«Մահ չկա՛յ», կը գրէր Գարեգին Նժդեհ։
«Մահ չկա՛յ։ Յաղթելով նրանք՝ մահն արհամարհող խիզախները, պատերազմների քմահաճ Աստծոյ ցանկութեամբ կա՛մ մնում են կենդանի, կա՛մ ընկնում քաջերի մահով – անմահանում։
Մահ չկայ Փառքի դաշտում ընկած քաջի համար, որովհետեւ նրա սխրագործութիւնների արձագանգը յաւերժօրէն պիտի ապրի իր ժողովրդի սրտի եւ երգերի մէջ։
Մահ չկայ նրա համար, ով հեգնել գիտէ մահը, որովհետեւ սերունդները հպարտութեամբ պիտի վկայեն, թէ ո՞վ ինչպէ՞ս խիզախեց ու ընկաւ։
Մահ չկայ, մեռնում է փոքրոգին, վախկոտը, մեռածն է մեռնում։
Մահն անգիտակցող խիզախների համար չկա՛յ մահ։
Քաջերի յարութիւնն է մահը»։
Գարեգին Նժդեհի այս խօսքերը դիպուածով չէ որ լիովին կը յարմարին Աշոտ Ղուլեան, Բեկոր Աշոտին։ Անոնք արդէն իսկ գրուած էին իրեն եւ իր նմաններուն համար, իրենց այդ վեհագոյն տիպարի անժամանցելի տեսլականին մէջ։
Աշոտ Ղուլեան ծնած է Պաքու, 1959-ին։ Ծնողքը ծագումով Արցախի Խնձրիստան գիւղէն էր, սակայն գործի հարկադրանքով հաստատուած էր Պաքու։
Մանկութեան ընթացքին ան կը կորսնցնէ իր 6 տարեկան եղբայրը, Արթուր, հիւանդութեան պատճառով։
Պատանի տարիքին Աշոտ իր ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Ստեփանակերտ։ Այնտեղ կ’ամբողջացնէ իր դպրոցական ուսումը։
1977-էն 1979 կը կատարէ իր զինուորական ծառայութիւնը, խորհրդային բանակին մէջ։ 1985-ին կ’ամուսնանայ Նելլիի հետ, որու հետ պիտի ունենան 3 զաւակներ՝ Արթուր, Հմայեակ եւ Բեկոր։
Բազմատաղանդ արհեստաւոր էր Աշոտ՝ դերձակ, շինարար, վարորդ, փականագործ։
Աշոտ Ղուլեան 1988-էն շատ առաջ արդէն նուիրուած էր Արցախի ազատագրական շարժումին։ Իսկ խորհրդային կարգերու փլուզման քաոսին մէջ երբ այդ շարժումը ստացաւ նոր թափ, առաջին օրերէն իսկ, նախազգալով թէ քաղաքական գործունէութիւնը շուտով պիտի վերածուի մարտական բախումի, Աշոտ կը ձեռնարկէ զինամթերքի յղացման, արտադրութեան եւ պատրաստութեան։
Այս ժամանակաշրջանին է որ, փորձարկումի ընթացքին պատահած արկածներու բերումով, երեք անգամ ծանրօրէն կը վիրաւորուի, ու արդէն կը սկսի իր մարմնին մէջ ամբարել պայթումի բեկորներ, որոնք կամ անհնար էր դուրս հանել, կամ ալ ինք ժամանակ չէր տար որ բուժուին, եւ որոնց այսպէս շարունակական կուտակումի պատճառով շուտով ան պիտի ստանար իր Բեկոր – կամ ռուսերէնով նոյնիմաստ՝ Ասկոլկա – ծածկանունը։
Զէնքի պատրաստութեան այս հանգրուանէն ետք, որու ընթացքին ան յատկապէս նոր հրացան մը կը հնարէ, Բեկոր կը լծուի զինամթերքի ընդյատակեայ փոխադրութեան գործին, եւ առաջին օրէն կը միանայ ֆետայական շարժումին։
Կարծէք ոչինչ փոխուած էր Ռուբէնի, Գէորգի, Սերոբի եւ միւսներուն օրերէն ի վեր…
Կռուի ու կրակի մկրտութիւնը Բեկոր Աշոտ կը ստանայ Հայաստանի սահմանամերձ Իջեւանի շրջանին մէջ, ուր Հայաստանի հողի վրայ ներթափանցման միտումներով հաւաքուած էին ազերի-թուրքերը, մինչ յետագային փաստուեցաւ որ միաժամանակ՝ Թուրքիան արեւմուտքէն կը պատրաստուէր շարունակելու 1918-1923-ի քեմալական ծրագիրը, վերսկսելով ի միջի այլոց Սարդարապատի ճակատամարտը…։
Կարծէք ոչինչ փոխուած էր Ռուբէնի, Արամի, Դրոյի, Համազասպի, Քեռիի եւ միւսներուն օրերէն ի վեր…
Անկէ ետք Բերոր Աշոտ կը մասնակցի ֆետայական բազմաթիւ գործողութիւններու եւ կռիւներու։
Անոնցմէ նշենք Քելբաջարի մէջ գտնուող օմօնականներուն զինամթերք հասցնող ատրպէյճանական ռազմագունդի մը վրայ յարձակումը, եւ անոր ամբողջական բնաջնջումը։
1990-ին, Աշոտ Ղուլեան կ’անդամագրուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն։ Կը նշանակուի մարտական խմբապետ։
Կարծէք ոչինչ փոխուած էր Ռուբէնի, Գէորգի, Սերոբի… Խաչիկի, Աբոյի եւ միւսներուն օրերէն ի վեր…
Սակայն Բեկոր Ասկոլկա-Աշոտ առաջիններէն կ’ըլլայ որոնք կը հասկնան թէ ֆետայական այլազան խումբերը հարկաւոր է այլեւս վերածել համահայկական կանոնաւոր բանակի, ու ան կը մասնակցի այդ զինուորական անհրաժեշտ կառոյցի կերտման։
1991-ին, երբ որ կը սկսի կազմաւորուիլ Արցախի բանակը, անոր առաջին միաւորի կորիզը կը հանդիսանայ Բեկոր Աշոտի ջոկատը, եւ ան կը նշանակուի այդ վաշտի հրամանատար։
Ան կը մասնակցի պատերազմի մարտերու մեծ մասին՝ Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Վերին Շէն, Բուզլուխ, Մանաշիթ, Մալիբեկլու, Խոճալու, Կրկժան, Լեսնոյ, Քարինտակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխավենդ, եւայլն, եւայլն…
Այդ կռիւներէն ամէն մէկը արդէն ինքնին դիւցազնամարտ մը կը հանդիսանայ, եւ արժանի է անջատ յիշատակումի եւ ոգեկոչման, եւ կ’երեւի ժամանակի ընթացքին կ’ընենք ատիկա, սակայն Բեկոր Աշոտի զինուորական ամենէն հանրածանօթ, հռչակաւոր եւ պատկերաւոր իրագործումը հաւանաբար Շուշիի ազատագրման իր եւ իր վաշտի որոշիչ մասնակցութիւնն է։
1992-ի Յունիս 8-ի այդ գործողութեան ընթացքին, ուր ծայր տուաւ հայ ուժերու յաղթանակի վճռական ընթացքը, Բեկոր Աշոտ իր զինուորներուն հետ ձորի խորքերէն, բեռնաւորուած զինամթերքով, ժայռերուն կառչելով – ու ժայռերուն վստահելով -, գիշերուան մէջ կը մագլցի մինչեւ Ճտրտուզի դաշտը, եւ առաւօտեան առաջին շողերուն հետ առաջինը կը մտնէ գրաւուած քաղաքը, ամբողջական անակնկալի բերելով թուրք-ազերիները։
Այս առասպելի անցած գործողութեան շնորհիւ, հայկական մնացեալ զօրագունդերու յաջորդող յարձակումով, պաշարման ու սարսափի կ’ենթարկուի թշնամին։ Ծանր ու երկար կռիւէ ետք, եթէ տակաւին թոյլ չտրուէր որ թուրքերու մնացորդացը լեղապատառ փախչի ու անհետանայ, թշնամի մեռեալներու թիւը արտակարգ աստիճանի պիտի հասնէր։
24 Օգոստոս 1992-ին, Դրմբոն գիւղի ազատագրական մարտի ընթացքին ինկաւ Բեկորը։ 33 տարեկան էր։ Այրի ձգեց Նելլին, եւ այնուհետեւ հօրմէ որբ՝ իրենց երեք կորիւնները։
Արցախը եղաւ իսկական անկիւնադարձ, հայոց պատմութեան ժամանակակից հանգրուանին մէջ։
Տասնիներորդ դարու կիսուն ծայր տուած հայոց ազատագրական շարժումը, դիմանալով անասելի հալածանքներու եւ բռնութեան, ջարդերու ու ցեղասպանութեան, սփիւռքեան աքսորին ու ձուլման, մօտ երեք քառորդ դար խորհրդային ազգասպանութեան ու մահացու կապանքներուն, եւ տակաւին դիմադրելով այլազան ու բազմաթիւ այլ երեւոյթներու, դէպքերու, հաշիւներու եւ սադրանքներու որոնց բոլորի հասարակաց եւ կուտակուող միտումն էր հայ ազգի ու ժողովուրդի վերջնական անէացումը, այսպէս անհամար ու ծայրագոյն դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ դիմագրաւած, տրամաբանութեան ու բանականութեան դէմ առաջացող այդ փրկարար շարժումը, մեզ վերջապէս հասցուց մինչեւ Արցախեան յաղթանակը, եւ այնտեղ, չհասաւ տակաւին իր լրումին, սակայն մտաւ էական նոր հունի մէջ, թեւակոխեց յատկանշական նոր դրուագ մը։
Անշուշտ, արիւնայորդ խաւարները ճեղքող այս պատմական ընթացքը պիտի չկարենար հասնիլ մինչեւ այստեղ, եթէ չ’ըլլար գոնէ 1918-ի հրաշքի համազօր իրագործումը։
Սակայն այդ ալ, վերջին վերլուծումով, դիմադրողական իրադարձութիւն կը հանդիսանայ։
Արցախի մէջ, վերջապէս հակայարձակողականի անցաւ հայութիւնը։
Քաղաքական սպառումի համար կրնանք պատահածը ներկայացնել որպէս պաշտպանողական կացութիւն, կենսական ինքնապաշտպանութեան միջոցառում, սակայն եթէ ատիկա իրօք ճիշդ էր շարժումի սկզբնական շրջանին, երբ թուրքը կարծեց թէ իր սովորական բրտութեամբ ու հրէշային վայրագութեամբ դարձեալ պիտի չէզոքացնէ հայը, յաջորդող առճակատումը բաւական տարբեր ընթացք ստացաւ։
Այսպէս, վեց դար շարունակ գալարուելէ ետք մութի, տառապանքի եւ արեան մէջ, տեւապէս բնաջնջման անդունդի եզերքին, տեւապէս խոշտանգուած, իրաւազուրկ, զգետնուած եւ ուժասպառ, հայութիւնը Արցախի մէջ, Արցախի շնորհիւ, ամբողջովին ոտքի ելաւ, իր ճակատագիրը վճռականօրէն իր ձեռքերուն մէջ առաւ, եւ պատմութիւնը յեղաշրջեց։
Առաջին անգամ ըլլալով, հայը անկուշտ գազանին արիւնկզակ դունչէն ետ կը բռցնէր իր էութենէն գոնէ մէկ մաս մը, կրակի ուժով եւ զօրութեամբ կը տիրանար իր իրաւունքին, կը փրկէր իր գոյութիւնը, կը փրկէր իր պատիւը, կ’ազատագրէր իր պապենական հողերուն մէկ մասը, կ’ազատագրէր ինքզինք ու իր ազգային ամբողջական ինքնութիւնը։
Կռիւի եւ կրակի մէջ վերածնած, յարութիւն առած հայ ազգային ինքնութիւնը իր միասնականութեան վերատիրացաւ Արցախի սրբացեալ հողին վրայ։
Աշխարհի ամէն կողմերէն, տարբեր վայրերու եւ միջավայրերու մէջ գտնուող հայեր, մոռնալով իրենց փոխադարձ բոլոր տարակարծութիւնները, բոլոր վէճերն ու քէները, նոյնացան, մէկ դարձան, մէկ աղաղակ, մէկ ոռնոց, մէկ բազուկ եւ մէկ բռունցք։
Դարձանք այսպէս մէկ բռունցք, փշրելու համար մեր ներքին շղթաները, փշրելու համար Չարի ուժերն ու թշնամին, բախելու եւ խորտակել սկսելու համար հատուցման եւ արդարութեան մեր առջեւ ընդմիշտ փակուող կապարեայ ու մեր արիւնով ու արցունքով ներկուած դարպասը, մէկ առ մէկ փշրել սկսելու համար անոր հազարամեայ կղպանքները:
Ազատագրեցինք մենք զմեզ, ազատագրեցինք մեր միացեալ հոգին, մեր գոյութիւնը եւ մեր ապագան։
Յանկարծ այժմէականացած, անմիջական իրականութիւն դարձած սրբազան ասացուածքներու կամ լոզունքներու կարգին – Ազատութիւն կամ Մահ, միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն, Արիւնով եւ քրտինքով Հայրենիք կը կերտուի, Սահման քաջած զէնն իւրեանց…-, որոնք այս անգամ իրենց դրական նշանակութեան մէջ կը դառնային իրականութիւն, նաեւ ու մանաւանդ հիմնական նշանաբան մը դարձաւ իրականութիւն՝ Մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ Հայրենիք…
Պատմական այս կապը, այս շաղկապումը, 1988-էն մինչեւ տասնիներրորդ դար վերահաստատուող այս գաղափարական կամուրջը, բնազանցական հաղորդումը, յատուկ պատկերացում ստացաւ նաեւ ֆետայիներու վերադարձով։
Պայքարի սկիզբը, որպէս ուղղակի վերամարմնացում՝ մօտ մէկ ու կէս դար առաջ հայոց լեռները բարձրացած կիսաստուածներու, 1920-ական եւ 1970-80-ական թուականներուն անոնց պատգամի փոխանցումը ապահոված ժառանգորդներու հանգրուանէն ետք, յանկարծ մէջտեղ ելան նոր ժամանակներու ամբողջական ազատամարտիկները։
Նմանութիւնը շշմեցուցիչ էր իրենց եւ հիներուն միջեւ։
Նախնիներու շունչը շնչող ու ներշնչող, անոնց նայուածքով, անոնց քալուածքով, անոնց գաղափարական բացարձակ ընբռնողութեամբ, անոնց կեցուածքով եւ կռուի աւանդոյթներով, Արցախի սկզբնական ֆետայիները մինչեւ իսկ ֆիզիքապէս, դէմքի գիծերով ու մարմնային կազմուածքով, երբեմն հագուածքո՛վ անգամ յար եւ նման էին օսմանեան օրերուն տունտեղ ձգած, զէնքին նոյնացած եւ մէկով հարիւրի, հազարի դէմ կռուի ելած ֆետայիներուն։
Անոնցմէ էր Բեկոր Աշոտը։
Եւ նոյնիսկ երբ որ յետագային ան դարձաւ կանոնաւոր զինուոր – որովհետեւ Արցախի պատերազմը նաեւ ծնունդ տուաւ ազգային բանակին, որպէս ուրիշ երազային կարծուող ձգտումի մը իրականացում. բանակ մը որու մէջ, վերոյիշեալ միասնականութեան որպէս յետին իրականացում, միաձուլուեցան հայոց աշխարհի բոլոր մարտական ուժերը,- նոյնիսկ երբ Բեկոր Աշոտը, ուղղակի մասնակցելով հայոց զինուորական կառոյցի կերտման, դարձաւ անոր աստիճանաւոր անդամը, ան պահեց եւ շարունակեց փոխանցել, իր օրինակով իր շուրջ տարածել հայ ֆետայու վեհագոյն յատկանիշները՝ սառնարիւն վճռակամութիւն, մահացու հանդարտութիւն, բացարձակ յանդգնութիւն եւ վախի յաղթահարում, կռուի մէջ միաժամանակ բարոյական անեղծութիւն եւ կատարեալ անզիջողութիւն, անվերապահ նուիրում եւ անձնական ծայրագոյն զոհաբերութիւն, ինքնուրաց կեդրոնացում, մարտական ազնուականութիւն, հաւատացեալ առաքինութիւն, հայոց ինքնատիպ ու հարազատ արիականութեան նախնական ակունքներէն հոսող ամենահին ու ամենաբարձր արժէքներու գիտակցութիւն, բացայայտում եւ գործադրութիւն …։
Մեր ընտրեալ ժողովուրդի ընտրեալ զաւակներն են ասոնք։
Եւ իրենց առաքելութիւնն ու պատգամը կու գան վերէն, շատ բարձրէն, 7000 տարիներու եւ երկնային անթափանցելի ակունքներու առաջին սրբացեալ հոսումէն, ցեղային գերակայութեան իսկական, ոչ թէ այլամերժ կան նեղհոգի, այլ խորապէս բարի, արդարադատ եւ կառուցողական, մարդանուէր եւ համայն աշխարհի ծառայող ու նպաստող ասպետական գերմարդկային կոչումի խորքերէն։
Սակայն Արցախը վերջաւորութիւն չէ, այլ նոր սկիզբ։
Հայոց Պատմութեան յիշեալ արդի հոլովոյթին յանգումը չէ ան, այլ նախանշանը միայն անոր այժմու ու գալիք ընթացքին։
Չենք ակնարկեր տակաւին արցախեան ամբողջականութեան վերաբերող առկախ հարցին, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան տակաւին բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման անհրաժարելի հրամայականին։ Ատիկա ինքնին մաս կը կազմէ ներկայ հանգրուանին։
Արցախը առաջին քայլն է հայութեան ամբողջական վերականգնումի հողային ու աշխարհագրական բաժնին։
Այնտեղ անհերքելիօրէն փաստուեցաւ թէ, որքան որ ալ ժամանակ անցնի, որքան որ ալ մեծ ու բազմաթիւ ըլլալ խոչընդոտները, թշնամի ու հակառակ ուժերն ու միջոցները, հայութիւնը կարող ու ատակ է իր բոլոր ձգտումները իրագործելու, բոլոր դիտաւորութիւնները նուաճելու, եւ ան ամբողջական վճռակամութեամբ ու անյաղթելի խոյանքով անպայման կը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, – արդարութիւն, վրէժ, կամ գոնէ մխիթարութիւն կ’ապահովէ իր ամէն պարագայի անդարմանելի կորուստներուն համար, – իր ձեռքով կը պատժէ իր բազմադարեան դահիճը, – բոլոր հարկաւոր միջոցներով հատուցում կը խլէ՝ իր դէմ կատարած ոճիրով համայն Մարդկութեան եւ Աստուծո՛յ դէմ ոճիր ու անքաւելի մեղք գործած Չարի խաւարեալ առաքեալէն։
Դեռ աւելի յստակ խօսելու համար, Արցախէն անդին, Արցախէն ետք, Արցախի մէջ կատարուածը առաջին գործնական եւ իսկական քայլն է դէպի Նախիջեւան, դէպի Ջաւախք, դէպի Սիփան, Նեմրութ եւ տակաւին բռնագրաւուած մեր բոլոր արեւմտեան հողերը։
Դատարկ ճառախօսութեան թող չվերագրուին այս հանդարտ հաստատումները։
Յիշենք, որ այդպէս կը նկատուէր նաեւ 19-րդ դարու առաջին կայծեր արձակած գործօն գաղափարախօսութիւնը, սակայն ան շուտով դարձաւ անդիմադրելի եւ սրբացնող հրդեհ, եւ արդէն յանգեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւցազներգական վերածնունդին։
Ճառ կը նկատուէր Մայիս 28-ի ոգեկոչումներու առնչուող գաղափարաբանութիւնը, մինչեւ իսկ Եռագոյնի մերժումով, եւ ահա վերանկախացաւ այժմու Հայաստանը եւ դարձեալ ծածանեց այդ դրօշը, իր ամբողջական իմաստով եւ նշանակութեամբ։
Իսկ տակաւին մինչեւ հազիւ 20 տարիներ առաջ, ոմանք քմծիծաղով, հեգնանքով ու ծաղրանքով կը հակազդէին Արցախի ազատագրութեան վերաբերող խօսքերուն, գաղափարախօսութեան, եւ մինչեւ իսկ գործերուն… Ետքը գիտենք ինչ եղաւ։
Սակայն այսօր կան նաեւ ուրիշ նշաններ, արտաքին գետնի վրայ փաստացի երեւոյթներ, որոնք ցոյց կու տան թէ օտարները իրենք, ներառեալ ուղղակի թշնամին, գիտակից են հայութեան հողային վերակերտումի յիշեալ ընթացքին։
Այսպէս, եթէ սեղաններու շուրջ կը սակարկեն Արցախի մասին, արդեօք իսկական նպատակը այս հողաշերտով փակել չէ՞ մեր հողային պահանջատիրութիւնը…
Աւելին, Թուրքիոյ կողմէ ծրագիրը այն չէ՞, որ Արցախի չակերտեալ «զիջումով», «շնորհումով» հայերուն, ան լուծած ըլլայ Ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրը…
Իսկ շրջանին մէջ գործող օտար ուժերը նաեւ չե՞ն փորձեր մեզ հեռու պահել, սկսելու համար եւ անմիջականօրէն՝ Ջաւախքէն, Արցախի ճակատը միշտ հրատապ պահելով, թէ ռազմական եւ թէ քաղաքական գետնի վրայ։
Ռազմավարութիւն մը որ, որոշ չափով, մինչեւ հիմա յաջողած է արդէն, քանի որ այժմու դրութեան մէջ բաւարարաչափ միջոցներ չունինք, փութալու համար Ջաւախքի օգնութեան, երբ իսկապէս ճգնաժամային պահեր կ’ապրին այնտեղ մեր ազգակիցները։
Միայն համահայկական ծայրագոյն ահազանգ մը, ամբողջական զօրաշարժ մը կրնայ այդ կացութիւնը շտկել, սակայն այդ չէ ցարդ տիրող վիճակն ու տրամադրութիւնը…
Հայաստանի անխախտելի վերականգնումը յստակ վտանգ է շրջանին մէջ՝ թուրքերուն, վրացիներուն եւ իրենց բազմաթիւ զինուորական, քաղաքական ու տնտեսական դաշնակիցներուն համար, եւ հետեւաբար համայն աշխարհը կը ցանկայ եւ կը ջանայ մեր յառաջխաղացքը, մեր վերակերտումը սահմանափակել միայն Արցախով։
Սակայն մենք պարզապէս արդէն մեզի պատկանածը ետ առնելով չէ որ պիտի զիջինք որեւէ իրաւունքէ, որեւէ նպատակէ, որեւէ արդար պահանջքէ եւ պայքարէ։
Դիւանագիտական սեղաններու եւ քաղաքական սեղանիկներու շուրջ կը կարծեն թէ պիտի կարենան սակարկել՝ Բեկոր Աշոտներու թափած արեան հաշւոյն, թէ պիտի առեւտուր կատարեն՝ տալով ամէն ինչ եւ ստանալով ոչինչ եւ ոչ մէկ բան այլ միայն այն… որ արդէ՛ն մերն է, արդէն միշտ մե՛րն է եղած – Բեկոր Աշոտի եւ իր նմաններու կատարածը պիտի քանդեն, անոնց յիշատակը հեգնեն ու պղծեն, զանոնք իսկապէս սպանեն ու անհետացնեն, որպէսզի իրենք ջանան պաշտօնական ուռուցիկ ձեւակերպութիւններով, զաւեշտային ձախող թատերականութեամբ փոշի սփռել մեր աչքերուն, որպէսզի կա՛մ կուրցնեն մեզ, կամ գոնէ քնացնեն։
Հրաշքի ազդակը անհերքելի է մեր պատմութեան մէջ, եւ հակառակ սխալ մտայնութեան մը – որ մինչեւ իսկ վերածուած է հռչակաւոր երգի -, Աստուած միշտ ալ կանգնած եղած է մեր կողքին։
Սակայն հաւատքի նստակեաց եւ կրաւորական հասկացողութեամբ մը չէ որ պիտի կարողանանք դէմ դնել մեր վրայ կուտակուող բազմաթիւ ու բազմատեսակ սպառնալիքներուն, յաղթահարել զանոնք, եւ հասնիլ մեր նպատակներուն։ Այլ՝ յստակատես գաղափարապաշտութեամբ, աշխատանքով, նուիրումով, յանձնառութեամբ եւ գործով։
Յարատեւ կռիւի, մնայուն եւ անվերապահ պայքարի հրամայականը աւելի ի զօրու է քան երբեք, այսօր։
Իսկ անոր ոչ-մարտական հասկացողութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունի այսօր, երբ նաեւ ներքին վտանգներ կրնան սպառնալ մեզի…
Արցախի մէջ չկայ տուն մը, չկայ ընտանիք մը, որ նուազագոյնը մէկ անդամ կորսնցուցած չըլլայ Արցախի շարժումի եւ պատերազմի ընթացքին։ Չենք խօսիր միայն կռուի դաշտի վրայ ինկողներու մասին, այլ նաեւ ջարդերու ընթացքին, աննկարագրելի չարչարանքներու տակ մարտիրոսացած մեր քոյրերու, եղբայրներու, ծնողներու, տարեցներու եւ երեխաներու մասին։
Եւ չկայ այդտեղ մէկ երդիք, որուն նուազագոյնը մէկ բնակիչը իր մարմնին վրայ չկրէ ահաւոր սպիներ, մորթին եւ միսերուն մէջ յաւերժապէս փորագրուած խորհրդանշական քարտէսներու նման։ Դեռ չխօսելու համար հոգեկան վէրքերու մասին…
Իսկ այժմ ո՞ւր ենք մենք, ո՞ւր է Սփիւռքը։
Արցախի մեր ազգակիցները պէտք չունին մեր ողորմութեան, մեր խղճահարութեան, ոչ իսկ մեր կարեկցութեան։
Ոչ միայն ազգային, այլ մարդկային մակարդակի վրայ իսկ, մենք է որ երանի պէտք է տանք անոնց, եւ իրենք գթան մեր վրայ։
Կեանքի արժէքը չի չափուիր նիւթով, կեանքի իմաստը չ’արժեւորուիր նիւթական չափանիշներով։
Այս ըսած, մենք սակայն պարտաւոր ենք անոնց նկատմամբ։
Մենք պարտք ունինք, անսահման պարտք ունինք մեր Արցախի ազգակիցներու հանդէպ, եւ այն ինչ որ կը կարծենք տալ ու նուիրել անոնց, պարզապէս չնչին վճարում մըն է միայն, ի հաշիւ մեր այդ տարրական ու անսպառ տուրքին։
Որովհետեւ մեր հայութեան գինը իրենց ծայրագոյն զոհաբերումն է, իրենց անմիջական ու առօրեայ տառապանքն է, իրենց արիւնն է, ցաւն է, եւ անդարմանելի կորուստներն են։
Մեր խղճալի լուման ոչինչ է, աննշան, մեր պարտքին համեմատ։
Իսկ երբ որ նկատի առնենք, լաւագոյն պարագային՝ անգիտակցութեան կամ անտարբերութեան վերաբերող, կարգ մը երեւոյթներ մեր շուրջ, փոխանակ ի զուր շունչ վատնելու, թող մնացեալը թերացողներու բաժինն ալ իր վրայ բեռցնէ։
Այս իմաստով, անոնք որոնք ստանձնած են յիշեալ պարտքը քաւելու առաքելութիւնը, ըլլան անոնք միութիւններ կամ անհատներ, անկախաբար իրենց կարողութենէն եւ ի հեճուկս իրենց կարիքներուն իսկ, կամ պարզապէս՝ զեղչելով մսխումներէն եւ շռայլութենէն, պարտաւոր թող ըլլան նաեւ բազմապատկելու, տասը անգամ, հարիւր անգամ բազմապատկելու իրենց ջանքերը, որպէսզի ներազգային այս հաւաքական պարտքը մի քիչ նուազի, մի քիչ մեղմանայ։
Որպէսզի մենք իրաւունքը ունենանք ծունկի գալու ազատամարտիկի շիրիմին առջեւ։
Որպէսզի մենք երես ունենանք նայելու Հայրենիքի մուրացիկին իսկ երեսին, անոր կնճռոտած, ճմռթկուած, պատկառելի դէմքին։
Որպէսզի մենք իրաւունքը ունենանք առանց ամօթի նայելու Արցախի որբ երեխայի աչքերուն, որպէսզի մենք առանձնաշնորհը ունենանք խոնարհելու անոր ինքնավստահ եւ լուսաւոր ժպիտին առջեւ, եւ յուսալու որ ան կը ներէ մեզի, եւ մենք ալ թերեւս կրնանք օր մը հասնիլ այդքան բարձրութեան ու զօրութեան, թէ մենք ալ թերեւս կրնանք փրկել մենք զմեզ, եւ Արցախի մեռեալներու նուազագոյն արժեւորման համազօր՝ արժէք ու իմաստ տալ մեր կեանքերուն։
Նշենք նաեւ, որ Արցախի պատերազմը տակաւին չէ վերջացած։ Զինադադար չի նշանակեր խաղաղութիւն։ Իսկ բախումներու վերսկսման հաւանականութիւնը դժբախտաբար շատ բարձր է։
Գրեթէ անխուսափելի է որ նոր բռնկում մը տեղի ունենայ, գոնէ կարճ տեւողութեամբ, որպէսզի անկէ ետք կարելի ըլլայ հարցը վերջնականապէս փակել։
Որքանո՞վ պատրաստ ենք այս իսկական հաւանականութեան։
Այս ուղղութեամբ անվտանգութեան կեղծ զգացում մը կը տիրապետէ հայոց աշխարհին մէջ, եւ այս պատրանքը խնդիր է, նկատի ունենալով այդտեղ ապրող ժողովուրդի վիճակը։
Արտակարգ ուժի տէր են սակայն, մեր Արցախի հայրենակիցները։ Դիմացկուն, հպարտ եւ անխորտակելի։
Այդտեղ ամէն մէկ տան մէջ կայ փոքր պատկեր մը, շուրջը սեւ ժապաւէնով։ Դուրսը, ամէն քայլափոխին, շարուած են գերեզմաններ, որոնց վրայ պարբերաբար կը նորոգուին չորցած ծաղիկները։ Սակայն ամէն պահու նահատակները յիշելով հանդերձ, Արցախի բնակիչը, մանաւանդ երիտասարդներն ու երեխաները, դէպի հեռաւոր լեռները կը նային, երազկոտ ու փայլուն աչքերով, վստահութեամբ եւ անծայրածիր հպարտութեամբ։ Վճռականօրէն դէպի կեանք դարձած է Արցախի ժողովուրդը, դէպի ապագայ։
Հակառակ անհամար դժուարութիւններու, Արցախը կը շարունակէ բերդը պահել, եւ դեռ մնացեալ համայն հայութեան ոյժ ներշնչել՝ գալիք յաղթանակներու, փառաւորման, նուաճումներու հեռանկարով։ Օրինակ հանդիսանալ՝ ազատագրական յառաջխաղացքի գալիք հանգրուաններուն համար։
Սահմանամերձ եւ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման աշխատանքները – այսօր ոչ միայն անբաւարար կամ առկախուած, այլ մինչեւ իսկ ընկրկումի մէջ – պէտք է անպայման վերաշխուժացնել։ Բառացիօրէն կենսական խնդիր է այս։ Իսկ եթէ պետութիւնը, ինչ-ինչ պատճառներով, բաւարար չափով պիտի չստանձնէ այս պատասխանատուութիւնը, Սփիւռքի համար առաջնահերթութիւն պէտք է դառնայ այդ։ Մարդասիրական գործ է ա՛յդ ալ, քանի որ կը խօսինք ընտանիքներու նուազագոյն երդիք, ապրուստ եւ գործ հայթայթելու մասին։
Նաեւ, տեղւոյն բնակչութեան կողքին անհրաժեշտ է մնացեալ հայութեան իսկական, յարատեւ ու մեծաթիւ ներկայութիւնը։
Եթէ, շնորհիւ նիւթական կանոնաւոր ներդրումին եւ անոր կապուած յատկապէս շինարարական աշխատանքներուն, երբեք մեր կողմէ լքուած կամ մոռցուած ըլլալու զգացումը պիտի չունենան Արցախի աննման բնակիչները, անոնց համար նաեւ եւ նոյնքան կարեւոր է ու արժէք ունի անմիջական շփումն ու հաղորդումը մնացեալ հայութեան հետ։ Իսկ փոխանակման մեծագոյն նպաստէն՝ նախ եւ առաջ այցելուն ինքն է որ պիտի օգտուի։
Մարտահրաւէրները շատ են, այլազան իմաստներով։ Բայց աւելի լաւ որ այդպէս է, քանի որ տակաւին իրաւազուրկ ու տարրական պահանջքներ ունեցող ժողովուրդի համար՝ վտանգ է խաղաղութիւնը, անընդունելի է կայունութիւնը, ցանկալի չէ ամէն պարագայի խաբուսիկ եւ դիւրաբեկ ապահովութիւնը։
Սակայն մտահոգ չըլլանք։
Բեկոր Աշոտ, այժմ երկնային դարձած իր փառաւոր փաղանգին հետ, կը հսկէ մեր վրայ։
Կը հսկէ, պաշտպանելու իմաստով։ Որպէսզի Չարը հեռու մնայ, եւ մենք հնարաւորութիւնը ունենանք մեր ուժերը վերակազդուրելու, համախմբելու եւ կեդրոնացնելու։
Բեկոր Աշոտ կը հսկէ մեր վրայ։
Արցախի իւրայատուկ սպիտակ արծիւներու նման, որոնք առանձնաշնորհեալ տեսիլքներու պէս կը սաւառնին ժայռերուն եւ ձորերուն վրայ, դրախտային հովիտներուն մէջ ու ընտրեալ ժողովուրդի բարձրաճակատ գլուխներու վերեւ, որոնք իրենց գերբնական շուքի շոյանքով դանդաղօրէն կը փայփայեն անթիւ գերեզմաններու անտաշ շիրմաքարերն ու անոնց առջեւ երեխայի, այրիի եւ մօր դողդոջուն ձեռքերով զետեղուած ծաղիկներն ու մոմերը, այդ արծիւներուն նման, ան կը ծփայ մեր հոգիներուն վերեւ, եւ հոգի կու տայ մեր հոգիներուն։
Բեկոր Աշոտ կը հսկէ մեր վրայ, նաեւ այլ իմաստով…
Մեզ փրկելու համար՝ մեր կարելի ու պատահական տատամսումներէն, տկարութենէն, մեղաւոր շեղումներէ, իր պայքարով եւ արիւնով ժայռերու մէջ փորուած հունէն դուրս իյնալու վտանգէն։
Ան կը հսկէ խստօրէն, որպէսզի մենք արժանի մնանք զինք յիշելու, հպարտութեամբ եւ երկիւղածութեամբ իր անունը ոգեկոչելու, զայն շշնչելու աղօթքի նման, զայն մռնչալու փրկարար ցաւի, զայրոյթի եւ ծայրագոյն կռուի ոռնոցի նման։
Ան մեր վրայ կը հսկէ մշտնջենապէս, որպէսզի մենք իրաւունքը ունենանք իր գործը արժեւորելու, իր գործը շարունակելու, իր կեանքը յիշատակելու եւ իր մահը տօնելու, այո, տօնելո՛ւ, հրճուանքով տօնելու, որովհետեւ իր նման հերոսներու մահը տօն է, «տօն է բազմաշխարհ», եւ մենք վաղուց սորված ենք որ լացի, սուգի եւ ողբի մեր բաժինը, համայն մարդկութեան ի հաշիւ, արդէն ամբողջովին մատուցած ենք, եւ ասկէ ետք թշնամիին արցունքն է որ պիտի հոսի միայն, անոր աղիողորմ հեծեծանքն ու աղաչական հեծկլտուքը պիտի լսուին միայն, իսկ մենք մեր ուղին պիտի շարունակենք անայլայլ, մեր հայեացքը յառած Արցախի ազատագրուած երկնքի աստուածային կապոյտին մէջ սաւառնող այդ սպիտակ ու անբիծ ստուերներուն վրայ։
Եզրափակենք ուրեմն դարձեալ Գարեգին Նժդեհի խօսքերով, քանի որ ան կը խօսէր արդէն – ի միջի այլոց – նաեւ Բեկոր Աշոտի անունով՝
« …Որտեղ եւ երբ ել մեռնեմ, հաւատա՛, իմ ազիզ ժողովուրդ, որ արտաքին վտանգների ժամանակ իմ անհանգիստ հոգին այցի եւ օգնութեան պիտի փութայ իր հայրենի աշխարհին, եւ աներեւութաբար քո բանակները պիտի առաջնորդէ»։
Հայդուկ Շամլեան
11 Նոյեմբեր 2007
