վրայ: (Պիտի ըսէի՝ բացառեա՛լ պատասխանատւութիւնը, բայց պէտք է նկատի ունենալ բոլոր այն հայերը, Հայաստանէն ներս եւ դուրս, որոնք նրանց սատարեցին, կամ թոյլ տուին որ նրանք հասնին ուր որ հասան: )

Սակայն մեյ մը որ այս պատերազմը այդպէս, նրանց պատճառով, սկսաւ, այնուհետեւ՝ ռազմադաշտի վրայ, ռազմական պարտութեան առաջնահերթ պատասխանատուն՝ ռազմական ուղղակի ղեկավարութիւնն է: Բարձրաստիճան սպայակազմը: Լրիւ ու անխտիր:

Չորս ամիս անցաւ մինչեւ օրս, ու տակաւին հակառակ ուղղութեամբ, ոչ միայն որեւէ լուրջ բան չփաստեց այդ բանակի սպայական վերնախաւի որեւէ անդամը, այլ իրենցմէ ոեւէ մէկը որեւէ բան չըսա՛ւ իսկ, հակասելու համար այս հաստատումները:

Մեզի պիտի հաւատացնեն որ նրանք այդպէս ձախողեցան, քանի որ… Տիկին Աննան այդ նշանաւոր պունքերին մէ՞ջ կը գտնուէր:

Այ՞ս է, իրենց «արդարացումը», որ պատերազմին սկիզբէն վերջ տեւաբար պարտուեցանք, հազարաւոր զոհեր տուինք, Արցախը կորնսցուցինք… Բայց այդ մասին ցարդ միմիակ վկայութիւն տուող – ստորադաս – միմիակ սպան, չհամարձակեցաւ իսկ շատ հեռու երթալ, այդ անհեթեթ պատմութեան մէջ… Չփորձեց իսկ մեզի հաւատացնել, որ Տիկին Աննան հրահանգներ էր տալիս բարձրաստիճան սպաներուն… Այդ ալ՝ իրենց կամքին կամ մասնագիտական կարծիքին հակադրուող հրահանգներ… Եւ իրենք էլ այդպէս հնազանդում էին նրան, հա՞…

Չէնէ մը, այդ պատմութենէն պէտք է հասկանանք որ Տիկին Աննային ներկայութեան պատճառով, այդպիսի ահարկու պատերազմի մը ընթացքին, բարձրաստիճան սպաները… իրենց գործին վրայ կեդրոնանալու դժուարութի՞ւն ունէին…

Ամօթ է… անձերու համար որոնց կարգախօսն է՝ «Պատիւ ունեմ», իսկապէս ամօթ է… անվայել է…

Ճշմարտութեամբ հետաքրքրուողին համար, հարկաւոր է դեռ աւելի հեռու երթալ, տարրական քննարկումի այս գործընթացին մէջ: Մեր կրած ծայրագո՛յն աստիճանի վնասներէն եւ կորուստներէն ետք, չենք կրնար զլանալ՝ ճշմարտութեան գոնէ որոնումի պարտաւորութեան մէջ…

Փաշինյանը եւ իր վարչակարգը, պատճառը եղան այս պատերազմի բռնկումին: Լաւ…

Իսկ մինչեւ այս պատերազմը սկսիլը, բանակի բարձրաստիճան սպայակազմը՝ ի՞նչ զեկոյցներ, կարծիքներ, խորհուրդներ, կանխատեսումներ եւ հեռանկարներ կը հայթայթէր՝ Փաշինյանին…

Շատ լաւ գիտնալով որ, ի տարբերութիւն նախորդ Գլխաւոր Հրամանատարներուն, այս խղճալի էակը բան չի հասկնար ու չի կրնար հասկնալ բանակէն, պատերազմէն… Այսինքն, ինչ որ ըսեն իրեն, պիտի հաւատայ, եւ ըստ այնմ որոշումներ առնէ կամ չառնէ, յայտարարութիւններ կատարէ, եւայլն.

Իսկ Պաշտպանութեան նախարարի դերակատարութի՞ւնը, այդ նոյն ուղղութեամբ… Ինչո՞ւ նրա մասին հիմա ոեւէ խօսող իսկ չկայ…

Նոյնպէս՝ այդ միւս Պօզօ-լը-Քլունը, որ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարն էր, նախապատերազմական ամենազգայուն ու վտանգաւոր ժամանակաշրջանին … Նկատի ունենալով որ այս պատերազմի բռնկումի հիմնական պատճառներէն մէկը՝ բանակցութիւնների ճահճացումն էր, դիւանագիտական գործընթացին խորտակումը, անել կացութեան վերածուիլը, ա՞ն ալ՝ այդպէս, հրաժարեցաւ ու վե՞րջ… պրծաւ գնա՞ց… ի՞նչ են արդեօք, գոնէ իր բացատրութիւնները… Եթէ այդտեղ եւս Փաշինյանն էր խնդիրը, ի՞նչը կ՞արգիլէր նշեալ Պօզօյին որ նա չկատարէր խորապէս սխալ, աղէտալի թելադրանքները… ի գին, ի հարկին՝ հրաժարելու – առաջ որ իյնայինք Անդունդին մէջ – :

Չի կարելի…

Հազարաւոր երեխաներ մեռան, զարհուրելի պայմաններու մէջ, Արցախը կորսնցուցինք… Ընդունելի չէ մակերեսային մակարդակներու վրայ տեղաւորել այս Աղէտի քննարկումը… Պարզապէս, քանի որ այդպէս՝ աւելի հեշտ է ամէն բան… կամ աւելի հանդուրժելի կը թուի մեր տառապանքը, անհուն Ցաւը…

Աւելիի՛ն պարտաւոր ենք, մեր նահատակներուն նկատմամբ:

*****

Անսահման ուժ, համբերութիւն եւ դիմացկոտութիւնկը մաղթեմ – առաւելագոյն, սակայն անբաւարար ու անզօր վշտակցութեամբ – ՝ նահատակներու անմխիթար ընտանիքներին…

Դեռ մեռեալներէն աւելի (անոնք, ազատեցան…), իրենց ամենամօտիկ ու մտերիմ հարազատներն են՝ տեղի ունեցած Հայոց Մեծ Աղէտին զոհերը:

Թող անոնք ներեն ինծի, որ անկարող եմ որոշ – խորապէս ցաւագին – հարցականներ, ճշմարտութեան բարձր հաւանականութիւններ, լռութեան տակ անցընել: Պատմութեան գորքին տակ սահեցնել…

Իմ ըմբռնողութեամբ, այդ – որոշ չափով արդէն ակնյայտ, կամ տրամաբանականօրէն անհերքելի … – ճշմարտութիւններու մատնանշումը, բացայայտումը պահանջելը՝ նահատակներուն նկատմամբ ծայրագոյն յարգանքի արտայայտութիւն է: Եւ դա ոչի՛նչ կը նուազեցնէ նրանց վեհագոյն զոհաբերման իմաստէն, արժէքէն, պատգամէն… Այլ, ընդհակառա՛կը:

Արդարեւ, անոնք իրենց գերագոյն պարտականութիւնը կատարեցին, մինչեւ ծայր եւ անտրտունջ: Ոչ միայն անկախաբար մնացեալ աշխարհի լայնատարած լկտիութենէն, այլ՝ անտեսելով զայն:

Հետեւաբար, իրենց կատարածը՝ հերոսութենէն աւելի բարձր է: Կը կոչուի՝ stoïcisme : Այդ ամենաազնուական փիլիսոփայութեան սահմանումին այլազան եւ բոլոր տարբերակներով՝ հնամեայ, դասական եւ արդի:

Յարգանք:

Մ. Հայդուկ Շամլեան – 10 Մարտ 2021

Յ.Գ./11.03.2021 – Ուրեմն, ստորեւ տեղադրուած պատկերին թուականէն երկու շաբաթներ առաջ, այս նոյն մարդիկը, հայոց կարծեցեալ բանակի ռազմական բարձրաստիճան սպաներ – լրիւ կազմով -, հանրային խիզախ յայտարարութեամբ մը՝ Փաշինյանի հրաժարականը պահանջած էին: Որպէս հրատապ անհրաժեշտութիւն: Որպէս՝ երկիրն ու պետութիւնը դեռ յաւելեալ աղէտներէ փրկելու վեհագոյն հրամայական:

Այդ խրոխտ կոչին հետեւանքը եղաւ այն, որ… փոխանակ ինք հրաժարի, այդ անձը, զորս ահա այդպէս յոտնկայս, զինուորական բարեւի կեցուածքով, դիմաւորում են, պաշտօնէն արձակեց՝ նրանց պետը:

Եւ ահա հիմա պատկերը…

*****

Ասոնք, հայոց բանակի բարձրաստիճան սպաներն են (որոնց նշանաբանն է, ի դէպ՝ «Պատիւ Ունե՛մ»…) :

Այսպիսի ռազմական ղեկավարութեան վերնախաւով մը, այս տեսակի, այս… խառնուածքով արարածներէ բաղկացած բարձրաստիճան սպայակազմով, Հայութիւնը կ’երազէր որ կարող է Արցա՞խը պահել, պաշտպանել:

Իսկ եթէ չըլլան Ռուսաստանի հետ ռազմա-քաղաքական պաշտօնական դաշինքները, առաւելագոյնը՝ կէս օրուայ մէջ, թրքական հրասայլերը մուտք կը գործեն Երեւան: Ադրբեջանէն առաջացող թուրքերը, that is… Եւ կէս օրէն, քանզի զրահապատներու շարժումի արագութիւնը սահմանափակ է:

Նախիջեւանէն եւ ուղղակի Թուրքիայէն Երեւան եկողները՝ երեք ժամէն է որ հանգստօրէն կը հասնին Պատմութեան Թանգարանին առջեւ: Մինչ այդ ճամբան քուն մը քաշած ասկեարները կ’իջնեն այդտեղ, զէնքերը կը թողեն կառքերուն մէջ, կը հաւաքուին կլկլակներու կլոր աւազանին շուրջ, ումպ մը զուլալ ջուր կը խմեն, երեսնին կը լուանան, կ’արթննան:

Շուրջի այդ որքա՜ն սիրուն, շճեղ սրճարաններուն եւ ճաշարաններու տէրերն ու պաշտօնեաներն ալ կը սկսին իրենց ձեռքերը իրարու շփել, աչքերնուն մէջ, փայլփլող՝ լիրայի նշանը…

Ապա կը սպասենք կառավարութեան եւ խորհրդարանի յայտարարութիւններուն, որպէսզի ըմբռնենք որ այդ կատարուած հոյակապ առիթ մըն է, բառարիկ պատեհութիւն մը, վերջապէս նորմալ յարաբերութիւններ հաստատելու համար Հայաստանի լաւագոյն հարեւաններուն հետ:

*****

Լաւ հասկցուինք՝ ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի սպաները՝ կամ այդ յայտարարութիւնը երբեք թող չհրապարակէին, կամ ալ այդ ընելէն ետք, գոնէ այսպէս չընէին: «Էշին նստիլը՝մէկ ամօթ, իջնելը՝ երկո՛ւ ամօթ» :

Այդ քաջարի կոչէն ետք որեւէ գործնական բան չկատարելն ալ, վնաս չունի: Թերեւս աւելի լաւ:

Սակայն կրնային պարզապէս Փաշինյանին ուզած այս հանդիպումին, չներկայանալ: Եթէ չէին վախնար ու սարսափեր միմիայն մէկ բանէ՝ իրենց աշխատավարձը կորսնցնել: Մինչ տակաւին, հրադադարէն չորս ամիսներ ետք, նահատակուած զինուորներուն աճիւնները կը հաւաքուին…

*****

Նուազագոյնը, իրաւունք ունինք մտածելու, որ «ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի»-ի Փաշինյանի դէմ վերոյիշեալ այդ յայտարարութեան նպատակն էր՝ կասեցնել նրա տրամադրութիւնները, հանրային քննարկումի ենթարկելու պատերազմի ընթացքին այդ բարձրաստիճան սպայակազմի պատասխանատւութեան լուրջ խնդիրը… եւ որ հասան իրենց այդ նպատակին – հիմա ինք այդ մասին չի խօսիր այլեւս, նրանք էլ զինք հանգիստ կը թողեն… – :

Իսկ ամէն դէպքում, այս բարձրագոյն սպայակազմի՝ Փաշինյանի՛ն նշանակած պետը, նրանց մէջ ամենավերջին էակն է որ, որեւէ դէպքում, կրնայ երբեւիցէ արժանի ըլլալ որեւէ բարեացակամութեան:

Իսկ ներողամտութիւնը, այս տարողութեամբ կորուստներէ, այս աստիճանի Աղէտէ մը ետք, արդէն նիւթէ դուրս է:

«Պատի՛ւ ունեմ»…
Ենթա-գրացանկ / Սփիւռք
Ենթա-գրացանկ / Հայկական Հարց
Ենթա-գրացանկ / Հըդահիւն
Ենթա-գրացանկ / ԼիւնՏիւնՊէ

Ընդհանուր Գրացանկ

Գլխաւոր Մուտք